Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայիս «շատ թանկագին մարգարիտ»ը փնտռել

Ներկայիս «շատ թանկագին մարգարիտ»ը փնտռել

Ներկայիս «շատ թանկագին մարգարիտ»ը փնտռել

«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ . . . վկայութիւն ըլլալու»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14

1, 2. (ա) Յիսուսի օրուան Հրեաները Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ կը խորհէին։ (բ) Թագաւորութեան մասին շիտակ հասկացողութիւն հաղորդելու համար Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

ՅԻՍՈՒՍ երկիր գալով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շատ հետաքրքրաշարժ նիւթ մը դարձաւ Հրեաներուն մէջ։ (Մատթէոս 3։1, 2. 4։23-25. Յովհաննու 1։49) Սակայն սկիզբը անոնցմէ շատեր լիովին չըմբռնեցին անոր տարողութիւնն ու զօրութիւնը. ո՛չ ալ հասկցան թէ անիկա երկնային կառավարութիւն մըն է։ (Յովհաննու 3։1-5) Նոյնիսկ Յիսուսի հետեւորդներէն ոմանք լիովին չհասկցան թէ ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կամ թէ Քրիստոսի իշխանակիցները ըլլալու օրհնութիւնը ստանալու համար ի՛նչ պէտք է ընեն։—Մատթէոս 20։20-22. Ղուկաս 19։11. Գործք 1։6

2 Ժամանակի ընթացքին, Յիսուս համբերութեամբ բազմաթիւ դասեր սորվեցուց իր աշակերտներուն, մէջը ըլլալով նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առնուած մարգարիտին առակը, մատնանշելով երկնային Թագաւորութիւնը ջանադրութեամբ փնտռելու կարեւորութիւնը։ (Մատթէոս 6։33. 13։45, 46. Ղուկաս 13։23, 24) Ասիկա անոնց սիրտին խորապէս դպչած ըլլալու էր, քանի որ շուտով սկսան Թագաւորութեան բարի լուրը անխոնջօրէն ու խիզախօրէն ծանուցանել մինչեւ երկրին ծայրերը, ինչպէս Գործք Առաքելոց գիրքը կը վկայէ։—Գործք 1։8. Կողոսացիս 1։23

3. Մեր ժամանակներուն ակնարկելով, Յիսուս Թագաւորութեան մասին ի՞նչ ըսաւ։

3 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն մասին։ Թագաւորութեան ներքեւ երկրային դրախտի մը օրհնութիւններուն մասին միլիոնաւորներու կը քարոզուի։ «Իրերու դրութեան վախճան»ին մասին իր կարեւոր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս յատկապէս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ, 14. Մարկոս 13։10) Ան նաեւ բացատրեց թէ այս հսկայական գործը պիտի կատարուէր ի հեճուկս՝ ահռելի խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու, նոյնիսկ հալածանքի։ Այսուհանդերձ, ան սա երաշխիքը տուաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։9-13) Ասիկա կը պահանջէ այն անձնազոհութիւնն ու նուիրումը, որ Յիսուսի առակին մէջի ճամբորդող վաճառականը ցուցաբերեց։ Ներկայիս կա՞ն անհատներ, որոնք այսպիսի հաւատքով ու նախանձախնդրութեամբ Թագաւորութիւնը կը փնտռեն։

Ճշմարտութիւնը Գտնելու Ուրախութիւնը

4. Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ներկայիս մարդոց վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։

4 Յիսուսի առակին մէջի վաճառականը չափազանց ուրախացաւ, երբ «շատ թանկագին մարգարիտ մը» գտաւ։ Այդ ուրախութիւնը զինք մղեց որ իր ամէն կարելին ընէ մարգարիտը ձեռք ձգելու համար։ (Եբրայեցիս 12։1) Այսօր, Աստուծոյ ու Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը նոյնպէս մարդիկը կը հրապուրէ ու կը խթանէ։ Ասիկա կը յիշեցնէ Եղբայր Ա. Հ. Մէգմիլընի խօսքերը, որ գիրքի մը մէջ (Faith on the March) բացատրեց թէ ինչպէս անձամբ փնտռեց Աստուած ու մարդկութեան վերաբերեալ անոր նպատակը։ Ան ըսաւ. «Ինչ որ ես գտայ, տակաւին ամէն տարի հազարաւոր անհատներ կը գտնեն։ Եւ անոնք քեզի ու ինծի նման մարդիկ են, քանի որ ամէն ազգէ, ցեղէ, ենթահողէ են եւ ամէն տարիքի կը պատկանին։ Ճշմարտութիւնը անաչառ է։ Ան ամէն տեսակ մարդիկ կը հրապուրէ»։

