Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առաջին Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Առաջին Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Առաջին Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

ՏԱՐԻՆ՝ Հ.Դ.Ա. 1117 է։ Խոստացեալ Երկրին նուաճման վրայ շուրջ 300 տարի անցած է։ Իսրայէլի ծերերը Եհովայի մարգարէին անսովոր խնդրանք մը կը ներկայացնեն։ Մարգարէն հարցին շուրջ աղօթելէ ետք, Եհովա անոնց կը թոյլատրէ որ իրենց ուզածը կատարեն։ Այսպիսով Դատաւորներուն շրջանը վերջ կը գտնէ ու մարդկային թագաւորներուն դարաշրջանը կը սկսի։ Աստուածաշունչի Առաջին Թագաւորաց գիրքը կը խօսի Իսրայէլ ազգին պատմութեան այդ դարձակէտին առնչուած հետաքրքրաշարժ դէպքերու մասին։

Առաջին Թագաւորաց գիրքը գրուեցաւ Սամուէլի, Նաթանի ու Գադի միջոցով, եւ կը ծածկէ 102 տարի,– Հ.Դ.Ա. 1180–էն մինչեւ 1078։ (Ա. Մնացորդաց 29։29) Անիկա կը պատմէ Իսրայէլի չորս առաջնորդներու մասին։ Երկուքը կը ծառայեն որպէս դատաւոր, իսկ միւս երկուքը՝ որպէս թագաւոր. անոնցմէ միայն երկու հոգի Եհովայի կը հնազանդին։ Նաեւ կը ծանօթանանք երկու տիպար կիներու եւ անվեհեր բայց ազնիւ ռազմիկի մը։ Այս օրինակներէն արժէքաւոր դասեր կը սորվինք թէ ի՛նչ կեցուածքներ ու արարքներ ընդօրինակենք կամ անոնցմէ խուսափինք։ Ուստի Առաջին Թագաւորաց գիրքին բովանդակութիւնը կրնայ մեր խորհուրդներուն եւ արարքներուն վրայ զօրութիւն բանեցնել։—Եբրայեցիս 4։12

ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԸ ՓՈԽԱՐԻՆԷ ՀԵՂԻ

(Ա. Թագաւորաց 1։1–7։17)

Հաւաքելու Տօնն է, եւ Ռամայի մէջ ապրող Աննան ուրախութեամբ լեցուած է։ * Եհովա անոր աղօթքներուն պատասխանած է, եւ այժմ ան որդի մը ունի։ Իր ուխտը կատարելու համար, Աննա իր որդին՝ Սամուէլը կը մատուցանէ որ ‘Տէրոջ տան’ մէջ ծառայէ։ Հոն երախան «Հեղի քահանային առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ’ընէ»։ (Ա. Թագաւորաց 1։24. 2։11) Երբ տակաւին Սամուէլ փոքր է, Եհովա անոր կը խօսի, Հեղիի տանը դէմ դատաստան տալով։ Մինչ Սամուէլ կը մեծնայ, բոլոր Իսրայելացիները զինք կը ճանչնան որպէս Եհովայի մարգարէ։

Ժամանակ մը ետք, Փղշտացիները Իսրայէլի դէմ կը պատերազմին։ Անոնք ուխտի տապանակը կը գրաւեն եւ Հեղիի երկու որդիները կը սպաննեն։ Այս լուրը լսելով, տարեց Հեղի կը մեռնի, «Իսրայէլի մէջ քառասուն տարի դատաւորութիւն» ընելէ ետք։ (Ա. Թագաւորաց 4։18) Փղշտացիներուն քով Տապանակին մնալը աղիտալի հետեւանքներ կ’ունենայ, ուստի անոնք զայն Իսրայելացիներուն կը վերադարձնեն։ Այժմ Սամուէլ Իսրայէլը կ’առաջնորդէ, եւ երկիրը խաղաղութիւն կը վայելէ։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

