Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծնողնե՛ր, ձեր թանկագին ժառանգութիւնը պաշտպանեցէք

Ծնողնե՛ր, ձեր թանկագին ժառանգութիւնը պաշտպանեցէք

Ծնողնե՛ր, ձեր թանկագին ժառանգութիւնը պաշտպանեցէք

«Իմաստութիւնը հովանի է . . . զինք ունեցողները կ’ապրեցնէ»։—Ժողովողի 7։12, ԱՎ

1. Ծնողներ իրենց զաւակը ինչո՞ւ պարգեւ պէտք է նկատեն։

ԾՆՈՂՆԵՐ աշխարհ կը բերեն իրենց նման ֆիզիքական յատկանիշներ ու նկարագրի գծեր ունեցող ապրող անձ մը։ Աստուածաշունչը այս փոքրիկները կը կոչէ «Տէրոջը ժառանգութիւն»ը։ (Սաղմոս 127։3) Եհովա բուն Կենսատուն ըլլալով, իրականութեան մէջ ան ծնողներուն կը յանձնէ ինչ որ իրեն կը պատկանի։ (Սաղմոս 36։9) Ծնողնե՛ր, Աստուծմէ ձեր ստացած այս թանկագին պարգեւը ի՞նչպէս կը նկատէք։

2. Երբ Մանուէ իմացաւ որ հայր պիտի ըլլայ, ի՞նչպէս ընդառաջեց։

2 Վստահաբար այսպիսի պարգեւ մը խոնարհութեամբ ու գնահատութեամբ պէտք է ստանանք։ Աւելի քան 3,000 տարի առաջ, Իսրայելացի Մանուէ այս կերպով ընդառաջեց, երբ հրեշտակ մը իր կնոջ իմացուց թէ զաւակ մը պիտի ծնանէր։ Մանուէ այս աւետիսը լսելով, աղօթեց. «Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, այն Աստուծոյ մարդը, որ դուն ղրկեցիր, նորէն թող գայ ու մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք»։ (Դատաւորաց 13։8) Ծնողնե՛ր, Մանուէի օրինակէն ի՞նչ կրնաք սորվիլ։

Ներկայիս Ինչո՛ւ Աստուծոյ Օգնութեան Կարիք Կայ

3. Յատկապէս ներկայիս, զաւակներ մեծցնելու համար ինչո՞ւ Աստուծոյ օգնութեան կարիք կայ։

3 Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի, ծնողներ իրենց զաւակները մեծցնելու համար Եհովայի օգնութեան կարիք ունին։ Պատճա՞ռը։ Բանսարկուն եւ իր դեւերը երկինքէն դէպի երկիր նետուած են։ «Վա՜յ երկրին», կը զգուշացնէ Աստուածաշունչը, «վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։7-9, 12) Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ Սատանան «մռնչող առիւծի պէս . . . կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։ (Ա. Պետրոս 5։8) Սովորաբար առիւծները կը յարձակին ամենէն անպաշտպան զոհին վրայ, յաճախ՝ ձագերուն վրայ։ Ուստի խոհեմ Քրիստոնեայ ծնողներ իրենց զաւակները պաշտպանելու համար, Եհովայի ուղղութեան կը դիմեն։ Այս առնչութեամբ որքա՞ն ջանք կը թափես։

4. (ա) Եթէ շրջանին մէջ պտըտող առիւծ մը կայ, ծնողներ կը մղուին ի՞նչ ընելու։ (բ) Պաշտպանութեան համար երախաները ի՞նչ բանի կարիք ունին։

4 Եթէ իմանայիր որ շրջանիդ մէջ առիւծ մը ազատօրէն կը պտըտի, վստահաբար գլխաւոր մտահոգութիւնդ պիտի ըլլար զաւակներդ պաշտպանել։ Սատանան գիշատիչ է։ Ան կը ջանայ Աստուծոյ ժողովուրդը ապականել, որպէսզի Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնեն։ (Յոբայ 2։1-7. Ա. Յովհաննու 5։19) Երախաները դիւրին թիրախ են։ Անոնք Բանսարկուին որոգայթներէն խուսափելու համար, Եհովան պէտք է ճանչնան ու անոր հնազանդին։ Աստուածաշունչի գիտութիւնը կենսական է։ «Այս է յաւիտենական կեանքը», ըսաւ Յիսուս, «որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) Ասկէ զատ, երախաները կարիք ունին իմաստութեան,– իրենց սորվածը հասկնալու եւ կիրարկելու կարողութեան։ Քանի որ «իմաստութիւնը զինք ունեցողները կ’ապրեցնէ», ծնողնե՛ր, ճշմարտութիւնը ձեր զաւակներուն սիրտին մէջ պէտք է քանդակէք։ (Ժողովողի 7։12, ԱՎ) Ի՞նչպէս։

