Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբեք պիտի վայելե՞նք իսկական ապահովութիւն

Երբեք պիտի վայելե՞նք իսկական ապահովութիւն

Երբեք պիտի վայելե՞նք իսկական ապահովութիւն

ԵՐԱԽԱՆԵՐ իրենց կաթոգին ծնողքին հետ ուրախութեամբ կը խաղան,– ի՜նչ հաճոյալի տեսարան։ Հոգածու ծնողքին ներկայութեան, երախաները ամբողջովին ապահով կը զգան։ Այսուհանդերձ սակաւաթիւ երախաներ այսպիսի երջանիկ պահեր կը վայելեն։ Կարգ մը երախաներ ամէն օր կը մտահոգուին թէ գիշերը ո՛ւր պիտի քնանան։ Որեւէ յոյս կա՞յ այս տնազուրկ երախաներուն եւ ուրիշներու համար, որոնք առանց ապահովութեան կ’ապրին։

Թէեւ ապագան մռայլ կրնայ թուիլ, սակայն Աստուծոյ Խօսքը յոյս կու տայ։ Եսայի մարգարէն նախագուշակեց թէ պիտի գայ օր մը, երբ ամէն ոք կատարեալ ապահովութեամբ պիտի ապրի։ Ան գրեց. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն»։—Եսայեայ 65։21, 22

Բայց այս յոյսը հիմնաւո՞ր է։ Բացորոշ է թէ «յոյս» բառը միշտ ստոյգ բանի չ’ակնարկեր։ Օրինակ, Պրազիլի մէջ յաճախ կը լսես սա արտայայտութիւնը. «Յոյսը վերջին բանն է որ կը մեռնի»։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ շատեր կը շարունակեն յոյս տածել, նոյնիսկ երբ յոյսը անհիմն է։ Սակայն ապրող Աստուծոյ մեզի շնորհած յոյսը տարբեր է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն ո՛վ որ [Աստուծոյ] հաւատայ, պիտի չամչնայ»։ (Հռովմայեցիս 10։11) Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները որ արդէն կատարուած են, մեզ կը հաւաստիացնեն թէ Եհովա Աստուծոյ տուած միւս բոլոր խոստումներն ալ պիտի իրականանան։ Երբ այս խոստումները իրականանան, անցեալին պիտի պատկանին այն պայմանները որ կը ստիպեն երախաները որ փողոցը ապրին։

Նոյնիսկ այսօր, Աստուածաշունչի գործնական խրատները կրնան յուսաբեկ անհատներու օգնել որ իրենց կեանքը բարելաւեն ու իսկական ապահովութիւն գտնեն։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Շրջանիդ մէջ գտնուող Եհովայի Վկաները կրնան քեզի օգնել որ այս հարցումին պատասխանը գտնես։