5. 2004–ի ծառայութեան տարուան տեղեկագրութիւնը ի՞նչ հոյակապ արդիւնքներ կը յայտնէ։

5 Այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը կը տեսնենք, մինչ ամէն տարի հարիւր հազարաւոր պարկեշտամիտ անհատներ, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին շնորհիւ կը մղուին իրենց կեանքը Եհովայի նուիրելու եւ իր կամքը կատարելու։ 2004–ի ծառայութեան տարին՝ Սեպտեմբեր 2003–էն մինչեւ Օգոստոս 2004, բացառութիւն չկազմեց։ Այս 12 ամսուան մէջ, 262,416 անհատներ Եհովայի իրենց նուիրուիլը հանրապէս խորհրդանշեցին ջուրի մկրտութեամբ։ Ասիկա տեղի ունեցաւ 235 երկիրներու մէջ, ուր Եհովայի Վկաները ամէն շաբաթ 6,085,387 Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, ամէն խաւի, ազգի, տոհմի ու լեզուի պատկանող անհատներու օգնելու որ Աստուծոյ Խօսքէն կենսատու ճշմարտութիւնը ստանան։—Յայտնութիւն 7։9

6. Ի՞նչ բանի շնորհիւ տարիէ տարի յաւելում տեղի ունեցած է։

6 Ի՞նչ բան այս բոլորը կարելի դարձուց։ Կասկած չկայ որ Եհովա այս ուղղաբարոյ անհատները իրեն կը քաշէ։ (Յովհաննու 6։66. Գործք 13։48) Սակայն պէտք չէ անտեսենք Թագաւորութիւնը ժրաջանօրէն փնտռողներուն անձնազոհ հոգին ու անխոնջ ջանքերը։ 79 տարեկանին Եղբայր Մէգմիլըն գրեց. «Առաջին օրէն որ հիւանդ ու մահացու մարդկութեան տրուած խոստումներուն մասին տեղեկացայ, Աստուածաշունչի պատգամին յայտնած բաներուն նկատմամբ դեռ յոյսս պայծառ է։ Այդ օրն իսկ որոշեցի Աստուածաշունչին սորվեցուցած բաներուն մասին աւելի գիտնալ, որպէսզի կարենամ օգնել անոնց որ ինծի նման, Ամենակալ Եհովա Աստուծոյ եւ մարդկութեան վերաբերեալ իր բարի նպատակներուն մասին կ’ուզեն գիտութիւն ստանալ»։

7. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գտնող անհատներուն ուրախութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը։

7 Այդ նախանձախնդրութիւնը կարելի է նաեւ տեսնել Եհովայի արդի ծառաներուն մէջ։ Օրինակ, նկատի առ Տանիէլլան, որ կ’ապրի Վիեննայի մէջ, Աւստրիա։ Ան ըսաւ. «Մանկութենէս ի վեր, Աստուած ամենամտերիմ բարեկամս եղած է։ Միշտ կ’ուզէի իր անունը գիտնալ, քանի որ ‘Աստուած’ բառը ինծի համար շատ անդէմ էր։ Բայց ստիպուած էի սպասել մինչեւ որ Եհովայի Վկաները դուրս զարկին, երբ 17 տարեկան էի։ Անոնք բացատրեցին Աստուծոյ մասին ամէն ինչ որ կ’ուզէի գիտնալ։ Վերջապէս ճշմարտութիւնը գտայ, եւ անիկա հոյակապ էր։ Ա՛յնքան ոգեւորուեցայ որ սկսայ ամէն ոքի քարոզել»։ Անոր խանդավառ մօտեցումին պատճառով դպրոցակիցները զինք ծաղրանքի առարկայ դարձուցին։ «Բայց ինծի համար, ասիկա Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման ականատես ըլլալու պէս էր», շարունակեց Տանիէլլան, «քանի որ սորված էի թէ Յիսուս ըսած էր որ իր հետեւորդները պիտի ատուէին ու հալածուէին իր անունին համար։ Շատ ուրախ եւ հիացած էի»։ Շուտով Տանիէլլան իր կեանքը Եհովայի նուիրեց, մկրտուեցաւ եւ սկսաւ միսիոնարական ծառայութեան նպատակակէտը հետապնդել։ Ամուսնանալէ ետք, Տանիէլլան եւ իր ամուսինը Հէլմութ սկսան քարոզել Վիեննայի մէջ բնակող Ափրիկեցիներուն, Չինացիներուն, Ֆիլիփփինցիներուն եւ Հնդիկներուն։ Ներկայիս Տանիէլլան ու Հէլմութը որպէս միսիոնարներ կը ծառայեն հարաւ–արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։

