Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա միշտ արդարութեամբ կը վարուի

Եհովա միշտ արդարութեամբ կը վարուի

Եհովա միշտ արդարութեամբ կը վարուի

«Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ»։—ՍԱՂՄՈՍ 145։17

1. Ի՞նչպէս կը հակազդես երբ մէկը քու մասիդ սխալ եզրակացութիւններու յանգի, եւ այսպիսի փորձառութենէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

ՊԱՏԱՀԱ՞Ծ է որ անհատ մը քու մասիդ սխալ եզրակացութիւններու յանգած է, թերեւս արարքներդ կամ շարժառիթներդ հարցի տակ դնելով, առանց բոլոր իրողութիւնները ունենալու։ Եթէ այո՛, հաւանաբար վիրաւորուեցար,– եւ ասիկա հասկնալի է։ Ասկէ կարեւոր դաս մը կը սորվինք. երբ լման պատկերը չունինք, խոհեմութիւն է արագօրէն եզրակացութիւններու չյանգիլ։

2, 3. Ոմանք ի՞նչպէս կը հակազդեն երբ Աստուածաշունչի որոշ հատուածներ շատ մանրամասնութիւններ չտալով՝ ամէն հարցումի չեն պատասխաներ, բայց Աստուածաշունչը Եհովայի մասին մեզի ի՞նչ կ’ըսէ։

2 Այս դասը պէտք չէ մոռնանք, երբ Եհովա Աստուծոյ մասին եզրակացութիւններու պիտի յանգինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչին մէջ կարգ մը հատուածներ սկիզբը կրնան շփոթեցուցիչ թուիլ։ Այս արձանագրութիւնները,– թերեւս Աստուծոյ կարգ մը երկրպագուներուն արարքներուն կամ Աստուծոյ անցեալի դատաստաններուն մասին,– միայն որոշ մանրամասնութիւններ պարունակելով, կրնան մեր բոլոր հարցումներուն չպատասխանել։ Դժբախտաբար, ոմանք այս հատուածները կը քննադատեն, նոյնիսկ Աստուծոյ արդարութիւնը հարցի տակ դնելով։ Սակայն Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ «Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ»։ (Սաղմոս 145։17) Իր Խօսքը նաեւ մեզ կը հաւաստիացնէ թէ «անօրէնութիւն չ’ըներ»։ (Յոբայ 34։12. Սաղմոս 37։28) Ուստի երեւակայէ Աստուծոյ զգացումը, երբ ուրիշներ իր մասին սխալ եզրակացութիւններու յանգին։

3 Նկատի առնենք հինգ պատճառներ թէ Եհովայի դատաստանները ինչո՛ւ պէտք է ընդունինք։ Ապա, այս պատճառները ի մտի ունենալով, պիտի քննարկենք աստուածաշնչական երկու արձանագրութիւններ, որ ոմանց համար դժուարահասկնալի են։

Եհովայի Դատաստանները Ինչո՞ւ Ընդունինք

4. Աստուծոյ արարքները ինչո՞ւ համեստութեամբ պէտք է նկատի առնենք. լուսաբանէ՛։

4 Առաջին, որովհետեւ Եհովա պարփակուած բոլոր իրողութիւնները գիտէ իսկ մենք՝ չենք գիտեր, Աստուծոյ արարքները համեստութեա՛մբ պէտք է նկատի առնենք։ Օրինակով մը բացատրենք. երեւակայէ որ անաչառ դատավճիռներ արձակելու ուշագրաւ համբաւ ունեցող դատաւոր մը, նոր դատի մը վճիռը կու տայ։ Ի՞նչպէս կը նկատես այն անհատը, որ առանց բոլոր իրողութիւնները գիտնալու կամ պարփակուած օրէնքները հասկնալու, դատաւորին վճիռը կը քննադատէ։ Անմտութիւն է հարց մը քննադատել առանց անոր մասին լման տեղեկութիւններ ունենալու։ (Առակաց 18։13) Որքա՜ն աւելի անմտութիւն է որ աննշան մարդիկ «բոլոր երկրի Դատաւորը» քննադատեն։—Ծննդոց 18։25

