«Երկիրը պտըտէ»
«Երկիրը պտըտէ»
«Երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ»։—ԾՆՆԴՈՑ 13։17
1. Աստուած Աբրահամի ի՞նչ հետաքրքրական հրահանգ տուաւ։
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՈՎ գիւղային շրջաններ պտըտիլը կը սիրե՞ս, թերեւս շաբաթավերջ մը յատկացնելով այսպիսի ճամբորդութեան մը։ Ուրիշներ կը նախընտրեն հեծանիւով պտըտիլ, մարզանք ընելու եւ տեսարանները աւելի վայելելու համար։ Իսկ ոմանք կ’ընտրեն քալել, որպէսզի վայրերուն մօտէն ծանօթանան։ Այսպիսի պտոյտներ սովորաբար կարճատեւ են։ Բայց երեւակայէ Աբրահամի զգացումը, երբ Աստուած իրեն ըսաւ. «Ելի՛ր, այդ երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ, քանզի զանիկա քեզի պիտի տամ»։—Ծննդոց 13։17
2. Աբրահամ Եգիպտոսը ձգելով ո՞ւր գնաց։
2 Նկատի առ այդ գլուխին միւս համարները։ Աբրահամ իր կնոջ եւ ուրիշներուն հետ Եգիպտոսի մէջ առժամաբար մնաց։ Ծննդոց 13–րդ գլուխը մեզի կ’ըսէ թէ անոնք Եգիպտոսը ձգեցին եւ իրենց հօտերով ուղղուեցան դէպի «Քանանի հարաւակողմը» (Նագեբ)։ Ապա Աբրահամ ‘իր իջեւաններով՝ հարաւային կողմէն գնաց մինչեւ Բեթէլ’։ Երբ իր հովիւներուն ու իր զարմիկին՝ Ղովտի հովիւներուն միջեւ խնդիր մը ծագեցաւ, բացայայտ դարձնելով թէ տարբեր արօտավայրեր պէտք էր գտնէին, Աբրահամ ազնուօրէն առաջին ընտրութիւնը Ղովտին ձգեց։ Ղովտ Յորդանանի շրջանը ընտրեց,– բերրի հովիտ մը՝ ‘Տէրոջը դրախտին պէս’, եւ ժամանակ մը ետք Սոդոմի մէջ բնակեցաւ։ Աստուած Աբրահամի ըսաւ. «Աչքերդ վեր վերցուր ու քու եղած տեղէդ դէպի հիւսիս ու հարաւ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք դիտէ»։ Հաւանաբար Բեթէլի մէկ բարձունքէն, Աբրահամ կրնար երկրին այլ մասերը տեսնել։ Սակայն ան աւելին պիտի ընէր։ Աստուած զինք հրաւիրեց որ ‘երկիրը պտըտի’ ու անոր բնութեան եւ շրջաններուն ծանօթանայ։
3. Աբրահամի ճամբորդութիւնները մտապատկերելը ինչո՞ւ դժուար կրնայ ըլլալ։
3 Մեզմէ շատեր Խոստացեալ Երկրին ա՛յնքան ծանօթ չեն որքան Աբրահամ քաջածանօթ էր՝ Քեբրոն հասնելէ առաջ։ Մտածէ այս արձանագրութեան մէջ յիշուած վայրերուն մասին,– Նագեբ (Քանանի հարաւակողմը), Բեթէլ, Յորդանանի դաշտը, Սոդոմ եւ Քեբրոն։ Այս շրջաններուն ո՛ւր ըլլալը մտապատկերելու դժուարութիւն ունի՞ս։ Շատերու համար ասիկա խնդիր է, քանի որ Եհովայի ժողովուրդէն քիչեր Աստուածաշունչին մէջ իրենց կարդացած վայրերը այցելած են։ Բայց եւ այնպէս, խորապէս հետաքրքրուելու ենք աստուածաշնչական վայրերուն ծանօթանալով։ Ինչո՞ւ։
4, 5. (ա) Առակաց 18։15–ը ի՞նչպէս առնչուած է աստուածաշնչական վայրերուն մասին գիտութիւն ու հասկացողութիւն ունենալուն։ (բ) Սոփոնեայ 2–րդ գլուխը ի՞նչ ցոյց կու տայ։