2։10Աննա ինչո՞ւ աղօթեց որ Եհովա ‘իր թագաւորին ոյժ տայ’, երբ Իսրայէլի վրայ մարդկային թագաւոր չկար։ Մովսիսական Օրէնքին մէջ նախագուշակուած էր որ Իսրայելացիները մարդկային թագաւոր մը պիտի ունենային։ (Բ. Օրինաց 17։14-18) Իր մահուան անկողնին վրայ, Յակոբ ըսաւ. «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի»։ (Ծննդոց 49։10) Ասկէ զատ, Իսրայելացիներու նախամօր՝ Սառայի նկատմամբ, Եհովա ըսաւ. «Ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ»։ (Ծննդոց 17։16) Ուստի Աննա ապագայ թագաւորի մը մասին կ’աղօթէր։

3։3—Սամուէլ Սրբութիւն Սրբութեանց բաժնի՞ն մէջ կը քնանար։ Ո՛չ։ Սամուէլ Ղեւտացի մըն էր եւ կը պատկանէր Կահաթեաններու ոչ–քահանայական գերդաստանին։ (Ա. Մնացորդաց 6։33-38) Ուստի ան ‘սուրբ բաները տեսնելու համար ներս մտնելու’ արտօնութիւն չունէր։ (Թուոց 4։17-20) Սրբարանին միակ մասը ուր Սամուէլ կրնար մտնել, խորանին գաւիթն էր։ Ան հո՛ն քնացած ըլլալու էր։ Ըստ երեւոյթին, Հեղին ալ գաւիթին մէջ որոշ տեղ մը կը քնանար։ «Ուր Աստուծոյ տապանակը կար» արտայայտութիւնը ակներեւօրէն կ’ակնարկէ խորանի շրջանին։

7։7-9, 17—Սամուէլ ինչո՞ւ Մասփայի մէջ ողջակէզ մատուցանեց եւ Ռամայի մէջ զոհասեղան շինեց, երբ զոհերը միայն Եհովայի ընտրած վայրին մէջ կանոնաւորաբար պէտք էր մատուցանուէին։ (Բ. Օրինաց 12։4-7, 13, 14. Յեսուայ 22։19) Սրբազան Տապանակը Սելովի մէջ գտնուող խորանէն վերցուելէն ետք, այլեւս Եհովայի ներկայութիւնը հոն բացայայտ չէր։ Ուստի, որպէս Աստուծոյ ներկայացուցիչը, Սամուէլ Մասփայի մէջ ողջակէզ մատուցանեց եւ Ռամայի մէջ ալ զոհասեղան շինեց։ Ըստ երեւոյթին, Եհովա այս քայլերուն հաճեցաւ։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

1։11, 12, 21-23. 2։19. Աննայի կեցուածքը, իր խոնարհութիւնը, Եհովայի քաղցրութեան հանդէպ իր գնահատութիւնը, եւ իր մնայուն մայրական գորովը, բոլոր աստուածավախ կիներուն համար օրինակ են։

1։8. Ուրիշները խօսքով ամրացնելու մէջ Եղկանա ի՜նչ հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ։ (Յոբայ 16։5) Նախ՝ ան անքննադատական կերպով յուսալքուած Աննայի հարցուց. «Ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս տրտում է»։ Ասիկա Աննան քաջալերեց որ իր զգացումները արտայայտէ։ Ապա Եղկանա իր սէրը շեշտեց, ըսելով. «Միթէ ես քեզի տասը որդիէ աւելի լաւ չե՞մ»։

2։26. 3։5-8, 15, 19. Աստուծոյ կողմէ նշանակուած մեր գործին կառչելով, հոգեւոր մարզումէն օգտուելով, եւ քաղաքավար ու յարգալից ըլլալով, թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ մարդոց «հաճոյ» կ’ըլլանք։

4։3, 4, 10. Նոյնիսկ ուխտի տապանակը, որ սրբազան առարկայ մըն էր, պաշտպանութեան հմայեակ չեղաւ։ Պէտք է ‘ինքզինքնիս կուռքերէն պահենք’։—Ա. Յովհաննու 5։21

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ—ՅԱՋՈՂՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆ

(Ա. Թագաւորաց 8։1–15։34)

