«Գնով ծախու առնուեցաք»
«Գնով ծախու առնուեցաք»
«Գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6։20
1, 2. (ա) Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, Իսրայելացի ստրուկներուն հետ ի՞նչպէս պէտք էր վարուէին։ (բ) Իր տէրը սիրող ստրուկը ի՞նչ ընտրութիւն ունէր։
«ՎԱՂԵՄԻ աշխարհին մէջ, ստրկութիւնը համատարած եւ ընդունելի էր», կ’ըսէ բառարան մը (Holman Illustrated Bible Dictionary)։ Անիկա կ’աւելցնէ. «Եգիպտոսի, Յունաստանի ու Հռովմի տնտեսութիւնը հիմնուած էր ստրուկներուն աշխատանքին վրայ։ Քրիստոնէական առաջին դարուն, Իտալիայի մէջ ամէն երեք անհատներէն մէկը ստրուկ էր, իսկ այլուր՝ ամէն հինգէն մէկը»։
2 Թէպէտ ստրկութիւնը վաղեմի Իսրայէլի մէջ ալ գոյութիւն ունէր, սակայն Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ Եբրայեցի ստրուկները պաշտպանուած էին։ Օրինակ, Օրէնքը թոյլ չտուաւ որ Իսրայելացին վեց տարիէ աւելի իբրեւ ստրուկ ծառայէ։ Եօթներորդ տարին, ան ‘ազատ դուրս կ’ելլէր, առանց վճարումի’։ Բայց ստրուկներու վերաբերեալ օրէնքները արդար ու կարեկից ըլլալով, Մովսիսական Օրէնքը սա կարգադրութիւնը ըրաւ. «Եթէ ծառան յայտարարէ. ‘Ես կը սիրեմ իմ տէրս, կինս ու որդիներս, չեմ ուզեր դուրս ելլել եւ ազատ ըլլալ’, իր տէրը դատաւորներուն պիտի ներկայացնէ զինք, ու դրան կամ դրանդիներուն մօտեցնէ. իր տէրը հերիւնով պիտի ծակէ իր ականջը [բլթակը], եւ ինք միշտ ստրուկ պիտի ըլլայ անոր»։—Ելից 21։2-6, ԱՎ. Ղեւտացւոց 25։42, 43. Բ. Օրինաց 15։12-18
3. (ա) Առաջին դարու Քրիստոնեաները ինչպիսի՞ ստրկութիւն ընդունեցին։ (բ) Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ Աստուծոյ ծառայելու։
3 Կամաւոր ստրկութեան կարգադրութիւնը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն ստրկութեան նախանմոյշ էր։ Օրինակ, Աստուածաշունչը գրող Պօղոս, Յակոբոս, Պետրոս եւ Յուդա իրենք զիրենք բնորոշեցին իբրեւ Աստուծոյ ու Քրիստոսի ստրուկներ։ (Տիտոս 1։1. Յակոբու 1։1. Բ. Պետրոս 1։1. Յուդա 1) Պօղոս Թեսաղոնիկեցի Քրիստոնեաներուն յիշեցուց թէ իրենք իրենց ‘կուռքերէն Աստուծոյ դարձան՝ կենդանի ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։9) Ի՞նչ բան այս Քրիստոնեաները մղեց որ կամովին Աստուծոյ ստրուկներ ըլլան։ Իսրայելացի ստրուկը իր անձնական ազատութիւնը կը մերժէր, քանի որ իր տէրը կը սիրէր։ Քրիստոնէական ստրկութիւնը հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյն վրայ։ Ճշմարիտ ու ապրող Աստուածը ճանչնալով ու սիրելով, կը մղուինք անոր ծառայելու ‘մեր բոլոր սիրտով ու մեր բոլոր հոգիով’։ (Բ. Օրինաց 10։12, 13) Սակայն Աստուծոյ ու Քրիստոսի ստրուկներ ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր առօրեայ կեանքին։
«Ամէն Բան Աստուծոյ Փառքին Համար Ըրէք»
4. Ի՞նչպէս Աստուծոյ ու Քրիստոսի ստրուկները կ’ըլլանք։
