Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի ձգած օրինակին կառչինք

Յիսուսի ձգած օրինակին կառչինք

Յիսուսի ձգած օրինակին կառչինք

«Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք»։—Յովհաննու 13։15

1. Յիսուս ինչո՞ւ Քրիստոնեաներուն կողմէ ընդօրինակուելիք տիպար մըն է։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ պատմութեան մէջ, միայն մէ՛կ անհատ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին մեղք չէ գործած։ Ան Յիսուսն է։ Բացի Յիսուսէ, «մեղք չգործող մարդ չկայ»։ (Գ. Թագաւորաց 8։46. Հռովմայեցիս 3։23) Այս պատճառով ճշմարիտ Քրիստոնեաները Յիսուսը կը նկատեն ընդօրինակուելու արժանի կատարեալ տիպար մը։ Արդարեւ, Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ զինք ընդօրինակեն։ Ան ըսաւ. «Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք»։ (Յովհաննու 13։15) Այդ վերջին գիշերը, Յիսուս քանի մը կերպեր յիշեց, որոնցմով Քրիստոնեաները պէտք էր ջանային զինք ընդօրինակել։ Այս յօդուածին մէջ, անոնցմէ քանի մը հատը նկատի պիտի առնենք։

Խոնարհութեան Կարիքը

2, 3. Յիսուս ի՞նչ կերպերով խոնարհութեան կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։

2 Երբ Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց որ իր ձգած օրինակին հետեւին, ան յատկապէս կը խօսէր խոնարհութեան մասին։ Մէկէ աւելի առիթներով, ան իր հետեւորդները խրատեց որ խոնարհ ըլլան, իսկ Նիսան 14–ի գիշերը, ան իր խոնարհութիւնը ցոյց տուաւ՝ առաքեալներուն ոտքերը լուալով։ Ապա Յիսուս ըսաւ. «Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք»։ (Յովհաննու 13։14) Անկէ ետք, ան իր առաքեալներուն ըսաւ որ իր ձգած օրինակին հետեւին։ Իսկ խոնարհութեան իր օրինակը ի՜նչ հոյակապ էր։

3 Պօղոս առաքեալ մեզի կ’ըսէ թէ Յիսուս երկիր չեկած «Աստուծոյ կերպարանքը» ունէր։ Այսուհանդերձ ան իր անձը ունայնացուց եւ խոնարհ մարդ մը եղաւ։ Ասկէ աւելի, «ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ»։ (Փիլիպպեցիս 2։6-8) Պահ մը ասոր մասին խորհէ։ Յիսուս՝ տիեզերքի երկրորդ բարձրագոյն անձնաւորութիւնը, ընդունեց հրեշտակներէն քիչ մը վար ըլլալ, որպէս անօգնական մանուկ ծնիլ, անկատար ծնողներու ենթակայ ըլլալ, եւ ի վերջոյ որպէս ատելի ոճրագործ մեռնիլ։ (Կողոսացիս 1։15, 16. Եբրայեցիս 2։6, 7) Ի՜նչ խոնարհութիւն։ Կարելի՞ է այս «նոյն միտքը» ընդօրինակել ու այսպիսի «խոնարհութիւն» մշակել։ (Փիլիպպեցիս 2։3-5) Կարելի՛ է, բայց դիւրին չէ։

4. Ի՞նչ բաներ մարդիկը հպարտ կը դարձնեն, բայց հպարտութիւնը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

4 Հպարտութիւնը խոնարհութեան հակառակն է։ (Առակաց 6։16-19) Հպարտութեան պատճառով Սատանան ինկաւ։ (Ա. Տիմոթէոս 3։6) Անիկա մարդոց սիրտին մէջ դիւրաւ արմատ կը կապէ, իսկ զայն արմատախիլ ընելը դժուար է։ Մարդիկ հպարտ կը զգան իրենց երկրին, ցեղին, ստացուածքին, ուսման, աշխարհիկ իրագործումներուն, ընկերային մակարդակին, արտաքին երեւոյթին, մարզական կարողութիւններուն եւ շատ մը այլ բաներու համար։ Սակայն ասոնցմէ ո՛չ մէկը Եհովայի աչքին կարեւոր է։ (Ա. Կորնթացիս 4։7) Իսկ եթէ ասոնք պատճառ ըլլան որ հպարտ ըլլանք, Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան վնաս կը հասցնեն։ «Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ»։—Սաղմոս 138։6. Առակաց 8։13

