Մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանենք
Մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանենք
«‘Իմ վկաներս դուք էք’, կ’ըսէ Տէրը»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 43։10
1. Եհովա ինչպիսի՞ մարդիկ իրեն կը քաշէ։
ԵՐԲ Թագաւորութեան Սրահ մը մտնես, պահ մը շուրջդ դիտէ։ Պաշտամունքի այս վայրին մէջ պիտի տեսնես լուրջ պատանիներ, որոնք ուշի–ուշով Աստուածաշունչի իմաստութիւնը կ’իւրացնեն։ (Սաղմոս 148։12, 13) Նաեւ պիտի տեսնես հայրեր որ կը ջանան Աստուած հաճեցնել, մինչ կ’ապրին ընտանեկան կեանքը տկարացնող աշխարհի մը մէջ։ Ասկէ զատ, պիտի տեսնես սիրելի տարեցներ, որոնք հաստատօրէն կը կառչին Եհովայի կատարած իրենց նուիրումին, հակառակ յառաջացած տարիքին բերած հիւանդութիւններուն։ (Առակաց 16։31) Բոլորն ալ խորապէս Եհովան կը սիրեն։ Իսկ ան յարմար տեսած է որ զանոնք իրեն քաշէ։ Աստուծոյ Որդին նշեց. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։—Յովհաննու 6։37, 44, 66
2, 3. Քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ սուր գիտակցութիւն պահպանելը ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն է։
2 Եհովայի հաճութիւնը ու օրհնութիւնը վայելող ժողովուրդին մէկ մասը կազմելով ուրախ չե՞նք։ Այսուհանդերձ, այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ մեր քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ սուր գիտակցութիւն պահպանելը մարտահրաւէր մըն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ասիկա յատկապէս շիտակ է քրիստոնէական ընտանիքներու մէջ մեծցած պատանիներուն պարագային։ Այսպիսի պատանի մը խոստովանեցաւ. «Թէեւ քրիստոնէական ժողովներու կը յաճախէի, բայց հոգեւոր յստակ նպատակակէտեր չունէի, ո՛չ ալ Եհովայի ծառայելու զօրաւոր փափաք»։
Ա. Պետրոս 4։4) Ոմանք կը խորհին թէ կարեւոր չէ Աստուած պաշտել իր պատուիրած կերպով։ (Յովհաննու 4։24) Եփեսացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս կը խօսի աշխարհի ունեցած «ոգի»ին՝ կամ տիրական եղող վերաբերմունքին մասին։ (Եփեսացիս 2։2) Այդ ոգին մարդոց վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որ Եհովան չճանչցող ընկերութեան մտածելակերպին համակերպին։
3 Ոմանք թէեւ անկեղծօրէն կ’ուզեն Եհովայի ծառայել, բայց շրջապատի ճնշումի, աշխարհային ազդեցութիւններու եւ մեղաւոր հակումներու պատճառով մտացիր կը դառնան։ Երբ ճնշումի տակ գտնուինք, կրնանք աստիճանաբար մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը կորսնցնել։ Օրինակ, ներկայիս շատեր Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները հնամենի կամ անիրատես կը նկատեն։ (4. Յիսուս ի՞նչպէս շեշտեց մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանելու կարիքը։
