Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի Խօսքին վստահիր

Եհովայի Խօսքին վստահիր

Եհովայի Խօսքին վստահիր

«Քու խօսքիդ կը վստահիմ»։—Սաղմոս 119։42, ԱՎ

1. Սաղմոս 119–ը յօրինողին ինքնութեան ու կեցուածքին մասին ի՞նչ կրնաս ըսել։

ՍԱՂՄՈՍ 119–ը յօրինողը Եհովայի խօսքը կ’արժեւորէր։ Թերեւս ան Յուդայի Եզեկիա իշխանն էր։ Այս ներշնչեալ երգեցողութեան մէջ արտայայտուած յուզումները կը յարմարին Եզեկիայի նկարագրին, որ «Տէր Աստուծոյն ապաւինեցաւ» մինչ Յուդայի վրայ թագաւորեց։ (Դ. Թագաւորաց 18։3-7) Մէկ բան ստոյգ է. յօրինողը իր հոգեւոր կարիքին գիտակից էր։—Մատթէոս 5։3

2. Սաղմոս 119–ի բնաբանը ի՞նչ է, եւ ի՞նչպէս յօրինուած է։

2 Սաղմոս 119–ը կ’ընդգծէ Աստուծոյ խօսքին կամ պատգամին արժէքը։ * Գրողը այբուբենի կարգով դասաւորեց զայն, հաւանաբար մտաբերելը դիւրացնելու համար։ Անոր 176 համարները Եբրայերէն այբուբենի կարգով գրուած են, 22 տուներէն իւրաքանչիւրը 8 տող ունենալով, որոնք նոյն տառով կը սկսին։ Այս սաղմոսը կ’ակնարկէ Աստուծոյ խօսքին, օրէնքին, յիշեցումներուն, ուղիներուն, հրամաններուն, կանոններուն, պատուիրաններուն եւ դատաստաններուն։ Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ, 119–րդ սաղմոսը պիտի քննարկենք։ Եհովայի վաղեմի ու այժմու ծառաներուն փորձառութիւններուն մասին խորհրդածելով, այս ներշնչեալ երգեցողութիւնը աւելի պիտի գնահատենք եւ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը պիտի խորացնենք։

Աստուծոյ խօսքին հնազանդողը երջանիկ կ’ըլլայ

3. Բացատրէ թէ անթերի ըլլալը ի՛նչ կը նշանակէ։

3 Իսկական երջանկութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ քալելէն կախեալ է։ (Սաղմոս 119։1-8) Եհովայի օրէնքին հնազանդելով, ան մեզ ‘մեր ճամբային մէջ անբիծ’ կամ անթերի կը նկատէ։ (Սաղմոս 119։1) Անթերի ըլլալը չի նշանակեր թէ կատարեալ ենք, բայց կը յայտնէ թէ կը ջանանք Եհովա Աստուծոյ կամքը կատարել։ Նոյ «իր դարուն մարդոցը մէջ . . . կատարեալ [«անթերի», ՆԱ] մարդ մըն էր», որ «Աստուծոյ հետ քալեց»։ Այս հաւատարիմ նահապետն ու իր ընտանիքը Ջրհեղեղէն վերապրեցան, քանի որ Եհովայի ուրուագծած կենցաղին հետեւեցաւ։ (Ծննդոց 6։9. Ա. Պետրոս 3։20) Նմանապէս, այս աշխարհի վախճանէն վերապրելու համար, ‘շատ զգուշութեամբ Աստուծոյ հրամանները պէտք է պահենք’, իր կամքը կատարելով։—Սաղմոս 119։4

4. Մեր երջանկութիւնն ու յաջողութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ են։

4 Եհովա երբեք մեզ պիտի չթողու, եթէ ‘զինք գովենք ուղիղ սիրտով եւ իր կանոնները շարունակենք պահել’։ (Սաղմոս 119։7, 8) Աստուած Իսրայելացի առաջնորդ Յեսուն չլքեց, որ ‘գիշեր–ցերեկ օրէնքներու գիրքը կարդալու’ խրատը կիրարկեց, ‘որպէսզի բոլոր անոր մէջ գրուածները գործադրէ’։ Այսպէս ան յաջող եւ ուշիմ եղաւ։ (Յեսուայ 1։8) Իր կեանքի վերջաւորութեան, Յեսու տակաւին Աստուած կը փառաբանէր եւ կրցաւ Իսրայելացիներուն յիշեցնել. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ»։ (Յեսուայ 23։14) Յեսուի եւ 119–րդ սաղմոսը գրողին նման, կրնանք երջանկութիւն ու յաջողութիւն գտնել, Եհովան փառաբանելով եւ իր խօսքին վստահելով։