4 Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ»։ (Առակաց 18։15) Թէեւ բազմաթիւ նիւթերու մասին անհատ մը կրնայ գիտութիւն ստանալ, բայց Եհովա Աստուծոյ եւ իր գործառնութեանց վերաբերեալ ճշգրիտ գիտութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի։ Աստուածաշունչին մէջ մեր կարդացած բաները, վստահաբար ճշգրիտ գիտութեան համար էական են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Անշուշտ հասկացողութիւնը պարփակուած է, որ է՝ հարցի մը խորը թափանցելու կարողութիւն, անոր զանազան մասերուն եւ ամբողջութեան միջեւ եղած կապակցութիւնները զատորոշելով կամ ըմբռնելով։ Ասիկա կը կիրարկուի այն իրողութիւններուն, որ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած վայրերուն առնչուած են։ Օրինակ, մեր մեծամասնութիւնը գիտէ թէ Եգիպտոս ո՛ւր կը գտնուի, բայց ո՞ր տարողութեամբ կը հասկնանք այն խօսքը թէ Աբրահամ Եգիպտոսը ձգելով Նագեբ գնաց, ապա՝ Բեթէլ, ետքը՝ Քեբրոն։ Այս վայրերուն յարակցութիւնը կը հասկնա՞ս։
5 Կամ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութեան ընթացքին, երբ Սոփոնեայ 2–րդ գլուխը կարդացիր, նկատեցիր քաղաքներու, ազգերու եւ շրջաններու անուններ։ Այդ գլուխը կը յիշէ՝ Գազա, Ասկաղոն, Ազովտոս, Ակկարոն, Սոդոմ ու Նինուէ, ինչպէս նաեւ՝ Քանան, Մովաբ, Ամմոն ու Ասորեստան։ Կրցա՞ր մտապատկերել այս վայրերը, ուր իսկական ժողովուրդներ ապրեցան ու աստուածային մարգարէութեան կատարման հետ կապ ունեցան։
6. Աստուածաշունչը ընթերցողներէն ոմանք ինչո՞ւ քարտէսները կը գնահատեն։ (Տես շրջանակը։)
6 Աստուծոյ Խօսքին աշակերտներէն շատեր մեծապէս օգտուած են, աստուածաշնչական երկիրներուն քարտէսները գործածելով։ Անոնք այդ քարտէսներուն կը դիմեն, ո՛չ թէ առ ի հետաքրքրութիւն, այլ քանի որ անոնցմով կրնան Աստուծոյ Խօսքին մասին իրենց գիտութիւնը աւելցնել։ Քարտէսները նաեւ անոնց հասկացողութիւնը կը սրեն, կապելով իրենց գիտցած իրողութիւնները ուրիշ տեղեկութիւններու հետ։ Կարգ մը օրինակներ նկատի առնելով, հաւանաբար Եհովայի հանդէպ գնահատութիւնդ պիտի աւելցնես եւ իր Խօսքին մէջ արձանագրուած դէպքերուն մասին աւելի խորատեսութիւն ձեռք պիտի ձգես։—Տես էջ 14–ի վրայ գտնուող շրջանակը։
Հեռաւորութիւնները Գիտնալը կ’Օգտէ
7, 8. (ա) Սամփսոն Գազայի մէջ ի՞նչ ապշեցուցիչ բան մը ըրաւ։ (բ) Ո՞ր տեղեկութիւնը Սամփսոնի քաջագործութիւնը աւելի տպաւորիչ կը դարձնէ։ (գ) Այս դէպքը գիտնալն ու հասկնալը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ։
7 Դատաւորաց 16։2 կը նշէ թէ Սամփսոն դատաւորը Գազա քաղաքն էր։ Ներկայիս լրատուամիջոցները յաճախ Գազա անունը կը յիշեն, ուստի որոշ չափով գիտես թէ Սամփսոն ո՛ւր էր,– Պաղեստինեան երկրամասին մէջ, Միջերկրական ծովու ափին մօտ։ [11] Այժմ նկատի առ Դատաւորաց 16։3–ը. «Սամփսոն մինչեւ կէս գիշեր քնացաւ ու կէս գիշերին ելաւ, քաղաքին դրանը փեղկերը երկու սեմերովը բռնեց, զանոնք նիգովը մէկտեղ փրցուց ու կռնակը առնելով զանոնք Քեբրոնի դիմացի լերանը գլուխը հանեց»։
