Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ ազդեցութիւն ունի քու վրադ

Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ ազդեցութիւն ունի քու վրադ

Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ ազդեցութիւն ունի քու վրադ

ՆԱԽՈՐԴ յօդուածին մէջ նկատի առնուած տեղեկութիւններուն ի տես, կասկած չկայ թէ Յիսուսի ուսուցումները աշխարհածաւալ ազդեցութիւն ունեցած են։ Բայց կարեւոր հարցումը այն է, թէ ‘Յիսուսի ուսուցումները ի՞նչ ազդեցութիւն ունին ի՛մ վրաս’։

Յիսուսի ուսուցումները զանազան նիւթեր շօշափեցին։ Անոնց հաղորդած արժէքաւոր դասերը կրնան կեանքիդ իւրաքանչիւր երեսակին ազդել։ Այժմ քննարկենք թէ Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց կեանքի մէջ նախապատուութիւններ դնելու, Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն մշակելու, ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու, խնդիրներ լուծելու եւ բռնարարքներէ ետ կենալու մասին։

Կեանքի Մէջ Նախապատուութիւններ Դիր

Ներկայ արագընթաց աշխարհը մեր ժամանակն ու կորովը ա՛յնքան կը սպառէ, որ հոգեւոր բաները յաճախ կը զոհուին։ Նկատի առ 20–ական տարիքի մէջ եղող Փօլի պարագան։ Թէեւ Փօլ կը սիրէ հոգեւոր նիւթերու շուրջ խօսակցիլ եւ իր սորվածը կ’արժեւորէ, բայց ան ցաւ կը յայտնէ՝ ըսելով. «Ասիկա յարատեւաբար ընելու ժամանակ չունիմ։ Շաբաթը վեց օր կ’աշխատիմ։ Հանգիստի միակ օրս Կիրակին է, իսկ անհրաժեշտ բաներուն հոգ տանելէ ետք, արդէն շատ յոգնած կ’ըլլամ»։ Եթէ համանման դժուար կացութեան մէջ ես, Լերան Քարոզին մէջ Յիսուսի սորվեցուցած բաներէն կրնաս օգտուիլ։

Յիսուս իրեն մտիկ ընելու եկած ամբոխին ըսաւ. «Մի՛ մտահոգուիք ձեր անձին մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ ի՛նչ պիտի խմէք, ո՛չ ալ ձեր մարմիններուն մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. միթէ անձը աւելի չէ՞ կերակուրէն, ու մարմինը՝ հագուստէն։ Նայեցէ՛ք երկինքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ալ կը ժողվեն ամբարի մէջ. բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Դուք աւելի չէ՞ք արժեր անոնցմէ։ . . . Ուրեմն մի՛ մտահոգուիք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք’, կամ՝ ‘ի՞նչ պիտի խմենք’, կամ՝ ‘ի՞նչ պիտի հագնինք’, քանի որ հեթանոսնե՛րը կը փնտռեն այդ բոլոր բաները. որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ թէ այդ բոլոր բաները պէտք են ձեզի։ Բայց նախ խնդրեցէ՛ք Աստուծոյ թագաւորութիւնն ու անոր արդարութիւնը, եւ այդ բոլոր բաներն ալ պիտի տրուին ձեզի»։ (Մատթէոս 6։25-33, ԱՎ) Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ մեր եւ մեր ընտանիքի անդամներուն ֆիզիքական կարիքները հոգալը պէտք է անտեսենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Յիսուս խոստացաւ որ եթէ կարեւոր բաները առաջին տեղը դնենք եւ նախապատուութիւն տանք հոգեւոր բաներու, Աստուած հոգ պիտի տանի որ մեր միւս կարիքներուն գոհացում տրուի։ Այսպէս կը սորվինք ի՛նչպէս նախապատուութիւններ դնել։ Այս խրատին անսալը երջանկութեան կ’առաջնորդէ, որովհետեւ՝ «երանի՜ անոնց որ գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքին»։—Մատթէոս 5։3, ՆԱ