5. (ա) Իմաստութիւնը ի՞նչպէս կարելի է զարգացնել։ (բ) Առակաց գիրքը իմաստութեան արժէքը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։

5 Աստուծոյ Խօսքէն զաւակներուդ կրնաս ընթերցել,– եւ պէտք է ընթերցես։ Սակայն Եհովան սիրելը ու անոր հնազանդիլը ասկէ աւելին կը պահանջեն,– անոնց կողմանէ հասկացողութիւն։ Բացատրենք. երախային կ’ըսուի որ ճամբան կտրելէ առաջ՝ աջ ու ձախ նայի։ Այսուհանդերձ կարգ մը երախաներ չեն հնազանդիր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ինքնաշարժի արկածին հետեւանքները յաճախ բաւարար չեն բացատրուած կամ վտանգը չէ շեշտուած հարկ եղած կերպով, արկածի առաջնորդող «յիմարութիւնը» յաղթահարելով։ Իմաստութիւն զարգացնելը ժամանակի ու շատ համբերութեան կը կարօտի, բայց որքա՜ն թանկարժէք է։ «Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են», կ’ըսէ Աստուածաշունչը, «եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։ Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան»։—Առակաց 3։13-18. 22։15

Իմաստութիւն Հաղորդող Ուսուցում

6. (ա) Երախաներ յաճախ ինչո՞ւ անխոհեմօրէն կը վարուին։ (բ) Ի՞նչ պատերազմ կը մղուի։

6 Յաճախ երախաները անպատշաճ կերպով կը վարուին, ո՛չ թէ քանի որ շիտակ վարքը չեն սորված, այլ՝ քանի որ ուսուցումը չէ հասած իրենց սիրտին,– ներքին անձին։ Բանսարկուն կը ջանայ երախաներուն սիրտին տիրանալ, զանոնք իր աշխարհի ամբարիշտ ազդեցութիւններուն ենթարկելով։ Ան նաեւ կը շահագործէ չար բաներ ընելու անոնց ժառանգած մեղաւոր հակումը։ (Ծննդոց 8։21. Սաղմոս 51։5) Ծնողները պէտք է գիտակցին թէ իսկական պատերազմ կը մղուի՝ իրենց զաւակներուն սիրտին տիրանալու համար։

7. Ինչո՞ւ բաւարար չէ երախային ըսել թէ ինչ բան շիտակ կամ սխալ է։

7 Ծնողներ սովորաբար երախային կ’ըսեն թէ ինչ բան շիտակ կամ սխալ է, խորհելով թէ անոր սորվեցուցին բարոյական սկզբունք մը։ Թերեւս անոնք երախային ըսեն թէ ստելը, գողնալը կամ չամուսնացած անհատներու ըրած սեռային յարաբերութիւնը սխալ է։ Բայց երախան պիտի մղուի հնազանդելու, ո՛չ թէ իր ծնողքին սիրոյն, այլ՝ քանի որ ատոնք Եհովայի օրէնքներն են։ Երախան պէտք է սորվի թէ Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդիլը իմաստուն ընթացքն է։—Առակաց 6։16-19. Եբրայեցիս 13։4

8. Ինչպիսի՞ ուսուցում կրնայ երախաներուն օգնել որ իմաստութեամբ վարուին։

8 Բարդ տիեզերքը, ապրող բաներու այլազանութիւնը, եղանակներուն փոխուիլը, եւ ասոնց նման բաներ կրնան երախային օգնել ըմբռնելու թէ ամէնիմաստուն Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ (Հռովմայեցիս 1։20. Եբրայեցիս 3։4) Ասկէ զատ, երախան պէտք է սորվի թէ Աստուած կը սիրէ զինք եւ թէ Իր Որդիին զոհագործութեան միջոցով կարգադրած է յաւիտենական կեանք տալ իրեն, եւ թէ ինք կրնայ Աստուած ուրախացնել՝ Իր ըսածներուն հնազանդելով։ Երախան հաւանաբար պիտի ուզէ Եհովայի ծառայել, հակառակ Բանսարկուին ջանքերուն։—Առակաց 22։6. 27։11. Յովհաննու 3։16

