Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Խօսքին թոյլ տուր որ ճամբադ լուսաւորէ

Աստուծոյ Խօսքին թոյլ տուր որ ճամբադ լուսաւորէ

Աստուծոյ Խօսքին թոյլ տուր որ ճամբադ լուսաւորէ

‘Քու խօսքդ իմ շաւիղներուս լոյս է’։—ՍԱՂՄՈՍ 119։105

1, 2. Ո՞ր պարագաներուն ներքեւ Եհովայի խօսքը մեր ճամբան պիտի լուսաւորէ։

ԵԹԷ թոյլ տանք, Եհովայի խօսքը մեր ճամբան կը լուսաւորէ։ Այս հոգեւոր լոյսը վայելելու համար, Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին ժրաջան աշակերտները պէտք է ըլլանք եւ անոր խրատները կիրարկենք։ Միայն այն ատեն կրնանք սաղմոսերգուին զգացումները բաժնել. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։—Սաղմոս 119։105

2 Այժմ նկատի առնենք Սաղմոս 119։89-176–ը։ Այս համարները դասաւորուած են 11 տուներու մէջ, եւ ի՜նչ ճոխ տեղեկութիւններ կը պարունակեն։ Անոնք կրնան մեզի օգնել որ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբային մէջ մնանք։—Մատթէոս 7։13, 14

Ինչո՞ւ Աստուծոյ խօսքը սիրել

3. Սաղմոս 119։89, 90 ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ կրնանք Աստուծոյ խօսքին վստահիլ։

3 Եհովայի խօսքը սիրելը հոգեւոր կայունութեան կ’առաջնորդէ։ (Սաղմոս 119։89-96) Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ո՛վ Տէր, քու խօսքդ յաւիտեան հաստատ է երկնքի մէջ։ . . . Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ»։ (Սաղմոս 119։89, 90) Աստուծոյ խօսքով,– իր «երկնքի կանոններ»ով,– երկնային մարմինները անթերիօրէն կը թաւալին իրենց ուղեծիրին մէջ, իսկ երկիրը յաւիտեան հաստատուած է։ (Յոբայ 38։31-33. Սաղմոս 104։5) Եհովայի բերանէն ելած իւրաքանչիւր խօսքին կրնանք վստահիլ. Աստուծոյ ըսածը պիտի ‘յաջողի’, իր նպատակը իրագործելով։—Եսայեայ 55։8-11

4. Աստուծոյ խօսքէն հաճոյք առնելը ի՞նչպէս կ’օգնէ իր տառապող ծառաներուն։

4 Սաղմոսերգուն ‘կորսուած պիտի ըլլար իր տրտմութեան մէջ, եթէ Աստուծոյ օրէնքը իր ուրախութիւնը չըլլար’։ (Սաղմոս 119։92) Զինք տառապեցնող անհատները օտարներ չէին, այլ՝ զինք ատող Իսրայելացի օրինազանցներ։ (Ղեւտացւոց 19։17) Բայց ան չվհատեցաւ, քանի որ Աստուծոյ կազդուրիչ օրէնքը կը սիրէր։ Կորնթոսի մէջ, Պօղոս առաքեալ «սուտ եղբայրներու մէջ վտանգներ կրեց»։ Հաւանաբար անոնց մէջ կային «երեւելի առաքեալներ», որոնք իր դէմ ամբաստանութիւն կը փնտռէին։ (Բ. Կորնթացիս 11։5, 12-14, 26) Այսուհանդերձ Պօղոս հոգեւորապէս վերապրեցաւ, քանի որ Աստուծոյ խօսքէն հաճոյք կ’առնէր։ Որովհետեւ Եհովայի գրաւոր Խօսքէն հաճոյք կ’առնենք եւ անոր ըսածը կը կիրարկենք, մեր եղբայրները կը սիրենք։ (Ա. Յովհաննու 3։15) Նոյնիսկ աշխարհի ատելութիւնը պատճառ չ’ըլլար որ Աստուծոյ մէկ հրահանգը մոռնանք։ Մեր եղբայրներուն հետ կը շարունակենք իր կամքը ընել, յուսալով՝ ուրախութեամբ Եհովայի ծառայել յաւիտեան։—Սաղմոս 119։93

