Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հռութայ գիրքէն աչքառու կէտեր

Հռութայ գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Հռութայ գիրքէն աչքառու կէտեր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Հռութայ գիրքը երկու կիներու միջեւ եղած հաւատարմութեան մասին սրտաշէն պատմութիւն մըն է։ Անիկա Եհովա Աստուծոյ հանդէպ գնահատութիւն եւ իր կարգադրութեան հանդէպ վստահութիւն կը յայտնէ։ Անիկա կ’ենթագծէ Եհովայի խոր հետաքրքրութիւնը Մեսիայի սերնդաբանութեամբ։ Անիկա ընտանիքի մը ուրախութիւններուն ու վիշտերուն մասին կը խօսի։ Այո, անիկա կ’ընդգրկէ այս բոլորը ե՛ւ աւելին։

Հռութայ գիրքը շուրջ 11 տարուան ժամանակաշրջան մը կը ծածկէ, Իսրայէլի մէջ «դատաւորներու կառավարութեան օրերը»։ (Հռութայ 1։1) Արձանագրուած իրադարձութիւնները տեղի ունեցած ըլլալու են Դատաւորներու շրջանին սկիզբը, քանի որ գիրքին մէջ յիշուած կալուածատէր Բոոսը, Յեսուի օրերուն ապրած Ռախաբի որդին էր։ (Յեսուայ 2։1, 2. Հռութայ 2։1. Մատթէոս 1։5) Հաւանաբար Սամուէլ մարգարէն այս պատմուածքը գրեց Հ.Դ.Ա. 1090–ին։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ միակ գիրքն է որ ոչ–Իսրայելացի կնոջ մը անունը կը կրէ։ Անոր բովանդակած պատգամը «կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

«Ո՛ՒՐ ՈՐ ԵՐԹԱՍ՝ ՀՈՆ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՄ»

(Հռութայ 1։1–2։23)

Երբ Նոեմի եւ Հռութ Բեթլեհէմ կը հասնին, անոնք բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւեն։ Պառաւը մատնանշելով, քաղաքին կիները հարց կու տան. «Արդեօք Նոեմին ասիկա՞ է»։ Անոնց պատասխանելով, Նոեմի կ’ըսէ. «Զիս Նոեմի մի կոչէք, զիս Մարա կոչեցէք. քանզի Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս։ Ես լեցուն գացի ու Տէրը զիս պարապ դարձուց»։—Հռութայ 1։19-21

Երբ Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած սովի մը պատճառով իր ընտանիքը Բեթլեհէմէն Մովաբի երկիրը կը փոխադրուի, Նոեմի «լեցուն» կ’երթայ, ունենալով իր ամուսինը եւ երկու որդիները։ Սակայն Մովաբի մէջ հաստատուելէ ետք, անոր ամուսինը՝ Ելիմելէք կը մահանայ։ Հետագային, անոր երկու որդիները կ’ամուսնանան Մովաբացի կիներու հետ, Որփա եւ Հռութ։ Շուրջ տասը տարի կ’անցնի, եւ երկու որդիները անզաւակ կը մեռնին, իրենց ետին թողելով երեք այրիներ։ Երբ կեսուրը՝ Նոեմի կ’որոշէ Յուդայի երկիրը վերադառնալ, այրի հարսերը իրեն հետ կ’երթան։ Ապա Նոեմի իր հարսերը կը յորդորէ որ Մովաբ վերադառնան եւ ազգակից ամուսիններ գտնեն։ Որփա կը հաւանի, բայց Հռութ Նոեմիի կը յարի, ըսելով. «Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ»։—Հռութայ 1։16