9. (ա) Փրկաբեր ուսուցումը ի՞նչ կը պահանջէ։ (բ) Հայրերուն պատուէր տրուած է որ ի՞նչ ընեն, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

9 Երախան պաշտպանող եւ զինք շիտակը ընելու մղող ուսուցումը՝ ժամանակի, ուշադրութեան եւ ծրագրումի կը կարօտի։ Անիկա կը պահանջէ որ ծնողներ Աստուծոյ հայթայթած ուղղութիւնը ընդունին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները . . . մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Յունարէն բնագրին մէջ «խրատ» բառը կը հաղորդէ «միտք զետեղել»ու գաղափարը։ Ուստի հայրերուն յորդոր կը տրուի որ Եհովայի միտքը զետեղեն իրենց զաւակներուն մէջ։ Ասիկա որքա՜ն պիտի պաշտպանէ երախաները։ Անոնք Աստուծոյ խորհուրդները կամ մտածելակերպը ունենալով, պիտի կարենան յանցագործութեան դէմ դնել։

Սէրէ Մղուած Փափաք

10. Զաւակիդ ազդուօրէն ուսուցանելու համար, ի՞նչ բան կարեւոր է որ գիտնաս։

10 Սակայն զաւակդ պատշաճօրէն մեծցնելու փափաքդ իրագործելու համար, սէրը պէտք է ըլլայ ջանքերուդ շարժառիթը։ Լաւ հաղորդակցութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է։ Քաջատեղեակ եղիր թէ զաւակիդ կեանքին մէջ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ եւ ի՛նչ են անոր տեսակէտները։ Հանդարտ միջավայրի մէջ, փափկանկատօրէն զաւակդ քաջալերէ որ արտայայտուի։ Երբեմն անոր ըսածը կրնայ քեզ ցնցել, բայց հակազդեցութիւնդ զսպէ ու կարեկցաբար մտիկ ըրէ։

11. Ծնող մը ի՞նչպէս կրնայ Աստուծոյ միտքը երախային մէջ զետեղել։

11 Ճիշդ է որ Աստուածաշունչէն զաւակիդ կարդացած ես սեռային անբարոյութիւնը արգիլող Աստուծոյ օրէնքներուն մասին, նոյնիսկ՝ քանի մը անգամ։ (Ա. Կորնթացիս 6։18. Եփեսացիս 5։5) Ասիկա թերեւս զաւակներուդ ընդգծած է թէ Եհովա ի՛նչ բանի կը հաճի եւ ի՛նչ բանի չի հաճիր։ Սակայն Եհովայի միտքը երախային մէջ զետեղելը աւելին կը պահանջէ։ Երախաները Եհովայի օրէնքներուն կարեւորութիւնը ըմբռնելու համար օգնութեան կարիք ունին։ Անոնք պէտք է համոզուին թէ իր օրէնքները շիտակ ու օգտակար են, եւ թէ անոնց հնազանդիլը պատշաճ ու սիրալիր ընթացքն է։ Միայն եթէ զաւակներուդ հետ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանես այնպէս որ Աստուծոյ տեսակէտը ընդունին, կրնայ ըսուիլ որ իր միտքը կը զետեղես անոնց մէջ։

12. Ծնող մը ի՞նչպէս կրնայ իր զաւակին օգնել որ սեռային յարաբերութեան մասին պատշաճ տեսակէտը ունենայ։