4 Ստրուկը «անհատ մըն է որ ուրիշի մը կամ ուրիշներու օրինական սեփականութիւնն է եւ անոնց բացարձակ հնազանդութիւն կը պարտի»։ Մենք Եհովայի օրինական սեփականութիւնը կը դառնանք, երբ մեր կեանքը իրեն կը նուիրենք ու կը մկրտուինք։ «Դուք ձեր անձին տէրը չէք. քանզի գնով ծախու առնուեցաք», կը բացատրէ Պօղոս առաքեալ։ (Ա. Կորնթացիս 6։19, 20) Անշուշտ այդ գինը Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհն է, որով Աստուած մեզ կ’ընդունի որպէս իր ծառաները, ըլլանք օծեալ Քրիստոնեաներ կամ երկրային յոյս ունեցող ընկերակիցներ։ (Եփեսացիս 1։7. 2։13. Յայտնութիւն 5։9) Ուստի մկրտութեան ժամանակէն սկսեալ «մենք Տէրոջն ենք»։ (Հռովմայեցիս 14։8) Որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի պատուական արիւնով գնուեցանք, նաեւ անոր ստրուկները կ’ըլլանք եւ իր պատուիրանները պահելու պարտաւորութիւնը ունինք։—Ա. Պետրոս 1։18, 19
5. Եհովայի ստրուկները ըլլալով, ի՞նչ է մեր առաջնակարգ պարտաւորութիւնը, եւ ի՞նչպէս կրնանք զայն կատարել։
5 Ստրուկները իրենց տիրոջ պէտք է հնազանդին։ Մեր ստրկութիւնը կամաւոր է եւ Տէրոջ հանդէպ սէրէ մղուած է։ «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը», կ’ըսէ Ա. Յովհաննու 5։3–ը, «որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ Ուստի մեր հնազանդութեամբ կ’ապացուցանենք մեր սէրն ու ենթարկումը։ Անիկա մեր ըրած բոլոր բաներուն մէջ ակներեւ է։ «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք», ըսաւ Պօղոս, «ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Առօրեայ կեանքի մէջ, նոյնիսկ չնչին կերպերով կ’ուզենք ցոյց տալ թէ ‘Տէրոջ կը ծառայենք’։—Հռովմայեցիս 12։11
6. Աստուծոյ ստրուկներ ըլլալը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր կայացուցած որոշումներուն։ Ասիկա օրինակով մը բացատրէ։
6 Օրինակ, երբ որոշումներ կը կայացնենք, կ’ուզենք մեր երկնաւոր Տէրոջ՝ Եհովայի կամքը լրջօրէն հաշուի առնել։ (Մաղաքեայ 1։6) Դժուար որոշումները կրնան Աստուծոյ հանդէպ մեր հնազանդութիւնը փորձի ենթարկել։ Արդեօք իր խրատին պիտի անսա՞նք, թէ ոչ՝ մեր «խաբեբայ» ու «խիստ չար» սիրտին հակումներուն պիտի հետեւինք։ (Երեմեայ 17։9) Մելիսա անունով ամուրի Քրիստոնեայ մը տակաւին նոր մկրտուած էր, երբ երիտասարդ մը սկսաւ անոր հանդէպ համակրանք ցոյց տալ։ Ան ազնիւ կը թուէր, եւ արդէն Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր։ Այսուհանդերձ երէց մը Մելիսայի ուշադրութեան յանձնեց թէ խոհեմութիւն է ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալու Եհովայի պատուէրին հնազանդիլը։ (Ա. Կորնթացիս 7։39. Բ. Կորնթացիս 6։14) «Այս խրատին հետեւիլը դիւրին չէր», կը խոստովանի Մելիսա։ «Բայց քանի որ Աստուծոյ կամքը ընելու համար իրեն նուիրուած էի, որոշեցի իր յստակ ցուցմունքներուն հնազանդիլ»։ Խոկալով պատահածին վրայ, ան կ’ըսէ. «Որքա՜ն ուրախ եմ որ տրուած խրատին հետեւեցայ։ Շատ չանցած այդ երիտասարդը ուսումնասիրութիւնը դադրեցուց։ Եթէ այդ յարաբերութիւնը մշակէի, այժմ անհաւատի մը հետ ամուսնացած պիտի ըլլայի»։
