Յարութիւնը՝ քեզի ազդող ուսուցում
Յարութիւնը՝ քեզի ազդող ուսուցում
«Յոյս ունիմ առ Աստուած . . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։—ԳՈՐԾՔ 24։15
1. Ի՞նչպէս յարութիւնը Սենետրիոնի մէջ հարց դարձաւ։
ԻՐ ԵՐՐՈՐԴ միսիոնարական շրջապտոյտին վերջաւորութեան՝ Հ.Դ. 56–ին, Պօղոս առաքեալ Երուսաղէմի մէջ էր։ Հռովմայեցիներուն կողմէ ձերբակալուելէ ետք, ան հրէական բարձրագոյն ատեանին՝ Սենետրիոնի առջեւ ներկայացաւ։ (Գործք 22։29, 30) Ան նկատեց թէ ատեանին անդամները Սադուկեցիներ եւ Փարիսեցիներ էին։ Այս երկու խումբերը յատկանշական կերպով մը իրարմէ կը տարբերէին։ Սադուկեցիները յարութիւնը կը մերժէին, իսկ Փարիսեցիները զայն կ’ընդունէին։ Այս հարցին մէջ իր կեցուածքը ցոյց տալով, Պօղոս ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. մեռելոց յարութեանը յոյսին համար կը դատուիմ»։ Ան այս խօսքով ներկաներուն մէջ բաժանում յառաջացուց։—Գործք 23։6-9
2. Պօղոս ինչո՞ւ պատրաստ էր յարութեան հանդէպ իր հաւատքը պաշտպանելու։
2 Տարիներ առաջ, երբ Պօղոս դէպի Դամասկոս կը ճամբորդէր, տեսիլք տեսաւ, որուն մէջ Յիսուսի ձայնը լսեց։ Ան նոյնիսկ Յիսուսի հարցուց. «Ի՞նչ ընեմ, Տէր»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ելի՛ր, գնա՛ Դամասկոս ու հոն քեզի պիտի խօսուի այն ամէն բաներուն վրայ, որ սահմանուած է որ ընես»։ Դամասկոս մտնելէ ետք, Անանիա անունով Քրիստոնեայ աշակերտ մը իրեն այցելեց ու բացատրեց. «Մեր հայրերուն Աստուածը առաջուընէ քեզ ընտրեց, որպէս զի իր կամքը ճանչնաս ու այն Արդարը [յարուցեալ Յիսուսը] տեսնես եւ անոր բերնէն ձայն լսես»։ (Գործք 22։6-16) Այսպէս Պօղոս յարութեան հանդէպ իր հաւատքը պաշտպանելու պատրաստ եղաւ։—Ա. Պետրոս 3։15
Յարութեան յոյսը յայտարարել
3, 4. Պօղոս ի՞նչպէս ապացուցանեց թէ յարութեան թունդ ջատագով մըն էր, եւ իր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
3 Հետագային Պօղոս բերուեցաւ Փելիքս կուսակալին առջեւ։ Տերտիւղոս անունով ‘ճարտասան մը’, Պօղոսի դէմ Հրեաներուն դատը ներկայացնելով, զինք ամբաստանեց աղանդի մը առաջնորդ եւ խռովարար ըլլալու յանցանքով։ Առանց վարանելու Պօղոս պատասխանեց. «Ասիկա կը խոստովանիմ քեզի՝ թէ այն ճամբուն համեմատ որ ասոնք հերձուած կ’ընդունին, ես այնպէս կը պաշտեմ իմ հայրենի Աստուածս»։ Ապա բուն հարցին անցնելով, ան շարունակեց. «Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։—Գործք 23։23, 24. 24։1-8, 14, 15
4 Շուրջ երկու տարի ետք, Փելիքսի յաջորդը՝ Պորկիոս Փեստոս հրաւիրեց Հերովդէս Ագրիպպաս թագաւորը, որ միասնաբար բանտարկեալ Պօղոսը հարցաքննեն։ Փեստոս բացատրեց թէ ամբաստանողները կը մերժէին Պօղոսի պնդումը թէ «Յիսուս անունով մեռած մը . . . կենդանի է»։ Իր պաշտպանողականին մէջ Պօղոս հարցուց. «Ի՞նչ. չհաւատալո՞ւ բան կ’երեւնայ ձեզի թէ Աստուած մեռելները կը յարուցանէ»։ Ապա աւելցուց. «Աստուծմէ օգնութիւն հասնելով Գործք 24։27. 25։13-22. 26։8, 22, 23) Պօղոս յարութեան թունդ ջատագով մըն էր։ Անոր նման մենք ալ կրնանք համոզումով յայտարարել թէ յարութիւն պիտի ըլլայ։ Նաեւ Պօղոսի օրինակը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ հակազդեցութիւն կրնանք ակնկալել։