8 Գազայի նման ամրոցի մը դռներն ու սեմերը, անկասկած հսկայ ու ծանր էին։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ կը փորձես զանոնք շալկել։ Իսկ Սամփսոն իր շալկածը ո՞ւր տարաւ եւ ինչպիսի՛ ճամբայով։ Գազա կը գտնուի ծովեզերքը, գրեթէ համահաւասար։ [15] Քեբրոն կը գտնուի անոր արեւելեան կողմը, ծովու մակերեւոյթէն 900 մեթր բարձր,– իրապէս զառիվեր մը։ ‘Քեբրոնի դիմացի լերան’ ճիշդ տեղը չենք գիտեր, բայց Քեբրոն Գազայէն շուրջ 60 քիլոմեթր հեռու եւ բարձունքի վրայ է։ Այս կէտը գիտնալով, Սամփսոնի քաջագործութիւնը տարբեր աչքով չե՞ս դիտեր։ Եւ մտաբերէ թէ Սամփսոն կրնար այսպիսի արարքներ գործել, քանի որ ‘Տէրոջ Հոգին անոր վրայ կու գար’։ (Դատաւորաց 14։16, 19. 15։14) Որպէս Քրիստոնեաներ, մենք չենք ակնկալեր որ Աստուծոյ հոգին ֆիզիքական բացառիկ զօրութիւն տայ մեզի։ Սակայն այդ նոյն հզօր հոգին կրնայ հոգեւոր խոր նիւթերու մասին մեր հասկացողութիւնը սրել եւ մեր ներսի մարդը ուժովցնել։ (Ա. Կորնթացիս 2։10-16. 13։8. Եփեսացիս 3։16. Կողոսացիս 1։9, 10) Այո, Սամփսոնի վերաբերեալ արձանագրութիւնը հասկնալը կ’ենթագծէ այն իրողութիւնը թէ Աստուծոյ հոգին կրնա՛յ մեզի օգնել։
9, 10. (ա) Մադիանացիներուն վրայ Գեդէօնի տարած յաղթանակը ի՞նչ կը պարփակէր։ (բ) Աշխարհագրական մանրամասնութիւններ գիտնալով, այս արձանագրութիւնը ի՞նչպէս աւելի իմաստալից կը դառնայ մեզի։
9 Մադիանացիներուն վրայ Գեդէօնի տարած յաղթանակը, ուրիշ դէպք մըն է որ հեռաւորութիւնները գիտնալուն կարեւորութիւնը ցոյց կու տայ։ Աստուածաշունչը ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը գիտէ թէ Գեդէօն դատաւոր եւ 300 հոգիէ բաղկացած իր խմբակը նուաճեցին 135,000 ներխուժողներ,– Մադիանացիներ, Ամաղեկացիներ եւ ուրիշներ, որոնք Յեզրայէլի հովիտին մէջ բանակած էին, Մօրէի բլուրին մօտ։ [18] Գեդէօնի մարդիկը փողեր հնչեցուցին, սափորներ կոտրտեցին՝ իրենց ջահերը երեւան հանելով, ու պոռացին. «Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը»։ Թշնամիները շփոթութեան մատնուեցան ու վախցան, եւ սկսան իրար սպաննել։ (Դատաւորաց 6։33. 7։1-22) Ա՞յս էր ամբողջ դէպքը, գիշերը արագօրէն կատարուած մէկ արարք։ Շարունակէ կարդալ Դատաւորաց 7 եւ 8–րդ գլուխները։ Պիտի տեսնես թէ Գեդէօն շարունակեց յարձակումը։ Յիշուած վայրերէն ոմանք ներկայիս կարելի չէ բնորոշել, ուստի աստուածաշնչական քարտէսներուն վրայ չեն երեւիր։ Այսուհանդերձ կրնանք Գեդէօնի հետեւիլ։
