Որո՞նք պիտի յարուցանուին
Որո՞նք պիտի յարուցանուին
«Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5։28, 29
1. Մովսէս ի՞նչ ուշագրաւ յայտարարութիւն լսեց, իսկ հետագային ո՞վ այս խօսքերը մտաբերեց։
ԱՒԵԼԻ քան 3,500 տարի առաջ, արտասովոր բան մը տեղի ունեցաւ։ Մովսէս Յոթոր նահապետին հօտը կ’արածէր։ Քորեբ լերան մօտ, Եհովայի հրեշտակը կրակի բոցով երեւցաւ Մովսէսի՝ մորենիի մը մէջէն։ Ելից գիրքը կ’ըսէ. «Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր»։ Ապա ձայն մը մորենիին մէջէն կանչեց զինք ու ըսաւ. «Ես եմ քու հօրդ Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը»։ (Ելից 3։1-6) Հետագային՝ Հ.Դ. առաջին դարուն, Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս այս խօսքերը մտաբերեց։
2, 3. (ա) Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի ի՞նչ վարձատրութիւն կը սպասէ։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
2 Յիսուս կը խօսակցէր կարգ մը Սադուկեցիներու հետ, որոնք յարութեան չէին հաւատար։ Ան ըսաւ. «Մեռելներուն յարութիւն առնելը՝ Մովսէ՛ս ալ ցոյց տուաւ մորենիին պատմութեան մէջ, երբ կը կոչէ Տէրը՝ ‘Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն, որովհետեւ անոր համար՝ բոլորը կ’ապրին»։ (Ղուկաս 20։27, 37, 38, ԱՎ) Այս խօսքերով Յիսուս հաստատեց թէ Աբրահամ, Իսահակ ու Յակոբ տակաւին ողջ են Աստուծոյ յիշողութեան մէջ։ Յոբի նման, անոնք կը սպասեն որ իրենց ‘տառապանքը’ կամ մահուան քունը վերջ գտնէ։ (Յոբայ 14։14, ԱՎ) Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, անոնք պիտի յարուցանուին։
3 Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել պատմութեան ընթացքին մահացած միլիառաւոր մարդոց մասին։ Անոնք ալ յարութիւն պիտի առնե՞ն։ Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ, նախ ստուգենք Աստուծոյ Խօսքին միջոցով թէ մարդիկ մահուան ժամանակ ո՛ւր կ’երթան։
Մեռելները ո՞ւր են
4. (ա) Մարդիկ մեռնելէ ետք ո՞ւր կ’երթան։ (բ) Ի՞նչ է Շէօլը։
4 Աստուածաշունչը կը յայտարարէ թէ մեռելները «բան մը չեն գիտեր»։ Մահուընէ ետք, ո՛չ դժոխքի կրակի մէջ չարչարանք, ո՛չ ալ Լիմպոսի մէջ նեղացուցիչ սպասում կայ, այլ՝ պարզապէս հողին վերադառնալ։ Հետեւաբար Ժողովողի 9։5, 10. Ծննդոց 3։19) «Շէօլ» բառը շատերուն անծանօթ է։ Անիկա անորոշ ծագում ունեցող Եբրայերէն բառ մըն է։ Բազմաթիւ կրօնքներ կը սորվեցնեն թէ մեռելները տակաւին ողջ են, բայց ինչպէս Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը ցոյց կու տայ, Շէօլի մէջ եղողները մեռած են, բոլորովին անգիտակից են։ Շէօլը մարդկութեան հասարակաց գերեզմանն է։
Աստուծոյ Խօսքը ողջերը կը խրատէ. «Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ, քանզի գերեզմանիդ [«Շէօլի», ՆԱ] մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։ (5, 6. Երբ Յակոբ մահացաւ, ո՞ւր գնաց եւ հոն որո՞նց միացաւ։
