Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր

Այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր

Այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր

«[Քրիստոս] բոլորին համար մեռաւ, որպէսզի ապրողները այլեւս չապրին իրենք իրենց համար»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 5։15, ԱՎ

1, 2. Աստուածաշնչական ո՞ր պատուէրը Յիսուսի առաջին դարու հետեւորդները մղեց իրենց եսասիրութիւնը յաղթահարելու։

ԵՐԿՐԻ վրայ Յիսուսի վերջին գիշերն էր։ Քանի մը ժամ ետք, ան իր կեանքը պիտի տար բոլոր անոնց ի նպաստ, որոնք իրեն հաւատք պիտի ընծայէին։ Այդ գիշեր, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն բազմաթիւ կարեւոր բաներ ըսաւ, մէջը ըլլալով պատուէր մը՝ յատկութեան մը նկատմամբ, որ իր հետեւորդներուն ինքնութիւնը պիտի բնորոշէր։ «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի», ըսաւ ան, «որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննու 13։34, 35

2 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրարու հանդէպ անձնազոհ սէր պէտք է ցուցաբերեն եւ իրենց հաւատակիցներուն կարիքները իրենց կարիքներէն առաջ պէտք է դասեն։ Անոնք նոյնիսկ պէտք չէ վարանին ‘իրենց կեանքը իրենց բարեկամներուն համար դնելու’։ (Յովհաննու 15։13) Նախկին Քրիստոնեաները նոր պատուիրանին ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Իր համբաւաւոր երկին մէջ՝ Էբոլոճի, երկրորդ դարու հեղինակ Տերտուղիանոս ուրիշներու խօսքերը մէջբերեց, որոնք Քրիստոնեաներու մասին ըսին. ‘Տեսէ՛ք, ի՜նչպէս զիրար կը սիրեն. ի՜նչպէս իրարու համար նոյնիսկ մեռնելու պատրաստ են’։

3, 4. (ա) Ինչո՞ւ անձնասիրութեան պէտք է դէմ դնենք։ (բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Մենք ալ պէտք է ‘իրարու նեղութիւնները կրենք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարենք’։ (Գաղատացիս 6։2) Սակայն եսասիրութիւնը մեծագոյն խոչընդոտներէն մէկն է՝ Քրիստոսի օրէնքին հնազանդելու եւ ‘մեր Տէր Աստուածը մեր բոլոր սիրտով եւ մեր բոլոր անձով ու մեր բոլոր միտքով սիրելու’։ (Մատթէոս 22։37-39) Անկատար ըլլալով, մենք անձնակեդրոն ըլլալու հակում ունինք։ Ասկէ զատ, առօրեայ կեանքի ճնշումը, դպրոցին կամ գործատեղիին մէջ մրցակցական մթնոլորտը եւ ծայրը ծայրին բերելու պայքարը, այդ բնական հակումը կը զօրացնեն, որ երբեք պիտի չնուազի, քանի որ Պօղոս առաքեալ զգուշացուց. «Վերջին օրերը . . . մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2

4 Իր երկրային ծառայութեան վերջին հանգրուանին, Յիսուս իր աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց երեք քայլեր, որոնցմով կրնային անձնասիրութիւնը յաղթահարել։ Ի՞նչ էին անոնք, եւ ի՞նչպէս անոր ցուցմունքներէն կրնանք օգտուիլ։

Ազդու Հակաթոյն

5. Մինչ Գալիլիայի հիւսիսը կը գտնուէր, Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ յայտնեց, եւ ասիկա անոնց համար ինչո՞ւ ցնցիչ էր։

5 Յիսուս Գալիլիայի հիւսիսը՝ Փիլիպպոսի Կեսարիայի մօտ կը քարոզէր։ Այս խաղաղ, տեսարժան շրջանը թերեւս կը թուէր անզբաղութեան աւելի յարմար վայր մը ըլլալ, քան՝ ինքնամերժումի մասին սորվելու։ Սակայն հոն Յիսուս սկսաւ իր աշակերտներուն յայտնել թէ «պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։ (Մատթէոս 16։21) Այս յայտնութիւնը Յիսուսի աշակերտներուն համար որքա՜ն ցնցիչ ըլլալու էր, քանի որ մինչեւ այդ ատեն անոնք կ’ակնկալէին որ իրենց Առաջնորդը իր Թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի հաստատէր։—Ղուկաս 19։11. Գործք 1։6