Սամուէլ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան Եհովայի հաւատարիմ կը մնայ, բայց իր որդիները Աստուծոյ ուղիներուն մէջ չեն քալեր։ Երբ Իսրայէլի ծերերը մարդկային թագաւոր մը կը պահանջեն, Եհովա կը թոյլատրէ որ անոնց փափաքը կատարուի։ Սամուէլ Եհովայի ուղղութեան կը հետեւի եւ վայելչագեղ Բենիամինցի Սաւուղը թագաւոր կ’օծէ։ Սաւուղ իր թագաւորական դիրքը կը զօրացնէ, Ամմոնացիները նուաճելով։

Սաւուղի անվեհեր որդին՝ Յովնաթան Փղշտացիներուն մէկ պահակազօրքը կը զարնէ։ Փղշտացիները հսկայ բանակով կու գան Իսրայէլի դէմ։ Սաւուղ խուճապի կը մատնուի եւ անհնազանդութիւն ցուցաբերելով՝ անձամբ ողջակէզ կը մատուցանէ։ Քաջարի Յովնաթան իր զինակիրին հետ միասին Փղշտացիներուն ուրիշ մէկ պահակագունդը կը զարնեն։ Սակայն Սաւուղի անխոհեմ երդումը, ամբողջական յաղթանակին արգելք կը հանդիսանայ։ Սաւուղ իր բոլոր թշնամիներուն հետ ‘պատերազմ կ’ընէ’։ (Ա. Թագաւորաց 14։47) Բայց երբ Ամաղեկացիները կը նուաճէ, ան ‘մեռցուելու’ յատկացուածին կը խնայէ՝ Եհովայի չհնազանդելով։ (Ղեւտացւոց 27։28, 29) Հետեւաբար Եհովա Սաւուղը կը մերժէ որպէս թագաւոր։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

9։9«Այսօր մարգարէ կոչուողը առաջ տեսանող կը կոչուէր» արտայայտութիւնը ինչո՞ւ յատկանշական է։ Այս խօսքերը թերեւս ցոյց կու տան թէ Սամուէլի օրերուն եւ Իսրայէլի թագաւորներու ժամանակաշրջանին մարգարէները աւելի կարկառուն դառնալով, «տեսանող» բառը փոխարինուեցաւ «մարգարէ» արտայայտութեամբ։ Սամուէլ մարգարէներու շարքին մէջ առաջինը կը նկատուի։—Գործք 3։24

14։24-32, 44, 45—Սաւուղի երդումը չյարգելով մեղր ուտելուն համար, Յովնաթան Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցո՞ւց։ Կը թուի թէ այս արարքը պատճառ չեղաւ որ Յովնաթան Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնէ։ Նախ եւ առաջ, Յովնաթան իր հօր երդումէն տեղեակ չէր։ Ասկէ զատ, սխալ նախանձախնդրութեան կամ արքայական հեղինակութեան հանդէպ սխալ տեսակէտի պատճառով եղած այս երդումը, խնդիրներու դուռ բացաւ ժողովուրդին։ Այս երդումը ի՞նչպէս կրնար Աստուծոյ հաւանութիւնը ունենալ։ Թէեւ Յովնաթան երդումը բեկանելուն հետեւանքները ընդունելու պատրաստ էր, բայց անոր կեանքը խնայուեցաւ։

15։6—Սաւուղ Կենեցիներուն հանդէպ ինչո՞ւ մասնայատուկ նկատառութիւն ցուցաբերեց։ Կենեցիները Մովսէսի աներոջ որդիներն էին։ Անոնք Իսրայելացիներուն օգնեցին, երբ Սինա լեռնէն մեկնեցան։ (Թուոց 10։29-32) Քանանի երկրին մէջ, Կենեցիները նաեւ ժամանակ մը Յուդայի որդիներուն հետ բնակեցան։ (Դատաւորաց 1։16) Թէեւ հետագային Ամաղեկացիներուն եւ այլ ժողովուրդներու հետ բնակեցան, սակայն Կենեցիները Իսրայէլի հետ բարեկամական կապեր պահեցին։ Ուստի վաւերական պատճառի մը համար Սաւուղ Կենեցիներուն խնայեց։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

