Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զաւակներդ ի՛նչպէս պաշտպանել աստուածային իմաստութեամբ

Զաւակներդ ի՛նչպէս պաշտպանել աստուածային իմաստութեամբ

Զաւակներդ ի՛նչպէս պաշտպանել աստուածային իմաստութեամբ

ԱՄԷՆ օր մեր մարմինը պատերազմի մէջ է։ Ան պէտք է պայքարի բազմաթիւ մանրէներու, մակաբոյծներու եւ ժահրերու դէմ։ Բարեբախտաբար, մեծամասնութիւնս ախտազերծական դրութիւն մը ժառանգած ենք, որ մեզ այսպիսի յարձակումներէ կը պաշտպանէ ու թոյլ չի տար որ վարակիչ հիւանդութիւններու զոհ դառնանք։

Նոյն կերպով, Քրիստոնեաները պէտք է պայքարին անաստուածաշնչական մտածելակերպի ու արժանիքներու դէմ եւ մեր հոգեւոր առողջութեան սպառնացող ճնշումներու դէմ։ (Բ. Կորնթացիս 11։3) Մեր միտքին ու սիրտին վրայ կատարուած այս առօրեայ յարձակումին դիմադրելու համար, հոգեւոր պաշտպանութիւն պէտք է մշակենք։

Մեր զաւակները յատկապէս այս պաշտպանութեան կարիք ունին, քանի որ բնածին հոգեւոր պաշտպանութիւն չունին, որ կրնայ աշխարհի հոգիին դիմադրել։ (Եփեսացիս 2։2) Մինչ երախաները կը մեծնան, կենսական է որ ծնողներ անոնց օգնեն իրենց անձնական պաշտպանութիւնը մշակելու։ Այս պաշտպանութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ է։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, . . . ու իր սուրբերուն ճամբան [պիտի] պահէ»։ (Առակաց 2։6, 8) Աստուածային իմաստութիւնը կրնայ դեռատիներուն ճամբան պահպանել, որոնք այլապէս կրնան վնասակար ընկերակցութեան, շրջապատի ճնշումին կամ վատառողջ ժամանցներու տեղի տալ։ Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Եհովայի առաջնորդութեան հետեւիլ եւ իրենց զաւակները աստուածային իմաստութեամբ օժտել։

Շինիչ Ընկերակցութիւն Փնտռել

Հասկնալի է որ դեռատիներ ուրիշ դեռատիներու ընկերակցութենէն կ’ախորժին, բայց բացարձակապէս անփորձներու հետ ընկերակցիլը պիտի չնպաստէ աստուածային իմաստութիւն ձեռք ձգելու։ «Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է», կը զգուշացնէ առակը։ (Առակաց 22։15) Ուստի կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն ի՞նչպէս օգնած են որ ընկերակցութեան հարցին մէջ աստուածային իմաստութիւն գործադրեն։

Տոն * անունով հայր մը ըսաւ. «Մեր տղաքը իրենց տարեկիցներուն հետ բաւական ժամանակ կ’անցընէին, բայց այս ժամանակին մեծ մասը մեր տան մէջ եւ մեր ներկայութեան կ’ըլլար։ Մեր տունը միշտ բաց էր պատանիներուն. անոնց բարի գալուստ կը մաղթէինք ու զանոնք կը հիւրասիրէինք։ Աղմուկին եւ իրարանցումին կը հանդուրժէինք, քանի որ կ’ուզէինք մեր զաւակներուն ապահով միջավայր հայթայթել, ուր կրնային հաճելի ժամանակ անցընել»։