Մեր Եղբայրներուն Մէջ Խոնարհ Ըլլանք

5. Ինչո՞ւ կենսական է որ երէցները խոնարհ ըլլան։

5 Ո՛չ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր բերած նպաստը եւ իրագործումները, ո՛չ ալ ժողովքին մէջ մեր ստանձնած պատասխանատուութիւնները պէտք է հպարտացնեն մեզ։ (Ա. Մնացորդաց 29։14. Ա. Տիմոթէոս 6։17, 18) Իրականութեան մէջ, մեր պատասխանատուութիւնները ո՛րքան ծանր ըլլան, ա՛յնքան աւելի խոնարհ պէտք է ըլլանք։ Պետրոս առաքեալ երէցները յորդորեց որ ‘վիճակներուն վրայ չտիրեն՝ հապա հօտին օրինակ ըլլան’։ (Ա. Պետրոս 5։3) Երէցները նշանակուած են ծառայ եւ օրինակ ըլլալու համար, եւ ո՛չ թէ՝ տէր–տիրական։—Ղուկաս 22։24-26. Բ. Կորնթացիս 1։23

6. Քրիստոնէական կենցաղի ո՞ր մարզերուն մէջ խոնարհութեան կարիք ունինք։

6 Միայն երէցները չեն որ խոնարհութեան կարիք ունին։ Թերեւս իրենց սրամիտ ուղեղներուն ու զօրաւոր մարմիններուն համար հպարտացող երիտասարդներուն Պետրոս գրեց. «Խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Ա. Պետրոս 5։5) Այո, քրիստոսանման խոնարհութիւնը բոլորին համար կենսական է։ Բարի լուրը քարոզելը խոնարհութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ անտարբերութեան ու թշնամութեան դիմաց։ Խրատ ընդունիլը կամ ծառայութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը բերելու համար մեր կեանքը պարզելը, խոնարհութիւն կը պահանջէ։ Ասկէ զատ, խոնարհութեան եւ քաջարի հաւատքի կարիք ունինք, որպէսզի կարենանք աննպաստ ծանուցումի, օրինական յարձակումներու կամ վայրագ հալածանքի տոկալ։—Ա. Պետրոս 5։6

7, 8. Խոնարհութիւն մշակելու կերպերէն ոմանք ի՞նչ են։

7 Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ հպարտութենէ ձերբազատուիլ եւ «խոնարհութիւնով» վարուիլ, ուրիշները ‘իր անձէն լաւ սեպելով’։ (Փիլիպպեցիս 2։3) Ան ինքզինք Եհովայի տեսանկիւնէն պէտք է դիտէ։ Յիսուս շիտակ տեսակէտը բացատրեց, երբ ըսաւ. «Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։ (Ղուկաս 17։10) Մի՛ մոռնար որ մեր ըրածը ոչինչ է Յիսուսի ըրածին հետ բաղդատած։ Այսուհանդերձ Յիսուս խոնարհ էր։

8 Ասկէ զատ, կրնանք Եհովայի օգնութիւնը խնդրել մեր անձին հանդէպ պատշաճ տեսակէտը մշակելու համար։ Սաղմոսերգուին նման, կրնանք աղօթել. «Սորվեցո՛ւր ինծի դատողութեան ու գիտութեան բարիքները, որովհետեւ քու պատուիրաններուդ վստահեցայ»։ (Սաղմոս 119։66, ԱՎ) Եհովա մեզի պիտի օգնէ որ մեր անձին հանդէպ տրամաբանական ու հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք, եւ մեզ պիտի վարձատրէ մեր խոնարհ կեցուածքին համար։ (Առակաց 18։12) Յիսուս ըսաւ. «Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։—Մատթէոս 23։12