5 Աստուածաշունչին մէջ, առաջին անգամ «Շէօլ» բառին կը հանդիպինք Ծննդոց 37։35–ի մէջ։ Իր սիրելի որդիին՝ Յովսէփի կարծեցեալ մահէն ետք, Յակոբ նահապետ մերժեց մխիթարուիլ, ըսելով. «Ես սուգով պիտի իջնեմ գերեզման [«Շէօլ», ՆԱ]՝ իմ որդիիս քով»։ Խորհելով թէ իր որդին մահացած է, Յակոբ փափաքեցաւ մեռնիլ ու Շէօլի մէջ ըլլալ։ Հետագային, սովին պատճառով, Յակոբի ինը որդիները ուզեցին իրենց կրտսերագոյն եղբօր՝ Բենիամինի հետ Եգիպտոս երթալ։ Սակայն Յակոբ մերժեց, ըսելով. «Իմ որդիս ձեզի հետ պիտի չիջնէ. վասն զի անոր եղբայրը մեռած է ու անիկա մինակ մնացած է։ Եթէ ձեր երթալու ճամբուն մէջ անոր փորձանք մը պատահելու ըլլայ, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզման [«Շէօլ», ՆԱ] պիտի իջեցնէք»։ (Ծննդոց 42։36, 38) Այս երկու ակնարկումները Շէօլը կ’առնչեն մահուան հետ եւ ո՛չ թէ անդէնականի հետ։
6 Ծննդոցի արձանագրութիւնը կը յայտնէ թէ Յովսէփ Եգիպտոսի մէջ ուտելիքի խնամակալը եղած էր։ Հետեւաբար Յակոբ ուրախութեամբ կրցաւ հոն երթալ եւ Յովսէփի վերամիանալ։ Յակոբ Եգիպտոսի մէջ բնակեցաւ մինչեւ իր մահը՝ 147 տարեկանին։ Իր փափաքին համաձայն, իր որդիները զինք թաղեցին Մաքփելայի քարայրին մէջ, Քանանի երկիրը։ (Ծննդոց 47։28. 49։29-31. 50։12, 13) Այսպէս Յակոբ միացաւ իր հօր՝ Իսահակի ու իր մեծ–հօր՝ Աբրահամի։
‘Իրենց ժողովուրդին խառնուեցան’
7, 8. (ա) Աբրահամ երբ մեռաւ, ո՞ւր գնաց. բացատրէ։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ ուրիշներ ալ Շէօլ գացին, երբ մեռան։
7 Երբ Եհովա Աբրահամի հետ իր ուխտը հաստատեց եւ անոր խոստացաւ թէ իր զարմը պիտի բազմանար, նշեց թէ անոր ի՛նչ պիտի պատահէր, ըսելով. «Եւ դուն խաղաղութեամբ քու հայրերուդ պիտի երթաս, աղէկ մը ծերացած պիտի թաղուիս»։ (Ծննդոց 15։15) Ճիշդ ասիկա տեղի ունեցաւ, ինչպէս Ծննդոց 25։8–ը կ’ըսէ. «Աբրահամ աղէկ ծերութեամբ ծերացած ու իր օրերը լեցուած՝ աւանդեց իր հոգին ու մեռաւ եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ»։ Այս ժողովուրդը ո՞վ էր։ Ծննդոց 11։10-26–ը կը թուէ Աբրահամի նախահայրերը, Նոյի որդիէն՝ Սէմէն սկսեալ։ Ուստի Շէօլի մէջ արդէն քնացած այս անհատներուն մէջ ամփոփուեցաւ Աբրահամ երբ մեռաւ։
8 «Իր ժողովուրդին խառնուեցաւ» արտայայտութիւնը Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ յաճախ կը յիշուի։ Ուստի տրամաբանական է եզրակացնել թէ Աբրահամի որդին՝ Իսմայէլ, եւ Մովսէսի եղբայրը՝ Ահարոն, իրենց մահուան ատեն Շէօլ գացին, հոն յարութեան սպասելով։ (Ծննդոց 25։17. Թուոց 20։23-29) Մովսէս ալ Շէօլ գնաց, թէեւ ո՛չ ոք անոր գերեզմանին տեղը գիտցաւ։ (Թուոց 27։13. Բ. Օրինաց 34։5, 6) Նմանապէս Յեսու, Մովսէսի յաջորդը որպէս Իսրայէլի առաջնորդը, եւ ժամանակակից ամբողջ սերունդը Շէօլ իջան, երբ մեռան։—Դատաւորաց 2։8-10
9. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եբրայերէն «Շէօլ» բառը եւ Յունարէն «Հատէս» բառը նոյն վայրին կ’ակնարկեն։ (բ) Շէօլի կամ Հատէսի մէջ եղողները ի՞նչ յոյս ունին։
