Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Միացած՝ Աստուծոյ սիրով

Միացած՝ Աստուծոյ սիրով

Միացած՝ Աստուծոյ սիրով

ԵՐԲ Հ.Դ. առաջին դարուն քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ, անոր աչքառու յատկանիշներէն մէկն էր միութիւնը։ Ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուները ասիական, եւրոպական ու Ափրիկեան երկիրներէն էին։ Անոնք զանազան ենթահողեր ունէին,– քահանաներ, զինուորներ, ստրուկներ, ապաստանեալներ, արհեստաւորներ, արհեստագէտներ ու վաճառականներ։ Ոմանք Հրեայ էին, իսկ ուրիշներ՝ հեթանոս։ Շատեր անցեալին շնացող, միասեռական, գինեմոլ, գող կամ յափշտակող եղած էին։ Այսուհանդերձ, երբ Քրիստոնեայ դարձան, անոնք իրենց գէշ սովորութիւնները լքեցին եւ հաւատքին մէջ սերտօրէն միացան։

Ի՞նչ բան առաջին դարու Քրիստոնէութիւնը կարող դարձուց այս բոլոր մարդիկը միացնելու։ Անոնք ինչո՞ւ իրարու եւ ընդհանուր մարդոց հետ խաղաղութիւն կը վայելէին։ Անոնք ինչո՞ւ յեղափոխութիւններու եւ պայքարներու չմասնակցեցան։ Նախկին Քրիստոնէութիւնը ինչո՞ւ ներկայ գլխաւոր կրօնքներէն ա՛յսքան տարբեր էր։

Ի՞նչ Բան Ժողովքի Անդամները Միացուց

Առաջին դարու Քրիստոնեաները միացնող գլխաւոր ազդակը՝ Աստուծոյ սէրն էր։ Անոնք ընդունեցին թէ իրենց գլխաւոր պարտաւորութիւնն էր ճշմարիտ Աստուածը սիրել բոլոր սրտով, հոգիով եւ միտքով։ Օրինակ, Հրեայ եղող Պետրոս առաքեալին պատուէր տրուեցաւ որ օտարազգիի մը տունը երթայ, որուն հետ սովորաբար սերտ յարաբերութիւն պիտի չունենար։ Ան այս պատուէրին հնազանդեցաւ, քանի որ Եհովայի հանդէպ սէր ունէր։ Պետրոս եւ այլ նախկին Քրիստոնեաներ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն կը վայելէին, որ հիմնուած էր ճշգրիտ գիտութեան վրայ,– Անոր անձնաւորութեան, սիրած ու չսիրած բաներուն մասին։ Ժամանակի ընթացքին բոլոր երկրպագուները հասկցան թէ Եհովայի կամքն է որ ‘մէկ միտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլան’։—Ա. Կորնթացիս 1։10. Մատթէոս 22։37. Գործք 10։1-35

Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը նաեւ հաւատացեալները միացուց։ Անոնք ուզեցին սերտօրէն անոր քայլերուն հետեւիլ։ Ան պատուիրած էր անոնց. ‘Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի . . . ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք’։ (Յովհաննու 13։34, 35) Ասիկա մակերեսային զգացում պէտք չէր ըլլար, այլ՝ անձնազոհ սէր։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Յիսուս իրեն հաւատք ընծայողներուն նկատմամբ աղօթեց. ‘Անոնց համար կ’աղաչեմ . . . որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան’։—Յովհաննու 17։20, 21. Ա. Պետրոս 2։21

Եհովա իր ճշմարիտ ծառաներուն վրայ իր սուրբ հոգին կամ գործօն ոյժը թափեց։ Այս հոգին անոնց միութեան նպաստեց։ Անիկա կարելի դարձուց որ Աստուածաշունչի ուսուցումները հասկնան ինչպէս որ բոլոր ժողովքները ընդունած են։ Եհովայի երկրպագուները նոյն պատգամը քարոզեցին,– Եհովայի անունին սրբացումը Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան միջոցով, երկնային կառավարութիւն մը՝ որ բոլոր մարդկութեան վրայ պիտի իշխէ։ Նախկին Քրիստոնեաները ըմբռնած էին իրենց պարտաւորութիւնը որ ‘այս աշխարհէն չըլլան’։ Ուստի, երբ քաղաքացիական խռովութիւններ կամ զինուորական պայքարներ կը ծագէին, Քրիստոնեաները չէզոք կը մնային։ Անոնք ջանացին ամենուն հետ խաղաղութեան մէջ ըլլալ։—Յովհաննու 14։26. 18։36. Մատթէոս 6։9, 10. Գործք 2։1-4. Հռովմայեցիս 12։17-21

