Մեր զաւակները՝ թանկագին ժառանգութիւն մը
Մեր զաւակները՝ թանկագին ժառանգութիւն մը
«Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է»։—ՍԱՂՄՈՍ 127։3
1. Առաջին մարդկային մանուկը ի՞նչպէս աշխարհ եկաւ։
ՆԿԱՏԻ առ այն հրաշալի դէպքերը, որ Եհովա Աստուած կարելի դարձուց, առաջին մարդուն ու կնոջ ստեղծած կերպով։ Թէ՛ հայրը՝ Ադամ եւ թէ մայրը՝ Եւա, իրենցմէ մաս մը տուին, որ Եւայի արգանդին մէջ զարգանալով՝ լիովին կազմուած նոր անձ մը եղաւ,– մարդկային առաջին մանկիկը։ (Ծննդոց 4։1) Մինչեւ օրս, յղութիւնը եւ մանուկի մը ծնունդը սքանչացում կը պատճառեն, եւ շատեր զանոնք հրաշք կը կոչեն։
2. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ յղի կնոջ արգանդին մէջ տեղի ունեցածը հրաշք է։
2 Բեղմնաւորուած ձուն մօր արգանդին մէջ միայն շուրջ 270 օրուան մէջ մէջտեղ կը բերէ մանկիկ մը, որ միլիառաւոր բջիջներէ կը բաղկանայ։ Այս սկզբնական բջիջը ունի հարկ եղած տեղեկութիւնները, որպէսզի արտադրէ աւելի քան 200 տեսակ բջիջ։ Մարդկային ըմբռնողութենէն գերիվեր եղող սքանչելի յայտագրի մը հետեւելով, այդ բարդ բջիջները կ’աճին ճշգրիտ կարգապահութեամբ եւ կերպով, ապրող նոր անձ մը կազմելու համար։
3. Բազմաթիւ տրամաբանող մարդիկ ինչո՞ւ համաձայն են թէ մարդկային նոր արարածի մը ծնունդին պատասխանատուն Աստուած պէտք է ըլլայ։
3 Բայց ո՞վ է մանկիկին բուն արարիչը։ Վստահաբար կեանքին Ստեղծիչը։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք»։ (Սաղմոս 100։3) Ծնողնե՛ր, շատ լաւ գիտէք թէ մանկիկը կը ծնի ո՛չ թէ ձեր ձիրքերուն շնորհիւ։ Միայն անսահման իմաստութիւն ունեցող Աստուած մը կրնայ պատասխանատուն ըլլալ ապրող նոր անձի մը հրաշալի կազմութեան։ Հազարաւոր տարիներէ ի վեր, տրամաբանող մարդիկ արգանդին մէջ մանուկի մը կազմուելուն վարկը Մեծ Ստեղծիչին տուած են։ Նոյն կեցուածքը ունի՞ս։—Սաղմոս 139։13-16
4. Մարդկային ո՞ր թերութիւնը երբեք կարելի չէ Եհովայի վերագրել։
4 Սակայն Եհովա անտարբե՞ր Ստեղծիչ մըն է, որ պարզապէս կենսաբանական գործընթաց մը հաստատեց, որով այրեր ու կիներ կրնան զաւակներ ունենալ։ Կարգ մը մարդիկ անզգայ են, բայց Եհովա գթառատ է։ (Սաղմոս 78։38-40) Աստուածաշունչը Սաղմոս 127։3–ի մէջ կ’ըսէ. «Ահա տղաքը [ինչպէս նաեւ աղջիկները] Տէրոջը ժառանգութիւնն են. որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է»։ Այժմ նկատի առնենք թէ ժառանգութիւնը ի՞նչ է եւ ի՞նչ բանի ապացոյց է։
Ժառանգութիւն եւ Պարգեւ
5. Երախաները ինչո՞ւ ժառանգութիւն մըն են։
5 Ժառանգութիւնը կը նմանի նուէրի մը։ Յաճախ ծնողներ ծանր կ’աշխատին որ իրենց զաւակներուն ժառանգութիւն ձգեն։ Անիկա կրնայ պարփակել դրամ, կալուած կամ թանկարժէք ստացուածք։ Ամէն պարագայի, անիկա ծնողքին սիրոյն ապացոյցն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած ծնողներուն տուած է իրենց զաւակները իբր ժառանգութիւն։ Անոնք իր կողմէ սիրալիր նուէր մըն են։ Եթէ ծնող մըն ես, կրնա՞ս ըսել թէ արարքներդ ցոյց կու տան թէ զաւակներդ կը նկատես տիեզերքի Ստեղծիչին կողմէ քեզի վստահուած պարգեւ մը։