Շիտակի ու Սխալի Հանդէպ Պատշաճ Տեսակէտ

9. Յիսուս շիտակն ու սխալը ի՞նչպէս նկատեց։

9 Անկատար մարդոց մէջ 33 տարի ապրելով հանդերձ, Յիսուս «առանց մեղքի» մնաց։ (Եբրայեցիս 4։15) Իրականութեան մէջ, երբ Մեսիայի մասին կը մարգարէանար, սաղմոսերգուն ըսաւ. «Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր»։ (Սաղմոս 45։7. Եբրայեցիս 1։9) Այս բանին մէջ ալ Քրիստոնեաները Յիսուսը կ’ընդօրինակեն։ Անոնք ո՛չ միայն շիտակը սխալէն կը զանազանեն, այլեւ՝ սխալը կ’ատեն ու շիտակը կը սիրեն։ (Ամովսայ 5։15) Ասիկա անոնց կ’օգնէ իրենց բնածին մեղաւոր հակումներուն դէմ պայքարելու։—Ծննդոց 8։21. Հռովմայեցիս 7։21-25

10. Եթէ ‘չարը գործելը’ սովորութիւն դարձնենք, ինչպիսի՞ տեսակէտ յայտնած կ’ըլլանք։

10 Յիսուս Փարիսեցի Նիկոդէմոսի ըսաւ. «Ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։ Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէս զի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։ (Յովհաննու 3։20, 21) Հետեւեալը նկատի առ. Յովհաննէս Յիսուսը բնորոշեց որպէս «Ճշմարիտ Լոյսը . . . , որ . . . բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ»։ (Յովհաննու 1։9, 10) Իսկ Յիսուս ըսաւ որ եթէ ‘չարը գործենք’,– բաներ որ սխալ ու Աստուծոյ անընդունելի են,– լոյսը ատած կ’ըլլանք։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ Յիսուսը եւ իր չափանիշները կ’ատես։ Բայց անզեղջօրէն մեղք գործողները ճի՛շդ այս կեցուածքը ունին։ Թերեւս անոնք հարցերը այս կերպով չեն դիտեր, սակայն բացայայտ է որ Յիսուս զիրենք այսպէս կը նկատէ։

Շիտակի ու Սխալի Հանդէպ Յիսուսի Տեսակէտը Ի՛նչպէս Մշակել

11. Եթէ շիտակի ու սխալի հանդէպ Յիսուսի տեսակէտը կ’ուզենք ունենալ, ի՞նչ բան կենսական է։

11 Յստակ հասկացողութիւն պէտք է ունենանք թէ ի՛նչ բան Եհովայի աչքին շիտակ է ու ի՛նչ բան՝ սխալ։ Այս հասկացողութիւնը կրնանք ձեռք ձգել մի՛այն Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով։ Մինչ այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը կ’ընենք, սաղմոսերգուին նման պէտք է աղօթենք. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի»։ (Սաղմոս 25։4) Սակայն մտաբերէ թէ Սատանան խաբեբայ է։ (Բ. Կորնթացիս 11։14) Ան կրնայ սխալը ծպտել եւ անոր շիտակի երեւոյթ տալ անզգոյշ Քրիստոնեային աչքին։ Ուստի մեր սորվածներուն վրայ լրջօրէն պէտք է խոկանք եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին խրատներուն անսանք։ (Մատթէոս 24։45-47) Ուսումնասիրութիւնը, աղօթքը եւ մեր սորվածին վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնեն որ հասունութեան դիմենք եւ ըլլանք անոնց մէջ, որոնց «զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։ (Եբրայեցիս 5։14) Այն ատեն սխալը ատելու եւ շիտակը սիրելու հակումը պիտի ունենանք։

