Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սիրտերը քննող Եհովան փնտռէ

Սիրտերը քննող Եհովան փնտռէ

Սիրտերը քննող Եհովան փնտռէ

«Զիս փնտռեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք»։—ԱՄՈՎՍԱՅ 5։4

1, 2. Ի՞նչ կը նշանակէ թէ Եհովա «սրտին կը նայի»։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ Սամուէլ մարգարէին ըսաւ. «Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ (Ա. Թագաւորաց 16։7) Եհովա ի՞նչպէս «սրտին կը նայի»։

2 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, յաճախ սիրտը այլաբանօրէն կը գործածուի ներքին անձը ներկայացնելու համար,– իր ցանկութիւններով, իր խորհուրդներով, իր յուզումներով ու զգացումներով։ Ուստի երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած սիրտին կը նայի, կը նշանակէ թէ Ան դրսերեւոյթէն անդին կը նայի եւ անհատին ներքին անձնաւորութեան վրայ կը կեդրոնանայ։

Աստուած Իսրայէլը կը Քննէ

3, 4. Ամովսայ 6։4-6–ի համաձայն, Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ ի՞նչ պայմաններ կը տիրէին։

3 Սիրտերը Քննողը Ամովսի օրերուն Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան նայելով ի՞նչ տեսաւ։ Ամովսայ 6։4-6–ը կը խօսի անհատներու մասին, որոնք ‘փղոսկրեայ մահիճներու մէջ կը պառկէին, իրենց անկողիններուն վրայ կ’երկննային, հօտերէն՝ գառնուկները ու գոմերու մէջէն պարարտ հորթերը կ’ուտէին։ Անոնք իրենց համար երաժշտական գործիքներ կը հնարէին ու գաւաթներով գինի կը խմէին’։

4 Առաջին ակնարկով, ասիկա կրնայ հաճելի տեսարան մը թուիլ։ Իրենց շքեղօրէն կահաւորուած տուներուն հանգստաւէտ միջավայրին մէջ, հարուստները լաւագոյն ուտելիքն ու խմելիքը կը վայելէին, եւ ընտիր նուագարաններով երաժշտութիւն մտիկ կ’ընէին։ Անոնք նաեւ «փղոսկրեայ մահիճներ» ունէին։ Հնախոյզներ, Իսրայէլի թագաւորութեան մայրաքաղաքին՝ Սամարիայի մէջ, շքեղօրէն փորագրուած փղոսկրներ գտան։ (Գ. Թագաւորաց 10։22) Շատ հաւանաբար, անոնցմէ շատեր գործածուած էին կարասիներու եւ նոյնիսկ փայտաշէն պատերու վրայ՝ որպէս զարդարանք։

5. Աստուած ինչո՞ւ Ամովսի օրուան Իսրայելացիներուն չէր հաճեր։

5 Եհովա Աստուած չէ՞ր հաճեր որ Իսրայելացիները հանգիստ կեանք մը վայելէին, համադամ ճաշեր ուտէին, ընտիր գինի խմէին եւ գեղեցիկ երաժշտութիւն ունկնդրէին։ Անշուշտ ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, ի՛նք առատօրէն այսպիսի բաներ կը հայթայթէ մարդուն վայելքին համար։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17) Բայց ժողովուրդին սխալ ցանկութիւնները, անոնց սիրտի գէշ վիճակը, Աստուծոյ հանդէպ իրենց անյարգալից կեցուածքը եւ իրենց հայրենակիցներուն հանդէպ սէր չունենալը, Եհովան բարկացուցին։

