Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարութեան յոյսը քեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի

Յարութեան յոյսը քեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի

Յարութեան յոյսը քեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի

«Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։—Սաղմոս 145։16

1-3. Ոմանք ապագայի նկատմամբ ի՞նչ յոյս կը տածեն. բացատրէ։

ԻՆԸ տարեկան Քրիստափոր, իր եղբայրը, մօրեղբայրը, մօրաքոյրը եւ երկու զարմիկներ, առաւօտեան ժամերը անցուցին տունէ տուն քարոզելով, Մէնչէստըրի մօտակայքը, Անգլիա։ Ապա, ինչպէս Զարթի՛ր պարբերաթերթը բացատրեց, «յետմիջօրէին, անոնք միասնաբար ճամբայ ելան դէպի Պլէքփուլ, որ ծովեզերեայ զբօսարան մըն է, տեսարժան վայրեր այցելելու համար։ Մայրուղիի վրայ արկածի հանդիպելով, վեցն ալ իսկոյն մահացան, ուրիշ 6 հոգիի կողքին։ Ոստիկանութիւնը զայն նկարագրեց որպէս ‘լրիւ ողջակիզում’»։

2 Ողբերգութեան նախորդող գիշերը, Քրիստափորի ընտանիքը ներկայ էր Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան, ուր մահուան նիւթը քննարկուեցաւ։ Հայրը պատմեց. «Քրիստափոր միշտ մտածող տղեկ մըն էր։ Այդ գիշեր, ան յստակօրէն խօսեցաւ նոր աշխարհին եւ իր ապագայ յոյսին մասին։ Անկէ ետք, ուսումնասիրութեան ընթացքին, Քրիստափոր յանկարծաբար ըսաւ. ‘Եհովայի Վկայ ըլլալը սա առաւելութիւնը ունի որ, թէեւ մահը վիշտ կը պատճառէ, գիտենք որ օրին մէկը երկրի վրայ զիրար դարձեալ պիտի տեսնենք’։ Ներկայ եղողներս չանդրադարձանք որ իր խօսքերը որքա՜ն յիշատակելի պիտի ըլլային»։ *

3 Տարիներ առաջ՝ 1940–ին, Ֆրանզ անունով Աւստրիացի Վկայ մը կառափնատով պիտի սպաննուէր, քանի որ մերժած էր Եհովայի անհաւատարիմ գտնուիլ։ Ան Պերլինի մէջ իր արգելափակուած վայրէն իր մօրը գրեց. «Ինչ որ գիտեմ, եթէ [զինուորական] երդումը ընէի, մահուան արժանի մեղք գործած պիտի ըլլայի։ Ասիկա ինծի չարիք պիտի հասցնէր։ Յարութիւն պիտի չառնէի։ . . . Իսկ հիմա, սիրելի մայրս եւ բոլոր եղբայրներս ու քոյրերս, այսօր դատավճիռս ստացայ,– մի՛ սարսափիք,– մա՛հ է, եւ վաղը առաւօտ մահապատիժի պիտի ենթարկուիմ։ Աստուած ինծի զօրութիւն կու տայ, ճիշդ ինչպէս անցեալին միշտ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն տուաւ։ . . . Եթէ մինչեւ մահ հաստատուն կայնիք, յարութեան ժամանակ զիրար պիտի տեսնենք։ . . . Մինչեւ որ կրկին միանանք»։ *

4. Յիշուած փորձառութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան վրադ, եւ այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Յարութեան յոյսը Քրիստափորի ու Ֆրանզի համար մեծ նշանակութիւն ունէր։ Անիկա իրենց համար իրական էր։ Վստահաբար այս պատմութիւնները մեր սիրտին կը դպչին։ Եհովայի հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնելու եւ յարութեան մեր յոյսը ամրացնելու համար, նկատի առնենք թէ ինչո՛ւ յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ եւ ասիկա ի՛նչպէս մեզի պէտք է ազդէ։