9։21. 10։22, 27. Երբ Սաւուղ նոր թագաւոր եղաւ, իր համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը զինք ետ պահեցին անխոհեմ արարք մը գործելէ, երբ «չար մարդիկ» իր իշխանութիւնը մերժեցին։ Արդարեւ այսպիսի մտավիճակ մը մեզ կը պաշտպանէ որ անիմաստ արարքներ չգործենք։

12։20, 21. Երբեք թոյլ մի՛ տաք որ «ոչինչ բաներ», ինչպէս՝ մարդոց վստահիլը, պետութիւններու զինուորական զօրութեան ապաւինիլը կամ կռապաշտութիւնը, ձեզ Եհովայի ծառայութենէն հեռացնեն։

12։24. Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ ունենալու եւ մեր ամբողջ սիրտով իրեն ծառայելու համար, կարեւոր է որ ‘տեսնենք թէ ի՛նչ մեծ գործեր ըրած է’ իր ժողովուրդին համար՝ անցեալին եւ արդի ժամանակներուն։

13։10-14. 15։22-25, 30. Զգուշանանք յաւակնոտութենէ, որ կը դրսեւորուի անհնազանդ արարքներով եւ հպարտ կեցուածքով։—Առակաց 11։2

ՀՈՎԻՒ ՏՂԵԿ ՄԸ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻ ԻԲՐԵՒ ԹԱԳԱՒՈՐ

(Ա. Թագաւորաց 16։1–31։13)

Սամուէլ Յուդայի տոհմէն Դաւիթը կ’օծէ իբր ապագայ թագաւոր։ Անկէ քիչ ետք, Դաւիթ պարսատիկի քարով կը սպաննէ Փղշտացի հսկայ Գողիաթը։ Դաւիթի ու Յովնաթանի միջեւ սերտ բարեկամութիւն կը զարգանայ։ Սաւուղ Դաւիթը պատերազմիկներուն վրայ կը նշանակէ։ Դաւիթի բազմաթիւ յաղթանակները նկատելով, Իսրայելացի կիները կ’երգեն. «Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, իսկ Դաւիթ՝ բիւրաւորները»։ (Ա. Թագաւորաց 18։7) Նախանձով լեցուած, Սաւուղ կը ջանայ Դաւիթը սպաննել։ Սաւուղ երեք յարձակում կատարելէ ետք, Դաւիթ կը փախչի ու թափառական կը դառնայ։

Որպէս թափառական անցուցած տարիներու ընթացքին, Դաւիթ երկու անգամ Սաւուղի կեանքին կը խնայէ։ Ան նաեւ գեղեցկադէմ Աբիգիայի կը հանդիպի եւ ապա անոր հետ կ’ամուսնանայ։ Երբ Փղշտացիները կը հաւաքուին Իսրայէլի դէմ պատերազմելու, Սաւուղ Եհովայի կը հարցնէ, բայց Ան իրմէ հեռացած է։ Սամուէլ մահացած է։ Ճարահատ ըլլալով՝ Սաւուղ վհուկ կնոջ մը կը դիմէ, եւ կ’իմանայ թէ պատերազմի դաշտին մէջ պիտի մեռնի։ Այդ պատերազմին, Սաւուղ ծանրօրէն կը վիրաւորուի, իսկ իր որդիները կը սպաննուին։ Պատմութիւնը վերջ կը գտնէ՝ ձախորդութեան մատնուած Սաւուղի մահով։ Դաւիթ տակաւին փախստական է։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

16։14—Ի՞նչ չար ոգի Սաւուղի նեղութիւն տուաւ։ Սաւուղի միտքի խաղաղութիւնը խլող չար ոգին՝ անոր միտքին ու սիրտին չար հակումն էր,– սխալը ընելու իր ներքին մղումը։ Երբ Եհովա իր սուրբ հոգին հեռացուց, Սաւուղ անոր շնորհած պաշտպանութիւնը կորսնցուց, եւ իր չար հոգիին տիրապետութեան ներքեւ եկաւ։ Որովհետեւ Աստուած թոյլատրեց որ իր սուրբ հոգին փոխարինուի այդ ոգիով, անիկա կոչուեցաւ «Տէրոջը կողմանէ չար ոգի մը»։