12 Երբ սեռի մասին խօսիս, կրնաս հարցնել. «Կը խորհի՞ս թէ ամուսնութենէն առաջ սեռային յարաբերութիւն չունենալու Եհովայի օրէնքին հնազանդիլը, անհատը ապերջանիկ կը դարձնէ»։ Զաւակդ քաջալերէ որ իր պատասխանը բացատրէ։ Մանուկ մը աշխարհ բերելու Աստուծոյ հոյակապ կարգադրութիւնը նկատի առնելէ ետք, կրնաս հարցնել. «Կը խորհի՞ս թէ մեր սիրալիր Աստուածը օրէնքներ կը դնէ որ կեանքը չվայելենք։ Կամ, կը խորհի՞ս թէ իր օրէնքները մեզ ուրախացնելու եւ պաշտպանելու համար դրուած են»։ (Սաղմոս 119։1, 2. Եսայեայ 48։17) Ջանա՛ իմանալ թէ զաւակդ այս հարցին շուրջ ի՛նչ կը խորհի։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս սեռային անբարոյութիւնը սրտատանջութեան ու խնդիրներու առաջնորդած է։ (Բ. Թագաւորաց 13։1-33) Զաւակիդ հետ պատճառաբանելով որ Աստուծոյ տեսակէտը հասկնայ եւ ընդունի, շատ բան կատարած կ’ըլլաս որ Աստուծոյ միտքը իր մէջ զետեղես։ Սակայն ուրիշ բան մըն ալ կրնաս ընել։

13. Յատկապէս ի՞նչ բան հասկնալով երախան կրնայ մղուիլ Եհովայի հնազանդելու։

13 Խոհեմութիւն է որ զաւակիդ բացատրես ո՛չ միայն Եհովայի չհնազանդելուն հետեւանքները, այլեւ՝ թէ մեր կենցաղը ի՛նչպէս կ’ազդէ Եհովայի։ Աստուածաշունչէն զաւակիդ ցոյց տուր թէ երբ Եհովայի կամքը ընելու մէջ թերանանք, կրնանք զինք նեղացնել։ (Սաղմոս 78։41) Կրնաս հարցնել. «Ինչո՞ւ չես ուզեր Եհովան վիրաւորել», ապա բացատրել. «Աստուծոյ թշնամին՝ Սատանան կը դաւանի թէ Եհովայի կը ծառայենք անձնասէր պատճառներով եւ ո՛չ թէ քանի որ զինք կը սիրենք»։ Ապա բացատրէ թէ Յոբ իր ուղղամտութիւնը պահելով Աստուծոյ սիրտը ուրախացուց, Սատանայի սուտ ամբաստանութեան պատասխան մը հայթայթելով։ (Յոբայ 1։9-11. 27։5) Զաւակդ պէտք է հասկնայ թէ իր վարուելակերպով կրնայ կա՛մ Եհովան նեղացնել եւ կամ ուրախացնել։ (Առակաց 27։11) Այս եւ այլ կենսական դասեր կարելի է երախաներուն սորվեցնել, գործածելով Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր գիրքը։ *

Նպաստաւոր Արդիւնքներ

14, 15. (ա) Ուսուցիչ գիրքին ո՞ր դասերը երախաներուն սիրտին դպչած են։ (բ) Գիրքը գործածելով ի՞նչ լաւ արդիւնք ձեռք ձգած ես։ (Տես նաեւ շրջագիծը, էջ 26-27։)

14 Խրուաթիայի մէջ մեծ–հայր մը, որ իր եօթը տարեկան թոռան հետ Ուսուցիչ գիրքը կը կարդայ, գրեց թէ տղեկը իրեն ըսաւ. «Մայրս ինձմէ բան մը ուզեց որ ընեմ, բայց ես մերժեցի։ Ետքը յիշեցի ‘Հնազանդութիւնը Քեզ կը Պաշտպանէ’ դասը, ուստի քովը գացի ու ըսի որ պիտի հնազանդիմ իրեն»։ «Ինչո՛ւ Պէտք Չէ Ստենք» խորագրով գլուխին մասին, ամոլ մը Ֆլորիտայի մէջ (Ա.Մ.Ն.), ըսաւ. «Հարցումները կը հրաւիրեն երախան որ իր սիրտը բանայ ու խոստովանի այն յանցանքները, որ այլապէս, գաղտնի պիտի պահէր»։

