Ներկայիս որո՞նք Աստուծոյ փառք կու տան
Ներկայիս որո՞նք Աստուծոյ փառք կու տան
«Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 4։10
1, 2. (ա) Ի՞նչ օրինակներ կը բացատրեն կենսընդօրինակութիւն կոչուած գիտական մարզը։ (բ) Ի՞նչ հարցում կը ծագի, եւ պատասխանը ի՞նչ է։
ԱՒԵԼԻ քան 50 տարի առաջ, Զուիցերիացի ճարտարագէտ Ճորճ տէ Մէսթրալ օր մը իր շունը պտըտցնելէ ետք, երբ տուն վերադարձաւ, նկատեց որ իր հագուստին ու շունին վրայ որոշ փուշեր կային։ Ան մանրադիտակով փուշերը քննեց եւ իր հետաքրքրութիւնը շարժեցին մանրիկ կարթեր, որոնք օղակ ունեցող որեւէ բանի կը փակչէին։ Վերջ ի վերջոյ ան հնարեց ոչ–բնական համազօր մը՝ Վէլքրօ ամրակապը։ Տէ Մէսթրալէն զատ, ուրիշներ ալ բնութենէն օրինակ առած են։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Րայթ եղբայրները օդանաւ մը ծրագրեցին, մեծ թռչուններու թռիչքը ուսումնասիրելէ ետք։ Իսկ Ֆրանսացի ճարտարագէտ Աղեքսանդր Կուսթավ Էյֆէլ, Փարիզի մէջ իր անունը կրող աշտարակը ուրուագծեց, գործածելով այն հիմնական սկզբունքները, որոնք մարդկային զստոսկրը կարող կը դարձնեն մարմնին ծանրութիւնը կրելու։
2 Այս օրինակները կը բացատրեն կենսընդօրինակութիւն կոչուած գիտական մարզը, որ կը փորձէ բնութեան մէջ գտնուող բաները ընդօրինակել։ Ուստի տեղին է հարց տալ. Գիւտարարները որքա՞ն յաճախ վարկը կու տան անոր որ ծրագրեց մանրիկ փուշերը, մեծ թռչունները, մարդկային զստոսկրը եւ միւս բոլոր հոյակապ բնօրինակները, որոնց վրայ հիմնուած են մարդկային շատ մը գիւտեր։ Ցաւալի իրողութիւնը այն է թէ ներկայ աշխարհին մէջ, Աստուծոյ հազուադէպ կը տրուի վարկը կամ իրեն արժանի եղող փառքը։
3, 4. «Փառք» թարգմանուած Եբրայերէն բառին իմաստը ի՞նչ է, իսկ երբ Եհովայի համար գործածուի, ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։
3 Թերեւս ոմանք հարց տան. ‘Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է Աստուծոյ փառք տալ։ Աստուած արդէն փառահեղ չէ՞’։ Ճիշդ է որ Եհովա տիեզերքին մէջ ամենէն փառաւոր Անձնաւորութիւնն է, բայց ասիկա չի նշանակեր թէ ան բոլոր մարդոց աչքին փառաւոր է։ Աստուածաշունչին մէջ «փառք» թարգմանուած Եբրայերէն բառին հիմնական իմաստը՝ «ծանրութիւն» է։ Անիկա կ’ակնարկէ որեւէ բանի որ անհատը ուրիշներու աչքին ծանրաշուք կամ կարեւոր կը դարձնէ։ Երբ Աստուծոյ համար գործածուի, անիկա կ’ակնարկէ այն բանին որ Աստուած մարդոց աչքին տպաւորիչ կը դարձնէ։
4 Ներկայիս քիչեր կը նկատեն թէ ի՛նչ բան Աստուած տպաւորիչ կը դարձնէ։ (Սաղմոս 10։4. 14։1) Իրականութեան մէջ, ընկերութեան կարկառուն դէմքերը, ըլլան հաւատացեալ կամ ոչ, յաճախ մարդոց վրայ ազդեցութիւն բանեցուցած են, որ տիեզերքի փառաւոր Ստեղծիչին հանդէպ անպատկառ կեցուածք ունենան։ Անոնք ի՞նչ կերպերով ասիկա ըրած են։
Անոնք «Անարդարանալի» Են
5. Բազմաթիւ գիտնականներ ի՞նչպէս կը բացատրեն ստեղծագործութեան սքանչելիքները։
