Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոս՝ մարգարէութեան առանցքը

Քրիստոս՝ մարգարէութեան առանցքը

Քրիստոս՝ մարգարէութեան առանցքը

«Յիսուսի մասին վկայելն է բուն մարգարէութեան հոգին»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 19։10, Անթիլիաս

1, 2. (ա) Հ.Դ. 29–էն սկսեալ, Իսրայէլ ի՞նչ որոշումի առջեւ գտնուեցաւ։ (բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

ԺԱՄԱՆԱԿԸ՝ Հ.Դ. 29 տարին է։ Իսրայէլի բնակիչները խանդավառօրէն խոստացեալ Մեսիային մասին կը խօսին։ Յովհաննէս Մկրտիչի ծառայութիւնը ակնկալութիւններ արթնցուցած է։ (Ղուկաս 3։15) Յովհաննէս կը ժխտէ Քրիստոս ըլլալը։ Փոխարէն, Յիսուս Նազովրեցին մատնանշելով, ան կ’ըսէ. «Ես . . . վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։ (Յովհաննու 1։20, 34) Կարճ ժամանակ ետք, ամբոխներ Յիսուսի կը հետեւին իր ուսուցումները մտիկ ընելու եւ անոր ձեռքով բուժուելու համար։

2 Յաջորդ ամիսներուն, Եհովա իր Որդիին մասին ահագին ապացոյցներ կը հայթայթէ։ Անոնք որ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրած են եւ Յիսուսի գործերը կը տեսնեն, իրեն հաւատք ընծայելու հաստատ հիմ ունին։ Սակայն Աստուծոյ ուխտեալ ժողովուրդը ընդհանուր առմամբ անհաւատութիւն կը ցուցաբերէ։ Փոքրաթիւ անհատներ կ’ընդունին թէ Յիսուս Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին։ (Յովհաննու 6։61-70) Եթէ այդ ժամանակ ապրած ըլլայիր, ի՞նչ պիտի ընէիր։ Պիտի ընդունէի՞ր Յիսուսը իբրեւ Մեսիան եւ անոր հաւատարիմ հետեւորդը պիտի ըլլայի՞ր։ Նկատի առ թէ Յիսուս իր ինքնութեան մասին ի՛նչ ապացոյցներ կու տայ, երբ զինք կ’ամբաստանեն Շաբաթը բեկանելու յանցանքով, ապա նկատէ իր տուած փաստերը, որպէսզի իր հաւատարիմ աշակերտներուն հաւատքը զօրացնէ։

Յիսուս Ինք կու Տայ Ապացոյցները

3. Ի՞նչ պարագաներ Յիսուսը մղեցին իր ինքնութեան մասին ապացոյցներ ներկայացնելու։

3 Հ.Դ. 31–ի Պասեքին ժամանակն է։ Յիսուս Երուսաղէմի մէջ է։ Ան նոր բուժած է 38 տարի հիւանդ եղող մարդ մը։ Սակայն Հրեաները Յիսուսը կը հալածեն, այս հրաշքը Շաբաթ օրը ընելուն համար։ Անոնք զինք կ’ամբաստանեն նաեւ հայհոյութեան յանցանքով եւ կ’ուզեն զինք սպաննել, քանի որ Աստուած իր Հայրը կ’անուանէ։ (Յովհաննու 5։1-9, 16-18) Իր անձը պաշտպանելով, Յիսուս երեք զօրաւոր պատճառներ կու տայ, որոնք կրնան ոեւէ պարկեշտամիտ Հրեայ համոզել Յիսուսի իսկական ինքնութեան նկատմամբ։

4, 5. Յովհաննէսի ծառայութեան նպատակը ի՞նչ էր, եւ ո՞րքան ազդեցիկ էր։

4 Նախ, Յիսուս իր նախակարապետին՝ Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութեան կ’ակնարկէ, ըսելով. «Դուք Յովհաննէսին ղրկեցիք եւ ինք ճշմարտութեանը վկայ եղաւ։ Անիկա ճրագ մըն էր, որ կը վառէր ու լոյս կու տար եւ դուք քիչ մը ատեն ուզեցիք անոր լոյսովը ուրախանալ»։—Յովհաննու 5։33, 35