Երկրային յարութեան տեսիլքը

5, 6. Յայտնութիւն 20։12, 13–ի մէջ արձանագրուած Յովհաննէս առաքեալի տեսիլքը ի՞նչ կը յայտնէ։

5 Քրիստոս Յիսուսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին տեղի ունեցող դէպքերուն վերաբերեալ տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ երկրային յարութիւնը տեսաւ։ Ան ըսաւ. «Տեսայ նաեւ մեռելները, պզտիկ ու մեծ, . . . ծովը տուաւ իր մէջ եղող մեռելները, եւ մահն ու դժոխքը [«Հատէսը», ՆԱ] տուին իրենց մէջ եղող մեռելները»։ (Յայտնութիւն 20։12, 13, ԱՎ) Ինչ դասակարգի ալ պատկանին, «պզտիկ» թէ «մեծ», բոլոր անոնք որ մարդկութեան հասարակաց գերեզմանին՝ Հատէսի (Շէօլի) մէջ արգելափակուած են, ազատ պիտի արձակուին։ Այդ ժամանակ, ծովուն մէջ մեռած անհատներն ալ պիտի վերակենդանանան։ Այս հիանալի իրադարձութիւնը Եհովայի նպատակին մաս կը կազմէ։

6 Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը կը սկսի՝ Սատանան կապուելով եւ անդունդը նետուելով։ Այդ իշխանութեան ընթացքին, Սատանան պիտի չկարենայ մոլորեցնել ո՛չ յարուցեալ մը, ո՛չ ալ մեծ նեղութենէն վերապրող մը, քանի որ անգործունեայ պիտի ըլլայ։ (Յայտնութիւն 20։1-3) Հազար տարին քեզի համար կրնայ երկար ժամանակ թուիլ, բայց իրականութեան մէջ, Եհովա զայն կը նկատէ «մէկ օրուան պէս»։—Բ. Պետրոս 3։8

7. Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, դատաստանը ի՞նչ բանի հիման վրայ պիտի ըլլայ։

7 Տեսիլքին համաձայն, Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը դատաստանի ժամանակ պիտի ըլլայ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Տեսայ նաեւ մեռելները, պզտիկ ու մեծ, որոնք կայնած էին Աստուծոյ առջեւ։ Գիրքերը բացուեցան. բացուեցաւ նաեւ ուրիշ գիրք մը՝ որ կեանքի գիրքն է. ու մեռելները դատուեցան գիրքերուն մէջ գրուածներուն համաձայն, իրենց արարքներուն համեմատ։ . . . Եւ անոնք դատուեցան, իւրաքանչիւրը՝ իր արարքներուն համեմատ»։ (Յայտնութիւն 20։12, 13, ԱՎ) Նկատէ թէ անհատը իր մահէն առաջ ըրած ու չըրած բաներուն հիման վրայ չէ որ կը դատուի։ (Հռովմայեցիս 6։7) Փոխարէն, անիկա կապ ունի «գիրքեր»ուն հետ, որոնք ապագային պիտի բացուին։ Գիրքերուն բովանդակութիւնը գիտնալէն ետք, անհատին ըրած գործերը հիմ պիտի հայթայթեն, որոշելու համար թէ իր անունը «կեանքի գիրք»ին մէջ գրուի՛ կամ ոչ։

«Կեանքի յարութիւն» կամ «դատապարտութեան յարութիւն»

8. Յարուցեալները ի՞նչ երկու պարագաներ պիտի դիմագրաւեն։

8 Յովհաննէսի տեսիլքին սկիզբը կ’ըսուի թէ Յիսուս «մահուան ու դժոխքին [«Հատէսի», ՆԱ] բանալիները» ունի։ (Յայտնութիւն 1։18) Ան Եհովայի «կենաց Առաջնորդ»ն է, որ «կենդանիները ու մեռեալները» դատելու հեղինակութիւն ստացած է։ (Գործք 3։15. Բ. Տիմոթէոս 4։1) Ան ի՞նչպէս պիտի դատէ։ Ննջեցեալները վերակենդանացնելով։ Յիսուս իր քարոզած ամբոխին ըսաւ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։ (Յովհաննու 5։28-30) Ուստի վաղեմի հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներուն ի՞նչ ապագայ կը սպասէ։