Երկու այրիները՝ Նոեմի եւ Հռութ, գարիի հունձքին սկիզբը Բեթլեհէմ կը հասնին։ Աստուծոյ Օրէնքով եղած կարգադրութիւն մը օգտագործելով, Հռութ կը սկսի հասկաքաղութիւն ընել արտի մը մէջ, որ ետքը երեւան կու գայ թէ կը պատկանի Ելիմելէքի մէկ ազգականին,– Բոոս անունով Հրեայ տարեցի մը։ Հռութ Բոոսի հաճութիւնը կը շահի ու կը շարունակէ անոր արտին մէջ հասկաքաղութիւն ընել, «մինչեւ գարիին հունձքին եւ ցորենին հունձքին լմննալը»։—Հռութայ 2։23

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

1։8Նոեմի իր հարսերուն ինչո՞ւ ըսաւ որ «ամէն մէկդ թող իր մօրը տունը դառնայ», փոխանակ՝ իր հօր տունը։ Չէ յիշուած թէ Որփայի հայրը այդ ժամանակ ո՛ղջ էր կամ ոչ, բայց Հռութի հայրը ողջ էր։ (Հռութայ 2։11) Այսուհանդերձ, Նոեմի մօր տունը նշեց, թերեւս խորհելով թէ անոնց մայրերուն ակնարկութիւն ընելով, անոնք պիտի մտաբերէին մայրական գորովին մխիթարութիւնը։ Ասիկա յատկապէս պիտի ամոքէր իրենց սիրելի կեսուրէն բաժնուելու վիշտով ջախջախուած այս կիները։ Արտայայտութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ թէ Հռութի ու Որփայի մայրերը, Նոեմիի հակառակը, կայուն տուներ ունէին։

1։13, 21—Եհովա Նոեմին դառնութեամբ լեցուց ու զինք վշտացո՞ւց։ Ո՛չ, եւ Նոեմի չմեղադրեց Աստուած։ Սակայն իրեն պատահած բաներուն ի տես, ան խորհեցաւ թէ Եհովա իրեն կը հակառակէր։ Ան դառնասիրտ ու յուսավրէպ դարձած էր։ Ասկէ զատ, այդ օրերուն որովայնի պտուղը Աստուծոյ մէկ օրհնութիւնը կը նկատուէր, իսկ ամլութիւնը՝ անէծք։ Թոռներ չունենալով ու երկու որդիներ կորսնցնելով, Նոեմի թերեւս զգաց թէ արդարացի է խորհիլ որ Եհովա զինք խոնարհեցուց։

2։12—Հռութ Եհովայի կողմէ ի՞նչ ‘լիակատար վարձք’ ստացաւ։ Հռութ որդի մը ունեցաւ եւ Յիսուս Քրիստոսի նախամայրը ըլլալու առանձնաշնորհումը ստացաւ։—Հռութայ 4։13-17. Մատթէոս 1։5, 16

Դասեր՝ Մեզի Համար.

1։8. 2։20. Հակառակ իր քաշած նեղութիւններուն, Նոեմի Եհովայի հաւատարիմ սիրոյն հանդէպ իր վստահութիւնը պահեց։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք, մանաւանդ երբ խիստ փորձութիւններ դիմագրաւենք։

1։9. Տունը ընտանիքի անդամներուն համար միայն ուտելու ու պառկելու վայր պէտք չէ ըլլայ։ Անիկա հանգստաւէտութեան խաղաղ վայր մը պէտք է ըլլայ։

1։14-16. Որփա «իր ժողովուրդին ու իր աստուածներուն դարձաւ», իսկ Հռութ՝ ոչ։ Ան իր բնագաւառի հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը ձգեց ու Եհովայի հաւատարիմ մնաց։ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ սէր մշակելը եւ անձնազոհ հոգի ցուցաբերելը, մեզի պիտի օգնեն որ անձնասէր ցանկութիւններու տեղի չտանք եւ ‘ետ չքաշուինք որ կորսուինք’։—Եբրայեցիս 10։39