4 Սակայն Եհովայի նուիրուած ծառաներ ըլլալով, կը գիտակցինք որ մեզմէ ոեւէ մէկը, երիտասարդ թէ տարեց, եթէ իր քրիստոնէական ինքնութիւնը կորսնցնէ, գէշ հետեւանքներ պիտի կրէ։ Քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ պատշաճ տեսակէտը կը հիմնուի միայն Եհովայի չափանիշներուն եւ մեզմէ իր ակնկալած բաներուն վրայ, քանի որ իր պատկերով ստեղծուած ենք։ (Ծննդոց 1։26. Միքիայ 6։8) Աստուածաշունչը մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը կը նմանցնէ հանդերձներու, որ կը հագնինք որպէսզի բոլորը տեսնեն։ Մեր օրերուն մասին խօսելով, Յիսուս զգուշացուց. «Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ»։ * (Յայտնութիւն 16։15) Չենք ուզեր մեր քրիստոնէական յատկութիւններն ու վարքագծի չափանիշները մէկդի նետել ու Սատանայի աշխարհին թոյլ տալ որ մեզ կաղապարէ։ Ասիկա տեղի ունենալը կը նշանակէ մեր «հանդերձները» կորսնցնել,– կացութիւն մը որ ցաւալի ու ամօթաբեր է։
5, 6. Հոգեւոր կայունութիւնը ինչո՞ւ կենսական է։
5 Քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ սուր գիտակցութիւն ունենալը մեծապէս կ’ազդէ անհատին կեանքի ուղղութեան։ Ի՞նչպէս։ Եթէ Եհովայի երկրպագուն իր ինքնութեան նկատմամբ անհոգ գտնուի, կրնայ մտացիր դառնալ, յստակ ուղղութիւն կամ նպատակակէտեր չունենալով։ Աստուածաշունչը այս վարանոտ վիճակէն կրկին անգամ կը զգուշացնէ։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է. այն մարդը թող չկարծէ թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ. երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ»։—Յակոբու 1։6-8. Եփեսացիս 4։14. Եբրայեցիս 13։9
6 Ի՞նչպէս կրնանք մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանել։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ Ամենաբարձրին երկրպագուները ըլլալու մեր մեծ առանձնաշնորհումը աւելի յստակ տեսնենք։ Հետեւեալ կերպերը նկատի առնենք։
Քրիստոնէական Ինքնութիւնդ Ամրօրէն Հաստատէ
7. Ինչո՞ւ օգտակար է Եհովայի պաղատիլ որ մեզ քննէ։
7 Եհովայի հետ յարաբերութիւնդ շարունակ ամրացուր։ Քրիստոնեային ամենաթանկագին ստացուածքը՝ Աստուծոյ հետ իր անձնական յարաբերութիւնն է։ (Սաղմոս 25։14. Առակաց 3։32) Եթէ սկսինք մեր քրիստոնէական ինքնութեան շուրջ խռովեցուցիչ հարցումներ ունենալ, մօտէն պէտք է քննենք այս յարաբերութեան որակն ու խորութիւնը։ Սաղմոսերգուն տեղին ըլլալով աղերսեց. «Ո՛վ Տէր, փորձէ՛ զիս, քննէ՛ զիս, զտէ՛ երիկամունքս եւ սիրտս»։ (Սաղմոս 26։2, ԱՎ) Այս քննութիւնը ինչո՞ւ էական է։ Քանի որ մեր ամենախոր շարժառիթներն ու ամենաներքին հակումները վստահելի կերպով չենք կրնար արժեւորել։ Միայն Եհովա կրնայ ըմբռնել մեր ներքին անձը,– մեր շարժառիթները, մտածումները եւ յուզումները։—Երեմեայ 17։9, 10
8. (ա) Եհովայի կատարած քննութիւնը ի՞նչպէս կ’օգտէ մեզի։ (բ) Իբրեւ Քրիստոնեայ յառաջդիմելու համար ի՞նչ օգնութիւն ստացած ես։
8 Եհովա մեզ կը քննէ, թոյլ տալով որ կարգ մը պարագաներ զարգանան, որոնք մեր իսկական շարժառիթներն ու սիրտի վիճակը երեւան կը հանեն։ (Եբրայեցիս 4։12, 13. Յակոբու 1։22-25) Այսպիսի փորձարկումներ սիրով պէտք է ընդունինք, քանի որ մեզի պատեհութիւն կու տան որ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութեան խորութիւնը ապացուցանենք։ Անոնք կրնան ցոյց տալ մեր ‘կատարեալ ու ամբողջ ըլլալը ու բանի մը պակասութիւն չունենալը’։ (Յակոբու 1։2-4) Իսկ այդ միջոցին, կրնանք հոգեւորապէս աճիլ։—Եփեսացիս 4։22-24
9. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ ստուգենք թէ մեր հաւատացած բանը Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնն է։
9 Աստուածաշունչի ճշմարտութեան նկատմամբ համոզումդ հաստատէ։ Որպէս Եհովայի ծառաներ մեր ինքնութեան ըմբռնումը կրնայ տկարանալ, եթէ Սուրբ Գրութիւններու գիտութեան վրայ ամրօրէն հիմնուած չէ։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10) Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ,– երիտասարդ թէ տարեց,– պէտք է ստուգէ թէ իր հաւատացած բանը արդարեւ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած ճշմարտութիւնն է։ Պօղոս իր հաւատակիցները յորդորեց. «Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին ամուր բռնեցէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Աստուածավախ ընտանիքներու պատկանող դեռատի Քրիստոնեաները պէտք է գիտակցին թէ չեն կրնար իրենց ծնողքին հաւատքէն կախեալ ըլլալ։ Սողոմոնի հայրը՝ Դաւիթ, յորդորեց զինք որ ‘իր հօրը Աստուածը ճանչնայ ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ընէ’։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Բաւարար պիտի չըլլար որ պատանի Սողոմոն դիտէր թէ իր հայրը ի՛նչպէս Եհովայի հանդէպ հաւատք կը կերտէր։ Ան Եհովան անձամբ պէտք էր ճանչնար, եւ այդպէս ալ ըրաւ։ Ան Աստուծոյ աղաչեց. «Ինծի իմաստութիւն ու գիտութիւն տուր, որպէս զի այս ժողովուրդին առջեւ ելլեմ ու մտնեմ»։—Բ. Մնացորդաց 1։10
10. Շիտակ շարժառիթով անկեղծ հարցումներ ուղղելը ինչո՞ւ սխալ չէ։
10 Զօրաւոր հաւատքը գիտութեան վրայ կը հիմնուի։ «Հաւա՛տքը լսելէն է», ըսաւ Պօղոս։ (Հռովմայեցիս 10։17) Ասով ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ան ըսել ուզեց թէ Աստուծոյ Խօսքով սնուցանուելով, Եհովայի, իր խոստումներուն եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը կը կերտենք։ Աստուածաշունչին մասին անկեղծ հարցումներ ուղղելով, կրնանք հաւաստիացուցիչ պատասխաններ ստանալ։ Ասկէ զատ, Հռովմայեցիս 12։2–ի մէջ կը գտնենք Պօղոսի սա խրատը. ‘Քննեցէք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի, հաճելի եւ կատարեալ է’։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ «Ճշմարտութեան գիտութիւնը» ձեռք ձգելով։ (Տիտոս 1։1) Եհովայի հոգին կրնայ մեզի օգնել որ նոյնիսկ դժուար նիւթեր ըմբռնենք։ (Ա. Կորնթացիս 2։11, 12) Երբ բան մը հասկնալու դժուարութիւն ունենանք, օգնութեան համար Աստուծոյ պէտք է աղօթենք։ (Սաղմոս 119։10, 11, 27) Եհովա կ’ուզէ որ իր Խօսքը հասկնանք, անոր հաւատանք ու անոր հնազանդինք։ Ան կ’ողջունէ շիտակ շարժառիթով ուղղուած անկեղծ հարցումները։
Վճռէ Աստուած Հաճեցնել
11. (ա) Բնական ո՞ր փափաքը կրնայ մեզ ծուղակը ձգել։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք խիզախօրէն շրջապատի ճնշումին դէմ դնել։
