Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի դատաստանը ամբարիշտներուն դէմ

Եհովայի դատաստանը ամբարիշտներուն դէմ

Եհովայի դատաստանը ամբարիշտներուն դէմ

«Քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ»։—ԱՄՈՎՍԱՅ 4։12

1, 2. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած ամբարշտութեան վերջ պիտի դնէ։

ԵՀՈՎԱ երբեք վերջ պիտի դնէ՞ երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցող ամբարշտութեան ու տառապանքին։ 21–րդ դարը թեւակոխելով, ասիկա հրատապ հարց մըն է։ Այնպէս կը թուի թէ ո՛ւր որ նայինք, կը տեսնենք մարդուն հանդէպ մարդուն անմարդկայնութիւնը։ Որքա՜ն կը տենչանք բռնութենէ, ահաբեկչութենէ ու ապականութենէ զերծ աշխարհի մը։

2 Ուրախ լուրը այն է թէ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ որ Եհովա ամբարշտութեան վերջ պիտի դնէ։ Աստուծոյ յատկութիւնները մեզի երաշխիք կու տան թէ ան ամբարիշտներուն դէմ գործի պիտի լծուի։ Եհովա արդար եւ իրաւունք սիրող Աստուած է։ Սաղմոս 33։5–ի մէջ, իր Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ»։ Ուրիշ սաղմոս մը կ’ըսէ. «[Եհովայի] անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը»։ (Սաղմոս 11։5) Արդարութիւնն ու իրաւունքը սիրող ամենակարող Աստուածը՝ Եհովա, վստահաբար իր ատած բաներուն յաւիտեան պիտի չհանդուրժէ։

3. Ամովսի մարգարէութեան յաւելեալ քննարկութիւնը ի՞նչ պիտի շեշտէ։

3 Նկատի առ այլ պատճառ մը թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա ամբարշտութիւնը պիտի վերցնէ։ Իր անցեալի գործառնութիւններուն արձանագրութիւնը ասիկա կ’երաշխաւորէ։ Ամբարիշտներուն հետ Եհովայի անփոփոխ գործառնութեանց ուշագրաւ օրինակները կը գտնուին Աստուածաշունչի Ամովսայ գիրքին մէջ։ Ամովսի մարգարէութեան յաւելեալ քննարկութիւնը, աստուածային դատաստանին մասին երեք բաներ պիտի շեշտէ։ Առաջին, անիկա մի՛շտ արժանի է։ Երկրորդ, անիկա անխուսափելի է։ Իսկ երրորդ, անիկա ընտրողական է, քանի որ Եհովա չարագործները կը պատժէ, բայց զղջացող ու արդարամիտ անհատներուն կ’ողորմի։—Հռովմայեցիս 9։17-26

Աստուածային Դատաստանը Միշտ Արժանի Է

4. Եհովա Ամովսը ո՞ւր ղրկեց, եւ ի՞նչ նպատակով։

4 Ամովսի օրերուն, Իսրայելացիները արդէն երկու թագաւորութիւններու բաժնուած էին։ Մէկը հարաւային՝ Յուդայի երկու–ցեղեան թագաւորութիւնն էր, իսկ միւսը հիւսիսային՝ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութիւնն էր։ Եհովա Ամովսի յանձնարարեց որ որպէս մարգարէ ծառայէ, զինք Յուդայի մէջ եղող իր բնագաւառէն Իսրայէլ ղրկելով։ Հոն ան Ամովսը պիտի գործածէր աստուածային դատաստանը ծանուցանելու համար։

5. Ամովս նախ ո՞ր ազգերուն դէմ մարգարէացաւ, եւ ի՞նչ պատճառով անոնք Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռին արժանի էին։

5 Ամովս իր գործը չսկսաւ հիւսիսային կամակոր Իսրայէլի թագաւորութեան դէմ Եհովայի դատաստանները ծանուցանելով։ Փոխարէն, ան նախ աստուածային աննպաստ դատավճիռներ յայտարարեց մօտակայ վեց ազգերու դէմ. Սուրիա, Փղշտիա, Տիւրոս, Եդովմ, Ամմոն եւ Մովաբ։ Բայց անոնք իրապէս արժանի՞ էին Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռին։ Անշո՛ւշտ։ Պատճառներէն մէկը այն է որ անոնք Եհովայի ժողովուրդին ոխերիմ թշնամիներն էին։