10 Գեդէօն թշնամի զօրքին մնացորդը հալածեց մինչեւ Բեթասետա, ապա դէպի հարաւ՝ մինչեւ Աբէլմաուլա, Յորդանանի մօտ։ (Դատաւորաց 7։22-25) Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Գեդէօն Յորդանան եկաւ ու ինք եւ իրեն հետ եղող երեք հարիւր մարդիկը անցան. թէպէտեւ նուաղած էին, բայց թշնամին կը հալածէին»։ Յորդանանը կտրելէ ետք, Իսրայելացիները թշնամիները հալածեցին դէպի հարաւ՝ մինչեւ Սոկքովթ ու Փանուէլ, Յաբոկի մօտ, ապա բլուրները բարձրանալով ուղղուեցան դէպի Յօգբէհա (արդի Ամմանի մօտ, Յորդանանի մայրաքաղաքը)։ Անոնք կտրեցին շուրջ 80 քիլոմեթր, հալածելով ու կռուելով։ Գեդէօն Մադիանացի երկու թագաւորները բռնեց ու սպաննեց, ապա իր քաղաքը՝ Եփրա դարձաւ, այն վայրին մօտ, ուր կռիւը սկսաւ։ (Դատաւորաց 8։4-12, 21-27) Բացայայտ է որ Գեդէօնի յիշատակելի արարքը միայն մի քանի վայրկեան փող հնչեցնել, ջահեր երերցնել եւ պոռալ չէր։ Եւ նկատի առ թէ անիկա ի՛նչպէս աւելի կշիռ կու տայ հաւատքի տէր մարդոց մասին ըսուած սա խօսքին. «Ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ Գեդէօնին [եւ ուրիշներուն մասին, որոնք] տկարութենէ ուժովցան, պատերազմի մէջ զօրաւոր եղան»։ (Եբրայեցիս 11։32-34) Քրիստոնեաներն ալ կրնան ֆիզիքապէս յոգնիլ, բայց կենսական է որ շարունակենք Աստուծոյ կամքը կատարել։—Բ. Կորնթացիս 4։1, 16. Գաղատացիս 6։9
Մարդիկ Ի՞նչպէս կը Խորհին ու կը Հակազդեն
11. Իսրայելացիները ի՞նչ ճամբորդութիւն ըրին Կադէս հասնելէ առաջ ու ետք։
11 Ոմանք աստուածաշնչական քարտէսներուն կը դիմեն միայն վայրեր ստուգելու համար, բայց քարտէսները նաեւ կրնան մարդոց մտածելակերպին մասին գաղափար մը տալ։ Նկատի առ Իսրայելացիները, որոնք Սինա լեռնէն դէպի Խոստացեալ Երկիր չուեցին։ Մի քանի տեղ կանգ առնելէ ետք, անոնք վերջապէս Կադէս (կամ՝ Կադէս–Բառնեա) հասան։ [9] Բ. Օրինաց 1։2–ը կը նշէ թէ ասիկա 11 օրուան ճամբորդութիւն է, շուրջ 270 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ։ Ապա Մովսէս 12 լրտեսներ Խոստացեալ Երկիր ղրկեց։ (Թուոց 10։12, 33. 11։34, 35. 13։1-4, 26, 27) Լրտեսները դէպի հիւսիս մեկնեցան Նագեբի ճամբայով, հաւանաբար անցան Բերսաբէէէն, ապա՝ Քեբրոնէն, եւ հասան Խոստացեալ Երկրին հիւսիսային սահմանները։ (Թուոց 13։22-25) Որովհետեւ տասը լրտեսներուն բացասական տեղեկագրութիւնը ընդունեցին, Իսրայելացիները ստիպուեցան 40 տարի անապատին մէջ թափառիլ։ (Թուոց 14։1-34) Ասիկա անոնց հաւատքին ու Եհովայի վստահելու կամեցողութեան մասին ի՞նչ կը յայտնէ։—Բ. Օրինաց 1։19-33. Սաղմոս 78։22, 32-43. Յուդա 5
12. Իսրայելացիներուն հաւատքին մասին ի՞նչ կ’եզրակացնենք, եւ ասոր մասին ինչո՞ւ պէտք է խոկանք։