մինչեւ օրս ողջ մնացի՝ պզտիկի ու մեծի վկայութիւն տալով, բան մը չպատմելով այն բաներէն դուրս, որոնք մարգարէները եւ Մովսէս ըսին թէ պիտի ըլլան. Թէ՝ Քրիստոս պիտի չարչարուի եւ թէ՝ անիկա ամենէն առաջ մեռելներէն յարութիւն առած՝ լոյս պիտի քարոզէ ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն»։ (5, 6. (ա) Երբ առաքեալները յարութիւնը ջատագովեցին, ոմանք ի՞նչպէս հակազդեցին։ (բ) Ի՞նչ բան կենսական է, մինչ յարութեան մեր յոյսը կ’արտայայտենք։
5 Նկատի առ ինչ որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ, Պօղոսի երկրորդ միսիոնարական շրջապտոյտին ընթացքին (շուրջ Հ.Դ. 49-52)։ Ան բազմաստուածութեան հաւատացող անհատներու հետ պատճառաբանեց, եւ անոնց ուշադրութեան յանձնեց Աստուծոյ նպատակը, որ երկրագունդը արդարութեամբ դատէ Իր որոշած մարդուն միջոցով, որ Յիսուսն է։ Պօղոս բացատրեց թէ Աստուած այս մասին հաւաստիք տուաւ բոլորին՝ մեռելներէն յարուցանելով Յիսուսը։ Հակազդեցութիւնը ի՞նչ էր։ Կը կարդանք. «Երբ մեռելներուն յարութիւնը լսեցին, ոմանք ծաղր կ’ընէին, ոմանք ալ կ’ըսէին. ‘Այդ բանին համար ուրիշ անգամ մտիկ պիտի ընենք քեզի’»։—Գործք 17։29-32
6 Նոյնանման հակազդեցութիւն մը նկատած էին Պետրոս ու Յովհաննէս, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն քիչ ետք։ Սադուկեցիները դարձեալ մեծ դեր խաղցան տարակարծութեան մէջ։ Գործք Առաքելոց 4։1-4–ը կը պատմէ. «Երբ անոնք ժողովուրդին կը խօսէին, քահանաները ու տաճարին իշխանը եւ Սադուկեցիները անոնց վրայ հասան, նեղուելով որ անոնք ժողովուրդին կը սորվեցնէին, Յիսուսին միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը կը քարոզէին»։ Սակայն ոմանք նպաստաւոր կերպով ընդառաջեցին։ «Այն խօսքը լսողներէն շատեր հաւատացին։ Անոնց թիւը հինգ հազարի հասաւ»։ Ակներեւօրէն, երբ յարութեան յոյսին մասին խօսինք, տարբեր հակազդեցութիւններ կրնանք ակնկալել։ Ասոր ի տես, կենսական է որ այս ուսուցումին հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնենք։
Հաւատքը եւ յարութիւնը
7, 8. (ա) Առաջին դարու Կորնթոսի ժողովքին ուղղուած նամակի մը համաձայն, հաւատքը ի՞նչպէս ունայն կրնայ ըլլալ։ (բ) Յարութեան յոյսին ճշգրիտ հասկացողութիւնը ի՞նչպէս կը բնորոշէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները։