6. Յիսուս ինչո՞ւ խստօրէն յանդիմանեց Պետրոսը։

6 Պետրոս անմիջապէս «մէկդի առաւ [Յիսուսը] եւ սկսաւ յանդիմանել զանիկա ու ըսել. ‘Քաւ լիցի [«Դուն քեզի հետ մեղմութեա՛մբ վարուիր», ՆԱ], Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ’»։ Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց։ «Ինք դառնալով՝ Պետրոսին ըսաւ. ‘Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները’»։ Այս երկու տեսակէտները որքա՜ն իրարու հակադիր էին։ Յիսուս սիրայօժար ընդունեց Աստուծոյ իրեն նշանակած անձնազոհ ընթացքը, որ մի քանի ամիս ետք տանջանքի ցիցի վրայ իր մահուան պիտի առաջնորդէր։ Իսկ Պետրոս հանգիստ ընթացք մը յանձնարարեց՝ ըսելով. «Դուն քեզի հետ մեղմութեա՛մբ վարուիր»։ Անտարակոյս ան լաւ դիտաւորութիւններ ունէր, բայց Յիսուս զինք յանդիմանեց, քանի որ Սատանային թոյլ տուաւ որ իրեն ազդէ։ Պետրոսի ‘մտածումները Աստուծոյ մտածումները չէին, այլ՝ մարդոց’։—Մատթէոս 16։22, 23. Երուսաղէմ

7. Ինչպէս Մատթէոս 16։24–ի մէջ արձանագրուած է, Յիսուս իր հետեւորդներուն համար ի՞նչ ընթացք ուրուագծեց։

7 Այսօր կարելի է լսել Յիսուսի ուղղուած Պետրոսի խօսքերուն նման արտայայտութիւններ։ Աշխարհը յաճախ կը յորդորէ որ անհատը ‘իր անձին հետ մեղմ ըլլայ’ կամ ‘ամենադիւրին ընթացքին հետեւի’։ Միւս կողմէ, Յիսուս բոլորովին տարբեր մտավիճակ մը յանձնարարեց։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը ուզէ գալ իմ ետեւէս, թող ուրանայ ինքզինք, վերցնէ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ], ու [«շարունակ», ՆԱ] հետեւի ինծի»։ (Մատթէոս 16։24, ԱՎ) Աշխատասիրութիւն մը (The New Interpreter’s Bible) կը նշէ. «Այս խօսքերը չեն հրաւիրեր դրսեցիները որ աշակերտ ըլլան, այլ՝ կը յորդորեն Քրիստոսի կոչին ընդառաջողները որ աշակերտ ըլլալու իմաստին շուրջ խորհրդածեն»։ Հաւատացեալնե՛րը պէտք է առնեն այդ համարին մէջ Յիսուսի ուրուագծած երեք քայլերը։ Այժմ իւրաքանչիւր քայլ նկատի առնենք։

