Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշխարհը դէպի ո՞ւր կ’ընթանայ

Աշխարհը դէպի ո՞ւր կ’ընթանայ

Աշխարհը դէպի ո՞ւր կ’ընթանայ

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. շատ հաճելի կը թուի։ Ամէն ոք զայն կը փափաքի։ Այո, միութեան մասին շատ խօսուած է։ Աշխարհի առաջնորդներուն գումարած ժողովները, կրկին անգամ այս նիւթին վրայ կեդրոնացած են։ Օգոստոս 2000–ին, աւելի քան 1,000 կրօնական առաջնորդներ համախմբուեցան Միացեալ Ազգերու հիմնարկին մէջ, Հազարամեակի Համաշխարհային Խաղաղութեան Վեհաժողովին համար։ Անոնք փորձեցին աշխարհի պայքարներուն լուծումներ գտնել։ Սակայն համագումարը ինքնին կ’արտացոլացնէր աշխարհի մէջ եղած սուր տարակարծութիւնները։ Երուսաղէմէն մուֆթի մը մերժեց գալ, քանի որ Հրեայ ռաբբի մը ներկայ էր հոն։ Ուրիշներ ընդվզեցան, քանի որ Տալայի Լամա առաջին երկու օրերուն հրաւիրուած չէր, Չինաստանի հակառակութիւնը չգրգռելու համար։

Հոկտեմբեր 2003–ին, Խաղաղականի սահմանակից պետութիւնները Թայլանտի մէջ գումարուած Ասիա–Խաղաղականի Տնտեսական Համագործակցութեան վեհաժողովին, համաշխարհային ապահովութեան հարցեր քննարկեցին։ Ներկայ եղող 21 պետութիւնները խոստացան ահաբեկչական խմբակները լուծել եւ որդեգրեցին աշխարհածաւալ ապահովութիւնը բարելաւելու կերպեր։ Սակայն համագումարին ընթացքին, բազմաթիւ ներկայացուցիչներ գանգատեցան վարչապետի մը ըրած դիտողութիւններուն դէմ, որոնք նկատուեցան ատելավառ յարձակում Հրեաներուն վրայ։

Ինչո՞ւ միութիւն չկայ

Աշխարհը միացնելու մասին շատ կը խօսուի, բայց շօշափելի արդիւնքները քիչ են։ Հակառակ շատերու անկեղծ ջանքերուն, համաշխարհային միութիւնը ինչո՞ւ կը շարունակէ խոյս տալ մարդկութենէն, նոյնիսկ 21–րդ դարուն։

Պատասխանը մասամբ նշեց վարչապետ մը, որ վերոյիշեալ համագումարին ներկայ էր։ Ան ըսաւ. «Կայ ազդակ մը որ կը կոչուի՝ ազգային արժանապատուութիւն»։ Այո, մարդկային ընկերութիւնը ազգայնականութեան մէջ մխրճուած է։ Իւրաքանչիւր ազգ ու էթնիք խումբ ինքնորոշման ցանկութեամբ տարուած է։ Ազգային գերիշխանութիւնը, մրցակցութեան ու ագահութեան հոգիին հետ մէկտեղ, անկայուն կացութիւն յառաջ բերած է։ Շատ մը պարագաներուն, երբ ազգային շահերը համաշխարհային շահերուն հակասած են, ազգային շահերուն նախապատուութիւն տրուած է։

Ազգայնականութիւնը սաղմոսերգուին կողմէ յարմար կերպով նկարագրուած է որպէս «ապականիչ ժանտամահ»։ (Սաղմոս 91։3) Անիկա մարդկութիւնը հարուածող պատուհասի մը պէս եղած է, անպատում տառապանք պատճառելով։ Ազգայնականութիւնը եւ անոր առթած օտարատեացութիւնը դարերէ ի վեր գոյութիւն ունին։ Ներկայիս ազգայնականութիւնը կը շարունակէ բաժանականութիւնը բոցավառել, իսկ կառավարիչները չեն կրցած զայն կասեցնել։