9. (ա) Յարուցանուելէ ետք, շատեր անտարակոյս ի՞նչ պիտի իմանան։ (բ) Ի՞նչ հսկայ դաստիարակչական գործ մը պիտի սկսուի։

9 Երբ այս վաղեմի հաւատարիմները յարութիւն առնեն, շուտով պիտի անդրադառնան որ իրենց վստահած խոստումները այժմ կատարուած են։ Անոնք որքա՜ն հետաքրքրուած պիտի ըլլան Աստուծոյ կնոջ Սերունդին ինքնութիւնը գիտնալու, որ յիշուած է Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութեան մէջ, Ծննդոց 3։15–ի մէջ։ Անոնք շա՜տ ուրախ պիտի ըլլան լսելով թէ խոստացեալ Մեսիան՝ Յիսուս մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց, իր կեանքը որպէս փրկանքի զոհ մատուցանելով։ (Մատթէոս 20։28) Զիրենք դիմաւորողները մեծ ուրախութեամբ պիտի օգնեն որ ըմբռնեն թէ փրկանքի կարգադրութիւնը Եհովայի շնորհքին ու ողորմութեան շնորհիւ է։ Երբ յարուցեալները իմանան թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ կ’իրագործէ, երկրի նկատմամբ Եհովայի նպատակը կատարելով, անտարակոյս սրտանց Եհովան պիտի փառաբանեն։ Անոնք իրենց սիրալիր երկնաւոր Հօր եւ անոր Որդիին հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ցուցաբերելու բազմաթիւ առիթներ պիտի ունենան։ Բոլոր ողջ անհատները ուրախութեամբ պիտի սորվեցնեն գերեզմանէն վերադարձող միլիառաւորներուն, որոնք նաեւ պէտք է ընդունին Աստուծոյ փրկանքի կարգադրութիւնը։

10, 11. (ա) Հազարամեան ի՞նչ պատեհութիւններ պիտի ներկայացնէ երկրի բնակիչներուն։ (բ) Ասիկա ի՞նչպէս մեզի պէտք է ազդէ։

10 Յարուցեալ Աբրահամ մեծապէս պիտի մխիթարուի իր սպասած «քաղաքին» իշխանութեան ներքեւ կեանքը վայելելով։ (Եբրայեցիս 11։10) Հաւատարիմ Յոբ որքա՜ն պիտի խայտայ, երբ իմանայ թէ իր կենցաղը զօրացուց Եհովայի ծառաները, որոնց ուղղամտութիւնը փորձութեան ենթարկուեցաւ։ Իսկ Դանիէլ որքա՜ն պիտի ուզէ գիտնալ՝ ներշնչման ներքեւ իր գրած մարգարէութիւններուն կատարման մասին։

11 Արդարեւ արդար նոր աշխարհին մէջ կեանք ստացող բոլոր անհատները, ըլլայ յարութեամբ թէ մեծ նեղութենէն վերապրելով, շատ բան պիտի սորվին երկրին ու անոր բնակիչներուն նկատմամբ Եհովայի նպատակին մասին։ Յաւիտեան ապրելու եւ առյաւէտ Եհովան փառաբանելու հեռանկարը, վստահաբար հազարամեայի դաստիարակութեան յայտագիրը իսկական հաճոյք պիտի դարձնէ։ Սակայն ամենէն կարեւորը այն է թէ գիրքերուն բովանդակութիւնը սորվելէ ետք, անհատապէս ի՛նչ պիտի ընենք։ Մեր սորվածը պիտի կիրարկե՞նք։ Պիտի խոկանք ու լրջօրէն նկատի պիտի առնե՞նք այն կենսական տեղեկութիւնները, որոնք մեզ պիտի զօրացնեն որպէսզի մեզ ճշմարտութենէն շեղեցնելու Սատանայի վերջին փորձին դէմ դնենք։

