Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնել»

«Շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնել»

«Շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնել»

«Մարդիկ երկինքի արքայութիւնը ձեռք ձգելու համար ոյժ կը բանեցնեն, եւ զօրաւորները ձեռք կը ձգեն զայն»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 11։12, Անթիլիաս

1, 2. (ա) Թագաւորութեան առակներէն մէկուն մէջ Յիսուս ո՞ր անսովոր յատկութիւնը աչքառու դարձուց։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ըսաւ մարգարիտին առակին մէջ։

ԿԱ՞Յ բան մը որ ա՛յնքան շատ կ’արժեւորես, որ ամբողջ ունեցածդ կու տաս կամ կը զոհես, զայն ձեռք ձգելու համար։ Թէեւ մարդիկ կ’ըսեն թէ իրենք նուիրուած են իրենց նպատակակէտը հետապնդելու,– դրամ, համբաւ, հեղինակութիւն կամ դիրք,– բայց հազուագիւտ է որ անհատ մը գտնէ շատ ցանկալի բան մը ու յօժարի ամէն բան զոհել զայն ունենալու համար։ Յիսուս Քրիստոս այս անսովոր բայց հիանալի յատկութեան ակնարկեց, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին միտք գրգռող իր բազմաթիւ առակներէն մէկուն մէջ։

2 Անիկա մարգարիտին առակը կամ օրինակն է, որ Յիսուս իր աշակերտներուն պատմեց երբ առանձին էին։ Յիսուս հետեւեալը ըսաւ. «Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն [«ճամբորդող», ՆԱ] վաճառականին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ։ Երբ շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնէ՝ կ’երթայ, [«եւ շուտով», ՆԱ] իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ եւ կը գնէ այդ մարգարիտը»։ (Մատթէոս 13։36, 45, 46, Անթիլիաս) Յիսուս ի՞նչ ուզեց որ իր ունկնդիրները այս առակէն սորվին։ Իսկ ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի խօսքերէն օգտուիլ։

Մարգարիտներուն Մեծ Արժէքը

3. Վաղեմի ժամանակներուն գեղեցիկ մարգարիտները ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր էին։

3 Հինուց մարգարիտները արժէքաւոր զարդեղէն նկատուած են։ Աղբիւր մը դիտել կու տայ թէ Հռովմէացի ուսումնական Պլինիոս Երէցի համաձայն, մարգարիտները «բոլոր արժէքաւոր բաներուն մէջ առաջին կարգը կը գրաւէին»։ Ոսկիին, արծաթին կամ շատ մը գոհարներուն հակառակը, մարգարիտները ապրող արարածներու կողմէ կ’արտադրուին։ Հանրածանօթ է որ որոշ ոստրէներ կրնան գրգռիչ բաներ, ինչպէս՝ շատ մանր քարեր, գեղափայլ մարգարիտներու վերածել, զանոնք պատելով սատափ կոչուած նիւթով։ Վաղեմի ժամանակներուն, ամենէն գեղեցիկ մարգարիտները ձեռք կը ձգուէին գլխաւորաբար Կարմիր ծովէն, Պարսից ծոցէն եւ Հնդկական ովկիանոսէն,– Իսրայէլի երկրէն շատ հեռու։ Անտարակոյս այս պատճառով Յիսուս խօսեցաւ ‘ճամբորդող վաճառականին մասին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ’։ Իսկապէս արժէքաւոր մարգարիտներ գտնելը, մեծ ջանքի կը կարօտի։

4. Ճամբորդող վաճառականին առակին գլխաւոր կէտը ի՞նչ է։

4 Թէեւ վաղուց գեղեցիկ մարգարիտներուն գինը շատ բարձր եղած է, սակայն բացայայտ է որ Յիսուսի առակին գլխաւոր կէտը անոնց դրամական արժէքին մասին չէր։ Այս առակին մէջ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պարզապէս չնմանցուց շատ թանկագին մարգարիտի մը. ան ուշադրութեան յանձնեց ‘ճամբորդող վաճառական մը, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ’ եւ անոր հակազդեցութիւնը, երբ հատ մը գտաւ։ Սովորական խանութպանի մը հակառակը, մարգարիտի ճամբորդող վաճառականը մասնագէտ էր, այսինքն՝ ունէր հարկ եղած սուր աչքը կամ զգայունութիւնը, զատորոշելու համար արտակարգ մարգարիտի մը գեղագիտական յատկութիւններն ու մանրամասնութիւնները։ Ան դիւրաւ կրնար վաճառքի հանուած հարազատ մարգարիտը զանազանել ցածորակ կամ կեղծ մարգարիտէն։

