Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամուսնութիւնը կրնա՛յ յաջողիլ ներկայ աշխարհին մէջ

Ամուսնութիւնը կրնա՛յ յաջողիլ ներկայ աշխարհին մէջ

Ամուսնութիւնը կրնա՛յ յաջողիլ ներկայ աշխարհին մէջ

«Սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։14

1, 2. (ա) Քրիստոնէական ժողովքին նկատմամբ ո՞ր իրողութիւնը քաջալերական է։ (բ) Ի՞նչ է յաջող ամուսնութիւնը։

ԵՐԲ քրիստոնէական ժողովքին նայինք, մեր սիրտը չի՞ տոգորուիր տեսնելով բազմաթիւ ամոլներ, որոնք իրենց կողակիցին հաւատարիմ մնացած են 10, 20, 30 տարի կամ նոյնիսկ աւելի, թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ օրերուն։—Ծննդոց 2։24

2 Մեծամասնութիւնը պիտի խոստովանէր թէ իրենց ամուսնութիւնը դժուարութիւններէ զերծ չէ եղած։ Դիտորդ մը գրեց. «Երջանիկ ամուսնութիւնները հոգերէ զերծ չեն։ Կան լաւ ժամանակներ ու վատ ժամանակներ . . . բայց ձեւով մը . . . այս ամոլները իրարու կառչած մնացած են, հակառակ արդի կեանքի տուայտանքին»։ Յաջող զոյգերը սորված են ի՛նչպէս ձեռք առնել կեանքի ճնշումներուն առթած անխուսափելի տառապանքներն ու տագնապները, մանաւանդ եթէ զաւակներ մեծցուցած են։ Անոնք փորձառաբար գիտցած են թէ իսկական սէրը «բնա՛ւ չ’իյնար»։—Ա. Կորնթացիս 13։8

3. Վիճակագրութիւնները ի՞նչ կը յայտնեն ամուսնութեան ու ամուսնալուծման մասին, եւ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։

3 Միւս կողմէ, միլիոնաւոր ամուսնութիւններ քանդուած են։ Տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ. «Մ.Ն. մէջ, կ’ակնկալուի որ ներկայ ամուսնութիւններուն կէսը ամուսնալուծումով վերջ գտնէ։ Իսկ այս ամուսնալուծումներուն կէսը տեղի պիտի ունենայ ամուսնութեան առաջին 7,8 տարիներու ընթացքին։ . . . Անոնցմէ 75 տոկոսը որ պիտի վերամուսնանայ, դարձեալ պիտի ամուսնալուծուին՝ 60 տոկոսով»։ Կացութիւնը փոխուած է նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր նախապէս ամուսնալուծման տոկոսը յարաբերաբար ցած էր։ Օրինակ, Ճափոնի մէջ ամուսնալուծման տոկոսը գրեթէ կրկնապատկուած է վերջին տարիներուն։ Այս կացութեան առաջնորդող կարգ մը ճնշումները ի՞նչ են, որոնք երբեմն գլուխ կը ցցեն նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքէն ներս։ Ի՞նչ բանի կարիք կայ ամուսնութիւնը յաջողեցնելու համար, հակառակ Սատանայի ջանքերուն որ այս կարգադրութիւնը տկարացնէ։

Թակարդներ՝ Որոնցմէ Պէտք Է Զգուշանաք

4. Ամուսնութիւնը տկարացնող ազդակներէն ոմանք ի՞նչ են։

4 Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’օգնէ հասկնալու այն ազդակները որ կրնան ամուսնութիւնը տկարացնել։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Պօղոս առաքեալի խօսքերը որ կը նկարագրեն վիճակները այս վերջին օրերու ընթացքին. «Վերջին օրերը դաժան ժամանակներ պիտի գան. որովհետեւ մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, պոռոտախօս, ամբարտաւան, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, չարախօս, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, հպարտ, աւելի հաճոյասէր քան աստուածասէր։ Անոնք ունին բարեպաշտութեան դրսերեւոյթը, բայց ուրացած են անոր զօրութիւնը։ Դուն հեռացի՛ր անոնցմէ»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, ԱՎ

