Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իմաստուն ուղղութիւն՝ ամոլներուն

Իմաստուն ուղղութիւն՝ ամոլներուն

Իմաստուն ուղղութիւն՝ ամոլներուն

«Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։22, 25

1. Ամուսնութեան հանդէպ շիտակ տեսակէտը ի՞նչ է։

ՅԻՍՈՒՍ ըսաւ թէ Աստուած ամուսնութիւնը հաստատեց, մարդն ու կինը լծակցելով որպէս «մէկ մարմին»։ (Մատթէոս 19։5, 6) Անիկա կ’ընդգրկէ տարբեր անձնաւորութիւն ունեցող երկու անհատներ, որոնք կը ջանան հասարակաց հետաքրքրութիւններ մշակել եւ միասնաբար կ’աշխատին հասարակաց նպատակակէտեր իրագործելու։ Ամուսնութիւնը կենսատեւ յանձնառութիւն մըն է, եւ ո՛չ թէ առժամեայ համաձայնութիւն մը որ դիւրաւ կը լքուի։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ամուսնալուծումը հեշտութեամբ ձեռք կը ձգուի, բայց Քրիստոնեան ամուսնական կապը սուրբ կը նկատէ։ Անիկա վերջ կը գտնէ միայն շա՛տ լուրջ պատճառով մը։—Մատթէոս 19։9

2. (ա) Ամոլներուն ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է ճիգ թափել որ ամուսնութիւնը յաջողի։

2 Ամուսնութեան խրատտու մը ըսաւ. «Յաջող ամուսնութիւնը յարափոփոխ ընթացք մըն է, քանի որ նոր հարցեր կը դիմագրաւէ, ծագող խնդիրներ ձեռք կ’առնէ, եւ կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին մատչելի աղբիւրներ կ’օգտագործէ»։ Քրիստոնեայ ամոլներու համար, այս աղբիւրները կը պարփակեն Աստուածաշունչի իմաստուն խրատները, Քրիստոնեայ հաւատակիցներու աջակցութիւնը, եւ աղօթքի միջոցով Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւնը։ Յաջող ամուսնութիւնը կը տոկայ, եւ տարիներու ընթացքին, ամուսինին ու կնկան կը բերէ երջանկութիւն ու գոհունակութիւն։ Աւելի կարեւորը, անիկա Եհովա Աստուծոյ՝ ամուսնութեան Հիմնադիրին պատիւ կը բերէ։—Ծննդոց 2։18, 21-24. Ա. Կորնթացիս 10։31. Եփեսացիս 3։15. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17

Յիսուսը եւ Իր Ժողովքը Ընդօրինակեցէք

3. (ա) Ամոլներուն ուղղուած Պօղոսի խրատը ամփոփէ։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։

3 Երկու հազար տարի առաջ, Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ ամոլներուն իմաստուն խրատ մը տուաւ, երբ գրեց. «Ինչպէս եկեղեցին հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կիները՝ ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար»։ (Եփեսացիս 5։24, 25) Ի՜նչ հոյակապ համեմատութիւններ կը ներկայացուին։ Խոնարհօրէն իրենց ամուսիններուն ենթարկուող Քրիստոնեայ կիները ժողովքը կ’ընդօրինակեն, գլխաւորութեան սկզբունքը ընդունելով ու պահելով։ Հաւատացեալ ամուսիններ, որոնք կը շարունակեն իրենց կիները սիրել թէ՛ նպաստաւոր եւ թէ աննպաստ ժամանակներուն, ցոյց կու տան թէ ժողովքը սիրելու ու հոգալու Քրիստոսի օրինակին սերտօրէն կը հետեւին։

4. Ամուսիններ ի՞նչպէս կրնան Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։

4 Քրիստոնեայ ամուսինը իր ընտանիքին գլուխն է, բայց ինքն ալ գլուխ մը ունի՝ Յիսուսը։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Ուստի ինչպէս Յիսուս իր ժողովքին հոգ տարաւ, նոյնպէս ամուսիններ սիրալիրօրէն իրենց ընտանիքը կը հոգան՝ հոգեւորապէս ու ֆիզիքապէս, նոյնիսկ եթէ անձնական զոհողութիւն պարփակուած է։ Անոնք իրենց ընտանիքին բարօրութիւնը իրենց անձնական փափաքներէն ու նախընտրութիւններէն առաջ կը դասեն։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Մատթէոս 7։12) Այս սկզբունքը յատկապէս կը կիրարկուի ամուսնութեան մէջ։ Պօղոս ասիկա ցոյց տուաւ, երբ ըսաւ. «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ . . . Մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա»։ (Եփեսացիս 5։28, 29) Ամուսինը իր կինը պէտք է սնուցանէ ու խնամէ, ճիշդ ինչպէս ինքզինք կը սնուցանէ ու կը խնամէ։