6. Աստուած ինչո՞ւ աղէտ պիտի բերէր Սուրիայի, Փղշտիայի եւ Տիւրոսի վրայ։

6 Օրինակ, Եհովա Սուրիացիները դատապարտեց, ‘քանզի անոնք Գաղաադը ծեծեցին’։ (Ամովսայ 1։3) Սուրիացիները, Յորդանան գետին արեւելքը Իսրայէլի պատկանող շրջանէն՝ Գաղաադէն՝ երկրամաս մը գրաւեցին եւ հոն բնակող Աստուծոյ ժողովուրդին լուրջ վնասներ հասցուցին։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Փղշտիայի ու Տիւրոսի մասին։ Փղշտացիները յանցաւոր էին, քանի որ Իսրայելացիները տարագրեցին ու զանոնք Եդովմայեցիներուն ծախեցին, իսկ կարգ մը Իսրայելացիներ Տիւրոսցի ստրկավաճառներու ձեռքը ինկան։ (Ամովսայ 1։6, 9) Երեւակայէ. Աստուծոյ ժողովուրդը ստրկութեան ծախել։ Զարմանալի չէ որ Եհովա աղէտ պիտի բերէր Սուրիայի, Փղշտիայի եւ Տիւրոսի վրայ։

7. Եդովմ, Ամմոն եւ Մովաբ հասարակաց ի՞նչ բան ունէին Իսրայէլի հետ, բայց անոնք Իսրայելացիներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցան։

7 Եդովմ, Ամմոն եւ Մովաբ հասարակաց բան մը ունէին Իսրայէլի եւ իրարու հետ։ Երեքն ալ Իսրայելացիներուն հետ ազգականական կապեր ունէին։ Եդովմայեցիները Աբրահամէն սերած էին, Յակոբի երկուորեակին՝ Եսաւին միջոցով։ Ուստի առումով մը անոնք Իսրայէլի եղբայրներն էին։ Ամմոնացիներն ու Մովաբացիները Աբրահամի զարմիկէն՝ Ղովտէն սերած էին։ Բայց Եդովմ, Ամմոն եւ Մովաբ իրենց Իսրայելացի ազգականներուն հանդէպ եղբայրական վարմունք ցուցաբերեցի՞ն։ Բնա՛ւ երբեք։ Եդովմ անողորմօրէն ‘իր եղբօր’ դէմ սուր գործածեց, իսկ Ամմոնացիները անգթօրէն վարուեցան Իսրայելացի գերիներուն հետ։ (Ամովսայ 1։11, 13) Թէեւ Ամովս ուղղակիօրէն չի յիշեր Աստուծոյ ժողովուրդին հանդէպ Մովաբի գէշ վերաբերմունքը, սակայն Մովաբացիները Իսրայէլի հակառակելու երկար արձանագրութիւն ունէին։ Ազգականական կապեր ունեցող այս երեք ազգերը խստօրէն պիտի պատժուէին։ Եհովա անոնց վրայ կրակոտ կործանում պիտի ղրկէր։

Աստուածային Դատաստանը Անխուսափելի Է

8. Իսրայէլի մօտակայ վեց ազգերուն դէմ Աստուծոյ դատաստանը ինչո՞ւ անխուսափելի էր։

8 Անկասկած Ամովսի մարգարէութեան սկիզբը նշուած վեց ազգերը Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռին արժանի էին։ Ասկէ զատ, որեւէ կարելիութիւն չկար որ անոնք այս դատաստանէն խուսափէին։ Ամովսայ 1։3–2։1, Եհովա վեց անգամ կ’ըսէ. «Պատիժը պիտի չջնջեմ»։ Իր խօսքին տէրը ըլլալով, ան այս ազգերուն պատիժը չկասեցուց։ Պատմութիւնը կը վկայէ թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը հետագային աղէտի հանդիպեցաւ։ Առնուազն անոնցմէ չորսը,– Փղշտիա, Մովաբ, Ամմոն եւ Եդովմ,– ի վերջոյ գոյութիւն ունենալէ դադրեցան։