7, 8. (ա) Ինչո՞ւ մարդիկ հաճեցնելու նկատմամբ չափազանց մտահոգ պէտք չէ ըլլանք։ (բ) Օրինակով մը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է մարդու վախը յաղթահարել։
7 Աստուծոյ ստրուկներ ըլլալով, մարդոց ստրուկներ պէտք չէ ըլլանք։ (Ա. Կորնթացիս 7։23) Ճիշդ է որ մեզմէ ոեւէ մէկը չ’ուզեր անժողովրդական ըլլալ, բայց ի մտի պէտք է ունենանք որ Քրիստոնեաները չափանիշներ ունին, որոնք աշխարհի չափանիշներէն տարբեր են։ Պօղոս հարց տուաւ. «Մարդո՞ց հաճելի ըլլալ կը փնտռեմ»։ Ան եզրակացուց. «Եթէ ես տակաւին մարդոց հաճելի ըլլայի, ա՛լ Քրիստոսին ծառայ չէի ըլլար»։ (Գաղատացիս 1։10) Չենք կրնար շրջապատի ճնշումին տեղի տալ ու մարդիկ հաճեցնող ըլլալ։ Ուստի ի՞նչ կրնանք ընել, երբ համակերպելու ճնշումներ դիմագրաւենք։
8 Նկատի առ Էլէնայի օրինակը,– Քրիստոնեայ պատանուհի մը Սպանիայի մէջ։ Անոր դասընկերուհիներէն ոմանք արիւն տուող էին, եւ գիտէին թէ Էլէնան Եհովայի Վկայ մը ըլլալով արիւն չէր տար, ո՛չ ալ արեան ներարկում կ’ընդունէր։ Երբ պատեհութիւն ներկայացաւ որ իր կեցուածքը ամբողջ դասարանին բացատրէ, Էլէնա առաջարկեց ներկայացում մը ընել։ «Ասոր նկատմամբ շատ ջղագրգիռ եղայ», կ’ըսէ Էլէնա։ «Բայց լաւ պատրաստեցի եւ արդիւնքը զարմանալի Ծննդոց 9։3, 4. Գործք 15։28, 29) Այո, Աստուծոյ ու Քրիստոսի ստրուկներ ըլլալով, մենք ուրիշներէն տարբեր ենք։ Սակայն կրնանք մարդոց յարգանքը շահիլ, երբ մեր հաւատալիքները յարգալից կերպով պաշտպանենք։—Ա. Պետրոս 3։15
էր։ Շատ մը աշակերտներու յարգանքը շահեցայ, իսկ ուսուցիչը ինծի ըսաւ թէ կատարած աշխատանքիս նկատմամբ բարձր համարում ունէր։ Ամենէն աւելի, գոհունակ զգացի որ կրցայ Եհովայի անունը պաշտպանել եւ աստուածաշնչական կեցուածքիս համար յստակ պատճառներ տալ»։ (9. Յովհաննէս առաքեալին երեւցող հրեշտակէն ի՞նչ կը սորվինք։
9 Յիշելը թէ մենք Աստուծոյ ստրուկներ ենք, կրնայ նաեւ մեզի օգնել որ խոնարհ մնանք։ Առիթով մը, Յովհաննէս առաքեալ երկնային Երուսաղէմի փառաւոր տեսիլքով ա՛յնքան տպաւորուեցաւ, որ ուզեց երկրպագութիւն ընել որպէս Աստուծոյ խօսնակ ծառայող հրեշտակին։ «Զգուշացի՛ր», ըսաւ հրեշտակը անոր։ «Մի՛ ըներ. վասն զի ես քու ու քու եղբայրներուդ, մարգարէներուն եւ այս գրքին խօսքերը պահողներուն ծառայակիցն եմ։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ»։ (Յայտնութիւն 22։8, 9) Այս հրեշտակը Աստուծոյ բոլոր ստրուկներուն համար ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ։ Կրնայ ըլլալ որ կարգ մը Քրիստոնեաներ ժողովքին մէջ մասնայատուկ պատասխանատուութիւններ ունենան։ Այսուհանդերձ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ»։ (Մատթէոս 20։26, 27) Յիսուսի հետեւորդներ ըլլալով, բոլորս ալ ստրուկներ ենք։
«Ինչ որ Պարտական Էինք Ընելու՝ Ըրինք»
10. Աստուածաշնչական օրինակներ տուր, ցոյց տալու համար թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները իր կամքը ընելը միշտ դիւրին չգտան։
