Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շատեր ինչո՛ւ կը կասկածին թէ կրօնքը կրնայ մարդկութիւնը միացնել

Շատեր ինչո՛ւ կը կասկածին թէ կրօնքը կրնայ մարդկութիւնը միացնել

Շատեր ինչո՛ւ կը կասկածին թէ կրօնքը կրնայ մարդկութիւնը միացնել

‘ՍԻՐԷ՛ ընկերդ’։ (Մատթէոս 22։39) Շատ մը կրօնքներ կը գովաբանեն այս հիմնական վարքագիծը։ Եթէ անոնք իրենց անդամներուն կարենային սորվեցնել իրենց ընկերը սիրել, անոնց հօտերը միութիւն պիտի վայելէին։ Բայց այսպիսի բան մը նկատա՞ծ ես։ Կրօնքները միութիւն կը յառաջացնե՞ն։ Վերջերս Գերմանիայի մէջ կատարուած փորձագիտանք մը սա հարցումը հարցուց. «Կրօնքները մարդիկը կը միացնե՞ն թէ կը բաժնեն»։ Փորձագիտանքին մասնակցողներուն 22 տոկոսը ըսաւ թէ կրօնքները կը միացնեն, իսկ 52 տոկոսը ըսաւ թէ անոնք կը բաժնեն։ Թերեւս երկրիդ մէջ ալ մարդիկ նոյն կերպով կը զգան։

Ինչո՞ւ շատեր վստահութիւն չունին թէ կրօնքը կրնայ մարդկութիւնը միացնել։ Թերեւս պատմութենէն իրենց իմացած բաներուն պատճառով։ Փոխանակ կրօնքը մարդիկ իրարու մօտեցնելու, յաճախ անոնց մէջ բաժանումներ մտցուցած է։ Կարգ մը պարագաներուն, կրօնքին անունով ահռելի գազանային արարքներ գործուած են։ Անոնցմէ մի քանի հատը նկատի առ, որոնք տեղի ունեցան վերջին 100 տարուան ընթացքին։

Կրօնքին Ազդեցութեան Ներքեւ

Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Պալքանեան երկիրներու մէջ Կաթողիկէ Խրուաթները եւ Ուղղափառ Սերպերը կռիւի բռնուեցան։ Երկու կողմերն ալ կը դաւանէին Յիսուսի հետեւիլ, որ իր հետեւորդներուն սորվեցուցած էր իրենց դրացին սիրել։ Սակայն անոնց պայքարը պատճառեց «պատմութեան մէջ արձանագրուած ամենէն սարսափազդու քաղաքացիական սպանդներէն մէկը», ինչպէս նշեց հետազօտող մը։ Աւելի քան 500,000 տղամարդոց, կիներու եւ երախաներու ջարդը աշխարհը ցնցեց։

1947–ին, հնդկական հողամասին վրայ շուրջ 400 միլիոն հոգի կը բնակէր,– մարդկութեան մէկ հինգերորդը,– մեծաւ մասամբ Հինտուներ, Մահմետականներ ու Սիխեր։ Երբ Հնդկաստան բաժնուեցաւ, իսլամական Փաքիստանը ծնունդ առաւ։ Այդ շրջանին, շարք մը կրօնական ջարդերու ընթացքին հարիւր հազարաւոր ապաստանեալներ հրկիզուեցան, ծեծուեցան, չարչարանքի ենթարկուեցան ու գնդակահարուեցան։

Իսկ այս դարու սկիզբը աչքառու դարձաւ ահաբեկչութեան սպառնալիքը։ Ներկայիս ահաբեկչութեան պատճառով երկիրը խռոված վիճակի մէջ է, եւ շատ մը ահաբեկչական խումբեր կը դաւանին կրօնական կապեր ունենալ։ Կրօնքը միութեան նպաստող ազդակ չի նկատուիր։ Փոխարէն, անիկա յաճախ առնչուած է բռնութեան եւ անմիաբանութեան։ Հետեւաբար զարմանալի չէ որ գերմանական լրագիր մը (FOCUS) վառօդի նմանցուց աշխարհի գլխաւոր կրօնքները,– Թաոյականութիւն, Իսլամութիւն, Կոնփիւկիոսականութիւն, Հրէականութիւն, Պուտտայականութիւն, Պրահմանականութիւն եւ Քրիստոնեայ Աշխարհ։

Ներքին Վէճեր

Մինչ կարգ մը կրօնքներ իրարու դէմ պայքար կը մղեն, ուրիշներ ներքին վէճերու բռնուած են։ Օրինակ, վերջերս Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները բաժան–բաժան եղած են՝ վարդապետական հարցերու շուրջ անվերջ վէճեր ունենալով։ Կղերներն ու աշխարհական դասը հարց կու տան. Յղարգելութիւնը արտօնուա՞ծ է։ Վիժումին մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Կիները պէ՞տք է ձեռնադրել։ Եկեղեցին միասեռականութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատէ։ Կրօնքը պէ՞տք է արդարացնէ պատերազմը։ Այս անմիաբանութեան ի տես, շատեր հարց կու տան. ‘Կրօնք մը ի՞նչպէս կրնայ մարդկութիւնը միացնել, եթէ ի՛ր անդամները չի կրնար միացնել’։

Բացորոշ է թէ ընդհանուր առմամբ կրօնքը չէ կրցած միութեան ազդակ ըլլալ։ Բայց բոլո՞ր կրօնքներն ալ բաժանումներով յատկորոշուած են։ Կա՞յ կրօնք մը որ տարբեր է,– կրնայ մարդկութիւնը միացնել։

[Նկար՝ էջ 3]

Վիրաւորուած ոստիկաններ Հնդկաստանի մէջ 1947–ին, կրօնական խումբերու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին

[Նկարին աղբիւրը]

Photo by Keystone/Getty Images