7 Հ.Դ. առաջին դարուն, բոլոր Քրիստոնեաները յարութեան յոյսը դիւրաւ չընդունեցին։ Զայն ընդունելու դժուարութիւն ունեցողներէն ոմանք Կորնթոսի ժողովքին կ’ընկերակցէին։ Պօղոս անոնց գրեց. «Ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ»։ Ապա Պօղոս այս ճշմարտութիւնը հաստատեց, նշելով թէ յարուցեալ Քրիստոս «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին»։ (Ա. Կորնթացիս 15։3-8) Ան նաեւ պատճառաբանեց. «Եթէ Քրիստոս կը քարոզուի, որ մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ մէկ քանիները կ’ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներուն յարութիւն չկայ’։ Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ։ Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է»։—Ա. Կորնթացիս 15։12-14
8 Այո, յարութեան ուսուցումը ա՛յնքան հիմնական է, որ քրիստոնէական հաւատքը ունայն է եթէ յարութեան իրական ըլլալը չընդունուի։ Արդարեւ յարութեան ճշգրիտ հասկացողութիւնը կը զանազանէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները կեղծ Քրիստոնեաներէն։ (Ծննդոց 3։4. Եզեկիէլ 18։4) Ուստի Պօղոս յարութեան ուսուցումը կը պարփակէ Քրիստոնէութեան «նախաբան»ին մէջ, եւ կը յորդորէ որ վճռենք ‘յառաջանալ դէպի կատարելութիւն’։ «Ա՛յս է որ պիտի ընենք՝ եթէ գէթ Աստուած արտօնէ»։—Եբրայեցիս 6։1-3, ԱՎ
Յարութեան յոյսը
9, 10. Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ երբ յարութեան կ’ակնարկէ։
9 Յարութեան հանդէպ մեր հաւատքը աւելի ամրացնելու համար, նկատի առնենք սա հարցումները. Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ երբ յարութեան կ’ակնարկէ։ Յարութեան ուսուցումը ի՞նչպէս Եհովայի սէրը կը պանծացնէ։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզ աւելի պիտի մօտեցնեն Աստուծոյ ու պիտի օգնեն որ ուրիշներու սորվեցնենք։—Բ. Տիմոթէոս 2։2. Յակոբու 4։8
10 «Յարութիւն»ը Յունարէն բառի մը թարգմանութիւնն է, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «վերականգնիլ»։ Այս արտայայտութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։ Աստուածաշունչին համաձայն, յարութեան յոյսը այն համոզումն է թէ մեռած անհատը կրնայ դարձեալ ապրիլ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ անհատը կը յարուցանուի մարդկային մարմինով եթէ երկրային յոյս ունի, իսկ հոգեղէն մարմինով՝ եթէ երկնային յոյս ունի։ Յարութեան հիանալի կարգադրութեամբ Եհովայի ցուցաբերած սէրը, իմաստութիւնն ու զօրութիւնը տեսնելով կը սքանչանանք։
11. Աստուծոյ օծեալ ծառաները յարութեան վերաբերեալ ի՞նչ հեռանկարներ ունին։
11 Յիսուս եւ իր օծեալ եղբայրները յարութեամբ կը ստանան հոգեղէն մարմին, որ երկինքի մէջ ծառայելու յարմար է։ (Ա. Կորնթացիս 15։35-38, 42-53) Անոնք միասնաբար պիտի ծառայեն որպէս Մեսիական Թագաւորութեան իշխաններ, որ երկրի վրայ դրախտային պայմաններ պիտի գոյացնէ։ Քահանայապետ Յիսուսի գլխաւորութեան ներքեւ, օծեալները թագաւորական քահանայութիւն պիտի կազմեն։ Արդար նոր աշխարհին մէջ, անոնք Քրիստոսի փրկանքի զոհին օգուտները պիտի մատակարարեն մարդկութեան։ (Եբրայեցիս 7։25, 26. 