5. Կիները ի՞նչպէս կրնան քրիստոնէական ժողովքը ընդօրինակել։

5 Բարեպաշտ կիները քրիստոնէական ժողովքը իրենց տիպարը կը նկատեն։ Եբր Յիսուս երկրի վրայ էր, իր հետեւորդները ուրախութեամբ իրենց նախկին հետապնդումները լքեցին ու իրեն յարեցան։ Իր մահէն ետք, անոնք շարունակեցին իրեն հպատակիլ, եւ շուրջ 2,000 տարի ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքը Յիսուսի ենթակայ մնացած է եւ ամէն բանի մէջ անոր առաջնորդութեան հետեւած է։ Նմանապէս Քրիստոնեայ կիները իրենց ամուսինները չեն արհամարհեր, ո՛չ ալ ամուսնութեան մէջ գլխաւորութեան աստուածաշնչական կարգադրութիւնը կը նսեմացնեն։ Անոնք իրենց ամուսիններուն նեցուկ կը կանգնին ու կ’ենթարկուին, անոնց հետ կը համագործակցին եւ այսպէս զիրենք կը քաջալերեն։ Երբ թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը այսպիսի սիրալիր կերպով մը վարուին, անոնց ամուսնութիւնը պիտի յաջողի եւ իրենց ուրախութիւն պիտի բերէ։

Շարունակեցէք Անոնց Հետ Բնակիլ

6. Պետրոս ամուսիններուն ի՞նչ խրատ տուաւ, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

6 Պետրոս առաքեալն ալ ամոլներուն խրատ տուաւ, եւ ամուսիններուն հետ շեշտակի խօսեցաւ։ Ան ըսաւ. «Նմանապէս դո՛ւք, ամուսիննե՛ր, գիտակցելո՛վ բնակեցէք [ձեր կիներուն] հետ, պատուելով կիները իբր աւելի տկար անօթներ եւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ, որպէսզի ձեր աղօթքները չընդհատուին»։ (Ա. Պետրոս 3։7, ԱՎ) Պետրոսի խրատին լրջութիւնը կը տեսնուի համարին վերջին խօսքին մէջ։ Եթէ ամուսինը իր կինը չպատուէ, Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը պիտի ազդուի։ Անոր աղօթքները պիտի ընդհատուին։

7. Ամուսինը ի՞նչպէս պէտք է պատուէ իր կինը։

7 Ուստի ամուսինները ի՞նչպէս կրնան իրենց կիները պատուել։ Կինը պատուել կը նշանակէ անոր հետ սիրալիր կերպով, յարգանքով ու արժանապատուութեամբ վարուիլ։ Կնոջ հետ այսպիսի ազնիւ կերպով մը վարուիլը շատերուն համար տարօրինակ բան մըն էր։ Յունարէն լեզուի ուսումնական մը գրեց. «Հռովմէական օրէնքին ներքեւ կինը իրաւունքներ չունէր։ Օրէնքը անոր կու տար միայն ի՛նչ որ մանուկը կը վայելէր իբրեւ իրաւունքներ։ . . . Ան բոլորովին իր ամուսինին ենթակայ էր, որ լման իշխանութիւն ունէր իր վրայ»։ Ասիկա քրիստոնէական ուսուցումներուն ճիշդ հակապատկերն էր։ Քրիստոնեայ ամուսինը կը պատուէր իր կինը, եւ անոր հետ կը վարուէր քրիստոնէական սկզբունքներուն համաձայն, եւ ո՛չ թէ քմահաճօրէն։ Ասկէ զատ, ան նկատառու էր, հաշուի առնելով թէ կինը աւելի տկար անօթ մըն էր։