5. Ասա թագաւոր ի՞նչպէս Եհովան փնտռեց։

5 Եհովայի հանդէպ մեր նուիրումը արտայայտելով, կրնանք աղօթել. «Ես քուկդ եմ, փրկէ՛ զիս. վասն զի քու հրամաններդ փնտռեցի»։ (Սաղմոս 119։94) Ասա թագաւոր Աստուած փնտռեց եւ Յուդայէն հաւատուրացութիւնը արմատախիլ ըրաւ։ Ասայի իշխանութեան 15–րդ տարին (Հ.Դ.Ա. 963), մեծ համաժողովի մը ընթացքին, Յուդայի բնակիչները ‘Տէրը փնտռելու ուխտ ըրին’։ Աստուած անոնց թոյլ տուաւ որ ‘զինք գտնեն’ եւ «ամէն կողմանէ հանգստացուց զանոնք»։ (Բ. Մնացորդաց 15։10-15) Այս օրինակը պէտք է քաջալերէ քրիստոնէական ժողովքէն հեռացած ոեւէ անհատ, որ Աստուած փնտռելու իր ջանքերը վերանորոգէ։ Ան պիտի օրհնէ ու պաշտպանէ անոնք որ կը վերսկսին գործօն կերպով իր ժողովուրդին ընկերակցիլ։

6. Ո՞ր ընթացքը մեզ հոգեւոր վնասներէ պիտի պաշտպանէ։

6 Եհովայի խօսքը իմաստութիւն կու տայ, որ կրնայ մեզ պաշտպանել հոգեւոր վնասներէ։ (Սաղմոս 119։97-104) Աստուծոյ պատուիրանները մեզ մեր թշնամիներէն աւելի իմաստուն կը դարձնեն։ Իր յիշեցումներուն անսալը մեզի խորատեսութիւն կու տայ, իսկ ‘իր հրամանները պահելը մեզ ծերերէն աւելի իմաստուն կ’ընէ’։ (Սաղմոս 119։98-100) Եթէ Եհովայի խօսքերը ‘քաղցր են մեր քիմքին եւ մեղրէն աւելի անոյշ են մեր բերանին’, «ստութեան ամէն ճամբայ» պիտի ատենք ու անկէ խուսափինք։ (Սաղմոս 119։103, 104) Ասիկա մեզ հոգեւոր վնասներէ պիտի պաշտպանէ, մինչ այս վերջին օրերուն կը հանդիպինք գոռոզ, վայրագ ու անբարեպաշտ մարդոց։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

Մեր ոտքերուն՝ ճրագ

7, 8. Սաղմոս 119։105–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք։

7 Աստուծոյ խօսքը հոգեւոր լոյսի վստահելի աղբիւր է։ (Սաղմոս 119։105-112) Ըլլանք օծեալ Քրիստոնեաներ թէ «ուրիշ ոչխարներ», կը յայտարարենք. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։ (Յովհաննու 10։16. Սաղմոս 119։105) Աստուծոյ խօսքը մեր ճամբան լուսաւորող ճրագի պէս է, այնպէս որ հոգեւորապէս չենք սայթաքիր ու իյնար։ (Առակաց 6։23) Բայց անձամբ Եհովայի խօսքին պէտք է թոյլ տանք որ մեր ոտքերուն ճրագ ըլլայ։

8 119–րդ սաղմոսը յօրինողին նման վճռակամ պէտք է ըլլանք։ Ան վճռած էր Աստուծոյ կանոններէն չշեղիլ։ Ան ըսաւ. «Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ, որպէս զի քու [Եհովայի] արդար դատաստաններդ պահեմ»։ (Սաղմոս 119։106) Թող երբեք չթերագնահատենք Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելու եւ քրիստոնէական ժողովներուն մասնակցելու արժէքը։