5. «Անձնասէր» անհատը ինչո՞ւ իր ամուսնութիւնը կը վտանգէ, իսկ Աստուածաշունչը այս առնչութեամբ ի՞նչ կը խրատէ։

5 Պօղոսի խօսքերը վերլուծելով, կը տեսնենք թէ իր յիշած բաներէն շատեր կրնան ճամբան հարթել որ ամուսնական յարաբերութիւնը խզուի։ Օրինակ, «անձնասէր» անհատները անձնազոհ ու նկատառու չեն։ Միայն իրենց անձը սիրող ամուսինները կամ կիները կը վճռեն իրենց ուզածը ձեռք ձգել։ Անոնք անթեք ու յամառ են։ Այս վերաբերմունքը երջանիկ ամուսնութեան կը նպաստէ՞։ Ամե՛նեւին։ Պօղոս առաքեալ խոհեմաբար Քրիստոնեաները յորդորեց, ի ներառեալ ամոլները. «Ո՛չ մէկ բան ըրէք հակառակութեամբ կամ սնափառութեամբ. հապա՝ խոնարհութեամբ ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք։ Իւրաքանչիւրը թող նկատի չառնէ միայն իր շահը, այլ նաեւ ուրիշներո՛ւնը»։—Փիլիպպեցիս 2։3, 4, ԱՎ

6. Դրամասիրութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ամուսնական յարաբերութիւնը տկարացնել։

6 Դրամասիրութիւնը կրնայ խրամատ յառաջացնել ամուսինին ու կնոջ միջեւ։ Պօղոս ազդարարեց. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Դժբախտաբար, ներկայիս շատ մը ամուսնութիւններ կը կրեն Պօղոսի նշած դառն հետեւանքները։ Մինչ հարստութիւն կը հետապնդեն, բազմաթիւ ամոլներ իրենց կողակիցին կարիքները կ’անտեսեն, ի ներառեալ զգացական աջակցութեան եւ կանոնաւոր ու ջերմ ընկերակցութեան հիմնական պէտքը։

7. Կարգ մը պարագաներուն, ո՞ր վերաբերմունքը ամուսնական դաւաճանութեան առաջնորդած է։

7 Պօղոս նաեւ ըսաւ թէ այս վերջին օրերուն ոմանք պիտի ըլլային «անսուրբ [«անհաւատարիմ», ՆԱ], անգութ, անհաշտ»։ Ամուսնութեան ուխտը լուրջ խոստում մըն է, որ մնայուն յարաբերութեան պէտք է առաջնորդէ, եւ ո՛չ թէ՝ դաւաճանութեան։ (Մաղաքեայ 2։14-16) Սակայն կարգ մը կողակիցներ ռոմանթիկ զգացումներ մշակած են ուրիշ անհատներու հանդէպ։ Երեսունական տարիքի մէջ եղող կին մը, որուն ամուսինը զինք լքեց, բացատրեց թէ իր ամուսինը զինք լքելէ առաջ արդէն սկսած էր ուրիշ կիներու հետ մտերմաբար վարուիլ։ Ան չզատորոշեց թէ որպէս ամուսնացած տղամարդ իր ըրածը անպատշաճ էր։ Կինը խորապէս վիրաւորուեցաւ եւ փափկանկատօրէն փորձեց զինք զգուշացնել իր բռնած վտանգաւոր ճամբայէն։ Այսուհանդերձ ան շնութիւն գործեց։ Թէեւ քաղցրութեամբ զգուշացումներ տրուեցան, բայց ան չուզեց ականջ տալ ու հապճեպով ծուղակը ինկաւ։—Առակաց 6։27-29