6. Ի՞նչ էր Աստուծոյ նպատակը, երբ մարդիկը օժտեց զաւակներ ունենալու կարողութեամբ։
6 Այս պարգեւը շնորհելով Եհովայի նպատակն էր երկիրը լեցնել Ադամի ու Եւայի սերունդով։ (Ծննդոց 1։27, 28. Եսայեայ 45։18) Եհովա իւրաքանչիւր մարդ չստեղծեց, ինչպէս միլիոնաւոր հրեշտակները ստեղծեց։ (Սաղմոս 104։4. Յայտնութիւն 4։10) Փոխարէն, Աստուած ընտրեց մարդիկը ստեղծել զաւակներ ծնանելու կարողութեամբ, որոնք զանազան կերպերով իրենց ծնողներուն պիտի նմանէին։ Մօր մը եւ հօր մը համար ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է նոր անձ մը մէջտեղ բերել ու խնամել։ Ծնողնե՛ր, Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնէ՞ք, քանի որ կարելի դարձուց որ այս թանկագին ժառանգութիւնը վայելէք։
Յիսուսի Օրինակէն Սորվիր
7. Կարգ մը ծնողներու ըրածին հակառակը, Յիսուս «մարդոց որդիներուն» հանդէպ ի՞նչ կերպով հետաքրքրութիւն եւ կարեկցութիւն ցուցաբերեց։
7 Ցաւալի է որ ամէն ծնողք իր զաւակները պարգեւ չի նկատեր։ Շատեր իրենց զաւակներուն հանդէպ բաւարար կարեկցութիւն չեն ցուցաբերեր։ Այսպիսի ծնողներ Եհովայի կամ իր Որդիին տեսակէտը չեն արտացոլացներ։ (Սաղմոս 27։10. Եսայեայ 49։15) Միւս կողմէ, նկատի առ երախաներուն հանդէպ Յիսուսի կեցուածքը։ Նոյնիսկ երկիր գալէն առաջ, երբ երկինքի մէջ հզօր արարած մըն էր, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ անոր ‘զուարճութիւնը մարդոց որդիներուն հետ էր’։ (Առակաց 8։31) Մարդոց հանդէպ իր սէրը ա՛յնքան զօրաւոր էր որ սիրայօժար իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ, որպէսզի կարենանք յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել։—Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 10։18
8. Յիսուս ի՞նչպէս հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ ծնողներուն։
8 Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս յատկապէս հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ ծնողներուն։ Նկատի առ թէ ան ի՛նչ ըրաւ։ Ան ժամանակ տրամադրեց երախաներուն, նոյնիսկ երբ շատ զբաղած ու ճնշումի ներքեւ էր։ Ան շուկային մէջ անոնց խաղալը դիտեց, եւ անոնց վարուելակերպին կարգ մը երեսակները գործածեց իր ուսուցումին մէջ։ (Մատթէոս 11։16, 17) Դէպի Երուսաղէմ իր վերջին ուղեւորութեան ընթացքին, ան գիտէր թէ հոն պիտի չարչարուէր ու սպաննուէր։ Ուստի, երբ մարդիկ երախաներ բերին որ զինք տեսնեն, Յիսուսի աշակերտները, թերեւս ջանալով զինք յաւելեալ ճնշումէ զերծ պահել, փորձեցին երախաները հեռացնել։ Բայց Յիսուս իր աշակերտները յանդիմանեց։ Ան երախաներուն հանդէպ իր ‘զուարճութիւնը’ ցոյց տալով, ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք»։—Մարկոս 10։13, 14
9. Ինչո՞ւ մեր արարքները կրնան մեր խօսքերէն աւելի կարեւոր ըլլալ։