6. Ամովսի ժամանակ Իսրայէլի հոգեւոր կացութիւնը ի՞նչպէս էր։

6 Անոնք որ ‘իրենց անկողիններուն վրայ կ’երկննային, գոմերու մէջէն պարարտ հորթերը կ’ուտէին, գինի կը խմէին եւ երաժշտական գործիքներ կը հնարէին’, անակնկալի մը առջեւ կը գտնուէին։ Անոնք ‘չար օրը կը հեռացնէին’։ Անոնք խոր վիշտ պէտք էր զգային Իսրայէլի մէջ տիրող կացութեան համար, բայց ‘Յովսէփին աւերումին վրայ չէին ցաւեր’։ (Ամովսայ 6։3-6) Ազգին տնտեսական բարգաւաճութենէն անդին նայելով, Աստուած տեսաւ թէ Յովսէփ,– կամ Իսրայէլ,– հոգեւորապէս աղիտալի կացութեան մը մէջ կը գտնուէր։ Այսուհանդերձ ժողովուրդը անտարբեր ըլլալով, իրենց առօրեայ գործունէութիւններով կը զբաղէին։ Ներկայիս շատեր նոյնանման կեցուածք մը ունին։ Անոնք թերեւս ընդունին որ դժուար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, բայց այնքան ատեն որ անձամբ չեն ազդուիր, անոնք ուրիշներու դժուարին կացութեան հանդէպ անտարբեր են եւ հոգեւոր հարցերով չեն հետաքրքրուիր։

Իսրայէլ՝ Փտած Ազգ մը

7. Ի՞նչ պիտի պատահէր, քանի որ Իսրայէլի ժողովուրդը աստուածային ազդարարութիւններուն ականջ չէր տար։

7 Ամովսայ գիրքը կը նկարագրէ բարգաւաճ բայց փտած ազգ մը։ Որովհետեւ աստուածային ազդարարութիւններուն ականջ չտուին եւ իրենց տեսակէտը չսրբագրեցին, Եհովա զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի յանձնէր։ Ասորեստանցիները զիրենք իրենց փղոսկրեայ մահիճներէն դուրս պիտի նետէին եւ գերութեան պիտի քշէին։ Այլեւս անոնք հանգստաւէտ կեանք մը պիտի չապրէին։

8. Իսրայէլ ի՞նչպէս հոգեւորապէս վատ վիճակ մը ունեցաւ։

8 Իսրայելացիները ի՞նչպէս այս խղճալի վիճակին հասան։ Այս կացութիւնը սկսաւ զարգանալ Հ.Դ.Ա. 997–ին, երբ Սողոմոն թագաւորին յաջորդեց իր որդին Ռոբովամ, եւ Իսրայէլի տասը ցեղերը Յուդայի ու Բենիամինի ցեղերէն զատուեցան։ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան առաջին թագաւորն էր՝ «Նաբատի որդին» Յերոբովամ Ա.։ (Գ. Թագաւորաց 11։26) Յերոբովամ իր իշխանութեան ներքեւ եղող ժողովուրդը համոզեց թէ Եհովան պաշտելու համար Երուսաղէմ երթալը իրենց համար դժուար էր։ Սակայն ան իրապէս ժողովուրդին բարօրութեամբ հետաքրքրուած չէր։ Փոխարէն, ան կը ջանար իր անձնական շահերը պաշտպանել։ (Գ. Թագաւորաց 12։26) Յերոբովամ կը վախնար որ եթէ Իսրայելացիները շարունակէին Եհովան պատուող տարեկան տօներուն համար Երուսաղէմի տաճարը երթալ, ի վերջոյ ուզէին Յուդայի թագաւորութեան հպատակիլ։ Ասոր արգելք հանդիսանալու համար, Յերոբովամ ոսկիէ երկու հորթ կանգնեց, մէկը՝ Դանի մէջ, իսկ միւսը՝ Բեթէլի մէջ։ Այսպէս հորթի պաշտամունքը Իսրայէլի թագաւորութեան պետական կրօնքը դարձաւ։—Բ. Մնացորդաց 11։13-15

9, 10. (ա) Յերոբովամ Ա. թագաւորը կրօնական ի՞նչ տօներ հաստատեց։ (բ) Յերոբովամ Բ. թագաւորին օրով Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած տօները Աստուած ի՞նչպէս նկատեց։

9 Յերոբովամ ջանաց այս նոր կրօնքին վաւերական երեւոյթ մը տալ։ Ան տօներ կազմակերպեց, որոնք ձեւով մը Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցող տօներուն նման էին։ Գ. Թագաւորաց 12։32–ը կ’ըսէ. «Յերոբովամ ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Յուդայի մէջ պահուած տօնին պէս սահմանեց ու սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց։ Բեթէլի մէջ այսպէս ըրաւ»։