5 Գիտնականներէն շատեր կը պնդեն թէ Աստուած անգոյ է, իսկ ստեղծագործութեան սքանչելիքները, ի ներառեալ մարդկութիւնը, կը վերագրեն բարեշրջութեան,– դիպուածով առաջնորդուած կոյր ոյժ։ Օրինակ, բարեշրջական Սթէֆըն Ճէյ Կուլտ գրեց. «Գոյութիւն ունինք, քանի որ անսովոր ձուկերու խումբ մը տարօրինակ լողաթեւ ունէր, որ կրնար փոխակերպուիլ ու ցամաքային արարածներու ոտքեր դառնալ . . . թերեւս ‘աւելի վեհ’ պատասխանի տենչանք, բայց ոչինչ կայ»։ Նմանապէս բարեշրջական Ռիչըրտ Լիքի եւ Ռաճըր Լուին գրեցին. «Հաւանաբար մարդկային ցեղը կենսաբանական մեծ վրիպանք մըն է»։ Նոյնիսկ այն գիտնականներ որ բնութեան գեղեցկութիւնը ու ծրագրուած կերպը կը գովաբանեն, վարկը Աստուծոյ չեն տար։
6. Ի՞նչ բան շատերը կը տարհամոզէ որ Աստուծոյ վարկ չտան իբր Ստեղծիչ։
6 Երբ ներհուն անհատներ պնդեն որ բարեշրջութիւնը իրողութիւն է, անոնք կը հասկցնեն թէ միայն տգէտները կը մերժեն անոր հաւատալ։ Շատեր այս հաստատումին ի՞նչպէս կը հակազդեն։ Քանի մը տարի առաջ, բարեշրջութեան քաջատեղեակ անհատ մը հարցազրոյց ունեցաւ տեսութիւնը ընդունած անհատներու հետ։ Ան ըսաւ. «Երեւան ելաւ որ բարեշրջութեան հաւատացողներուն մեծամասնութիւնը կը հաւատայ, քանի որ իրենց ըսուած է թէ բոլոր ուշիմ մարդիկը անոր կը հաւատան»։ Այո, ուսեալ անհատներ իրենց աստուածամերժ տեսակէտները արտայայտելով ուրիշները կը տարհամոզեն որ Աստուծոյ վարկ չտան իբր Ստեղծիչ։—Առակաց 14։15, 18
7. Ըստ Հռովմայեցիս 1։20–ին, տեսանելի ստեղծագործութեան միջոցով ի՞նչ բան յստակօրէն կրնայ տեսնուիլ, եւ ինչո՛ւ։
7 Գիտնականները այս եզրակացութեան յանգած են, քանի որ բարեշրջութեան թիկունք կանգնող ապացոյցնե՞ր կան։ Բնաւ երբեք։ Ստեղծիչին գոյութեան ապացոյցները մեզ կը շրջապատեն։ Անոր մասին Պօղոս առաքեալ գրեց. «Անոր անտեսանելի բաները, այսինքն՝ իր յաւերժական զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը, կը տեսնուին աշխարհի [մարդկութեան] արարչութենէն ի վեր ու կը հասկցուին անոր ստեղծածներով, որպէսզի [անհաւատները] անարդարանալի ըլլան»։ (Հռովմայեցիս 1։20, ԱՎ) Ստեղծիչը իր ձեռագործին վրայ իր դրոշմը ձգեց։ Ուստի Պօղոս ըսաւ թէ մարդկութեան գոյութեան սկիզբէն ի վեր, մարդիկ կրնային Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցը ‘հասկնալ’, տեսանելի ստեղծագործութեան միջոցով։ Այս ապացոյցը ո՞ւր է։
8. (ա) Ֆիզիքական երկինքը Աստուծոյ զօրութեան եւ իմաստութեան ի՞նչպէս կը վկայէ։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ տիեզերքը Նախապատճառ ունէր։