12. Աստուածաշունչի ո՞ր խրատը մեզի կ’օգնէ անօրէնութիւն չգործելու։

12 Եթէ սխալը ատենք, թոյլ պիտի չտանք որ մեր սիրտին մէջ սխալ բաներու հանդէպ ցանկութիւն աճի։ Յիսուսի մահէն երկար տարիներ ետք, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է»։—Ա. Յովհաննու 2։15, 16

13, 14. (ա) Աշխարհի բաները սիրելը Քրիստոնեային համար ինչո՞ւ վտանգաւոր է։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ աշխարհի բաներուն հանդէպ սէր մշակելէ։

13 Ոմանք թերեւս խորհին թէ աշխարհի մէջ ամէն բան սխալ չէ։ Այսուհանդերձ աշխարհը եւ իր հրապոյրները դիւրաւ կրնան մեզ Եհովայի ծառայութենէն շեղեցնել։ Աշխարհը ո՛չ մէկ բան կը հրամցնէ որ մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնէ։ Ուստի եթէ սկսած ենք աշխարհի բաները սիրել, նոյնիսկ բաներ որ ինքնին սխալ չեն, վտանգաւոր ընթացքի մէջ ենք։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Ասկէ զատ, աշխարհի բաներուն մեծամասնութիւնը իրապէս չար է եւ կրնայ մեզ ապականել։ Եթէ շարժապատկերներ կամ հեռատեսիլի յայտագիրներ կը դիտենք որոնք բռնութիւնը, նիւթապաշտութիւնը կամ սեռային անբարոյութիւնը ցցուն կ’ընեն, ասոնք կրնան ընդունելի դառնալ, ապա մեզ փորձութեան տանիլ։ Եթէ ընկերակցինք անհատներու հետ, որոնք գլխաւորաբար հետաքրքրուած են իրենց կենցաղը բարելաւելով կամ իրենց գործը ընդարձակելով, ասոնք մեզի համար ալ կրնան չափազանց կարեւոր բաներ դառնալ։—Մատթէոս 6։24. Ա. Կորնթացիս 15։33

14 Միւս կողմէ, եթէ Եհովայի Խօսքին մէջ հաճոյք կը գտնենք, «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը» իրենց գրաւչութեան մեծ մասը պիտի կորսնցնեն։ Ասկէ զատ, եթէ կ’ընկերակցինք Թագաւորութիւնը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնողներուն հետ, անոնց նման պիտի ըլլանք, սիրելով իրենց սիրած բաները եւ խուսափելով իրենց խուսափած բաներէն։—Սաղմոս 15։4. Առակաց 13։20

15. Յիսուսի նման, ի՞նչպէս պիտի զօրացնէ մեզ արդարութիւնը սիրելը եւ անօրէնութիւնը ատելը։

15 Անօրէնութիւնը ատելը եւ արդարութիւնը սիրելը Յիսուսի օգնեց որ իր աչքերը «իր առջեւ կեցած ուրախութեան» վրայ սեւեռած պահէ։ (Եբրայեցիս 12։2) Նոյնը կրնայ ըսուիլ մեր պարագային։ Գիտենք թէ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ»։ Աշխարհի հրամցուցած բոլոր հաճոյքները ժամանակաւոր են։ Սակայն «ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Որովհետեւ Յիսուս Աստուծոյ կամքը կատարեց, ան ճամբան հարթեց որ մարդիկ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգեն։ (Ա. Յովհաննու 5։13) Թող բոլորս զինք ընդօրինակենք ու իր ուղղամտութենէն օգտուինք։

Հալածանքի Ներքեւ Տոկալ

16. Յիսուս ինչո՞ւ իր հետեւորդները յորդորեց որ իրար սիրեն։

16 Յիսուս ուրիշ կերպ մըն ալ ցոյց տուաւ, որով իր աշակերտները կրնային զինք ընդօրինակել, երբ ըսաւ. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։ (Յովհաննու 15։12, 13, 17) Շատ պատճառներ կան թէ Քրիստոնեաները ինչո՛ւ իրենց եղբայրները կը սիրեն։ Այս առիթով, Յիսուս գլխաւորաբար ի մտի ունէր աշխարհի կողմէ անոնց դիմագրաւելիք ատելութիւնը։ Ան ըսաւ. «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ’։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձե՛րն ալ պիտի պահեն»։ (Յովհաննու 15։18, 20) Այո, նոյնիսկ հալածանք կրելու մէջ Քրիստոնեաները Յիսուսի նման են։ Անոնք զօրաւոր ու սիրալիր կապ պէտք է մշակեն, որպէսզի կարենան այդ ատելութեան դիմադրել։