Աստուծոյ Հետ Բարեկամութիւն Մշակէ

Իրենց հոգեւոր պէտքը գիտակցող անհատները, Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մշակելու կարեւորութիւնը կը տեսնեն։ Ի՞նչպէս անհատի մը հետ լաւ յարաբերութիւն կը հաստատենք։ Չե՞նք փորձեր անհատը աւելի մօտէն ճանչնալ։ Պէտք է ժամանակ տրամադրենք որ սորվինք անոր տեսակէտներուն, կեցուածքներուն, կարողութիւններուն, իրագործումներուն, ախորժած ու չախորժած բաներուն մասին։ Նոյնն է պարագան, երբ կ’ուզենք Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն կերտել։ Իր մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալը անհրաժեշտ է։ Իր աշակերտներուն նկատմամբ Աստուծոյ աղօթելով, Յիսուս ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Այո, Աստուծոյ հետ մտերմութիւն մշակելը կը պահանջէ որ զինք ճանչնանք։ Այս գիտութեան միակ աղբիւրը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը՝ Աստուածաշունչն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Ժամանակ պէ՛տք է յատկացնենք Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու։

Սակայն գիտութիւնը ինքնին բաւարար չէ։ Նոյն աղօթքին մէջ Յիսուս ըսաւ. «Անոնք [իր աշակերտները] քու խօսքդ պահեցին»։ (Յովհաննու 17։6) Ո՛չ միայն Աստուծոյ մասին գիտութիւն պէտք է ստանանք, այլեւ՝ այդ գիտութեան հետ ներդաշնակ գործենք։ Այլապէս, ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ Կրնա՞նք ակնկալել որ անհատի մը հետ մեր բարեկամութիւնը աճի, եթէ գիտակցաբար անոր գաղափարներուն ու սկզբունքներուն հակառակ կը գործենք։ Արդ, Աստուծոյ տեսակէտներն ու սկզբունքները մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ մեզ պէտք է առաջնորդեն։ Նկատի առ թէ ի՛նչպէս աստուածային երկու սկզբունքներ կը կիրարկուին ուրիշներու հետ մեր յարաբերութիւններուն։

Ուրիշներու Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Հաստատէ

Առիթով մը Յիսուս պատմութիւն մը պատմեց, մարդկային յարաբերութիւններուն մասին թանկարժէք դաս մը սորվեցնելու համար։ Ան խօսեցաւ թագաւորի մը մասին, որ ուզեց հաշիւ առնել իր ծառաներէն։ Սակայն անոնցմէ մէկուն պարտքը շատ մեծ էր եւ վճարելու կարողութիւն չունենալով, թագաւորը հրամայեց որ ան ծախուի, նաեւ անոր կինն ու զաւակները եւ պարտքը վճարուի։ Պարտապանը իյնալով՝ աղաչեց. «Տէ՛ր, համբերէ ինծի եւ ամէնը քեզի վճարեմ»։ Ծառային տէրը՝ գթալով՝ ներեց անոր պարտքը։ Բայց նոյն ծառան գնաց, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը՝ որ չնչին գումար մը կը պարտէր իրեն, եւ պահանջեց պարտքին վճարումը։ Թէեւ այս ծառայակիցը աղաչեց որ ողորմի իրեն, սակայն ծառան բանտը նետել տուաւ զայն՝ մինչեւ որ վճարէր պարտքը։ Երբ լուրը թագաւորին հասաւ, ան բարկանալով ծառային ըսաւ. «Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ»։ Ուստի ան չներող ծառան բանտ նետեց, մինչեւ որ վճարէր ամբողջ պարտքը։ Այս պատմութեան բովանդակած դասը նշելով, Յիսուս ըսաւ. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։—Մատթէոս 18։23-35

Անկատար մարդիկ ըլլալով, բազմաթիւ թերութիւններ ունինք։ Երբեք չենք կրնար Աստուծոյ վճարել այն հսկայ պարտքը, որ կուտակած ենք իր դէմ մեղանչելով։ Միակ բանը որ կրնանք ընել, իրմէ ներում խնդրելն է։ Իսկ Եհովա Աստուած պատրաստ է մեր բոլոր յանցանքները ներելու, պայմանաւ որ մեզի դէմ մեր եղբայրներուն գործած մեղքերը ներենք։ Ասիկա ի՜նչ զօրաւոր դաս մըն է։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն»։—Մատթէոս 6։12

Խնդրին Բուն Պատճառը Լուծէ

Յիսուս մարդկային բնոյթը շատ լաւ կը հասկնար։ Խնդիր մը լուծելու համար, անոր տուած խրատը ձեռք կ’առնէր խնդրին բուն պատճառը։ Նկատի առ հետեւեալ երկու օրինակները։