Եհովայի խօսքը մեզ մաքուր կը պահէ

5. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք հոգեւորապէս մաքուր մնալ։ (բ) Լուրջ մեղք գործած երիտասարդը ի՞նչ օգնութիւն կրնայ ստանալ։

5 Կրնանք հոգեւորապէս մաքուր ըլլալ, եթէ Աստուծոյ խօսքին համաձայն զգոյշ մնանք։ (Սաղմոս 119։9-16) Ասիկա ճիշդ է նոյնիսկ եթէ մեր ծնողները լաւ օրինակ չեն հանդիսացած։ Եզեկիայի հայրը կռապաշտ ըլլալով հանդերձ, Եզեկիա ‘իր ճամբան մաքրեց’, հաւանաբար հեթանոսական ազդեցութիւններէն։ Եթէ Աստուծոյ ծառայող երիտասարդ մը ներկայիս լուրջ մեղք գործէ, զղջումը, աղօթքը, ծնողական օգնութիւնը եւ Քրիստոնեայ երէցներու սիրալիր աջակցութիւնը, կրնան իրեն օգնել որ Եզեկիայի նման ըլլայ եւ ‘իր ճամբան մաքրէ ու զգոյշ մնայ’։—Յակոբու 5։13-15

6. Ո՞ր կիները ‘իրենց ճամբան մաքրեցին եւ Աստուծոյ խօսքին համաձայն զգոյշ մնացին’։

6 Թէեւ Ռախաբ եւ Հռութ 119–րդ սաղմոսը յօրինուելէն շատ առաջ ապրեցան, սակայն անոնք ‘իրենց ճամբան մաքրեցին’։ Ռախաբ Քանանացի պոռնիկ մըն էր, բայց Եհովայի երկրպագու եղաւ ու օրինակելի հաւատք ցուցաբերեց։ (Եբրայեցիս 11։30, 31) Մովաբացի Հռութ իր չաստուածները լքեց, Եհովայի ծառայեց եւ Մովսիսական Օրէնքին ենթարկուեցաւ։ (Հռութայ 1։14-17. 4։9-13) Այս երկու ոչ–Իսրայելացի կիները ‘Աստուծոյ խօսքին համաձայն զգոյշ մնացին’ եւ Յիսուս Քրիստոսի նախամայրերը ըլլալու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունեցան։—Մատթէոս 1։1, 4-6

7. Դանիէլ եւ Եբրայեցի երեք պատանիներ ի՞նչպէս հոգեւոր մաքրութիւն պահելու մէջ ընտիր օրինակ հանդիսացան։

7 «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է», բայց պատանիները կրնա՛ն մաքուր ճամբայի մէջ քալել, նոյնիսկ Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող այս ապականած աշխարհին մէջ։ (Ծննդոց 8։21. Ա. Յովհաննու 5։19) Մինչ Բաբելոն աքսորուած էին, Դանիէլ եւ Եբրայեցի երեք պատանիներ ‘Աստուծոյ խօսքին համաձայն զգոյշ մնացին’։ Օրինակ, անոնք իրենք զիրենք «թագաւորին ազնիւ կերակուրով» չպղծեցին։ (Դանիէլ 1։6-10) Բաբելոնացիները Մովսիսական Օրէնքին արգիլած անմաքուր անասունները կ’ուտէին։ (Ղեւտացւոց 11։1-31. 20։24-26) Անոնք մորթուած անասուններուն արիւնը հոսեցնելու սովորութիւն չունէին, իսկ արիւնը–չթափուած միս ուտելը արիւնի նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքը կը բեկանէր։ (Ծննդոց 9։3, 4) Ուստի զարմանալի չէ որ չորս Եբրայեցիները թագաւորին համեղ ճաշէն չկերան։ Այս բարեպաշտ պատանիները հոգեւոր մաքրութիւնը պահեցին, ընտիր օրինակ հանդիսանալով։

Աստուծոյ խօսքը հաւատարիմ մնալու կ’օգնէ

8. Ի՞նչ կեցուածք եւ գիտութիւն պէտք է ունենանք, որ Աստուծոյ օրէնքը ըմբռնենք ու գործադրենք։