17. Աշխարհը ինչո՞ւ ճշմարիտ Քրիստոնեաները կ’ատէ։

17 Աշխարհը ինչո՞ւ Քրիստոնեաները պիտի ատէր։ Քանի որ Յիսուսի նման, անոնք «աշխարհէն չեն»։ (Յովհաննու 17։14, 16) Անոնք զինուորական ու քաղաքական հարցերու մէջ չէզոք են, եւ Աստուածաշունչի սկզբունքները կը պահեն՝ կեանքի սրբութիւնը յարգելով եւ բարոյական բարձր չափանիշներու կառչելով։ (Գործք 15։28, 29. Ա. Կորնթացիս 6։9-11) Անոնց գլխաւոր նպատակակէտերը հոգեւոր են ու ո՛չ թէ նիւթական։ Անոնք կ’ապրին աշխարհին մէջ, բայց ինչպէս Պօղոս գրեց, «զայն լիովին չեն գործածեր»։ (Ա. Կորնթացիս 7։31, ՆԱ) Ճիշդ է որ ոմանք Եհովայի Վկաներու բարձր չափանիշներուն հանդէպ իրենց հիացմունքը արտայայտած են։ Սակայն Եհովայի Վկաները համակերպումներ չեն ըներ ուրիշներու հիացմունքին արժանանալու կամ ընդունելի ըլլալու համար։ Այս պատճառով, մարդոց մեծամասնութիւնը զիրենք չեն հասկնար եւ շատեր զիրենք կ’ատեն։

18, 19. Յիսուսի օրինակին հետեւելով, Քրիստոնեաները հակառակութեան ու հալածանքին ի՞նչպէս կը հակազդեն։

18 Յիսուսի առաքեալները աշխարհի բուռն ատելութեան ականատես եղան, երբ Յիսուս ձերբակալուեցաւ ու մահուան դատապարտուեցաւ, նաեւ անոնք տեսան թէ ան ի՛նչպէս հակազդեց ատելութեան։ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, Յիսուսի կրօնական հակառակորդները եկան զինք ձերբակալելու։ Պետրոս սուրով փորձեց Յիսուսը պաշտպանել, բայց ան Պետրոսի ըսաւ. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։52. Ղուկաս 22։50, 51) Անցեալին, Իսրայելացիները իրենց թշնամիներուն հետ սուրով կը կռուէին։ Սակայն այժմ պարագան փոխուած էր։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ‘այս աշխարհէն չէր’ եւ պաշտպանուելիք ազգային սահմաններ չունէր։ (Յովհաննու 18։36) Շատ չանցած Պետրոս հոգեւոր ազգի մը մաս պիտի կազմէր, որուն անդամներուն քաղաքացիութիւնը երկինքն է։ (Գաղատացիս 6։16. Փիլիպպեցիս 3։20, 21) Այսուհետեւ Յիսուսի հետեւորդները ատելութեան ու հալածանքին պիտի հակազդէին ինչպէս ինք հակազդեց,– քաջաբար բայց՝ խաղաղութեամբ։ Անոնք հարցերը վստահութեամբ Եհովայի պիտի յանձնէին եւ իրեն պիտի ապաւինէին որ տոկալու համար իրենց զօրութիւն տայ։—Ղուկաս 22։42