12 Պարագան նկատի առ աշխարհագրական տեսանկիւնէ։ Եթէ Իսրայելացիները հաւատք ընծայէին եւ Յեսուի ու Քաղէբի յորդորին անսային, Խոստացեալ Երկիր հասնելու համար երկա՞ր ճամբորդութիւն պիտի ընէին։ Կադէս՝ Լահայրոյի ջրհորէն շուրջ 16 քիլոմեթր հեռու էր, ուր Իսահակ ու Ռեբեկա բնակեցան։ [7] Իսկ Բերսաբէէ, որ Խոստացեալ Երկրին հարաւային սահմանը կը նշէր, շուրջ 95 քիլոմեթր հեռու էր։ (Ծննդոց 24։62. 25։11. Բ. Թագաւորաց 3։10) Նկատի առնելով թէ անոնք Եգիպտոսէն Սինա լեռ ճամբորդեցին, ապա 270 քիլոմեթր կտրելով Կադէս հասան, կրնանք ըսել թէ Խոստացեալ Երկրին մուտքին կը գտնուէին։ Մեր պարագային, խոստացեալ երկրային Դրախտին սեմին կը գտնուինք։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Ուրեմն ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ»։—Եբրայեցիս 3։16–4։11
13, 14. (ա) Գաբաւոնացիները ո՞ր կացութեան մէջ վճռական քայլ մը առին։ (բ) Ի՞նչ բան կը յայտնէ Գաբաւոնացիներուն վերաբերմունքը, եւ ասկէ ի՞նչ դաս պէտք է սորվինք։
Բ. Օրինաց 7։1-3) Անոնց մէջ կային Գաբաւոնացիները։ Իսրայելացիները Երիքովն ու Գային կործանեցին եւ Գաղգաղայի մօտակայքը բանակեցան։ Գաբաւոնացիները չուզեցին մեռնիլ իբր անիծեալ Քանանացիներ, ուստի Յեսուին ներկայացուցիչներ ղրկեցին։ Անոնք ձեւացուցին թէ Քանանի երկրամասէն դուրս կը բնակին, որպէսզի կարենան Եբրայեցիներուն հետ խաղաղութեան դաշինք կնքել։
13 Գաբաւոնացիներուն մասին ինչ որ Աստուածաշունչը կը պատմէ, կը յայտնէ տարբեր վերաբերմունք,– Աստուծոյ վստահիլ՝ իր կամքը կատարելու համար։ Յեսու Իսրայելացիները Յորդանան գետէն անցընելով Աբրահամի ընտանիքին Աստուծոյ խոստացած երկիրը մտցնելէ ետք, ժամանակը եկաւ որ Քանանացիները արտաքսուին։ (14 Այս ներկայացուցիչները ըսին. «Քու ծառաներդ խիստ հեռու երկրէ եկած ենք՝ քու Եհովա Աստուծոյդ անուանը համար»։ (Յեսուայ 9։3-9) Անոնց հանդերձները եւ ուտելիքները հաստատեցին թէ հեռաւոր վայրէ մը եկած էին, բայց Գաբաւոն Գաղգաղայէն միայն 30 քիլոմեթր հեռու էր։ [19] Յեսու եւ իշխանները համոզուելով, Գաբաւոնի եւ անոր յարակից քաղաքներուն հետ խաղաղութեան դաշինք կնքեցին։ Գաբաւոնացիները այս խորամանկութիւնը գործածեցին պարզապէս մահապատիժէ խուսափելո՞ւ համար։ Ո՛չ. անոնք ուզեցին Իսրայէլի Աստուծոյն հաճութիւնը ունենալ։ Եհովա ընդունեց որ Գաբաւոնացիները ‘փայտահատ ու ջրկիր ըլլան, որպէսզի ծառայեն ժողովուրդին եւ Տէրոջ զոհասեղանին’։ (Յեսուայ 9։11-27) Անոնք շարունակեցին Եհովայի ծառայութեան մէջ աննշան պարտականութիւններ ընելու կամեցողութիւն ցոյց տալ։ Հաւանաբար անոնցմէ ոմանք Նաթանայիմներուն մէջ էին, որոնք Բաբելոնէն վերադարձան ու վերակառուցուած տաճարին մէջ ծառայեցին։ (Եզրասայ 2։1, 2, 43-54. 8։20) Կրնանք անոնց վերաբերմունքը ընդօրինակել, ջանալով Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ունենալ եւ ընդունելով իր ծառայութեան մէջ նոյնիսկ աննշան նշանակումներ։