5, 6. (ա) Յիսուսի առակին մէջի վաճառականին նկատմամբ ի՞նչ բան ուշագրաւ է։ (բ) Պահուած գանձին առակը ի՞նչ կը յայտնէ ճամբորդող վաճառականին մասին։

5 Այս վաճառականին նկատմամբ ուրիշ բան մըն ալ ուշագրաւ է։ Սովորական վաճառականը նախ հաշիւ կ’ընէր թէ մարգարիտը շուկային մէջ ո՞րքան կ’արժէր, որպէսզի որոշէր իր գնելիք ու ծախելիք գումարը, շահոյթ ապահովելով։ Ան նաեւ նկատի կ’առնէր թէ այս մարգարիտը շուկայ ունէ՞ր, այնպէս որ կարենար շուտով ծախել զայն։ Ուրիշ խօսքով, ան հետաքրքրուած պիտի ըլլար իր ներդրումէն արագօրէն դրամ շահելով, եւ ո՛չ թէ՝ մարգարիտը իր քով պահելով։ Բայց Յիսուսի առակին մէջի վաճառականը այսպէս չէր։ Ան դրամական կամ նիւթական շահով հետաքրքրուած չէր։ Իրականութեան մէջ, ան պատրաստ էր «իր ամբողջ ունեցածը» զոհելու,– հաւանաբար իր բոլոր ստացուածքները,– իր փնտռածը ձեռք ձգելու համար։

6 Շատ մը վաճառականներու աչքին, Յիսուսի առակին մէջի վաճառականին ըրածը հաւանաբար անխոհեմութիւն էր։ Խորագէտ առեւտրական մը պիտի չուզէր այսպիսի վտանգաւոր գործ մը ձեռնարկել։ Բայց Յիսուսի առակին մէջի վաճառականը տարբեր կերպով հարցերը կ’արժեւորէր։ Անոր վարձատրութիւնը նիւթական օգուտը չէր, այլ՝ գերազանց արժէքաւոր բան մը ունենալու ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը։ Յիսուս այս կէտը ուրիշ առակով ալ յստակացուց, երբ ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։ (Մատթէոս 13։44) Այո, գանձը գտնելու եւ անոր տէրը դառնալու ուրախութիւնը բաւարար էր մարդը մղելու որ իր ամբողջ ունեցածը ծախէ։ Ներկայիս այսպիսի անհատներ կա՞ն։ Գանձ մը կա՞յ, որուն համար կ’արժէ այսպիսի զոհողութիւն ընել։

Անոնք որ Թագաւորութեան Մեծ Արժէքը Գնահատեցին

7. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ խորապէս կը գնահատէր Թագաւորութեան մեծ արժէքը։

7 Երբ իր առակը կը պատմէր, Յիսուս «երկնքի թագաւորութեան» մասին կը խօսէր։ Վստահաբար ինք անձամբ գնահատեց Թագաւորութեան մեծ արժէքը։ Աւետարանները զօրեղապէս կը վկայեն այս իրողութեան։ Հ.Դ. 29–ին իր մկրտութենէն ետք, Յիսուս «սկսաւ քարոզել ու ըսել. ‘Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է’»։ Երեք ու կէս տարի ան ամբոխներու սորվեցուց Թագաւորութեան մասին։ Ան երկրին չորս կողմը գնաց, «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր»։—Մատթէոս 4։17. Ղուկաս 8։1

8. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ ցոյց տալու համար թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի իրագործէ։

8 Ամբողջ երկրին մէջ բազմաթիւ հրաշքներ գործելով,– ինչպէս՝ հիւանդները բուժել, անօթիները կերակրել, բնութեան տարրերը նուաճել, նոյնիսկ մեռելները յարուցանել,– Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի իրագործէ։ (Մատթէոս 14։14-21. Մարկոս 4։37-39. Ղուկաս 7։11-17) Ի վերջոյ, ան Աստուծոյ ու Թագաւորութեան հանդէպ իր հաւատարմութիւնը փաստեց իր կեանքը տալով, տանջանքի ցիցի վրայ նահատակուելով։ Ճիշդ ինչպէս ճամբորդող վաճառականը «շատ թանկագին մարգարիտ»ին համար կամովին իր ամբողջ ունեցածը տուաւ, նոյնպէս Յիսուս ապրեցաւ ու մեռաւ Թագաւորութեան համար։—Յովհաննու 18։37

