Հալածուած ըլլալով հանդերձ՝ երջանիկ
Հալածուած ըլլալով հանդերձ՝ երջանիկ
«Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 5։11
1. Երջանկութեան ու հալածանքին նկատմամբ Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ երաշխիք տուաւ։
ԵՐԲ Յիսուս առաջին անգամ իր առաքեալները ղրկեց Թագաւորութիւնը քարոզելու, անոնց ուշադրութեան յանձնեց թէ հակառակութիւն պիտի դիմագրաւէին։ Ան ըսաւ անոնց. «Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Մատթէոս 10։5-18, 22) Սակայն նախապէս իր Լերան Քարոզին մէջ, ան իր առաքեալներուն եւ ուրիշներուն երաշխիք տուաւ թէ այս հակառակութիւնը անպայմանօրէն պիտի չվտանգէր իրենց ներքին երջանկութիւնը։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս երջանիկ ըլլալը նոյնիսկ առնչեց հալածուած ըլլալուն որպէս Քրիստոնեաներ։ Հալածանքը ի՞նչպէս երջանկութիւն կը բերէ։
Արդարութեան Համար Տառապիլ
2. Յիսուսի եւ Պետրոս առաքեալի համաձայն, ի՞նչ տեսակ չարչարանք երջանկութիւն կը բերէ։
2 Յիսուսի նշած ութերորդ երանութիւնն է. «Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է»։ (Մատթէոս 5։10) Տառապիլը ինքնին գովելի բան մը չէ։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Գովեստի արժանի ի՞նչ կայ եթէ մեղք գործելով ծեծուիք ու համբերէք։ Բայց եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը չարչարուի իբրեւ մարդասպան կամ գող կամ չարագործ կամ իբրեւ ուրիշի բանին խառնուող. բայց եթէ չարչարուի իբրեւ քրիստոնեայ՝ թող չամչնայ, հապա ատոր համար թող Աստուծոյ փառք տայ»։ (Ա. Պետրոս 2։20. 4։15, 16) Յիսուսի խօսքին համաձայն, տառապանքը երջանկութիւն կը բերէ, երբ անհատը արդարութեան համար անոր տոկայ։
3. (ա) Արդարութեան համար հալածուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Հալածանքը նախկին Քրիստոնեաներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։
3 Իսկական արդարութիւնը կ’արժեւորուի՝ Աստուծոյ կամքին ու իր հրամաններուն ենթարկուելով։ Հետեւաբար, արդարութեան համար տառապիլը կը նշանակէ թէ անհատը կը տառապի, քանի որ կը դիմադրէ ճնշումներուն որ Աստուծոյ չափանիշները կամ պահանջները ոտնակոխէ։ Առաքեալները Հրեայ առաջնորդներուն կողմէ հալածուեցան, քանի որ մերժեցին Յիսուսի անունով քարոզելը դադրեցնել։ (Գործք 4։18-20. 5։27-29, 40) Ասիկա իրենց ուրախութիւնը նուազեցո՞ւց կամ իրենց քարոզչութիւնը կասեցո՞ւց։ Բնա՛ւ երբեք։ «Անոնք ալ ատեանէն գացին, ուրախանալով որ Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու։ Եւ ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ (Գործք 5։41, 42) Այս հալածանքը զիրենք ուրախացուց ու քարոզչութեան հանդէպ իրենց նախանձախնդրութիւնը վերանորոգեց։ Հետագային, Հռովմէացիները հալածեցին Քրիստոնեաները, քանի որ անոնք մերժեցին կայսրին պաշտամունք մատուցանել։
4. Քրիստոնեաները ի՞նչ պատճառներով կը հալածուին։
4 Արդի ժամանակներուն, Եհովայի Վկաները հալածուած են, քանի որ կը մերժեն ‘Արքայութեան աւետարանը’ քարոզելէ դադրիլ։ (Մատթէոս 24։14) Երբ իրենց քրիստոնէական ժողովները արգիլուին, անոնք պատրաստ են տառապելու, որպէսզի մէկտեղ հաւաքուիլը չթողուն, ինչպէս Աստուածաշունչը կը պատուիրէ։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Անոնք հալածուած են իրենց քրիստոնէական չէզոքութեան համար կամ քանի որ արեան սխալ գործածութիւնը կը մերժեն։ (Յովհաննու 17։14. Գործք 15։28, 29) Այսուհանդերձ, արդարութեան կողքին այս դիրք բռնելը ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին կու տայ ներքին խաղաղութիւն ու երջանկութիւն։—Ա. Պետրոս 3։14
