Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր արժանիքներու հետամուտ ըլլալով օգտուիր

Հոգեւոր արժանիքներու հետամուտ ըլլալով օգտուիր

Հոգեւոր արժանիքներու հետամուտ ըլլալով օգտուիր

«Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն»։—Ժողովողի 5։10

ՉԱՓԱԶԱՆՑ աշխատիլը կրնայ ճնշուածութիւն պատճառել, իսկ ճնշուածութիւնը կրնայ առողջապահական խնդիրներու դուռ բանալ, երբեմն մահուան առաջնորդելով։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ամուսնալուծումը ընտանիքներ կը քայքայէ։ Շատ յաճախ, այսպիսի ողբերգութիւններու պատճառը նիւթական բաներով չափազանց հետաքրքրուիլն է։ Ստացուածքներ դիզելով կլանուած անհատը, փոխանակ իր ունեցածը վայելելու, միշտ կ’ուզէ աւելին ունենալ, ի՛նչ վնաս ալ հասնի իր բարօրութեան։ Դիւրուսոյց գիրք մը կ’ըսէ. «Դրացիին կենսամակարդակին հետ քայլ պահելը համատարած սովորութիւն է, նոյնիսկ եթէ դրացին գործամոլ է եւ վաղահաս սիրտի տագնապէ պիտի տառապի»։

Աւելին ունենալու ձգտումը կրնայ անյագ դառնալ, անհատէն խլելով ամէն ուրախութիւն։ Այս մարզին մէջ մեր մարդկային տկարութիւնները կը շահագործուին զօրաւոր ոյժի մը՝ ծանուցումներուն կողմէ։ Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ծանուցումները կը մղեն քեզ այնպիսի բաներ գնելու, որ հաւանաբար պէտք չունիս եւ թերեւս նիւթական կարողութենէդ վեր են։ Այս բոլորը կրնան հիմնական վնաս պատճառել։

Սանձարձակ ինքնահաճութիւնը կրնայ թաքուն բայց կործանարար ազդեցութիւն մը ունենալ մեր վրայ, թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ բարոյապէս։ Օրինակ, իմաստուն Սողոմոն թագաւոր նշեց. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է»։ (Առակաց 14։30) Միւս կողմէ, չափազանց աշխատանքը, մտահոգութիւնը եւ նիւթական հարստութիւն դիզելու ճնշումները կրնան մեր առողջութիւնն ու երջանկութիւնը քանդել։ Յարաբերութիւններն ալ կը վնասուին, երբ նիւթական նպատակակէտերը մեր կեանքին վրայ տիրեն։ Անհատին ընտանեկան ու ընկերային կեանքը վատթարանալով, անոր կեանքի որակը ընդհանուր առմամբ կը նուաստանայ։

Հոգեւոր Արժանիքներուն Գերազանցութիւնը

«Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը», յորդորեց Պօղոս առաքեալ դարեր առաջ։ (Հռովմայեցիս 12։2) Աշխարհ կը սիրէ իր արժանիքներուն համակերպողները։ (Յովհաննու 15։19) Ան կը ջանայ կոչ ընել բոլոր զգայարանքներուդ,– տեսանելիք, շօշափելիք, ճաշակելիք, հոտոտելիք եւ լսելիք,– որպէսզի նիւթապաշտական կենցաղ որդեգրես։ Շեշտը կը դրուի «աչքերու ցանկութեան» վրայ, որ նիւթական շահերու հետամուտ ըլլաս։—Ա. Յովհաննու 2։15-17