9 Դարեր ետք, Դաւիթ Իսրայէլի 12 տոհմերուն թագաւորը եղաւ։ Երբ մեռաւ, ան «իր հայրերուն հետ քնացաւ»։ (Գ. Թագաւորաց 2։10) Ան ալ Շէօլ գնա՞ց։ Հետաքրքրական է որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ Դաւիթի մահուան ակնարկեց ու Սաղմոս 16։10–ն մէջբերեց. «Իմ անձս գերեզմանին [«Շէօլի», ՆԱ] մէջ պիտի չթողուս»։ Յիշելէ ետք որ Դաւիթ տակաւին իր գերեզմանին մէջ էր, Պետրոս այդ խօսքերը Յիսուսի կիրարկեց եւ նշեց թէ Դաւիթ «կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսին յարութեանը համար եւ թէ անոր անձը գերեզմանը [«Հատէս», ՆԱ] չթողուեցաւ եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ։ Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց, որուն մենք ամէնքս ալ վկայ ենք»։ (Գործք 2։29-32) Պետրոս գործածեց Յունարէն «Հատէս» բառը, որ Եբրայերէն «Շէօլ» բառին կը համապատասխանէ։ Ուստի Հատէսի մէջ եղողները, Շէօլի մէջ եղողներուն նոյն վիճակը ունին։ Անոնք քնացած են, յարութեան սպասելով։
Շէօլի մէջ մեղաւորներ կա՞ն
10, 11. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ մեղաւորներէն ոմանք երբ մեռնին, Շէօլ կամ Հատէս կ’երթան։
10 Մովսէս Իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն դուրս հանելէ ետք, ըմբոստութիւն ծագեցաւ անապատին մէջ։ Մովսէս ժողովուրդին ըսաւ որ զատուին պարագլուխներէն,– Կորխ, Դաթան ու Աբիրոն։ Անոնք արտասովոր կերպով պիտի մեռնէին։ Մովսէս բացատրեց. «Եթէ ասոնք ամէն մարդու մեռնելուն պէս մեռնին եւ եթէ ամէն մարդու պատահածը ասոնց ալ պատահի, Տէրը զիս ղրկած չէ։ Բայց եթէ Տէրը հրաշք մը ընէ եւ երկիր իր բերանը բանայ ու զանոնք եւ անոնց բոլոր ունեցածը կլլէ ու անոնք ողջ ողջ դժոխք [«Շէօլ», ՆԱ] իջնեն, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ այս մարդիկը Տէրը անարգեցին»։ (Թուոց 16։29, 30) Ուստի այս բոլոր ըմբոստները Շէօլ կամ Հատէս գացին, երբ երկիրը իր բերանը բացաւ ու կլլեց զանոնք, եւ երբ կրակը սպառեց Կորխն ու իրեն թիկունք կանգնող 250 Ղեւտացիները։—Թուոց 26։10
11 Սողոմոնի ձեռքով պատժուեցաւ Սեմէի, որ անիծած էր Դաւիթ թագաւորը։ Դաւիթ Սողոմոնի պատուիրեց. «Դուն զանիկա անմեղ մի՛ սեպեր, քանզի դուն խելացի մարդ ես ու անոր ինչ ընելիքդ գիտես եւ անոր ճերմակ մազերը արիւնով գերեզմանը [«Շէօլ», ՆԱ] իջեցո՛ւր»։ Սողոմոն Բանիայի միջոցով դատավճիռը գործադրեց։ (Գ. Թագաւորաց 2։8, 9, 44-46) Բանիա նաեւ սպաննեց Իսրայէլի նախկին սպարապետը՝ Յովաբ։ Անոր ճերմակ մազերը ‘խաղաղութեամբ գերեզմանը [«Շէօլ», ՆԱ] չիջան’։ (Գ. Թագաւորաց 2։5, 6, 28-34) Այս երկու օրինակները կը վկայեն թէ Դաւիթի ներշնչեալ տաղերգութիւնը ճշմարիտ է. «Ամբարիշտները դժոխքը [«Շէօլ», ՆԱ] պիտի դառնան եւ այն բոլոր ազգերը, որոնք Աստուած կը մոռնան»։—Սաղմոս 9։17
12. Ո՞վ էր Աքիտոփէլ, իսկ երբ մեռաւ, ո՞ւր գնաց։