8 Աստուծոյ խօսքը սիրելը Եհովայի հաւատարիմ մնալու կարեւոր ազդակ մըն է։ (Սաղմոս 119։17-24) Եթէ ներշնչեալ սաղմոսերգուին նման ենք, պիտի տենչանք Աստուծոյ օրէնքէն սքանչելիքներ հասկնալ։ Միշտ ‘Աստուծոյ դատաստաններուն պիտի ցանկանք’ եւ ‘անոր վկայութիւնները մեր ուրախութիւնը’ պիտի ըլլան։ (Սաղմոս 119։18, 20, 24) Նոյնիսկ եթէ վերջերս Եհովայի նուիրուած ենք, ‘Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին կը տենչա՞նք’։ (Ա. Պետրոս 2։1, 2) Աստուածաշունչի սկզբնական ուսուցումները պէտք է հասկնանք, այնպէս որ Աստուծոյ օրէնքը ըմբռնենք եւ գործադրենք։

9. Ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք, երբ Աստուծոյ օրէնքին ու մարդկային պահանջներուն միջեւ ընդհարում կայ։

9 Թէեւ Աստուծոյ յիշեցումները մեր ուրախութիւնը կրնան ըլլալ, բայց ի՞նչ կ’ընենք եթէ որոշ պատճառով «իշխաններ» մեզի դէմ խօսին։ (Սաղմոս 119։23, 24) Ներկայիս, հեղինակաւոր մարդիկ յաճախ կը ջանան մեզ ստիպել որ մարդկային օրէնքները Աստուծոյ օրէնքէն գերադաս նկատենք։ Եբր մարդոց պահանջներուն եւ Աստուծոյ կամքին միջեւ ընդհարում կայ, Աստուծոյ խօսքը սիրելը մեզի պիտի օգնէ որ Եհովայի հաւատարիմ մնանք։ Յիսուս Քրիստոսի հալածուած առաքեալներուն նման, պիտի ըսենք. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։29

10, 11. Բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք ամենէն փորձիչ պարագաներուն ներքեւ Եհովայի հանդէպ ուղղամտութիւն պահել։

10 Կրնանք Եհովայի հաւատարիմ մնալ նոյնիսկ ամենէն փորձիչ պարագաներուն ներքեւ։ (Սաղմոս 119։25-32) Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը յաջողապէս պահելու համար, ուսուցանուելու ընդունակ պէտք է ըլլանք եւ իր ցուցմունքները ջերմեռանդ աղօթքով խնդրենք։ Նաեւ «հաւատարմութեան ճամբան» պէտք է ընտրենք։—Սաղմոս 119։26, 30, ԱՎ

11 Եզեկիա, որ հաւանաբար գրած է 119–րդ սաղմոսը, «հաւատարմութեան ճամբան» ընտրեց, հակառակ անոր որ շրջապատուած էր կեղծ երկրպագուներով, եւ թերեւս կը ծաղրուէր պալատականներուն կողմէ։ Շատ հաւանաբար, այս պարագաներուն պատճառով ‘իր անձը տրտմութենէ կը հալէր’։ (Սաղմոս 119։28) Բայց Եզեկիա Աստուծոյ վստահեցաւ, լաւ թագաւոր մը եղաւ եւ «Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ»։ (Դ. Թագաւորաց 18։1-5) Աստուծոյ ապաւինելով, մենք ալ կրնանք փորձութիւններու տոկալ որպէս ուղղամտութիւն պահողներ։—Յակոբու 1։5-8

Եհովայի խօսքը քաջութիւն կու տայ

12. Ի՞նչպէս կրնանք Սաղմոս 119։36, 37–ն անձամբ կիրարկել։

12 Աստուծոյ խօսքին առաջնորդութեան հետեւիլը, կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար հարկ եղող քաջութիւնը կու տայ մեզի։ (Սաղմոս 119։33-40) Եհովայի հրահանգները խոնարհաբար կը փնտռենք, որպէսզի «բոլոր սրտով» իր օրէնքը պահենք։ (Սաղմոս 119։33, 34) Սաղմոսերգուին նման, Աստուծմէ կը խնդրենք. «Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յօժարեցուր ու ո՛չ թէ ագահութեան»։ (Սաղմոս 119։36) Պօղոս առաքեալի նման, ‘ամէն բանի մէջ պարկեշտութեամբ կը վարուինք’։ (Եբրայեցիս 13։18, ԱՎ) Եթէ գործատէր մը պահանջէ որ անպարկեշտ բան մը ընենք, քաջութիւն հաւաքելով Աստուծոյ ուղղութիւններուն կը կառչինք,– իսկ Եհովա միշտ կ’օրհնէ այս ընթացքը։ Իրականութեան մէջ, ան մեզի կ’օգնէ որ բոլոր չար հակումները հակակշռի տակ առնենք։ Ուստի աղօթենք. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն»։ (Սաղմոս 119։37) Երբեք պիտի չուզենք Աստուծոյ ատած սնոտի բաները ցանկալի նկատել։ (Սաղմոս 97։10) Ասիկա մեզ կը մղէ որ խուսափինք՝ զոր օրինակ՝ պոռնկագրութենէ եւ ոգեհարցութենէ։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Յայտնութիւն 21։8