15 Ուսուցիչ գիրքը աւելի քան 230 պատկերներ ունի, իսկ իւրաքանչիւր պատկեր կամ պատկերներու խումբ ունի խորագիր կամ բացատրութիւն մը։ «Յաճախ տղաս իր աչքերը պատկերի մը վրայ կը կեդրոնացնէ ու չ’ուզեր էջը դարձնել», ըսաւ գնահատող մայր մը։ «Պատկերները ո՛չ միայն գրաւիչ են, այլեւ՝ դասեր կը սորվեցնեն, կամ առնուազն երախաները կը մղեն որ հարցումներ ուղղեն։ Մութ սենեակի մէջ հեռատեսիլ դիտող երախայի մը պատկերը տեսնելով, տղաս հարցուց. ‘Այս տղան ի՞նչ կ’ընէ’։ Անոր հարցուցած կերպը ցոյց կու տար թէ գիտէր որ սխալ բան մը կար»։ Այդ պատկերին խորագիրն է՝ «Ո՞վ կը տեսնէ մեր բոլոր ըրածները»։

Մեր Օրերուն Համար Անհրաժեշտ Դաստիարակութիւն

16. Ներկայիս անհրաժեշտ է որ երախաները ի՞նչ բանի մասին սորվին, եւ ինչո՞ւ։

16 Երախաները իրենց սեռային անդամներուն պատշաճ ու անպատշաճ գործածութեան մասին պէտք է գիտնան։ Սակայն այս նիւթին մասին խօսիլը միշտ դիւրին չէ։ Լրագրի մը թղթակիցը ըսաւ թէ ինք մեծցաւ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ սեռային գործարաններուն ակնարկող բառեր գործածելը անքաղաքավարութիւն կը նկատուէր։ Այս մասին իր զաւակներուն սորվեցնելու նկատմամբ, ան գրեց. «Նախ ամչնալու զգացումս պէտք է յաղթահարեմ»։ Արդարեւ, երբ ամչնալով ծնողներ սեռի նիւթը չեն բանար, երախան անպաշտպան կը մնայ, քանի որ լլկողները անոր տգիտութիւնը կը շահագործեն։ Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր գիրքը այս նիւթին մասին օգտակար ու յարգալից կերպով կը խօսի։ Սեռի մասին երախաներուն բացատրելը չի ջնջեր անոնց անմեղութիւնը, մինչդեռ չբացատրելը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անոնց անմեղութիւնը խլուի։

17. Ուսուցիչ գիրքը ի՞նչպէս կ’օգնէ ծնողներուն որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն սեռի մասին։

17 10–րդ գլուխին մէջ, երկիր եկող ու զաւակներ ծնանող չար հրեշտակներուն մասին խօսելով, երախային հարցում կ’ուղղուի. «Սեռային յարաբերութեան մասին ի՞նչ գիտես»։ Գիրքը պարզ ու յարգալից պատասխան մը կու տայ։ Իսկ 32–րդ գլուխը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է երախաները պաշտպանել լլկողներէն։ Բազմաթիւ նամակներ նշած են թէ այս ուսուցումը կենսական է։ Մայր մը գրեց. «Անցեալ շաբաթ, երբ տղաս՝ Ճավան իր մանկաբոյժին տարի, ան հարցուց թէ իրեն հետ խօսա՞ծ ենք սեռային գործարաններուն պատշաճ գործածութեան մասին։ Բժշկուհին շատ գնահատեց որ ասիկա ըրած ենք՝ մեր նոր գիրքը գործածելով»։

18. Ուսուցիչ գիրքը ի՞նչպէս կը քննարկէ ազգային խորհրդանիշները մեծարելու նիւթը։

18 Ուրիշ գլուխ մը նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած երեք Եբրայեցի պատանիները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, որոնք մերժեցին բաբելոնական պետութիւնը ներկայացնող արձանին երկրպագութիւն ընել։ (Դանիէլ 3։1-30) Ոմանք թերեւս յարակցութիւն չտեսնեն արձան մեծարելու եւ դրօշակ բարեւելու միջեւ, բայց Ուսուցիչ գիրքը այս կապը կը նշէ։ Պարբերաթերթի մը մէջ (U.S. Catholic), նկատէ թէ հեղինակ Էտուարտ Կաֆնի ի՛նչ ըսաւ։ Ան պատմեց թէ իր աղջնակը պետական դպրոցին մէջ առաջին օրը անցընելէ ետք, տուն վերադարձաւ ու ըսաւ թէ «դպրոցը նոր աղօթք մը» սորվեցաւ։ Երբ ան խնդրեց որ զայն կրկնէ, «աղջնակը իր ձեռքը սիրտին վրայ դրաւ ու հպարտօրէն սկսաւ արտասանել՝ ‘Դրօշակին հաւատարմութիւն կ’ուխտեմ . . . ’»։ Կաֆնի շարունակեց. «Անմիջապէս կէտ մը ըմբռնեցի։ Եհովայի Վկաները շիտակ էին։ Մեր դպրոցներուն մէջ, առաջին հանգրուաններէն իսկ ազգային պաշտամունքի երեսակ մը կը քաջալերուի,– անսահման հաւատարմութիւն»։