Պրայըն եւ Մէրի երեք զաւակներ ունին, բայց կը խոստովանին թէ զանոնք մարզելը միշտ դիւրին չէ եղած։ Անոնք ըսին. «Մեր ժողովքին մէջ, մեր դուստրին՝ Ճէյնի տարեկից պատանուհիները փոքրաթիւ էին։ Բայց ան Սուզան անունով ընկերուհի մը ունէր, որ ընկերային ու զուարթ պատանուհի մըն էր։ Անոր ծնողքը մեզմէ աւելի ազատամիտ էին։ Անոնք կ’արտօնէին որ Սուզանը ուշ տուն գայ, կարճ փէշ հագնի, առարկելի երաժշտութիւն ունկնդրէ եւ անպատշաճ շարժապատկերներ դիտէ։ Երկար ատեն Ճէյն մեր տեսակէտը հասկնալու դժուարութիւն ունեցաւ։ Ան սեպեց Սուզանի ծնողքը աւելի հասկացող, իսկ մեզ՝ շատ խիստ։ Երբ Սուզան հոգեւոր ու բարոյական խնդիրներու մէջ ինկաւ, միայն այն ատեն Ճէյն անդրադարձաւ որ մեր հաստատամտութիւնը զինք պաշտպանած էր։ Շատ ուրախ ենք որ մեր կեցուածքին մէջ չտկարացանք եւ ըրինք այն բանը որ մեր աղջկան համար շիտակ կը տեսնէինք»։

Ճէյնի նման բազմաթիւ դեռատիներ սորված են ընկերակցութեան հարցին մէջ իրենց ծնողքին ուղղութեան հետեւելուն իմաստութիւնը։ «Կեանքի յանդիմանութիւնը լսող ականջը իմաստուններուն մէջ պիտի բնակի», կ’ըսէ առակը։ (Առակաց 15։31) Աստուածային իմաստութիւնը դեռատիները կ’առաջնորդէ որ շինիչ բարեկամներու ընկերակցութիւնը փնտռեն։

Համակերպելու Ճնշումին Հետ Գլուխ Ելլել

Շրջապատի ճնշումը սերտօրէն առնչուած է ընկերակցութեան։ Համակերպելու ճնշումը ամէն օր կը յարձակի մեր զաւակներուն պաշտպանութեան վրայ։ Որովհետեւ դեռատիները սովորաբար կ’ուզեն իրենց տարեկիցներուն կողմէ ընդունելի ըլլալ, շրջապատի ճնշումը կրնայ զանոնք այնպէս մը կաղապարել, որ աշխարհի աչքին փափաքելի նկատուին։—Առակաց 29։25

Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ թէ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ»։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Ուստի ծնողներ թոյլ պէտք չէ տան որ իրենց զաւակները աշխարհի տեսակէտներէն չափազանց ազդուին։ Անոնք ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ քրիստոնէական կերպով մտածեն։

«Աղջիկս միշտ կ’ուզէր ուրիշ պատանուհիներու պէս հագնիլ», ըսաւ Ռիչըրտ։ «Ուստի համբերութեամբ անոր հետ պատճառաբանեցինք իր իւրաքանչիւր խնդրանքին օգուտներուն ու վնասներուն մասին։ Իսկ նոյնիսկ անառարկելի նորաձեւութիւններուն նկատմամբ, հետեւեցանք քանի մը տարի առաջ մեր լսած խրատին՝ ‘Իմաստուն է այն անհատը որ չ’ըլլար առաջին անձը որ նորաձեւութիւն մը կ’որդեգրէ, ո՛չ ալ վերջին անձը որ անկէ կը հրաժարի’»։

Փօլին անունով մայր մը տարբեր կերպով շրջապատի ճնշումին դէմ դրաւ։ Ան մտաբերեց. «Զաւակներուս հետաքրքրութիւններով հետաքրքրուեցայ եւ կանոնաւորաբար անոնց սենեակը գացի՝ իրենց հետ խօսակցելու համար։ Այս երկար խօսակցութիւններուն շնորհիւ կրցայ անոնց գաղափարները ձեւաւորել ու անոնց օգնել որ հարցերը տարբեր անկիւններէ դիտեն»։