13. Յիսուսի հալածուած աշակերտները համարձակօրէն վկայելու համար հարկ եղած քաջութիւնը ի՞նչպէս ստացան։

13 Աստուծոյ խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը ինքնավստահութիւն կու տայ որ քաջաբար վկայենք։ (Սաղմոս 119։41-48) Արդարեւ ‘մեզ նախատողին խօսքով պատասխան տալու’ համար քաջութեան կարիք ունինք։ (Սաղմոս 119։42) Երբեմն, Յիսուսի հալածուած աշակերտներուն կրնանք նմանիլ, որ աղօթեցին. «Ո՛վ Տէր, . . . շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք», եւ արդիւնքը եղաւ՝ «Ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին»։ Նոյն Գերիշխան Տէրը մեզի քաջութիւն կու տայ որ համարձակութեամբ քարոզենք իր խօսքը։—Գործք 4։24-31

14. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ Պօղոսի նման խիզախօրէն վկայենք։

14 Եթէ «ճշմարտութեան խօսքը» արժեւորենք եւ ‘Աստուծոյ օրէնքը միշտ պահենք’, առանց ամչնալու վկայութիւն տալու քաջութիւն պիտի ունենանք։ (Սաղմոս 119։43, 44) Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին ժրաջան ուսումնասիրութիւնը մեզ կը զինէ որ ‘իր վկայութիւնները թագաւորներու առջեւ յայտնենք’։ (Սաղմոս 119։46) Աղօթքն ու Եհովայի հոգին նաեւ պիտի օգնեն մեզի որ յարմար խօսքը պատշաճ կերպով ըսենք։ (Մատթէոս 10։16-20. Կողոսացիս 4։6) Պօղոս առաջին դարու կառավարիչներուն խիզախօրէն խօսեցաւ Աստուծոյ յիշեցումներուն մասին։ Օրինակ, ան Հռովմէացի կուսակալ Փելիքսի վկայեց, որ լսեց «այն հաւատքին մասին որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ է»։ (Գործք 24։24, 25) Պօղոս նաեւ վկայեց Փեստոս կուսակալին եւ Ագրիպպաս թագաւորին։ (Գործք 25։22–26։32) Եհովայի աջակցութեամբ, մենք ալ կրնանք քաջասիրտ վկաներ ըլլալ, երբեք ‘ամօթ չսեպելով աւետարանը’։—Հռովմայեցիս 1։16

Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը մխիթարէ

15. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կրնայ մեզ մխիթարել, երբ ուրիշներ մեզ ծաղրեն։

15 Եհովայի Խօսքը ստոյգ մխիթարութիւն կը հայթայթէ։ (Սաղմոս 119։49-56) Կան ատեններ, երբ յատկապէս մխիթարութեան կարիք կ’ունենանք։ Որպէս Եհովայի Վկայ խիզախօրէն խօսելով հանդերձ, երբեմն «ամբարտաւաններ»,– Աստուծոյ հանդէպ յաւակնոտութեամբ վարուողներ,– մեզ ‘խիստ շատ ծաղր կ’ընեն’։ (Սաղմոս 119։51) Սակայն երբ կ’աղօթենք, Աստուծոյ Խօսքին մէջ ըսուած դրական բաներ կրնանք մտաբերել ու այսպէս ‘մխիթարուիլ’։ (Սաղմոս 119։52) Մինչ կ’աղերսենք, թերեւս աստուածաշնչական օրէնք մը կամ սկզբունք մը յիշենք, որ ճնշիչ պարագային ներքեւ մեզի կու տայ հարկ եղած մխիթարութիւնն ու քաջութիւնը։

16. Հակառակ հալածանքի, Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ չեն ըրած։