5 Յովհաննէս Մկրտիչ «ճրագ մըն էր, որ կը վառէր ու լոյս կու տար», այն իմաստով որ Հերովդէսի կողմէ անիրաւօրէն բանտարկուելէ առաջ, ան Մեսիայի ճամբան պատրաստելու իր աստուածային յանձնարարութիւնը կատարած էր։ Յովհաննէս ըսաւ. «Ես եկայ ջրով մկրտելու, որպէս զի [Մեսիան] Իսրայէլին յայտնուի։ . . . Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու անոր վրայ կը հանգչէր։ Եւ ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց ան որ զիս ղրկեց ջրով մկրտելու, ինք ըսաւ ինծի. ‘Որու վրայ տեսնես, որ Հոգին կ’իջնէ ու կը հանգչի անոր վրայ, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով կը մկրտէ’։ Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։ * (Յովհաննու 1։26-37) Յովհաննէս յատկապէս Յիսուսը բնորոշեց իբրեւ Աստուծոյ Որդին՝ խոստացեալ Մեսիան։ Յովհաննէսի վկայութիւնը ա՛յնքան բացայայտ էր որ իր մահէն շուրջ ութ ամիս ետք, ուղղաբարոյ Հրեաներ խոստովանեցան. «Ինչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր համար՝ ամէնը ճշմարիտ էր»։—Յովհաննու 10։41, 42

6. Յիսուսի գործերը ինչո՞ւ մարդիկը պէտք էր համոզէին թէ Աստուած անոր թիկունք կը կանգնէր։

6 Ապա Յիսուս պատճառաբանութեան ուրիշ եզր մը կը գործածէ, որպէս Մեսիա իր յանձնարարագիրը հաստատելու համար։ Ան իր կատարած բարի գործերուն կ’ակնարկէ, իբրեւ ապացոյց Աստուծոյ աջակցութեան։ «Ես Յովհաննէսին վկայութենէն ալ մեծ վկայութիւն մը ունիմ», կ’ըսէ ան, «քանզի այն գործերը որոնք Հայրը ինծի տուաւ որ կատարեմ, այն նոյն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինծի համար կը վկայեն թէ ‘Հայրը զիս ղրկեց’»։ (Յովհաննու 5։36) Նոյնիսկ Յիսուսի թշնամիները չկրցան այս ապացոյցը ժխտել, որ բազմաթիւ հրաշքներ պարփակեց։ Հետագային անոնցմէ ոմանք հարց կու տան. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ»։ (Յովհաննու 11։47) Իսկ ոմանք նպաստաւոր կերպով կ’ընդառաջեն ու կ’ըսեն. «Երբ Քրիստոս գայ, միթէ աւելի՞ նշաններ պիտի ընէ՝ քան անոնք որ ասիկա ըրաւ»։ (Յովհաննու 7։31, ԱՎ) Յիսուսի ունկնդիրները ի վիճակի էին Հօր յատկութիւնները տեսնելու Որդիին մէջ։—Յովհաննու 14։9

7. Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչպէս Յիսուսի կը վկայեն։

7 Ի վերջոյ, Յիսուս ուշադրութեան կը յանձնէ անվիճելի վկայութիւն մը։ «Գրքերը . . . ինծի համար կը վկայեն», կ’ըսէ ան, ապա կ’աւելցնէ. «Եթէ դուք Մովսէսին հաւատայիք, ինծի ալ պիտի հաւատայիք, քանզի անիկա ինծի համար գրեց»։ (Յովհաննու 5։39, 46) Անշուշտ Մովսէսէն զատ, բազմաթիւ նախաքրիստոնէական վկաներ Քրիստոսի մասին գրեցին։ Անոնց գրութիւնները կը պարփակեն հարիւրաւոր մարգարէութիւններ ու մանրամասն ազգաբանութիւն, որոնք Մեսիային կ’ակնարկեն։ (Ղուկաս 3։23-38. 24։44-46. Գործք 10։43) Ի՞նչ կրնանք ըսել Մովսիսական Օրէնքին մասին։ «Օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Գաղատացիս 3։24) Այո, «Յիսուսի մասին վկայելն է բուն մարգարէութեան հոգին [կամ՝ ամբողջ միտումը եւ նպատակը]»։—Յայտնութիւն 19։10, Անթիլիաս