Շրջապատի ճնշումը պիտի չանհետանայ, ուստի հաւանական է որ ծնողներ յարատեւ պայքար մղեն աշխարհային ‘խորհուրդները քակելու’ եւ իրենց զաւակներուն օգնելու որ իրենց միտքերը ‘գերի ընեն ու Քրիստոսին հնազանդեցնեն’։ (Բ. Կորնթացիս 10։5) ‘Ստէպ աղօթքի կենալով’, ծնողներ ու զաւակներ պիտի զօրանան այս կենսական գործը ամբողջացնելու համար։—Հռովմայեցիս 12։12. Սաղմոս 65։2

Ժամանցի Զօրաւոր Հրապոյրը

Ժամանցը երրորդ ազդեցութիւն մըն է, որուն հետ գլուխ ելլելը կրնայ ծնողներու աչքին դժուար թուիլ։ Բնական է որ երախաները կը սիրեն խաղալ։ Բազմաթիւ դեռատիներ ալ կը սիրեն ժամանցը։ (Բ. Տիմոթէոս 2։22) Բայց եթէ այս փափաքին անխոհեմ կերպով գոհացում տրուի, անիկա կրնայ անոնց հոգեւոր պաշտպանութիւնը խորտակել։ Վտանգը գլխաւորաբար երկու կերպով կու գայ։

Առաջին, ժամանցներուն մեծ մասը աշխարհի բարոյական ստորին չափանիշները կ’արտացոլացնէ։ (Եփեսացիս 4։17-19) Այսուհանդերձ անիկա միշտ ոգեւորիչ ու գրաւիչ կերպով կը ներկայացուի, դեռատիներուն իսկական վտանգ մը ըլլալով, որոնք թերեւս չըմբռնեն պարփակուած թակարդները։

Երկրորդ, ժամանցի յատկացուած ժամանակն ալ կրնայ խնդիրներ յարուցանել։ Ոմանց համար հաճելի ժամանակ անցընելը կրնայ կեանքի մէջ ամենակարեւոր բանը դառնալ, չափազանց շատ ժամանակ ու կորով վատնելով։ Առակը կը զգուշացնէ. «Շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ»։ (Առակաց 25։27) Նմանապէս, չափազանց ժամանցը կրնայ հոգեւոր սնունդին հանդէպ մեր ախորժակը տկարացնել եւ մտային ծուլութեան առաջնորդել։ (Առակաց 21։17. 24։30-34) Աշխարհը լիովին վայելելը կրնայ արգելք հանդիսանալ որ դեռատիներ «յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն» Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19) Ծնողներ այս դժուարութեան հետ ի՞նչպէս գլուխ ելած են։

Երեք աղջիկներու մայր՝ Մարի Գարմէն, ըսաւ. «Ուզեցինք որ մեր աղջիկները առողջ ժամանց վայելեն։ Ուստի կանոնաւորաբար ընտանեօք պտոյտի կ’երթայինք, եւ ժողովքին մէջ իրենց բարեկամներուն հետ ալ ժամանակ կ’անցընէին։ Բայց միշտ ժամանցը իր տեղը պահեցինք։ Զայն կը նմանցնէինք ճաշէն ետք հրամցուած աղանդերին,– համով է՝ բայց ճաշին տեղը չ’առներ։ Անոնց սորվեցուցինք աշխատասէր ըլլալ տան, դպրոցին եւ ժողովքին մէջ»։

Տոն եւ Հռութ ալ ժամանցը դիպուածի չձգեցին։ Անոնք բացատրեցին. «Սովորութիւն դարձուցինք Շաբաթ օրը ‘ընտանեկան օր’ նկատել։ Կէսօրէ առաջ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցէինք, կէսօրէ ետք լողալու կ’երթայինք, ապա մասնայատուկ ընթրիք կ’ունենայինք»։

Այս ծնողներուն ըսածները ցոյց կու տան թէ որքա՜ն կարեւոր է հաւասարակշռուած ըլլալ, օգտակար ժամանց հայթայթելով եւ պահելով զայն իր պատշաճ տեղը Քրիստոնեային կեանքին մէջ։—Ժողովողի 3։4. Փիլիպպեցիս 4։5