8 Աստղազարդ երկինքը Աստուծոյ գոյութիւնը կ’ապացուցանէ։ «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ», կ’ըսէ Սաղմոս 19։1–ը։ «Երկինք»ը,– արեւը, լուսինը եւ աստղերը,– Աստուծոյ զօրութեան ու իմաստութեան կը վկայէ։ Աստղերուն անհաշուելի թիւն իսկ երկիւղ կը ներշնչէ։ Եւ այս բոլոր երկնային մարմինները անջրպետին մէջ կ’ընթանան, ո՛չ թէ աննպատակ, այլ՝ ֆիզիքական մանրակրկիտ օրէնքներու համաձայն։ * (Եսայեայ 40։26) Տրամաբանակա՞ն է այս կարգուկանոնը կոյր դիպուածի վերագրել։ Յատկանշական է որ բազմաթիւ գիտնականներ կ’ըսեն թէ տիեզերքը յանկարծական սկիզբ ունեցած է։ Ասոր անդրադարձը բացատրելով, ուսուցչապետ մը գրեց. «Աստուածամերժ կամ երեւութապաշտ [տեսակէտը] շատ աւելի կ’ընդունի այն տիեզերքը որ մշտնջենապէս գոյացած է։ Իսկ սկիզբ ունեցող տիեզերքը նախապատճառ կը պահանջէ, քանի որ ո՞վ այսպիսի արդիւնք կրնայ երեւակայել, առանց պատճառ մը ըլլալու»։
9. Անասնական ստեղծագործութիւնը ի՞նչպէս Եհովայի իմաստութիւնը կ’արտացոլացնէ։
9 Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցները երկրի վրայ ալ կը տեսնենք։ Սաղմոսերգուն բացագանչեց. «Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ»։ (Սաղմոս 104։24) Եհովայի ‘ստեղծածները’, ի ներառեալ անասնական ստեղծագործութիւնը, իր իմաստութիւնը կ’արտացոլացնեն։ Ինչպէս սկիզբը նշեցինք, գիտնականներ յաճախ կը ջանան ապրող էակներուն բարձրորակ կառուցուածքը ընդօրինակել։ Նկատի առ կարգ մը այլ օրինակներ։ Հետազօտիչներ եղջերուի եղջիւրը կը քննեն, որպէսզի աւելի զօրաւոր սաղաւարտ շինեն. անոնք սուր լսողութիւն ունեցող ճանճեր կը զննեն, որպէսզի լսողութեան օժանդակող գործիքները բարելաւեն. եւ անոնք բուին թեւի փետուրները կը տնտղեն, որպէսզի թաքնաբար թռչող օդանաւերը բարեփոխեն։ Բայց մարդը որքան ալ փորձէ, պիտի չկարենայ բնութեան մէջ գտնուող կատարեալ բնօրինակներուն նմանը մէջտեղ բերել։ Biomimicry—Innovation Inspired by Nature գիրքը կ’ըսէ. «Ապրող էակները մեր փափաքած բոլոր բաները ըրած են, առանց բրածոյ վառելանիւթերը չափազանց սպառելու, երկրագունդը ապականելու, կամ իրենց ապագան վտանգելու»։ Արդարեւ ի՜նչ իմաստութիւն։
10. Ինչո՞ւ Մեծ Նախագծողին գոյութիւնը ուրանալը անտրամաբանական է. բացատրէ։
10 Աստղազարդ երկինքը թէ երկրի վրայ եղած ստեղծագործութիւնը դիտես, Ստեղծիչին գոյութեան ապացոյցները բացայայտ են։ (Երեմեայ 10։12) Սրտանց պէտք է երկրորդենք երկնային արարածներուն ըսածը. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր»։ (Յայտնութիւն 4։10) Բայց եւ այնպէս բազմաթիւ գիտնականներ չեն տեսներ Ստեղծիչին գոյութեան ապացոյցները, նոյնիսկ եթէ իրենց աչքով տեսած բաներուն կառուցուածքին վրայ սքանչանան։ Կրնանք կացութիւնը հետեւեալ կերպով լուսաբանել. բնութեան գեղեցկութեան ու կառուցուածքին վրայ հիանալը եւ Մեծ Նախագծողին գոյութիւնը ուրանալը ա՛յնքան անտրամաբանական է, որքան գեղեցիկ պատկերի մը վրայ հիանալը եւ գեղարուեստագէտին գոյութիւնը ուրանալը, որ ճերմակ կտաւը գլուխ–գործոցի վերածեց։ Զարմանալի չէ որ Աստուծոյ գոյութեան հաւատալ մերժողները «անարդարանալի» են։
‘Կոյր Առաջնորդներ’ Շատեր կը Մոլորեցնեն
11, 12. Նախասահմանութեան վարդապետութիւնը ո՞ր ենթադրութեան վրայ հիմնուած է, եւ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ այս վարդապետութիւնը Աստուած չի փառաւորեր։