10 Անկատար մարդոց համար, Աստուծոյ կամքը ընելը միշտ դիւրին չէ։ Երբ Եհովա Մովսէս մարգարէէն խնդրեց որ երթայ եւ Իսրայէլի որդիները եգիպտական ստրկութենէն ազատագրէ, ան վարանեցաւ հնազանդելու։ (Ելից 3։10, 11. 4։1, 10) Երբ Յովնան Նինուէի բնակիչներուն դատաստանական պատգամ ծանուցանելու նշանակում ստացաւ, ան «ելաւ, որ Տէրոջը երեսէն Թարսիս փախչի»։ (Յովնանու 1։2, 3) Երեմիա մարգարէին քարտուղարը՝ Բարուք, գանգատեցաւ թէ ինք յոգնած էր։ (Երեմեայ 45։2, 3) Երբ մեր փափաքածը կամ նախընտրութիւնը բախում ունենայ Աստուծոյ կամքը կատարելուն հետ, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Յիսուսի տուած մէկ օրինակը ասոր պատասխանը կը հայթայթէ։
11, 12. (ա) Համառօտաբար պատմէ Ղուկաս 17։7-10–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի օրինակը։ (բ) Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։
11 Յիսուս խօսեցաւ ստրուկի մը մասին, որ ամբողջ օրը իր տիրոջ հօտը կ’արածէր։ Երբ Ղուկաս 17։7-10
ստրուկը ուժասպառ տուն վերադառնար՝ շուրջ 12 ժամ ծանր աշխատելէ ետք, անոր տէրը զինք չէր հրաւիրեր որ ընթրիքի նստէր, այլ կ’ըսէր. «Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ»։ Ստրուկը իր պէտքերը կը հոգար, միայն իր տիրոջ սպասաւորութիւն ընելէ ետք։ Յիսուս օրինակը եզրափակեց, ըսելով. «Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։—12 Յիսուս այս օրինակը չտուաւ ցոյց տալու թէ Եհովա իր ծառայութեան մէջ մեր ըրած բաները չի գնահատեր։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։ (Եբրայեցիս 6։10) Յիսուսի առակին միտք բանին այն է՝ թէ ստրուկը չի կրնար ինքզինք հաճեցնել կամ իր հանգիստը փնտռել։ Երբ մեր անձը Աստուծոյ նուիրեցինք եւ ընտրեցինք իր ստրուկները ըլլալ, որոշեցինք իր կամքը մեր կամքէն առաջ դնել։ Մեր կամքը Աստուծոյ կամքին պէտք է ենթարկենք։
13, 14. (ա) Ո՞ր պարագաներուն մեր հակումները պէտք է յաղթահարենք։ (բ) Ինչո՞ւ Աստուծոյ կամքին պէտք է ենթարկուինք։
13 Աստուծոյ Խօսքը եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին գրականութիւնները կանոնաւորաբար ուսումնասիրելը կրնայ մեծ ջանք պահանջել։ (Մատթէոս 24։45) Մանաւանդ եթէ ընթերցելը դժուար կը գտնենք կամ եթէ գրականութիւնը «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը կը քննարկէ։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Սակայն անձնական ուսումնասիրութեան համար ժամանակ պէտք չէ՞ յատկացնենք։ Թերեւս մենք մեզ պէտք է կրթենք որ նստինք եւ ուսումնասիրուելիք նիւթին վրայ խոկանք։ Այլապէս, ի՞նչպէս պիտի կարենանք ‘չափահասներուն համար եղած հաստատուն կերակուրին’ հանդէպ ախորժակ զարգացնել։—Եբրայեցիս 5։14