9 Յիսուսի օրինակէն կրնանք սորվիլ։ Երբ երախաներ մեր քով գան, ի՞նչպէս կը հակազդենք,– նոյնիսկ եթէ զբաղած ենք։ Յիսուսի նման կը վարուի՞նք։ Երախաները կ’ուզեն՝ մանաւանդ իրենց ծնողներէն, ի՛նչ որ Յիսուս յօժար էր տալու,– ժամանակ եւ ուշադրութիւն։ Ճիշդ է որ «Քեզ կը սիրեմ» եւ ասոր նման խօսքեր կարեւոր են, բայց արարքները խօսքերէն բարձր կը խօսին։ Սէրդ յայտնի կ’ըլլայ ո՛չ միայն խօսքերովդ, այլ ա՛լ աւելի՝ արարքներովդ։ Անիկա կը ցուցաբերուի այն ժամանակով, ուշադրութեամբ եւ խնամքով որ կու տաս զաւակներուդ։ Սակայն այս ամէնը ընելով հանդերձ, թերեւս շօշափելի արդիւնքներ ձեռք չձգես կամ՝ ակնկալածիդ չափ արագ։ Համբերութեան կարիք կայ։ Կրնանք համբերութիւն սորվիլ՝ ընդօրինակելով այն կերպը, որով Յիսուս իր աշակերտներուն հետ վարուեցաւ։
Յիսուսի Համբերութիւնն ու Խանդաղատանքը
10. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչպէս խոնարհութեան շուրջ դաս մը սորվեցուց, եւ սկիզբը ասիկա ի՞նչ արդիւնք տուաւ։
10 Յիսուս տեղեակ էր թէ իր աշակերտները միշտ կը վիճաբանէին թէ ո՛վ մեծ էր։ Օր մը, իր աշակերտներուն հետ Կափառնայում հասնելէ ետք, ան հարցուց. «‘Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք ճամբան իրարու հետ’։ Անոնք լուռ կեցան, վասն զի ճամբուն մէջ իրարու հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին թէ՝ ո՞վ մեծ է»։ Փոխանակ կոշտօրէն զիրենք յանդիմանելու, Յիսուս համբերութեամբ գործնական դաս մը տուաւ, որպէսզի խոնարհութիւն սորվին։ (Մարկոս 9։32-36) Ասիկա ակնկալուած արդիւնքը տուա՞ւ։ Ո՛չ անմիջապէս։ Շուրջ վեց ամիս ետք, Յակոբոս ու Յովհաննէս իրենց մօր միջոցով Յիսուսէ խնդրեցին որ Թագաւորութեան մէջ կարկառուն դիրքեր տայ իրենց։ Դարձեալ Յիսուս համբերութեամբ անոնց մտածելակերպը սրբագրեց։—Մատթէոս 20։20-28
11. (ա) Յիսուսի առաքեալները սովորական ո՞ր պարտականութիւնը չկատարեցին, երբ վերնատան մը մէջ հաւաքուեցան։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, իսկ իր ջանքերը այդ ատեն արդիւնաբեր եղա՞ն։
Ա. Թագաւորաց 25։41. Ա. Տիմոթէոս 5։10) Յիսուս որքա՜ն ցաւ զգացած ըլլալու էր որ իր աշակերտները կը շարունակէին դիրքերու տենչալ։ Ուստի Յիսուս անոնց ոտքերը լուաց եւ լրջօրէն խնդրեց որ ուրիշներուն ծառայելու իր օրինակին հետեւին։ (Յովհաննու 13։4-17) Անոնք ասիկա ըրի՞ն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ քիչ ետք «վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի»։—Ղուկաս 22։24
11 Ապա Հ.Դ. 33–ի Պասեքը հասաւ, եւ Յիսուս ու իր առաքեալները առանձին ժողվուեցան զայն տօնելու համար։ Վերնատան մէջ 12 առաքեալներէն ո՛չ մէկը նախաձեռնութիւնը առաւ միւսներուն փոշոտուած ոտքերը լուալու սովորական ծառայութիւնը ընելու, որ տան մը ծառային կամ կնոջ պարտականութիւնն էր։ (12. Ծնողները ի՞նչպէս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել, մինչ կը ջանան իրենց զաւակները մարզել։
