Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դատաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Դատաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Դատաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

ԵՀՈՎԱ ի՞նչպէս կը հակազդէ երբ իր ժողովուրդը զինք լքէ ու սկսի չաստուածներ պաշտել։ Ան ի՞նչ կ’ընէ եթէ անոնք կրկին անգամ ապստամբին ու իր օգնութիւնը խնդրեն միայն նեղութեան ժամանակ։ Եհովա այս պարագային ազատութեան ելք մը կը հայթայթէ՞։ Դատաւորաց գիրքը այս եւ այլ կենսական հարցումներու կը պատասխանէ։ Շուրջ Հ.Դ.Ա. 1100–ին Սամուէլ մարգարէին կողմէ ամբողջացած, այս գիրքը կ’ընդգրկէ շուրջ 330 տարուան ընթացքին տեղի ունեցած դէպքեր,– Յեսուի մահէն մինչեւ Իսրայէլի առաջին թագաւորին գահակալութիւնը։

Աստուծոյ զօրեղ խօսքին կամ պատգամին մէկը մասը ըլլալով, Դատաւորաց գիրքը մեզի համար մեծ արժէք ունի։ (Եբրայեցիս 4։12) Անոր մէջ արձանագրուած ոգեւորիչ պատմութիւնները, Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին մեր հասկացողութիւնը կը սրեն։ Անոնցմէ մեր քաղած դասերը կը զօրացնեն մեր հաւատքը եւ մեզի կ’օգնեն որ ամուր բռնենք «ճշմարիտ կեանքը»,– յաւիտենական կեանքը՝ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19. Բ. Պետրոս 3։13) Իր ժողովուրդին ի նպաստ Եհովայի կատարած փրկարար արարքները նախանմոյշ են այն մեծ ազատագրութեան մասին, որ ապագային իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս պիտի կատարէ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔ ԿԱՐ

(Դատաւորաց 1։1–3։6)

Յեսուի հրամանատարութեան ներքեւ, Քանանի երկրին թագաւորները պարտութեան մատնելէ ետք, Իսրայէլի իւրաքանչիւր տոհմ իր ժառանգին կը տիրանայ։ Սակայն Իսրայելացիները երկրին բնակիչները բոլորովին չեն վռնտեր։ Այս թերացումը Իսրայէլի համար իսկական որոգայթ կ’ըլլայ։

Յեսուի օրերէն ետք եկող սերունդը չի ճանչնար «Տէրը ու Իսրայէլին համար անոր ըրած գործերը»։ (Դատաւորաց 2։10) Ասկէ զատ, ժողովուրդը կը սկսի Քանանացիներուն հետ խնամիանալ ու անոնց չաստուածներուն ծառայել։ Ուստի Եհովա Իսրայելացիները իրենց թշնամիներուն ձեռքը կը մատնէ։ Սակայն, երբ կեղեքումը կը սաստկանայ, Իսրայէլի որդիները ճշմարիտ Աստուծոյ օգնութիւնը կը հայցեն։ Կրօնական, ընկերային ու քաղաքական այս մթնոլորտին մէջ, երեւան կու գայ դատաւորներու շարք մը որ Եհովա կը հանէ, իր ժողովուրդը իրենց թշնամիներէն ազատելու համար։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

1։2, 4—Ինչո՞ւ կ’որոշուի որ Յուդան առաջին տոհմը ըլլայ, որ իրեն նշանակուած հողամասին կը տիրանայ։ Այս առանձնաշնորհումը Յակոբի անդրանիկին՝ Ռուբէնի տոհմը պիտի վայելէր։ Բայց իր մահուան անկողինին վրայ, Յակոբ նախագուշակեց որ Ռուբէն առաջինը պիտի չըլլար, քանի որ իր անդրանկութեան իրաւունքը կորսնցուցած էր։ Շմաւոն ու Ղեւի իրենց գործած անգութ արարքին համար, Իսրայէլի մէջ պիտի ցրուէին։ (Ծննդոց 49։3-5, 7) Այսպէս կարգը Յուդայի եկաւ, որ Յակոբի չորրորդ որդին էր։ Շմաւոն, որ Յուդայի հետ պատերազմի ելաւ, Յուդայի հսկայ հողամասին մէջ պզտիկ շրջաններ ստացաւ։ *Յեսուայ 19։9