9. Յիսուսի առաջին աշակերտները ի՞նչ հազուագիւտ յատկութիւն դրսեւորեցին։

9 Յիսուս ո՛չ միայն իր կեանքը Թագաւորութեան վրայ կեդրոնացուց, այլեւ հետեւորդներ հաւաքեց։ Ասոնք ալ խորապէս գնահատեցին Թագաւորութեան մեծ արժէքը։ Անոնցմէ մէկը Անդրէասն էր, որ սկիզբը Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտն էր։ Լսելէ ետք Յովհաննէսի վկայութիւնը թէ Յիսուս «Աստուծոյ Գառ»ն է, Անդրէաս եւ Յովհաննէսի ուրիշ մէկ աշակերտը,– շատ հաւանաբար Զեբեդէոսի որդիներէն մէկը, որ նոյնպէս Յովհաննէս կը կոչուէր,– անմիջապէս Յիսուսի հետեւեցան ու հաւատացեալներ դարձան։ Բայց հարցը հոս վերջ չգտաւ։ Անդրէաս իսկոյն իր եղբօր՝ Սիմոնի քով գնաց ու անոր ըսաւ. «Գտանք Մեսիան»։ Անկէ քիչ ետք, Սիմոն (որ Կեփաս կամ Պետրոս անունով ճանչցուեցաւ), Փիլիպպոս ու իր բարեկամը Նաթանայէլ Յիսուսը ընդունեցին իբրեւ Մեսիան։ Իրականութեան մէջ, Նաթանայէլ մղուեցաւ Յիսուսի ըսելու. «Դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը»։—Յովհաննու 1։35-49

Գործի Լծուեցան

10. Առաջին հանդիպումէն ժամանակ մը ետք, երբ Յիսուս եկաւ ու զիրենք կանչեց, աշակերտները ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

10 Անդրէաս, Պետրոս, Յովհաննէս եւ ուրիշներ Մեսիան բնորոշելով ոգեւորուեցան, ինչպէս ճամբորդող վաճառականը ոգեւորուեցաւ՝ շատ թանկագին մարգարիտը գտնելով։ Այժմ անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Աւետարանները մեզի քիչ բան կը պատմեն թէ անոնք Յիսուսի հանդիպելէ ետք ի՛նչ ըրին։ Ըստ երեւոյթին, անոնցմէ շատեր իրենց սովորական կենցաղին վերադարձան։ Սակայն շուրջ 6-12 ամիս ետք, Յիսուս անգամ մը եւս հանդիպեցաւ Անդրէասի, Պետրոսի, Յովհաննէսի ու անոր եղբօր՝ Յակոբոսի, երբ Գալիլիայի ծովուն եզերքը ձկնորսութեամբ կը զբաղէին։ * Զանոնք տեսնելով, Յիսուս ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ Անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Պետրոսի ու Անդրէասի մասին, Մատթէոսի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։ Իսկ Յակոբոսի ու Յովհաննէսի մասին, կը կարդանք. «Շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։ Ղուկասի արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ թէ անոնք «ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։—Մատթէոս 4։18-22. Ղուկաս 5։1-11

11. Հաւանաբար ի՞նչ պատճառով աշակերտները անմիջապէս ընդառաջեցին Յիսուսի հրաւէրին։

11 Աշակերտներուն արագ ընդառաջումը հապճե՞պ որոշում մըն էր։ Ամե՛նեւին։ Թէեւ անոնք Յիսուսի հանդիպելէ ետք իրենց գործին՝ ձկնորսութեան վերադարձան, բայց կասկած չկայ որ այդ առիթով իրենց տեսած ու լսած բաները, իրենց սիրտին ու միտքին վրայ խոր տպաւորութիւն ձգեցին։ Շուրջ մէկ տարի անցնիլը բաւարար ժամանակ տուաւ անոնց որ այս հարցերուն մասին մտածէին։ Այժմ որոշում կայացնելու ժամանակը եկած էր։ Անոնք ճամբորդող վաճառականին պէս պիտի վարուէի՞ն, որուն սիրտը ա՛յնքան ոգեւորուեցաւ անգին մարգարիտը գտնելով, որ՝ ինչպէս Յիսուս նկարագրեց՝ ‘գնաց եւ շուտով’ հարկ եղածը ըրաւ զայն գնելու համար։ Այո՛։ Իրենց տեսած ու լսած բաները իրենց սիրտը ոգեւորած էին։ Անոնք գիտակցեցան որ ժամանակն էր գործի լծուելու։ Հետեւաբար, ինչպէս Աւետարանները մեզի կ’ըսեն, առանց վարանելու անոնք ամէն բան ձգեցին եւ Յիսուսի հետեւորդները եղան։