12 Ծնողնե՛ր, երբ ձեր զաւակները ձեր խրատին չեն ընդառաջեր, կրնա՞ք գիտակցիլ թէ Յիսուս ի՛նչպէս զգացած ըլլալու էր։ Նկատեցէք թէ Յիսուս ձեռնթափ չեղաւ, թէեւ առաքեալները իրենց թերութիւնները սրբագրելու մէջ դանդաղ էին։ Անոր համբերութիւնը ի վերջոյ պտղաբեր եղաւ։ (Ա. Յովհաննու 3։14, 18) Ծնողնե՛ր, Յիսուսի սէրն ու համբերութիւնը ընդօրինակեցէք, յարատեւաբար ջանալով ձեր զաւակները մարզել։
13. Ծնող մը ինչո՞ւ երախային հարցումը կոշտօրէն պէտք չէ անտեսէ։
13 Դեռատիները կ’ուզեն զգալ թէ իրենց ծնողները զիրենք կը սիրեն ու իրենցմով հետաքրքրուած են։ Յիսուս իր աշակերտներուն մտածելակերպը գիտնալու համար, անոնց մտիկ ըրաւ երբ հարցումներ ուղղեցին։ Ան անոնց հարցուց թէ կարգ մը հարցերու շուրջ ի՛նչ կը խորհէին։ (Մատթէոս 17։24-26) Այո, հմտօրէն ուսուցանելը կը պարփակէ ուշի–ուշով մտիկ ընել ու անկեղծօրէն հետաքրքրուիլ։ Ծնող մը հարցում ունեցող երախան պէտք չէ հեռացնէ՝ կոշտօրէն ըսելով. «Գնա՛ քովէս, չե՞ս տեսներ որ զբաղած եմ»։ Եթէ ծնողը իրապէս զբաղած է, կրնայ երախային ըսել որ հարցին շուրջ ետքը կը խօսին։ Ապա վստահաբար նիւթին մասին խօսակցին։ Այս կերպով երախան պիտի զգայ թէ ծնողը իսկապէս իրմով հետաքրքրուած է, եւ աւելի դիւրաւ իր սիրտը պիտի բանայ անոր։
14. Ծնողները իրենց զաւակներուն հանդէպ խանդաղատանք ցուցաբերելու նկատմամբ, Յիսուսէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։
14 Ծնողները կրնա՞ն իրենց խանդաղատանքը պատշաճօրէն ցոյց տալ, զաւակները իրենց թեւերուն մէջ առնելով ու գրկելով։ Անգամ մը եւս ծնողները կրնան Յիսուսէն սորվիլ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան «զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք»։ (Մարկոս 10։16) Երախաները ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Անկասկած անոնք ջերմ զգացում ունեցան եւ մօտ զգացին Յիսուսի։ Ծնողնե՛ր, եթէ ձեր ու ձեր զաւակներուն միջեւ իսկական խանդաղատանք ու սէր կայ, անոնք իսկոյն պիտի ընդառաջեն տրուած դաստիարակութեան եւ ուսուցումին։
Որքա՞ն Ժամանակ Տրամադրել
15, 16. Երախայ մեծցնելու ո՞ր գաղափարը ժողովրդական դարձած է, եւ ըստ երեւոյթին ի՞նչ բան զայն յառաջ բերաւ։
15 Ոմանք հարց տուած են թէ երախաները իրապէս կարիք ունի՞ն որ իրենց ծնողները շատ ժամանակ անցընեն իրենց հետ եւ սիրալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն իրենց հանդէպ։ Երախայ մեծցնելու գաղափար մը, որ հմտօրէն յառաջ մղուած է, կը կոչուի որակաւոր ժամանակ։ Ջատագովները կ’ըսեն թէ երախաները կարիք չունին որ ծնողները իրենց շատ ժամանակ տրամադրեն, այնքան ատեն որ զաւակներուն յատկացուած քիչ