Բայց արժանիքներ կան, որոնք դրամը, երեւելիութիւնը եւ նիւթական հարստութիւնը կը գերազանցեն։ Դարեր առաջ, Սողոմոն թագաւոր աշխարհի հրամցուցած նիւթական բոլոր բաները դիզեց։ Ան տուներ կառուցանեց եւ ունէր պարտէզներ, մրգաստաններ, ստրուկներ, խաշինք, երգիչներ ու երգչուհիներ, նաեւ շատ ոսկի ու արծաթ։ Սողոմոնի հարստութիւնը բոլոր նախորդներուն հարստութենէն շատ աւելի էր։ Զինք պարզապէս մեծահարուստ կոչելը բաւարար չէ։ Ան իր բոլոր փափաքածները ձեռք ձգեց։ Բայց եւ այնպէս, երբ իր իրագործումներուն նայեցաւ, ան ըսաւ. «Ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին»։—Ժողովողի 2։1-11

Իր աստուածատուր իմաստութեամբ Սողոմոն գիտէր որ հոգեւոր արժանիքներուն հետամուտ ըլլալը աւելի մեծ գոհացում կու տայ։ Ան գրեց. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13

Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին էջերուն մէջ գտնուող գանձը, ոսկիէն կամ արծաթէն աւելի արժէք ունի։ (Առակաց 16։16) Ան կը բովանդակէ գոհարներու նման՝ խորունկ ճշմարտութիւններ։ Զանոնք պիտի փնտռե՞ս։ (Առակաց 2։1-6) Մեր Ստեղծիչը՝ իսկական արժանիքներու Աղբիւրը, քեզ կը յորդորէ որ ասիկա ընես, եւ ան քեզի պիտի օգնէ։ Ի՞նչպէս։

Եհովա թանկագին ճշմարտութիւններ կը հայթայթէ իր Խօսքին, հոգիին եւ կազմակերպութեան միջոցով։ (Սաղմոս 1։1-3. Եսայեայ 48։17, 18. Մատթէոս 24։45-47. Ա. Կորնթացիս 2։10) Այս ճշմարտութիւնները քննելը, որոնք հազուագիւտ ու անգին գոհարներու նման են, քեզի պատեհութիւն կու տայ որ խոհեմօրէն ընտրես լաւագոյն ու ամենէն վարձահատոյց կենցաղը։ Եւ ասիկա դժուար պիտի չըլլայ, քանի որ Եհովա՝ մեր Ստեղծիչը գիտէ թէ իրապէս երջանիկ ըլլալու համար ի՛նչ բանի պէտք ունինք։

Աստուածաշունչը Բարձրագոյն Արժանիքները կը Յառաջացնէ

Աստուածաշունչին բովանդակած ողջամիտ խրատը թէ՛ գործնական եւ թէ անզուգական է։ Անոր ջատագոված բարոյական չափանիշները անգերազանցելի են։ Անոր խրատը միշտ օգտաշատ է եւ երբեք ժամանակավրէպ չէ։ Աստուածաշունչին ողջամիտ կարգ մը խրատներն են. ծանր աշխատիլ, պարկեշտ ըլլալ, դրամը իմաստութեամբ գործածել եւ ծուլութենէ խուսափիլ։—Առակաց 6։6-8. 20։23. 31։16

Այս ուղղութեամբ, Յիսուս ըսաւ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան»։—Մատթէոս 6։19, 20

Այդ ժամանակայարմար յորդորը այսօր կիրարկելի է, ինչպէս էր 2,000 տարի առաջ։ Փոխանակ նիւթական հարստութիւն հետապնդելով զբաղած ըլլալու, կրնանք հիմա իսկ օգտուիլ՝ աւելի լաւ ապրելակերպի մը հետամուտ ըլլալով։ Բանալին՝ հոգեւոր գանձեր դիզելն է, որ մեր կեանքը իրապէս երջանիկ ու գոհունակ կը դարձնէ։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կարդալով եւ անոր սորվեցուցած բաները կիրարկելով։