12, 13. (ա) Յիսուսի մտիկ ընողներէն շատեր ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ (բ) Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ իր խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։

12 Այս հաւատարիմները որքա՜ն տարբեր էին Աւետարաններուն մէջ հետագային յիշուած կարգ մը անհատներէն։ Յիսուս շատերը բուժեց կամ կերակրեց, բայց անոնք պարզապէս իրենց առօրեայ զբաղումները շարունակեցին։ (Ղուկաս 17։17, 18. Յովհաննու 6։26) Ոմանք նոյնիսկ խոյս տուին երբ Յիսուս զիրենք հրաւիրեց որ իր հետեւորդները ըլլան։ (Ղուկաս 9։59-62) Ասոնց հակառակը, հաւատարիմ աշակերտներուն մասին Յիսուս հետագային ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան օրերէն մինչեւ այսօր մարդիկ երկինքի արքայութիւնը ձեռք ձգելու համար ոյժ կը բանեցնեն, եւ զօրաւորները ձեռք կը ձգեն զայն»։—Մատթէոս 11։12, Անթիլիաս

13 Այդ համարին մասին, Աստուածաշունչի ուսումնական Հայնրիխ Մէյըր կ’ըսէ. «Այս կերպով նկարագրուած է մօտալուտ Մեսիական թագաւորութեան համար մղուած նախանձախնդիր ու անդիմադրելի պայքարը։ . . . Թագաւորութեան հանդէպ եղած հետաքրքրութիւնը սուր եւ ուժեղ է (այլեւս հանդարտ կենալով ու սպասելով չէ)»։ Ճամբորդող վաճառականին նման, այս փոքրաթիւ անհատները շուտով գիտակցեցան թէ ի՛նչ բան իրապէս թանկարժէք էր, եւ Թագաւորութեան սիրոյն կամովին իրենց ամբողջ ունեցածէն հրաժարեցան։—Մատթէոս 19։27, 28. Փիլիպպեցիս 3։8

Ուրիշներ Միացան

14. Յիսուս առաքեալները ի՞նչպէս պատրաստեց Թագաւորութեան քարոզչութեան համար, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

14 Մինչ իր ծառայութիւնը կը շարունակէր, Յիսուս ուրիշները մարզեց եւ անոնց օգնեց որ Թագաւորութեան համար ջանք թափեն։ Նախ ան իր աշակերտներէն 12 հոգի ընտրեց եւ զանոնք անուանեց առաքեալ, կամ իր կողմէ ղրկուած։ Յիսուս անոնց մանրամասն հրահանգներ տուաւ իրենց ծառայութիւնը կատարելու կերպին մասին, եւ խօսեցաւ գալիք մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն մասին։ (Մատթէոս 10։1-42. Ղուկաս 6։12-16) Ապա շուրջ երկու տարի, անոնք Յիսուսի ընկերակցեցան մինչ կը քարոզէր երկրին տարածքին, անոր հետ սերտ յարաբերութիւն վայելելով։ Անոնք իր խօսքերը լսեցին, իր հրաշալի գործերուն ականատես եղան եւ իր անձնական օրինակը նկատեցին։ (Մատթէոս 13։16, 17) Անտարակոյս այս ամէնը խորապէս զիրենք տպաւորեց ու մղեց որ ճամբորդող վաճառականին նման, նախանձախնդրաբար ու սրտանց Թագաւորութիւնը փնտռեն։

15. Ըստ Յիսուսի, իր հետեւորդներուն ուրախութեան իսկական պատճառը ի՞նչ էր։

15 12 առաքեալներէն զատ, Յիսուս «ուրիշ եօթանասուն ալ որոշեց, եւ իր առջեւէն երկու–երկու ղրկեց զանոնք բոլոր քաղաքներն ու տեղերը՝ ուր ինք պիտի երթար»։ Ան նաեւ անոնց խօսեցաւ գալիք փորձութիւններուն ու նեղութիւններուն մասին, եւ հրահանգեց որ մարդոց ըսեն. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է»։ (Ղուկաս 10։1-12, ԱՎ) Երբ 70 աշակերտները վերադարձան, անոնք չափազանց ուրախ էին եւ Յիսուսի տուին սա տեղեկագրութիւնը. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։ Բայց Յիսուս յայտնեց թէ աւելի մեծ ուրախութիւն մը վերապահուած էր իրենց, Թագաւորութեան հանդէպ իրենց նախանձախնդրութեան շնորհիւ։ Ան անոնց ըսաւ. «Դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։—Ղուկաս 10։17, 20