9, 10. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովայի նուիրուած անհատներ կրնան ‘իր հրամաններէն մոլորիլ’, բայց ասկէ ի՞նչպէս կարելի է խուսափիլ։

9 Սաղմոսերգուն ‘Աստուծոյ հրամաններէն չմոլորեցաւ’, բայց Եհովայի նուիրուած անհատ մը կրնա՛յ մոլորիլ։ (Սաղմոս 119։110) Սողոմոն թագաւոր մոլորեցաւ, թէեւ Եհովայի նուիրուած ազգին մէկ անդամն էր եւ սկիզբը աստուածատուր իմաստութեան հետ ներդաշնակ գործած էր։ «Օտարազգի կիները անոր ալ մեղանչել տուին», զինք մղելով սուտ աստուածներ պաշտելու։—Նէեմեայ 13։26. Գ. Թագաւորաց 11։1-6

10 «Որսորդ»ը կամ թռչնորսը՝ Սատանան, բազմաթիւ թակարդներ կը լարէ։ (Սաղմոս 91։3) Օրինակ, նախկին հաւատակից մը թերեւս փորձէ մեզ համոզել որ հոգեւոր լոյսի ճամբան ձգենք ու հաւատուրացութեան խաւարին մէջ խարխափենք։ Թիւատիրի Քրիստոնեաներուն մէջ կար ‘Յեզաբէլ կինը’, հաւանաբար կիներու խումբ մը որ ուրիշներու կը սորվեցնէր կռապաշտութիւն ու պոռնկութիւն ընել։ Յիսուս այս չարութիւններուն չհանդուրժեց, ո՛չ ալ մենք պէտք է հանդուրժենք։ (Յայտնութիւն 2։18-22. Յուդա 3, 4) Ուստի աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրենք, որպէսզի իր հրամաններէն չմոլորինք ու աստուածային լոյսին մէջ մնանք։—Սաղմոս 119։111, 112

Աստուծոյ խօսքով կազդուրուած

11. Սաղմոս 119։119–ի համաձայն, Աստուած ամբարիշտները ի՞նչպէս կը նկատէ։

11 Եթէ Աստուծոյ կանոններէն բնաւ չշեղինք, ան մեզ պիտի կազդուրէ։ (Սաղմոս 119։113-120) «Երկմիտները» չենք ընդունիր, ինչպէս Յիսուս ներկայիս չ’ընդունիր Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող գաղջ անհատները։ (Սաղմոս 119։113. Յայտնութիւն 3։16) Որովհետեւ ամբողջ սիրտով Եհովայի կը ծառայենք, ան ‘մեր ապաւէնն է’ եւ մեզ պիտի կազդուրէ։ Ան պիտի ‘անարգէ բոլոր անոնք, որ իր կանոններէն կը խոտորին’, խորամանկութեան ու նենգութեան դիմելով։ (Սաղմոս 119։114, 117, 118. Առակաց 3։32) Ան այս ամբարիշտները «մետաղներու կղկղանք» կը համարէ,– արծաթի ու ոսկիի նման արժէքաւոր մետաղներէ հանուած կեղտեր։ (Սաղմոս 119։119. Առակաց 17։3) Թող միշտ Աստուծոյ յիշեցումները սիրենք, քանի որ վստահաբար չենք ուզեր ամբարիշտներուն հետ կործանիլ։

12. Աստուածավախութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։

12 «Իմ մարմինս քու [Եհովայի] ահէդ դողաց ու ես քու դատաստաններէդ վախցայ», ըսաւ սաղմոսերգուն։ (Սաղմոս 119։120) Որպէսզի Աստուած մեզ կազդուրէ իբրեւ իր ծառաները, կենսական է որ իրեն հանդէպ առողջ վախ ունենանք, որ կը ցուցաբերուի իր մերժած բաներէն խուսափելով։ Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ ունենալը պատճառ եղաւ որ Յոբ արդար կեանք վարէ։ (Յոբայ 1։1. 23։15) Աստուածավախութիւնը կարելի կը դարձնէ որ Աստուծոյ հաճոյ եղող ընթացքին մէջ յարատեւենք, ի՛նչ որ ալ ըլլան այն բաները որոնց պէտք է տոկանք։ Իսկ համբերատարութիւնը կը պահանջէ որ սրտանց ու հաւատքով աղօթենք։—Յակոբու 5։15

Հաւատքով աղօթէ

13-15. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք հաւատալ որ մեր աղօթքները պիտի պատասխանուին։ (բ) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ չենք գիտեր թէ մեր աղօթքին մէջ ի՛նչ ըսենք։ (գ) Բացատրէ թէ Սաղմոս 119։121-128–ը ի՛նչպէս կրնայ մեր «անբարբառ հառաչանքներ»ուն յարակից ըլլալ։

13 Կրնանք աղօթել՝ հաւատալով թէ Աստուած մեզի ի նպաստ քայլեր պիտի առնէ։ (Սաղմոս 119։121-128) Սաղմոսերգուին նման, վստահ ենք որ մեր աղօթքները պիտի պատասխանուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ պատուիրանները կը սիրենք «ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի»։ Ասկէ զատ, ‘Աստուծոյ բոլոր հրամանները ամէն կերպով ուղիղ կը համարենք’։—Սաղմոս 119։127, 128

14 Եհովա մեր աղաչանքները կը լսէ, քանի որ հաւատքով կ’աղօթենք եւ բծախնդրաբար իր հրամաններուն կ’ենթարկուինք։ (Սաղմոս 65։2) Իսկ եթէ շփոթեցուցիչ խնդիրներ ունենալով չգիտնանք ի՛նչ ըսել աղօթքին մէջ, «Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով»։ (Հռովմայեցիս 8։26, 27) Այս պարագաներուն, Աստուած իր Խօսքին բովանդակած կարգ մը արտայայտութիւնները կ’ընդունի իբրեւ մեր կարիքները ներկայացնող աղօթքներ։

15 Սուրբ Գրութիւնները բազմաթիւ աղօթքներ ու գաղափարներ կը բովանդակեն, որոնք կրնան մեր «անբարբառ հառաչանքներ»ուն յարակից ըլլալ։ Օրինակ, նկատի առ Սաղմոս 119։121-128–ը։ Հոս հարցերը այնպէս մը արտայայտուած են որ կրնան մեր պարագաներուն յարմարիլ։ Օրինակ, եթէ խաբուելէ կը վախնանք, կրնանք սաղմոսերգուին գործածած կերպով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրել։ (Համար՝ 121-123) Եթէ շատ դժուար որոշում մը պիտի կայացնենք, կրնանք աղօթել որ Եհովայի հոգին մեզի օգնէ որ Իր յիշեցումները մտաբերենք ու կիրարկենք։ (Համար՝ 124, 125) Թէեւ ‘ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատենք’, բայց թերեւս հարկ ըլլայ Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրելու, որպէսզի փորձութեան տեղի չտանք ու իր օրէնքը չբեկանենք։ (Համար՝ 126-128) Եթէ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդանք, այսպիսի օգտակար հատուածներ մեր միտքը պիտի գան, երբ Եհովայի աղերսենք։

Եհովայի յիշեցումները մեզի կ’օգնեն

16, 17. (ա) Ինչո՞ւ Աստուծոյ յիշեցումներուն կարիք ունինք, եւ զանոնք ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ (բ) Ուրիշներ մեզ ի՞նչպէս կրնան նկատել, բայց կարեւորը ի՞նչ է։