9։24. Ա. Պետրոս 2։9. Յայտնութիւն 22։1, 2) Օծեալները մինչ երկրի վրայ են, կ’ուզեն Աստուծոյ ընդունելի մնալ։ Երբ մեռնին, անոնք իրենց «հատուցումը» պիտի ստանան, երկինքի մէջ անմահ հոգեղէն կեանքի յարուցանուելով։ (Բ. Կորնթացիս 5։1-3, 6-8, 10, Անթիլիաս. Ա. Կորնթացիս 15։51, 52. Յայտնութիւն 14։13) Պօղոս գրեց. «Եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուանը նմանութիւնովը, նաեւ անոր յարութեանը նմանութիւնով ալ կցորդ պիտի ըլլանք»։ (Հռովմայեցիս 6։5) Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնց համար յարութիւնը պիտի նշանակէ՝ երկրի վրայ դարձեալ ապրիլ։ Յարութեան յոյսը ի՞նչպէս կրնայ զանոնք Աստուծոյ աւելի մօտեցնել։ Աբրահամի օրինակէն շատ բան կրնանք սորվիլ։
Յարութիւնը եւ Եհովայի հետ բարեկամութիւնը
12, 13. Աբրահամ յարութեան հաւատալու ի՞նչ զօրաւոր հիմ ունէր։
12 Աբրահամ, որ «Աստուծոյ բարեկամ» կոչուեցաւ, յատկանշական հաւատք ունէր։ (Յակոբու 2։23) Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, երբ Պօղոս հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու մասին կը խօսէր, Աբրահամի հաւատքին երեք անգամ ակնարկեց։ (Եբրայեցիս 11։8, 9, 17) Երրորդ ակնարկութիւնը կը կեդրոնանայ Աբրահամի ցուցաբերած հաւատքին վրայ, երբ յօժարեցաւ իր որդին Իսահակը զոհ մատուցանել։ Աբրահամ համոզուած էր թէ Եհովա պիտի յարգէր իր խոստումը թէ Իսահակի միջոցով սերունդ պիտի ունենար։ Նոյնիսկ եթէ Իսահակ իբր զոհ մատուցանուէր, Աբրահամ կը սեպէր թէ «Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել»։
13 Սակայն երբ Եհովա Աբրահամի հաւատքին զօրութիւնը տեսաւ, Իսահակի փոխարէն անասնական զոհ մը կարգադրեց։ Իսահակի փորձառութիւնը իբրեւ յարութեան օրինակ ծառայեց, ինչպէս Պօղոս բացատրեց. «[Աբրահամ] որպէս նախատիպար ընդունեց զանիկա [Իսահակը]»։ (Եբրայեցիս 11։19) Ասկէ աւելի, Աբրահամ արդէն յարութեան հաւատալու զօրաւոր հիմ ունէր, քանի որ իր եւ իր կնոջ յառաջացած տարիքին, Եհովա իրենց տուած էր Իսահակը։—Ծննդոց 18։10-14. 21։1-3. Հռովմայեցիս 4։19-21
14. (ա) Եբրայեցիս 11։9, 10–ի համաձայն, Աբրահամ ի՞նչ բանի կը սպասէր։ (բ) Աբրահամ ի՞նչպէս Թագաւորութեան օրհնութիւնները պիտի ստանայ նոր աշխարհին մէջ։ (գ) Ի՞նչպէս կրնանք Թագաւորութեան օրհնութիւնները ստանալ։
14 Պօղոս նշեց թէ Աբրահամ պանդուխտ ու վրանաբնակ մըն էր, որ «կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 11։9, 10) Ասիկա բառացի քաղաք մը չէր ինչպէս Երուսաղէմ, ուր Աստուծոյ տաճարը կը գտնուէր, այլ՝ խորհրդանշական քաղաք մըն էր։ Անիկա Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնն էր, որ Քրիստոս Յիսուսէ եւ 144,000 իշխանակիցներէ կը բաղկանայ։ 144,000–ը իրենց երկնային փառքին մէջ նաեւ ներկայացուած են որպէս «սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը», Քրիստոսի «հարս»ը։ (Յայտնութիւն 21։2) 1914–ին, Եհովա Յիսուսը գահակալեց իբրեւ երկնային Թագաւորութեան Մեսիական Թագաւորը եւ անոր հրամայեց որ իր թշնամիներուն մէջտեղ տիրէ։ (Սաղմոս 110։1, 2. Յայտնութիւն 11։15) Թագաւորութեան իշխանութեան օրհնութիւնները ստանալու համար, «Աստուծոյ բարեկամ»ը Աբրահամ դարձեալ պէտք է ապրի։ Նոյնպէս մենք Թագաւորութեան օրհնութիւնները ստանալու համար, Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ողջ պէտք է ըլլանք, կա՛մ որպէս Արմագեդոնէն վերապրող մեծ բազմութեան անդամներ եւ կամ որպէս մեռելներէն յարուցանուած անհատներ։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Սակայն ի՞նչ է յարութեան յոյսին հիմը։
Աստուծոյ սէրը՝ յարութեան յոյսին հիմը
15, 16. (ա) Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութիւնը ի՞նչպէս մեր յարութեան յոյսին հիմը կը դնէ։ (բ) Յարութեան հաւատալը ի՞նչպէս կրնայ մեզ աւելի մօտեցնել Եհովայի։
15 Մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալով, Աբրահամի պէս զօրաւոր հաւատքի տէր ըլլալով եւ Աստուծոյ հրամաններուն հնազանդելով, կրնանք արդար սեպուիլ ու Եհովայի բարեկամ նկատուիլ։ Իսկ ասոր շնորհիւ կրնանք Թագաւորութեան իշխանութենէն օգտուիլ։ Արդարեւ Աստուծոյ Խօսքին յիշած առաջին մարգարէութիւնը, Ծննդոց 3։15–ի մէջ, յարութեան յոյսին ու Աստուծոյ բարեկամութեան հիմը կը դնէ։ Անիկա կը նախագուշակէ ո՛չ միայն թէ Սատանայի գլուխը պիտի ջախջախուի, այլեւ՝ թէ Աստուծոյ կնոջ Սերունդին գարշապարը պիտի խայթուի։ Այլաբանօրէն գարշապարը խայթուեցաւ, երբ ցիցին վրայ Յիսուս մեռաւ։ Երրորդ օրը իր յարութիւն առնելը բուժեց վէրքը եւ ճամբան հարթեց որ վճռական քայլ առնուի անոր դէմ, որ ‘մահուան իշխանութիւնը ունի, այսինքն՝ Սատանան’։—Եբրայեցիս 2։14
16 Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ թէ «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ»։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9) Այս շնորհքը գնահատելով, իրապէս աւելի կը մօտենանք Յիսուսի ու մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր։—Բ. Կորնթացիս 5։14, 15
17. (ա) Յոբ ի՞նչ յոյս արտայայտեց։ (բ) Յոբայ 14։15–ը Եհովայի մասին ի՞նչ կը յայտնէ, եւ ասիկա քեզի ի՞նչպէս կ’ազդէ։
17 Հաւատարիմ Յոբ ալ, որ նախաքրիստոնէական ժամանակներուն ապրեցաւ, յարութեան ակնկալութիւնը ունէր։ Ան մեծապէս տառապեցաւ Սատանայի ձեռքով։ Իր կեղծ բարեկամներուն հակառակը, որոնք երբեք չյիշեցին յարութիւնը, Յոբ այս յոյսով մխիթարուեցաւ եւ հարցուց. «Եթէ մարդը մեռնի, արդեօք դարձեալ պիտի ապրի՞»։ Յոբ պատասխանեց. «Տառապանքիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ»։ Ան Եհովա Աստուծոյ ըսաւ. «Պիտի կանչես, ու ես քեզի պիտի պատասխանեմ»։ Իսկ մեր սիրալիր Ստեղծիչին զգացումներուն նկատմամբ, Յոբ նշեց. «Քու ձեռքերուդ գործը պիտի կարօտնաս»։ (Յոբայ 14։14, 15, ԱՎ) Այո, Եհովա անհամբեր կը սպասէ այն ժամանակին, երբ հաւատարիմները պիտի վերակենդանանան։ Ասիկա մեզ որքա՜ն կը մօտեցնէ իրեն, մինչ կը խոկանք իր սիրոյն եւ շնորհքին մասին, որ մեզի հանդէպ կը ցուցաբերէ թէեւ անկատար ենք։—Հռովմայեցիս 5։21. Յակոբու 4։8