9. Յուդայի բնակիչները ի՞նչ բանի արժանի էին, եւ ինչո՞ւ։

9 Ապա Ամովսի մարգարէութիւնը կեդրոնացաւ եօթներորդ ազգի մը՝ Յուդայի վրայ։ Հիւսիսային Իսրայէլի թագաւորութեան մէջ Ամովսի ունկնդիրները զարմացած ըլլալու էին, լսելով անոր յայտարարած դատաստանը Յուդայի թագաւորութեան դէմ։ Յուդայի բնակիչները ինչո՞ւ աննպաստ դատավճիռի արժանի էին։ «Քանզի Տէրոջը օրէնքը անարգեցին», կ’ըսէ Ամովսայ 2։4–ը։ Եհովա իր Օրէնքին հանդէպ այս դիտումնաւոր արհամարհանքը չանտեսեց։ Ամովսայ 2։5–ի համաձայն, ան նախագուշակեց. «Յուդայի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, որը Երուսաղէմի պալատները պիտի ուտէ»։

10. Յուդա ինչո՞ւ չէր կրնար վայէն խուսափիլ։

10 Անհաւատարիմ Յուդան չէր կրնար մօտալուտ վայէն խուսափիլ։ Եօթներորդ անգամ ըլլալով, Եհովա ըսաւ. «Անոր պատիժը պիտի չջնջեմ»։ (Ամովսայ 2։4) Յուդա նախագուշակուած պատիժը ստացաւ, երբ Բաբելոնացիները զինք անբնակ դարձուցին Հ.Դ.Ա. 607–ին։ Անգամ մը եւս կը տեսնենք թէ ամբարիշտները չեն կրնար աստուածային դատաստանէն խուսափիլ։

11-13. Ամովս գլխաւորաբար ո՞ր ազգին դէմ մարգարէացաւ, եւ հոն ինչպիսի՞ կեղեքում կար։

11 Ամովս մարգարէն Եհովայի դատաստանը ծանուցանած էր եօթը ազգերու դէմ։ Սակայն ան իր մարգարէութիւնը չէր ամբողջացուցած, քանի որ տակաւին շատ բան ունէր ըսելիք։ Անոր գլխաւոր յանձնարարութիւնը, հիւսիսային Իսրայէլի թագաւորութեան դէմ դատաստանական հատու պատգամ ծանուցանել էր։ Եւ Իսրայէլ Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռին արժանի էր, քանի որ ազգին բարոյական ու հոգեւոր անկումը ողբալի էր։

12 Ամովսի մարգարէութիւնը քօղազերծեց Իսրայէլի թագաւորութեան մէջ սովորական դարձած կեղեքումը։ Այս առնչութեամբ Ամովսայ 2։6, 7–ն (ԱՎ) կը նշէ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. ‘Իսրայէլի երեք յանցանքին համար ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չկասեցնեմ. արդարեւ անոնք արդարը ծախեցին դրամի փոխարէն, եւ աղքատը՝ զոյգ մը կօշիկի։ Անոնք չքաւորներուն գլուխին վրայ կը տենչան երկրի հողը տեսնել, ու հեզերուն ճամբան կը ծռեն’»։

13 Արդարները «դրամի փոխարէն» կը ծախուէին, թերեւս այն իմաստով որ դատաւորներ դրամական կաշառք առնելով, անմեղին դէմ դատավճիռ կ’արձակէին։ Պարտատէրերը աղքատները ստրկութեան կը ծախէին «զոյգ մը կօշիկի» գինով, թերեւս փոքր պարտքի փոխարէն։ Անգութ մարդիկ ‘կը տենչային’ «չքաւորները» ա՛յնքան նուաստացած վիճակի մը հասցնել, որ անոնք իրենց գլխուն վրայ հող ցանէին, նշելով նեղութիւն, ողբ կամ ընկճում։ Փտածութիւնը ա՛յնքան լայնատարած էր որ «հեզեր»ը չէին ակնկալեր արդարութիւն գտնել։

14. Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ, որո՞նք գէշ վերաբերմունքի կ’ենթարկուէին։