Անոնք Չեն Հեղգանար

8. Շատեր Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ի՞նչ վարձահատոյց կերպով ցուցաբերած են։

8 Արդարեւ միսիոնարական ծառայութիւնը կերպերէն մէկն է, որով Եհովայի ժողովուրդը ներկայիս կը ցուցաբերեն Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը։ Յիսուսի առակին մէջի վաճառականին նման, այս ծառայութեան ձեռնարկողները Թագաւորութեան սիրոյն պատրաստ են հեռաւոր տեղեր ճամբորդելու։ Անշուշտ այս միսիոնարները չեն ճամբորդեր Թագաւորութեան բարի լուրը գտնելու համար. անոնք այս լուրը կը տանին երկրագունդին հեռաւոր անկիւնները բնակող մարդոց, անոնց սորվեցնելով եւ օգնելով որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներն ըլլան։ (Մատթէոս 28։19, 20) Շատ մը երկիրներու մէջ, անոնք ստիպուած են արտակարգ դժուարութիւններու տոկալ։ Բայց անոնց համբերատարութիւնը մեծապէս կը վարձատրուի։

9, 10. Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան կամ այլ հեռաւոր վայրերու մէջ, միսիոնարները ի՞նչ ոգեւորիչ փորձառութիւններ կը վայելեն։

9 Օրինակ, նկատի առ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, ուր անցեալ տարի Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցաւ 16,184 հոգի,– Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւին մօտաւորապէս եօթը անգամը։ Որովհետեւ այս երկրին շատ մը շրջաններուն մէջ ելեկտրականութիւն չկայ, մարդիկ սովորաբար իրենց առօրեայ գործերը տունէն դուրս՝ ծառի մը շուքին տակ կ’ընեն։ Ուստի բնական է որ միսիոնարներն ալ նոյն սովորութեան հետեւելով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները տունէն դուրս՝ ծառի մը շուքին տակ վարեն։ Դուրսը աւելի լուսաւոր եւ աւելի զով ըլլալէն զատ, յաւելեալ առաւելութիւն մը ունի։ Մարդիկ Աստուածաշունչին հանդէպ խոր սէր ունին եւ կրօնական նիւթերու մասին խօսիլը սովորական բան մըն է, ինչպէս՝ ուրիշ մշակոյթներու մէջ մարզանքին կամ օդին մասին խօսիլը։ Յաճախ, անցորդները կը նշմարեն տեղի ունեցածը եւ ուսումնասիրութեան կը միանան։

10 Այսպէս, երբ միսիոնար մը տան մը առջեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարէր, փողոցին միւս կողմը բնակող երիտասարդ մը մօտեցաւ եւ ըսաւ թէ միսիոնարը տակաւին այցելութիւն մը չէ տուած իրեն, եւ ինք կ’ուզէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ։ Անշուշտ միսիոնարը ուրախութեամբ հրաւէրը ընդունեց, եւ երիտասարդը այժմ արագօրէն կը յառաջդիմէ։ Այս երկրին մէջ յաճախ ոստիկանները ճամբան Վկաները կը կեցնեն, ո՛չ թէ դատակոչ մը տալու կամ տուգանք պահանջելու, այլ՝ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն նորագոյն թիւերը ուզելու, կամ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու իրենց կարդացած որոշ մէկ յօդուածին համար։

