Ի՞նչ բան կը ղեկավարէ ապագադ
Ի՞նչ բան կը ղեկավարէ ապագադ
«ՄԱՐԴԻԿ չեն կրնար իրենց ճակատագրին տէրը ըլլալ, ինչպէս որեւէ անասուն չի կրնար», կը գրէ բարեշրջական Ճոն Կրէյ։ Հեղինակ Շմուլի Պոթիաք իր մէկ գիրքին մէջ (An Intelligent Person’s Guide to Judaism) բոլորովին տարբեր տեսակէտ մը կ’արտայայտէ։ Ան կ’ըսէ. «Մարդը անասուն մը չէ, ուստի ան միշտ իր ճակատագիրը կը ղեկավարէ»։
Շատեր կը համաձայնին Կրէյի հետ եւ կը հաւատան թէ բնութեան կոյր ոյժերը մարդկային ընտանիքին ճակատագիրը կը ղեկավարեն։ Իսկ ուրիշներ մարդը կը նկատեն Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը, օժտուած՝ իր ապագային ուղղութիւն տալու կարողութեամբ։
Ոմանք կը խորհին որ իրենց ապագան մարդկային զօրաւոր ոյժերու ձեռքն է։ Հեղինակ Ռոյ Ուէտըրֆորտի համաձայն, «մարդկութեան մեծամասնութիւնը, եւ յատկապէս կիները, իրենց կեանքին վրայ իշխանութիւն չունին բացայայտ պատճառներով,– մարդկային կեղեքումը եւ շահագործումը»։ (The Implications of Determinism) Երջանիկ ապագայի մը նկատմամբ շատերու յոյսերը խորտակուած են մրցակից քաղաքական կամ զինուորական ոյժերու կողմէ։
Պատմութեան ընթացքին ուրիշներ անօգնական զգացած են, քանի որ խորհած են թէ գերբնական ոյժեր իրենց ճակատագիրը կը ղեկավարեն։ Պոթիաք կ’ըսէ. «Վաղեմի Յոյները կլանուած էին այն գաղափարով թէ ամէն յոյս ունայն է, քանի որ մարդ չի կրնար նախասահմանուած ճակատագիրը նուաճել»։ Անոնք կը խորհէին որ քմահաճ չաստուածուհիներ իւրաքանչիւր անհատի ճակատագիրը կ’որոշէին։ Անոնք կը հաւատային թէ այս չաստուածուհիները կ’որոշէին թէ անհատը ե՛րբ պիտի մեռնի եւ իր կեանքի տեւողութեան ո՛րքան նեղութիւն ու ցաւ պիտի քաշէ։
Այսօր համատարած է այն գաղափարը թէ գերմարդկային ոյժ մը կը ղեկավարէ անհատին ճակատագիրը։ Օրինակ, շատեր Քիսմէթ–ի կամ բախտի կը հաւատան։ Անոնք կ’ըսեն թէ Աստուած կանխաւ որոշած է մարդուն բոլոր արարքներուն հետեւանքը եւ անոր մահուան ժամանակը։ Կայ նաեւ նախասահմանութեան վարդապետութիւնը, որ կը յառաջացնէ այն տեսակէտը թէ Ամենակալ Աստուած «նախապէս սահմանած է իւրաքանչիւր մարդու վերջնական փրկութիւնը կամ դատապարտութիւնը»։ Բազմաթիւ դաւանեալ Քրիստոնեաներ այս ուսուցումին կը կառչին։
Քու կարծիքդ ի՞նչ է։ Կը խորհի՞ս որ ճակատագիրդ արդէն որոշուած է գերմարդկային ոյժերու կողմէ։ Կամ, որոշ ճշմարտութիւն մը կա՞յ Անգլիացի թատերագիր Ուիլիըմ Շէյքսպիրի խօսքին մէջ, որ գրեց. «Երբեմն մարդիկ իրենց ճակատագրին տէրը կ’ըլլան»։ Եհովայի Վկաները կրնան քեզի օգնել այս հարցին շուրջ Աստուածաշունչի տեսակէտը գիտնալու։