Բոլոր հաւատացեալները միութեան նպաստելու իրենց պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէին։ Ի՞նչպէս։ Վստահ ըլլալով որ իրենց վարքը Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ էր։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաներուն գրեց. ‘Ձեր վրայէն հանեցէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագէք’։—Եփեսացիս 4։22-32

Միութիւնը Պահպանուեցաւ

Անշուշտ առաջին դարու հաւատացեալները անկատար էին, եւ իրենց միութեան սպառնացող պարագաներ ծագեցան։ Օրինակ, Գործք Առաքելոց 6։1-6–ը կը պատմէ թէ յունախօս եւ եբրայախօս Հրեայ Քրիստոնեաներու միջեւ վէճ սկսաւ։ Յունախօս Հրեաները կը զգային թէ իրենց հանդէպ աչառութիւն կը ցուցաբերուէր։ Սակայն առաքեալները արագօրէն ու արդարօրէն հարցը լուծեցին։ Հետագային, քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոչ–Հրեաներու պարտաւորութիւններուն վերաբերեալ վարդապետական հարց մը տարակարծութեան դուռ բացաւ։ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հիման վրայ որոշում մը կայացուեցաւ, եւ բոլո՛ր ժողովքները զայն ընդունեցին։—Գործք 15։1-29

Այս օրինակները ցոյց կու տան թէ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ տարակարծութիւնները էթնիքական պառակտումներու կամ վարդապետական անմիաբանութեան չառաջնորդեցին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ միացնող ազդակները,– Եհովայի հանդէպ սէր, Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատք, իրարու հանդէպ անձնուրաց սէր, սուրբ հոգիին առաջնորդութիւնը ընդունիլ, Աստուածաշունչի ուսուցումներու հասարակաց հասկացողութիւն, եւ վարքը փոխելու պատրաստակամութիւն,– բաւարար զօրութիւն ունէին նախկին ժողովքը միութեան եւ խաղաղութեան մէջ պահելու։

Պաշտամունքի Մէջ Միացած՝ Արդի Ժամանակներուն

Ներկայիս կարելի՞ է նոյն կերպով միութիւն իրագործել։ Այս նոյն ազդակները տակաւին կրնա՞ն կրօնքի մը անդամները միացնել եւ զիրենք կարող դարձնել որ աշխարհի տարածքին բոլոր ցեղերուն հետ խաղաղութեան մէջ ըլլան։ Այո՛։ Եհովայի Վկաները միացած են համաշխարհային եղբայրութեան մը մէջ, որ աւելի քան 230 երկիրներու, կղզիներու եւ երկրամասերու մէջ տարածուած է։ Անոնք միացած են նոյն ազդակներուն միջոցով, որ առաջին դարու Քրիստոնեաները միացուցին։

Եհովայի Վկաներու վայելած միութեան նպաստող գլխաւոր ազդակը՝ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ անոնց սէրն է։ Ասիկա կը նշանակէ թէ անոնք կը ջանան իրեն հաւատարիմ ըլլալ բոլոր պայմաններուն ներքեւ։ Եհովայի Վկաները նաեւ հաւատք կ’ընծայեն Յիսուս Քրիստոսի եւ իր ուսուցումներուն։ Այս Քրիստոնեաները հաւատակիցներուն հանդէպ անձնուրաց սէր կը ցուցաբերեն, եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան նոյն բարի լուրը կը քարոզեն։ Անոնք յօժար սիրտով այս Թագաւորութեան մասին կը խօսին ամէն կրօնքի, ցեղի, ազգութեան ու ընկերային խաւի պատկանող մարդոց։ Եհովայի Վկաները նաեւ աշխարհի հարցերուն մէջ չէզոք դիրք կը պահեն, եւ ասիկա իրենց կ’օգնէ որ մարդկութիւնը պառակտող քաղաքական, մշակութային, ընկերային ու առեւտրական ճնշումներուն տոկան։ Բոլոր Վկաները միութեան նպաստելու իրենց պարտաւորութիւնը կ’ընդունին, Աստուածաշունչի չափանիշներուն հետ ներդաշնակ կեանք մը վարելով։