5. Երբ Աստուածաշունչին մէջ կարգ մը անհատներուն դէմ Աստուծոյ դատաստաններուն գործադրութեան մասին կարդանք, ի՞նչ բան պէտք չէ մոռնանք։

5 Երկրորդ, քանի որ Աստուած կրնայ սիրտերը կարդալ։ (Ա. Թագաւորաց 16։7) Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Ես՝ Տէրս՝ միտքը կը քննեմ, սրտերը կը փորձեմ, որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ»։ (Երեմեայ 17։10) Ուստի, երբ Աստուածաշունչին մէջ կարգ մը անհատներուն դէմ Աստուծոյ դատաստաններուն գործադրութեան մասին կարդանք, չմոռնանք թէ ամենատես Աստուած հաշուի առաւ թաքցուած խորհուրդներ, շարժառիթներ ու դիտաւորութիւններ, որոնք իր Խօսքին մէջ չարձանագրուեցան։—Ա. Մնացորդաց 28։9

6, 7. (ա) Եհովա ի՞նչպէս ապացուցանած է թէ իր արդար չափանիշներուն կը կառչի, նոյնիսկ եթէ ասիկա սուղի պիտի նստի իր վրայ։ (բ) Ո՞ր կէտը մտաբերենք, եթէ Աստուածաշունչին մէջ կարդանք բան մը որ պատճառ կ’ըլլայ որ հարց տանք թէ Աստուած արդար կերպով վարուեցա՛ւ թէ ոչ։

6 Երրորդ, Եհովա իր արդար չափանիշներուն կը կառչի, նոյնիսկ եթէ ասիկա սուղի պիտի նստի իր վրայ։ Նկատի առ օրինակ մը։ Հնազանդ մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն փրկելու նպատակով իր Որդին իբրեւ փրկանք տալով, Եհովա իր արդար չափանիշներուն գոհացում տուաւ։ (Հռովմայեցիս 5։18, 19) Սակայն տանջանքի ցիցին վրայ իր սիրելի Որդիին տառապիլն ու մեռնիլը տեսնելը, Եհովայի մեծագոյն ցաւը պատճառած ըլլալու էր։ Ասիկա մեզի ի՞նչ կը յայտնէ Աստուծոյ մասին։ Քրիստոս Յիսուսի վճարած փրկանքին մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այս եղաւ ապացուցանելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը»։ (Հռովմայեցիս 3։24-26) Այլ թարգմանութեան մը մէջ (New Century Version), Հռովմայեցիս 3։25–ը սա կերպով կը կարդանք. «Ասիկա ցոյց տուաւ թէ Աստուած միշտ շիտակ ու արդար եղածը կ’ընէ»։ Այո, փրկանքը հայթայթելու համար Եհովայի ըրած զոհողութեան տարողութիւնը ցոյց կու տայ թէ ան «շիտակ ու արդար» բաները մեծապէս կ’արժեւորէ։

7 Հետեւաբար, եթէ Աստուածաշունչին մէջ կարդանք բան մը որ պատճառ կ’ըլլայ որ ոմանք հարց տան թէ Աստուած արդար կերպով վարուեցա՛ւ թէ ոչ, հետեւեալ կէտը մտաբերենք. Եհովա արդարութեան իր չափանիշներուն հանդէպ հաւատարիմ գտնուելով, թոյլ տուաւ որ իր Որդին ցաւալի մահուան ենթարկուի։ Կարելի՞ է որ ան այս չափանիշները չյարգէ այլ հարցերու մէջ։ Իրականութիւնը այն է թէ Եհովա իր արդար չափանիշները երբեք չի բեկաներ։ Ուստի բաւարար պատճառ ունինք համոզուելու թէ ան մի՛շտ արդարութեամբ կը վարուի։—Յոբայ 37։23