1։6, 7—Ինչո՞ւ պարտուած թագաւորներուն ձեռքերուն ու ոտքերուն բթամատները կը կտրէին։ Իր ձեռքերուն ու ոտքերուն բթամատները կորսնցուցած անհատը, ըստ երեւոյթին, զինուորական արարքի համար անյարմար կը դառնար։ Բթամատներ չունենալով, զինուորը ի՞նչպէս կրնար սուր կամ նիզակ բռնել։ Իսկ ոտքերուն խոշոր մատները կորսնցնելը կը դժուարացնէր հաւասարակշռութիւն պահպանելը։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

2։10-12. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կանոնաւոր յայտագիր մը պէտք է ունենանք, որպէսզի ‘Տէրոջ բոլոր բարերարութիւնները չմոռնանք’։ (Սաղմոս 103։2) Ծնողներ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը պէտք է քանդակեն իրենց զաւակներուն սիրտին մէջ։—Բ. Օրինաց 6։6-9

2։14, 21, 22. Եհովա որոշ նպատակով թոյլ կու տայ որ իր անհնազանդ ժողովուրդին գէշ բաներ պատահին,– զիրենք պատժելու, զտելու, եւ մղելու որ իրեն վերադառնան։

ԵՀՈՎԱ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՀԱՆԷ

(Դատաւորաց 3։7–16։31)

Դատաւորներուն քաջագործութիւններուն ոգեւորիչ արձանագրութիւնը կը սկսի Գոթոնիէլով, որ Իսրայէլը կ’ազատագրէ Միջագետքի մէկ թագաւորին ձեռքէն, ութ տարի անոր ծառայութիւն ընելէ ետք։ Քաջարի ռազմավարութիւն գործածելով, Աւովդ դատաւոր կը սպաննէ Էգղոն՝ Մովաբացի գէր թագաւորը։ Եզներու խթանով, անվեհեր Սամեգար առանձին կը մեռցնէ 600 Փղշտացի։ Դեբօրա մարգարէուհիին քաջալերութեամբ եւ Եհովայի աջակցութեամբ, Բարակ եւ թեթեւօրէն զինուած իր բանակը, Սիսարայի զօրեղ բանակը պարտութեան կը մատնեն։ Եհովա Գեդէօնը կը հանէ եւ անոր ու իր 300 մարդոց յաղթանակ կը շնորհէ Մադիանացիներուն վրայ։

Եհովա Յեփթայէի ձեռքով Իսրայէլը կ’ազատէ Ամմոնացիներէն։ Իսրայէլը դատող 12 դատաւորներուն մէջ կան նաեւ՝ Թովղա, Յայիր, Աբեսսա, Ելօն ու Աբդօն։ Դատաւորներու շրջանը վերջ կը գտնէ Սամփսոնով, որ Փղշտացիներուն դէմ կը կռուի։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

4։8—Բարակ ինչո՞ւ պնդեց որ Դեբօրա մարգարէուհին իրեն հետ պատերազմի դաշտը երթայ։ Ակներեւօրէն, Բարակ Սիսարայի բանակին դէմ առանձին պատերազմելու անատակ զգաց։ Մարգարէուհին իրեն հետ ունենալը պիտի հաւաստիացնէր զինք ու իր զինուորները թէ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը ունէին եւ իրենց վստահութիւն պիտի տար։ Ուստի Բարակին պնդումը ո՛չ թէ տկարութեան, այլ զօրաւոր հաւատքի նշան էր։

