Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի համաշխարհային ազդեցութիւնը

Յիսուսի համաշխարհային ազդեցութիւնը

Յիսուսի համաշխարհային ազդեցութիւնը

«ՅԻՍՈՒՍ կրնար երկու ժամուան մէջ ըսել ի՛նչ որ խօսեցաւ առանձին եւ հանրապէս, ինչպէս Աւետարանները կը տեղեկագրեն», գրեց Աստուածաշունչի թարգմանիչ Էտկար Կուտսփիտ։ «Այսուհանդերձ այդ քիչ ուսուցումները ա՛յնքան յուզիչ ու մղիչ էին, որ համարձակօրէն կրնամ ըսել թէ ուրիշ ո՛չ ոք աշխարհին այսքան ազդած է»։

Երբ Յիսուս Քրիստոս իր երկրային ծառայութիւնը աւարտեց Հ.Դ. 33–ին, անոր հետեւորդներուն թիւը առնուազն 120 հոգի էր, տղամարդիկ ու կիներ։ (Գործք 1։15) Այսօր աւելի քան երկու միլիառ մարդիկ կը դաւանին Քրիստոնեաներ ըլլալ։ Յաւելեալ հարիւր միլիոնաւորներ Յիսուսը կ’ընդունին իբրեւ մարգարէ։ Արդարեւ անոր ուսուցումները մարդկութեան վրայ արտակարգ ազդեցութիւն ունեցած են։

Յիսուսի աշխարհածաւալ ազդեցութիւնը ընդունուած է նոյնիսկ ոչ–Քրիստոնեայ առաջնորդներու կողմէ։ Օրինակ, Հրեայ ռաբբի Հայմէն Էնելօ գրեց. «Յիսուս մարդկութեան կրօնական պատմութեան ամենէն ժողովրդական, ամենէն շատ ուսումնասիրուած եւ ամենէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնը եղած է»։ Էնելօ նաեւ ըսաւ. «Մարդկութեան ի նպաստ Յիսուսի ամէն ըրածը ո՞վ կրնայ թուել։ Անոր ներշնչած սէրը, մատուցած սփոփանքը, բերած բարիքները, արծարծած յոյսն ու ուրախութիւնը,– այս ամէնը անզուգական է մարդկային պատմութեան մէջ։ Ցարդ ապրած անուանի ու բարեսէր մարդոցմէ ո՛չ մէկը կրցած է ձեւով մը ունենալ Յիսուսի վայելած համաշխարհային գրաւչութիւնն ու ազդեցութիւնը։ Ան պատմութեան մէջ ամենէն գրաւիչ դէմքը եղած է»։ Իսկ Հինտու առաջնորդ Մոհանտէս Ք. Կանտի ըսաւ. «Մէկը չկայ որ Յիսուսէ աւելի մարդկութեան ի նպաստ շատ բաներ ըրած է։ Իրականութեան մէջ, Քրիստոնէութիւնը անթերի է»։ Ապա աւելցուց. «Խնդիրը այն է թէ դուք՝ Քրիստոնեաներդ, ձեր ուսուցումները չէք գործադրեր»։

Քրիստոնեայ Աշխարհը Յիսուսի ուսուցումներուն համաձայն չապրելու երկա՜ր արձանագրութիւն ունի։ Քրիստոնէութեան պատմաբան Սէսիլ Ճոն Գատու նշեց թէ «Յ.Տ. 140–ին, Քրիստոնեայ առաջնորդներ նկատեցին թէ Եկեղեցիին մէջ աստիճանաբար ու հաստատօրէն բարոյական թուլութիւն կ’աճէր»։ Ան դիտել տուաւ. «Սկիզբի բարոյական խստութիւնը տկարանալով, աշխարհի ճամբաներուն համակերպիլը դիւրացաւ»։

Այս բարոյական քայքայումը թափ առաւ չորրորդ դարուն, երբ Հռովմէացի Կոստանդին կայսրը Քրիստոնէութիւնը ընդունեց։ Գատու գրեց. «Պատմաբաններ նկատած են,– ոմանք ցաւ զգալով,– Եկեղեցիին ըրած մեծ զիջումը՝ Կոստանդինի հետ դաշնակցելով»։ Յաջորդ դարերու ընթացքին, դաւանեալ Քրիստոնեաներ բազմաթիւ ամօթալի արարքներ գործած են, որոնք Քրիստոսի անունը կ’անպատուեն։

Հետեւաբար հարց կու տանք. Յիսուս իրապէս ի՞նչ սորվեցուց։ Եւ իր ուսուցումները ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեզի։

[Նկար՝ էջ 3]

«Մէկը չկայ որ Յիսուսէ աւելի մարդկութեան ի նպաստ շատ բաներ ըրած է»։—Մոհանտէս Գ. Կանտի

[Նկար՝ էջ 3]

«Ուրիշ ո՛չ ոք աշխարհին այսքան ազդած է»։—Էտկար Կուտսփիտ

[Նկարին աղբիւրը]

Culver Pictures