11 Ջանա՛ Աստուած հաճեցնել, եւ ո՛չ՝ մարդ։ Բնական է որ մեր ինքնութիւնը որոշ չափով հաստատենք՝ խումբի մը պատկանելով։ Ամէն ոք բարեկամներու կարիք ունի, եւ անոնց կողմէ ընդունուիլը մեզի ուրախութիւն ու ապահովութիւն կու տայ։ Պատանեկութեան ընթացքին,– ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող տարիներուն,– շրջապատի ճնշումը կրնայ զօրաւոր ըլլալ, ուրիշները ընդօրինակելու կամ հաճեցնելու բուռն փափաք արթնցնելով։ Բայց բարեկամներն ու տարեկիցները մեր բարօրութեամբ միշտ սրտանց չեն հետաքրքրուիր։ Երբեմն անոնք միայն կ’ուզեն մեղքի ընկեր։ (Առակաց 1։11-19) Երբ Քրիստոնեայ մը շրջապատի բացասական ճնշումին տեղի տայ, ան սովորաբար կը փորձէ իր ինքնութիւնը թաքցնել։ (Սաղմոս 26։4) Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք»։ (Հռովմայեցիս 12։2, Անթիլիաս) Եհովա մեզի հարկ եղած ներքին զօրութիւնը կը հայթայթէ, որպէսզի համակերպելու արտաքին ճնշումին դէմ դնենք։—Եբրայեցիս 13։6
12. Ո՞ր սկզբունքը եւ ո՞ր օրինակը կրնան մեզ ամրապնդել որ հաստատ կենանք, երբ Աստուծոյ հանդէպ մեր վստահութիւնը խնդրոյ առարկայ է։
12 Երբ արտաքին ճնշումը սպառնայ մեր քրիստոնէական ինքնութեան վնասել, յիշենք թէ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը շա՜տ աւելի կարեւոր է, քան՝ հանրութեան կարծիքը կամ մեծամասնութեան հետեւած հոսանքը։ Ելից 23։2–ի սկզբունքը մեր ապահովութեան կը նպաստէ. «Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր»։ Երբ Իսրայելացիներուն մեծամասնութիւնը իր խոստումները կատարելու Եհովայի կարողութեան վրայ կասկածեցան, Քաղէբ հաստատօրէն մերժեց մեծամասնութեան հետեւիլ։ Ան վստահ էր որ Աստուծոյ խոստումները արժանահաւատ էին, եւ իր այս կեցուածքին համար ճոխօրէն օրհնուեցաւ։ (Թուոց 13։31. Յեսուայ 14։6-11) Նմանապէս յօժա՞ր ես հասարակաց կարծիքի ճնշումին դէմ դնելու, որպէսզի Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնդ պահպանես։
13. Մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը ճանչցնելը ինչո՞ւ խոհեմութիւն է։
13 Քրիստոնէական ինքնութիւնդ ճանչցուր։ Յարձակումը լաւագոյն պաշտպանութիւնն է առածը կրնանք կիրարկել, մինչ մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը կը պաշտպանենք։ Եզրասի օրերուն, երբ Եհովայի կամքը ընելու իրենց ջանքերը հակառակութիւն դիմագրաւեցին, հաւատարիմ Իսրայելացիները ըսին. «Մենք երկնքի ու երկրի Աստուծոյն ծառաներն ենք»։ (Եզրասայ 5։11) Եթէ թշնամալից մարդոց հակազդեցութիւններն ու քննադատութիւնները մեզի ազդեն, կրնայ վախը մեզ անդամալուծել։ Ամէն ոք հաճեցնել ջանալը կրնայ մեր ազդուութիւնը տկարացնել։ Ուստի երկչոտ մի՛ ըլլար։ Միշտ լաւ է որ ուրիշներուն յստակ դարձնես թէ Եհովայի Վկայ ես։ Յարգալից բայց հաստատ կերպով կրնաս ուրիշներուն բացատրել արժանիքներդ, հաւատալիքներդ եւ քրիստոնէական կեցուածքդ։ Թող ուրիշները գիտնան թէ վճռած ես բարոյական հարցերու մէջ Եհովայի բարձր չափանիշներուն կառչած մնալ։ Յստակացուր թէ քրիստոնէական ուղղամտութիւնդ անբանակցելի է։ Ցոյց տուր թէ բարոյական չափանիշներովդ կը պարծենաս։ (Սաղմոս 64։10) Իբրեւ անխախտ Քրիստոնեայ աչքառու դառնալը կրնայ քեզ ամրացնել, քեզ պաշտպանել եւ նոյնիսկ ուրիշները մղել որ ուզեն Եհովայի ու իր ժողովուրդին մասին աւելին գիտնալ։
14. Ծաղրանքը կամ հակառակութիւնը պէ՞տք է մեզ վհատեցնէ. բացատրէ։