5։20Երկինքէն ի՞նչպէս աստղերը Բարակի ի նպաստ պատերազմեցան։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ պատահածը հրեշտակային օգնութի՛ւն էր, երկնաքարերու տեղատարա՛փ էր՝ որ չարագուշակ նկատուեցաւ Սիսարայի իմաստուններուն կողմէ, կամ Սիսարայի ի նպաստ աստղահմայական գուշակութի՛ւն էր՝ որ սուտ ելաւ։ Սակայն անտարակոյս աստուածային որոշ միջամտութիւն մը կար։

7։1-3. 8։10Եհովա ինչո՞ւ ըսաւ թէ Գեդէօնի 32,000 մարդիկը, 135,000 զինուորէ բաղկացած թշնամիին բանակին դէմ պատերազմելու համար շատ էին։ Քանի որ Եհովա ինք Գեդէօնի ու իր մարդոց յաղթանակ պիտի տար։ Աստուած չուզեց որ անոնք խորհին թէ իրենց անձնական ոյժով նուաճեցին Մադիանացիները։

11։30, 31—Երբ ուխտ ըրաւ, Յեփթայէ մարդկային զո՞հ մը ի մտի ունէր։ Անկարելի է որ Յեփթայէ այսպիսի բան մը մտածէր, քանի որ Օրէնքը պատուիրած էր. «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ»։ (Բ. Օրինաց 18։10) Սակայն Յեփթայէ ի մտի ունէր ա՛նձ մը եւ ո՛չ թէ անասուն մը։ Զոհելու յարմար եղող անասունները հաւանաբար չէին պահուեր Իսրայելացիներուն տուներուն մէջ։ Իսկ անասուն մը զոհելը յատկանշական բան մը պիտի չըլլար։ Յեփթայէ շատ լաւ գիտէր թէ իր տան դռնէն զինք դիմաւորելու ելլողը կրնար իր դուստրը ըլլալ։ Այս անհատը «ողջակէզ» պիտի մատուցանուէր այն առումով որ պիտի տրամադրուէր Եհովայի բացարձակ ծառայութեան, սրբարանին կապակցաբար։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

3։10. Հոգեւոր հետապնդումներուն մէջ յաջողութիւնը կախեալ է ո՛չ թէ մարդկային իմաստութենէն, այլ՝ Եհովայի հոգիէն։—Սաղմոս 127։1

3։21. Աւովդ իր սուրը հմտօրէն ու քաջաբար գործածեց։ Մենք ալ ‘հոգիին սուրը՝ Աստուծոյ խօսքը’ գործածելու մէջ հմուտ պէտք է դառնանք։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Սուրբ Գրութիւնները մեր ծառայութեան մէջ քաջաբար պէտք է գործածենք։—Եփեսացիս 6։17. Բ. Տիմոթէոս 2։15

6։11-15. 8։1-3, 22, 23. Գեդէօնի համեստութիւնը մեզի երեք կարեւոր դասեր կը սորվեցնէ. (1) Երբ ծառայութեան առանձնաշնորհում մը ստանանք, պարփակուած պատասխանատուութեան վրայ պէտք է խոկանք, փոխանակ անոր ընկերակցած երեւելիութեան կամ համբաւին վրայ կեդրոնանալու։ (2) Երբ կռուասէր անհատներու հետ գործառնութիւն ունենանք, համեստութիւն ցուցաբերելը իմաստութիւն է։ (3) Համեստութիւնը մեզ ետ կը պահէ որ դիրքով չափազանց չհետաքրքրուինք։

6։17-22, 36-40. Մենք ալ զգոյշ պէտք է ըլլանք եւ ‘ամէն հոգիի չհաւատանք’։ Փոխարէն, ‘հոգիները պէտք է փորձենք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են’։ (Ա. Յովհաննու 4։1) Վստահ ըլլալու համար թէ իր տալիք խրատը ամրօրէն հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ, խոհեմութիւն է որ Քրիստոնեայ նոր երէցը աւելի փորձառու երէցի մը կարծիքը հարցնէ։