8. Ինչո՞ւ Հրեաներէն շատեր Մեսիային հաւատք չընծայեցին։

8 Այս բոլոր ապացոյցները,– Յովհաննէսի բացայայտ վկայութիւնը, Յիսուսի հրաշալի գործերն ու աստուածային յատկութիւնները, եւ Սուրբ Գրութիւններուն բազմաթիւ վկայութիւնները,–  քեզ պիտի չհամոզէի՞ն որ Յիսուս Մեսիան էր։ Աստուծոյ ու իր Խօսքին հանդէպ հարազատ սէր ունեցող ոեւէ անհատ իսկոյն պիտի նկատէր ասիկա, եւ Յիսուսի հաւատք պիտի ընծայէր իբրեւ խոստացեալ Մեսիան։ Բայց Իսրայէլի մէջ այս սէրը հիմնականօրէն չկար։ Իր հակառակորդներուն Յիսուս ըսաւ. «Գիտեմ թէ Աստուծոյ սէրը ձեր մէջ չունիք»։ (Յովհաննու 5։42) Փոխանակ ‘Աստուծմէ եղող փառքը փնտռելու’, անոնք ‘իրարմէ փառք կ’ակնկալէին’։ Զարմանալի չէ որ անոնք Յիսուսի հետ անհամաձայն գտնուեցան, որ իր Հօր նման այս մտածումէն կը զզուի։—Յովհաննու 5։43, 44. Գործք 12։21-23

Ամրապնդուած՝ Մարգարէական Տեսիլքով

9, 10. (ա) Յիսուսի աշակերտներուն նշան մը տալը ինչո՞ւ յատկապէս ժամանակայարմար էր։ (բ) Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ արտակարգ խոստում տուաւ։

9 Աւելի քան մէկ տարի անցած է այն ժամանակէն, երբ Յիսուս տուաւ իր Մեսիա ըլլալուն վերոյիշեալ ապացոյցները։ Հ.Դ. 32–ի Պասեքը եկած ու անցած է։ Հաւատացեալներէն շատեր դադրած են իրեն հետեւելէ, թերեւս հալածանքի, նիւթապաշտութեան կամ կեանքի մտահոգութիւններուն պատճառով։ Ուրիշներ հաւանաբար շփոթած կամ յուսախաբ են, քանի որ Յիսուս զինք թագաւոր ընելու մարդոց ջանքերը մերժեց։ Երբ Հրեայ կրօնական առաջնորդները Յիսուսի ասպարէզ կարդացին, ան չուզեց իրեն փառք բերող երկնային նշան մը տալ։ (Մատթէոս 12։38, 39) Այս մերժումով թերեւս ոմանք շփոթութեան մատնուած են։ Ասկէ զատ, Յիսուս սկսած է իր աշակերտներուն յայտնել դժուարահասկնալի բան մը,– «պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի»։—Մատթէոս 16։21-23

10 Իսկ 9-10 ամիս ետք, Յիսուսի ժամը պիտի հասնէր որ «այս աշխարհէն ելլէ Հօրը քով»։ (Յովհաննու 13։1) Իր հաւատարիմ աշակերտներով խորապէս հետաքրքրուած ըլլալով, Յիսուս անոնցմէ ոմանց կը խոստանայ երկինքէն նշան մը տալ,– ինչ որ մերժեց անհաւատ Հրեաներուն ընել։ «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի», կ’ըսէ Յիսուս, «թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։ (Մատթէոս 16։28) Բացորոշ է թէ Յիսուս ըսել չ’ուզեր թէ իր աշակերտներէն ոմանք ողջ պիտի մնան մինչեւ Մեսիական Թագաւորութեան հաստատուիլը՝ 1914–ին։ Ան մտադրած է իր թագաւորական փառքին նախանմոյշը տալ երեք մտերիմ աշակերտներու։ Այս տեսիլքը այլակերպութիւն կը կոչուի։