2։2. Հռութ ուզեց օտարներու ու կարօտեալներու ի նպաստ եղած հասկաքաղութեան կարգադրութիւնը օգտագործել։ Ան սիրտով խոնարհ էր։ Կարօտեալ Քրիստոնեան հպարտօրէն պէտք չէ մերժէ հաւատակիցներուն մատուցած սիրալիր օգնութիւնը կամ պետական օժանդակութիւնը, որուն արժանի է։

2։7. Հասկաքաղ ընելու իրաւունք ունենալով հանդերձ, Հռութ նախ արտօնութիւն խնդրեց։ (Ղեւտացւոց 19։9, 10) Ասիկա իր հեզութիւնը դրսեւորեց։ Իմաստութիւն է որ ‘խոնարհութիւն փնտռենք’, քանի որ «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սոփոնեայ 2։3. Սաղմոս 37։11

2։11. Հռութ Նոեմիի համար ազգականէ մը աւելին եղաւ։ Ան իսկական բարեկամ էր։ (Առակաց 17։17) Անոնց բարեկամութեան կապը զօրաւոր էր, քանի որ հիմնուած էր սիրոյ, հաւատարմութեան, կարեկցութեան, քաղցրութեան եւ անձնազոհութեան վրայ։ Աւելի կարեւորը, անիկա հիմնուած էր անոնց հոգեւորականութեան վրայ,– անոնց փափաքը որ Եհովայի ծառայեն եւ անոր երկրպագուներուն մէջ ըլլան։ Մենք ալ ճշմարիտ երկրպագուներուն հետ իսկական բարեկամութիւններ մշակելու ընտիր պատեհութիւններ ունինք։

2։15-17. Նոյնիսկ երբ Բոոս Հռութի աշխատանքը դիւրացուց, ան «մինչեւ իրիկուն այն արտին մէջ մնալով հասկեր հաւաքեց»։ Հռութ ծանր աշխատող կին մըն էր։ Քրիստոնեան ժրաջան աշխատող մը ըլլալու համբաւը պէտք է վայելէ։

2։19-22. Հռութ եւ Նոեմի երեկոյեան ժամերուն հաճելի զրոյցներ կ’ունենային, տարիքով մեծը հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով տարիքով պզտիկին գործունէութեանց հանդէպ, երկուքն ալ իրենց մտածումներն ու զգացումները ազատօրէն արտայայտելով։ Քրիստոնէական ընտանիքէն ներս պարագան նոյնը պէտք չէ՞ ըլլայ։

2։22, 23. Յակոբի աղջկան՝ Դինայի հակառակը, Հռութ ուզեց Եհովայի երկրպագուներուն հետ ընկերակցիլ։ Ի՜նչ ընտիր օրինակ մը մեզի։—Ծննդոց 34։1, 2. Ա. Կորնթացիս 15։33

ՆՈԵՄԻ «ԼԵՑՈՒՆ» Կ’ԸԼԼԱՅ

(Հռութայ 3։1–4։22)

Նոեմի զաւակ բերելու անկարող ըլլալով, Հռութին կը պատուիրէ որ զինք փոխարինէ՝ ամուսնանալով փրկումի կամ տագրի պարտաւորութեան օրէնքին համաձայն։ Նոեմիի ուղղութեան հետեւելով, Հռութ Բոոսէն կը խնդրէ որ իբրեւ փրկարար գործէ։ Բոոս կը յօժարի, բայց աւելի մօտիկ ազգական մը կայ, որ փրկելու իրաւունք ունի։