Անձնազոհ Ըլլանք
15. Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն վերաբերեալ աշխարհագրութեամբ ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք։
15 Աստուածաշնչական երկիրներուն աշխարհագրութիւնը տեղ կը գրաւէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու դրուագներուն մէջ, ինչպէս՝ Յիսուսի ու Պօղոս առաքեալի ճամբորդութիւններն ու ծառայութիւնը։ (Մարկոս 1։38. 7։24, 31. 10։1. Ղուկաս 8։1. 13։22. Բ. Կորնթացիս 11։25, 26) Հետեւեալ պատմութիւններուն մէջ, փորձէ կատարուած ճամբորդութիւնները երեւակայել։
16. Բերիայի մէջ Քրիստոնեաները Պօղոսի հանդէպ ի՞նչպէս գնահատութիւն ցուցաբերեցին։
16 Իր միսիոնարական երկրորդ ճամբորդութեան Գործք 16։6–17։1) Երբ Հրեաները խռովութիւն հրահրեցին, Թեսաղոնիկեցի եղբայրները յորդորեցին Պօղոսը որ Բերիա երթայ, շուրջ 65 քիլոմեթր հեռու։ Բերիայի մէջ Պօղոս յաջող ծառայութիւն ունեցաւ, բայց Հրեաները եկան ու գրգռեցին բազմութիւնը։ Ուստի «եղբայրները շուտ մը Պօղոսը ղրկեցին՝ որ մինչեւ ծովեզերքը երթայ», եւ «անոնք որ Պօղոսը կը տանէին, մինչեւ Աթէնք տարին զանիկա»։ (Գործք 17։5-15) Ըստ երեւոյթին, նորադարձներէն ոմանք յօժարեցան 40 քիլոմեթր քալել մինչեւ Եգէական ծովը, նաւ ելլելու համար հարկ եղած ծախսը ընել ու շուրջ 500 քիլոմեթր ճամբորդել։ Հակառակ ճամբորդութեան վտանգներուն, եղբայրները ուզեցին Աստուծոյ այս ներկայացուցիչին հետ աւելի ժամանակ անցընել։
ընթացքին (քարտէսին վրայ՝ ծիրանագոյն գիծը), Պօղոս Փիլիպպէ հասաւ, որ այժմ Յունաստանի մէջ կը գտնուի։ [33] Հոն ան վկայեց, բանտարկուեցաւ, ապա ազատ արձակուելով Թեսաղոնիկէ գնաց։ (17. Մելիտոսի ու Եփեսոսի միջեւ եղած հեռաւորութիւնը գիտնալով, ի՞նչ բան կրնանք աւելի լաւ ըմբռնել։
17 Իր միսիոնարական երրորդ ճամբորդութեան ընթացքին (քարտէսին վրայ՝ կանանչ գիծը), Պօղոս Մելիտոսի նաւահանգիստը հասաւ։ Ան մարդ ղրկեց Եփեսոս, որ շուրջ 50 քիլոմեթր հեռու էր, եւ կանչեց ժողովքին երէցները։ Երեւակայէ թէ այդ երէցները ինչպէս իրենց գործունէութիւնները դադրեցուցին կամ յետաձգեցին, որպէսզի Պօղոսի քով երթան։ Մինչ կը քալէին, անոնք հաւանաբար ոգեւորուած կը խօսէին գալիք հանդիպումին մասին։ Պօղոսի հետ հանդիպում ունենալէ եւ իր աղօթքը մտիկ ընելէ ետք, ‘ամէնքն ալ սաստիկ լացին ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա համբուրեցին’։ Ապա «զանիկա ճամբու դրին, մինչեւ նաւը երթալով», որ իր ճամբան շարունակէ դէպի Երուսաղէմ։ (Գործք 20։14-38) Մինչ Եփեսոս կը վերադառնային, անոնք մտածելիք ու խօսելիք շատ բաներ ունէին։ Իրենց տեղեկութիւններ հաղորդելու եւ զիրենք քաջալերելու կարող ճամբորդող ծառային հանդիպելու համար այդ հեռաւորութիւնը հետիոտն կտրելով իրենց ցուցաբերած գնահատութիւնը քեզ չի՞ տպաւորեր։ Այս դէպքին մէջ կա՞յ բան մը, որ կրնաս կեանքիդ ու մտածելակերպիդ կիրարկել։