8. Ի՞նչ բան կրնայ շնութեան առաջնորդել։

8 Աստուածաշունչը որքա՜ն յստակօրէն կը զգուշացնէ շնութենէն։ «Կնոջ մը հետ շնութիւն ընողը պակասամիտ է. ասիկա ընողը իր անձը կը փճացնէ»։ (Առակաց 6։32, ԱՎ) Սովորաբար մէկը անակնկալօրէն չ’իյնար շնութեան մէջ։ Ինչպէս Յակոբոս աշակերտ նշեց, շնութեան պէս մեղք մը սովորաբար կը գործուի, անհատին միտքին մէջ գաղափարը յղանալէն եւ անոր մասին շարունակ մտածելէն ետք։ (Յակոբու 1։14, 15) Մեղաւոր կողակիցը աստիճանաբար կը դադրի իր կողակիցին հաւատարիմ ըլլալէ, որուն կենսատեւ հաւատարմութիւն ուխտած էր։ Յիսուս ըսաւ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ, ‘Շնութիւն մի ըներ’, բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’»։—Մատթէոս 5։27, 28

9. Առակաց 5։18-20 ի՞նչ իմաստուն խրատ կը ներկայացնէ։

9 Ուստի Առակաց գիրքը կը քաջալերէ հետեւեալ խոհեմ ու հաւատարիմ ընթացքը. «Քու աղբիւրդ օրհնեա՜լ ըլլայ, ու երիտասարդութեանդ կնոջ հետ ուրախացի՛ր։ Ան քեզի սիրատենչ եղնիկի պէս թող ըլլայ, եւ շնորհալի այծեամի պէս. ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող յագեցնեն, ու շարունակ անոր սիրով զմայլէ՛։ Ինչո՞ւ, որդեա՛կս, օտար կնոջ մը զմայլիս, օտարազգիին ծոցը գրկես»։—Առակաց 5։18-20, ԱՎ

Ամուսնանալու Մի՛ Արտորաք

10. Ապագայ կողակիցը ճանչնալու համար բաւարար ժամանակ տրամադրելը ինչո՞ւ խոհեմութիւն է։

10 Շատ հաւանական է որ աճապարանօք ամուսնացող զոյգը խնդիրներու առջեւ գտնուի։ Անոնք թերեւս շատ փոքր ու անփորձ են, կամ՝ չեն տրամադրած բաւարար ժամանակ զիրար ճանչնալու,– իրենց ախորժած ու չախորժած բաները, կեանքի նպատակակէտերը, իրենց ընտանեկան ենթահողը։ Խոհեմութիւն է համբերող ըլլալ ու ապագայ կողակիցը ճանչնալու համար հարկ եղած ժամանակը յատկացնել։ Խորհեցէք Իսահակի որդիին՝ Յակոբի մասին։ Ռաքէլի հետ ամուսնանալու համար, ան ստիպուեցաւ իր ապագայ աներոջ քով եօթը տարի աշխատիլ։ Ան ասիկա ընելու յօժարեցաւ, քանի որ իր զգացումները հիմնուած էին իսկական սիրոյ վրայ, եւ ո՛չ թէ ֆիզիքական գրաւչութեան վրայ։—Ծննդոց 29։20-30

11. (ա) Ամուսնութիւնը ի՞նչ բաներ իրարու կը միացնէ։ (բ) Խոհեմութեամբ խօսիլը ինչո՞ւ կենսական է ամուսնութեան մէջ։

11 Ամուսնութիւնը պարզապէս ռոմանթիկ յարաբերութիւն մը չէ։ Անիկա լծակից կը դարձնէ երկու անհատներ, որոնք ունին ընտանեկան տարբեր ենթահողեր եւ իւրայատուկ անձնաւորութիւններ, զգացական խառնուածք ու յաճախ ուսումի տարբեր մակարդակներ։ Երբեմն անիկա կը միացնէ երկու մշակոյթներ եւ նոյնիսկ երկու լեզուներ։ Առնուազն անիկա քով քովի կը բերէ երկու ձայներ, որոնք ամէն հարցի շուրջ տարբեր կարծիքներ կրնան արտայայտել։ Այս երկու ձայները ամուսնութեան անբաժան մէկ մասն են։ Անոնք կրնան յարատեւ քննադատել ու գանգատիլ, կամ՝ ջերմօրէն քաջալերել ու շինել։ Այո, մեր խօսքերով կրնանք մեր կողակիցը վիրաւորել կամ բուժել։ Անսանձ խօսքերը կրնան ամուսնութիւնը շատ լարուած վիճակի մէջ պահել։—Առակաց 12։18. 15։1, 2. 16։24. 21։9. 31։26

