Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարութիւնը՝ փառաւոր հեռանկար

Յարութիւնը՝ փառաւոր հեռանկար

Յարութիւնը՝ փառաւոր հեռանկար

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ հաւատալը լայնատարած է։ Իսլամութեան սուրբ գիրքը՝ Գուրանը լման գլուխ մը կը յատկացնէ յարութեան։ 75–րդ Սուրան մասամբ կ’ըսէ. «Յարութեան օրով երդում կ’ընեմ։ . . . Արդեօք մարդը կը խորհի՞ թէ Մենք չենք կրնար իր ոսկորները վերամիացնել։ . . . Ան հարց կու տայ. ‘Յարութեան օրը ե՞րբ է’։ Ան զօրութիւն չունի՞ մեռելներուն կեանք տալու»։—Սուրա 75։1-6, 40

Համայնագիտարան մը (The New Encyclopædia Britannica) կ’ըսէ. «Զրադաշտականութիւնը կը հաւատայ թէ չարութիւնը վերջնականապէս պիտի կործանի, ընդհանուր յարութիւն ու վերջին դատաստան տեղի պիտի ունենան, եւ արդարները պիտի վայելեն մաքրուած աշխարհ մը»։

Համայնագիտարան մը (Encyclopaedia Judaica) կը բացատրէ թէ յարութիւնը «այն հաւատալիքն է թէ ի վերջոյ մեռելները իրենց մարմիններով պիտի վերակենդանանան եւ երկրի վրայ դարձեալ պիտի ապրին»։ Նոյն աշխատասիրութիւնը նաեւ կ’ըսէ թէ Հրէականութեան որդեգրած հաւատալիքը թէ մարդը անմահ հոգի ունի, երկսայրի դժուարութիւն կը ներկայացնէ։ Անիկա կը նշէ. «Հիմնականօրէն, յարութեան եւ հոգիի անմահութեան հաւատալիքները իրարու կը հակասեն»։

Պրահմանականութիւնը կը սորվեցնէ թէ մարդը վերածնունդներու կամ հոգեփոխութիւններու կ’ենթարկուի, մահէն վերապրող հոգի մը ունենալով։ Պրահմանական սուրբ գիրքը՝ Պհակավատ կիթա կ’ըսէ. «Ամբողջ մարմինը ներթափանցող բանը անկործան է։ Ո՛չ ոք կրնայ անկորնչելի հոգին բնաջնջել»։

Պրահմանականութենէն տարբեր ըլլալով, Պուտտայականութիւնը կը մերժէ անմահ հոգիին գոյութիւնը։ Բայց ներկայիս Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, բազմաթիւ Պուտտայականներ կը հաւատան անմահ հոգիին այլագաղթումին։ *

Շփոթութիւն՝ յարութեան ուսուցումին շուրջ

Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ կատարուող յուղարկաւորութեան արարողութիւնները յաճախ կ’ակնարկեն թէ՛ մահէն վերապրող հոգիին եւ թէ յարութեան։ Օրինակ, Անգլիքան կղերականը սովորաբար հետեւեալը կ’արտասանէ. «Քանի որ Ամենակալ Աստուած իր մեծ ողորմութեամբ կամեցաւ իր քով առնել մեր սիրելի հանգուցեալ եղբօր հոգին, անոր մարմինը հողին կը վերադարձնենք. երկրէն՝ երկիր, մոխիրէն՝ մոխիր, հողէն՝ հող. ունենալով յարութեան ստոյգ յոյսը՝ յաւիտենական կեանք վայելելու, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցով»։—The Book of Common Prayer