ժամանակը իմաստալից, լաւ–մտածուած ու կանխածրագրուած է։ Որակաւոր ժամանակի հասկացութիւնը լա՞ւ գաղափար մըն է, յղացուած՝ երախաներուն բարօրութիւնը ի մտի ունենալով։16 Հեղինակ մը, որ բազմաթիւ երախաներու հետ խօսեցաւ, ըսաւ թէ անոնք «իրենց ծնողներէն ամենէն շատ ուզեցին յաւելեալ ժամանակ» եւ «անշեղ ուշադրութիւն»։ Յատկանշականօրէն, ուսուցչապետ մը նշեց. «Այս արտայայտութիւնը [որակաւոր ժամանակ] լոյս տեսաւ ծնողներու զգացած յանցապարտութեան առ ի հետեւանք։ Մարդիկ իրենք իրենց արտօնութիւն տուին որ իրենց զաւակներուն հետ աւելի նուազ ժամանակ անցընեն»։ Ծնողները իրենց զաւակներուն հետ որքա՞ն ժամանակ պէտք է անցընեն։
17. Երախաներուն ո՞ր կարիքը ծնողները պէտք է լեցնեն։
17 Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Սակայն Իսրայելացի ծնողներուն յորդոր տրուած էր որ իրենց զաւակներուն հետ խօսին, երբ տունը նստած են, երբ ճամբան կը քալեն, երբ կը պառկին եւ երբ կ’ելլեն։ (Բ. Օրինաց 6։7) Ասիկա բացայայտօրէն կը նշանակէ թէ ծնողները իրենց զաւակներուն հետ միշտ պէտք է հաղորդակցին եւ ամէն օր անոնց սորվեցնեն։
18. Յիսուս ի՞նչպէս պատեհութիւնները օգտագործեց իր աշակերտները մարզելու համար, իսկ ծնողներ ասկէ ի՞նչ կրնան սորվիլ։
18 Յիսուս յաջողապէս իր աշակերտները մարզեց մինչ անոնց հետ կ’ուտէր, կը ճամբորդէր, եւ նոյնիսկ երբ կը հանգստանար։ Այսպէս ան իւրաքանչիւր պատեհութիւն օգտագործեց անոնց սորվեցնելու համար։ (Մարկոս 6։31, 32. Ղուկաս 8։1. 22։14) Նմանապէս Քրիստոնեայ ծնողները արթուն պէտք է ըլլան որ ամէն պատեհութիւն օգտագործեն իրենց զաւակներուն հետ լաւ հաղորդակցութիւն հաստատելու ու պահպանելու, եւ զանոնք Եհովայի ուղիներուն մէջ մարզելու համար։
Ի՛նչ Սորվեցնել եւ Ի՛նչպէս
19. (ա) Երախաներուն հետ ժամանակ անցընելէ զատ, ուրիշ ի՞նչ պէտք է։ (բ) Ծնողները երախաներուն գլխաւորաբար ի՞նչ պէտք է սորվեցնեն։
19 Երախաներուն հետ պարզապէս ժամանակ անցընելը կամ նոյնիսկ անոնց սորվեցնելը, զանոնք յաջողապէս մեծցնելու համար պահանջուած միակ բաները չեն։ Կարեւոր է նաեւ թէ անոնք ի՛նչ կը սորվին։ Աստուածաշունչը կը շեշտէ. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր»։ Ի՞նչ են «այս խօսքերը»։ Ակներեւօրէն անոնք նախորդ խօսքերն են. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ»։ (Բ. Օրինաց 6։5-7) Յիսուս ըսաւ թէ ասիկա Աստուծոյ ամենակարեւոր պատուիրանն է։ (Մարկոս 12։28-30) Ծնողները նախ եւ առաջ երախաներուն պէտք է սորվեցնեն Եհովայի մասին, բացատրելով թէ ինչո՛ւ միայն ինք մեր բոլորանուէր սիրոյն եւ նուիրումին արժանի է։
20. Աստուած վաղեմի ծնողներուն ի՞նչ պատուիրեց որ սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։
20 Սակայն «այս խօսքերը» Աստուած սիրելէ աւելին կը պարփակեն։ Պիտի նկատես թէ Երկրորդ Օրինաց գիրքին նախորդ գլուխին մէջ Մովսէս կը կրկնէ այն օրէնքները, որ Աստուած երկու քարէ տախտակի վրայ գրեց,– Տասը Պատուիրանները։ Այս օրէնքները արգիլեցին ստութիւնը, գողութիւնը, սպանութիւնը եւ շնութիւնը։ Բ. Օրինաց 5։11-22) Ուստի վաղեմի ծնողները ըմբռնեցին թէ իրենց զաւակներուն բարոյական արժանիքներ պէտք է սորվեցնեն։ Ներկայիս, Քրիստոնեայ ծնողներ իրենց զաւակներուն համանման կրթութիւն պէտք է մատակարարեն, որպէսզի անոնք ապահով ու երջանիկ ապագայ ունենան։