6։25-27. Գեդէօն դատողութիւն գործածեց իր հակառակորդները անտեղիօրէն չզայրացնելու համար։ Երբ բարի լուրը կը քարոզենք, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ մեր խօսելակերպով ուրիշները անտեղիօրէն չվիրաւորենք։

7։6. Եհովայի ծառայութեան առնչութեամբ, Գեդէօնի 300 տղամարդոց պէս արթուն ու աչալուրջ պէտք է ըլլանք։

9։8-15. Ի՜նչ անմտութիւն է հպարտօրէն վարուիլը եւ դիրք կամ հեղինակութիւն ցանկալը։

11։35-37. Յեփթայէի ընտիր օրինակը անկասկած իր աղջկան օգնեց որ զօրաւոր հաւատք ու անձնազոհ հոգի մշակէ։ Ներկայիս ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն նոյնանման օրինակ հանդիսանալ։

11։40. Եհովայի ծառայութեան մէջ յօժարակամ հոգի ցուցաբերող անհատը գովաբանելով, զինք կը քաջալերենք։

13։8. Իրենց զաւակներուն սորվեցնելու համար, ծնողներ աղօթքով Եհովայի առաջնորդութիւնը պէտք է խնդրեն ու իր ուղղութեան հետեւին։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

14։16, 17. 16։16. Լալով ու գանգատելով ճնշում բանեցնելը կրնայ յարաբերութեան վնաս հասցնել։—Առակաց 19։13. 21։19

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՅԼ ՅԱՆՑԱՆՔՆԵՐ

(Դատաւորաց 17։1–21։25)

Դատաւորաց գիրքին վերջին մասը երկու ուշագրաւ դէպքեր կը բովանդակէ։ Առաջինը Միքա անունով մարդու մը մասին է, որ իր տան մէջ կուռք մը կը կանգնէ եւ Ղեւտացի մը կը վարձէ իրեն քահանայ ըլլալու։ Լայիս կամ Լէսէմ քաղաքը կործանելէ ետք, Դանի տոհմը իրենց համար քաղաք մը կը շինեն ու զայն Դան կը կոչեն։ Միքայի կուռքն ու քահանան գործածելով, անոնք Դանի մէջ պաշտամունքի այլ կերպ մը կը հաստատեն։ Ակներեւաբար, Լայիս Յեսուի մահէն առաջ կը գրաւուի։—Յեսուայ 19։47

Երկրորդ դէպքը Յեսուի մահէն քիչ ետք տեղի կ’ունենայ։ Բենիամինցիներու Գաբաա քաղաքին կարգ մը տղամարդոց գործած սեռային ոճիրը պատճառ կ’ըլլայ որ Բենիամինի գրեթէ ամբողջ տոհմը բնաջնջուի,– միայն 600 տղամարդ կը վերապրի։ Սակայն գործնական կարգադրութիւն մը կը թոյլատրէ անոնց որ կիներ առնեն, եւ անոնց թիւը կ’աւելնայ ու կը հասնի շուրջ 60,000 ռազմիկի՝ Դաւիթի իշխանութեան ընթացքին։—Ա. Մնացորդաց 7։6-11

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

17։6. 21։25—Եթէ «ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր», ասիկա անիշխանութիւն յառաջ չբերա՞ւ։ Պայման չէ, քանի որ Եհովա իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար բազմաթիւ կարգադրութիւններ ըրած էր։ Ան անոնց տուած էր Օրէնքը եւ քահանայութիւնը, զիրենք իր ճամբաներուն մէջ դաստիարակելու համար։ Ուրիմի ու Թումիմի միջոցով, քահանայապետը կրնար կարեւոր հարցերու համար Աստուծոյ դիմել։ (Ելից 28։30) Նաեւ ամէն քաղաք ունէր օգտակար խրատներ տալու ատակ ծերեր։ Իսրայելացին այս կարգադրութիւններէն օգտուելով, իր խղճմտանքին համար շիտակ ուղեցոյց կ’ունենար։ Այս կերպով «իր աչքին հաճելի եղածը» ընելը լաւ արդիւնք կու տար։ Միւս կողմէ, եթէ անհատ մը Օրէնքը զանց ընէր եւ իր վարքի ու պաշտամունքի նկատմամբ իր անձնական որոշումները կայացնէր, հետեւանքը աղիտալի կ’ըլլար։