Հոգեւոր Արժանիքները Վարձահատոյց Են

Երբ պատշաճօրէն կիրարկուին, հոգեւոր արժանիքները մեզի կ’օգտեն ֆիզիքապէս, զգացականօրէն եւ հոգեւորապէս։ Ճիշդ ինչպէս երկրագունդը շրջապատող օզոնի խաւը մեզ կը պաշտպանէ արեւին վնասակար ճառագայթներէն, բարոյական ողջամիտ սկզբունքներն ալ մեզ կը պաշտպանեն՝ նիւթապաշտութեան վտանգաւոր ազդեցութիւնները քօղազերծելով։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Անոնք որ կը փափաքին հարստանալ՝ կ’իյնան փորձութեան եւ թակարդի, ու շատ անմիտ եւ վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք կ’ընկղմեն մարդիկը աւերումի կամ կորուստի մէջ. որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը՝ արծաթսիրութիւնն է, որուն բաղձալով՝ ոմանք մոլորեցան հաւատքէն եւ իրենք զիրենք խոցեցին շատ ցաւերով»։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10, ԱՎ

Դրամասիրութիւնը մարդիկ կը հրապուրէ որ աւելի մեծ հարստութիւն, դիրք ու հեղինակութիւն հետապնդեն։ Շատ յաճախ, այս նպատակակէտերը իրագործելու համար նենգամիտ ու անպարկեշտ միջոցներ կը գործածուին։ Նիւթական բաներ հետապնդելը կրնայ սպառել անհատին ժամանակը, կորովն ու կարողութիւնները, նոյնիսկ պատճառ ըլլալ որ ան հանգիստ չքնանայ։ (Ժողովողի 5։12) Աւելին ունենալու ձգտումը վստահաբար կը խեղդէ հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։ Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը՝ Յիսուս Քրիստոս, յստակօրէն ցոյց տուաւ աւելի լաւ կերպը. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«անոնց որ գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքին», ՆԱ]»։ (Մատթէոս 5։3) Ան գիտէր որ հոգեւոր հարստութիւնը մնայուն վարձատրութիւններ ունի եւ շատ աւելի կարեւոր է քան՝ վաղանցիկ նիւթական շահը։—Ղուկաս 12։13-31

Ի՞րապէս Օգտաշատ Է

«Ծնողքս շա՜տ փորձեցին զիս համոզել որ հոգեւոր արժանիքները անգործնական են», կը մտաբերէ Կրէկ։ «Այսուհանդերձ հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդելով միտքի մեծ խաղաղութիւն ձեռք ձգած եմ, քանի որ հարստանալու մրցակցութեան առթած ճնշուածութենէն զերծ եմ»։

Հոգեւոր արժանիքները նաեւ կը կերտեն անձնական աւելի լաւ յարաբերութիւններ։ Բարեկամներ կ’ունենաս անձնաւորութեանդ շնորհիւ եւ ո՛չ թէ հարստութեանդ պատճառով։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ»։ (Առակաց 13։20) Ասկէ զատ, յաջող ընտանիքը իմաստութեան ու սիրոյ վրայ կը հիմնուի եւ ո՛չ թէ՝ նիւթական ստացուածքներու վրայ։—Եփեսացիս 5։22–6։4

Մենք բնածին արժանիքներ չունինք։ Զանոնք պէտք է սորվինք մեր տարեկիցներէն կամ աւելի վեհ աղբիւրէ մը։ Ասոր համար աստուածաշնչական կրթութիւնը կրնայ նիւթական բաներու հանդէպ մեր տեսակէտը փոխել։ «Ինծի օգնութիւն տրուեցաւ որ արժանիքներուս մասին կրկին մտածեմ, եւ սորվեցայ անհրաժեշտութիւններով գոհանալ», կ’ըսէ Տոն, նախկին սեղանաւոր։