8. Ինչո՞ւ հակասական բան մը պիտի ըլլար եթէ մարդիկ խորհէին թէ իրաւունքն ու արդարութիւնը ձեւով մը կրնային Եհովայի քով չըլլալ։

8 Չորրորդ, Եհովա մարդը Իր պատկերով ստեղծեց։ (Ծննդոց 1։27) Ուստի մարդիկ աստուածային յատկութիւններով օժտուած են, ի ներառեալ՝ իրաւունքի ու արդարութեան զգացում մը։ Հակասական բան մը պիտի ըլլար եթէ մեր իրաւունքի ու արդարութեան զգացումը պատճառ ըլլար որ խորհէինք թէ այս նոյն յատկութիւնները ձեւով մը կրնային Եհովայի քով չըլլալ։ Եթէ Աստուածաշունչի մէկ հատուածը մեզ խռովեցնէ, պէտք է յիշենք թէ մեր ժառանգած մեղքին պատճառով, իրաւունքի ու արդարութեան մեր զգացումը անկատար է։ Եհովա Աստուած, որուն պատկերով ստեղծուած ենք, իրաւունքի ու արդարութեան մէջ կատարեալ է։ (Բ. Օրինաց 32։4) Բոլորովին անիմաստ պիտի ըլլար նոյնիսկ երեւակայել թէ մարդիկ Աստուծմէ աւելի արդար կրնային ըլլալ։—Հռովմայեցիս 3։4, 5. 9։14

9, 10. Եհովա ինչո՞ւ ստիպուած չէ որ իր արարքները մարդոց բացատրէ կամ արդարացնէ։

9 Հինգերորդ, Եհովա ‘Բարձրեալ է բոլոր երկրի վրայ’։ (Սաղմոս 83։18) Այս հանգամանքով, ան ստիպուած չէ որ իր արարքները մարդոց բացատրէ կամ արդարացնէ։ Ան Մեծ Բրուտն է, իսկ մենք կաւէ շինուած ամաններու պէս ենք, որոնց հետ կը վարուի ինչպէս որ կը հաճի։ (Հռովմայեցիս 9։19-21) Մենք՝ իր ձեռքին մէջի կաւը՝ ո՞վ ենք որ իր որոշումները կամ արարքները հարցականի տակ դնենք։ Երբ Յոբ նահապետ մարդկութեան հետ Աստուծոյ գործառնութիւնները սխալ հասկցաւ, Եհովա զինք սրբագրեց, հարցնելով. «Իմ դատավճի՞ռս պիտի բեկանես. զի՞ս պիտի դատապարտես՝ քեզ արդարացնելու համար»։ Անդրադառնալով որ ինք առանց հասկնալու խօսած էր, հետագային Յոբ զղջաց։ (Յոբայ 40։8, ԱՎ. 42։6) Թող երբեք Աստուծոյ քով թերութիւն գտնելու սխալը չգործենք։

10 Բացորոշ է թէ վաւերական պատճառներ ունինք հաւատալու թէ Եհովա միշտ արդարութեամբ կը վարուի։ Եհովայի ճամբաները հասկնալու այս հիմը ունենալով, այժմ քննարկենք աստուածաշնչական երկու պատմութիւններ, որոնք ոմանք շփոթեցուցիչ կը նկատեն։ Մէկը կապ ունի Աստուծոյ երկրպագուներէն մէկուն արարքներուն հետ, իսկ միւսը՝ Աստուծոյ որոշ դատաստանի գործադրութեան հետ։

Ղովտ Ինչո՞ւ Առաջարկեց Իր Աղջիկները Զայրացած Խուժանին Յանձնել

11, 12. (ա) Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Աստուած նիւթականացած երկու հրեշտակներ ղրկեց Սոդոմ։ (բ) Այս դէպքը ի՞նչ հարցումներ յարուցանած է։