12. Ի՞նչ բան ամէն անհատի պիտի օգնէ որ թէ՛ դաստիարակչական գործին եւ թէ երկիրը դրախտի վերածելու գործին լիովին մասնակցի։

12 Չմոռնանք այն հոյակապ օրհնութիւնները, որ Քրիստոսի փրկանքի զոհին օգուտները կիրարկելէն յառաջ պիտի գան։ Յարուցեալները պիտի չունենան ներկայիս գոյութիւն ունեցող հիւանդութիւնները կամ հաշմանդամութիւնները։ (Եսայեայ 33։24) Առողջ մարմինը եւ կատարեալ առողջութեան հեռանկարը թոյլ պիտի տան նոր աշխարհի բոլոր բնակիչներուն որ միլիառաւոր յարուցեալներուն լիովին սորվեցնեն կեանքի ճամբան։ Այս բնակիչները նաեւ բաժին պիտի բերեն երկրի վրայ ցարդ կատարուելիք մեծագոյն ձեռնարկին մէջ,– ամբողջ երկրագունդը դրախտի վերածել, Եհովայի փառքին համար։

13, 14. Սատանան ինչո՞ւ անդունդէն պիտի արձակուի, եւ ի՞նչ պարգեւ մատչելի պիտի ըլլայ։

13 Երբ Սատանան անդունդէն արձակուի վերջին փորձը ընելու համար, ան պիտի ջանայ մարդիկը անգամ մը եւս մոլորեցնել։ Յայտնութիւն 20։7-9–ի համաձայն, բոլոր ‘մոլորուած ազգերը’ կամ խումբերը, որոնք Սատանայի չար ազդեցութեան ներքեւ կու գան, կործանումի պիտի դատապարտուին. ‘Երկնքէն Աստուծմէ կրակ պիտի իջնէ ու սպառէ զանոնք’։ Անոնց մէջ եղող յարուցեալներուն համար, այս կործանումը ցոյց պիտի տայ թէ անոնց յարութիւնը ‘դատապարտութեան յարութիւն’ է։ Միւս կողմէ, այն յարուցեալները որ իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն, յաւիտենական կեանքի պարգեւը պիտի ստանան, ապացուցանելով թէ իրենց յարութիւնը ‘կեանքի յարութիւն’ է։—Յովհաննու 5։29

14 Յարութեան յոյսը ներկայիս ի՞նչպէս կրնայ մեզ մխիթարել։ Արդարեւ ի՞նչ պէտք է ընենք վստահ ըլլալու համար թէ ապագային անոր օգուտները պիտի ստանանք։

Հիմա սորվելիք դասեր

15. Յարութեան հաւատալը ի՞նչպէս կրնայ հիմա իսկ օգտակար ըլլալ։

15 Թերեւս վերջերս սիրելի մը կորսնցուցած ես եւ յառաջ եկած մեծ փոփոխութեան կը դիմանաս։ Յարութեան յոյսը քեզի կ’օգնէ որ ներքին անդորրութիւն եւ զօրութիւն ունենաս, որ ճշմարտութիւնը չգիտցողները չեն կրնար ձեռք ձգել։ Պօղոս Թեսաղոնիկեցիները մխիթարելով՝ ըսաւ. «Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով, որպէս զի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։12) Իբրեւ յարութեան ականատես դուն քեզ նոր աշխարհին մէջ կը տեսնե՞ս։ Հիմա իսկ մխիթարուիր, սիրելիներդ անգամ մը եւս տեսնելու հեռանկարին վրայ խոկալով։

