Վախէ զերծ աշխարհի մը կը տենչա՞ս
Վախէ զերծ աշխարհի մը կը տենչա՞ս
«Կ’ապրինք ‘երկարատեւ, շատ վտանգաւոր եւ ... անօգնական վիճակի մը մէջ’, որ հետեւանքն է ‘լաւ չսահմանուած ... վտանգի մը, որ կրնայ որեւէ ատեն եւ որեւէ կերպով հարուածել, առանց ազդարարութեան’»։
ԱՅՍ խօսքերը որ անցեալ տարի պարբերաթերթ մը (Newsweek) մէջբերեց, կը դրսեւորեն ներկայ խռովեալ աշխարհի մէջ ապրող շատերուն զգացումները։ Յիսուս Քրիստոս ցոյց տուաւ թէ այսպիսի զգացումներ մօտ ապագային պիտի սաստկանան։ Ան նախագուշակեց ժամանակ մը, երբ ազգերը վարանումով պիտի կսկծէին ու մարդոց սիրտերը պիտի նուաղէին իրենց վախէն եւ երկրագունդին վրայ եկող բաներուն սպասելէն։ Սակայն մենք վախնալու կամ անօգնական զգալու պատճառ մը պիտի չունենանք, քանի որ Յիսուս աւելցուց. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։—Ղուկաս 21։25-28
Այդ ազատագրութենէն ետք, երկրագունդին վրայ իր ժողովուրդին ապրած պայմանները նկարագրելով, Եհովա Աստուած ըսաւ. «Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ ու ապահով վրաններու մէջ եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի»։ (Եսայեայ 32։18) Իր Միքիա մարգարէին միջոցով, Եհովա ըսաւ. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։—Միքիայ 4։4
Անիկա ներկայ կեանքին ճի՛շդ հակապատկերն է։ Անծանօթ վտանգ մը պիտի չսպառնայ մարդկութեան։ Երկարատեւ, վտանգաւոր ու անօգնական վիճակի մը փոխարէն, խաղաղութեան ու երջանկութեան անվերջ վիճակ մը պիտի տիրէ։