16 Աստուծոյ յիշեցումներուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք, որպէսզի մեր աղօթքները լսէ ու իր հաճութիւնը վայելենք։ (Սաղմոս 119։129-136) Մոռնալու հակում ունենալով, Եհովայի սքանչելի յիշեցումներուն պէտք ունինք, որոնք իր ցուցմունքներն ու պատուիրանները մեր միտքը կը բերեն։ Անշուշտ կը գնահատենք Աստուծոյ խօսքերուն իւրաքանչիւր նոր հասկացողութեան սփռած հոգեւոր լոյսը։ (Սաղմոս 119։129, 130) Երախտապարտ ենք նաեւ որ Եհովա մեզի կը հաճի՝ ‘իր երեսը պայծառացնելով մեր վրայ’, թէեւ ‘ջուրի առուներ կ’իջնեն մեր աչքերէն’, քանի որ ուրիշներ իր օրէնքը չեն պահեր։—Սաղմոս 119։135, 136. Թուոց 6։25

17 Վստահ ենք որ պիտի շարունակենք Աստուծոյ հաճութիւնը վայելել, եթէ իր արդար յիշեցումներուն ենթարկուինք։ (Սաղմոս 119։137-144) Եհովայի ծառաներ ըլլալով, կը գիտակցինք թէ իրաւունք ունի իր արդար յիշեցումները մեր ուշադրութեան յանձնելու եւ պահանջելու որ անոնց հնազանդինք իբրեւ պատուիրաններ։ (Սաղմոս 119։138) Սաղմոսերգուն ինչո՞ւ ըսաւ. «Ես ցած ու անարգուած եմ», մինչ Աստուծոյ հրամաններուն կը հնազանդէր։ (Սաղմոս 119։141) Ըստ երեւոյթին, ան կը նշէր թէ իր թշնամիները ի՛նչպէս զինք կը նկատէին։ Եթէ արդարութիւնը հաստատօրէն ջատագովենք, ուրիշներ կրնան մեզ անարգել։ Այսուհանդերձ, կարեւորը այն է թէ Եհովա մեզի կը հաճի, քանի որ իր արդար յիշեցումներուն համաձայն կ’ապրինք։

Ապահով ու խաղաղութեան մէջ

18, 19. Աստուծոյ յիշեցումներուն անսալը ի՞նչ արդիւնք յառաջ կը բերէ։

18 Աստուծոյ յիշեցումներուն անսալը մեզ մօտիկ կը պահէ իրեն։ (Սաղմոս 119։145-152) Որովհետեւ Եհովայի յիշեցումներուն ուշադրութիւն կ’ընծայենք, ամբողջ սիրտով իրեն աղաղակելու կը համարձակինք ու կ’ակնկալենք որ մեզի լսէ։ Թերեւս ‘արշալոյսը կը կանխենք’ եւ օգնութիւն կը խնդրենք։ Աղօթելու ի՜նչ յարմար ժամանակ։ (Սաղմոս 119։145-147) Աստուած նաեւ մեզի մօտ է, քանի որ մեղկ վարքը կը մերժենք եւ իր խօսքը ճշմարտութիւն կը նկատենք, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ (Սաղմոս 119։150, 151. Յովհաննու 17։17) Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը կը կազդուրէ մեզ այս տագնապալից աշխարհին մէջ եւ պիտի շարունակէ կազդուրել իր մեծ պատերազմին՝ Արմագեդոնի ընթացքին։—Յայտնութիւն 7։9, 14. 16։13-16

19 Որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը խորապէս կը յարգենք, իսկական ապահովութիւն կը վայելենք։ (Սաղմոս 119։153-160) Ամբարիշտներուն հակառակը, ‘Աստուծոյ վկայութիւններէն չենք խոտորած’։ Աստուծոյ հրամանները կը սիրենք, ուստի իր հաւատարիմ սիրոյն մէջ ապահով ենք։ (Սաղմոս 119։157-159) Եհովայի յիշեցումները մեր յիշողութիւնը կը խթանեն, այնպէս որ կը մտաբերենք թէ ան որոշ պարագաներու մէջ ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ հրամանները ցուցմունքներ են, եւ իսկոյն կ’ընդունինք որ մեր Ստեղծիչը մեզ առաջնորդէ։ Իսկ գիտակցելով թէ ‘Աստուծոյ խօսքը ճշմարտութիւն է’ եւ թէ անկախօրէն չենք կրնար մեր քայլերը ուղղել, ուրախութեամբ կը հետեւինք աստուածային ուղղութեան։—Սաղմոս 119։160. Երեմեայ 10։23