Այս խօսքերը կրնան պատճառ ըլլալ որ անհատ մը հարց տայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ,– յարութի՞ւնը թէ անմահ հոգիին վարդապետութիւնը։ Սակայն նկատէ թէ Ֆրանսացի Բողոքական ուսուցչապետ Օսգար Գիւլման ի՛նչ կ’ըսէ իր մէկ գիրքին մէջ. «Մեռելներու յարութեան քրիստոնէական յոյսին եւ հոգիի անմահութեան յունական հաւատալիքին միջեւ արմատական տարբերութիւն կայ։ . . . Թէեւ հետագային Քրիստոնէութիւնը այս երկու հաւատալիքներուն միջեւ կապ մը հաստատեց, եւ այսօր սովորական Քրիստոնեան չի կրնար զանոնք զատորոշել, սակայն պատճառ մը չեմ տեսներ ծածկելու այն ինչ որ ես եւ ուսումնականներուն մեծամասնութիւնը ճշմարտութիւն կը նկատենք։ . . . Յարութեան հաւատալը կը տիրապետէ Նոր Կտակարանի բովանդակութեան։ . . . Աստուծոյ ստեղծագործական նոր արարքով կեանքի կը բերուի ամբողջ մարդը, որ իրապէս մեռած է»։—Immortality of the Soul or Resurrection of the Dead?

Զարմանալի չէ որ մարդիկ ընդհանրապէս մահուան ու յարութեան նկատմամբ շփոթութեան մէջ են։ Շփոթութեան վերջ դնելու համար պէտք է դիմենք Աստուածաշունչին, որ մարդուն Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ յայտնած ճշմարտութիւնները կը ներկայացնէ։ Աստուածաշունչի նշած յարութիւններէն չորսը քննենք ու նկատի առնենք թէ ի՛նչ երեւան կը հանեն։

«Կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած»

Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ հաւատքի տէր կիներ «իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած»։ (Եբրայեցիս 11։35) Այս կիներէն մէկը կ’ապրէր Սարեփթայի մէջ, Միջերկրական ծովու ափին փիւնիկական քաղաք մը Սիդոնի մօտ։ Ան այրի մըն էր, որ Աստուծոյ մարգարէն Եղիան հիւրասիրեց եւ անոր ուտելիք տուաւ սաստիկ սովի մը ընթացքին։ Ցաւօք սրտի, այս կնոջ տղան հիւանդացաւ ու մեռաւ։ Եղիա անմիջապէս զինք իր բնակած վերնատունը հանեց եւ Եհովայի աղաչեց որ զայն վերակենդանացնէ։ Հրաշք տեղի ունեցաւ եւ տղան «կենդանացաւ»։ Եղիա զանիկա իր մօր վերադարձուց եւ ըսաւ. «Նայէ՛, տղադ կենդանի է»։ Կինը ի՞նչպէս հակազդեց։ Ան ուրախութեամբ ըսաւ. «Հիմա գիտցայ թէ դուն Աստուծոյ մարդն ես ու քու բերնիդ մէջ Տէրոջը խօսքը ճշմարիտ է»։—Գ. Թագաւորաց 17։22-24

Սարեփթայի հարաւը շուրջ 100 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, Սունամի մէջ առատաձեռն ամոլ մը կ’ապրէր, որ Եղիայի յաջորդին՝ Եղիսէ մարգարէին հոգ կը տանէր։ Կինը մեծահամբաւ էր ու իրենց տան մէջ վերնատուն մը յատկացուցած էին Եղիսէի։ Անոնք վերջապէս ուրախացան որդի մը ունենալով։ Մինչ կը մեծնար, տղեկը յաճախ հնձողներուն եւ իր հօր հետ կ’ըլլար դաշտին մէջ։ Օրին մէկը ողբերգութիւն մը պատահեցաւ։ Տղան աղաղակեց թէ գլխացաւ ունի, ուստի ծառայ մը զինք տուն վերադարձուց, ուր իր մօր ծունկերուն վրայ ժամանակ մը մնաց, ապա մեռաւ։ Խորապէս շուարած, մայրը որոշեց Եղիսէի օգնութեան դիմել։ Ծառայի մը ընկերակցութեամբ, ան ճամբորդեց հիւսիս–արեւմուտք՝ դէպի Կարմեղոս լեռ, ուր Եղիսէ կը մնար։