Քրիստոսի Համար Նախատուած
5. Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդը ո՞ր հիմնական պատճառին համար կը հալածուի։
5 Իր Լերան Քարոզին մէջ Յիսուսի յիշած իններորդ երանութիւնն ալ հալածանքի նիւթը նկատի կ’առնէ։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար»։ (Մատթէոս 5։11) Եհովայի ժողովուրդին հալածուելուն հիմնական պատճառը այն է, թէ անոնք ներկայ իրերու ամբարիշտ դրութեան մէկ մասը չեն։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ»։ (Յովհաննու 15։19) Նմանապէս Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Կը զարմանան՝ որ դուք նոյն անառակութեան մէջ անոնց հետ չէք վազեր ու հայհոյութիւն կ’ընեն»։—Ա. Պետրոս 4։4
6. (ա) Մնացորդն ու իրենց ընկերակիցները ինչո՞ւ կը նախատուին ու կը հալածուին։ (բ) Այս նախատինքը մեր երջանկութիւնը կը նուազեցնէ՞։
6 Արդէն տեսանք թէ նախկին Քրիստոնեաները հալածուեցան, քանի որ մերժեցին Յիսուսի անունով քարոզելէ դադրիլ։ Քրիստոս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք . . . մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) ‘Մեծ բազմութենէն’ եղող իրենց հաւատարիմ ընկերակիցներուն օգնութեամբ, Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն հաւատարիմ մնացորդը նախանձախնդրաբար կատարած են այդ յանձնարարութիւնը։ (Յայտնութիւն 7։9) Հետեւաբար Սատանան կը պատերազմի «անոր [«կնոջ», Աստուծոյ կազմակերպութեան երկնային մասը] զարմէն մնացողներուն հետ, որոնք կը պահէին Աստուծոյ պատուիրանները եւ ունէին Յիսուսի վկայութիւնը»։ (Յայտնութիւն 12։9, 17, ԱՎ) Եհովայի Վկաներ ըլլալով, Յիսուսի մասին կը վկայենք, որ Թագաւորութեան կառավարութեան այժմ իշխող թագաւորն է, որ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին խոչընդոտ հանդիսացող մարդկային կառավարութիւնները պիտի կործանէ։ (Դանիէլ 2։44. Բ. Պետրոս 3։13) Ասոր համար կը նախատուինք ու կը հալածուինք, բայց երանելի ենք որ Քրիստոսի անունին համար կը տառապինք։—Ա. Պետրոս 4։14
7, 8. Հակառակորդները նախկին Քրիստոնեաներուն դէմ ի՞նչ սուտ խօսքեր ըսին։
7 Յիսուս ըսաւ թէ իր հետեւորդները իրենք զիրենք երջանիկ պէտք է նկատեն, նոյնիսկ երբ մարդիկ ‘սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր խօսին իրենց վրայ’, իր պատճառով։ (Մատթէոս 5։11) Վստահաբար նախկին Քրիստոնեաները այս պարագան ունեցան։ Երբ Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ արգելափակուած էր, շուրջ Հ.Դ. 59-61, հոն եղող Հրեայ առաջնորդները Քրիստոնեաներուն մասին ըսին. «Մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ (Գործք 28։22) Պօղոս ու Շիղա ամբաստանուեցան «աշխարհը տակնուվրայ» ընելու եւ «Կայսրին հրամաններուն դէմ» գործելու յանցանքով։—Գործք 17։6, 7