20. Ինչո՞ւ «շատ խաղաղութիւն» ունինք։

20 Եհովայի օրէնքը սիրելը շատ խաղաղութիւն կը բերէ մեզի։ (Սաղմոս 119։161-168) Հալածանքը մեզմէ չի խլեր «Աստուծոյ խաղաղութիւնը», որ անբաղդատելի է։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Եհովայի դատավճիռները ա՛յնքան կը գնահատենք որ անոնց համար զինք յաճախ կը գովաբանենք,– «օրը եօթը անգամ»։ (Սաղմոս 119։161-164) Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ»։ (Սաղմոս 119։165) Եթէ անհատապէս Եհովայի օրէնքը կը սիրենք ու կը պահենք, ուրիշի մը ըրածին կամ որեւէ հարցի պատճառով հոգեւորապէս պիտի չգայթակղինք։

21. Աստուածաշնչական ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ պէտք չէ գայթակղինք եթէ ժողովքին մէջ խնդիրներ ծագին։

21 Աստուածաշունչի յիշած անձնաւորութիւններէն շատեր թոյլ չտուին որ բան մը մնայուն կերպով գայթակղեցնէ զիրենք։ Օրինակ, Քրիստոնեայ Գայիոս չգայթակղեցաւ, այլ՝ ‘շարունակեց ճշմարտութեամբ քալել’, հակառակ Դիոտրեփէսի անբարեպաշտ վարքին։ (Գ. Յովհաննու 1-3, 9, 10) Պօղոս Քրիստոնեայ երկու կիներ՝ Եւոդիան ու Սիւնտիքը յորդորեց որ «միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով», հաւանաբար քանի որ իրարու միջեւ խնդիրներ ունէին։ Ըստ երեւոյթին, անոնց օգնութիւն տրուեցաւ որ հարցը լուծեն, եւ անոնք շարունակեցին հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել։ (Փիլիպպեցիս 4։2, 3) Ուստի եթէ ժողովքին մէջ որոշ խնդիրներ ծագին, պէտք չէ գայթակղինք։ Թող կեդրոնանանք Եհովայի հրամանները պահելու վրայ, յիշելով թէ ‘մեր բոլոր ճամբաները իր առջեւ են’։ (Սաղմոս 119։168. Առակաց 15։3) Այսպէս, ո՛չ մէկ բան «շատ խաղաղութիւն»ը վերջնականապէս պիտի խլէ մեզմէ։

22. (ա) Եթէ Աստուծոյ հնազանդինք, ի՞նչ առանձնաշնորհում կրնանք վայելել։ (բ) Ի՞նչպէս պէտք է նկատենք քրիստոնէական ժողովքէն հեռացած կարգ մը անհատներ։

22 Եթէ միշտ Եհովայի հնազանդինք, շարունակ զինք փառաբանելու առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք։ (Սաղմոս 119։169-176) Աստուծոյ կանոններուն համաձայն ապրելով, ո՛չ միայն հոգեւոր ապահովութիւն կը վայելենք, այլեւ Եհովայի մասին ‘մեր շրթունքը կը շարունակէ գովաբանութիւն արտայայտել’։ (Սաղմոս 119։169-171, 174) Ասիկա մեծագոյն առանձնաշնորհումն է որ կրնանք ունենալ այս վերջին օրերուն մէջ։ Սաղմոսերգուն ուզեց շարունակ ապրիլ ու Եհովան գովաբանել, բայց պատճառի մը համար, ան ‘կորսուած ոչխարի պէս դեգերեցաւ’։ (Սաղմոս 119։175, 176) Քրիստոնէական ժողովքէն հեռացած կարգ մը անհատներ, թերեւս տակաւին կը սիրեն Աստուած եւ կ’ուզեն զինք փառաբանել։ Ուստի մեր կարելին ընենք անոնց օգնելու որ կարենան դարձեալ հոգեւոր ապահովութիւն գտնել եւ Եհովայի ժողովուրդին հետ զինք գովաբանելու ուրախութիւնը վայելել։—Եբրայեցիս 13։15. Ա. Պետրոս 5։6, 7

