Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Քրիստոնէական ժողովքը որկրամոլութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ։

Աստուծոյ Խօսքը կը դատապարտէ թէ՛ գինովութիւնը եւ թէ որկրամոլութիւնը, որպէս Աստուծոյ ծառայութեան հետ ներդաշնակ չեղող վարք։ Հետեւաբար, քրիստոնէական ժողովքը որկրամոլը կը նկատէ ա՛յնպէս, ինչպէս կը նկատէ գինեմոլը։ Ո՛չ գինեմոլը, ո՛չ ալ որկրամոլը կրնան քրիստոնէական ժողովքին մաս կազմել։

Առակաց 23։20, 21–ը (ԱՎ) կ’ըսէ. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն, ո՛չ ալ որկրամոլութեամբ միս ուտողներուն. որովհետեւ արբեցողն ու որկրամոլը կը թշուառանան, եւ մրափը ցնցոտինե՛ր կը հագցնէ»։ Բ. Օրինաց 21։20–ի մէջ կը կարդանք «ստամբակ ու անհնազանդ» անհատի մը մասին, որ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ մահապատիժի արժանի էր։ Այս համարին համաձայն, այդ ըմբոստ ու անզեղջ անհատը երկու յատկանիշներ ունէր,– «որկրամոլ ու գինեմոլ» էր։ Բացայայտ է որ վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Աստուծոյ ծառայել փափաքողներուն համար որկրամոլութիւնը անընդունելի սովորութիւն կը նկատուէր։

Սակայն որկրամոլութիւնը ի՞նչ է եւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները այս նիւթին շուրջ ի՞նչ կ’ըսեն։ Որկրամոլը կը սահմանուի իբր «մոլութեան չափ ուտել–խմելու անձնատուր, անյագ ուտող, փորապաշտ»։ Ուստի որկրամոլութիւնը ագահութեան մէկ ձեւն է, եւ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ թէ «ագահները» Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Փիլիպպեցիս 3։18, 19. Ա. Պետրոս 4։3) Ասկէ զատ, երբ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները «մարմնին գործեր»էն կը զգուշացնէր, նշեց «գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են»։ (Գաղատացիս 5։19-21) Շատակերութիւնը յաճախ կ’ընկերակցի գինովութեան ու անառակութեան։ Ասկէ զատ, որկրամոլութիւնը վստահաբար պարփակուած է Պօղոսի յիշած «ու ինչ որ ասոնց նման են» արտայայտութեան մէջ։ Ինչպէս որ է պարագան «մարմնին [միւս] գործեր»ուն հետ, այն Քրիստոնեան որ հանրածանօթ է իբր որկրամոլ եւ յամառօրէն կը մերժէ ագահութեամբ յատկորոշուած իր վարմունքը փոխել, ժողովքէն դուրս պէտք է դրուի։—Ա. Կորնթացիս 5։11, 13 *

Թէեւ Աստուծոյ Խօսքը գինեմոլն ու որկրամոլը նոյն մակարդակին վրայ կը դնէ, սակայն գինեմոլը բնորոշելը շատ աւելի դիւրին է, քան՝ որկրամոլը։ Գինովութեան նշանները սովորաբար տեսանելի են։ Սակայն անհատ մը ե՛րբ որկրամոլ կը դառնայ որոշելը շատ դժուար է, քանի որ անիկա պարզապէս դրսերեւոյթով կարելի չէ որոշել։ Հետեւաբար այս մարզին վերաբերեալ պարագաներ ձեռք առնելը, ժողովքի երէցներէն մեծ բծախնդրութիւն եւ խորատեսութիւն կը պահանջէ։

Օրինակ, չափազանց գիրութիւնը կրնայ որկրամոլութեան նշան ըլլալ, բայց ո՛չ միշտ։ Անհատին գիրութիւնը թերեւս հիւանդութեան մը հետեւանքն է։ Ժառանգական ազդակներն ալ կրնան սոնքութեան նպաստել։ Նաեւ ի մտի պէտք է ունենանք թէ չափազանց գիրութիւնը ֆիզիքական վիճակ է, մինչդեռ որկրամոլութիւնը մտավիճակ է։ Սոնքութիւնը սահմանուած է որպէս «մարմնի ճարպային հիւսկէնի ընդհանուր գերաճում», մինչդեռ որկրամոլութիւնը՝ «ուտել–խմելու անյագ ցանկութիւն»։ Ուստի անհատին կշիռը չէ որ կ’որոշէ որկրամոլութիւնը, այլ՝ ուտելիքի հանդէպ անոր կեցուածքը։ Անհատ մը կրնայ մարմնի սովորական կազմ ունենալ կամ նոյնիսկ նիհար ըլլալ, բայց եւ այնպէս՝ որկրամոլ ըլլալ։ Ասկէ զատ, ինչ որ իտէալ կշիռ կամ տեսք կը սեպուի, տեղէ տեղ նկատելիօրէն կը տարբերի։

Որկրամոլութեան նշանները ի՞նչ են։ Որկրամոլը յաճախ ինքնազսպում չունի, եւ չափազանց կ’ուտէ մինչեւ որ շատ անհանգիստ կամ նեղութիւն զգայ։ Անոր անժուժկալ ըլլալը ցոյց կու տայ թէ Եհովայի եւ Իր ժողովուրդին լաւ համբաւին վրայ իր բերած նախատինքին նկատմամբ իրապէս անհոգ է։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Միւս կողմէ, անհատ մը որ մի քանի առիթներով սովորականէն աւելի կ’ուտէ, ինքնաբերաբար «ագահ» պէտք չէ նկատուի։ (Եփեսացիս 5։5) Այսուհանդերձ, Գաղատացիս 6։1–ի համաձայն, թերեւս այս Քրիստոնեան օգնութեան կարիք ունենայ։ Պօղոս կ’ըսէ. «Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք»։

Շատակերութենէ խուսափելու Աստուածաշունչի խրատը ինչո՞ւ ներկայիս յատկապէս կարեւոր է։ Քանի որ, մասնաւորաբար մեր օրերուն նկատմամբ, Յիսուս ազդարարեց. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի»։ (Ղուկաս 21։34, 35) Շատակերութենէ ետ կենալը, հոգեւորապէս վնասակար կենցաղէ խուսափելու կարեւոր կերպ մըն է։

Չափաւորութիւնը քրիստոնէական արժանիք մըն է։ (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 11) Հետեւաբար Եհովա վստահօրէն պիտի օգնէ բոլոր անոնց, որ լրջօրէն կը ջանան չափաւոր կերպով ուտելու ու խմելու նկատմամբ Աստուածաշունչի խրատը կիրարկել։—Եբրայեցիս 4։16

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Տես «Հարցումներ Ընթերցողներէն», Դիտարան 1 Մայիս 1986 թիւին մէջ (Անգլերէն)։