12 Աքիտոփէլ Դաւիթի խրատատուն էր։ Անոր տուած խորհուրդը ա՛յնպէս էր, որպէս Բ. Թագաւորաց 16։23) Բայց այս վստահելի ծառան դաւաճան դարձաւ, եւ Դաւիթի որդիին՝ Աբիսողոմի առաջնորդած ըմբոստութեան միացաւ։ Ըստ երեւոյթին, Դաւիթ այս դաւաճանութեան ակնարկեց, երբ գրեց. «Թշնամին չէր զիս նախատողը, որ համբերէի. կամ ատողը չէր իմ վրաս հպարտացողը, որ անկէ պահուէի»։ Դաւիթ շարունակեց. «Մահը յանկարծ անոնց վրայ պիտի հասնի ու ողջ ողջ գերեզմանը [«Շէօլ», ՆԱ] պիտի իջնեն, վասն զի իրենց բնակարաններուն ու իրենց մէջ չարութիւն կայ»։ (Սաղմոս 55։12-15) Աքիտոփէլ ու իր բարեկամները երբ մեռան, Շէօլ գացին։
թէ մէկը Աստուծոյ խօսքը կը հարցնէր։ (Գեհենի մէջ որո՞նք կան
13. Յուդա ինչո՞ւ «կորստեան որդի» կոչուեցաւ։
13 Դաւիթի պարագան Մեծագոյն Դաւիթի՝ Յիսուսի պարագային հետ համեմատէ։ Քրիստոսի 12 առաքեալներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիովտացի, Աքիտոփէլի նման դաւաճան դարձաւ, բայց իր դաւաճանութիւնը շա՜տ աւելի լուրջ էր, քանի որ Աստուծոյ միածին Որդիին դէմ դաւադրեց։ Իր երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան, աղօթքի մը մէջ Աստուծոյ Որդին իր հետեւորդներուն մասին ըսաւ. «Երբ ես աշխարհի մէջ անոնց հետ էի, ես կը պահէի զանոնք քու անունովդ։ Անոնք որ դուն ինծի տուիր, ես պահեցի եւ անոնցմէ մէ՛կը չկորսուեցաւ, միայն թէ այն կորստեան որդին, որպէս զի գրուածը կատարուի»։ (Յովհաննու 17։12) Յուդան «կորստեան որդի» կոչելով, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ան յարութեան յոյս չունի։ Երբ Յուդա մեռաւ, Աստուծոյ յիշողութեան մէջ չմնաց։ Ան ո՛չ թէ Շէօլ գնաց, այլ՝ Գեհեն։ Ի՞նչ է Գեհենը։
14. Գեհենը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։
14 Յիսուս իր օրուան կրօնական առաջնորդները դատապարտեց, քանի որ իրենց իւրաքանչիւր աշակերտը «գեհենի որդի» կ’ընէին։ (Մատթէոս 23։15) «Գեհեն» կը նշանակէ «Ենովմի ձոր», եւ այդ ժամանակ մարդիկ անոր քաջածանօթ էին,– որպէս աղբանոց գործածուող վայր, ուր պատշաճ թաղումի արժանի չեղող ոճրագործներուն դիակները կը նետուէին։ Յիսուս Գեհենը յիշած էր իր Լերան Քարոզին մէջ։ (Մատթէոս 5։29, 30) Իսկ իր ունկնդիրներուն համար յստակ էր անոր այլաբանական իմաստը։ Անիկա կը խորհրդանշէր ամբողջական կործանում, առանց յարութեան յոյսի։ Յուդա Իսկարիովտացիէ զատ, ուրիշներ ալ Գեհեն գացա՞ծ են։
15, 16. Որո՞նք Գեհեն գացած են, եւ ինչո՛ւ։
15 Առաջին մարդկային արարածները, Ադամ ու Եւա, կատարեալ ստեղծուած էին։ Անոնք դիտումնաւոր կերպով մեղք գործեցին։ Անոնք կրնային ընտրել կա՛մ յաւիտենական կեանք եւ կամ մահ։ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելով, անոնք Սատանայի կողմը դիրք բռնեցին, ու երբ մեռան, Քրիստոսի
փրկանքի զոհէն օգտուելու հեռանկարը չունէին, այլ՝ Գեհեն գացին։16 Ադամի անդրանիկ որդին՝ Կայէն իր եղբայրը Աբէլը սպաննեց, եւ անկէ ետք թափառական կեանք ապրեցաւ։ Յովհաննէս առաքեալ նշեց թէ Կայէնը «Չարէն էր»։ (Ա. Յովհաննու 3։12, ԱՎ) Տրամաբանական է եզրակացնել թէ Կայէն իր ծնողքին նման, Գեհեն գնաց։ (Մատթէոս 23։33, 35) Ասիկա հակապատկերն է արդար Աբէլի կացութեան։ Պօղոս բացատրեց. «Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը. վասն զի իր պատարագներուն համար Աստուծմէ վկայութիւն եղաւ իրեն եւ անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի»։ (Եբրայեցիս 11։4) Այո, Աբէլ ներկայիս Շէօլի մէջ է եւ յարութեան կը սպասէ։