11 Բազմաթիւ կրօնասէր անհատներ անկեղծօրէն կը հաւատան թէ իրենց պաշտամունքի կերպը Աստուծոյ փառք կը բերէ։ (Հռովմայեցիս 10։2, 3) Սակայն ընդհանուր առմամբ կրօնքը պատճառ եղած է որ միլիոնաւորներ Աստուծոյ փառք չտան։ Ի՞նչպէս։ Նկատի առնենք երկու կերպեր։
12 Նախ՝ կրօնքները Աստուծոյ տրուած փառքը կը նուազեցնեն, սխալ ուսուցումներու միջոցով։ Նկատի առ, զոր օրինակ, նախասահմանութեան ուսուցումը։ Այս վարդապետութիւնը հիմնուած է այն ենթադրութեան վրայ, թէ քանի որ Աստուած ապագան գիտնալու կարողութիւն ունի, ան ամէն բանի արդիւնքը պէտք է կանխատեսէ։ Ուստի նախասահմանութիւնը կը թելադրէ որ Աստուած շատոնց նախակարգեց իւրաքանչիւր անհատի ապագան,– լաւ թէ գէշ։ Այս գաղափարին համաձայն, Աստուած պէտք է մեղադրել ներկայ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ամբողջ տառապանքին ու ամբարշտութեան համար։ Վստահաբար Աստուած չի փառաւորուիր երբ կրէ այն մեղադրանքը, որ կ’իյնայ իր գլխաւոր Հակառակորդին՝ Սատանային վրայ, որ Աստուածաշունչին մէջ կոչուած է՝ «այս աշխարհին իշխանը»։—Յովհաննու 14։30. Ա. Յովհաննու 5։19
13. Ինչո՞ւ յիմարութիւն է խորհիլ թէ Աստուած ապագան գիտնալու իր կարողութիւնը չի կրնար հակակշռի տակ առնել. բացատրէ։
Եսայեայ 46։9, 10) Սակայն անտրամաբանական է խորհիլ թէ ան ապագան գիտնալու իր կարողութիւնը չի կրնար հակակշռի տակ առնել, կամ՝ թէ ամէն արդիւնքի պատասխանատուութիւնը ինք կը վերցնէ։ Լուսաբանենք. ենթադրենք որ ֆիզիքական մեծ զօրութիւն ունիս։ Ասիկա քեզ հակամէտ կը դարձնէ՞ որ վերցնես ամէն ծանր առարկայ որ կը տեսնես։ Անշուշտ ո՛չ։ Նմանապէս, ապագան գիտնալու կարողութիւն ունենալը չի ստիպեր Աստուած որ ամէն բան կանխատեսէ կամ նախասահմանէ։ Ան կանխագիտութիւնը ընտրողաբար կը գործածէ։ * Յստակ է որ սուտ ուսուցումները, մէջը ըլլալով նախասահմանութիւնը, Աստուած չեն փառաւորեր։
13 Նախասահմանութիւնը Աստուած զրպարտող անաստուածաշնչական ուսուցում մըն է։ Անիկա չի զանազաներ թէ Աստուած ի՛նչ կրնայ ընել եւ ի՛նչ իրապէս կ’ընէ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը նշէ թէ Աստուած կրնայ դէպքերը կանխագիտել։ (14. Կազմակերպուած կրօնքը ի՞նչ կերպով Աստուած անպատուած է։
14 Կազմակերպուած կրօնքը իր անդամներուն վարքով ալ Աստուած կ’անպատուէ։ Քրիստոնեաներէն կ’ակնկալուի Յիսուսի ուսուցումներուն հետեւիլ։ Ի միջի այլոց, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց ‘մէկզմէկ սիրել’ եւ ‘աշխարհէն չըլլալ’։ (Յովհաննու 15։12. 17։14-16) Ի՞նչ կրնանք ըսել Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն մասին։ Անոնք այս ուսուցումներուն իրապէս հետեւա՞ծ են։
15. (ա) Ազգերու միջեւ մղուած պատերազմներու վերաբերեալ կղերականութեան արձանագրութիւնը ի՞նչ է։ (բ) Կղերներուն վարքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է միլիոնաւորներու վրայ։