Մարգարէն նախ իր ծառան՝ Գէեզին ղրկեց, իսկ ան ստուգեց տղեկին մահը։ Ի՞նչ տեղի ունեցաւ, երբ Եղիսէ ու կինը ի վերջոյ Սունամ հասան։ Դ. Թագաւորաց 4։32-37–ն կ’ըսէ. «Երբ Եղիսէ տունը մտաւ, տեսաւ տղան մեռած ու իր անկողնին վրայ պառկած։ Ներս մտնելով՝ իրենց վրայէն դուռը գոցեց եւ Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ելաւ տղուն վրայ պառկեցաւ եւ իր բերանը անոր բերնին վրայ ու իր աչքերը անոր աչքերուն վրայ ու իր թաթերը անոր թաթերուն վրայ դրաւ եւ անոր վրայ կծկուեցաւ ու տղուն մարմինը տաքցաւ։ Դարձաւ անգամ մը այս կողմ, անգամ մը այն կողմը պտըտեցաւ ու կրկին ելաւ անոր վրայ կծկուեցաւ եւ տղան եօթը անգամ փռնգտաց ու աչքերը բացաւ։ Այն ատեն Գէեզին կանչեց ու ըսաւ. ‘Սունամացի կինը կանչէ’։ Զանիկա կանչեց։ Կինը անոր եկաւ ու Եղիսէ անոր ըսաւ. ‘Տղադ ա՛ռ’։ Կինը ներս մտնելով՝ անոր ոտքերը ինկաւ ու գետնէն խոնարհութիւն ըրաւ եւ իր տղան առնելով դուրս ելաւ»։

Սարեփթացի այրիին նման, Սունամացի կինը անդրադարձաւ որ պատահածը Աստուծոյ զօրութեան շնորհիւ էր։ Այս երկու կիները շատ ուրախացան, երբ Աստուած իրենց սիրելի զաւակները վերակենդանացուց։

Յարութիւններ՝ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին

Շուրջ 900 տարի ետք, Սունամի հիւսիսը գտնուող Նային գիւղաքաղաքէն դուրս յարութիւն տեղի ունեցաւ։ Յիսուս Քրիստոս եւ իր աշակերտները Կափառնայումէ մեկնելէ ետք, Նայինի մուտքին հանդիպեցան յուղարկաւորութեան մը, եւ Յիսուս տեսնելով այրին որ իր մէկ հատիկ որդին կորսնցուցած էր, ըսաւ անոր որ ա՛լ չլայ։ Բժիշկ Ղուկաս նկարագրեց ինչ որ տեղի ունեցաւ անկէ ետք. «[Յիսուս] մօտենալով՝ դագաղին դպաւ ու տանողները կանգ առին. եւ ըսաւ. ‘Ո՛վ պատանի, քեզի՛ կ’ըսեմ, Ելի՛ր’։ Ու մեռելը ելաւ նստաւ ու սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս տուաւ զանիկա իր մօրը»։ (Ղուկաս 7։14, 15) Այս հրաշքին ականատես եղողները Աստուած փառաւորեցին, իսկ յարութեան լուրը տարածուեցաւ Հրէաստանի մէջ ու ամբողջ շրջակայքը, նոյնիսկ Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտները զայն լսեցին ու իրեն իմացուցին։ Ան ալ զիրենք Յիսուսի ղրկեց, հարցնելու համար թէ սպասուած Մեսիա՞ն էր։ Յիսուս պատասխանեց. «Գացէք Յովհաննէսին պատմեցէք ինչ որ տեսաք ու լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի»։—Ղուկաս 7։22