Թափուած Ջանքերը Ի Զուր Չեն

19. Երախաներուն ուսուցանելը ի՞նչ վարձատրութիւններ ունի։

19 Արդարեւ կ’արժէ ամէն ջանք որ կը թափես, որպէսզի զաւակներուդ սորվեցնես։ Քէնսասի մէջ (Ա.Մ.Ն.), մօր մը արցունքները հոսեցան, երբ կարդաց իր տղուն նամակը, որ կ’ըսէր. «Շատ բախտաւոր կը զգամ ստացած կրթութեանս համար, որ զիս զգացականօրէն կայուն ու հաւասարակշռուած մէկը դարձուց։ Վստահաբար դուն եւ հայրս գովաբանութեան արժանի էք»։ (Առակաց 31։28) Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր գիրքը բազմաթիւ ծնողներու կրնայ օգնել իրենց զաւակներուն ուսուցանելու, այնպէս որ այս թանկագին ժառանգութիւնը պաշտպանեն։

20. Ծնողները միշտ ի՞նչ պէտք է յիշեն, եւ ասիկա իրենց վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ։

20 Մեր զաւակները արժանի են մեր տրամադրած բոլոր ժամանակին, ուշադրութեան եւ ջանքին։ Անոնք միայն կարճ ժամանակ մը երախաներ են։ Անոնց հետ ըլլալու եւ անոնց օգնելու իւրաքանչիւր պատեհութիւն օգտագործէ, եւ երբեք պիտի չզղջաս։ Անոնք պիտի սիրեն քեզ։ Միշտ յիշէ թէ զաւակներդ Աստուծմէ քեզի տրուած պարգեւ ու թանկագին ժառանգութիւն մըն են։ (Սաղմոս 127։3-5) Ուստի անոնց հոգ տար. զանոնք մեծցնելու կերպին համար Աստուծոյ համարատու ես։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։ Տես՝ գլուխ 40, «Ի՛նչպէս Աստուած Ուրախացնել»։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Յատկապէս ներկայիս ծնողները ինչո՞ւ իրենց զաւակները պէտք է պաշտպանեն։

• Ինչպիսի՞ ուսուցում իմաստութիւն կը հաղորդէ։

• Ներկայիս զաւակներուդ հետ ի՞նչ էական հարցերու մասին պէտք է խօսիս։

Ուսուցիչ գիրքը ծնողներուն ի՞նչպէս օգնած է իրենց զաւակներուն ուսուցանելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 26]

Գիրք մը բոլորին համար

Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր գիրքը պատրաստուած է ծնողներու եւ ուրիշ չափահասներու օգնելու որ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումները երախաներուն կարդան ու անոնց մասին խօսակցին։ Սակայն այս գիրքը առանձին ընթերցող չափահասները, իրենց սորված բաներուն հանդէպ անկեղծ գնահատութիւն յայտնած են։

Թէքսասի մէջ (Ա.Մ.Ն.), մարդ մը ըսաւ. «Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր գիրքին պարզութիւնը ոգեւորիչ է, որեւէ տարիքի պատկանող անհատին սիրտին դպչելով, ինչպէս ես՝ որ 76 տարեկան եմ։ Ձեզի խոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ ան որ իր պատանեկութենէն ի վեր Եհովայի կը ծառայէ»։