8 Հռովմէական Կայսրութեան ժամանակ ապրող Քրիստոնեաներուն մասին գրելով, պատմաբան Ք. Ս. Լադուրէթ ըսաւ. «Այլազան ամբաստանութիւններ կային։ Որովհետեւ Քրիստոնեաները մերժեցին հեթանոսական արարողութիւններու մասնակցիլ, անոնք անաստուածներ պիտակուեցան։ Ընկերային կեանքին միջամուխ չըլլալով,– հեռու կենալով հեթանոսական տօներէ, հանրային ժամանցներէ . . . ,– անոնք ծաղրուեցան իբր մարդկային ցեղը ատողներ։ . . . Կ’ըսուէր թէ գիշերը այրեր ու կիներ մէկտեղ կը հաւաքուէին . . . ու սեռային անբարոյութիւն կը գործէին։ . . . Որովհետեւ [Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը] միայն հաւատացեալներուն ներկայութեամբ կը տօնակատարուէր, տարաձայնութիւններ ելան թէ Քրիստոնեաները կանոնաւորաբար նորածին մը կը զոհէին, անոր արիւնը կը խմէին ու միսը կ’ուտէին»։ Ասկէ զատ, քանի որ նախկին Քրիստոնեաները մերժեցին կայսրին պաշտամունք մատուցանել, անոնք ամբաստանուեցան պետութեան թշնամիներ ըլլալու յանցանքով։
9. Առաջին դարու Քրիստոնեաները ի՞նչպէս հակազդեցին սուտ ամբաստանութիւններուն, իսկ այսօր պարագան ի՞նչ է։
9 Այդ սուտ ամբաստանութիւնները արգելք չհանդիսացան որ նախկին Քրիստոնեաները Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու իրենց յանձնարարութիւնը կատարեն։ Հ.Դ. 60-61–ին, Պօղոս նշեց թէ ‘աւետարանը բոլոր աշխարհի մէջ պտղաբեր ըլլալով կ’աճի’ եւ «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։ (Կողոսացիս 1։5, 6, 23) Նոյնը տեղի կ’ունենայ այսօր։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, Եհովայի Վկաները սուտ ամբաստանութիւններու թիրախ դարձած են։ Այսուհանդերձ, ներկայիս Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու գործը կը բարգաւաճի ու շատ կ’ուրախացնէ քարոզիչները։
Ուրախ՝ Մարգարէներուն Նման Հալածուելով
10, 11. (ա) Յիսուս իններորդ երանութեան նկատի առնելը ի՞նչպէս աւարտեց։ (բ) Մարգարէները ինչո՞ւ հալածուեցան. օրինակներ տուր։
10 Յիսուս իններորդ երանութեան վերաբերեալ նաեւ ըսաւ. «Ցնծացէք . . . , քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։ (Մատթէոս 5։12) Անհաւատարիմ Իսրայէլը ազդարարելու համար Եհովայի ղրկած մարգարէները գէշ ընդունելութիւն գտան ու յաճախ հալածուեցան։ (Երեմեայ 7։25, 26) Պօղոս առաքեալ այս իրողութեան վկայեց, գրելով. «Ալ ի՞նչ ըսեմ. վասն զի ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ . . . ուրիշ մարգարէներու համար, որոնք հաւատքով . . . նախատինքներու ու ծեծերու, նաեւ կապերու ու բանտերու փորձը առին»։—Եբրայեցիս 11։32-38
11 Ամբարիշտ Աքաաբ թագաւորին ու իր կնոջ՝ Յեզաբէլի իշխանութեան ընթացքին, Եհովայի մարգարէներէն շատեր սուրով սպաննուեցան։ (Գ. Թագաւորաց 18։4, 13. 19։10) Երեմիա մարգարէն կոճղի մէջ դրուեցաւ, իսկ հետագային տղմոտ գուբի մը մէջ նետուեցաւ։ (Երեմեայ 20։1, 2. 38։6) Դանիէլ մարգարէն առիւծներու գուբը նետուեցաւ։ (Դանիէլ 6։16, 17) Այս նախաքրիստոնէական մարգարէները հալածուեցան, քանի որ Եհովայի մաքուր պաշտամունքը պաշտպանեցին։ Բազմաթիւ մարգարէներ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն կողմէ հալածուեցան։ Յիսուս դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն մասին ըսաւ որ անոնք ‘զաւակներն են անո՛նց՝ որ կը սպաննէին մարգարէները’։—Մատթէոս 23։31
12. Եհովայի Վկաներս ինչո՞ւ վաղեմի մարգարէներուն նման հալածուիլը առանձնաշնորհում կը համարենք։