14 Նկատէ թէ որո՛նք գէշ վերաբերմունքի կ’ենթարկուէին։ Անոնք երկրին արդար, աղքատ, չքաւոր եւ հեզ բնակիչներն էին։ Իսրայելացիներուն հետ Եհովայի Օրէնքի ուխտը կը պահանջէր որ անպաշտպանին ու չքաւորին հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերուի։ Սակայն Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ այս անհատներուն կացութիւնը չափազանց վատ էր։

«Քու Աստուածդ Դիմաւորելու Պատրաստուէ»

15, 16. (ա) Իսրայելացիներուն ինչո՞ւ ազդարարութիւն տրուեցաւ. «Քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ»։ (բ) Ամովսայ 9։1, 2–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ ամբարիշտները չէին կրնար աստուածային դատաստանէն խոյս տալ։ (գ) Հ.Դ.Ա. 740–ին, Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան ի՞նչ պատահեցաւ։

15 Որովհետեւ անբարոյութիւնը եւ այլ մեղքեր Իսրայէլի մէջ լայնատարած էին, տեղին էր որ Ամովս մարգարէն ըմբոստ ազգը ազդարարէր. «Քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ»։ (Ամովսայ 4։12) Անհաւատարիմ Իսրայէլը չէր կրնար աստուածային դատաստանի մօտալուտ գործադրութենէն խուսափիլ, քանի որ ութերորդ անգամ ըլլալով Եհովա յայտարարեց. «Անոր պատիժը պիտի չջնջեմ»։ (Ամովսայ 2։6) Իսկ պահուըտիլ փորձող ամբարիշտներուն նկատմամբ, Աստուած ըսաւ. «Անոնցմէ մէկը պիտի չկարենայ փախչիլ, եւ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ ազատիլ։ Թէեւ անոնք մինչեւ դժոխք փորեն, իմ ձեռքս անկէ պիտի վերցնէ զանոնք։ Թէեւ երկինք ելլեն՝ զանոնք անկէ պիտի իջեցնեմ»։—Ամովսայ 9։1, 2

16 Ամբարիշտները չէին կրնար Եհովայի դատաստանի գործադրումէն խոյս տալ՝ ‘մինչեւ դժոխք փորելով’, այսինքն՝ փորձելով երկրագունդին ամենացած մասերուն մէջ պահուըտիլ։ Անոնք ո՛չ ալ կրնային աստուածային դատաստանէն ազատիլ՝ ‘երկինք ելլելով’, այսինքն՝ փորձելով բարձր լեռներուն վրայ ապաստան գտնել։ Եհովայի ազդարարութիւնը յստակ էր. Չկայ պահուըտելիք վայր մը, որ իր հասողութենէն դուրս է։ Աստուածային արդարութիւնը կը պահանջէր որ Իսրայէլի թագաւորութիւնը հաշիւ տար իր չար արարքներուն համար։ Իսկ այդ ժամանակը հասաւ Հ.Դ.Ա. 740–ին,– Ամովս իր մարգարէութիւնը արձանագրելէն շուրջ 60 տարի ետք,– երբ Ասորեստանցիները նուաճեցին Իսրայէլի թագաւորութիւնը։

Աստուածային Դատաստանը Ընտրողական Է

17, 18. Ամովսայ 9–րդ գլուխը Աստուծոյ ողորմութեան մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

17 Ամովսի մարգարէութիւնը մեզի օգնեց որ տեսնենք թէ Աստուծոյ դատաստանը միշտ արժանի է եւ անխուսափելի է։ Բայց Ամովսայ գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ թէ Եհովայի դատաստանը ընտրողական է։ Աստուած կրնայ ամբարիշտները գտնել եւ անոնց վրայ դատավճիռ գործադրել, ո՛ւր որ ալ պահուըտին։ Ան կրնայ գտնել նաեւ զղջացող եւ պարկեշտ անհատները, որոնց կ’ողորմի։ Այս կէտը գեղեցիկ կերպով աչքառու դարձուած է Ամովսայ գիրքին վերջին գլուխին մէջ։