Բազմաթիւ հեղինակութիւններ կ’ընդունին թէ ազգայնականութիւնը եւ շահասիրութիւնը աշխարհի խնդիրներուն արմատն են։ Օրինակ, Միացեալ Ազգերու նախկին ընդհանուր քարտուղար՝ Եու Թհանդ նշեց. «Մեր դիմագրաւած խնդիրներուն մեծամասնութիւնը սխալ տեսակէտներու հետեւանքն է։ . . . Անոնցմէ մէկն է նեղմիտ ազգայնականութեան հասկացութիւնը,– ‘երկիրս մի՛շտ իրաւունքով է’»։ Այսուհանդերձ ներկայիս ազգերը շահասիրութեամբ կլանուած, հետզհետէ աւելի կը պահանջեն գերիշխանութիւն։ Անոնք որ զայն կը վայելեն, չեն ուզեր անկէ նոյնիսկ չնչին մաս մը կորսնցնել։ Օրինակ, օրաթերթ մը (International Herald Tribune), Եւրոմիութեան մասին ըսաւ. «Մրցակցութիւնը եւ անվստահութիւնը կը մնան եւրոպական քաղաքականութեան հիմնական կերպերը։ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններուն մեծամասնութիւնը տակաւին չ’ընդունիր որ իրենցմէ մէկը աւելի մեծ հեղինակութիւն ձեռք ձգէ եւ առաջնորդութիւնը ստանձնէ»։

Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը մարդկային ամէն տեսակ իշխանութեան հետեւանքը ճշգրտօրէն կը նկարագրէ, ըսելով. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժողովողի 8։9) Աշխարհը անջատ պետութիւններու բաժնելով, խմբակներ եւ անհատներ Աստուածաշունչի սա սկզբունքին կատարումը տեսած են. «Զատուող մարդը իր փափաքը կը փնտռէ, եւ ամէն գաղափարի կ’ընդդիմանայ»։—Առակաց 18։1, ԱՎ

Մեր Ստեղծիչը, որ գիտէ թէ ինչ բան մեզի համար լաւագոյնն է, երբեք չէր նպատակադրած որ մարդիկ կառավարութիւններ կազմեն եւ իշխեն։ Ասիկա ընելով, մարդիկ անտեսած են Աստուծոյ նպատակը եւ այն իրողութիւնը թէ ամէն բան իրեն կը պատկանի։ Սաղմոս 95։3-5–ը կ’ըսէ. «Տէրը մեծ Աստուած է ու բոլոր աստուածներուն վրայ՝ մեծ Թագաւոր։ Անոր ձեռքին մէջ են երկրի խորունկ տեղերը ու լեռներուն բարձրութիւնները անոր են։ Իրն է ծովը ու ինք շինեց զանիկա եւ իր ձեռքերը ստեղծեցին ցամաքը»։ Աստուած է իրաւացի Գերիշխանը, եւ բոլորս զինք մեր կառավարիչը պէտք է նկատենք։ Ազգերը իրենց գերիշխանութեան հետամուտ ըլլալով, իր կամքին դէմ կ’աշխատին։—Սաղմոս 2։2

Ի՞նչ բանի կարիք կայ

Աշխարհը միացնելու միակ միջոցն է՝ համաշխարհային մէկ հեղինակութիւն ունենալ, որ բոլոր մարդոցմով իսկապէս կը հետաքրքրուի։ Մտաւորականներէն շատեր այս կարիքը կը տեսնեն, բայց յաճախ սխալ աղբիւրէ մը զայն կ’ակնկալեն։ Օրինակ, բազմաթիւ մեկնաբաններ, ի ներառեալ կրօնական առաջնորդներ, մարդիկ քաջալերած են որ համաշխարհային միութեան համար իրենց յոյսը Միացեալ Ազգերուն վրայ դնեն։ Սակայն վեհ իտէալներ ունեցող մարդկային կազմակերպութիւնները երբեք չեն կրցած մարդկութեան միջազգային խնդիրները լուծել։ Այս կազմակերպութիւններուն մեծամասնութիւնը պարզապէս արտացոլացուցած է զանազան ազգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող անմիաբանութիւնը։

Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ որ լուծումին համար մարդկային հաստատութիւններու չդիմենք, երբ կ’ըսէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ»։ (Սաղմոս 146։3) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ համաշխարհային միութիւնը անկարելի է։ Բնա՛ւ երբեք։ Ուրիշ կերպ մը կայ։