Մնայուն Հոգեւոր Հարստութեան Հետամուտ Եղիր

Հոգեւոր արժանիքները աչքառու կը դարձնեն երկարատեւ վարձատրութիւնները եւ ո՛չ թէ կարճատեւ գոհացումը։ Պօղոս գրեց. «Երեւցած բաները [նիւթական] ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները [հոգեւոր]՝ յաւիտենական»։ (Բ. Կորնթացիս 4։18) Ճիշդ է որ նիւթական հետապնդումները կրնան վայրկենական ցանկութիւններու գոհացում տալ, բայց ագահութիւնը ապագայ չունի։ Հոգեւոր արժանիքները յաւերժական են։—Առակաց 11։4. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

Աստուածաշունչը կը դատապարտէ նիւթապաշտական հայեցակէտը, որ ներկայիս համատարած է։ Անիկա մեզի կը սորվեցնէ որ անձնասիրութիւնը սանձենք՝ մեր աչքը պարզ պահելով,– աւելի կարեւոր բաներու՝ հոգեւոր հարստութեան վրայ կեդրոնացած։ (Փիլիպպեցիս 1։10) Անիկա ագահութիւնը կը քօղազերծէ, ցոյց տալով թէ կռապաշտութիւն կամ անձնապաշտութիւն է։ Մինչ Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածը կը կիրարկենք, աւելի մեծ երջանկութիւն կը վայելենք։ Կը սկսինք մտածել տալու մասին քան՝ առնելու մասին։ Հոգեւոր արժանիքներով ինքնահաճութիւնը փոխարինելու ի՜նչ զօրաւոր դրդապատճառ։

Ճիշդ է որ որոշ տարողութեամբ դրամը պաշտպանութիւն կը հայթայթէ։ (Ժողովողի 7։12) Բայց Աստուածաշունչը իրատեսօրէն կ’ըսէ. «Աչքերդ պիտի սեւեռե՞ս այն բանին վրայ՝ որ արդէն չկայ. արդարեւ հարստութիւնը անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ, եւ արծիւի պէս դէպի երկինք կը թռչի»։ (Առակաց 23։5, ԱՎ) Մարդիկ նիւթապաշտութեան զոհասեղանին վրայ շա՜տ արժէքաւոր բաներ զոհած են,– առողջութիւն, ընտանիք, նոյնիսկ բարի խղճմտանք,– եւ աղիտալի հետեւանքներ կրած են։ Միւս կողմէ, հոգեւորականութիւն ունենալը մեր ամենակարեւոր կարիքները կը գոհացնէ,– սիրոյ կարիքը, նպատակ ունենալու կարիքը եւ սիրալիր Աստուածը՝ Եհովան պաշտելու կարիքը։ Անիկա նաեւ մարդկային կատարելութեամբ դրախտային երկրին վրայ յաւիտեան ապրելու աստուածատուր յոյսը կը մատնանշէ։

Շուտով, մարդկութեան յուսացած բարգաւաճութիւնը լիովին պիտի իրականանայ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։ (Սաղմոս 145։16) Այդ ատեն ամբողջ երկրագունդը «Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի»։ (Եսայեայ 11։9) Հոգեւոր արժանիքները պիտի ծաղկին։ Նիւթապաշտութիւնն ու անոր սպիները ամբողջովին արմատախիլ պիտի ըլլան։ (Բ. Պետրոս 3։13) Ապա, կեանքը աւելի հաճելի դարձնող բաները,– կատարեալ առողջութիւն, գոհացուցիչ աշխատանք, օգտակար ժամանց, ընտանեկան ջերմ յարաբերութիւններ եւ Աստուծոյ հետ մնայուն բարեկամութիւն,– յաւիտեան մարդկութեան իսկական երջանկութիւն պիտի բերեն։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 6]

Դրամդ իմաստութեամբ գործածէ

Կարիքներդ բնորոշէ։ Յիսուս մեզի սորվեցուց որ աղօթենք. «Մեր ամէն օրուան հացը օրէ օր մեզի տուր»։ (Ղուկաս 11։3) Թոյլ մի՛ տար այսօրուան փափաքներուն որ վաղուան կարիքները դառնան։ Մի՛ մոռնար որ կեանքդ ստացուածքներէդ կախեալ չէ։—Ղուկաս 12։16-21