11 Ծննդոց 19–րդ գլուխը կը պատմէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ Աստուած նիւթականացած երկու հրեշտակներ ղրկեց Սոդոմ։ Ղովտ պնդեց որ այցելուները իր տունը մնան։ Սակայն այդ գիշեր, քաղաքին մարդիկը տունը շրջապատեցին եւ պահանջեցին որ այցելուները իրենց յանձնուին, անբարոյ նպատակներու համար։ Ղովտ փորձեց անոնց հետ պատճառաբանել, բայց ի զուր։ Ջանալով իր հիւրերը պաշտպանել, Ղովտ ըսաւ. «Եղբայրներս, կ’աղաչեմ ձեզի, չարութիւն մի՛ ընէք։ Ահա հիմա երկու աղջիկ ունիմ, որոնք այր մարդ չեն գիտեր. զանոնք հիմա ձեզի դուրս հանեմ ու ձեր աչքին առջեւ աղէկ եղածը ըրէք անոնց, բայց միայն այս մարդոցը բան մը մի՛ ընէք. քանզի անոնք իմ յարկիս շուքին տակ մտան»։ Խուժանը մտիկ չըրաւ ու մօտեցաւ որ դուռը կոտրէ։ Ի վերջոյ, այցելու հրեշտակները կատաղի ամբոխը կուրութեամբ զարկին։—Ծննդոց 19։1-11

12 Այս դէպքը ոմանց միտքին մէջ հարցումներ յարուցանած է։ Անոնք հարց կու տան. ‘Ղովտ ի՞նչպէս կրնար իր հիւրերը պաշտպանելու համար առաջարկել իր աղջիկները հեշտասէր խուժանին յանձնել։ Ան անպատշաճ, նոյնիսկ վախկոտ կերպով չվարուեցա՞ւ’։ Բայց ինչո՞ւ Աստուած Պետրոսը ներշնչեց որ Ղովտը «արդար» կոչէ։ Արդեօք Ղովտի ըրածը Աստուծոյ հաւանութի՞ւնը ունէր։ (Բ. Պետրոս 2։7, 8) Այս հարցին շուրջ տրամաբանենք, այնպէս որ սխալ եզրակացութիւններու չյանգինք։

13, 14. (ա) Ղովտի արարքները պատմող աստուածաշնչական արձանագրութեան նկատմամբ ի՞նչ պէտք է նկատել։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Ղովտ վախկոտութեամբ չվարուեցաւ։

13 Նախ, պէտք է գիտակցիլ թէ Աստուածաշունչը Ղովտի ըրածը ո՛չ կը գովէ, ո՛չ ալ կը դատապարտէ, այլ՝ պարզապէս կը տեղեկագրէ պատահածը։ Աստուածաշունչը նաեւ մեզի չ’ըսեր թէ Ղովտի միտքին մէջ ի՛նչ կար կամ թէ ի՛նչ մղումով գործեց։ Երբ ‘արդարներուն յարութեամբ’ վերադառնայ, ան թերեւս մանրամասնութիւնները յայտնէ։—Գործք 24։15

14 Ղովտ վախկոտ չէր։ Ան անել կացութեան մը մատնուած էր։ Ըսելով թէ այցելուները ‘իր յարկին շուքին տակ մտան’, Ղովտ նշեց թէ անոնց պաշտպանութիւն եւ ապաստան հայթայթելու պարտաւոր կը զգար։ Բայց ասիկա դիւրին պիտի չըլլար։ Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս կը տեղեկագրէ թէ Սոդոմացիները «մարդոց հանդէպ անիրաւ էին, իսկ Աստուծոյ հանդէպ՝ անյարգալից . . . Անոնք օտարները կ’ատէին, եւ Սոդոմական սովորութիւններով ապականած էին»։ Այսուհանդերձ Ղովտ ատելավառ խուժանէն չվախցաւ։ Ընդհակառակը, ան դռնէն դուրս ելաւ եւ այդ զայրացած տղամարդոց հետ պատճառաբանեց։ Ան նոյնիսկ «իր ետեւէն դուռը գոցեց»։—Ծննդոց 19։6

15. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Ղովտ հաւանաբար հաւատքով գործեց։

15 Ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Այսուհանդերձ, Ղովտ ինչո՞ւ պիտի առաջարկէր իր աղջիկները խուժանին յանձնել’։ Փոխանակ ենթադրելու թէ իր շարժառիթները գէշ էին, ինչո՞ւ կարգ մը հաւանականութիւններ նկատի չառնենք։ Նախ եւ առաջ, շատ հաւանական է որ Ղովտ հաւատքով գործեց։ Ի՞նչպէս։ Անկասկած Ղովտ քաջատեղեակ էր թէ Եհովա ի՛նչպէս պաշտպանած էր իր հօրեղբօր՝ Աբրահամի կինը Սառան։ Մտաբերէ թէ Սառային գեղեցկութեան պատճառով, Աբրահամ խնդրեց որ զինք ծանօթացնէ իբրեւ իր եղբայրը, որպէսզի ուրիշներ զինք չսպաննեն։ * Անկէ ետք, Սառա Փարաւոնին տունը տարուեցաւ։ Սակայն Եհովա միջամտեց, որ Փարաւոն Սառայի չմօտենայ։ (Ծննդոց 12։11-20) Հաւանական է որ Ղովտ հաւատք ունէր որ իր աղջիկները նոյնպէս պիտի պաշտպանուէին։ Յատկանշական է որ Եհովա իր հրեշտակներուն միջոցով իրապէս միջամտեց, եւ աղջիկները ապահով մնացին։

16, 17. (ա) Ի՞նչ կերպով թերեւս Ղովտ կը փորձէր Սոդոմի տղամարդիկը ցնցել կամ շփոթութեան մատնել։ (բ) Ի՛նչ որ ալ ըլլար Ղովտի պատճառաբանութիւնը, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

16 Նկատի առ ուրիշ կարելիութիւն մը։ Թերեւս Ղովտ կը փորձէր այդ տղամարդիկը ցնցել կամ շփոթութեան մատնել։ Ան թերեւս կը խորհէր թէ ամբոխը պիտի չցանկար իր աղջիկները, քանի որ Սոդոմացիները միասեռական տենչ ունէին։ (Յուդա 7) Ասկէ զատ, իր աղջիկները նոյն քաղաքէն եղող տղամարդոց նշանուած էին, ուստի իր փեսացուներուն ազգականներէն, բարեկամներէն կամ գործակիցներէն ոմանք հաւանաբար ամբոխին մաս կը կազմէին։ (Ծննդոց 19։14) Թերեւս Ղովտ յուսաց որ այս կապերուն պատճառով, խուժանին մէջ ոմանք ուզէին իր աղջիկները պաշտպանել։ Այսպէս խուժանը երկուքի բաժնուելով, նուազ վտանգաւոր պիտի դառնար։ *

17 Ի՛նչ որ ալ ըլլար Ղովտի պատճառաբանութիւնը կամ շարժառիթը, կրնանք սա կէտէն վստահ ըլլալ. Քանի որ Եհովա միշտ արդարութեամբ կը վարուի, ան Ղովտը «արդար» նկատելու վաւերական պատճառ ունենալու է։ Իսկ կատաղաբարոյ խուժանին արարքներէն դատելով, կասկած չկայ որ Եհովա այդ ամբարիշտ քաղաքին բնակիչներուն վրայ դատաստան գործադրելու մէջ լիովին արդարացի էր։—Ծննդոց 19։23-25

Եհովա Ինչո՞ւ Ոզան Մեռցուց

18. (ա) Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Դաւիթ փորձեց Տապանակը Երուսաղէմ բերել։ (բ) Այս դէպքը ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ։