Սորվիր Այդ Երկրին ու Գալիք Օրհնութիւններուն Մասին
18. Աստուածաշնչական վայրերուն նկատմամբ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
18 Վերոյիշեալ օրինակները ցոյց կու տան Աստուծոյ կողմէ Իսրայելացիներուն տրուած երկրին քաջածանօթ ըլլալուն արժէքը, որուն յաճախ ակնարկուած է աստուածաշնչական դէպքերուն մէջ։ (Նաեւ կրնանք Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ յիշուած շրջակայ երկիրներուն մասին սորվիլ։) Մինչ գլխաւորաբար Խոստացեալ Երկրին մասին մեր գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը կ’աւելցնենք, ի մտի ունենանք ինչ որ Իսրայելացիներէն պահանջուեցաւ, որպէսզի «կաթ ու մեղր» հոսեցնող երկիրը մտնեն ու զայն վայելեն, որ էր՝ Եհովայէ վախնալ ու իր պատուիրանքները պահել։—Բ. Օրինաց 6։1, 2. 27։3
19. Ի՞նչ երկու դրախտներ միշտ մեր ուշադրութեան արժանի են։
19 Նմանապէս այսօր, մեր դերը պէտք է կատարենք, Եհովայէ վախնալով ու իր ուղիներուն յարելով։ Ասիկա ընելով, համաշխարհային քրիստոնէական ժողովքին մէջ այժմ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր դրախտը կը բարելաւենք ու կը գեղեցկացնենք։ Անոր յատկանշական երեսակներուն եւ օրհնութիւններուն մասին մեր գիտութիւնը հետզհետէ պիտի աւելնայ։ Եւ գիտենք որ յաւելեալ օրհնութիւններ կը սպասեն մեզի։ Յեսու Իսրայելացիները Յորդանանէն անցընելով, զանոնք արգասաբեր ու հաճոյալի երկիր մը մտցուց։ Այժմ վաւերական պատճառ ունինք վստահութեամբ սպասելու ֆիզիքական Դրախտին, մօտալուտ բարի երկրին։
Կը յիշե՞ս
• Աստուածաշնչական երկիրներուն մասին մեր գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը ինչո՞ւ պէտք է ուզենք աւելցնել։
• Այս յօդուածին մէջ նկատի առնուած ո՞ր աշխարհագրական մանրամասնութենէն օգտուեցար։
• Ի՞նչ կէտ սորվեցար, երբ որոշ դէպքի մը մասին աշխարհագրական յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացար։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 14]
‘Տեսէ՛ք Բարի երկիրը’
2003 եւ 2004–ի նահանգային համաժողովներուն, Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ ստացան ‘Տեսէ՛ք Բարի Երկիրը’ գրքոյկը։ Շուրջ 80 լեզուներով մատչելի եղող այս նոր գրականութիւնը, գունաւոր քարտէսներով եւ ցուցակներով լեցուն է, որոնք աստուածաշնչական զանազան շրջաններ ցոյց կու տան, յատկապէս Խոստացեալ Երկիրը տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին։