Մեր ճամբային՝ մնայուն լոյս

23, 24. 119–րդ սաղմոսէն ի՞նչ օգուտներ քաղած ես։

23 119–րդ սաղմոսը կրնայ զանազան կերպերով մեզի օգտել։ Օրինակ, անիկա մեզ կը մղէ որ Աստուծոյ ա՛լ աւելի ապաւինինք, ցոյց տալով թէ իսկական երջանկութիւնը ձեռք կը ձգենք՝ ‘Տէրոջ օրէնքին մէջ քալելով’։ (Սաղմոս 119։1) Սաղմոսերգուն մեզի կը յիշեցնէ թէ ‘Աստուծոյ խօսքը ճշմարտութիւն է’։ (Սաղմոս 119։160) Վստահաբար ասիկա Աստուծոյ ամբողջ գրաւոր Խօսքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը պէտք է խորացնէ։ 119–րդ սաղմոսին վրայ խոկալով, պիտի ուզենք Սուրբ Գրութիւնները ժրաջանօրէն ուսումնասիրել։ Սաղմոսերգուն կրկին անգամ Աստուծոյ աղերսեց. «Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ»։ (Սաղմոս 119։12, 68, 135) Ան նաեւ պաղատեցաւ. «Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի, վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի»։ (Սաղմոս 119։66) Լաւ կ’ըլլայ որ նոյն կերպով աղօթենք։

24 Աստուածային ուսուցումը, Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութիւնը կարելի կը դարձնէ։ Սաղմոսերգուն կրկին անգամ ինքզինք կը կոչէ Աստուծոյ ծառան։ Իրականութեան մէջ, ան Եհովայի կ’ըսէ. «Ես քուկդ եմ»։ (Սաղմոս 119։17, 65, 94, 122, 125. Հռովմայեցիս 14։8) Ի՜նչ առանձնաշնորհում է Եհովայի ծառայել ու զինք գովաբանել որպէս իր Վկաներէն մէկը։ (Սաղմոս 119։7) Ուրախութեամբ Աստուծոյ կը ծառայե՞ս որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանող մը։ Եթէ այո՛, վստահ եղիր որ Եհովա պիտի շարունակէ այս առանձնաշնորհեալ գործունէութեան մէջ քեզ կազդուրել ու օրհնել, եթէ միշտ իր խօսքին վստահիս ու անոր թոյլ տաս որ ճամբադ լուսաւորէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ինչո՞ւ Աստուծոյ խօսքէն հաճոյք պէտք է առնենք։

• Աստուծոյ խօսքը ի՞նչպէս մեզ կը կազդուրէ։

• Եհովայի յիշեցումները ի՞նչ կերպերով մեզի կ’օգնեն։

• Եհովայի ժողովուրդը ինչո՞ւ ապահով ու խաղաղութեան մէջ է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Աստուծոյ խօսքը հոգեւոր լոյսի աղբիւր է

[Նկար՝ էջ 13]

Եթէ Եհովայի յիշեցումները կը սիրենք, ան երբեք մեզ «մետաղներու կղկղանք» պիտի չհամարէ

[Նկարներ՝ էջ 14]

Եթէ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդանք, աղօթելու ժամանակ օգտակար հատուածներ դիւրաւ մեր միտքը կու գան