(21. Աստուծոյ խօսքը երախաներուն ‘կրկին անգամ սորվեցնելը’ ի՞նչ կը նշանակէր։
21 Նկատէ թէ ծնողներուն ըսուած է թէ ի՛նչպէս «այս խօսքերը» կամ պատուիրանները սորվեցնեն իրենց զաւակներուն. «Զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր»։ «Կրկին անգամ սորվեցնել» արտայայտութիւնը կը նշանակէ «ուսուցանել՝ կրկնելով կամ յաճախ յորդորելով, քաջալերել կամ միտքին մէջ դրոշմել»։ Արդ, Աստուած ծնողներուն կը պատուիրէ որ Աստուածաշունչը ուսուցանելու համար ծրագրուած յայտագիր մը հաստատեն, որուն մասնայատուկ նպատակն է՝ իրենց զաւակներուն միտքին մէջ հոգեւոր բաներ քանդակել։
22. Իսրայելացի ծնողներուն ըսուեցաւ որ իրենց զաւակները ուսուցանելու համար ի՞նչ ընեն, եւ ասիկա ի՞նչ նշանակեց։
22 Այսպիսի ծրագրուած յայտագիր մը ծնողներէն նախաձեռնութիւն կը պահանջէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Զանոնք [«այս խօսքերը» կամ Աստուծոյ պատուիրանները] նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատանոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան։ Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ եւ դռներուդ վրայ գրէ»։ (Բ. Օրինաց 6։8, 9) Ասիկա չի նշանակեր թէ ծնողներ Աստուծոյ օրէնքները բառացիօրէն պէտք է գրեն դրանդիներուն եւ դռներուն վրայ, զանոնք իրենց զաւակներուն ձեռքերուն վրայ կապեն եւ աչքերուն մէջտեղ դնեն։ Բուն կէտը այն է թէ ծնողներ Աստուծոյ ուսուցումները մի՛շտ պէտք է յիշեցնեն իրենց զաւակներուն։ Ասիկա ա՛յնքան կանոնաւորաբար ու յարատեւօրէն պէտք է ընեն, որպէս թէ Աստուծոյ ուսուցումները ամէ՛ն ատեն զաւակներուն առջեւ են։
23. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։
23 Ծնողներ յատկապէս ի՞նչ կարգ մը կարեւոր բաներ պէտք է սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։ Ներկայիս ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ երախաները սորվին ու մարզուին իրենք զիրենք պաշտպանել։ Այժմ ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակներուն ազդուօրէն սորվեցնեն։ Ծնողները հետաքրքրող այս եւ այլ հարցումներ նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ծնողները ինչո՞ւ իրենց զաւակները թանկագին պէտք է նկատեն։
• Ծնողներ եւ ուրիշներ Յիսուսէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։
• Ծնողները իրենց զաւակներուն որքա՞ն ժամանակ պէտք է տրամադրեն։
• Երախաներուն ի՞նչ պէտք է ուսուցանել, եւ ի՞նչպէս։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 20]
Ծնողներ Յիսուսի ուսուցանելու կերպէն ի՞նչ կրնան սորվիլ
[Նկարներ՝ էջ 21]
Իսրայելացի ծնողները ե՞րբ եւ ի՞նչպէս իրենց զաւակներուն պէտք էր սորվեցնէին
[Նկարներ՝ էջ 22]
Ծնողները իրենց զաւակներուն միշտ պէտք է յիշեցնեն Աստուծոյ ուսուցումները