16. Յարութեան ատեն, հաւանաբար ի՞նչ զգացումներ պիտի ունենաս։

16 Թերեւս ներկայիս կը տառապիս Ադամի ըմբոստութեան ֆիզիքական հետեւանքներէն, ինչպէս՝ վատառողջութիւն ունենալով։ Թոյլ մի՛ տար ասոր առթած նեղութեան որ պատճառ ըլլայ որ մոռնաս յարութեան ուրախ հեռանկարը եւ նոր աշխարհին մէջ նորոգուած առողջութեամբ ու կորովով վերակենդանանալը։ Այն ատեն, երբ աչքերդ բանաս ու տեսնես քեզ դիմաւորողները, որոնք յարութիւնովդ ուրախ են, անկասկած պիտի մղուիս Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու իր հաւատարիմ սիրոյն համար։

17, 18. Ո՞ր երկու դասերուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։

17 Մինչ այդ, նկատի առ երկու դասեր, որոնց ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ Առաջին, կարեւոր է որ հիմա իսկ Եհովայի բոլորանուէր ծառայութիւն մատուցանենք։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով, մեր անձնազոհ ապրելակերպը սէր կ’ապացուցանէ Եհովայի ու մեր դրացիներուն հանդէպ։ Եթէ հակառակութիւնը կամ հալածանքը պատճառ ըլլայ որ մեր ապրուստի միջոցը կամ ազատութիւնը կորսնցնենք, կը վճռենք հաւատքի մէջ հաստատ մնալ, ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք։ Երբ հակառակորդները սպառնան մեզ սպաննել, յարութեան յոյսը մեզ կը մխիթարէ ու կը զօրացնէ, որ Եհովայի ու իր Թագաւորութեան հաւատարիմ մնանք։ Այո, Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը կը նպաստէ որ արժանանանք այն յաւիտենական օրհնութիւններուն, որ Եհովա արդարներուն վերապահած է։

18 Երկրորդ դասը կապ ունի ինկած մարմնին պատճառած փորձութիւնները ի՛նչպէս դիմագրաւելուն հետ։ Յարութեան յոյսին մասին մեր գիտութիւնը եւ Եհովայի շնորհքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը մեզ կը զօրացնեն որ վճռենք հաստատ մնալ հաւատքի մէջ։ Յովհաննէս առաքեալ յորդորեց. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։ Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Աշխարհի նիւթապաշտութիւնը մեզ դիւրաւ պիտի չհրապուրէ, երբ զայն համեմատենք ‘ճշմարիտ կեանքին’ հետ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17-19) Եթէ անբարոյութեան փորձութեան առջեւ գտնուինք, հաստատօրէն անոր դէմ պիտի դնենք։ Կը գիտակցինք որ եթէ Արմագեդոնէ առաջ մահանանք, Եհովան տհաճեցնող մնայուն վարքը կրնայ մեզ դնել անոնց կարգին, որոնք յարութեան յոյս չունին։

19. Ո՞ր անգին առանձնաշնորհումը պէտք չէ մոռնանք։

19 Ամենէն աւելի, Եհովայի սիրտը թէ՛ հիմա եւ թէ յաւիտեան ուրախացնելու անգին առանձնաշնորհումը երբեք պէտք չէ մոռնանք։ (Առակաց 27։11) Մինչեւ մահ մեր հաւատարմութիւնը կամ մինչեւ այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը մեր ուղղամտութիւնը պահելը, Եհովայի ցոյց կու տայ թէ տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ որո՛ւ կողմը դիրք բռնած ենք։ Ապա, ի՜նչ ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկրային դրախտին մէջ ապրիլ, կա՛մ մեծ նեղութենէն վերապրելով եւ կամ հրաշալիօրէն յարուցանուելով։

Մեր փափաքները լեցնել

20, 21. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ հաւատարիմ մնալու, նոյնիսկ եթէ յարութեան մասին անպատասխան հարցումներ ունինք. բացատրէ։