Բոոս անմիջապէս գործի կը լծուի։ Յաջորդ առտուն ան Բեթլեհէմի ծերերէն տասը մարդ կը ժողվէ եւ անոնց առջեւ ազգականին կը հարցնէ թէ կ’ուզէ՞ փրկել թէ ոչ։ Մարդը կը մերժէ այդ մէկը ընել։ Ուստի Բոոս փրկարար ըլլալով, Հռութի հետ կ’ամուսնանայ։ Անոնք ծնունդ կու տան Ովբէդի, որ Դաւիթ թագաւորին մեծ–հայրը կ’ըլլայ։ Այժմ Բեթլեհէմի կիները Նոեմիի կ’ըսեն. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, . . . ասիկա քու հոգիիդ մխիթարութիւնը, ծերութեանդ գաւազանը թող ըլլայ. քանզի զանիկա քեզ սիրող հարսդ ծնաւ, որ քեզի եօթը որդիէ աղէկ է»։ (Հռութայ 4։14, 15) Այն կինը որ Բեթլեհէմ «պարապ» դարձած էր, դարձեալ «լեցուն» եղած է։—Հռութայ 1։21

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

3։11—Հռութ ի՞նչպէս «առաքինի կին» մը ըլլալու համբաւը շահեցաւ։ Ո՛չ ‘մազերու հիւսուածքները’, ո՛չ ալ ‘ոսկիներու շարքերը կամ շքեղ հանդերձներ հագնիլը’ պատճառ եղան որ ուրիշներ Հռութի հանդէպ բարձր համարում ունենան, այլ՝ անոր «սրտին ծածուկ մարդը»,– անոր հաւատարմութիւնն ու սէրը, խոնարհութիւնն ու հեզութիւնը, ժրաջանութիւնն ու անձնազոհութիւնը։ Հռութի համբաւը ունենալ փափաքող ոեւէ աստուածավախ կին պէտք է ջանայ այս յատկութիւնները մշակել։—Ա. Պետրոս 3։3, 4. Առակաց 31։28-31

3։14—Հռութ եւ Բոոս ինչո՞ւ արշալոյսէն առաջ արթնցան։ Ո՛չ թէ անոր համար որ գիշերուան ընթացքին անբարոյ արարք մը գործուած էր եւ կ’ուզէին զայն գաղտնի պահել։ Այդ գիշեր Հռութին ըրածը, ըստ երեւոյթին ներդաշնակ էր այն սովորութեան հետ, որուն կը հետեւէր տագրի պարտաւորութեան հատուցումը պահանջող կինը։ Հռութ Նոեմիի հրահանգներուն համաձայն գործեց։ Ասկէ զատ, Բոոսի հակազդեցութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Հռութի ըրածին մէջ սխալ բան մը չտեսաւ։ (Հռութայ 3։2-13) Բացայայտ է թէ Հռութ եւ Բոոս շատ կանուխ արթնցան, որպէսզի ոեւէ մէկը անհիմն տարաձայնութիւններ տարածելու պատճառ մը չունենայ։

3։15—Բոոս Հռութի ինչո՞ւ վեց չափ գարի տուաւ։ Հաւանաբար այս արարքը ցոյց տուաւ թէ ճիշդ ինչպէս աշխատանքի վեց օրերուն կը յաջորդէր հանգստութեան օր մը, նոյնպէս Հռութի հանգստութեան օրը մօտ էր։ Բոոս հոգ պիտի տանէր որ ան իր ամուսինին տան մէջ «հանգստութիւն» գտնէր։ (Հռութայ 1։9. 3։1) Նաեւ կրնայ ըլլալ որ Հռութ միայն վեց չափ գարի կրնար շալկել իր գլխուն վրայ։ Կարգ մը աղբիւրներ կ’ըսեն թէ վեց չափը հաւասար էր 44 լիդրի։

3։16—Եբրայերէն բնագրին համաձայն, Նոեմի ինչո՞ւ Հռութի հարցուց. «Աղջի՛կս, ո՞վ ես դուն»։ Ան իր հարսը չճանչցա՞ւ։ Թերեւս այս էր պարագան, քանի որ երբ Հռութ Նոեմիի քով վերադարձաւ, հաւանաբար տակաւին մութ էր։ Սակայն այս հարցումը նաեւ կրնայ նշանակել որ Նոեմի կ’ուզէր գիտնալ թէ Հռութ «նոր» կին մը եղա՞ծ էր, իր փրկարարը յօժարելով ամուսնանալ իրեն հետ։