Պիւտճէ որոշէ։ Չծրագրուած կերպով գնում ընելը մերժէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ»։ (Առակաց 21։5) Յիսուս իր ունկնդիրները խրատեց որ դրամական որեւէ ծրագրի ձեռնարկելէ առաջ, ծախսը հաշուեն։—Ղուկաս 14։28-30

Անհարկի պարտքերէ խուսափիր։ Երբ կարելի է, խնայէ ապա կանխիկ վճարէ, փոխանակ պարտքով գնելու։ Առակը կը նշէ. «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ»։ (Առակաց 22։7) Ժուժկալութիւն գործադրելով եւ պիւտճէդ յարգելով, կրնաս նոյնիսկ մեծ գնումներու համար յաջողապէս ծրագրել։

Վատնումէ խուսափիր։ Ունեցած բաներուդ լաւ հոգ տանելով՝ աւելի երկար կը դիմանան, եւ վատնումը կը նուազի։ Յիսուս մսխումէ զգուշացաւ։—Յովհաննու 6։10-13

Կարեւորագոյն բաներուն նախապատուութիւն տուր։ Իմաստուն անհատը ‘ժամանակը ծախու կ’առնէ’, աւելի կարեւոր նպատակակէտեր հետապնդելու համար։—Եփեսացիս 5։15, 16

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 7]

Փորձառութեամբ սորվելէն աւելի լաւ կերպ մը կայ

Անձնական թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ փորձառութիւնը կրնայ մեզի արժէքաւոր դասեր սորվեցնել։ Բայց սորվելու լաւագոյն միջոցը մեր փորձառութիւննե՞րն են։ Ո՛չ։ Ուղղութեան գերակայ աղբիւր մը կայ։ Սաղմոսերգուն զայն բնորոշեց, երբ աղօթքի մէջ ըսաւ. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։—Սաղմոս 119։105

Աստուծոյ ցուցմունքներէն սորվիլը ինչո՞ւ շա՜տ աւելի լաւ է, քան՝ անձնական փորձառութեամբ սորվիլը։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ միայն փորձառութեամբ՝ իյնալ–ելլելով՝ սորվիլը կրնայ թէ՛ սուղի նստիլ եւ թէ ցաւալի ըլլալ։ Անոր հարկ ալ չկայ։ «Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր», ըսաւ Աստուած վաղեմի Իսրայելացիներուն։ «Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։—Եսայեայ 48։18

Աստուծոյ Խօսքը ցուցմունքներու անզուգական աղբիւր մըն է, քանի որ մարդկային փորձառութեան ամենահին ու ամենաճշգրիտ արձանագրութիւնը կը բովանդակէ։ Հաւանաբար կը գիտակցիս թէ ուրիշներուն յաջողութիւններէն ու ձախողութիւններէն սորվիլը աւելի նախընտրելի է, քան՝ անոնց սխալները կրկնելը։ (Ա. Կորնթացիս 10։6-11) Աւելի կարեւորը, Աստուածաշունչին միջոցով Աստուած մեզի ընտիր օրէնքներ եւ առաջնորդող սկզբունքներ կը հայթայթէ, որոնք ամբողջովին վստահելի են։ «Տէրոջ Օրէնքը անթերի է . . . Տէրոջ վկայութիւնը վստահելի է, միամիտը իմաստուն կ’ընէ»։ (Սաղմոս 19։7, ԱՎ) Մեր սիրալիր Ստեղծիչին իմաստութենէն սորվիլը, վստահաբար լաւագոյն կերպն է։

[Նկարներ՝ էջ 4]

Աշխարհ կ’ուզէ որ իր նիւթապաշտական կենցաղը որդեգրես

[Նկար՝ էջ 5]

Աստուածաշունչին մէջ գտնուող գանձը, ոսկիէն կամ արծաթէն աւելի արժէքաւոր է