11. Այլակերպութեան տեսիլքը նկարագրէ։

11 Վեց օր ետք, Յիսուս կ’առնէ իրեն հետ Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, ու զանոնք կը հանէ բարձր լեռ մը,– հաւանաբար Հերմոն լերան մէկ կատարը։ Հոն Յիսուս ‘կ’այլակերպի անոնց առջեւ. իր երեսը կը փայլի արեւի պէս, ու իր հանդերձները ճերմակ կ’ըլլան՝ լոյսի պէս’։ Նաեւ կ’երեւին Մովսէս ու Եղիա մարգարէները, որոնք Յիսուսի հետ կը խօսակցին։ Այս ահարկու դէպքը հաւանաբար գիշերը տեղի կ’ունենայ, զայն յատկապէս վառ դարձնելով։ Իրականութեան մէջ, տեսիլքը ա՛յնքան իրական է որ Պետրոս կ’առաջարկէ երեք վրան շինել, մէկը՝ Յիսուսի, մէկը՝ Մովսէսի, ու մէկը՝ Եղիայի։ Մինչ Պետրոս կը խօսի, լուսաւոր ամպ մը հովանի կ’ըլլայ անոնց վրայ, եւ ձայն մը կ’ելլէ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։—Մատթէոս 17։1-6

12, 13. Այլակերպութեան տեսիլքը Յիսուսի աշակերտներուն վրայ ինչպիսի՞ տպաւորութիւն ձգեց, եւ ինչո՛ւ։

12 Ճիշդ է որ վերջերս Պետրոս վկայած էր թէ Յիսուս՝ «Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին» է։ (Մատթէոս 16։16) Բայց այժմ կը լսեն Աստուծոյ վկայութիւնը, որ կը հաստատէ իր օծեալ Որդիին ինքնութիւնն ու դերը։ Այլակերպութեան տեսիլքը ի՜նչ հաւատք–զօրացնող փորձառութիւն մըն է Պետրոսի, Յակոբոսի ու Յովհաննէսի համար։ Այսպիսի զօրաւոր հաւատքով, այժմ անոնք աւելի լաւ պատրաստուած են գալիք բաները դիմագրաւելու եւ այն կարեւոր դերին համար, որ պիտի խաղան ապագայ ժողովքին մէջ։

13 Այլակերպութիւնը աշակերտներուն վրայ մնայուն տպաւորութիւն կը ձգէ։ Աւելի քան 30 տարի ետք, Պետրոս կը գրէ. «[Յիսուս] Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ ‘Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’։ Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ»։ (Բ. Պետրոս 1։17, 18) Այս դէպքը նմանապէս կը տպաւորէ Յովհաննէսը, որ աւելի քան 60 տարի ետք, ակներեւաբար անոր կ’ակնարկէ սա խօսքով. «Անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս»։ (Յովհաննու 1։14) Սակայն այլակերպութիւնը Յիսուսի հետեւորդներուն շնորհուած վերջին տեսիլքը չէ։

Յաւելեալ Լուսաւորում՝ Աստուծոյ Հաւատարիմներուն Համար

14, 15. Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ կերպով պիտի կենար մինչեւ Յիսուսի գալը։

14 Իր յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն կ’երեւի Գալիլիայի ծովուն եզերքը։ Ան Պետրոսի կ’ըսէ. «Եթէ ես ուզեմ որ [Յովհաննէս] կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է»։ (Յովհաննու 21։1, 20-22, 24) Այս խօսքը ցոյց կու տա՞յ թէ Յովհաննէս առաքեալ միւս առաքեալներէն աւելի պիտի ապրէր։ Ակներեւաբար այո՛, քանի որ ան կը շարունակէ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել աւելի քան 70 տարի։ Սակայն Յիսուսի խօսքը խոր իմաստ մըն ալ կը պարփակէ։