Եհովայի Վստահեցէք

Անշուշտ հոգեւոր պաշտպանութիւն մշակելը երկար տարիներ կ’առնէ։ Հրաշալի դեղ մը չկայ որ կրնայ աստուածային իմաստութիւն տալ, երախաները մղելով որ երկնաւոր Հօր վստահին։ Փոխարէն, ծնողներ պէտք է մեծցնեն զանոնք «Տէրոջ կրթութեամբ ու խրատով»։ (Եփեսացիս 6։4, ԱՎ) Երախաներուն յարատեւաբար օգնութիւն պէտք է տրուի որ հարցերը Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտեն։ Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան ասիկա իրագործել։

Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը յաջողութեան բանալիներէն մէկն է։ Ուսումնասիրութիւնը ‘երախաներուն աչքերը կը բանայ, որպէսզի Աստուծոյ օրէնքէն սքանչելիքներ տեսնեն’։ (Սաղմոս 119։18) Տիէկօ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը շատ լուրջի առաւ եւ այսպէս իր զաւակներուն օգնեց որ Եհովայի մօտենան։ «Ուսումնասիրութեան համար լիակատար պատրաստութիւն կը տեսնէի», ըսաւ ան։ «Աստուածաշնչական գրականութիւնները պրպտելով, սորվեցայ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւնները կենդանացնել։ Զաւակներս քաջալերեցի որ նմանութիւններ գտնեն իրենց կեանքին ու հաւատարիմներուն կեանքին միջեւ։ Ասիկա զաւակներուս վառ կերպով վերյիշեցուց թէ Եհովա ի՛նչ բանի կը հաճի»։

Երախաները կը սորվին նաեւ անպաշտօն կերպով։ Մովսէս ծնողները յորդորեց որ Եհովայի վերյիշեցումներուն մասին խօսին, ‘երբ իրենց տունը նստած են, երբ ճամբան կը քալեն, երբ կը պառկին կամ երբ կ’ելլեն’։ (Բ. Օրինաց 6։7) Հայր մը բացատրեց. «Տղաս իր սիրտը բանալու եւ իր զգացումները արտայայտելու համար ժամանակ կ’ուզէ։ Երբ քալելու երթանք կամ միասին գործ մը ընենք, ան կը սկսի իր սիրտը պարպել։ Այս առիթներուն լաւ խօսակցութիւն կ’ունենանք, որ երկուքիս ալ կ’օգտէ»։

Ծնողներուն աղօթքներն ալ իրենց զաւակներուն վրայ խոր տպաւորութիւն կը ձգեն։ Երբ զաւակներ լսեն իրենց ծնողներուն, որ խոնարհաբար Աստուծոյ կը մօտենան ու իրմէ օգնութիւն ու ներում կը խնդրեն, ասիկա զիրենք կը մղէ որ ‘հաւատան թէ Աստուած կայ’։ (Եբրայեցիս 11։6) Յաջող ծնողներ կը շեշտեն ընտանեկան աղօթքներուն կարեւորութիւնը, մէջը ըլլալով՝ դպրոցական եւ զաւակները մտահոգող հարցերու շուրջ մատուցուած աղօթքները։ Հայր մը ըսաւ թէ իր կինը միշտ զաւակներուն հետ կ’աղօթէ, անոնք դպրոց մեկնելէն առաջ։—Սաղմոս 62։8. 112։7

«Բարիք Գործելէն Չձանձրանանք»

Բոլոր ծնողները սխալներ կ’ընեն եւ որոշ պարագաներ ձեռք առնելու կերպին նկատմամբ կրնան զղջալ։ Այսուհանդերձ Աստուածաշունչը կը յորդորէ որ շարունակենք փորձել եւ «բարիք գործելէն չձանձրանանք»։—Գաղատացիս 6։9