4։6—Փրկումը կատարելով, փրկարարը իր ժառանգութիւնը ի՞նչ կերպով կրնար ‘աւրել’։ Նախ, եթէ աղքատացած անհատը իր կալուածը ծախած էր, փրկարարը պիտի ստիպուէր զայն գնել գումար մը վճարելով, որ կ’որոշուէր հաշուելով մնացած տարիները մինչեւ Յոբելեանի տարին։ (Ղեւտացւոց 25։25-27) Այսպէս անոր հարստութիւնը պիտի նուազէր։ Ասկէ զատ, երբ Հռութ որդի մը ունենար, այդ որդի՛ն պիտի ժառանգէր փրկուած կալուածը, եւ ո՛չ թէ փրկարարին մօտիկ ազգականներէն մէկը։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

3։12. 4։1-6. Բոոս բծախնդրաբար Եհովայի կարգադրութեան հետեւեցաւ։ Մենք ալ աստուածպետական գործընթացներուն խղճմտօրէն կը հետեւի՞նք։—Ա. Կորնթացիս 14։40

3։18. Նոեմի Բոոսի հանդէպ վստահութիւն ունէր։ Մեր հաւատարիմ հաւատակիցներուն հանդէպ նոյնանման վստահութիւն պէտք չէ՞ ունենանք։ Հռութ պատրաստ էր տագրի պարտաւորութեան կարգադրութեան ներքեւ գալու՝ ամուսնանալով անծանօթ մարդու մը հետ, որուն անունն իսկ Աստուածաշունչը չի յիշեր։ (Հռութայ 4։1) Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ կարգադրութեան հանդէպ վստահութիւն ունէր։ Մենք ալ նոյնանման վստահութիւն ունի՞նք։ Օրինակ, երբ կողակից մը կը փնտռենք, «միայն թէ Տէրոջմով» ամուսնանալու խրատին կ’անսա՞նք։—Ա. Կորնթացիս 7։39

4։13-16. Թէեւ Հռութ Մովաբացի էր ու Քամովս չաստուծոյն նախկին երկրպագու մըն էր, սակայն հոյակապ առանձնաշնորհում մը վայելեց։ Ասիկա կ’ապացուցանէ այն սկզբունքը թէ «մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ՝ որ կ’ողորմի»։—Հռովմայեցիս 9։16

Թող Աստուած «Ձեզ Ժամանակին Բարձրացնէ»

Հռութայ գիրքը Եհովան կը նկարագրէ որպէս հաւատարիմ սիրոյ Աստուած մը, որ իր հաւատարիմ ծառաներուն ի նպաստ կը գործէ։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Հռութի ստացած օրհնութեան մասին խորհրդածելով, կը տեսնենք բացարձակ հաւատքով Աստուծոյ վստահելու արժէքը, լիովին հաւատալով թէ «Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—Եբրայեցիս 11։6

Հռութ, Նոեմի եւ Բոոս իրենց ամբողջ վստահութիւնը Եհովայի կարգադրութեան վրայ դրին, եւ նպաստաւոր արդիւնքներ քաղեցին։ Նմանապէս, «բոլոր բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անո՛նց՝ որ կը սիրեն Աստուած, անո՛նց՝ որ կանչուած են իր առաջադրութեան համաձայն»։ (Հռովմայեցիս 8։28, ԱՎ) Ուստի թող Պետրոս առաքեալի խրատին անսանք. «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։—Ա. Պետրոս 5։6, 7

[Նկար՝ էջ 28]

Հռութ ինչո՞ւ Նոեմին չլքեց

[Նկար՝ էջ 29]

Հռութ ի՞նչպէս «առաքինի կին» մը ըլլալու համբաւը շահեցաւ

[Նկար՝ էջ 30]

Հռութ Եհովայի կողմէ ի՞նչ ‘լիակատար վարձք’ ստացաւ