«Առաջին» եւ «աւելի լաւ» յարութիւն
17. (ա) Այս «վերջին ժամանակին» ընթացքին, որո՞նք Շէօլ կ’երթան։ (բ) Շէօլի եւ Գեհենի մէջ եղողներուն հեռանկարները ի՞նչ են։
17 Ի՞նչ կը պատահի անոնց որ այս «վերջին ժամանակին» ընթացքին կը մեռնին։ (Դանիէլ 8։19) Յայտնութեան 6–րդ գլուխը կը նկարագրէ չորս ձիաւորներու արշաւը այդ ժամանակին։ Հետաքրքրական է որ վերջին ձիաւորը կը կոչուի Մահ, եւ անոր ետեւէն կ’երթայ Հատէսը։ Ուստի նախորդ ձիաւորներուն պատճառած վաղահաս մահով մեռնողներէն շատեր Հատէս կ’երթան, ուր կը սպասեն Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յարութիւն առնել։ (Յայտնութիւն 6։8) Արդ, Շէօլի կամ Հատէսի մէջ եղողները յարութեան կը սպասեն, իսկ Գեհենի մէջ եղողներուն հեռանկարն է՝ յաւիտենական կործանում, անգոյութիւն։
18. «Առաջին յարութիւնը» ի՞նչ հեռանկար կը ներկայացնէ։
18 Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Երանելի եւ սուրբ է ա՛ն, որ առաջին յարութեանը մէջ բաժին ունի։ Ասոնց վրայ երկրորդ մահը իշխանութիւն չունի, հապա անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն»։ Անոնք որ Քրիստոսի իշխանակիցները պիտի ըլլան, «առաջին յարութեան» մէջ բաժին ունին։ Բայց մնացեալ մարդկութեան յոյսը ի՞նչ է։—Յայտնութիւն 20։6
19. Ոմանք ի՞նչպէս ‘աւելի լաւ յարութենէ մը’ պիտի օգտուին։
19 Աստուծոյ ծառաներուն՝ Եղիայի ու Եղիսէի օրերէն ի վեր, յարութեան հրաշքը անհատներ վերակենդանացուցած է։ «Կիները յարութեան միջոցով վերստացան իրենց մեռելները», ըսաւ Պօղոս, բայց «ուրիշներ ենթարկուեցան չարչարանքի՝ մերժելով փրկութիւն ձեռք բերել, որպէսզի հասնին աւելի լաւ յարութեան մը»։ Այո, այդ հաւատարիմ ուղղամիտները կը տենչային յարութեան մը, որ իրենց պիտի տար յաւիտենական կեանքի հեռանկարը, եւ ո՛չ թէ քանի մը յաւելեալ տարիներ։ Արդարեւ անիկա «աւելի լաւ յարութիւն մը» պիտի ըլլայ։—Եբրայեցիս 11։35, Երուսաղէմ
20. Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։
20 Այս չար դրութեան վերջ դրուելէ առաջ եթէ հաւատարմօրէն մեռնինք, «աւելի լաւ յարութեան մը» ստոյգ յոյսը ունինք, յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։ Յիսուս խոստացաւ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ յարութեան նպատակը։ Անիկա ցոյց պիտի տայ թէ յարութեան յոյսը ի՛նչպէս կը զօրացնէ մեզ որ մեր ուղղամտութիւնը պահենք եւ կ’օգնէ որ անձնազոհ ըլլանք։
Կը յիշե՞ս
• Եհովայի մասին ինչո՞ւ կ’ըսուի թէ «ողջերուն» Աստուածն է։
• Շէօլի մէջ եղողներուն վիճակը ի՞նչ է։
• Գեհենի մէջ եղողները ի՞նչ հեռանկար ունին։
• Ոմանք ի՞նչպէս ‘աւելի լաւ յարութենէ մը’ պիտի օգտուին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Աբրահամի նման, Շէօլ գացողները յարութեան յոյս ունին
[Նկարներ՝ էջ 24]
Ադամ, Եւա, Կայէն եւ Յուդա Իսկարիովտացի, ինչո՞ւ Գեհեն գացին