16, 17. (ա) Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն ի՞նչ ըսաւ, իրենց հետ անցուցած վերջին գիշերը։ (բ) Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ ուրախութիւն եւ երաշխիք տուին առաքեալներուն։

16 Վերջապէս, իր առաքեալներուն հետ անցուցած վերջին գիշերը, Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, ան Տէրունական Ընթրիքը հաստատեց եւ անոնց պատուիրեց որ զայն յիշատակեն։ Այդ գիշեր, Յիսուս 11 հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։—Ղուկաս 22։19, 20, 28-30

17 Յիսուսի այս խօսքերը լսելով, առաքեալներուն սիրտը ի՜նչ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ լեցուած ըլլալու էր։ Անոնց կը շնորհուէր գերագոյն պատիւն ու առանձնաշնորհումը, որ մարդ մը կրնար ձեռք ձգել։ (Մատթէոս 7։13, 14. Ա. Պետրոս 2։9) Այդ ճամբորդող վաճառականին նման, անոնք Յիսուսի հետեւելու եւ Թագաւորութիւնը փնտռելու համար շատ բաներէ հրաժարած էին։ Այժմ իրենց երաշխիք տրուեցաւ որ ցարդ իրենց ըրած զոհողութիւնները ի զուր չէին։

18. 11 առաքեալներուն կողքին, որո՞նք Թագաւորութենէն պիտի օգտուէին։

18 Այդ գիշեր Յիսուսի հետ եղող առաքեալները Թագաւորութենէն օգտուող միակ անհատները պիտի չըլլային։ Եհովայի կամքն էր որ 144,000 անհատներ Թագաւորութեան ուխտին մէջ պարփակուէին, որպէս Յիսուս Քրիստոսի իշխանակիցներ՝ երկնային փառահեղ Թագաւորութեան մէջ։ Ասկէ զատ, Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մէջ տեսաւ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, . . . որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին . . . եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. ‘Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին’»։ Ասոնք Թագաւորութեան երկրային հպատակներն են։ *Յայտնութիւն 7։9, 10. 14։1, 4

19, 20. (ա) Բոլոր ազգերէն անհատներու ի՞նչ պատեհութիւն մատչելի է։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

19 Յիսուս երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, իր հաւատարիմ հետեւորդներուն պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Արդ, բոլոր ազգերէն անհատներ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները պիտի ըլլային։ Ասոնք ալ Թագաւորութիւնը պիտի փնտռէին,– ըլլայ երկնային թէ երկրային վարձատրութեան համար,– ինչպէս ճամբորդող վաճառականը փնտռեց գեղեցիկ մարգարիտը։

20 Յիսուսի խօսքերը ցոյց տուին թէ աշակերտելու գործը պիտի շարունակուէր մինչեւ «աշխարհիս վերջը»։ Ուստի մեր օրերուն, ճամբորդող վաճառականին նման անհատներ կա՞ն, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փնտռելու համար պատրաստ են իրենց ամբողջ ունեցածը տալու։ Այս հարցումը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 10 Զեբեդիոսի որդին Յովհաննէս այդ առաջին հանդիպումէն ետք, թերեւս Յիսուսի հետեւեցաւ եւ անոր կատարած կարգ մը բաներուն ականատես եղաւ, ինչ որ օգնեց իրեն որ զանոնք վառ կերպով արձանագրէ իր Աւետարանին մէջ։ (Յովհաննու, 2-5–րդ գլուխները) Այսուհանդերձ, Յիսուս զինք կանչելէն առաջ, որոշ ժամանակ իր հօր գործին՝ ձկնորսութեան վերադարձաւ։

^ պարբ. 18 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքին 10–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կրնա՞ս բացատրել

• Մարգարիտին կամ ճամբորդող վաճառականին առակին գլխաւոր դասը ի՞նչ է։

• Յիսուս Թագաւորութեան մեծ արժէքին հանդէպ իր խոր գնահատութիւնը ի՞նչպէս ցուցաբերեց։

• Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Անդրէաս, Պետրոս, Յովհաննէս եւ ուրիշներ անմիջապէս ընդառաջեն, երբ Յիսուս զիրենք կանչեց։

• Բոլոր ազգերէն անհատներու ի՞նչ հոյակապ պատեհութիւն մատչելի է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Յիսուս երկինք համբառնալէ առաջ, իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ աշակերտեն