20 Յարութեան այս քննարկումը անպատասխան կը ձգէ կարգ մը հարցումներ։ Եհովա ի՞նչ կարգադրութիւն պիտի ընէ անոնց համար, որոնք իրենց մահուան ատեն ամուսնացած էին։ (Ղուկաս 20։34, 35) Յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ այն տե՞ղը, ուր անհատը մահացաւ։ Անհատը պիտի վերակենդանանայ իր ընտանիքին բնակարանի՞ն մօտ։ Յարութեան կարգադրութիւններուն մասին տակաւին բազմաթիւ այլ հարցումներ կրնանք ուղղել։ Այսուհանդերձ ի մտի պէտք է ունենանք Երեմիայի խօսքերը. «Տէրը բարի է իրեն յուսացողներուն եւ զինք փնտռող անձին. լաւ է Տէրոջ փրկութեան սպասել՝ լռութեամբ»։ (Ողբք 3։25, 26, ԱՎ) Եհովայի որոշած ժամանակին, մեր բոլոր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ պիտի հայթայթուին։ Ինչո՞ւ վստահութեամբ ասիկա կ’ըսենք։

21 Խորհրդածէ սաղմոսերգուին ներշնչեալ խօսքերուն մասին, երբ Եհովայի մասին ըսաւ. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։ (Սաղմոս 145։16) Մինչ կը մեծնանք, մեր փափաքները կը փոխուին։ Ինչ որ մանկութեան ատեն մեր փափաքն էր, այժմ անոր չենք փափաքիր։ Մեր փորձառութիւնները եւ մեր յոյսերը կ’ազդեն կեանքի հանդէպ մեր տեսակէտին։ Սակայն նոր աշխարհին մէջ մեր պատշաճ փափաքները ի՛նչ որ ալ ըլլան, վստահաբար Եհովա պիտի լեցնէ զանոնք։

22. Եհովան փառաբանելու ի՞նչ վաւերական պատճառ ունինք։

22 Այժմ իւրաքանչիւրս հետաքրքրուած ենք հաւատարիմ մնալով։ «Տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ»։ (Ա. Կորնթացիս 4։2) Մենք Աստուծոյ Թագաւորութեան փառաւոր բարի լուրին տնտեսներն ենք։ Այս բարի լուրը մեր հանդիպած բոլոր անհատներուն ժրաջանութեամբ ծանուցանելը կ’օգնէ որ կեանքի տանող ճամբային մէջ մնանք։ Երբեք մի՛ անտեսեր այն իրողութիւնը թէ «ժամանակ ու դիպուած» կը պատահին բոլորին։ (Ժողովողի 9։11) Կեանքի անորոշութիւններուն պատճառած անհարկի մտահոգութիւնը նուազեցնելու համար, յարութեան փառաւոր յոյսը ամուր բռնէ։ Վստահ եղիր որ, եթէ կը թուի թէ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան սկսիլը պիտի չտեսնես, կրնաս մխիթարուիլ թէ ամոքումը անպայման պիտի գայ։ Եհովայի որոշած ժամանակին, պիտի կարենաս Ստեղծիչին ուղղուած Յոբի խօսքերը կրկնել. «Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ»։ Եհովան փառաբանենք, որ կը տենչայ վերակենդանացնել բոլոր անոնք որ իր յիշողութեան մէջ են։—Յոբայ 14։15

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Տես՝ Զարթի՛ր 8 Յուլիս 1988, էջ 10, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 3 Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ, էջ 662, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշե՞ս

• Հազարամեայի ընթացքին մարդիկ ի՞նչ բանի հիման վրայ պիտի դատուին։

• Ինչո՞ւ ոմանք ‘կեանքի յարութիւն’ պիտի ստանան, իսկ ուրիշներ՝ ‘դատապարտութեան յարութիւն’։

• Յարութեան յոյսը ի՞նչպէս կրնայ մեզ մխիթարել այսօր։

• Յարութեան վերաբերեալ անպատասխան հարցումներուն նկատմամբ, Սաղմոս 145։16–ի խօսքերը ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 29]

Յարութեան հաւատալը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել այսօր