Լոնտոնի մէջ, Անգլիա, ընթերցող մը կը տեղեկագրէ. «Վստահաբար գիրքին գեղեցիկ պատկերները ծնողներու եւ երախաներու սիրտին պիտի խօսին։ Հարցումները եւ էջադրումը հոյակապ են։ Իսկ հիանալի է տեսնել թէ անիկա զգայուն նիւթեր ձեռք կ’առնէ, ինչպէս 32–րդ գլուխին մէջ, ‘Յիսուս Ի՛նչպէս Պաշտպանուեցաւ’»։ Կինը եզրափակեց. «Թէեւ այս գիրքը գլխաւորապէս պատրաստուած է ի մտի ունենալով Եհովայի Վկաներու երախաները, սակայն կը խորհիմ որ ուսուցիչներ եւ ուրիշներ պիտի փափաքին զայն ունենալ։ Գիրքը պիտի գործածեմ մօտ ու հեռու ապագային»։

Մասաչուսէթսի մէջ (Ա.Մ.Ն.), կին մը խօսեցաւ բազմաթիւ «լաւ–մտածուած պատկերներուն» մասին։ Ան ըսաւ. «Գիրքը երախաներուն յատկացուած ըլլալով հանդերձ, անոր քննարկած նիւթերը կրնան չափահասներուն ալ օգնել որ Եհովայի հետ իրենց անձնական յարաբերութեան մասին մտածեն»։

Մէյնի մէջ (Ա.Մ.Ն.), կին մը գրեց. «Ի՜նչ հոյակապ գիրք մը։ Անիկա միայն երախաներու համար չէ, այլ՝ բոլորիս համար իբրեւ Աստուծոյ որդիներ։ Անիկա ներսիդիս թափանցեց, յուզումներ շարժեց, ամոքեց ու խաղաղութիւն շնորհեց։ Որպէս Հայր՝ Եհովայի աւելի մօտիկ կը զգամ։ Ան երկար տարիներու քաշած նեղութիւնս անհետացուց եւ իր նպատակը աւելի յստակացուց ինծի»։ Ան եզրափակեց. «Ամէն անհատի կը թելադրեմ որ կարդայ զայն»։

Գիյոթոյի մէջ, Ճափոն, կին մը տեղեկագրեց թէ երբ գիրքէն կը կարդայ իր թոռներուն, անոնք կը հարցնեն. «‘Այս տղեկը ի՞նչ կ’ընէ։ Այս աղջնակը ինչո՞ւ յանդիմանութիւն կը ստանայ։ Այս մայրը ի՞նչ կ’ընէ։ Այս առիւծը ի՞նչ կ’ընէ’։ Անիկա մեզ հետաքրքրող բաներ կը սորվեցնէ, անոր համար գրադարանի միւս գիրքերէն աւելի կը սիրեմ զայն»։

Քէլկըրիի մէջ, Գանատա, հայր մը կը պատմէ թէ անմիջապէս որ գիրքը ստացաւ, սկսաւ զայն կարդալ իր վեց տարեկան աղջկան ու ինը տարեկան տղուն։ Ան կը տեղեկագրէ. «Ընդառաջումը հոյակապ էր։ Զաւակներս ինծի կը հետեւէին եւ հարցումներուն սրտանց կը պատասխանէին։ Անոնք ուսումնասիրութեամբ կլանուեցան ու սկսան արտայայտուիլ։ Անոնք խանդավառութեամբ լեցուած են, իսկ աղջիկս կ’ուզէ ամէն երեկոյ նոր գիրքը ուսումնասիրել»։

Ուսումնասիրութենէ մը ետք, հայրը ըսաւ. «Տղաս ու ես երկար ժամեր խօսեցանք Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին։ Ան նկատի առնուած նիւթին շուրջ շատ հարցումներ ունէր։ Աչքերս արցունքով լեցուեցան, երբ ‘գիշեր բարի’ ըսելու ատեն հարցուց. ‘Կրնա՞նք ասիկա կրկնել։ Շատ հարցումներ ունիմ եւ կ’ուզեմ Եհովայի մասին ամէն բան գիտնալ’»։

[Նկար՝ էջ 24]

Դեռատինե՛ր, երեք Եբրայեցիներուն օրինակէն ի՞նչ կրնաք սորվիլ

[Նկարներ՝ էջ 25]

«Ուսուցիչ» գիրքին պատկերներն ու խորագիրները ուսուցանելու ազդու գործիքներ են

Անանիա Պետրոսի ի՞նչ սուտ կը խօսի

Ո՞վ կը տեսնէ մեր բոլոր ըրածները