11. Հակառակ դժուարութիւններու, երկար ժամանակ միսիոնար եղողները իրենց ծառայութիւնը ի՞նչպէս կը նկատեն։

11 40 կամ 50 տարի առաջ միսիոնարական ծառայութեան ձեռնարկողներէն շատեր տակաւին հաւատարմօրէն կը ծառայեն դաշտին մէջ։ Անոնք մեր բոլորին համար հաւատքի ու յարատեւութեան ի՜նչ ընտիր օրինակ մըն են։ Անցեալ 42 տարիներու ընթացքին, ամոլ մը որպէս միսիոնար միասնաբար ծառայած են երեք երկիրներու մէջ։ Ամուսինը կ’ըսէ. «Դժուարութիւններ եղած են։ Օրինակ, 35 տարի ջերմախտի դէմ պայքար մղեցինք։ Բայց եւ այնպէս, միսիոնար ըլլալու մեր որոշումին համար երբեք չզղջացինք։ Կինը կ’աւելցնէ. «Միշտ երախտապարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունէինք։ Դաշտի ծառայութիւնը շատ մեծ ուրախութիւն է, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլը դիւրին է։ Երբ աշակերտներուն ժողովի գալը եւ իրարու ծանօթանալը տեսնէք, կը զգաք թէ ընտանիքի անդամներ են որ քով–քովի կու գան»։

Անոնք ‘Բոլոր Բաներն Ալ Վնաս կը Սեպեն’

12. Թագաւորութեան արժէքին հանդէպ իսկական գնահատութիւնը ի՞նչպէս կ’արտայայտուի։

12 Երբ ճամբորդող վաճառականը շատ թանկագին մարգարիտ մը գտաւ, ‘գնաց՝ իր ամբողջ ունեցածը ծախեց եւ գնեց այդ մարգարիտը’։ (Մատթէոս 13։46, Անթիլիաս) Թագաւորութեան արժէքը իրապէս գնահատող անհատները կը յատկորոշուին արժէքաւոր նկատուած բանէ մը հրաժարելու այս կամեցողութեամբ։ Քրիստոսի հետ Թագաւորութեան փառքին մէջ բաժին ունեցողներէն մէկը ըլլալով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ»։—Փիլիպպեցիս 3։8

13. Չեխ Հանրապետութեան մէջ անհատ մը ի՞նչպէս Թագաւորութեան հանդէպ իր սէրը ապացուցանեց։

13 Նոյն կերպով, ներկայիս շատեր պատրաստ են իրենց կեանքին մէջ հսկայական փոփոխութիւններ մտցնելու, Թագաւորութեան օրհնութիւնները ձեռք ձգելու համար։ Օրինակ, Հոկտեմբեր 2003–ին, Չեխ Հանրապետութեան մէջ, դպրոցի մը 60 տարեկան տնօրէնը ստացաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գիրքը՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Զայն կարդալէ ետք, ան անմիջապէս իր շրջանի Եհովայի Վկաները փնտռեց եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեց։ Ան հոգեւորապէս յառաջդիմեց եւ շատ չանցած սկսաւ բոլոր ժողովներուն յաճախել։ Սակայն ան ի՞նչ ըրաւ քաղաքապետական եւ ապա ծերակուտական ընտրութիւններուն մասնակցելու իր ծրագիրներուն։ Ան ընտրեց տարբեր ասպարէզ մը հետապնդել,– կեանքի մրցարշաւին մասնակցիլ որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանող։ Ան ըսաւ. «Դպրոցիս մէջ աշակերտներուն կրցայ բազմաթիւ աստուածաշնչական գրականութիւններ տալ»։ Յուլիս 2004–ին տեղի ունեցող նահանգային համաժողովի մը մէջ, ան Եհովայի իր նուիրուիլը խորհրդանշեց ջուրի մկրտութեամբ։

14. (ա) Թագաւորութեան բարի լուրը միլիոնաւորներ մղած է ի՞նչ ընելու։ (բ) Ի՞նչ զգաստացուցիչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի ուղղել։