Ի՞նչ Կերպով «Աւելի Տկար Անօթ» մը

8, 9. Կիները ի՞նչ կերպերով տղամարդոց համահաւասար են։

8 Կինը «աւելի տկար անօթ» մըն է ըսելով, Պետրոս ըսել չուզեց թէ կիները մտային կամ հոգեւոր գետնի վրայ տղամարդոցմէ աւելի տկար են։ Ճիշդ է որ Քրիստոնեայ տղամարդոցմէ շատեր ժողովքին մէջ այնպիսի առանձնաշնորհումներ ունին, որ կիներ չեն ակնկալեր ունենալ, իսկ ընտանիքէն ներս կիները իրենց ամուսիններուն ենթակայ են։ (Ա. Կորնթացիս 14։35. Ա. Տիմոթէոս 2։12) Այսուհանդերձ նոյն հաւատքը, համբերատարութիւնը եւ բարոյական բարձր չափանիշները պահանջուած են թէ՛ տղամարդոցմէ եւ թէ կիներէն։ Իսկ ինչպէս Պետրոս ըսաւ, ամուսինը եւ կինը «կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ» են։ Փրկութեան նկատմամբ, անոնք Եհովա Աստուծոյ առջեւ համահաւասար կեցուածք ունին։ (Գաղատացիս 3։28) Պետրոս առաջին դարու օծեա՛լ Քրիստոնեաներուն կը գրէր։ Ուստի իր խօսքերը Քրիստոնեայ ամուսիններուն յիշեցուց թէ որպէս «Քրիստոսին ժառանգակիցներ», իրենք ու իրենց կիները նոյն երկնային յոյսը ունէին։ (Հռովմայեցիս 8։17) Օրին մէկը, երկուքն ալ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ իբրեւ քահանայ ու թագաւոր պիտի ծառայէին։—Յայտնութիւն 5։10

9 Օծեալ Քրիստոնեայ կիները որեւէ կերպով իրենց օծեալ Քրիստոնեայ ամուսիններէն ստորադաս չէին։ Եւ սկզբունքով, երկրային յոյս ունեցողներուն պարագան ալ նոյնն է։ «Մեծ բազմութեան» պատկանող թէ՛ տղամարդիկը եւ թէ կիները իրենց հանդերձները կը լուան ու զանոնք կը ճերմկցնեն Գառնուկին արիւնով։ Տղամարդիկն ու կիները «ցորեկ ու գիշեր» Եհովան կը փառաբանեն համայն աշխարհի մէջ։ (Յայտնութիւն 7։9, 10, 14, 15) Թէ՛ տղամարդիկը եւ թէ կիները կ’ակնկալեն «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւն»ը եւ «ճշմարիտ կեանքը» վայելել։ (Հռովմայեցիս 8։21. Ա. Տիմոթէոս 6։19) Ըլլան Օծեալներ թէ ուրիշ ոչխարներ, բոլոր Քրիստոնեաները միասնաբար Եհովայի կը ծառայեն որպէս «մէկ հօտ», «մէկ հովիւ»ի ներքեւ։ (Յովհաննու 10։16) Ասիկա ի՜նչ զօրաւոր պատճառ մըն է, որ կը մղէ Քրիստոնեայ ամուսինն ու կինը զիրար պատուելու։

10. Կիները ի՞նչ առումով «աւելի տկար անօթներ» են։

10 Արդ, կիները ի՞նչ կերպով «աւելի տկար անօթներ» են։ Հաւանաբար Պետրոս կ’ակնարկէր այն իրողութեան թէ ընդհանուր առմամբ կիները աւելի մանրակազմ են եւ ֆիզիքական նուազ զօրութիւն ունին, քան տղամարդիկը։ Ասկէ զատ, մարդկային անկատարութեան պատճառով, մանկաբերութեան հոյակապ առանձնաշնորհումը կնոջ առողջութեան կ’ազդէ։ Ծննդաբերական տարիք ունեցող կիները կանոնաւորաբար ֆիզիքական անհանգստութեան կ’ենթարկուին։ Վստահաբար անոնք մասնայատուկ խնամքի ու նկատառութեան կը կարօտին, երբ այսպիսի անհանգստութիւններ ունենան, ինչպէս նաեւ յղութեան ու որդեծնութեան ընթացքին։ Այն ամուսինը որ իր կինը կը պատուէ, գիտակցելով անոր հարկ եղած զգացական աջակցութիւնը, մեծապէս պիտի նպաստէ ամուսնութեան յաջողութեան։