12 Այսօր, Եհովայի Վկաներս յաճախ կը հալածուինք, քանի որ Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրաբար կը քարոզենք։ Մեր թշնամիները մեզ կ’ամբաստանեն «յարձակողական հաւատափոխութեան» յանցանքով, բայց գիտենք որ Եհովայի նախկին հաւատարիմ երկրպագուները նոյնանման քննադատութիւն դիմագրաւեցին։ (Երեմեայ 11։21. 20։8, 11) Առանձնաշնորհում կը համարենք տառապիլը այդ նոյն պատճառով որ վաղեմի հաւատարիմ մարգարէները տառապեցան։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Եղբայրնե՛րս, չարչարանքներու եւ համբերատարութեան համար օրինա՛կ առէք մարգարէներէն, որոնք խօսեցան Տէրոջ անունով։ Ահա՛ երանելի կը կոչենք տոկացողները»։—Յակոբու 5։10, 11, ԱՎ
Երջանիկ Ըլլալու Հիմնական Պատճառներ
13. (ա) Հալածանքը ինչո՞ւ մեզ չի վհատեցներ։ (բ) Ի՞նչ բան մեզ կարող կը դարձնէ որ հաստատուն կայնինք, եւ ասիկա ի՞նչ կ’ապացուցանէ։
13 Փոխանակ հալածանքին պատճառով վհատելու, կը մխիթարուինք այն գաղափարով որ մարգարէներուն, նախկին Քրիստոնեաներուն ու Քրիստոս Յիսուսի քայլերուն կը հետեւինք։ (Ա. Պետրոս 2։21) Սուրբ Գրութիւններէն խոր գոհունակութիւն կը ստանանք, ինչպէս Պետրոս առաքեալի սա խօսքերը. «Սիրելինե՛ր, տարօրինակ մի՛ սեպէք այն փորձութեան հրդեհը, որ կ’ըլլայ ձեզ փորձելու համար, որպէս թէ օտար բան մը կը պատահի ձեզի։ Եթէ նախատուիք Քրիստոսի անունին համար՝ երանելի՜ էք, որովհետեւ փառքի ու զօրութեան եւ Աստուծոյ Հոգին հանգչած է ձեր վրայ»։ (Ա. Պետրոս 4։12, 14, ԱՎ) Փորձառաբար գիտենք թէ կրնանք հալածանքին ներքեւ հաստատուն կայնիլ, միայն քանի որ Եհովայի հոգին մեր վրայ կը հանգչի ու մեզ կը զօրացնէ։ Սուրբ հոգիին աջակցութիւնը ապացոյց է թէ Եհովայի օրհնութիւնը կը վայելենք, իսկ ասիկա մեծապէս կ’երջանկացնէ մեզ։—Սաղմոս 5։12. Փիլիպպեցիս 1։27-29
14. Ինչո՞ւ արդարութեան համար հալածանք դիմագրաւելը մեզ կ’երջանկացնէ։
14 Այլ պատճառով ալ արդարութեան համար հակառակութիւն ու հալածանք դիմագրաւելը մեզ կ’երջանկացնէ,– անիկա կ’ապացուցանէ թէ մենք աստուածպաշտութեամբ ապրող ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ենք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Չափազանց կ’ուրախանանք այն գաղափարով, թէ փորձութեան ներքեւ մեր ուղղամտութիւն պահելը պատասխան կը հայթայթէ Սատանայի մարտահրաւէրին, թէ Եհովայի բոլոր արարածները անձնասիրական շահերէ մղուած Իրեն կը ծառայեն։ (Յոբայ 1։9-11. 2։3, 4) Ի՜նչ ցնծութիւն է որ Եհովայի արդար գերիշխանութեան ջատագովման մէջ բաժին կը բերենք, ո՛րքան ալ փոքր ըլլայ ատիկա։—Առակաց 27։11
Վարձատրութեան Համար Ցնծալ
15, 16. (ա) Յիսուս ‘ցնծալու եւ ուրախ ըլլալու’ ի՞նչ պատճառ տուաւ մեզի։ (բ) Օծեալ Քրիստոնեաներուն համար երկինքի մէջ ի՞նչ վարձատրութիւն վերապահուած է, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչպէս պիտի վարձատրուին։
15 Յիսուս պատճառ մը եւս տուաւ թէ ինչո՛ւ ուրախ պէտք է ըլլանք վաղեմի մարգարէներուն նման նախատուելով եւ հալածուելով։ Իններորդ երանութեան վերջաւորութեան, ան ըսաւ. «Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը»։ (Մատթէոս 5։12) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Այո, այն ‘վարձքը որ շատ է’՝ կեանք է, ձրի պարգեւ։ Յիսուս ըսաւ թէ վարձատրութիւնը «երկինք»ն է, քանի որ անիկա Եհովայէ կու գայ։