15 «Մինչեւ ես գամ» արտայայտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի խօսքը թէ պիտի «տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։ (Մատթէոս 16։28) Յովհաննէս կը կենայ մինչեւ Յիսուսի գալը, այն իմաստով որ հետագային Յովհաննէս մարգարէական տեսիլք կը ստանայ՝ թագաւորական զօրութեամբ Յիսուսի գալուն մասին։ Իր կեանքի վերջաւորութեան, մինչ աքսորուած է Պատմոս կղզին, Յովհաննէս կը ստանայ Յայտնութիւնը, որ կը բովանդակէ ապշեցուցիչ մարգարէական նշաններ, որոնք «տէրունական օր»ուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան։ Այս տպաւորիչ տեսիլքները Յովհաննէսի ա՛յնքան կ’ազդեն որ, երբ Յիսուս կ’ըսէ. «Այո՛, շուտով կու գամ ես», Յովհաննէս կը բացագանչէ. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։—Յայտնութիւն 1։1, 10. 22։20

16. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ շարունակենք մեր հաւատքը ամրացնել։

16 Առաջին դարուն ապրող պարկեշտամիտ անհատներ Յիսուսը կ’ընդունին որպէս Մեսիան եւ անոր հաւատք կ’ընծայեն։ Լայնատարած անհաւատութեան, իրենց կատարելիք գործին եւ գալիք փորձութիւններուն ի տես, նոր հաւատացեալները պէտք է ամրապնդուին։ Յիսուս իր Մեսիական ինքնութեան մասին շատ ապացոյցներ տուած է եւ լուսաւորող մարգարէական տեսիլքներ հայթայթած է, իր հաւատարիմ հետեւորդները քաջալերելու համար։ Ներկայիս, «տէրունական օր»ուան մէջ բաւական յառաջացած ենք։ Շուտով Քրիստոս Սատանայի իրերու դրութիւնը պիտի կործանէ եւ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ազատագրէ։ Մենք ալ մեր հաւատքը պէտք է ամրացնենք, մեր հոգեւոր բարօրութեան համար Եհովայի ըրած բոլոր կարգադրութիւնները լիովին օգտագործելով։

Վերապրիլ՝ Խաւարէն ու Նեղութենէն

17, 18. Առաջին դարուն, Յիսուսի հետեւորդներուն եւ Աստուծոյ նպատակին հակառակողներուն միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կար, եւ իւրաքանչիւր խումբ ի՞նչ արդիւնք քաղեց։

17 Յիսուսի մահէն ետք, աշակերտները խիզախօրէն իր պատուէրին կը հնազանդին՝ իրեն համար վկաներ ըլլալով «Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) Հակառակ հալածանքի ալիքներուն, Եհովա նորաբողբոջ քրիստոնէական ժողովքը կ’օրհնէ հոգեւոր լուսաւորումով եւ բազմաթիւ նոր աշակերտներով։—Գործք 2։47. 4։1-31. 8։1-8

18 Միւս կողմէ, բարի լուրի հակառակորդներուն հեռանկարները հետզհետէ աւելի մռայլ կը դառնան։ «Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է», կ’ըսէ Առակաց 4։19–ը։ Անոնք «չեն գիտեր թէ՝ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ»։ Այս «խաւար»ը կը սաստկանայ Հ.Դ. 66–ին, երբ հռովմէական զօրքերը Երուսաղէմը կը պաշարեն։ Անոնք առանց յայտնի պատճառի կը նահանջեն, ապա կը վերադառնան Հ.Դ. 70–ին եւ քաղաքը կը կործանեն։ Հրեայ պատմաբան Յովսեպոսի համաձայն, աւելի քան մէկ միլիոն Հրեայ կը մեռնի։ Սակայն հաւատարիմ Քրիստոնեաները կը վերապրին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ առաջին պաշարումը կը վերցուի, անոնք քաղաքէն փախչելու Յիսուսի պատուէրին կը հնազանդին։—Ղուկաս 21։20-22

19, 20. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ինչո՞ւ վախնալու պատճառ չունի, մինչ ներկայ դրութիւնը իր վախճանին կը մօտենայ։ (բ) 1914–էն տարիներ առաջ, Եհովա ի՞նչ արտակարգ խորատեսութիւն տուաւ իր ժողովուրդին։

