Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լաւ վարքը ‘Աստուծոյ վարդապետութիւնը կը զարդարէ’

Լաւ վարքը ‘Աստուծոյ վարդապետութիւնը կը զարդարէ’

Լաւ վարքը ‘Աստուծոյ վարդապետութիւնը կը զարդարէ’

ՄԱՐԻԱ անունով պատանուհի մը, որ կը բնակի Քրանսնէիարսք քաղաքին մէջ, Ռուսաստան, դպրոցի երգչախումբին մէջ դրուեցաւ, քանի որ գեղեցիկ ձայն ունէր։ Անկէ քիչ ետք, Մարիա յարգալից կերպով իր մէկ ուսուցչուհիին մօտեցաւ ու բացատրեց թէ ինք չէր կրնար որոշ երգեր երգել, քանի որ կրօնական ակնարկութիւններ կը բովանդակէին, եւ ասիկա Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իր համոզումներուն հակառակ էր։ Անակնկալի գալով, ուսուցչուհին հարցուց. ‘Երգով Աստուած փառաւորելը ի՞նչպէս կրնայ անյարմար ըլլալ’։

Ցոյց տալու համար թէ ինք ինչո՛ւ կը մերժէր Երրորդութեան պատկանող Աստուծոյն մասին երգ մը երգել, Մարիա իր Աստուածաշունչը բացաւ ու բացատրեց թէ Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս մէկ Աստուած չեն, եւ թէ սուրբ հոգին Աստուծոյ գործօն ոյժն է։ (Մատթէոս 26։39. Յովհաննու 14։28. Գործք 4։31) Մարիա կը պատմէ. «Ուսուցչուհիին հետ յարաբերութիւնս չխանգարուեցաւ։ Ընդհանուր առմամբ, մեր դպրոցին մէջ շատ լաւ դասատուներ ունինք։ Անոնք կ’ուզեն որ մենք մեր անձին հետ պարկեշտ ըլլանք»։

Ուսումնական տարուան ընթացքին, իր կեցուածքին շնորհիւ Մարիա ուսուցիչներուն ու դասընկերներուն յարգանքը շահեցաւ։ Մարիա կ’ըսէ. «Աստուածաշունչի սկզբունքները ինծի կ’օգնեն կեանքիս մէջ։ Ուսումնական տարուան վերջաւորութեան, պարկեշտ ու կարգապահ ըլլալուս համար մրցանակ շահեցայ, իսկ ծնողքս դպրոցին կողմէ շնորհակալութիւն արտայայտող պաշտօնական նամակ ստացան, քանի որ իրենց դուստրին լաւ կրթութիւն տուած էին»։

Մարիա մկրտուեցաւ 18 Օգոստոս 2001–ին։ Ան կ’ըսէ. «Ուրախ եմ որ կրնամ հոյակապ Աստուծոյ՝ Եհովայի ծառայել»։ Եհովայի պատանի Վկաները համայն աշխարհի մէջ, Տիտոս 2։10–ի խօսքին համաձայն կ’ապրին, ‘զարդարելով մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ’։

[Նկար՝ էջ 32]

Մարիա եւ իր ծնողքը, իր մկրտութենէն ետք

[Նկար՝ էջ 32]

Գնահատութեան նամակը եւ արժանեաց վկայագիրը