14 Աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր ուրիշներ նոյն կերպով Թագաւորութեան բարի լուրին ընդառաջած են։ Անոնք ամբարիշտ աշխարհէն դուրս եկած են, իրենց հին անձնաւորութիւնը հանած են, իրենց նախկին ընկերակիցները ձգած են եւ իրենց աշխարհային հետապնդումներէն հրաժարած են։ (Յովհաննու 15։19. Եփեսացիս 4։22-24. Յակոբու 4։4. Ա. Յովհաննու 2։15-17) Անոնք այս բոլորը ինչո՞ւ կ’ընեն։ Քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները շա՜տ աւելի կ’արժեւորեն, քան՝ իրերու ներկայ դրութեան հրամցուցած որեւէ բան։ Թագաւորութեան բարի լուրին հանդէպ նոյն կերպով կը զգա՞ս։ Անիկա քեզ կը մղէ՞ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու, որպէսզի կենցաղդ, արժանիքներդ եւ նպատակակէտերդ Եհովայի պահանջներուն հետ ներդաշնակ ըլլան։ Ասիկա ընելով ճոխ օրհնութիւններ պիտի վայելես, հիմա եւ յաւիտեան։

Հունձքը Իր Բարձրակէտին կը Հասնի

15. Ի՞նչ մարգարէացուած էր թէ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ընէր վերջին օրերուն։

15 Սաղմոսերգուն գրեց. «Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը յօժարակամ պիտի ըլլայ»։ Յօժարակամ եղողներուն մէջ կան ‘ցօղի նման երիտասարդներ’ եւ ‘աւետաբեր կիներու մեծ զօրաբաժին մը’։ (Սաղմոս 68։11, ԱՎ. 110։3) Այս վերջին օրերուն, տղամարդոցմէ ու կիներէ, երիտասարդներէ ու ծերերէ բաղկացած Եհովայի ժողովուրդին ժրաջանութիւնն ու զոհողութիւնը ի՞նչ արդիւնք տուած է։

16. Օրինակ մը տուր թէ Աստուծոյ ծառաները ի՛նչ կերպերով ուրիշներուն կ’օգնեն որ Թագաւորութեան մասին սորվին։

16 Հնդկաստանի մէջ ռահվիրայ մը, կամ Թագաւորութիւնը ծանուցանող լիաժամ ծառայ, հարց կու տար թէ Հնդկաստանի աւելի քան երկու միլիոն խուլերուն ի՛նչպէս կարելի էր օգնել որ Թագաւորութեան մասին սորվին։ (Եսայեայ 35։5) Այս քոյրը որոշեց Պանկալորի մէջ համրերու լեզուն սորվեցնող դպրոց մը յաճախել։ Ան կրցաւ Թագաւորութեան յոյսը բաժնել բազմաթիւ խուլերու հետ, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խմբակներ կազմուեցան։ Մի քանի շաբաթ ետք, տասնեակ անհատներ սկսան Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող ժողովներուն ներկայ ըլլալ։ Հետագային, հարսանեկան ընդունելութեան մը ընթացքին, ռահվիրան Կալկաթայէն եկող խուլ պատանիի մը ծանօթացաւ, որ շատ հարցումներ ունէր եւ ուզեց Եհովայի մասին աւելին գիտնալ։ Սակայն խնդիր մը կար։ Պատանին Կալկաթա պէտք էր վերադառնար, շուրջ 1,600 քիլոմեթր հեռու, քոլէճ յաճախելու համար, եւ հոն համրերու լեզուն գիտցող Վկաներ չկային։ Ան մեծ ջանք թափելով համոզեց իր հայրը որ թոյլ տայ որ Պանկալորի մէկ դպրոցը յաճախէ, այնպէս որ կարենայ իր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը շարունակել։ Ան հոգեւորապէս յառաջդիմեց, եւ շուրջ տարի մը ետք, իր կեանքը Եհովայի նուիրեց։ Ան իր կարգին Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց կարգ մը խուլերու հետ, ի ներառեալ մանկութեան մէկ բարեկամը։ Ներկայիս Հնդկաստանի մասնաճիւղի գրասենեակը կարգադրութիւններ կ’ընէ որ ռահվիրաներ համրերու լեզուն սորվին, այդ դաշտին մէջ օգնութիւն մատուցանելու համար։