10 Եհովա այս կրօնական սուտ տօները երբեք չընդունեց։ Ան Ամովսի միջոցով ասիկա յստակացուց աւելի քան դար մը ետք, Յերոբովամ Բ.–ի իշխանութեան ընթացքին, որ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան թագաւորը եղաւ՝ շուրջ Հ.Դ.Ա. 844–ին։ (Ամովսայ 1։1) Ամովսայ 5։21-24–ի համաձայն, Աստուած ըսաւ. «Ձեր տօները կ’ատեմ ու կը մերժեմ, ձեր հանդիսաւոր ժողովներէն հաճոյք պիտի չառնեմ։ Եթէ ինծի ողջակէզներ ու ձեր հացի ընծաները մատուցանէք ալ՝ պիտի չընդունիմ եւ ձեր գէր անասուններուն՝ խաղաղութեան զոհերուն՝ պիտի չնայիմ։ Քու երգերուդ ձայնը ինծմէ հեռացուր, քանզի քու տաւիղներուդ եղանակը պիտի չլսեմ։ Բայց իրաւունքը ջուրի պէս թող վազէ ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր գետի պէս»։

Արդի Զուգահեռութիւններ

11, 12. Վաղեմի Իսրայէլի պաշտամունքին եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի պաշտամունքին միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։

11 Բացորոշ է թէ Եհովա Իսրայէլի տօներուն մասնակցողներուն սիրտերը քննեց, եւ անոնց տօնակատարութիւններն ու ընծաները մերժեց։ Նոյնպէս այսօր, Աստուած կը մերժէ Քրիստոնեայ Աշխարհի հեթանոսական տօները, ինչպէս՝ Ծնունդն ու Զատիկը։ Եհովայի երկրպագուներուն համար, կարելի չէ որ արդարութիւնը ընկերակցութիւն ունենայ անօրէնութեան հետ, ո՛չ ալ լոյսը հաղորդակցութիւն ունենայ խաւարին հետ։—Բ. Կորնթացիս 6։14-16

12 Հորթապաշտ Իսրայելացիներու պաշտամունքին եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի պաշտամունքին միջեւ ուրիշ նմանութիւններ ալ նկատելի են։ Թէեւ կարգ մը դաւանեալ Քրիստոնեաներ կ’ընդունին Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը, սակայն Քրիստոնեայ Աշխարհի պաշտամունքը Աստուծոյ հանդէպ անկեղծ սէրէ մղուած չէ։ Այլապէս, ան պիտի պնդէր Եհովան պաշտել «հոգիով ու ճշմարտութիւնով», քանի որ ա՛յսպիսի պաշտամունք է որ Զինք կը հաճեցնէ։ (Յովհաննու 4։24) Ասկէ զատ, Քրիստոնեայ Աշխարհը թոյլ չի տար որ ‘իրաւունքը ջուրի պէս վազէ ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր գետի պէս’։ Փոխարէն, ան Աստուծոյ բարոյական պահանջները յարատեւաբար կը նսեմացնէ։ Ան պոռնկութեան եւ այլ ծանր մեղքերու կը հանդուրժէ։ Ան նոյնիսկ կը յանդգնի միասեռական ամուսնութիւններու հաւանութիւն տալ։

«Բարութիւնը Սիրեցէ՛ք»