16 Օծեալները «կենաց պսակը» կը ստանան,– երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ անմահ կեանք։ (Յակոբու 1։12, 17) Իսկ երկրային յոյս ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»ը կ’ակնկալեն երկրային դրախտի մէջ յաւիտենական կեանք ժառանգել։ (Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 21։3-5) Երկու դասակարգերն ալ «վարձքը» չեն շահիր։ Թէ՛ օծեալները եւ թէ «ուրիշ ոչխարներ»ը իրենց վարձատրութիւնը կը ստանան Եհովայի «գերազանց շնորհքին» շնորհիւ, ինչ որ Պօղոս առաքեալը մղեց ըսելու. «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար»։—Բ. Կորնթացիս 9։14, 15
17. Հալածանքի ներքեւ ինչո՞ւ կրնանք ցնծալ եւ ‘ուրախ ըլլալ’։
17 Նամակ ուղղելով այն Քրիստոնեաներուն, որոնցմէ ոմանք շատ չանցած անգթօրէն պիտի հալածուէին Ներոն կայսրին կողմէ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Կը պարծենանք տառապանքներու մէջ ալ. որովհետեւ գիտենք թէ տառապանքը կ’իրագործէ համբերութիւն, համբերութիւնը՝ փորձառութիւն, ու փորձառութիւնը՝ յոյս. եւ յոյսը ամօթահար չ’ըներ»։ Ան նաեւ գրեց. «Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք»։ Հռովմայեցիս 5։3-5, ԱՎ. 12։12) Մեր յոյսը երկնային ըլլայ թէ երկրային, փորձութեան ներքեւ հաւատարմութեան մեր վարձատրութիւնը շա՜տ մեծ է, որուն իրապէս արժանի չենք։ Մեր թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ յաւիտեան ապրելով, մեր սիրառատ Հօր՝ Եհովայի ծառայելու եւ փառաբանելու հեռանկարը անսահման ուրախութիւն կու տայ մեզի։
(18. Մինչ վախճանը կը մօտենայ, կ’ակնկալենք որ ազգերը ի՞նչ ընեն, իսկ Եհովա ի՞նչ պիտի ընէ։
18 Կարգ մը երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները հալածուեցան ու տակաւին կը հալածուին։ Իրերու դրութեան վախճանին մասին իր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս ճշմարիտ Քրիստոնեաները ազդարարեց. «Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Մատթէոս 24։9) Մինչ վախճանին կը մօտենանք, Սատանան պատճառ պիտի ըլլայ որ ազգերը Եհովայի ժողովուրդին դէմ իրենց ատելութիւնը դրսեւորեն։ (Եզեկիէլ 38։10-12, 14-16) Ասիկա Եհովայի գործի անցնելու ժամանակը պիտի նշէ։ «Շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը»։ (Եզեկիէլ 38։23) Այսպէս Եհովա իր մեծ անունը պիտի սրբացնէ ու իր ժողովուրդը հալածանքէն պիտի ազատէ։ Ուստի «երանի՜ այն մարդուն՝ որ կը տոկայ փորձութեան»։—Յակոբու 1։12, ԱՎ
19. Մինչ ‘Տէրոջ մեծ օրուան’ կը սպասենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։
19 Մինչ «Տէրոջը [մեծ] օրը» ա՛լ աւելի կը մօտենայ, թող ուրախանանք՝ քանի որ ‘Յիսուսի անուանը համար արժանի կ’ըլլանք անարգուելու’։ (Բ. Պետրոս 3։10-13. Գործք 5։41) Նախկին Քրիստոնեաներուն նման, թող շարունակենք առանց դանդաղելու ‘սորվեցնել ու քարոզել Յիսուս Քրիստոսը’ եւ իր Թագաւորութեան կառավարութիւնը, մինչ կը սպասենք մեր վարձատրութեան Եհովայի արդար նոր աշխարհին մէջ։—Գործք 5։42. Յակոբու 5։11
Վերաքաղի համար
• Ի՞նչ կը նշանակէ արդարութեան համար տառապիլ։
• Հալածանքը նախկին Քրիստոնեաներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։
• Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Եհովայի Վկաները վաղեմի մարգարէներուն նման կը հալածուին։
• Հալածանքի ներքեւ ինչո՞ւ կրնանք ‘ցնծալ եւ ուրախ ըլլալ’։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 26]
«Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն»
[Նկարին աղբիւրը]
Group in prison։ Chicago Herald-American