8. Բացատրէ թէ դուն քեզ ուրանալը ի՛նչ կը նշանակէ։

8 Առաջին, պէտք է մենք մեզ ուրանանք։ «Ինքզինք ուրանալ» թարգմանուած Յունարէն բառը, անձնասէր ցանկութիւնները կամ անձնական հանգիստը կամովին մերժելու իմաստը կը հաղորդէ։ Մենք մեզ ուրանալը չի նշանակեր՝ երբեմն որոշ հաճոյքներէ հրաժարիլ, ո՛չ ալ ճգնաւոր կամ ինքնակործան մէկը դառնալ։ Այլեւս ‘մենք մեզի չենք պատկանիր’, այն առումով որ մեր ամբողջ կեանքը յօժարակամ Եհովայի կը յանձնենք։ (Ա. Կորնթացիս 6։19, 20) Փոխանակ անձնակեդրոն ըլլալու, Աստուծոյ ծառայութիւնը մեր կեանքին առանցքը կը կազմէ։ Մենք մեզ ուրանալով կը վճռենք Աստուծոյ կամքը կատարել, նոյնիսկ եթէ ասիկա մեր անկատար հակումներուն հակառակ է։ Աստուծոյ նուիրուելով ու մկրտուելով ցոյց կու տանք թէ բացարձակապէս զինք կը պաշտենք։ Ապա կը ջանանք մեր նուիրումին համաձայն ապրիլ, մեր կեանքի բոլոր օրերուն մէջ։

9. (ա) Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, տանջանքի ցիցը ի՞նչ կը ներկայացնէր։ (բ) Ի՞նչ կերպով մեր տանջանքի ցիցը կը վերցնենք։

9 Երկրորդ, պէտք է մեր տանջանքի ցիցը վերցնենք։ Առաջին դարուն, տանջանքի ցիցը կը ներկայացնէր չարչարանք, նախատինք ու մահ։ Սովորաբար միայն ոճրագործները տանջանքի ցիցին վրայ մեռնելու վճիռ կը ստանային կամ անոնց դիակները ցիցի մը վրայ կը կախուէին։ Այս արտայայտութեամբ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Քրիստոնեան պէտք է պատրաստ ըլլայ ընդունելու հալածանքը, արհամարհանքը կամ նոյնիսկ մահը, քանի որ աշխարհի մէկ մասը չէ։ (Յովհաննու 15։18-20) Մեր քրիստոնէական չափանիշները մեզ աշխարհէն կ’անջատեն, ուստի աշխարհը կրնայ մեզի ‘հայհոյել’։ (Ա. Պետրոս 4։4) Ասիկա կրնայ տեղի ունենալ ուր որ կ’աշխատինք, դպրոցը կամ նոյնիսկ ընտանիքէն ներս։ (Ղուկաս 9։23) Այսուհանդերձ յօժար ենք աշխարհի արհամարհանքին տոկալու, քանի որ այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը»։ (Մատթէոս 5։11, 12) Արդարեւ կարեւորը Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալն է։

10. Շարունակ Յիսուսի հետեւիլը ի՞նչ կը պարփակէ։

10 Երրորդ, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ թէ պէտք է շարունակ իրեն հետեւինք։ Ըստ Ու. Է. Վայնի մէկ աշխատասիրութեան (An Expository Dictionary of New Testament Words), հետեւիլ կը նշանակէ՝ ուղեկից մը ըլլալ,– «մէկը որ նոյն ճամբան կը բռնէ»։ Ա. Յովհաննու 2։6 (ԱՎ) կ’ըսէ. «Ո՛վ որ կ’ըսէ թէ կը բնակի անոր [Աստուծոյ] մէջ, պարտաւոր է ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս ա՛ն [Քրիստոս] ընթացաւ»։ Յիսուս ի՞նչպէս ընթացաւ։ Իր երկնաւոր Հօր եւ իր աշակերտներուն հանդէպ Յիսուսի սէրը, եսասիրութեան առիթ չընծայեց։ ‘Քրիստոս չհաճեցուց ինքզինք’, գրեց Պօղոս։ (Հռովմայեցիս 15։3, ԱՎ) Նոյնիսկ երբ յոգնած կամ անօթի էր, Յիսուս ուրիշներու կարիքները իր կարիքներէն առաջ դասեց։ (Մարկոս 6։31-34) Ան նաեւ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ ծանր աշխատեցաւ։ Պէտք չէ՞ զինք ընդօրինակենք մինչ նախանձախնդրաբար կը կատարենք մեր յանձնարարութիւնը,– ‘աշակերտել բոլոր ազգերը . . . սորվեցնել անոնց պահել ամէն ինչ որ Յիսուս պատուիրեց’։ (Մատթէոս 28։19, 20) Քրիստոս այս բոլոր մարզերուն մէջ մեզի օրինակ թողուց, եւ մենք պէտք է ‘իր շաւիղներուն հետեւինք’։—Ա. Պետրոս 2։21

11. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մենք մեզ ուրանանք, մեր տանջանքի ցիցը վերցնենք եւ շարունակ Յիսուս Քրիստոսի հետեւինք։

11 Կենսական է որ մենք մեզ ուրանանք, մեր տանջանքի ցիցը վերցնենք եւ շարունակ մեր Տիպարին հետեւինք։ Այսպէս կը չէզոքացնենք եսասիրութիւնը,– անձնուրաց սէր ցուցաբերելու ստոյգ խոչընդոտը։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ. «Ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա, քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ»։—Մատթէոս 16։25, 26

Չենք Կրնար Երկու Տիրոջ Ծառայել

12, 13. (ա) Յիսուսի խրատը հայցող երիտասարդ պետը ի՞նչ բանով մտահոգուած էր։ (բ) Յիսուս երիտասարդին ի՞նչ խրատ տուաւ, եւ ինչո՞ւ։

12 Մի քանի ամիս անցնելէ ետք այն ժամանակէն, երբ Յիսուս շեշտեց թէ իր աշակերտները իրենք զիրենք պէտք է ուրանան, հարուստ երիտասարդ պետ մը իրեն քով եկաւ ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ բարիք գործեմ՝ որ ունենամ յաւիտենական կեանքը»։ Յիսուս անոր ըսաւ որ ‘պատուիրանները պահէ’, ապա անոնցմէ քանի մը հատը մէջբերեց։ Երիտասարդը ըսաւ. «Պահած եմ այդ բոլորը»։ Ըստ երեւոյթին երիտասարդը անկեղծ էր եւ ամէն ջանք թափած էր որ Օրէնքին պատուիրանները պահէր։ Ուստի ան հարցուց. «Տակաւին ի՞նչ կը պակսի ինծի»։ Իր պատասխանին մէջ, Յիսուս երիտասարդին անզուգական հրաւէր մը տուաւ, ըսելով. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ՝ գնա՛, ծախէ՛ ինչքդ եւ տո՛ւր աղքատներուն, ու գանձ պիտի ունենաս երկինքը. ապա հետեւէ՛ ինծի»։—Մատթէոս 19։16-21, ԱՎ

13 Յիսուս տեսաւ թէ երիտասարդը որպէսզի կարենար բոլորանուէր կերպով Եհովայի ծառայել, ան պէտք ունէր ձերբազատուելու իր մեծ զբաղումէն,– իր նիւթական հարստութենէն։ Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայել։ Ան ‘չի կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային’։ (Մատթէոս 6։24) Ան ‘պարզ աչքի’ պէտք ունի, որ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած է։ (Մատթէոս 6։22) Ստացուածքներէ ձերբազատուիլը եւ զանոնք աղքատներուն տալը անձնազոհութիւն է։ Այս նիւթական զոհողութեան փոխարէն, Յիսուս երիտասարդ պետին ներկայացուց երկինքի մէջ գանձ դիզելու անգին առանձնաշնորհումը,– գանձ մը որ իրեն համար յաւիտենական կեանք պիտի նշանակէր եւ երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ իշխելու հեռանկարը կրնար պարփակել։ Բայց երիտասարդը ինքզինք ուրանալու պատրաստ չէր։ Ան «տրտմած գնաց, վասն զի շատ ստացուածք ունէր»։ (Մատթէոս 19։22) Սակայն Յիսուսի միւս հետեւորդները տարբեր կերպով ընդառաջեցին։

14. Չորս ձկնորսներ ի՞նչպէս ընդառաջեցին իրեն հետեւելու Յիսուսի հրաւէրին։

14 Շուրջ երկու տարի առաջ, Յիսուս նման հրաւէր մը տուած էր չորս ձկնորսներու. Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս։ Այդ ժամանակ, անոնցմէ երկուքը ձուկ կ’որսային, իսկ միւս երկուքը իրենց ուռկանները կը նորոգէին։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ Չորսն ալ ի վերջոյ իրենց ձկնորսութեան գործը ձգեցին եւ Յիսուսի հետեւեցան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը։—Մատթէոս 4։18-22