13. Ամովսայ 5։15–ի խօսքին ինչո՞ւ պէտք է հնազանդինք։

13 Ընդունելի կերպով Եհովան պաշտել տենչացող բոլոր անհատներուն կ’ըսուի. «Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք»։ (Ամովսայ 5։15) Սէրն ու ատելութիւնը այլաբանական սիրտէն բխող զօրաւոր յուզումներ են։ Սիրտը խաբեբայ ըլլալուն ի տես, մեր կարելին պէտք է ընենք զայն պահպանելու համար։ (Առակաց 4։23. Երեմեայ 17։9) Եթէ թոյլ տանք մեր սիրտին որ սխալ ցանկութիւններ սնուցանէ, կրնանք չարութիւնը սիրելու եւ բարութիւնը ատելու սկսիլ։ Եւ եթէ այսպիսի ցանկութիւններ գոհացնենք շարունակ մեղք գործելով, նոյնիսկ աշխարհի ամենէն նախանձախնդիր անհատը ըլլալը մեզ Աստուծոյ հաճութեան պիտի չարժանացնէ։ Ուստի Աստուծոյ աղօթենք որ մեզի օգնէ ‘չարութիւնը ատելու ու բարութիւնը սիրելու’։

14, 15. (ա) Իսրայէլի մէջ, բարութիւն ընողներուն մէջ որո՞նք կային, բայց իրենց հետ ի՞նչպէս վարուեցան։ (բ) Ներկայիս լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողները ի՞նչպէս կրնանք քաջալերել։

14 Բոլոր Իսրայելացիները Եհովայի աչքին չար եղածը չէին ըներ։ Օրինակ, Ովսէէ եւ Ամովս ‘բարութիւնը սիրեցին’ ու Աստուծոյ հաւատարմօրէն ծառայեցին իբր մարգարէներ։ Ուրիշներ ուխտաւորներ եղան։ Իրենց կատարած ուխտին ամբողջ ժամանակաշրջանին, անոնք որթատունկի բերքէն ետ կեցան, յատկապէս՝ գինիէն։ (Թուոց 6։1-4) Ուրիշ Իսրայելացիներ, բարութիւն գործող այս մարդոց անձնազոհ ընթացքը ի՞նչպէս նկատեցին։ Այս հարցումին ցնցիչ պատասխանը ցոյց կու տայ ազգին հոգեւորապէս փտած վիճակին տարողութիւնը։ Ամովսայ 2։12–ը կ’ըսէ. «Դուք ուխտաւորներուն գինի խմցուցիք ու մարգարէներուն պատուիրեցիք՝ ըսելով. ‘Մարգարէութիւն մի՛ ընէք’»։

15 Ուխտաւորներուն ու մարգարէներուն հաւատարիմ օրինակը տեսնելով, այդ Իսրայելացիները պէտք էր ամօթ զգային եւ իրենց ճամբաները փոխելու մղուէին։ Փոխարէն, անոնք անսիրալիր կերպով ջանացին հաւատարիմ անհատները վհատեցնել, որ Աստուծոյ փառք չտան։ Թող երբեք չմղենք հաւատակից Քրիստոնեաները, որոնք ռահվիրաներ, միսիոնարներ, ճամբորդող տեսուչներ կամ Պէթէլի ընտանիքի անդամներ են, որ իրենց լիաժամ ծառայութիւնը դադրեցնեն, պարզապէս այդպէս կոչուած բնական կեանք մը վարելու համար։ Փոխարէն, զանոնք քաջալերենք որ շարունակեն իրենց բարի գործը։

16. Իսրայելացիները Մովսէսի օրերուն ինչո՞ւ աւելի լաւ էին, քան՝ Ամովսի օրերուն։

16 Թէեւ Իսրայելացիներէն շատեր Ամովսի օրերուն նիւթապէս գոհացուցիչ կեանք մը կ’ապրէին, սակայն ‘Աստուծոյ մօտ չէին հարստանար’։ (Ղուկաս 12։13-21) Անոնց նախահայրերը անապատին մէջ 40 տարի միայն մանանայ կերան։ Անոնք գէր զուարակներ չկերան, ո՛չ ալ ծուլութեամբ փղոսկրեայ մահիճներու վրայ երկնցան։ Սակայն Մովսէս ըսաւ անոնց. «Քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքիդ բոլոր գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. . . . քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզի հետ էր ու բանի մը պակասութիւն չքաշեցիր»։ (Բ. Օրինաց 2։7) Այո, Իսրայելացիները անապատին մէջ իրենց անհրաժեշտ եղած բաները միշտ ունէին։ Ամենէն կարեւորը, անոնք Աստուծոյ սէրը, պաշտպանութիւնը եւ օրհնութիւնը ունէին։