Միութիւնը Ուրիշները կը Հրապուրէ

Այս միութիւնը յաճախ Վկայ չեղողներու հետաքրքրութիւնը արթնցուցած է։ Իլզէ, * զոր օրինակ, ատեն մը Կաթողիկէ միանձնուհի էր Գերմանիայի մէկ վանքին մէջ։ Ի՞նչ բան զինք Եհովայի Վկաներուն քաշեց։ Իլզէ ըսաւ. «Անոնք ցարդ իմ հանդիպած լաւագոյն անհատներն են։ Անոնք պատերազմներու չեն մասնակցիր. մէկու մը վնաս չեն հասցներ։ Անոնք կ’ուզեն մարդոց օգնել որ դրախտային երկրի մը մէջ երջանիկ կեանք վայելեն, Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ»։

Կայ նաեւ նախկին Գերմանացի զինուոր մը՝ Կունթըր, որ Երկրորդ Աշխարհամարտին Ֆրանսա ղրկուած էր։ Օր մը Բողոքական կղեր մը Կունթըրի զօրախումբին այցելութիւն տուաւ։ Ան իր աղօթքին մէջ Աստուծմէ խնդրեց որ բանակը օրհնէ, պաշտպանէ ու յաղթանակ շնորհէ։ Արարողութենէն ետք, Կունթըր վերադարձաւ իր պահակութեան դիրքին։ Ան իր հեռադիտակով դիտեց պատերազմի դաշտին միւս կողմը դիրք բռնած թշնամի գունդերը, որոնք նոյնպէս կղերականի մը կատարած արարողութեան կը մասնակցէին։ Հետագային Կունթըր նշեց. «Հաւանաբար այդ կղերականն ալ Աստուծոյ կ’աղօթէր որ օրհնէ, պաշտպանէ ու յաղթանակ շնորհէ։ Հարց տուի թէ ի՞նչպէս կարելի է որ Քրիստոնեայ եկեղեցիներ նոյն պատերազմին մէջ իրարու թշնամի ըլլան»։ Այս տպաւորութիւնները Կունթըրի յիշողութեան մէջ փորագրուեցան։ Հետագային երբ Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ եկաւ, որոնք պատերազմներու չեն մասնակցիր, Կունթըր անոնց համաշխարհային եղբայրութեան մաս կազմեց։

Աշոք եւ Ֆիմա անցեալին Արեւելեան կրօնքի մը կը հետեւէին։ Իրենց տան մէջ չաստուածի մը նուիրուած սրբավայր ունէին։ Երբ լուրջ հիւանդութիւն մը ընտանիքը հարուածեց, անոնք իրենց կրօնքը քննութեան ենթարկեցին։ Երբ Եհովայի Վկաներու հետ զրոյցներ ունեցան, Աստուածաշունչի ուսուցումները եւ Վկաներուն միջեւ եղող սէրը Աշոքի ու Ֆիմայի վրայ լաւ տպաւորութիւն ձգեցին։ Այժմ անոնք Եհովայի Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրաբար կը ծանուցանեն։

Իլզէ, Կունթըր, Աշոք ու Ֆիմա միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներու հետ միութեան մէջ են որպէս աշխարհածաւալ եղբայրութիւն։ Անոնք կը հաւատան Աստուածաշունչի այն խոստումին թէ պաշտամունքի մէջ ներկայիս զիրենք միացնող ազդակները, շուտով պիտի միացնեն բոլոր հնազանդ մարդկութիւնը։ Այն ատեն, այլեւս կրօնքին անունով գազանային արարքներ, անմիաբանութիւն եւ բաժանումներ տեղի պիտի չունենան։ Ամբողջ աշխարհը պիտի միանայ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի պաշտամունքին մէջ։—Յայտնութիւն 21։4, 5

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 16 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Նկարներ՝ էջ 4]

Զանազան ենթահողերէ եկած ըլլալով հանդերձ, նախկին Քրիստոնեաները միացած էին