Ուսումնասիրութեան յօդուածը որոշ քարտէսներու կ’ակնարկէ, նշելով էջին թիւը, ինչպէս՝ [15]։ Ժամանակ յատկացուր գրքոյկին յատկանշական երեսակներուն ծանօթանալու համար, որոնք կրնան քեզի օգնել Աստուծոյ Խօսքին մասին գիտութիւնդ եւ հասկացողութիւնդ աւելցնելու։
(1) Բազմաթիւ քարտէսներ խորագիր կամ շրջանակ ունին, որ կը բացատրէ քարտէսին վրայ գտնուող մասնայատուկ խորհրդանիշները կամ նշանները [18]։ (2) Քարտէսներուն մեծամասնութիւնը ցոյց կու տայ մղոնով ու քիլոմեթրով չափելու միջոց մը, որ քեզի կ’օգնէ մեծութեան կամ հեռաւորութեան մասին գաղափար մը առնելու [26]։ (3) Սովորաբար հիւսիսը նշուած է, որպէսզի ուղղութիւնները գիտնաս [19]։ (4) Ընդհանուր առմամբ քարտէսները գունաւոր են, բարձրութիւնները նշելով [12]։ (5) Քարտէսի մը ծայրերը գտնուող տառերն ու թիւերը քեզի կ’օգնեն քաղաքներ կամ անուններ գտնելու [23]։ (6) Վայրերու անունները ցոյց տուող երկու էջնոց ցանկին մէջ [34-35], կրնաս էջին թիւը տեսնել, ինչպէս նաեւ՝ տեղը, օրինակ՝ Ե2։ Այս յատկանշական երեսակները քանի մը անգամ գործածելէ ետք, պիտի զարմանաս որ անոնք որքա՜ն օգտակար են Աստուածաշունչի մասին գիտութիւնդ ընդարձակելու եւ հասկացողութիւնդ խորացնելու համար։
[Ցուցակ/Քարտէս՝ էջ 16]
ԲՆԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Ա. Մեծ Ծովի ափը
Բ. Դաշտեր՝ Յորդանանի արեւմուտքը
1. Ասերի դաշտ
2. Դովրի ծովեզերեայ հատուած
3. Սարօնի արօտավայրեր
4. Փղշտիայի դաշտ
5. Կեդրոնական արեւելեան–արեւմտեան հովիտ
ա. Մակեդդովի դաշտ
բ. Յեզրայէլի դաշտ
Գ. Լեռներ՝ Յորդանանի արեւմուտքը
1. Գալիլիայի բլուրներ
2. Կարմեղոսի բլուրներ
3. Սամարիայի բլուրներ
4. Շեփելա (բլրակներ)
5. Յուդայի բլուրներ
6. Յուդայի անապատ
7. Նագեբ
8. Փառանի անապատ
Դ. Արաբա (իջուածք)
1. Հուլա լիճ
2. Գալիլիայի ծովու շրջակայք
3. Յորդանանի հովիտ
4. Աղի ծով (Մեռեալ ծով)
5. Արաբա (Աղի ծովու հարաւը)
Ե. Լեռներ/Բարձրաւանդակներ՝ Յորդանանի արեւելքը
1. Բասան
2. Գաղաադ
3. Ամմոն եւ Մովաբ
4. Եդովմի սարահարթ
Զ. Լիբանանի լեռները
[Քարտէս]
Հերմոն լեռ
Մօրէ
Աբէլմաուլա
Սոկքովթ
Յօգբէհա
Բեթէլ
Գաղգաղա
Գաբաւոն
Երուսաղէմ
Քեբրոն
Գազա
Բերսաբէէ
Սոդոմ?
Կադէս
[Քարտէս/Նկար՝ էջ 15]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
ՔԱՆԱՆ
Մակեդդով
ԳԱՂԱԱԴ
Դօթայիմ
Սիւքէմ
Բեթէլ (Լուզ)
Գայի
Երուսաղէմ (Սաղէմ)
Բեթլեհէմ (Եփրաթա)
Մամբրէ
Քեբրոն (Մաքփելա)
Գերարա
Բերսաբէէ
Սոդոմ?
ՆԱԳԵԲ
Ռոբովթ?
[Լեռներ]
Մօրիա
[Ջրակոյտեր]
Աղի ծով
[Գետեր]
Յորդանան
[Նկար]
Աբրահամ երկիրը պտըտեցաւ, անոր երկայնքին ու լայնքին համեմատ
[Քարտէս՝ էջ 18]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Տրովադա
ՍԱՄՈԹՐԱԿԷ
Նէապոլիս
Փիլիպպէ
Ամփիպոլիս
Թեսաղոնիկէ
Բերիա
Աթէնք
Կորնթոս
Եփեսոս
Մելիտոս
ՀՌՈԴՈՆ