14 Այո, ոմանք կրնան ծաղրել կամ քեզի հակառակիլ։ (Յուդա 18) Եթէ ուրիշներ արժանիքներդ իրենց բացատրելու ջանքիդ չընդառաջեն, մի՛ վհատիր։ (Եզեկիէլ 3։7, 8) Ի՛նչ ալ ընես, բնաւ պիտի չկարենաս համոզել ան որ համոզուելու փափաք չունի։ Մտաբերէ Փարաւոնը։ Ո՛չ պատուհասները, ո՛չ հրաշքները, ո՛չ ալ իր անդրանիկին մահը կրցան Փարաւոնը համոզել թէ Մովսէս Եհովայի խօսնակն էր։ Հետեւաբար թոյլ մի՛ տար մարդու վախին որ քեզ անդամալուծէ։ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն ու հաւատք ունենալը կրնայ մեզի օգնել վախը յաղթահարելու։—Առակաց 3։5, 6. 29։25
Անցեալէն Սորվիր, Ապագադ Հիմակուընէ Կերտէ
15, 16. (ա) Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը ի՞նչ է։ (բ) Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ մեր հոգեւոր ժառանգութեան մասին խոկալով, ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։
15 Հոգեւոր ժառանգութիւնդ արժեւորէ։ Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ իրենց ճոխ հոգեւոր ժառանգութեան մասին խոկալով պիտի օգտուին։ Այս ժառանգութիւնը կը պարփակէ Եհովայի Խօսքին ճշմարտութիւնը, յաւիտենական կեանքի յոյսը, եւ որպէս բարի լուրը ծանուցանողներ Աստուած ներկայացնելու պատիւը։ Քու տեղդ կը տեսնե՞ս իր Վկաներուն մէջ, առանձնաշնորհեալ խումբին մէջ, որոնք Թագաւորութեան քարոզչութեան փրկարար գործը ընելու յանձնարարութիւնը ունին։ Մտաբերէ թէ Եհովան է որ կը հաստատէ. «Իմ վկաներս դուք էք»։—Եսայեայ 43։10
Սաղմոս 91։1, 2) Եհովայի կազմակերպութեան արդի պատմութեան կարգ մը ուշագրաւ իրադարձութիւնները աչքէ անցընելը, մեր միտքին մէջ կը դրոշմէ թէ ո՛չ ոք կամ ո՛չ մէկ բան կրնայ Եհովայի ժողովուրդը երկրագունդէն արմատահան ընել։—Եսայեայ 54։17. Երեմեայ 1։19
16 Կրնաս դուն քեզի հարց տալ. ‘Այս հոգեւոր ժառանգութիւնը որքա՞ն թանկագին է ինծի համար։ Զայն ա՛յնքան կ’արժեւորե՞մ որ Աստուծոյ կամքը կատարելը կեանքիս մէջ կարեւորագոյն բանը դարձնեմ։ Այս ժառանգութեան հանդէպ խոր գնահատութիւն ունի՞մ, այնպէս որ կարենամ դէմ դնել որեւէ փորձութեան որ կրնայ պատճառ ըլլալ որ զայն կորսնցնեմ’։ Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը նաեւ կրնայ մեզի հոգեւոր ապահովութեան խոր զգացում տալ, որ միայն Եհովայի կազմակերպութեան մէջ կարելի է վայելել։ (17. Մեր հոգեւոր ժառանգութենէն զատ, ի՞նչ բանի կարիք կայ։
17 Անշուշտ չենք կրնար միայն մեր հոգեւոր ժառանգութենէն կախեալ ըլլալ։ Իւրաքանչիւրս Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւն պէտք է մշակենք։ Փիլիպպէի Քրիստոնեաներուն հաւատքը կերտելու համար ծանր աշխատելէ ետք, Պօղոս անոնց գրեց. «Ուստի, իմ սիրելիներս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք՝ ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս, հապա ա՛լ աւելի հիմա, իմ բացակայութեանս ատեն, ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք»։ (Փիլիպպեցիս 2։12) Մեր փրկութեան համար, չենք կրնար ուրիշի մը վստահիլ։
18. Քրիստոնէական գործունէութիւնները ի՞նչպէս կրնան մեր քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ մեր գիտակցութիւնը սրել։