19 Մեր պարագան նոյնն է։ Մօտալուտ մեծ նեղութիւնը Սատանայի ամբարիշտ դրութեան վերջ պիտի դնէ։ Բայց Աստուծոյ ժողովուրդը վախնալու պէտք չունի, քանի որ Յիսուս խոստացաւ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ (Մատթէոս 28։20) Իր նախկին աշակերտներուն հաւատքը կերտելու եւ զիրենք գալիք բաներուն համար պատրաստելու նպատակով, Յիսուս որպէս Մեսիական Թագաւոր իր երկնային փառքին նախանմոյշը տուաւ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ժամանակներուն մասին։ 1914–ին, այդ նախանմոյշը իրականութիւն դարձաւ։ Եւ այս իրողութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքը որքա՜ն զօրացուցած է։ Անիկա հոյակապ ապագայ մը կը խոստանայ, եւ Եհովայի ծառաներուն շնորհուած է հետզհետէ աւելի խորատեսութիւն ձեռք ձգել Մեսիական Թագաւորութեան մասին։ Ներկայ աշխարհի վատթարացած կացութեան մէջ, «արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։—Առակաց 4։18

20 Նոյնիսկ 1914–էն առաջ, օծեալ Քրիստոնեաներու խմբակ մը սկսաւ Տէրոջ վերադարձին մասին կարեւոր ճշմարտութիւններ ըմբռնել։ Օրինակ, անոնք զատորոշեցին թէ վերադարձը անտեսանելի պիտի ըլլար, ինչպէս երկու հրեշտակները ենթադրել տուին, որոնք Հ.Դ. 33–ին աշակերտներուն երեւցան, մինչ Յիսուս երկինք կը համբառնար։ Ամպ մը Յիսուսը իր աշակերտներուն աչքէն ծածկելէ ետք, հրեշտակները ըսին. «Այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս [«նոյն ձեւով», Երուսաղէմ] պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։—Գործք 1։9-11

21. Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

21 Միայն Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդները իր համբառնալը տեսան։ Ինչպէս էր պարագան այլակերպութեան, հանրային ցուցադրութիւն չկար. աշխարհը ընդհանուր առմամբ նոյնիսկ տեղեակ չէր պատահածէն։ Նոյնը տեղի պիտի ունենար թագաւորական հեղինակութեամբ Քրիստոսի վերադարձին ժամանակ։ (Յովհաննու 14։19) Միայն իր հաւատարիմ օծեալ աշակերտները պիտի զատորոշէին իր արքայական ներկայութիւնը։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ այս խորատեսութեան մեծ ազդեցութիւնը անոնց վրայ, եւ թէ ի՛նչպէս միլիոնաւորներ կը հաւաքուին, որոնք Յիսուսի երկրային հպատակները պիտի ըլլան։—Յայտնութիւն 7։9, 14

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Ակներեւ է թէ Յիսուսի մկրտութեան ատեն, միայն Յովհաննէս լսած էր Աստուծոյ ձայնը։ Այն Հրեաները որոնց Յիսուս կը խօսի, ‘Աստուծոյ ձայնը չեն լսած, ո՛չ ալ անոր կերպարանքը տեսած են’։—Յովհաննու 5։37

Կը յիշե՞ս

• Երբ Յիսուս Շաբաթը բեկանելու եւ հայհոյութիւն ընելու յանցանքով ամբաստանուեցաւ, ան ի՞նչ ապացոյց հայթայթեց՝ ցոյց տալու համար թէ ինք էր Մեսիան։

• Յիսուսի նախկին աշակերտները ի՞նչպէս այլակերպութենէն օգտուեցան։

• Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ թէ Յովհաննէս ողջ պիտի մնար մինչեւ իր գալը։

• 1914–ին, ո՞ր նախանմոյշը իրականութիւն դարձաւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 4]

Յիսուս որպէս Մեսիա իր յանձնարարագիրին ակնարկութիւն ըրաւ

[Նկար՝ էջ 6]

Այլակերպութեան տեսիլքը հաւատք զօրացնող էր

[Նկար՝ էջ 7]

Յովհաննէս ողջ պիտի մնար մինչեւ Յիսուսի ‘գալը’