18 Ամովսայ 9։8–ի մէջ, Եհովա ըսաւ. «Յակոբին տունը բոլորովին պիտի չկորսնցնեմ»։ 13-15–րդ համարներուն համաձայն, Եհովա խոստացաւ իր ժողովուրդը ‘գերութենէ դարձնել’։ Անոնց հանդէպ ողորմութիւն պիտի ցուցաբերուէր եւ անոնք ապահովութիւն ու բարգաւաճութիւն պիտի վայելէին։ Եհովա խոստացաւ. «Հերկողը՝ հնձողին . . . պիտի հասնի»։ Երեւակայէ. հունձքը ա՛յնքան առատ պիտի ըլլար որ մէկ մասը տակաւին հաւաքուած պիտի չըլլար, երբ հերկելու ու սերմ ցանելու յաջորդ եղանակը հասնէր։

19. Իսրայէլի ու Յուդայի պատկանող մնացորդի մը ի՞նչ պատահեցաւ։

19 Կրնայ ըսուիլ որ Յուդայի եւ Իսրայէլի մէջ գտնուող ամբարիշտներուն դէմ Եհովայի դատաստանը ընտրողական էր, քանի որ զղջացող եւ արդարամիտ անհատներուն հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերուեցաւ։ Ամովսայ 9–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած վերահաստատման մարգարէութեան առ ի կատարում, Հ.Դ.Ա. 537–ին Իսրայէլի ու Յուդայի պատկանող զղջացած մնացորդ մը բաբելոնական գերութենէ վերադարձաւ։ Իրենց սիրելի հայրենիքին մէջ, անոնք մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեցին։ Ապահովութեամբ անոնք նաեւ իրենց տուները վերաշինեցին եւ այգիներ ու պարտէզներ տնկեցին։

Եհովայի Աննպաստ Դատավճիռը Պիտի Գործադրուի

20. Ամովսի ծանուցանած դատաստանական պատգամները նկատի առնելը, ի՞նչ բանի նկատմամբ մեզ կը հաւաստիացնէ։

20 Ամովսի ծանուցանած Աստուծոյ դատաստանական պատգամները նկատի առնելը, մեզ պէտք է հաւաստիացնէ թէ Եհովա ամբարշտութեան վերջ պիտի դնէ մե՛ր օրերուն։ Ինչո՞ւ կրնանք ասոր հաւատալ։ Նախ, ամբարիշտներուն հետ Աստուծոյ անցեալի գործառնութիւններուն այս օրինակները ցոյց կու տան թէ ան ի՛նչպէս պիտի վարուի մեր օրերուն։ Երկրորդ, հաւատուրաց Իսրայէլի թագաւորութեան վրայ աստուածային դատաստանին գործադրութիւնը կը վստահեցնէ թէ Աստուած Քրիստոնեայ Աշխարհը պիտի կործանէ, որ «մեծ Բաբելոնի»՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան ամենէն այպանելի հատուածն է։—Յայտնութիւն 18։2

21. Քրիստոնեայ Աշխարհը ինչո՞ւ Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռին արժանի է։

21 Կասկած չկայ որ Քրիստոնեայ Աշխարհը Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռին արժանի է։ Անոր կրօնական ու բարոյական ողբալի վիճակները շատ բացայայտ են։ Քրիստոնեայ Աշխարհին ու Սատանայի աշխարհին մնացեալ մասին դէմ Եհովայի դատաստանը արժանի է։ Անիկա նաեւ անխուսափելի է, քանի որ երբ ի գործ դրուելու ժամանակը գայ, Ամովսայ 9։1–ի խօսքը պիտի կատարուի. «Անոնցմէ մէկը պիտի չկարենայ փախչիլ, եւ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ ազատիլ»։ Այո, ամբարիշտները ո՛ւր որ ալ պահուըտին, Եհովա զիրենք պիտի գտնէ։

22. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8–ի մէջ աստուածային դատաստանին առնչութեամբ ի՞նչ կէտեր կը յստակացուին։