18 Քրիստոնէական գործունէութեանց մէջ կարելի եղածին չափ շատ բաժին բեր։ Ըսուած է թէ «աշխատանքը անհատին ինքնութիւնը կը ձեւաւորէ»։ Ներկայիս Քրիստոնեաներուն յանձնարարութիւն տրուած է որ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու կենսական գործը կատարեն։ Պօղոս ըսաւ. «Հեթանոսներուն առաքեալ ըլլալու իմ պաշտօնովս կը պարծենամ»։ (Հռովմայեցիս 11։13, Անթիլիաս) Մեր քարոզչութիւնը մեզ աշխարհէն կը զանազանէ, իսկ անոր մասնակցելով մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը կ’ամրացնենք։ Աստուածպետական այլ գործունէութիւններու մէջ բաժին բերելը, ինչպէս՝ քրիստոնէական ժողովները, պաշտամունքի վայրեր կառուցանելու յայտագիրները, կարիքաւորներուն օգնելը, եւ ասոնց նման բաներ, կրնայ մեր քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ մեր գիտակցութիւնը սրել։—Գաղատացիս 6։9, 10. Եբրայեցիս 10։23, 24
Յստակ Ինքնութիւն, Շօշափելի Օրհնութիւններ
19, 20. (ա) Քրիստոնեայ մը ըլլալով, անձամբ ի՞նչ օգուտներ վայելած ես։ (բ) Ի՞նչ բան մեր իսկական ինքնութեան հիմը կը կազմէ։
19 Պահ մը խորհրդածէ այն բազմաթիւ օգուտներուն ու առաւելութիւններուն մասին, որ կը վայելենք քանի որ ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ենք։ Եհովայի կողմէ անձամբ ճանչցուելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Մաղաքիա մարգարէն ըսաւ. «Տէրոջմէ վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար»։ (Մաղաքեայ 3։16) Աստուած կրնայ մեզ իր բարեկամները նկատել։ (Յակոբու 2։23) Մեր կեանքը ճոխացած է բացայայտ նպատակով, խոր իմաստով, եւ օգտակար ու արդիւնաբեր նպատակակէտերով։ Եւ մեզի տրուած է յաւիտենական կեանքի յոյսը։—Սաղմոս 37։9
20 Մի՛ մոռնար թէ մարդոց տեսակէտը չէ որ կ’որոշէ իսկական ինքնութիւնդ եւ արժէքդ, հապա՝ թէ Աստուած ի՛նչպէս քեզ կը նկատէ։ Ուրիշներ մեզ կ’արժեւորեն մարդկային թերի չափանիշներու համաձայն։ Բայց Աստուծոյ սէրն ու անձնական հետաքրքրութիւնը մեր արժէքին իսկական հիմը կը դնեն,– մենք իրեն կը պատկանինք։ (Մատթէոս 10։29-31) Միւս կողմէ, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կրնայ մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը ամրացնել ու մեր կեանքին յստակ ուղղութիւն տալ։ «Եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է»։—Ա. Կորնթացիս 8։3
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 4 Այս խօսքերը թերեւս կ’ակնարկեն Երուսաղէմի տաճարի բարձունքին մեծաւորին պարտականութիւններուն։ Գիշերը ան տաճարին մէջ կը պտըտէր, տեսնելու համար թէ Ղեւտացի պահակները իրենց տեղերը արթո՛ւն են թէ քնացած են։ Քնացած պահակը գաւազանով կը ծեծուէր, եւ իր հանդերձները կ’այրուէին որպէս ամօթալի պատիժ։
Կը յիշե՞ս
• Քրիստոնեաներուն համար ինչո՞ւ կենսական է որ իրենց հոգեւոր ինքնութիւնը պահպանեն։
• Ի՞նչպէս կրնանք մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը ամրօրէն հաստատել։
• Երբ պիտի ընտրենք թէ ո՛վ հաճեցնենք, ո՞ր ազդակները մեզի կ’օգնեն որ շիտակ որոշում կայացնենք։
• Մեր քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ սուր գիտակցութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեր ապագան ձեւաւորել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]