Խօսքով կռուիլը ինչո՞ւ վնասակար է
Խօսքով կռուիլը ինչո՞ւ վնասակար է
«Ուրկէ՞ են պատերազմները եւ ուրկէ՞ կռիւները ձեր մէջ»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 4։1
ՅԱԿՈԲՈՍ աշակերտ այս հարցումը չուղղեց Հռովմէացի զինուորներուն, որոնք այդ ժամանակ պատերազմներ կը մղէին, ո՛չ ալ ան կը քննէր Հ.Դ. առաջին դարու Հրեայ Սիկարեաններուն, կամ Դաշոյն Կրողներուն հրոսակային կռիւներուն շարժառիթները։ Յակոբոս կ’ակնարկէր վիճաբանութիւններու, որոնք առնուազն երկու անհատ կը պարփակէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ պատերազմներու նման, անհատական կռիւները կործանարար են։ Նկատէ Աստուածաշունչի հետեւեալ պատմութիւնները։
Յակոբ նահապետի որդիները իրենց եղբայրը՝ Յովսէփը ա՛յնքան ատեցին որ զինք իբր ստրուկ ծախեցին։ (Ծննդոց 37։4-28) Իսրայէլի Սաւուղ թագաւորը փորձեց Դաւիթը սպաննել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան Դաւիթի կը նախանձէր։ (Ա. Թագաւորաց 18։7-11. 23։14, 15) Առաջին դարուն, երկու Քրիստոնեայ կիներ՝ Եւոդիա ու Սիւնտիք, իրենց վէճերով ամբողջ ժողովքի մը խաղաղութիւնը խանգարեցին։—Փիլիպպեցիս 4։2
Աւելի վերջերս, մարդիկ իրենց ընդհարումներուն վերջ կը դնէին մենամարտով, սուր կամ ատրճանակ գործածելով։ Յաճախ մէկ մենամարտիկը կը սպաննուէր կամ մնայուն կերպով հաշմ կը դառնար։ Ներկայիս, անոնք որ կռիւի կը բռնուին, սովորաբար իբրեւ զէնք կը գործածեն դառն ու վիրաւորական խօսքեր։ Թէեւ արիւն չի թափուիր, բայց բանակռիւը կը վիրաւորէ զգացումները ու կ’արատաւորէ համբաւը։ Անմեղները յաճախ կը տառապին այս «պատերազմներ»ուն մէջ։
Նկատի առ ինչ որ պատահեցաւ քանի մը տարի առաջ, երբ Անգլիքան վարդապետ մը ամբաստանեց ուրիշ վարդապետ մը եկեղեցիին ելեւմուտքը սխալ կերպով գործածելու յանցանքով։ Անոնց վէճը հանրածանօթ դարձաւ, եւ իրենց ծառայած ժողովքը հակադիր խումբերու բաժնուեցաւ։ Վարդապետին հակառակող անդամները, անոր կատարած արարողութիւններուն ներկայ չէին գտնուեր։ Անդամներուն փոխադարձ արհամարհանքը ա՛յնքան սաստիկ էր, որ իրարու հետ չէին խօսեր, երբ
պաշտամունքի համար եկեղեցիին մէջ գտնուէին։ Վիճաբանութիւնը աւելի բռնկեցաւ, երբ ամբաստանող վարդապետը ի՛նք ամբաստանուեցաւ սեռային անբարոյութեան յանցանքով։Գէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը այս երկու կղերներուն կոչ ուղղեց որ իրենց կռիւին վերջ դնեն, զայն կոչելով «քաղցկեղ» եւ «Մեր Տէրոջ անունը անպատուող խայտառակութիւն»։ 1997–ին, վարդապետներէն մէկը ընդունեց հանգստեան անցնիլ։ Միւսը՝ իր պաշտօնին կառչեցաւ մինչեւ որ ստիպուեցաւ հանգստեան կոչուիլ, իր տարիքին պատճառով։ Սակայն ան մնաց մինչեւ վերջին վայրկեանը, հանգստեան անցնելով իր 70–րդ տարեդարձին, 7 Օգոստոս 2001–ին։ Լրագիր մը (The Church of England Newspaper) նշեց թէ անոր հանգստեան կոչուած օրը «Սուրբ» Վիքթրիսիոսի տօնն էր։ Ո՞վ էր «Սուրբ» Վիքթրիսիոս։ Ան չորրորդ դարու եպիսկոպոս մըն էր, որ կ’ըսուի թէ բանակին միանալ ու կռուիլ մերժելուն համար մտրակուեցաւ։ Կեցուածքներու այս հակադրութիւնը նշմարելով, լրագիրը ըսաւ. «Եկեղեցական պայքարի մը մէջ կռուիլ մերժելը [հանգստեան կոչուած վարդապետին] յատկանիշը չէր»։
Այս վարդապետները կրնային խուսափիլ իրենք զիրենք եւ ուրիշները վիրաւորելէ, եթէ Հռովմայեցիս 12։17, 18–ի խրատը կիրարկէին. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Եթէ մէկը քեզ վիրաւորէ, ընդվզելով կը սկսի՞ս խօսքով կռուիլ, թէ ոչ կը խուսափիս կոպիտ խօսքեր ըսելէ եւ խաղաղութիւն վերահաստատելու դուռը բաց կը ձգես։ Եթէ մէկը վիրաւորես, անկէ կը խուսափի՞ս, յուսալով որ ժամանակի ընթացքին խնդիրը մոռացութեան մատնուի, թէ ոչ շուտով ներողութիւն կը խնդրես։ Ըլլաս ներում խնդրո՛ղ թէ ներող, խաղաղութիւն ընելու ջանքերդ պիտի նպաստեն բարօրութեանդ։ Աստուածաշունչի խրատները կրնա՛ն մեզի օգնել որ նոյնիսկ երկարատեւ կռիւներուն վերջ դնենք։