Յիսուս ըսաւ. «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. ‘Մի՛ սպաններ’։ Ո՛վ որ սպաննէ, արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի։ Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. ‘Ո՛վ որ զուր տեղը բարկանայ իր եղբօր դէմ՝ արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի’»։ (Մատթէոս 5։21, 22, ԱՎ) Հոս Յիսուս ցոյց տուաւ թէ սպանութեան խնդրին արմատը կապ ունի սպաննողին սիրտին մէջ աճող կեցուածքին հետ։ Եթէ մարդիկ թոյլ չտային դժգոհութեան կամ բարկութեան որ իրենց մէջ արմատանար, կանխամտածուած բռնութիւնը կրնար անհետանալ։ Եթէ այս ուսուցումը կիրարկուէր, ահռելի արիւնահեղութեան առաջքը առնուած պիտի ըլլար։

Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչպէս ուրիշ խնդրի մը բուն պատճառը կը մատնանշէ, որ շատ սրտատանջութիւն յառաջ կը բերէ։ Ան ամբոխին ըսաւ. «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. ‘Շնութիւն մի՛ ըներ’։ Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. ‘Ո՛վ որ կը նայի կնոջ մը՝ անոր ցանկալու համար, արդէ՛ն անիկա իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած է անոր հետ’։ Ուստի եթէ աջ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, հանէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ»։ (Մատթէոս 5։27-29, ԱՎ) Յիսուս սորվեցուց թէ խնդիրը անբարոյ վարքէն աւելին կը պարփակէ, կանխելով արարքը. անիկա անբարոյ ցանկութիւնն է։ Եթէ անհատը մերժէ անպատշաճ ցանկութիւններու վրայ կեդրոնանալ եւ զանոնք իր միտքէն «հանէ», այն ատեն անբարոյ վարքի խնդրին մէջ պիտի չիյնայ։

«Սուրդ Տե՛ղը Դարձուր»

Յիսուսի մատնուած ու ձերբակալուած գիշերը, իր աշակերտներէն մէկը սուր քաշեց զինք պաշտպանելու համար։ Յիսուս անոր հրամայեց. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։52) Առաւօտուն, Յիսուս Պոնտացի Պիղատոսին ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։ (Յովհաննու 18։36) Այս ուսուցումը անգործնակա՞ն է։

Բռնութեան չդիմելու Յիսուսի ուսուցումին հանդէպ նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչ կեցուածք ունեցան։ Գիրք մը (The Early Christian Attitude to War) կ’ըսէ. «Որովհետեւ [Յիսուսի ուսուցումները] բոլորովին արգիլեցին բռնութիւն գործածելը եւ ուրիշներուն վնաս հասցնելը, բացորոշ էր թէ պատերազմի մասնակցիլն ալ ապօրինի էր։ . . . Նախկին Քրիստոնեաները Յիսուսի ըսածին յարեցան, եւ հասկցան թէ բառացիօրէն բռնարարքներէ հեռու պէտք է կենան ու քաղցր ըլլան։ Անոնք իրենց կրօնքը սերտօրէն առնչեցին խաղաղութեան, եւ ուժգնօրէն դատապարտեցին պատերազմը, քանի որ արիւնահեղութիւն կը պարփակէր»։ Պատմութեան ընթացքը շա՜տ տարբեր պիտի ըլլար, եթէ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող բոլոր անհատները այս ուսուցումին իսկապէս հետեւէին։

Յիսուսի Բոլոր Ուսուցումներէն Կրնաս Օգտուիլ

Մեր նկատի առած Յիսուսի ուսուցումները գեղեցիկ, պարզ ու զօրաւոր են։ Մարդկութիւնը կրնայ օգտուիլ՝ անոր ուսուցումներուն քաջածանօթ ըլլալով ու զանոնք գործադրելով։ *

Շրջանիդ մէջ գտնուող Եհովայի Վկաները սիրով պիտի ուզեն քեզի օգնել, որ ամենէն իմաստուն ուսուցումներէն կարենաս օգտուիլ։ Ջերմօրէն կը հրաւիրենք քեզ որ անոնց հետ շփման մէջ գաս կամ այս պարբերաթերթին 2–րդ էջին վրայ գտնուող մէկ հասցէին գրես։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 22 Յիսուսի բոլոր ուսուցումները կարգաւ նկատի առնելու համար, տես՝ Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 5]

«Ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք»

[Նկար՝ էջ 7]

Յիսուսի ուսուցումները կրնան հոյակապ ազդեցութիւն մը ունենալ կեանքիդ վրայ