14 Իսկ երբ գործի մէջ երկար օր մը անցընելէ ետք յոգնած տուն գանք, թերեւս մենք մեզ ստիպենք որ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուինք։ Միւս կողմէ, թերեւս օտարներուն քարոզելը մեր բնաւորութեան հակառակ է։ Պօղոս գիտակցեցաւ թէ կրնայ ըլլալ որ երբեմն բարի լուրը «ակամայ» քարոզենք։ (Ա. Կորնթացիս 9։17) Սակայն այդ բոլոր բաները կ’ընենք, քանի որ Եհովա,– մեզի սիրելի եղող երկնաւոր Տէրը,– ի՛նք մեզի կ’ըսէ որ ընենք։ Եւ ճիշդ չէ՞ որ ուսումնասիրելու, ժողովներու յաճախելու եւ քարոզելու համար ջանք թափելէ ետք, գոհունակ ու թարմացած կը զգանք։—Սաղմոս 1։1, 2. 122։1. 145։10-13
«Ետին» Մի՛ Նայիք
15. Յիսուս Աստուծոյ հպատակելու մէջ ինչպիսի՞ օրինակ հանդիսացաւ։
15 Յիսուս Քրիստոս իր երկնաւոր Հօր հանդէպ իր հպատակութիւնը գերադրական կերպով ցուցաբերեց։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց»։ (Յովհաննու 6։38) Երբ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ կը տանջուէր, ան աղօթեց. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։—Մատթէոս 26։39
16, 17. (ա) Մեր ետին ձգած բաները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ (բ) Բացատրէ թէ Պօղոս ի՞նչպէս իրատես էր, երբ իր աշխարհային հեռանկարները «աղտեղութիւն» սեպեց։
16 Յիսուս Քրիստոս կ’ուզէ որ Աստուծոյ ստրուկներ ըլլալու մեր որոշումին հաւատարիմ մնանք։ Ան ըսաւ. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը Ղուկաս 9։62) Երբ Աստուծոյ կը ծառայենք, մեր ետին ձգած բաներուն մասին մտածելը շիտակ չէ։ Փոխարէն, Աստուծոյ ստրուկներ ըլլալու որոշումը կայացնելով մեր ձեռք ձգած բաները մեծապէս պէտք է արժեւորենք։ Փիլիպպեցիներուն գրելով, Պօղոս ըսաւ. «Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ»։—Փիլիպպեցիս 3։8
դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։ (17 Պահ մը խորհէ թէ Պօղոս ի՛նչ բաներ աղտեղութիւն սեպեց ու անոնցմէ հրաժարեցաւ, եւ որպէս Աստուծոյ ստրուկ ի՛նչ հոգեւոր վարձատրութիւններ վայելեց։ Ան ո՛չ միայն աշխարհի մատուցած հանգստաւէտութիւնը իր ետին ձգեց, այլեւ՝ Հրէականութեան ապագայ առաջնորդներէն մէկը ըլլալու հաւանականութիւնը։ Եթէ Պօղոս Հրէականութեան մէջ մնար, շատ հաւանական է որ բարձր դիրքի մը տիրանար, ինչպէս Շմաւոն ունէր՝ Պօղոսի ուսուցիչին Գամաղիէլի որդին։ (Գործք 22։3. Գաղատացիս 1։14) Շմաւոն Փարիսեցիներուն առաջնորդներէն մէկը եղաւ եւ Հ.Դ. 66-70, Հռովմի դէմ տեղի ունեցած հրէական ապստամբութեան մէջ գլխաւոր դեր մը խաղցաւ, կարգ մը վերապահումներ ունենալով հանդերձ։ Ան այդ պայքարին մէջ մեռաւ, կա՛մ Հրեայ ծայրայեղականներու եւ կամ հռովմէական բանակին ձեռքով։
18. Օրինակով մը ցոյց տուր թէ հոգեւոր իրագործումները ի՛նչպէս վարձահատոյց են։
18 Եհովայի Վկաներէն շատեր Պօղոսի օրինակին հետեւած են։ «Դպրոցը ձգելէս քանի մը տարի ետք, Լոնտոնի երեւելի փաստաբաններէն մէկուն քով սկսայ աշխատիլ որպէս գործադիր քարտուղարուհի», կ’ըսէ Ճին։ «Գործս կը սիրէի եւ բաւական դրամ կը շահէի, բայց ներքնապէս գիտէի թէ կրնայի Եհովայի աւելի ծառայել։ Ի վերջոյ, հրաժարագիրս տուի եւ ռահվիրայութեան սկսայ։ Երախտապարտ եմ որ այս քայլը առի շուրջ 20 տարի առաջ։ Լիաժամ ծառայութիւնս ճոխացուցած է կեանքս որեւէ քարտուղարական պաշտօնէ աւելի, որ կրնայի ունենալ։ Մեծագոյն գոհունակութիւնը կը զգամ, տեսնելով թէ ի՛նչպէս Եհովայի Խօսքը անհատի մը կեանքը կը փոխէ, իսկ ասոր մէջ բաժին բերելը հոյակապ բան մըն է։ Եհովայի մեր տուածը ոչինչ է, բաղդատած մեր ստացածին հետ»։
19. Պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել, եւ ինչո՛ւ։
19 Մեր պարագաները որեւէ ժամանակ կրնան փոխուիլ։ Սակայն Աստուծոյ կատարած մեր նուիրումը նոյնը կը մնայ։ Տակաւին Եհովայի ստրուկներն ենք, եւ ան թոյլ կու տայ մեզի որ որոշենք թէ ի՛նչպէս մեր ժամանակը, կորովը, տաղանդները եւ այլ միջոցները լաւագոյն կերպով գործածենք։ Ուստի այս առնչութեամբ մեր կայացուցած որոշումները, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կրնան արտացոլացնել։ Անոնք նաեւ ցոյց կու տան թէ ո՛ր տարողութեամբ պատրաստ ենք զոհողութիւններ ընելու։ (Մատթէոս 6։33) Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, պէտք չէ՞ վճռենք մեր լաւագոյնը տալ Եհովայի։ Պօղոս գրեց. «Եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը»։—Բ. Կորնթացիս 8։12
«Ձեր Պտուղը Ունիք»
20, 21. (ա) Աստուծոյ ստրուկները ի՞նչ պտուղ յառաջ կը բերեն։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս կը վարձատրէ անոնք որ իրենց լաւագոյնը կու տան իրեն։
20 Աստուծոյ ստրուկները ըլլալը նեղիչ բան մը չէ։ Ընդհակառակը, անիկա մեզ կ’ազատագրէ կեղեքիչ ստրկութենէ մը, որ մեր երջանկութիւնը կը խլէ։ Պօղոս գրեց. «Հիմա, մեղքէն ազատած եւ Աստուծոյ ստրուկ եղած ըլլալով, ձեր պտուղը ունիք՝ սրբութեամբ, ու վախճանը՝ յաւիտենական կեանքը»։ (Հռովմայեցիս 6։22, ԱՎ) Աստուծոյ ծառայելը պտուղ յառաջ կը բերէ սրբութեամբ, այն առումով որ սուրբ կամ բարոյապէս մաքուր վարքին օգուտները կը վայելենք։ Ասկէ զատ, անիկա յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։
21 Եհովա իր ստրուկներուն հանդէպ առատաձեռն է։ Երբ իր ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը ընենք, ան մեզի «երկնքի պատուհանները» կը բանայ եւ մեր վրայ ‘շատ օրհնութիւն կը թափէ’։ (Մաղաքեայ 3։10) Ի՜նչ հաճոյք պիտի ըլլայ Եհովայի ծառայել որպէս իր ստրուկները յաւիտեանս յաւիտենից։
Կը յիշե՞ս
• Ինչո՞ւ Աստուծոյ ստրուկները կ’ըլլանք։
• Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ Աստուծոյ կամքին կ’ենթարկուինք։
• Ինչո՞ւ պատրաստ պէտք է ըլլանք Եհովայի կամքը մեր կամքէն առաջ դասելու։
• Ինչո՞ւ պէտք չէ մեր ‘ետին նայինք’։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 14]
Կամաւոր ստրկութեան կարգադրութիւնը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն ստրկութեան նախանմոյշ էր
[Նկար՝ էջ 15]
Աստուծոյ ստրուկները կ’ըլլանք, երբ կը մկրտուինք
[Նկարներ՝ էջ 15]
Քրիստոնեաները Աստուծոյ կամքը իրենց կամքէն առաջ կը դնեն
[Նկար՝ էջ 16]
Մովսէս իր նշանակումը ընդունելու վարանեցաւ