17. Յիշէ յատկապէս քաջալերական բան մը որ տեսար 2004–ի ծառայութեան տարուան տեղեկագրին մէջ, էջ 23-26։

17 Այս պարբերաթերթին 23-26–րդ էջերուն վրայ պիտի գտնես Եհովայի Վկաներուն դաշտի ծառայութեան 2004–ի համաշխարհային տեղեկագիրը։ Քիչ մը ժամանակ տրամադրէ զայն աչքէ անցընելու, եւ անձամբ տես ապացոյցը թէ համայն աշխարհի մէջ Եհովայի ժողովուրդը կեդրոնացած է «շատ թանկագին մարգարիտ»ը փնտռելու վրայ։

Շարունակենք ‘Նախ Թագաւորութիւնը Փնտռել’

18. Ճամբորդող վաճառականին առակին մէջ, Յիսուս ի՞նչ տեղեկութիւններ չպարփակեց, եւ ինչո՛ւ։

18 Անգամ մը եւս նկատի առնելով ճամբորդող վաճառականին առակը, կը տեսնենք որ Յիսուս որեւէ բան չըսաւ թէ վաճառականը իր ապրուստը ի՛նչպէս պիտի ճարէր, իր ամբողջ ունեցածը ծախելէ ետք։ Իրատեսօրէն ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Վաճառականը ի՞նչպէս պիտի կարենար ուտելիք, հագուստ եւ բնակարան կարգադրել, հիմա որ իր ամբողջ ունեցածը ծախած էր։ Այդ թանկագին մարգարիտը իրեն ի՞նչ օգուտ պիտի բերէր’։ Ասոնք տրամաբանական հարցումներ կրնան ըլլալ՝ մարմնաւոր տեսանկիւնէն դիտուած։ Բայց Յիսուս իր աշակերտները չէ՞ր յորդորած. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։31-33) Առակը գլխաւորաբար կը շեշտէ Աստուծոյ հանդէպ միասիրտ նուիրում եւ Թագաւորութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու կարիքը։ Ասոր մէջ մեզի համար դաս մը կա՞յ։

19. Յիսուսի շատ թանկագին մարգարիտին առակէն ի՞նչ կարեւոր դաս մը կրնանք սորվիլ։

19 Սքանչելի բարի լուրը նոր լսած ենք թէ տասնամեակներէ ի վեր Թագաւորութիւնը կը փնտռենք ու անոր օրհնութիւններուն մասին ուրիշներուն կը խօսինք, պէտք է շարունակենք Թագաւորութիւնը մեր հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան առանցքը դարձնել։ Դժուարին ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, բայց վաւերական պատճառներ ունինք հաւատալու թէ մեր հետապնդած բանը իրական ու անբաղդատելի է,– վաճառականին գտած մարգարիտին նման։ Աշխարհի իրադարձութիւնները եւ Աստուածաշունչի կատարուած մարգարէութիւնները համոզիչ ապացոյց կը հայթայթեն թէ «իրերու դրութեան վախճան»ին մէջ կ’ապրինք։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Ճամբորդող վաճառականին նման, թող Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ սրտագին նախանձախնդրութիւն ցուցաբերենք եւ բարի լուրը ծանուցանելու առանձնաշնորհումով ուրախանանք։—Սաղմոս 9։1, 2

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ բանի շնորհիւ տարիէ տարի յաւելում տեղի ունեցած է ճշմարիտ երկրպագուներուն մէջ։

• Միսիոնարները ի՞նչ հոգի կը դրսեւորեն։

• Անհատներ ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրած են Թագաւորութեան բարի լուրին շնորհիւ։

• Յիսուսի շատ թանկագին մարգարիտին առակէն ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը կրնանք սորվիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ՝ էջ 23, 26]

2004–Ի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

(Տե՛ս կազմուած հատորը)

[Նկար՝ էջ 20]

Ճամբորդող վաճառականին նման, ներկայիս միսիոնարները առատապէս կ’օրհնուին

[Նկար՝ էջ 21]

‘Ժողովուրդդ յօժարակամ պիտի ըլլայ’