18 Ոմանք շփոթեցուցիչ կը գտնեն այն արձանագրութիւնը որ կը նկարագրէ ուխտի տապանակը Երուսաղէմ բերելու Դաւիթի փորձը։ Տապանակը սայլի մը վրայ դնելէ ետք, Ոզա ու իր եղբայրը սկսան զայն վարել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ Նաքոնի կալը հասան, Ոզա իր ձեռքը Աստուծոյ տապանակին երկարեց եւ զայն բռնեց, քանի որ եզները զայն ծռած էին։ Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Ոզայի դէմ բորբոքեցաւ, եւ Աստուած զայն հոն զարկաւ՝ իր թերացումին համար, ու հոն մեռաւ՝ Աստուծոյ տապանակին քով»։ Քանի մը ամիս ետք, երկրորդ փորձը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, երբ Տապանակը փոխադրուեցաւ Աստուծոյ ուզած կերպով՝ Կահաթացի Ղեւտացիներու ուսերուն վրայ։ (Բ. Թագաւորաց 6։6, 7, ԱՎ. Թուոց 4։15. 7։9. Ա. Մնացորդաց 15։1-14) Ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Եհովա ինչո՞ւ այսքան բուռն կերպով հակազդեց։ Ոզա միայն կը փորձէր Տապանակը ազատել’։ Որպէսզի սխալ եզրակացութեան մը չյանգինք, լաւ կ’ըլլայ որ կարգ մը օգտակար մանրամասնութիւններ նկատի առնենք։

19. Ինչո՞ւ անկարելի է որ Եհովա անիրաւօրէն վարուի։

19 Չմոռնանք որ անկարելի է որ Եհովա անիրաւօրէն վարուի։ (Յոբայ 34։10) Անիրաւութեամբ գործելը անսիրալիր բան մըն է, եւ Աստուածաշունչի մեր ուսումնասիրութենէն գիտենք թէ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն թէ ‘արդարութիւնը ու իրաւունքը Աստուծոյ աթոռին հիմն են’։ (Սաղմոս 89։14) Ուստի, ի՞նչպէս Եհովա կրնար անիրաւօրէն վարուիլ։ Ասիկա ընելը իր գերիշխանութեան հիմը կրնար տկարացնել։

20. Ի՞նչ պատճառներով Ոզա Տապանակին վերաբերեալ օրէնքներուն քաջատեղեակ ըլլալու էր։

20 Մի՛ մոռնար թէ Ոզա Օրէնքին քաջածանօթ էր։ Տապանակը Եհովայի ներկայութեան առնչուած էր։ Օրէնքը նշած էր թէ հեղինակութիւն չունեցողները անոր պէտք չէր դպչէին, յստակօրէն ազդարարելով թէ անհնազանդ գտնուողները մահուան պատիժին պիտի ենթարկուէին։ (Թուոց 4։18-20. 7։89) Հետեւաբար, այս սրբազան արկղին փոխադրութիւնը թեթեւի առնուելիք պարտականութիւն մը չէր։ Ակներեւօրէն Ոզա Ղեւտացի էր (թէեւ ո՛չ քահանայ), ուստի Օրէնքին քաջածանօթ ըլլալու էր։ Աւելին, տարիներ առաջ Տապանակը իր հօր տունը փոխադրուած էր, որպէսզի պահպանուէր։ (Ա. Թագաւորաց 6։20–7։1) Անիկա հոն մնացած էր շուրջ 70 տարի, մինչեւ որ Դաւիթ ուզեց զայն փոխադրել։ Ուրեմն, իր մանկութենէն ի վեր, Ոզա հաւանաբար Տապանակին վերաբերեալ օրէնքներուն քաջատեղեակ էր։

21. Ոզայի պարագային, ինչո՞ւ կարեւոր է յիշել թէ Եհովա սիրտին շարժառիթները կը տեսնէ։