12, 13. Ամուսնութեան նկատմամբ ի՞նչ իրատես տեսակէտ քաջալերուած է։

12 Հետեւաբար իմաստութիւն է բաւարար ժամանակ յատկացնել՝ ապագայ կողակիցը իսկապէս ճանչնալու համար։ Փորձառու Քրիստոնեայ քոյր մը ըսաւ. «Ապագայ կողակիցդ քննելով, փորձէ անոր մէջ տեսնել թերեւս տասը հիմնական պահանջներ, որ դուն սահմանած ես։ Եթէ անոնցմէ միայն եօթն գտնես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Յօժա՞ր եմ այդ երեքը անտեսելու։ Կրնա՞մ ամէն օր այդ թերութիւններուն հանդուրժել’։ Եթէ կասկածներ ունիս, կանգ առ ու կրկին անգամ խորհրդածէ»։ Անշուշտ իրատես պէտք է ըլլաս։ Եթէ կ’ուզես ամուսնանալ, գիտցիր թէ երբեք կատարեալ կողակից մը պիտի չգտնես։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ, այն անհատը որ քեզի հետ պիտի ամուսնանայ, կատարեալ կողակից մը գտած պիտի չըլլայ։—Ղուկաս 6։41

13 Ամուսնութիւնը զոհողութիւններ կը պարփակէ։ Պօղոս ասիկա ցցուն ըրաւ, երբ ըսաւ. «Ես կ’ուզէի որ դուք անհոգ ըլլաք. որովհետեւ ամուրին կը հոգայ Տէրոջ բաները, թէ ի՛նչպէս հաճեցնէ Տէրը։ Իսկ ամուսնացածը կը հոգայ աշխարհի բաները, թէ ի՛նչպէս հաճեցնէ իր կինը։ Նոյնպէս տարբերութիւն կայ ամուսնացած կնոջ եւ կոյսին միջեւ. չամուսնացած կինը կը հոգայ Տէրոջ բաները, որպէսզի ինք սուրբ ըլլայ մարմինով ու հոգիով. իսկ ամուսնացած կինը կը հոգայ աշխարհի բաները, թէ ի՛նչպէս հաճեցնէ իր ամուսինը»։—Ա. Կորնթացիս 7։32-34, ԱՎ

Ինչո՛ւ Կարգ մը Ամուսնութիւններ կը Ձախողին

14, 15. Ի՞նչ բան կրնայ ճամբան հարթել որ ամուսնական կապը տկարանայ։

14 Վերջերս Քրիստոնեայ կին մը ամուսնալուծման առթած հոգեցնցումէն տառապեցաւ, երբ իր ամուսինը զինք լքեց իրենց ամուսնութենէն 12 տարի ետք եւ ուրիշ կնոջ մը յարեցաւ։ Ասիկա պատահելէն առաջ կինը որեւէ նախանշան նշմարե՞ց։ Ան կը բացատրէ. «Ան այլեւս չէր աղօթեր, եւ տկար չքմեղանքներ կը գործածէր, քրիստոնէական ժողովներէն բացակայելու եւ քարոզչութեան չմասնակցելու համար։ Ինծի հետ ժամանակ չանցընելու համար, կ’ըսէր թէ չափազանց զբաղած կամ շատ յոգնած էր։ Ան հետս չէր խօսակցեր. հոգեւոր օտարացում մը գոյացած էր։ Ան ի՜նչ ցաւալի վիճակի մը հասաւ. այլեւս այն մարդը չէր, որուն հետ ամուսնացայ»։