Կրօնապէս Բաժնուած Ընտանիքին Մէջ

11. Ամուսնութիւնը ի՞նչ առումով կրնայ յաջողիլ, նոյնիսկ եթէ ամուսինն ու կինը տարբեր կրօնքներու կը պատկանին։

11 Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ ամոլը կրօնական տարբեր տեսակէտներ ունի, քանի որ ամուսնութենէն ետք միայն անոնցմէ մէկը քրիստոնէական ճշմարտութիւնը ընդունեց։ Այսպիսի ամուսնութիւն մը կրնա՞յ յաջողիլ։ Շատերու փորձառութիւնը կը պատասխանէ՝ այո՛։ Կրօնական տարբեր տեսակէտներ ունեցող ամուսինն ու կինը տակաւին կրնան յաջող ամուսնութիւն մը վայելել, որ տոկուն է ու իրենց երջանկութիւն կը բերէ։ Ասկէ զատ, անոնց ամուսնութիւնը Եհովայի աչքին դեռ ի զօրու է. անոնք տակաւին «մէկ մարմին» են։ Հետեւաբար, Քրիստոնեային խրատ կը տրուի որ իր ոչ–հաւատացեալ կողակիցին հետ մնայ, եթէ ան յօժար է։ Եթէ զաւակներ կան, անոնք իրենց Քրիստոնեայ ծնողին հաւատարմութենէն կ’օգտուին։—Ա. Կորնթացիս 7։12-14

12, 13. Պետրոսի խրատին անսալով, Քրիստոնեայ կինը ի՞նչպէս կրնայ իր ոչ–հաւատացեալ ամուսինին օգնել։

12 Պետրոս կրօնապէս բաժնուած ընտանիքներու մէջ ապրող Քրիստոնեայ կիներուն ազնիւ խրատներ կու տայ։ Նոյն պարագային մէջ գտնուող Քրիստոնեայ ամուսինները սկզբունքով կրնան նաեւ իր խօսքերը կիրարկել։ Պետրոս կը գրէ. «Կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, որպէսզի եթէ նոյնիսկ ոմանք չանսան խօսքին, շահուին առանց խօսքի՝ կիներուն վարքով, մինչ կը տեսնեն ձեր մաքրակենցաղ ու երկիւղած վարքը»։—Ա. Պետրոս 3։1, 2, ԱՎ

13 Գովելի բան մըն է եթէ կինը կրնայ նրբանկատօրէն իր հաւատքը բացատրել իր ամուսինին։ Իսկ եթէ ան չ’ուզեր մտիկ ընել, ասիկա իր ընտրութիւնն է։ Այսուհանդերձ պարագան անյոյս չէ, քանի որ քրիստոնէական վարքն ալ զօրաւոր վկայութիւն կու տայ։ Շատ մը ամուսիններ, որոնք սկիզբը հետաքրքրուած չէին կամ նոյնիսկ իրենց կնոջ հաւատքին կը հակառակէին, իրենց կնոջ ընտիր վարքը նկատելէ ետք, հաւատացեալներ եղան։ (Գործք 13։48) Նոյնիսկ եթէ ամուսինը քրիստոնէական ճշմարտութիւնը չընդունի, ան կրնայ իր կնոջ վարքով տպաւորուիլ, եւ ասիկա ամուսնութեան վրայ լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ։ Ամուսին մը, որուն կինը Եհովայի Վկայ է, խոստովանեցաւ թէ ինք երբեք չի կրնար Վկաներուն բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Բայց եւ այնպէս, ան լրագրի մը յղած իր նամակին մէջ ինքզինք կոչեց «սքանչելի կնոջ մը երջանիկ ամուսինը», եւ անկեղծօրէն գովեց իր կինն ու Վկաները։

