Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճաշի ժամանակը՝ մի՛այն ուտելու ժամանակ չէ

Ճաշի ժամանակը՝ մի՛այն ուտելու ժամանակ չէ

Ճաշի ժամանակը՝ մի՛այն ուտելու ժամանակ չէ

ԱՄԷՆ ոք համով ճաշէն հաճոյք կ’առնէ։ Իսկ երբ անոր ընկերանայ շինիչ խօսակցութիւն եւ ջերմ ընկերակցութիւն սիրելի անհատներու հետ, անիկա բերկրալի առիթ մը կը դառնայ, որ անօթութիւնը անցընելէն աւելին կ’իրագործէ։ Բազմաթիւ ընտանիքներու սովորութիւնն է՝ ամէն օր առնուազն մէկ անգամ միասին ճաշել։ Ճաշի ժամանակը ընտանիքին պատեհութիւն կու տայ որ խօսակցին օրուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն կամ ծրագիրներուն մասին։ Իրենց զաւակներուն մեկնաբանութիւններուն եւ արտայայտութիւններուն ականջ տալով, ծնողները գաղափար կը կազմեն անոնց մտածումին եւ զգացումներուն մասին։ Ժամանակի ընթացքին, այս ուրախ ու հանգիստ ընկերակցութիւնը կը զարգացնէ ընտանիքին մէջ ապահովութեան, վստահութեան ու սիրոյ զգացում մը, որ ընտանիքին կայունութեան կը նպաստէ։

Ներկայիս, ընտանիքի անդամներէն շատեր միշտ զբաղած ու խճողուած ըլլալով, անոնք միասնաբար ճաշ մը ուտելը դժուար կը գտնեն։ Աշխարհի կարգ մը շրջաններու մէջ, տեղական սովորութիւնները չեն արտօներ որ ընտանիքը միասնաբար ճաշեն կամ ճաշի ընթացքին խօսակցին։ Իսկ ընտանիքներէն ոմանք սովորաբար ճաշի ժամանակ հեռատեսիլ կը դիտեն, իմաստալից հաղորդակցութիւն չունենալով։

Սակայն Քրիստոնեայ ծնողները միշտ պատեհութիւններ կը փնտռեն իրենց ընտանիքը կերտելու համար։ (Առակաց 24։27) Շատոնց ծնողներուն ըսուած էր որ Աստուծոյ խօսքը իրենց զաւակներուն հաղորդելու լաւագոյն մէկ առիթն էր երբ ‘տան մէջ նստած’ ըլլային։ (Բ. Օրինաց 6։7) Կանոնաւորաբար միասին ճաշի նստիլը, ծնողներուն մասնայատուկ առիթ կ’ընծայէ որ իրենց զաւակներուն մէջ Եհովայի եւ իր արդար սկզբունքներուն հանդէպ խոր սէր կերտեն։ Ուրախ եւ հանդարտ մթնոլորտ ստեղծելով, դուն ալ կրնաս ճաշի ժամանակը ընտանիքիդ համար հաճոյալի ու շինիչ փորձառութիւն դարձնել։ Այո, ճաշի ժամանակը մի՛այն ուտելու ժամանակ թող չըլլայ։