17. Եհովա նախկին Իսրայելացիները ինչո՞ւ դէպի Խոստացեալ Երկիր առաջնորդած էր։

17 Եհովա Ամովսի ժամանակակիցներուն յիշեցուց թէ Ինք անոնց նախահայրերը Խոստացեալ Երկիր բերաւ եւ անոնց օգնեց որ երկիրը իրենց բոլոր թշնամիներէն մաքրեն։ (Ամովսայ 2։9, 10) Բայց Աստուած ինչո՞ւ այդ նախկին Իսրայելացիները Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանելով Խոստացեալ Երկիրը առաջնորդած էր։ Սին ու փարթամ կեանք մը վարելու եւ իրենց Ստեղծիչը մերժելո՞ւ համար։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, որպէսզի զինք պաշտէին իբր ազատ ու հոգեւորապէս մաքուր ժողովուրդ մը։ Բայց Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան բնակիչները չարութիւնը չէին ատեր ու բարութիւնը չէին սիրեր։ Փոխարէն, անոնք կուռքերուն փառք կու տային, եւ ո՛չ թէ՝ Եհովա Աստուծոյ։ Ի՜նչ ամօթ բան։

Եհովա Հաշիւ կը Պահանջէ

18. Եհովա մեզ ինչո՞ւ հոգեւորապէս ազատագրած է։

18 Աստուած Իսրայելացիներուն ամօթալի վարքը պիտի չանտեսէր։ Ան իր կեցուածքը բացայայտ դարձուց, երբ ըսաւ. «Ձեր բոլոր անօրէնութիւններուն համար ձեզ պիտի պատժեմ»։ (Ամովսայ 3։2) Այս խօսքը կը մղէ մեզ որ խոկանք արդի Եգիպտոսի՝ ներկայ իրերու ամբարիշտ դրութեան՝ գերութենէն մեր ազատագրութեան վրայ։ Եհովա մեզ հոգեւորապէս ազատագրած է, որպէսզի ո՛չ թէ անձնասէր նպատակակէտեր հետապնդենք, այլ սրտանց փառաբանենք զինք իբր ազատ ժողովուրդ, որ մաքուր պաշտամունք կը մատուցանէ։ Եւ իւրաքանչիւրս հաշիւ պիտի տանք թէ մեր աստուածատուր ազատութիւնը ի՛նչպէս կը գործածենք։—Հռովմայեցիս 14։12

19. Ամովսայ 4։4, 5–ի համաձայն, Իսրայելացիներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչ սիրած էր։

19 Դժբախտաբար, Իսրայէլի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը Ամովսի զօրաւոր պատգամը անտեսեց։ Ամովսայ 4։4, 5–ի մէջ, անոնց հոգեւորապէս հիւանդ սիրտի վիճակը քօղազերծելով, մարգարէն ըսաւ. «Բեթէլ եկէ՛ք ու յանցանք գործեցէ՛ք, Գաղգաղայի մէջ յանցանք ընելը շատցուցէ՛ք, . . . քանզի այսպէս սիրեցիք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ»։ Իսրայելացիները պատշաճ ցանկութիւններ չէին մշակած։ Անոնք իրենց սիրտերը չէին պահպանած։ Որպէս արդիւնք, մեծամասնութիւնը սկսած էր չարութիւնը սիրել ու բարութիւնը ատել։ Այդ յամառ հորթապաշտները չփոխուեցան։ Եհովա հաշիւ պիտի պահանջէր, եւ անոնք իրենց մեղաւոր վիճակին մէջ պիտի մեռնէին։

20. Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ Ամովսայ 5։4–ի խօսքին անսալ։