15 Նկատի առ պատերազմի վերաբերեալ կղերականութեան արձանագրութիւնը։ Անոնք ազգերու միջեւ մղուած բազմաթիւ պատերազմներու նեցուկ կանգնած են, աչք գոցած են, նոյնիսկ անոնց մէջ առաջնորդութիւն առած են։ Անոնք զօրքերը օրհնած եւ սպանութիւնը արդարացուցած են։ Կը մղուինք հարց տալու. ‘Այս կղերներուն միտքէն բնաւ չէ՞ անցած թէ ճակատին միւս կողմը իրենց համանմանները նոյն բանը կ’ընեն’։ (Տես՝ «Աստուած Որո՞ւ Կողմն Է» շրջանակը։) Կղերները Աստուած չեն փառաւորեր, երբ կը դաւանին թէ իրենց կ’աջակցի արիւնահեղ պատերազմներու մէջ. անոնք նաեւ զինք չեն փառաւորեր, երբ Աստուածաշունչի չափանիշները ժամանակավրէպ կը կոչեն եւ ամէն տեսակ սեռային անբարոյութեան կը հանդուրժեն։ Անոնք որքա՜ն մեզի կը յիշեցնեն այն կրօնական առաջնորդները, որ Յիսուս կոչեց ‘անօրէնութիւն գործողներ’ ու ‘կոյր առաջնորդներ’։ (Մատթէոս 7։15-23. 15։14) Կղերներուն վարքը պատճառ եղած է որ Աստուծոյ հանդէպ միլիոնաւորներու սէրը պաղի։—Մատթէոս 24։12
Որո՞նք Իրապէս Աստուծոյ Փառք կու Տան
16. Որպէսզի գիտնանք թէ որո՛նք իրապէս Աստուծոյ փառք կու տան, ինչո՞ւ Աստուածաշունչին պէտք է դիմենք։
16 Եթէ աշխարհի երեւելի ու հեղինակաւոր մարդիկը ընդհանուր առմամբ Աստուած չեն փառաւորած, ուրեմն որո՞նք իրապէս իրեն փառք կու տան։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, Աստուածաշունչին պէտք է դիմենք, քանի Եսայեայ 42։8) Քննարկենք Աստուած փառաւորելու երեք կերպեր, եւ նկատի առնենք թէ ներկայիս որո՛նք իրապէս իրեն փառք կու տան։
որ Աստուած իրաւացիօրէն կ’իմացնէ թէ ի՛նչպէս կ’ուզէ փառաւորուիլ, եւ չափանիշներ դրած է իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ (17. Եհովա ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ իր անունը փառաւորելը իր կամքին կենսական մէկ երեսակն է, եւ ներկայիս որո՞նք Աստուծոյ անունը կը փառաբանեն համայն աշխարհի մէջ։
17 Նախ, Աստուած կրնանք փառաւորել՝ իր անունը փառաբանելով։ Ասիկա Աստուծոյ կամքին կենսական մէկ երեսակը ըլլալը կը բացայայտուի Յիսուսի ուղղուած Եհովայի խօսքով։ Իր մահէն քանի մը օր առաջ, Յիսուս աղօթեց. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Ապա ձայն մը պատասխանեց. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։ (Յովհաննու 12։28) Անկասկած խօսողը Եհովան էր, եւ իր պատասխանը կը յստակացնէ թէ իր անունը փառաւորելը իրեն համար կարեւոր է։ Ուստի ներկայիս որո՞նք Եհովան կը փառաւորեն, իր անունը ճանչցնելով ու փառաբանելով համայն աշխարհի մէջ։ Եհովայի Վկանե՛րը, 235 երկիրներու մէջ։—Սաղմոս 86։11, 12
18. Ի՞նչպէս կրնանք բնորոշել անոնք որ «ճշմարտութիւնով» Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանեն, եւ ո՞ր խումբը աւելի քան 100 տարիէ ի վեր աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ։