Յիսուսի ամենէն շատ ճանչցուած յարութեան հրաշքը իր մտերիմ բարեկամին՝ Ղազարոսի յարութիւնն է։ Երբ Յիսուս Բեթանիա հասաւ, Ղազարոսի մահուան վրայ չորս օր անցած էր։ Ան հրամայեց որ գերեզմանին մուտքը գոցող քարը վերցուի, բայց Մարթա առարկեց. «Տէ՛ր, արդէն հոտած պիտի ըլլայ, վասն զի չորս օրուան է»։ (Յովհաննու 11։39) Այսուհանդերձ Ղազարոսի մարմնին փտիլը արգելք չեղաւ անոր յարութեան։ Յիսուսի հրամանին վրայ, «մեռելն ալ ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած»։ Յիսուսի թշնամիներուն հակազդեցութիւնը կ’ապացուցանէ թէ վերակենդանացած անհատը արդարեւ Ղազարոսն էր։—Յովհաննու 11։43, 44. 12։1, 9-11

Յարութեան այս չորս պատմութիւններէն ի՞նչ կ’եզրակացնենք։ Յարուցեալ իւրաքանչիւր անհատ վերակենդանացաւ որպէս նո՛յն անձը։ Մարդիկ եւ ամենամօտ ազգականներ զիրենք ճանչցան։ Յարուցեալներէն ո՛չ մէկը պատմեց թէ իր մահուան կարճ ժամանակամիջոցին ի՛նչ բաներ տեղի ունեցան։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը պատմեց թէ ուրիշ աշխարհ ճամբորդեց։ Ըստ երեւոյթին, բոլորը լաւ առողջութեամբ վերադարձան։ Անոնք կարծես թէ որոշ ժամանակ քնացան ապա արթնցան, ինչպէս Յիսուս նշեց։ (Յովհաննու 11։11) Այսուհանդերձ ժամանակ մը ետք, բոլորն ալ դարձեալ մեռան։

Սիրելիներու հետ վերամիացում՝ փառաւոր հեռանկար

Արկածով իր երկուքուկէս տարեկան մանչը՝ Օուէն կորսնցնելէ կարճ ժամանակ ետք, հայրը իր դրացիին այցելեց։ Ան սեղանին վրայ տեսաւ յայտաթերթիկ մը, որ Եհովայի Վկաներու կազմակերպած մէկ հանրային դասախօսութիւնը կը ծանուցանէր։ «Ո՞ւր են մեռելները» խորագիրը անոր սիրտին խօսեցաւ։ Ան իր միտքին մէջ ճիշդ այս հարցումը ունէր։ Դասախօսութեան ներկայ ըլլալով, ան Աստուածաշունչէն իսկական մխիթարութիւն ստացաւ։ Ան սորվեցաւ թէ մեռելները չեն տառապիր։ Փոխանակ դժոխքի կրակին մէջ չարչարուելու կամ Աստուծոյ կողմէ որպէս հրեշտակ երկինք առնուելու, մեռելները՝ ի ներառեալ Օուէն, գերեզմանին մէջ կը սպասեն մինչեւ որ արթննան, յարութիւն առնելով։—Ժողովողի 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4

Ընտանիքիդ մէջ ողբերգութիւն պատահա՞ծ է։ Օուէնի հօր նման հարց կու տա՞ս թէ ներկայիս սիրելիներդ ո՛ւր են եւ զանոնք դարձեալ տեսնելու ի՛նչ հաւանականութիւն կայ։ Ուրեմն քեզ կը հրաւիրենք որ նկատի առնես թէ Աստուածաշունչը յարութեան մասին ուրիշ ի՛նչ կը սորվեցնէ։ ‘Յարութիւնը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Որո՞նք անկէ պիտի օգտուին’։ Այս եւ այլ հարցումներու պատասխանը պիտի գտնես յաջորդ յօդուածներուն մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Տես՝ Մարդկութիւնը որ Աստուած կը փնտռէ գիրքը, էջ 150-154, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 4]

Յիսուս յարուցանեց Նայինցի այրիին որդին

[Նկար՝ էջ 5]

Յարութիւնը պիտի վերամիացնէ ազգականները իրենց սիրելիներուն հետ