Սակայն երբեմն ծնողներ կը զգան թէ այլեւս չեն կրնար շարունակել, մանաւանդ երբ իրենց զաւակներուն չհասկնան։ Դիւրին է եզրակացնել թէ նոր սերունդը տարբեր ու դժուար է։ Բայց իրականութեան մէջ, նոր սերունդը նախկին սերունդներուն ունեցած նոյն տկարութիւնները ունի եւ նոյն փորձութիւնները կը դիմագրաւէ, թէեւ մեղանչելու ճնշումը աւելցած է։ Հայր մը իր տղան սրբագրելէ ետք, իր խօսքերը մեղմացուց՝ ազնուօրէն ըսելով. «Սիրտդ կ’ուզէ ընել ի՛նչ որ սիրտս ուզեց ընել, երբ քու տարիքդ ունէի»։ Թէեւ ծնողներ համակարգիչի մասին շատ բան կրնան չգիտնալ, սակայն անոնք անկատար հակումներուն մասին ամէն բան գիտեն։—Մատթէոս 26։41. Բ. Կորնթացիս 2։11

Թերեւս կարգ մը երախաներ իրենց ծնողքին ուղղութեան շուտով չեն ընդառաջեր եւ նոյնիսկ իրենց ստացած կրթութեան դէմ կ’ըմբոստանան։ Սակայն, անգամ մը եւս, համբերատարութիւնը կենսական է։ Անոնք սկիզբը կը դժկամին ու երբեմն կ’ընդդիմանան, բայց շատեր վերջ ի վերջոյ կ’ընդառաջեն։ (Առակաց 22։6. 23։22-25) Մէթիու, այժմ Եհովայի Վկաներու մէկ մասնաճիւղին մէջ ծառայող երիտասարդ մը, ըսաւ. «Երբ պատանի էի, կը զգայի թէ ծնողքիս դրած արգելքները անարդար էին։ Ես ինծի հարց կու տայի որ, եթէ բարեկամիս ծնողքը բան մը կ’արտօնեն, ինչո՞ւ ծնողքս չեն արտօներ զայն։ Իսկ իրապէս կը նեղուէի, երբ զիս պատժէին, թոյլ չտալով որ նաւարկեմ,– բան մը որ շատ կը սիրէի։ Սակայն յետադարձ ակնարկ նետելով, կ’անդրադառնամ որ ծնողքիս տուած կրթութիւնը թէ՛ ազդու եւ թէ անհրաժեշտ էր։ Երախտապարտ եմ որ անոնք ինծի հարկ եղած ուղղութիւնը տուին, երբ անոր կարիք ունէի»։

Թէեւ մեր զաւակները երբեմն ստիպուած են վատառողջ հոգեւոր միջավայրի մէջ գտնուիլ, սակայն կասկած չկայ որ անոնք տակաւին կրնան մեծնալ ու ընտիր Քրիստոնեաներ ըլլալ։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կը խոստանայ, աստուածային իմաստութիւնը կրնայ հոգեւոր պաշտպանութիւն հայթայթել անոնց։ «Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ, խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։ Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն»։—Առակաց 2։10-12

Զաւակ մը արգանդին մէջ ինը ամիս կրելը դիւրին բան մը չէ։ Իսկ յաջորդ 20 տարիները կրնան ցաւերով ու երջանկութեամբ լեցուն ըլլալ։ Բայց քանի որ Քրիստոնեայ ծնողներ իրենց զաւակները կը սիրեն, անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ աստուածային իմաստութեամբ զանոնք պաշտպանեն։ Անոնք իրենց զաւակներուն հանդէպ կը զգան ինչպէս տարեց Յովհաննէս առաքեալ զգաց իր հոգեւոր զաւակներուն հանդէպ. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։—Գ. Յովհաննու 4

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Նկար՝ էջ 18]

«Մեր տունը միշտ բաց էր պատանիներուն»

[Նկար՝ էջ 19]

Ձեր զաւակներուն հետաքրքրութիւններով հետաքրքրուեցէք

[Նկարներ՝ էջ 20]

«Ուսումնասիրութեան համար լիակատար պատրաստութիւն կը տեսնէի»