18 Երկրորդ, կրնանք Աստուած փառաւորել՝ իր մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնելով։ Յիսուս ըսաւ որ ճշմարիտ երկրպագուները պէտք է «ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն» Աստուծոյ։ (Յովհաննու 4։24) Ի՞նչպէս կրնանք բնորոշել անոնք որ «ճշմարտութիւնով» Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանեն։ Անոնք պէտք է մերժեն Աստուածաշունչին վրայ չհիմնուած եւ Աստուած ու իր կամքը սխալ կերպով ներկայացնող վարդապետութիւնները։ Փոխարէն, անոնք Աստուծոյ Խօսքին զուտ ճշմարտութիւնները պէտք է սորվեցնեն, մէջը ըլլալով հետեւեալը. Եհովա Ամենաբարձր Աստուածն է, եւ այս հանգամանքին փառքը միայն ինք կը վայելէ (Սաղմոս 83։18). Յիսուս Աստուծոյ Որդին եւ Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան նշանակուած կառավարիչն է (Ա. Կորնթացիս 15։27, 28). Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Եհովայի անունը պիտի սրբացնէ եւ երկրին ու մարդոց նկատմամբ անոր նպատակը պիտի իրագործէ (Մատթէոս 6։9, 10). այս Թագաւորութեան բարի լուրը ամբողջ երկրագունդին մէջ պէտք է քարոզուի։ (Մատթէոս 24։14) Աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, միայն մէկ խումբ հաւատարմաբար կը քարոզէ այսպիսի թանկագին ճշմարտութիւններ,– Եհովայի Վկաները։
19, 20. (ա) Քրիստոնեային լաւ վարքը ինչո՞ւ կրնայ Աստուծոյ փառք բերել։ (բ) Ո՞ր հարցումները կրնան մեզի օգնել որոշելու թէ ներկայիս որո՛նք Աստուած կը փառաւորեն՝ լաւ վարք պահպանելով։
19 Երրորդ, կրնանք Աստուած փառաւորել՝ իր չափանիշներուն համաձայն ապրելով։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Պարկե՛շտ վարք ունեցէք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, այցելութեան օրը փառաւորեն Աստուած՝ տեսնելով ձեր բարի գործերը»։ (Ա. Պետրոս 2։12, ԱՎ) Քրիստոնեային վարքը իր հաւատքին վրայ անդրադարձ կ’ունենայ։ Երբ դիտողներ այս կէտը նկատեն,– տեսնեն թէ Քրիստոնեային լաւ բարքը իր հաւատքին ուղղակի արդիւնքն է,– ասիկա Աստուծոյ փառք կը բերէ։
20 Ներկայիս որո՞նք Աստուած կը փառաւորեն՝ ընտիր վարք պահպանելով։ Լաւ, բազմաթիւ կառավարութիւններ ո՞ր կրօնական խումբը գովաբանած են, քանի որ խաղաղասէր, իրենց տուրքերը վճարող ու օրինապահ քաղաքացիներ են։ (Հռովմայեցիս 13։1, 3, 6, 7) Ո՞ր ժողովուրդը աշխարհի տարածքին ճանչցուած է իր միութեամբ,– միութիւն մը որ ցեղային, ազգային ու տոհմային տարբերութիւններէն անդին կ’անցնի։ (Սաղմոս 133։1. Գործք 10։34, 35) Ո՞ր խումբը աշխարհի չորս կողմը ճանչցուած է իր աստուածաշնչական դաստիարակչութեամբ, որ օրէնքի, ընտանեկան արժանիքներու եւ աստուածաշնչական բարոյականութեան հանդէպ յարգանք կը քաջալերէ։ Միայն մէկ խումբ,– Եհովայի Վկաները։
Աստուծոյ Փառք կու Տա՞ս
21. Ինչո՞ւ պէտք է հարց տանք թէ անձամբ Եհովայի փառք կու տանք թէ ոչ։