15 Ուրիշներ կը տեղեկագրեն թէ համանման նշաններ նկատած են, ի ներառեալ՝ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն չընելը, աղօթքը անտեսելը կամ քրիստոնէական ժողովներէն բացակայիլը։ Ուրիշ խօսքով, իրենց կողակիցը լքողներէն շատեր թոյլ տուին որ Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը տկարանայ։ Որպէս արդիւնք, անոնց հոգեւոր տեսողութիւնը աղօտեցաւ, եւ այլեւս Եհովան չնկատեցին ապրող Աստուածը։ Իսկ խոստացեալ արդար նոր աշխարհը դադրեցաւ իրականութիւն մը ըլլալէ։ Կարգ մը պարագաներուն, այս հոգեւոր տկարութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ անհաւատարիմ կողակիցը տակաւին արտամուսնական կապ չէր հաստատած։—Եբրայեցիս 10։38, 39. 11։6. Բ. Պետրոս 3։13, 14

16. Ի՞նչ բան ամուսնութիւնը կ’ամրացնէ։

16 Միւս կողմէ, շատ երջանիկ ամոլ մը իրենց ամուսնութեան յաջողութիւնը կը վերագրեն իրենց զօրաւոր հոգեւոր կապերուն։ Անոնք միասնաբար կ’աղօթեն ու միասնաբար կ’ուսումնասիրեն։ Ամուսինը կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը միասին կը կարդանք։ Դաշտի ծառայութեան միասին կ’ելլենք։ Կը սիրենք ամէն բան միասին ընել»։ Դասը յստակ է. Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն պահպանելը, մեծապէս պիտի նպաստէ ամուսնութեան տոկունութեան։

Իրատես Եղէք ու Հաղորդակցեցէք

17. (ա) Ի՞նչ երկու բաներ ամուսնութեան յաջողութեան կը նպաստեն։ (բ) Պօղոս քրիստոնէական սէրը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։

17 Ուրիշ երկու բաներ ալ յաջող ամուսնութեան կը նպաստեն. քրիստոնէական սէրը եւ հաղորդակցութիւնը։ Սիրահար անհատները իրարու թերութիւնները անտեսելու հակում կ’ունենան, եւ թերեւս կ’ամուսնանան չափազանցուած ակնկալութիւններ ունենալով, հիմնուած՝ սիրային վէպերու կամ շարժապատկերներու վրայ։ Սակայն ի վերջոյ ամոլը պիտի ստիպուի իրականութիւնը դիմագրաւել։ Այն ատեն չնչին թերութիւնները կամ ջղայնացուցիչ բնաւորութիւնները կրնան մեծ խնդիրներու վերածուիլ։ Եթէ ասիկա պատահի, Քրիստոնեաները պէտք է ցուցաբերեն հոգիին պտուղը, որուն մէկ երեսակը սէրն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Արդարեւ քրիստոնէական սէրը շատ զօրաւոր է։ Պօղոս զայն նկարագրեց, ըսելով. «Սէրը համբերատար է, քաղցր է. . . . իրենը չի փնտռեր, չի գրգռուիր, չարութիւն չի մտածեր. . . . ամէն բանի կը հանդուրժէ, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը տոկայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4-7, ԱՎ) Բացայայտ է թէ իսկական սէրը մարդկային տկարութիւններուն կը հանդուրժէ, եւ իրատես ըլլալով, կատարելութիւն չ’ակնկալեր։—Առակաց 10։12