15. Այժմու Եհովայի Վկայ մը ի՞նչպէս զոհողութիւններ ըրաւ, Յիսուսի հետեւելու համար։

15 Ներկայիս բազմաթիւ Քրիստոնեաներ չորս ձկնորսներուն օրինակը ընդօրինակած են, փոխանակ՝ հարուստ երիտասարդ պետին օրինակը։ Անոնք հարստութիւն եւ համբաւաւոր դառնալու պատեհութիւններ զոհած են, որպէսզի Եհովայի ծառայեն։ «Երբ 22 տարեկան էի, մեծ որոշում մը պէտք էր կայացնէի», կ’ըսէ Դեբօրա։ Ան կը բացատրէ. «Շուրջ վեց ամիս Աստուածաշունչը ուսումնասիրած էի, եւ ուզեցի կեանքս Եհովայի նուիրել, բայց ընտանիքս շատ հակառակեցաւ։ Անոնք չափազանց մեծահարուստ էին, եւ խորհեցան թէ Վկայ ըլլալս իրենց ամօթ պիտի բերէր ընկերային շրջանակին մէջ։ Անոնք ինծի 24 ժամ տուին որպէսզի որոշեմ թէ ի՛նչ կը նախընտրեմ,– շռայլ կեա՛նք թէ ճշմարտութիւնը, իսկ եթէ Վկաներուն հետ ամէն կապ չխզեմ, զիս ժառանգէն պիտի զրկէին։ Եհովա ինծի օգնեց որ շիտակ որոշումը կայացնեմ եւ զօրութիւն տուաւ որ անոր կառչիմ։ Վերջին 42 տարիները լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուցած եմ, եւ երբեք չեմ զղջար ասոր համար։ Եսասէր ու հաճոյասէր կենցաղը մերժելով, ընտանիքիս անդամներուն ապրած աննպատակ ու ապերջանիկ կեանքէն խուսափեցայ։ Ամուսինիս հետ միասին, աւելի քան հարիւր անհատի օգնած ենք որ ճշմարտութիւնը սորվին։ Այս հոգեւոր զաւակները ինծի համար աւելի արժէքաւոր են, քան որեւէ նիւթական հարստութիւն»։ Միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ անոր զգացումները կը բաժնեն։ Ի՞նչ է քո՛ւ կեցուածքդ։

16. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր։

16 Այլեւս իրենք իրենց համար չապրելու փափաքը մղած է հազարաւոր Եհովայի Վկաներ որ ծառայեն որպէս ռահվիրաներ կամ Թագաւորութեան լիաժամ քարոզիչներ։ Ուրիշներ, որոնց պարագաները թոյլ չեն տար լիաժամ ծառայութեան մասնակցելու, ռահվիրայական հոգին կը մշակեն ու իրենց կրցածին չափ Թագաւորութեան քարոզչութեան թիկունք կը կանգնին։ Ծնողներ համանման կեցուածք կը ցուցաբերեն, երբ շատ ժամանակ կը յատկացնեն ու անձնական հետաքրքրութիւններ կը զոհեն, որպէսզի իրենց զաւակներուն հոգեւոր մարզում տան։ Բոլորս կրնանք կերպով մը ցոյց տալ թէ Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կու գան։—Մատթէոս 6։33