21 Իւրաքանչիւրս հարց տանք. ‘Ես անձամբ Եհովայի փառք կու տամ’։ 148–րդ սաղմոսին համաձայն, ստեղծագործութեան մեծամասնութիւնը Աստուծոյ փառք կու տայ։ Հրեշտակները, ֆիզիքական երկինքը, երկրագունդը եւ անոր անասնական ստեղծագործութիւնը,– բոլորը Եհովան կը փառաբանեն։ (Համար՝ 1-10) Որքա՜ն ցաւալի է որ ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը այս մէկը չ’ըներ։ Աստուծոյ փառք բերող կերպով ապրելով, Եհովան փառաբանող մնացեալ ստեղծագործութեան հետ ներդաշնակ կ’ըլլաս։ (Համար՝ 11-13) Կեանքդ գործածելու աւելի լաւ կերպ մը չկայ։
22. Եհովայի փառք տալով, ի՞նչ կերպերով կ’օրհնուիս, եւ ի՞նչ ընել պէտք է վճռես։
22 Եհովայի փառք տալով, բազմաթիւ կերպերով կ’օրհնուիս։ Մինչ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք կ’ընծայես, Աստուծոյ հետ կը հաշտուիս եւ երկնաւոր Հօրդ հետ խաղաղ ու վարձահատոյց յարաբերութիւն կը վայելես։ (Հռովմայեցիս 5։10) Մինչ Աստուծոյ փառք տալու պատճառներ կը փնտռես, աւելի լաւատես ու երախտապարտ կը դառնաս։ (Երեմեայ 31։12) Ապա ի վիճակի կ’ըլլաս ուրիշներու օգնելու որ երջանիկ, իմաստալից կեանք մը վարեն, իսկ ասիկա ուրախութիւնդ կը կրկնապատկէ։ (Գործք 20։35) Կը մաղթենք որ ըլլաս անոնց մէջ, որոնք հաստատօրէն կը վճռեն Աստուծոյ փառք տալ,– հիմա եւ յաւիտեան։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 8 Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար թէ ֆիզիքական երկինքը ի՛նչպէս Աստուծոյ իմաստութիւնն ու զօրութիւնը կ’արտացոլացնէ, տես՝ Եհովայի Մօտեցիր գիրքին 5 եւ 17–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 13 Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Ա., էջ 853, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Կը յիշե՞ս
• Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ գիտնականները ընդհանուր առմամբ մարդոց չեն օգնած որ Աստուած փառաւորեն։
• Կազմակերպուած կրօնքը ո՞ր երկու կերպերով պատճառ եղած է որ մարդիկ Աստուծոյ փառք չտան։
• Ի՞նչ կերպերով կրնանք Աստուած փառաւորել։
• Ինչո՞ւ պէտք է հարց տաս թէ անձամբ Եհովայի փառք կու տաս թէ ոչ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 24]
«Աստուած որո՞ւ կողմն է»
Բ. Աշխարհամարտին Գերմանական Օդոյժին մէջ ծառայող մարդ մը, որ հետագային Եհովայի Վկայ մը եղաւ, կը մտաբերէ.
«Պատերազմի այդ տարիներուն կը խռովէի . . . տեսնելով գրեթէ բոլոր յարանուանութիւններու պատկանող կղերներ,– Կաթողիկէ, Լուտերական, Եպիսկոպոսական, եւայլն,– որոնք մահաբեր ռումբեր կրող օդանաւերը ու անոնց անձնակազմը կ’օրհնէին, իրենց առաքելութեան չգացած։ Յաճախ հարց կու տայի. ‘Աստուած որո՞ւ կողմն է’։
«Գերմանացի զինուորները գօտի մը կը կապէին, որուն ճարմանդին վրայ փորագրուած էր՝ Աստուած մեզի հետ է։ Բայց հարց կու տայի. ‘Աստուած ինչո՞ւ ճակատին միւս կողմը գտնուող զինուորներուն հետ պիտի չըլլայ, որոնք նոյն կրօնքին կը պատկանին ու նոյն Աստուծոյն կ’աղօթեն’»։
[Նկար՝ էջ 22]
Համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի Վկաները իրապէս Աստուծոյ փառք կու տան