18. Հաղորդակցութիւնը ի՞նչպէս կրնայ յարաբերութիւն մը զօրացնել։

18 Հաղորդակցութիւնն ալ կենսական է։ Որքան ալ ըլլան անցած տարիները, ամոլները իրարու հետ պէտք է խօսակցին եւ իրարու իսկապէս մտիկ ընեն։ Ամուսին մը կ’ըսէ. «Մեր զգացումները բացէ ի բաց կ’արտայայտենք, բայց բարեկամականօրէն»։ Երջանիկ ամոլը փորձառութեամբ կը սորվի մտիկ ընել ո՛չ միայն ըսուածը, այլ նաեւ՝ չըսուած խօսքը, այսինքն զատորոշել չխօսուած գաղափարները կամ չարտայայտուած զգացումները։ Կարգ մը կիներ կ’ըսեն թէ իրենց ամուսինները իրապէս մտիկ չեն ըներ իրենց։ Իսկ կարգ մը ամուսիններ կը գանգատին թէ իրենց կիները իրենց հետ կը խօսակցին, երբ ժամանակը բոլորովին անյարմար է։ Հաղորդակցութիւնը կը պարփակէ կարեկցութիւն ու հասկացողութիւն։ Ազդու հաղորդակցութիւնը օգտաշատ է թէ՛ ամուսինին եւ թէ կնոջ։—Յակոբու 1։19

19. (ա) Ներողութիւն խնդրելը ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։ (բ) Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ ներողութիւն խնդրելու։

19 Երբեմն հաղորդակցութիւնը կը պարփակէ ներողութիւն խնդրել։ Ասիկա միշտ դիւրին չէ, քանի որ սխալանքները խոստովանիլը խոնարհութիւն կը պահանջէ։ Բայց այս մէկը ամուսնութեան մէջ մե՜ծ տարբերութիւն կ’ընէ։ Անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրելը կրնայ ապագայ վէճի մը առաջքը առնել եւ ճամբան հարթել իսկական ներումի ու խնդրին լուծման։ Պօղոս ըսաւ. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։13, 14

20. Քրիստոնեան իր կողակիցին հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուի ուրիշներուն ներկայութեան եւ երբ առանձին են։

20 Ամուսնութեան մէջ փոխադարձ աջակցութիւնն ալ էական է։ Քրիստոնեայ ամուսինը եւ կինը պէտք է կարենան իրարու վստահիլ։ Մէկը միւսը պէտք չէ նսեմացնէ կամ որեւէ կերպով անոր ինքնավստահութիւնը տկարացնէ։ Մենք մեր կողակիցը սիրալիրօրէն կը գովաբանենք ու զինք կոպտօրէն չենք քննադատեր։ (Առակաց 31։28բ) Անշուշտ մեր լծակիցը չենք նուաստացներ, զինք դարձնելով անիմաստ ու անխոհեմ կատակներու թիրախը։ (Կողոսացիս 4։6) Այս փոխադարձ աջակցութիւնը կը զօրանայ, կանոնաւորաբար խանդաղատանքի արտայայտութիւններ ընելով։ Հպում մը կամ գորովալի խօսք մը կրնայ ըսել. «Տակաւին կը սիրեմ քեզ։ Ուրախ եմ որ հետս ես»։ Ասոնք կարգ մը ազդակներ են, որոնք կրնան յարաբերութեան ազդել ու ամուսնութեան օգնել որ յաջողի ներկայ աշխարհին մէջ։ Կան ուրիշ ազդակներ ալ, եւ յաջորդ յօդուածը պիտի ներկայացնէ աստուածաշնչական յաւելեալ ուղեգծեր՝ ամուսնութիւնը ի՛նչպէս յաջողեցնելու մասին։ *

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 20 Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տես՝ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ի՞նչ կարգ մը ազդակներ կրնան ամուսնութիւնը տկարացնել։

• Աճապարանօք ամուսնանալը ինչո՞ւ անխոհեմութիւն է։

• Հոգեւորականութիւնը ի՞նչպէս կ’ազդէ ամուսնութեան։

• Ի՞նչ ազդակներ ամուսնութեան կայունութեան կը նպաստեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

Ամուսնութիւնը պարզապէս ռոմանթիկ յարաբերութիւն մը չէ

[Նկարներ՝ էջ 22]

Եհովայի հետ զօրաւոր յարաբերութիւնը ամոլին կ’օգնէ որ յաջող ամուսնութիւն ունենան