Շատեր անտեղեակ են թէ Աստուած արդէն կառավարութիւն մը հիմնած է, որ կարող է աշխարհը միացնել։ Աստուածաշունչը Եհովա Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ։ Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք»։ (Սաղմոս 2։6, 8) Համարը կը նշէ թէ Եհովա Աստուած ‘իր թագաւորը օծած է’, եւ 7–րդ համարին մէջ զայն կը կոչէ «իմ որդիս»։ Անիկա Աստուծոյ Որդին է՝ Յիսուս Քրիստոս, որ բոլոր ազգերուն վրայ հեղինակութիւն ստացած է։

Համաշխարհային միութիւնը ի՛նչպէս պիտի իրագործուի

Շատեր Աստուծոյ հաստատած այս երկնային իշխանութիւնը չեն ընդունիր։ Ազգերը ամրօրէն կը կառչին իրենց գերիշխանութեան կարծեցեալ իրաւունքին։ Սակայն Աստուած պիտի չհանդուրժէ անոնց որ կը մերժեն ընդունիլ իր գերիշխանութիւնը եւ իր հաստատած կառավարութիւնը։ Անոնց մասին խօսելով, Սաղմոս 2։9–ն կ’ըսէ. «Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես [Յիսուս Քրիստոս], բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։ Գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, այժմ պետութիւնները կ’ուղղուին Աստուծոյ դէմ պատերազմելու։ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը կը նշէ թէ ‘ամբողջ երկրագունդի թագաւորները կը հաւաքուին, Ամենակալ Աստուծոյ այդ մեծ օրուան պատերազմին համար’։ (Յայտնութիւն 16։14) Պետութիւններն ու անոնց պառակտիչ մեթոտները պիտի չքանան, ճամբան հարթելով Աստուծոյ կառավարութեան որ իր գործը անարգել կատարէ։

Որպէս Տիեզերքի Գերիշխան, Եհովա Աստուած իր Որդիին միջոցով իմաստութեամբ զօրութիւն պիտի բանեցնէ, միացեալ աշխարհ մը յառաջ բերելու համար հարկ եղած փոփոխութիւնները կատարելու։ Աստուծոյ կառավարութիւնը իսկական միութիւն պիտի բերէ եւ արդարութիւն սիրողները պիտի օրհնէ։ Աստուածաշունչիդ մէջ 72–րդ սաղմոսը կարդալով, պիտի նկատես մարգարէական պատկեր մը, որ ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ Որդիին յանձնուած իշխանութիւնը մարդկութեան ի նպաստ ի՛նչ բաներ պիտի ընէ։ Մարդիկ համաշխարհային իսկական միութիւն պիտի վայելեն, եւ իրենց բոլոր խնդիրները,– կեղեքումը, բռնութիւնը, աղքատութիւնը, եւայլն,– պիտի չքանան։

Ներկայ պառակտուած աշխարհին մէջ, շատեր կը խորհին թէ այս յոյսը անիրատես է։ Բայց այսպէս խորհիլը սխալ է, քանի որ Աստուծոյ խոստումները երբեք չեն ձախողած, եւ երբեք պիտի չձախողին։ (Եսայեայ 55։10, 11) Կը փափաքի՞ս այս փոփոխութիւնը տեսնել։ Կրնա՛ս։ Իրականութեան մէջ, արդէն կայ ժողովուրդ մը որ այդ ժամանակուան համար կը պատրաստուի։ Անոնք ամէն ազգէ եկած են, բայց փոխանակ կռուելու, միակամօրէն Աստուծոյ գերիշխանութեան կ’ենթարկուին։ (Եսայեայ 2։2-4) Անոնք ճանչցուած են որպէս Եհովայի Վկաներ։ Ինչո՞ւ չընդունիս իրենց ժողովասրահը այցելելու հրաւէրը։ Հաւանաբար թարմացուցիչ ընկերակցութիւն պիտի վայելես անհատներու հետ, որոնք կրնան քեզի օգնել Աստուծոյ գերիշխանութեան ենթարկուելու եւ անվերջ միութիւն վայելելու։

[Նկարներ՝ էջ 7]

Ամէն ազգէ անհատներ կը պատրաստուին միացեալ աշխարհի մը մէջ կեանքը վայելելու

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]

Saeed Khan/AFP/Getty Images

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 5]

Woman grieving: Igor Dutina/AFP/Getty Images; protesters: Said Khatib/AFP/Getty Images; armored cars: Joseph Barrak/AFP/Getty Images