Որո՞ւն Սէրը կը Պարտադրէ Մեզ

17. Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ զոհողութիւններ ընելու։

17 Անձնազոհ սէր ցուցաբերելը հետեւելիք ամենադիւրին ընթացքը չէ։ Բայց պահ մը խորհէ թէ ի՛նչ բան կը մղէ մեզ ասիկա ընելու։ Պօղոս գրեց. «Քրիստոսի սէրը կը պարտադրէ մեզ, ու մեր դատումը սա՛ է, թէ . . . ան բոլորին համար մեռաւ, որպէսզի ապրողները այլեւս չապրին իրենք իրենց համար, հապա անո՛ր համար՝ որ մեռաւ իրենց համար, եւ յարութիւն առաւ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15, ԱՎ) Քրիստոսի սէրն է որ կը պարտադրէ մեզ որ այլեւս չապրինք մենք մեզի համար։ Ասիկա ի՜նչ զօրաւոր շարժառիթ մըն է։ Քանի որ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ, իրեն համար ապրելու բարոյական պարտաւորութիւնը չե՞նք զգար։ Արդարեւ Աստուծոյ ու Քրիստոսի ցուցաբերած խոր սէրը գնահատելով, մղուեցանք մեր կեանքը Աստուծոյ նուիրելու եւ Քրիստոսի աշակերտները ըլլալու։—Յովհաննու 3։16. Ա. Յովհաննու 4։10, 11

18. Անձնազոհ ընթացքը ինչո՞ւ նեղութիւնը արժող բան մըն է։

18 Այլեւս մենք մեզի համար չապրիլը նեղութիւնը արժո՞ղ բան մըն է։ Հարուստ երիտասարդ պետը Քրիստոսի հրաւէրը մերժելէ ու հեռանալէ ետք, Պետրոս Յիսուսի ըսաւ. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 19։27) Պետրոս եւ միւս առաքեալները իրապէս իրենք զիրենք ուրացած էին։ Անոնց վարձատրութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Յիսուս նախ խօսեցաւ իրեն հետ երկինքի մէջ իշխելու առանձնաշնորհումին մասին։ (Մատթէոս 19։28) Ան նաեւ ակնարկեց այն օրհնութիւններուն, որ իր հետեւորդներէն իւրաքանչիւրը կրնար վայելել, ըսելով. «Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա . . . եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը»։ (Մարկոս 10։29, 30) Մեր զոհած բաներէն շա՛տ աւելին կը ստանանք։ Մեր հոգեւոր հայրերը, մայրերը, եղբայրները, քոյրերն ու զաւակները շատ աւելի արժէքաւոր չե՞ն, քան ինչ որ զոհեցինք Թագաւորութեան սիրոյն։ Ո՞վ ամենէն վարձահատոյց կեանքը ունեցաւ,– Պետրո՞ս թէ հարուստ երիտասարդ պետը։

19. (ա) Իսկական երջանկութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ է։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

19 Յիսուս իր խօսքերով ու արարքներով ցոյց տուաւ թէ երջանկութիւնը յառաջ կու գայ տալէն ու ծառայելէն, եւ ո՛չ թէ անձնասիրութենէն։ (Մատթէոս 20։28. Գործք 20։35) Երբ այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր, եւ շարունակ Քրիստոսի կը հետեւինք, մեր կեանքին մէջ մեծ գոհունակութիւն կը գտնենք հիմա եւ կ’ունենանք՝ ապագային յաւիտեան ապրելու հեռանկարը։ Անշուշտ, երբ մենք մեզ կ’ուրանանք, Եհովա մեր Տէրը կը դառնայ, ու մենք՝ իր ստրուկները։ Այս ստրկութիւնը ինչո՞ւ վարձահատոյց է։ Անիկա մեր կայացուցած որոշումներուն ի՞նչպէս կ’ազդէ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումները պիտի քննարկէ։

Կը յիշե՞ս

• Ինչո՞ւ մեր անձնասէր հակումները պէտք է չէզոքացնենք։

• Ի՞նչ կը նշանակէ մենք մեզ ուրանալ, մեր տանջանքի ցիցը վերցնել եւ շարունակ Յիսուսի հետեւիլ։

• Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ որ այլեւս մենք մեզի համար չապրինք։

• Անձնազոհ ընթացքը ինչո՞ւ նեղութիւնը արժող բան մըն է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 9]

«Դուն քեզի հետ մեղմութեա՛մբ վարուիր, Տէ՛ր»

[Նկար՝ էջ 11]

Ի՞նչ բան արգելք հանդիսացաւ որ երիտասարդ պետը Յիսուսի հետեւի