17։55-58Ա. Թագաւորաց 16։17-23–ի ի տես, Սաւուղ ինչո՞ւ հարցուց թէ Դաւիթ որո՛ւն տղան էր։ Սաւուղի հարցումը պարզապէս Դաւիթի հօր անունը գիտնալու համար չէր։ Շատ հաւանաբար, ան ուզեց գիտնալ թէ ինչպիսի՛ հօր մը զաւակն էր այս տղեկը, որ ապշեցուցիչ քաջագործութիւն մը ըրաւ՝ հսկան սպաննելով։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

16։6, 7. Փոխանակ ուրիշներու դրսերեւոյթէն ազդուելու կամ արագօրէն զիրենք դատելու, պէտք է ջանանք զանոնք տեսնել ինչպէս Եհովան կը տեսնէ։

17։47-50. Գողիաթանման թշնամիներու հակառակութիւնը կամ հալածանքը կրնանք խիզախաբար դիմագրաւել, քանի որ «պատերազմը Տէրոջն է»։

18։1, 3. 20։41, 42. Իսկական բարեկամներ կարելի է գտնել Եհովան սիրողներուն մէջ։

21։12, 13. Եհովա կ’ակնկալէ որ մեր մտային կարողութիւններն ու հմտութիւնները գործածենք, կեանքի դժուար պարագաներուն հետ գլուխ ելլելու համար։ Ան իր ներշնչեալ Խօսքը տուած է մեզի, որ խոհեմութիւն, գիտութիւն ու հանճար կը հաղորդէ։ (Առակաց 1։4) Ունինք նաեւ նշանակուած Քրիստոնեայ երէցներու օգնութիւնը։

24։7. 26։11. Եհովայի օծեալին հանդէպ իսկական յարգանք ցուցաբերելու մէջ Դաւիթ ի՜նչ հոյակապ օրինակ կը հանդիսանայ։

25։23-33. Աբիգիայի խելամտութիւնը օրինակելի է։

28։8-19. Ջանալով մարդիկը մոլորեցնել կամ անոնց վնասել, չար ոգիները կրնան ձեւացնել թէ մեռած անհատներ են։ Ամէն տեսակ ոգեհարցութենէ պէտք է հեռու կենանք։—Բ. Օրինաց 18։10-12

30։23, 24. Այս որոշումը, որ Թուոց 31։27–ի վրայ հիմնուած է, ցոյց կու տայ թէ Եհովա կ’արժեւորէ այն անհատները, որոնք զանազան կերպերով ժողովքին կ’աջակցին։ Ուստի ինչ որ ալ կ’ընենք, թող ‘սրտանց ընենք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց’։—Կողոսացիս 3։23

Ի՞նչ Բան ‘Զոհէն Աղէկ Է’

Հեղիի, Սամուէլի, Սաւուղի եւ Դաւիթի փորձառութիւնները ի՞նչ էական ճշմարտութիւն մը կը շեշտեն։ Հետեւեալը. «Հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է։ Քանզի ապստամբութիւնը կախարդութեան մեղքին պէս ու կամակորութիւնը կռապաշտութեան պէս է»։—Ա. Թագաւորաց 15։22, 23

Ի՜նչ առանձնաշնորհում է Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու համաշխարհային գործին մէջ բաժին ունենալ։ Մինչ «մեր շրթունքներուն պտուղները» Եհովայի կը մատուցանենք, իր գրաւոր Խօսքին ու իր կազմակերպութեան երկրային մասին միջոցով տուած ուղղութեան լիովին պէտք է հնազանդինք։—Ովսեայ 14։2. Եբրայեցիս 13։15

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Առաջին Թագաւորաց գիրքին մէջ յիշուած զանազան վայրերուն համար, տես՝ ‘Տեսէ՛ք Բարի Երկիրը’ գրքոյկը, էջ 18-19, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 31]

Իսրայէլի առաջին թագաւորը նախ խոնարհ ու համեստ կառավարիչ մըն էր, ապա՝ հպարտ ու յաւակնոտ ինքնակալ մը