22 Աստուածային դատաստանը միշտ արժանի, անխուսափելի եւ ընտրողական է։ Պօղոս առաքեալի խօսքերը ասիկա կը յստակացնեն. «Աստուծոյ քով արդարութիւն է տառապանք հատուցանել ձեզ տառապեցնողներուն, իսկ ձեզի՝ տառապանք կրողներուդ՝ անդորրութիւն մեզի հետ, երբ Տէր Յիսուս յայտնուի երկինքէն՝ իր հզօր հրեշտակներով, բոցավառ կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ չեն ճանչնար Աստուած, ու չեն հնազանդիր մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8, ԱՎ) «Աստուծոյ քով արդարութիւն է» պատժել անոնք որ աննպաստ դատավճիռի արժանի են, քանի որ իր օծեալները կը տառապեցնեն։ Այդ դատաստանը անխուսափելի պիտի ըլլայ, քանի որ ամբարիշտները պիտի չվերապրին, «երբ Տէր Յիսուս յայտնուի երկինքէն՝ իր հզօր հրեշտակներով, բոցավառ կրակով»։ Աստուածային դատաստանը նաեւ ընտրողական պիտի ըլլայ, քանի որ Յիսուս վրէժ պիտի առնէ ‘անոնցմէ՝ որ չեն ճանչնար Աստուած, ու չեն հնազանդիր աւետարանին’։ Իսկ Աստուծոյ դատաստանին գործադրութիւնը հանգստաւէտութիւն պիտի բերէ տառապեալ աստուածավախ մարդոց։

Յոյս՝ Ուղիղներուն

23. Ամովսայ գիրքէն ի՞նչ յոյս եւ մխիթարութիւն կրնանք քաղել։

23 Ամովսի մարգարէութիւնը յոյսի եւ մխիթարութեան հոյակապ պատգամ մը կը բովանդակէ արդարամիտ անհատներուն համար։ Ինչպէս Ամովսայ գիրքին մէջ նախագուշակուած էր, Եհովա իր վաղեմի ժողովուրդը ամբողջովին չբնաջնջեց։ Ան Իսրայէլի ու Յուդայի գերիները հաւաքեց, զանոնք իրենց հայրենիքը վերադարձնելով եւ ապահովութեամբ ու բարգաւաճութեամբ օրհնելով։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեր օրերուն համար։ Վստահ կրնանք ըլլալ որ աստուածային դատաստանին գործադրութեան ընթացքին, Եհովա ամբարիշտները պիտի գտնէ, ո՛ւր որ ալ պահուըտին, եւ իր ողորմութեան արժանի եղողները պիտի գտնէ, երկրագունդին վրայ ո՛ւր որ ալ բնակին։

24. Եհովայի այժմու ծառաները ի՞նչ կերպերով օրհնուած են։

24 Մինչ կը սպասենք ամբարիշտներուն դէմ Եհովայի դատաստանի գործադրութեան, որպէս իր հաւատարիմ ծառաները ի՞նչ կը վայելենք։ Եհովա հոգեւոր բարգաւաճութեամբ մեզ կ’օրհնէ։ Քրիստոնեայ Աշխարհի սուտ ուսուցումներէն յառաջ եկած սուտերէն ու խեղաթիւրումներէն զերծ եղող պաշտամունք կը վայելենք։ Եհովա նաեւ մեզ օրհնած է առատ հոգեւոր սնունդ հայթայթելով։ Սակայն մի՛ մոռնար որ Եհովայի այս ճոխ օրհնութիւններուն հետ մեծ պատասխանատուութիւն մը կու գայ։ Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ ուրիշները մօտալուտ դատաստանին նկատմամբ ազդարարենք։ «Յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատները գտնելու համար, կ’ուզենք մեր լաւագոյնը ընել։ (Գործք 13։48) Այո, կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ անհատներու օգնել, որ ներկայիս մեր վայելած հոգեւոր բարգաւաճութեան մէջ բաժին ունենան։ Եւ կը փափաքինք որ անոնք ամբարիշտներուն դէմ աստուածային դատաստանի մօտալուտ գործադրութենէն վերապրին։ Անշուշտ, այս օրհնութիւններուն մասնակելու համար, սիրտի պատշաճ վիճակ պէտք է ունենանք։ Ամովսի մարգարէութիւնը ասիկա ալ աչքառու կը դարձնէ, ինչպէս յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ամովսի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովայի աննպաստ դատավճիռները միշտ արժանի են։

• Ամովս ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ թէ աստուածային դատաստանը անխուսափելի է։

• Ամովսայ գիրքը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ դատաստանին գործադրութիւնը ընտրողական է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Հ.Դ.Ա. 537–ին, Իսրայէլի ու Յուդայի պատկանող մնացորդ մը բաբելոնական գերութենէ վերադարձաւ