20 Այն ատեն Իսրայէլի մէջ ապրողի մը համար, Եհովայի հաւատարիմ մնալը դիւրին չէր։ Դիւրին չէ հոսանքին դէմ լողալ, ինչպէս լաւ գիտեն այժմու Քրիստոնեաները՝ պատանի թէ տարեց։ Այսուհանդերձ Աստուծոյ հանդէպ սէրը եւ զինք հաճեցնելու փափաքը մղեցին կարգ մը Իսրայելացիներ որ ճշմարիտ պաշտամունքին հետեւին։ Եհովա անոնց ջերմ հրաւէր ուղղեց, ինչպէս արձանագրուած է Ամովսայ 5։4–ի մէջ. «Զիս փնտռեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք»։ Այսօր, Աստուած նոյնպէս կ’ողորմի անոնց որ կը զղջան ու զինք կը փնտռեն, իր Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը ստանալով, ապա իր կամքը կատարելով։ Այս ընթացքին հետամուտ ըլլալը դիւրին չէ, բայց ասիկա ընելը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։—Յովհաննու 17։3

Բարգաւաճութիւն՝ Հակառակ Հոգեւոր Սովի

21. Ճշմարիտ պաշտամունքին չհետեւողները ի՞նչպիսի սովէ կը տառապին։

21 Ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք չկանգնողներուն ի՞նչ կը սպասէր։ Սովի ամենավատ տեսակը,– հոգեւոր սովը։ «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ, ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ, այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը»։ (Ամովսայ 8։11) Քրիստոնեայ Աշխարհը այսպիսի հոգեւոր սովէ կը տառապի։ Բայց անոր մէջ գտնուող արդարամիտ անհատներ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր բարգաւաճութիւնը տեսնելով, դէպի Եհովայի կազմակերպութիւնը կը խուժեն։ Եհովայի հետեւեալ խօսքերը կը հակադրեն Քրիստոնեայ Աշխարհի կացութիւնը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն կացութեան հետ. «Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն, բայց դուք անօթի պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն, բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, բայց դուք պիտի ամչնաք»։—Եսայեայ 65։13

22. Ցնծալու ի՞նչ պատճառ ունինք։

22 Եհովայի ծառաներն ըլլալով, անձամբ կը գնահատե՞նք մեր ունեցած հոգեւոր հայթայթումներն ու օրհնութիւնները։ Երբ Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական գրականութիւնները կ’ուսումնասիրենք ու մեր ժողովքային հանդիպումներուն եւ համաժողովներուն ներկայ կը գտնուինք, արդարեւ կ’ուզենք ցնծալ, քանի որ սիրտի լաւ վիճակ մը կը վայելենք։ Կը հրճուինք, քանի որ Աստուծոյ Խօսքին յստակ հասկացողութիւնը ունինք, ի ներառեալ Աստուծմէ ներշնչուած Ամովսի մարգարէութիւնը։

23. Աստուած փառաւորողները ի՞նչ կը վայելեն։

23 Աստուած սիրող ու իրեն փառք տալ ուզող բոլոր անհատներուն համար, Ամովսի մարգարէութիւնը յոյսի պատգամ կը բովանդակէ։ Մեր ներկայ տնտեսական վիճակը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կամ այս տագնապալից աշխարհին մէջ ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւելու ըլլանք, մենք որ Աստուած կը սիրենք, աստուածային օրհնութիւններ ու լաւագոյն հոգեւոր ուտելիքը կը վայելենք։ (Առակաց 10։22. Մատթէոս 24։45-47) Ուստի ամբողջ փառքը կ’երթայ Աստուծոյ, որ ամէն բան առատօրէն կը հայթայթէ մեր օգտին համար։ Արդ, թող վճռենք՝ յաւիտեան սրտանց փառաբանել զինք։ Ասիկա պիտի ըլլայ մեր ուրախ առանձնաշնորհումը, եթէ սիրտերը Քննող Եհովան փնտռենք։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ամովսի օրերուն Իսրայէլի մէջ ի՞նչպիսի վիճակներ կը տիրէին։

• Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան կացութիւնը ներկայիս ի՞նչ զուգահեռութիւն ունի։

• Նախագուշակուած ի՞նչ սով այսօր գոյութիւն ունի, իսկ որո՞նք անկէ չեն ազդուած։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Իսրայելացիներէն շատեր ճոխ կեանք մը կը վարէին, բայց հոգեւոր բարգաւաճութիւն չէին վայելեր