18, 19. (ա) Դանիէլ ի՞նչ յոյս ունի։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի ներկայացնէ։
18 Դանիէլ մարգարէն, որ Աստուծոյ հրեշտակին կողմէ «սիրելի մարդ» կոչուեցաւ, երկար տարիներ հաւատարմօրէն ծառայեց։ (Դանիէլ 10։11, 19) Ան Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահեց, Հ.Դ.Ա. 617–ին աքսորուելէն մինչեւ իր մահը, Հ.Դ.Ա. 536–ին՝ Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին տեսիլք մը ստանալէն կարճ ժամանակ ետք։ (Դանիէլ 1։1. 10։1) Կիւրոսի երրորդ տարին, Դանիէլ տեսիլք ստացաւ աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութեան մասին, որ վերջ կը գտնէ մօտալուտ մեծ նեղութեան։ (Դանիէլ 11։1–12։13) Տեսիլքը չհասկնալով, Դանիէլ հրեշտակին հարցուց. «Ո՛վ իմ տէրս, ասոնց վերջաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Հրեշտակը ուշադրութեան յանձնեց «վախճանին ատենը», որուն ընթացքին «ուշիմները պիտի հասկնան»։ Իսկ Դանիէլի նկատմամբ, ան ըսաւ. «Արդարեւ պիտի հանգչիս, եւ օրերու վախճանին պիտի կայնիս քու վիճակիդ մէջ»։ (Դանիէլ 12։8-10, 13, ԱՎ) Դանիէլ պիտի վերադառնայ «արդարներուն յարութիւն առած ատենը», Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։—Ղուկաս 14։14
19 Վերջին ժամանակին վերջաւորութեան
կը գտնուինք եւ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը այժմ աւելի մօտ է, քան՝ երբ սկսանք հաւատացեալ ըլլալ։ Հետեւաբար մենք մեզի հարց տանք. ‘Նոր աշխարհին մէջ պիտի ըլլա՞մ, որպէսզի Աբրահամի, Յոբի, Դանիէլի եւ այլ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու հետ ընկերակցիմ’։ Հոն պիտի ըլլանք, եթէ Եհովայի մօտիկ մնանք ու իր պատուիրաններուն հնազանդինք։ Յաջորդ յօդուածը յարութեան յոյսին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացնէ, բնորոշելով թէ որո՛նք պիտի յարուցանուին։Կը յիշե՞ս
• Երբ Պօղոս յարութեան յոյսը յայտարարեց, մարդիկ ի՞նչպէս հակազդեցին։
• Յարութեան յոյսը ինչո՞ւ ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը զատէ կեղծ Քրիստոնեաներէն։
• Ի՞նչպէս գիտենք թէ Աբրահամ, Յոբ եւ Դանիէլ յարութեան կը հաւատային։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Փելիքս կուսակալին առջեւ, Պօղոս համոզումով յարութեան յոյսը յայտարարեց
[Նկար՝ էջ 18]
Աբրահամ ինչո՞ւ յարութեան հաւատաց
[Նկար՝ էջ 20]
Յոբ յարութեան յոյսով մխիթարուեցաւ
[Նկար՝ էջ 20]
Դանիէլ պիտի վերադառնայ արդարներուն յարութիւն առած ատենը