14. Ամուսինը ի՞նչպէս կրնայ իր ոչ–հաւատացեալ կնոջ օգնել։

14 Պետրոսի խօսքերուն բովանդակած սկզբունքները կիրարկող Քրիստոնեայ ամուսինները, նոյնպէս իրենց կիները շահած են իրենց վարքով։ Ոչ–հաւատացեալ կիներ նկատած են թէ իրենց ամուսինները պատասխանատուութեան զգացում մշակած են, իրենց դրամը չեն վատներ ծխախոտի, խմիչքի ու բախտախաղի համար, եւ այլեւս գռեհիկ լեզու չեն գործածեր։ Այս կիներէն ոմանք քրիստոնէական ժողովքի անդամներուն ծանօթացած են։ Քրիստոնէական սիրառատ եղբայրութիւնը անոնց վրայ լաւ տպաւորութիւն ձգած է, եւ եղբայրներուն մէջ իրենց նշմարած բաները զիրենք Եհովայի քաշած են։—Յովհաննու 13։34, 35

«Սիրտին Ծածուկ Մարդը»

15, 16. Քրիստոնեայ կինը ինչպիսի՞ վարքով կրնայ իր ոչ–հաւատացեալ ամուսինը շահելու նպաստել։

15 Ամուսինը ինչպիսի՞ վարքով կը շահուի։ Իրականութեան մէջ, այն վարքը որ Քրիստոնեայ կիները բնականաբար կը մշակեն։ Պետրոս կ’ըսէ. «Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դուրսէն՝ մազերու հիւսքերով, ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, հապա ձեր զարդը թող ըլլայ սիրտին ծածուկ մարդը, հեզ եւ հանդարտ հոգիի մը անապականութեամբ, ինչ որ թանկագին է Աստուծոյ առջեւ։ Որովհետեւ ժամանակին սուրբ կիներն ալ, որոնք կը յուսային Աստուծոյ, ա՛յսպէս կը զարդարէին իրենք զիրենք՝ հպատակելով իրենց ամուսիններուն, ինչպէս Սառա կը հնազանդէր Աբրահամի՝ տէր կոչելով զայն։ Դուք անոր զաւակներն էք, քանի բարիք կը գործէք ու չէք վախնար որեւէ սարսափէ»։—Ա. Պետրոս 3։3-6, ԱՎ

16 Պետրոս Քրիստոնեայ կինը կը խրատէ որ իր դրսերեւոյթին չվստահի։ Փոխարէն, թող իր ամուսինը նկատէ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն ազդեցութիւնը իր ներքին անձին վրայ։ Թող իր ամուսինը ականատես ըլլայ նոր անձնաւորութեան ի գործ դրուելուն։ Թերեւս ան հակադրէ զայն իր կնոջ հին անձնաւորութեան հետ։ (Եփեսացիս 4։22-24) Վստահաբար ան իր կնոջ «հեզ եւ հանդարտ հոգին» թարմացուցիչ ու գրաւիչ պիտի գտնէ։ Այս հոգին ո՛չ միայն ամուսինին հաճելի է, այլեւ «թանկագին է Աստուծոյ առջեւ»։—Կողոսացիս 3։12

17. Քրիստոնեայ կիներուն համար Սառան ի՞նչպէս ընտիր օրինակ մըն է։

17 Սառան մատնանշուած է իբրեւ տիպար, որ Քրիստոնեայ կիներու կողմէ ընդօրինակուելու արժանի է, իրենց ամուսինները հաւատացեալ ըլլա՛ն կամ ոչ։ Կասկած չկայ որ Սառա Աբրահամը իր գլուխը նկատեց։ Նոյնիսկ իր սիրտին մէջ, Սառա զինք իր «տէր»ը կոչեց։ (Ծննդոց 18։12) Բայց ասիկա զինք չնսեմացուց։ Բացայայտօրէն ան հոգեւորապէս զօրաւոր կին մըն էր, եւ Եհովայի հանդէպ հաստատ հաւատք ունէր։ Արդարեւ ան «վկաներու բազմութեան» մաս կը կազմէ, որոնց հաւատքի օրինակը մեզ պէտք է մղէ ‘համբերութիւնով վազելու մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը’։ (Եբրայեցիս 11։11. 12։1) Քրիստոնեայ կինը Սառայի նման ըլլալով իր արժէքը չի կորսնցներ։