20։17-48Եհովա ինչո՞ւ թոյլ տուաւ Բենիամինցիներուն որ միւս տոհմերուն վրայ երկու անգամ յաղթանակ տանին, հակառակ անոր որ Բենիամինի տոհմը ինք պէտք էր պատժուէր։ Թոյլ տալով որ հաւատարիմ տոհմերը սկիզբը պարտութիւն կրեն, Եհովա փորձի ենթարկեց Իսրայէլի մէջէն չարութիւնը արմատախիլ ընելու անոնց վճռակամութիւնը։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

19։14, 15. Բարոյական թերութեան ապացոյց էր Գաբաայի բնակիչներուն մերժումը որ հիւրասիրութիւն ցուցաբերէին։ Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլան’։—Հռովմայեցիս 12։13

Գալիք Ազատագրութիւնը

Շատ շուտով, Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կործանէ ամբարիշտ աշխարհը եւ մեծ ազատագրութիւն պիտի բերէ ուղիղ ու անմեղադրելի անհատներուն։ (Առակաց 2։21, 22. Դանիէլ 2։44) Այն ատեն ‘Եհովայի բոլոր թշնամիները պիտի կորսուին, իսկ զինք սիրողները՝ իր զօրութեամբ ելլող արեւին պէս պիտի ըլլան’։ (Դատաւորաց 5։31) Թող Եհովան սիրողներուն մէջ ըլլանք, Դատաւորաց գիրքէն մեր սորված բաները կիրարկելով։

Դատաւորաց գիրքին մէջ կրկին անգամ շեշտուած է սա հիմնական ճշմարտութիւնը. Եհովայի հնազանդիլը ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ, իսկ անհնազանդիլը՝ ահռելի հետեւանքներ։ (Բ. Օրինաց 11։26-28) Որքա՜ն կենսական է որ Աստուծոյ յայտնուած կամքին ‘սրտանց հնազանդինք’։—Հռովմայեցիս 6։17. Ա. Յովհաննու 2։17

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Ղեւտացիները Խոստացեալ Երկրին մէջ ժառանգութիւն չստացան, ի բացառեալ՝ Իսրայէլի տարածքին ցրուած 48 քաղաքներ։

[Քարտէս՝ էջ 15]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

«Տէրը դատաւորներ հանեց, որոնք կողոպտիչներուն ձեռքէն ազատեցին զանոնք»։—Դատաւորաց 2։16

ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐ

1. Գոթոնիէլ

2. Աւովդ

3. Սամեգար

4. Բարակ

5. Գեդէօն

6. Թովղա

7. Յայիր

8. Յեփթայէ

9. Աբեսսա

10. Ելօն

11. Աբդօն

12. Սամփսոն

ԴԱՆ

ՄԱՆԱՍԷ

ՆԵՓԹԱՂԻՄ

ԱՍԵՐ

ԶԱԲՈՒՂՈՆ

ԻՍԱՔԱՐ

ՄԱՆԱՍԷ

ԳԱԴ

ԵՓՐԵՄ

ԴԱՆ

ԲԵՆԻԱՄԻՆ

ՌՈՒԲԷՆ

ՅՈՒԴԱ

[Նկար՝ էջ 16]

Ի՞նչ դաս սորվեցար Բարակի պնդումէն որ Դեբօրա իրեն հետ պատերազմի դաշտը երթար