21 Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, Եհովա կրնայ սիրտերը կարդալ։ Որովհետեւ իր Խօսքը Ոզայի արարքը «թերացում» կը կոչէ, թերեւս Եհովա անձնասէր շարժառիթ մը նկատած է, որ արձանագրութեան մէջ մասնայատուկ կերպով չէ յայտնուած։ Կարելի՞ է որ Ոզա յաւակնոտ անձ մըն էր, որ իր սահմանէն անդին կ’երթար։ (Առակաց 11։2) Կրնա՞յ ըլլալ որ Տապանակը իր ընտանիքին մօտ պահպանուելէ ետք, զայն հանրապէս առաջնորդելը զինք հպարտութեամբ լեցուց։ (Առակաց 8։13) Արդեօք Ոզա հաւատքով այնքան տկա՞ր էր, որ խորհեցաւ թէ Եհովա չէր կրնար Իր ներկայութիւնը խորհրդանշող սրբազան արկղը կայուն պահել։ Ի՛նչ որ ալ ըլլար պարագան, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա արդարութեամբ վարուեցաւ։ Ան հաւանաբար Ոզայի սիրտին մէջ բան մը տեսաւ, որ պատճառ եղաւ որ արագօրէն դատաստան գործադրէ։—Առակաց 21։2

Վստահութեան Անխախտ Հիմ

22. Եհովայի Խօսքը երբեմն որոշ մանրամասնութիւններ չյիշելով, Իր անբաղդատելի իմաստութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ։

22 Եհովայի Խօսքը երբեմն որոշ մանրամասնութիւններ չյիշելով, Իր անբաղդատելի իմաստութիւնը ցոյց կու տայ։ Այսպիսով Եհովա մեզի պատեհութիւն կու տայ որ յայտնենք թէ իրեն կը վստահինք։ Մեր նկատի առած բաներէն յստակ չէ՞ որ Եհովայի դատաստանները ընդունելու վաւերական պատճառներ ունինք։ Այո, երբ անկեղծ սիրտով ու բաց միտքով Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք, Եհովայի մասին մեր ձեռք ձգած ճոխ գիտութիւնը մեզ պիտի համոզէ թէ ան միշտ արդարութեամբ կը վարուի։ Ուստի, եթէ Աստուածաշունչի մէկ հատուածը հարցումներ յարուցանէ, որոնց անմիջական ու յստակ պատասխաններ չենք գտներ, թող լման վստահութիւն ունենանք թէ Եհովա արդարութեամբ վարուած է։

23. Եհովայի ապագայ արարքներուն նկատմամբ ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։

23 Եհովայի ապագայ արարքներուն նկատմամբ կրնանք նոյն վստահութիւնը ունենալ։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ մօտալուտ մեծ նեղութեան ընթացքին՝ ‘ամբարիշտին հետ արդարն ալ պիտի չկորսնցնէ’։ (Ծննդոց 18։23) Արդարութեան եւ իրաւունքի հանդէպ իր սէրը երբեք թոյլ պիտի չտայ իրեն որ ասիկա ընէ։ Կրնանք նաեւ լիովին վստահ ըլլալ թէ գալիք նոր աշխարհին մէջ, ան մեր բոլոր կարիքները լաւագոյն կերպով պիտի լեցնէ։—Սաղմոս 145։16

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 15 Աբրահամի վախը անտեղի չէր, քանի որ վաղեմի պապիրոս մը կը պատմէ Փարաւոնի մը մասին, որ իր զինուորներուն հրամայեց գեղեցիկ կին մը յափշտակել ու անոր ամուսինը սպաննել։

^ պարբ. 16 Յաւելեալ կէտերու համար, տես՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1979, էջ 31 (Անգլերէն)։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ պատճառներով Եհովայի դատաստանները պէտք է ընդունինք։

• Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ սխալ եզրակացութեան չյանգինք Ղովտի առաջարկին նկատմամբ, որ իր աղջիկները զայրացած խուժանին յանձնէր։

• Ո՞ր ազդակները կրնան մեզի օգնել հասկնալու թէ Եհովա ինչո՛ւ Ոզան մեռցուց։

• Եհովայի ապագայ արարքներուն նկատմամբ ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]