18. Կրօնապէս բաժնուած ընտանիքին մէջ, ո՞ր սկզբունքները ի մտի պէտք է ունենանք։

18 Կրօնապէս բաժնուած ընտանիքին մէջ, տակաւին ամուսինը գլուխն է։ Եթէ ան հաւատացեալն է, իր կնոջ հաւատալիքներուն նկատմամբ նկատառու պիտի ըլլայ, առանց իր հաւատքին մէջ զիջումներ ընելու։ Եթէ կինն է հաւատացեալը, նաեւ իր հաւատքին մէջ համակերպումներ պիտի չընէ։ (Գործք 5։29) Այսուհանդերձ ան իր ամուսինին գլխաւորութեան ասպարէզ պիտի չկարդայ։ Ան իր ամուսինին դիրքը պիտի պատուէ եւ անոր «օրէնք»ին տակ պիտի մնայ։—Հռովմայեցիս 7։2

Աստուածաշունչի Իմաստուն Ուղղութիւնը

19. Ի՞նչ բաներ ամուսնութիւնը ճնշումի տակ կը դնեն, բայց ի՞նչպէս կարելի է անոնց դէմ դնել։

19 Ներկայիս շատ բաներ կրնան ամուսնութիւնը ճնշումի տակ դնել։ Կարգ մը տղամարդիկ իրենց պատասխանատուութիւնները չեն ստանձներ։ Կիներէն ոմանք կը մերժեն իրենց ամուսիններուն գլխաւորութիւնը ընդունիլ։ Կարգ մը ամուսնութիւններու մէջ, մէկ կողակիցը միւսը կը նախատէ ու կը չարչարէ։ Քրիստոնեային հաւատարմութիւնը փորձի կ’ենթարկեն տնտեսական ճնշումները, մարդկային անկատարութիւնները, եւ աշխարհի հոգին, իր անբարոյութեամբ ու խեղաթիւրուած արժանիքներով։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւող Քրիստոնեայ տղամարդիկ ու կիներ, իրենց պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Եհովայի օրհնութիւնը կը ստանան։ Նոյնիսկ եթէ կողակիցներէն միայն մէկը կը կիրարկէ Աստուածաշունչի սկզբունքները, կացութիւնը աւելի լաւ կ’ըլլայ։ Ասկէ զատ, Եհովա կը սիրէ ու թիկունք կը կանգնի իր ծառաներուն, որոնք իրենց ամուսնական ուխտին հաւատարիմ կը մնան, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։ Ան անոնց հաւատարմութիւնը չի մոռնար։—Սաղմոս 18։25. Եբրայեցիս 6։10. Ա. Պետրոս 3։12

20. Պետրոս բոլոր Քրիստոնեաներուն ի՞նչ խրատ կու տայ։

20 Ամոլներուն խրատ տալէ ետք, Պետրոս առաքեալ քաջալերական ջերմ խօսքերով եզրափակեց, ըսելով. «Վերջապէս, բոլո՛րդ եղէք համախոհ, կարեկից, եղբայրասէր, գթած ու բարեսիրտ։ Չարիքի փոխարէն չարիք մի՛ հատուցանէք, կամ հեգնանքի փոխարէն՝ հեգնանք. այլ ընդհակառակը՝ օրհնեցէ՛ք, գիտնալով թէ ատոր համար կանչուեցաք, որպէսզի օրհնութիւն ժառանգէք»։ (Ա. Պետրոս 3։8, 9, ԱՎ) Ի՜նչ իմաստուն խրատ բոլորին, մանաւանդ՝ ամոլներուն։

Կը յիշե՞ս

• Քրիստոնեայ ամուսինները ի՞նչպէս Յիսուսը կ’ընդօրինակեն։

• Քրիստոնեայ կիները ի՞նչպէս ժողովքը կ’ընդօրինակեն։

• Ամուսինը ի՞նչ կերպով կրնայ իր կինը պատուել։

• Ոչ–հաւատացեալ ամուսին ունեցող Քրիստոնեայ կինը ո՞ր իմաստուն ընթացքին կրնայ հետեւիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 24]

Քրիստոնեայ ամուսինը իր կինը կը սիրէ ու անոր հոգ կը տանի

[Նկար՝ էջ 24]

Քրիստոնեայ կինը իր ամուսինը կը յարգէ ու կը պատուէ

[Նկար՝ էջ 25]

Հռովմէական օրէնքին հակառակը, քրիստոնէական ուսուցումները պահանջեցին որ ամուսինը իր կինը պատուէ

[Նկար՝ էջ 26]

«Մեծ բազմութեան» պատկանող թէ՛ տղամարդիկը եւ թէ կիները կը յուսան Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