19 Տարիներ ետք, Պետրոս գրեց. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք։ . . . Կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։ (Ա. Պետրոս 2։21-23) Ինչպէս Յիսուս ազդարարած էր, Քրիստոնեաները տարիներ շարունակ բիրտ հալածանք կրեցին։ Թէ՛ առաջին դարուն եւ թէ մեր ժամանակներուն, անոնք Յիսուսի օրինակին հետեւած են եւ հաւատարմօրէն տոկալու հոյակապ արձանագրութիւն շինած են, ցոյց տալով թէ իրենք խաղաղասէր՝ ուղղամտութիւն պահողներ են։ (Յայտնութիւն 2։9, 10) Թող իւրաքանչիւրս նոյնը ընենք, երբ պարագաները այդպէս պահանջեն։—Բ. Տիմոթէոս 3։12

«Ձեր Վրայ Հագէք Տէր Յիսուս Քրիստոսը»

20-22. Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով ‘Տէր Յիսուս Քրիստոսը կը հագնին իրենց վրայ’։

20 Պօղոս Հռովմի ժողովքին գրելով, ըսաւ. «Ձեր վրայ հագէք Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու խնամք մի՛ տանիք մարմնին՝ ցանկութիւններու համար»։ (Հռովմայեցիս 13։14) Քրիստոնեաները հագուստի մը նման Յիսուսը կը հագնին։ Անոնք կը ջանան իր յատկութիւնները ու արարքները ընդօրինակել ա՛յն աստիճան որ, անկատար ըլլալով հանդերձ, իրենց Տիրոջ արտացոլացումը կը դառնան։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6

21 Յաջողապէս կրնանք ‘Տէր Յիսուս Քրիստոսը մեր վրայ հագնիլ’, եթէ Տէրոջ կեանքին քաջածանօթ ըլլանք ու ջանանք իրեն նման ապրիլ։ Կ’ընդօրինակենք անոր խոնարհութիւնը, արդարութեան հանդէպ իր սէրը, անօրէնութեան հանդէպ իր ատելութիւնը, իր եղբայրներուն հանդէպ իր սէրը, աշխարհին մէկ մասը չըլլալը, եւ տառապանքին համբերութեամբ տոկալը։ ‘Մարմնին ցանկութիւններուն համար խնամք չենք տանիր’,– այսինքն՝ աշխարհիկ նպատակակէտերու հասնիլը կամ մարմնային ցանկութիւններ գոհացնելը, մեր կեանքին գլխաւոր նպատակը չենք դարձներ։ Ընդհակառակը, երբ որոշում մը պիտի կայացնենք կամ խնդիր մը ձեռք պիտի առնենք, հարց կու տանք. ‘Յիսուս այս պարագային ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան ի՞նչ պիտի ուզէր որ ընեմ’։

22 Ի վերջոյ, Յիսուսը կ’ընդօրինակենք ‘աւետարանը քարոզելու’ մէջ զբաղած մնալով։ (Մատթէոս 4։23. Ա. Կորնթացիս 15։58) Այս կերպով ալ Քրիստոնեաները Յիսուսի ձգած օրինակին կը կառչին, եւ յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ ասիկա ի՛նչպէս կ’ընեն։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ինչո՞ւ կենսական է որ Քրիստոնեայ մը խոնարհ ըլլայ։

• Ի՞նչպէս կրնանք շիտակի ու սխալի հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունենալ։

• Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով Յիսուսը կ’ընդօրինակեն հակառակութիւնը եւ հալածանքը ձեռք առնելու մէջ։

• Ի՞նչպէս կարելի է ‘Տէր Յիսուս Քրիստոսը մեր վրայ հագնիլ’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Յիսուս խոնարհութեան կատարեալ օրինակը հանդիսացաւ

[Նկար՝ էջ 22]

Քրիստոնեայի մը կեանքին իւրաքանչիւր երեսակը, ի ներառեալ քարոզչութիւնը, խոնարհութիւն կը պահանջէ

[Նկար՝ էջ 23]

Սատանան կրնայ անպատշաճ ժամանցին այնպիսի երեւոյթ մը տալ, որ Քրիստոնեայի մը համար ընդունելի թուի

[Նկար՝ էջ 24]

Մեր եղբայրներուն սէրը հակառակութեան դիմաց մեզ պիտի զօրացնէ