16 Սաղմոսերգուն ծաղր ընող ամբարտաւանները Իսրայելացիներ էին,– Աստուծոյ նուիրուած ազգին անդամները։ Ի՜նչ ամօթ։ Սակայն անոնց հակառակը, վճռենք Աստուծոյ օրէնքէն երբեք չխոտորիլ։ (Սաղմոս 119։51) Երկար տարիներ նացիական հալածանքին եւ նման վերաբերմունքի դիմաց, Աստուծոյ հազարաւոր ծառաներ մերժած են Աստուծոյ Խօսքին օրէնքներէն ու սկզբունքներէն խոտորիլ։ (Յովհաննու 15։18-21) Եւ Եհովայի հնազանդիլը բեռ չէ, քանի որ իր կանոնները մեզի համար մխիթարական օրհներգերու նման են։—Սաղմոս 119։54. Ա. Յովհաննու 5։3

Եհովայի խօսքին համար երախտապարտ եղիր

17. Աստուծոյ խօսքը գնահատելը մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու։

17 Աստուծոյ խօսքին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը կ’ապացուցանենք՝ զայն պահելով։ (Սաղմոս 119։57-64) Սաղմոսերգուն ‘խոստացաւ Աստուծոյ խօսքերը պահել’, եւ նոյնիսկ ‘կէս գիշերին կ’ելլէր գոհութիւն մատուցանելու Իր արդար դատաստաններուն համար’։ Եթէ գիշերը արթննանք, աղօթքով մեր երախտագիտութիւնը Աստուծոյ յայտնելու պատեհութենէն օգտուինք։ (Սաղմոս 119։57, 62) Աստուծոյ խօսքը գնահատելը մեզ կը մղէ աստուածային ուսուցումը փնտռելու եւ մեզ ուրախ ‘ընկեր կը դարձնէ անոնց որ Աստուծմէ կը վախնան’,– Աստուծոյ հանդէպ յարգալից երկիւղ ունին։ (Սաղմոս 119։63, 64) Ո՞վ կրնայ երկրի վրայ ասոնցմէ աւելի լաւ ընկերներ գտնել։

18. Երբ ‘ամբարիշտներուն լարերը մեզ կաշկանդեն’, Եհովա մեր աղօթքներուն ի՞նչպէս կը պատասխանէ։

18 Երբ ամբողջ սիրտով կ’աղօթենք եւ խոնարհաբար Եհովայէ կը խնդրենք որ մեզ ուսուցանէ, ‘իր երեսը կը խնդրենք’, իր հաճութիւնը վայելելու համար։ Յատկապէս պէտք է աղօթենք, երբ ‘ամբարիշտներուն լարերը մեզ կաշկանդեն’։ (Սաղմոս 119։58, 61, ԱՎ) Եհովա կրնայ թշնամիին դրած արգելքները վերցնել, որպէսզի ազատօրէն շարունակենք Թագաւորութեան քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Ասիկա կրկին անգամ ապացուցանուած է այն երկիրներուն մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած էր։

Աստուծոյ խօսքին հանդէպ հաւատք ընծայէ

19, 20. Տառապիլը ի՞նչպէս կրնայ աղէկ ըլլալ։

19 Աստուծոյ ու իր խօսքին հաւատալը մեզի կ’օգնէ որ տառապանքներու տոկանք եւ իր կամքը կատարենք։ (Սաղմոս 119։65-72) Թէեւ ամբարտաւաններ ‘իրեն դէմ ստութիւն հնարեցին’, բայց սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ»։ (Սաղմոս 119։66, 69, 71) Ի՞նչպէս կարելի է որ Եհովայի ծառային քաշած տառապանքը իրեն աղէկ ըլլայ։

20 Երբ կը տառապինք, անտարակոյս ջերմեռանդօրէն Եհովայի կ’աղօթենք, եւ ասիկա մեզ աւելի կը մօտեցնէ իրեն։ Թերեւս Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը ուսումնասիրելու համար աւելի ժամանակ յատկացնենք եւ զայն կիրարկելու համար աւելի մեծ ջանք թափենք, կեանքը աւելի երջանկաբեր դարձնելով։ Իսկ եթէ մեր հակազդեցութիւնը անհամբերութեան ու հպարտութեան նման անփափաքելի նկարագրի գծեր երեւան հանէ, ջերմեռանդ աղօթքով եւ Աստուծոյ Խօսքին ու հոգիին օգնութեամբ կրնանք այս թերութիւնները յաղթահարել եւ լիովին ‘նոր մարդը հագնիլ’։ (Կողոսացիս 3։9-14) Ասկէ զատ, նեղութիւններու տոկալով մեր հաւատքը կը զօրանայ։ (Ա. Պետրոս 1։6, 7) Պօղոս իր նեղութիւններէն օգտուեցաւ, քանի որ պատճառ եղան որ ա՛լ աւելի Եհովայի ապաւինի։ (Բ. Կորնթացիս 1։8-10) Տառապանքին թոյլ կու տա՞նք որ մեր վրայ դրական ազդեցութիւն ունենայ։

Միշտ Եհովայի վստահիր

21. Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, երբ Աստուած ամբարտաւանները ամչցնէ։

21 Աստուծոյ խօսքը Եհովայի վստահելու ամուր հիմ կը հայթայթէ մեզի։ (Սաղմոս 119։73-80) Եթէ մեր Ստեղծիչին իրապէս վստահինք, ամչնալու պատճառ պիտի չունենանք։ Սակայն ուրիշներու ըրածներուն պատճառով, թերեւս մխիթարութեան կարիք ունենանք եւ աղօթենք. ‘Ամբարտաւանները թող ամչնան’։ (Սաղմոս 119։76-78) Եհովա այսպիսիները ամչցնելով, անոնց չար ուղիները կը քօղազերծէ ու իր սուրբ անունը կը սրբացնէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը հալածողները բա՛ն մը չեն շահիր։ Օրինակ, անոնք՝ ամբողջ սիրտով Աստուծոյ ապաւինող Եհովայի Վկաները երբեք արմատախիլ չեն ըրած,– ո՛չ ալ պիտի կարենան։—Առակաց 3։5, 6

22. Ի՞նչ առումով սաղմոսերգուն «ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս» եղաւ։

22 Հալածանքի ժամանակ Աստուծոյ խօսքը Իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրացնէ։ (Սաղմոս 119։81-88) Ամբարտաւաններուն կողմէ հալածուելով, սաղմոսերգուն զգաց թէ «ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս» եղաւ։ (Սաղմոս 119։83, 86) Աստուածաշունչի ժամանակներուն, անասունի մորթով շինուած տիկերուն մէջ կը դնէին ջուր, գինի եւ այլ հեղուկներ։ Չգործածուած տիկերը կրնային կծկուիլ, եթէ ծխնելոյզ չունեցող սենեակի մէջ կրակի մօտ կախուէին։ Նեղութիւնը կամ հալածանքը պատճառ կ’ըլլա՞յ որ զգաս թէ «ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս» ես։ Եթէ այո՛, Եհովայի վստահիր, եւ աղօթէ. «Քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս եւ քու բերնիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ»։—Սաղմոս 119։88

23. Սաղմոս 119։1-88–ի մէջ ի՞նչ նկատի առինք, իսկ Սաղմոս 119։89-176–ը ուսումնասիրելէ առաջ, մենք մեզի ի՞նչ հարցում ուղղենք։

23 Սաղմոս 119–ի առաջին կէսին մէջ մեր նկատի առած կէտերը ցոյց կու տան թէ Եհովա իր ծառաներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր կը ցուցաբերէ, քանի որ անոնք իր խօսքին կը վստահին եւ իր կանոնները, յիշեցումները, պատուիրաններն ու օրէնքները կը սիրեն։ (Սաղմոս 119։16, 47, 64, 70, 77, 88) Ան ուրախ է որ իրեն նուիրուած անհատները զգոյշ կը մնան իր խօսքին համաձայն։ (Սաղմոս 119։9, 17, 41, 42) Այս գեղեցիկ սաղմոսին մնացեալ մասը ուսումնասիրելու չանցած, դուն քեզի հարց տուր. ‘Իրապէս թոյլ կու տա՞մ Եհովայի խօսքին որ ճամբաս լուսաւորէ’։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Ըսել կ’ուզենք Եհովայի պատգամը, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ամբողջ բովանդակութիւնը։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Իսկական երջանկութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ է։

• Եհովայի խօսքը ի՞նչպէս մեզ հոգեւորապէս մաքուր կը պահէ։

• Աստուծոյ խօսքը ի՞նչ կերպերով քաջութիւն եւ մխիթարութիւն կը հաղորդէ։

• Եհովայի ու իր խօսքին հանդէպ ինչո՞ւ հաւատք պէտք է ունենանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 7]

Հռութ, Ռախաբ եւ Բաբելոնի մէջ աքսորուած Եբրայեցի պատանիները ‘զգոյշ մնացին Աստուծոյ խօսքին համաձայն’

[Նկար՝ էջ 8]

Պօղոս խիզախօրէն ‘Աստուծոյ վկայութիւնները յայտնեց թագաւորներու առջեւ’