Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի ճամբաները ճանչնանք

Եհովայի ճամբաները ճանչնանք

Եհովայի ճամբաները ճանչնանք

«Ինծի ցուցուր . . . քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ»։—ԵԼԻՑ 33։13

1, 2. (ա) Մովսէս ինչո՞ւ Եգիպտացին սպաննեց։ (բ) Եհովայի ծառայութեան յարմար ըլլալու համար, Մովսէս ի՞նչ պէտք էր սորվէր, եւ ասիկա ի՞նչպէս կ’օգտէ մեզի։

ՄՈՎՍԷՍ Փարաւոնի տան մէջ մեծցած էր ու Եգիպտոսի ազնուական դասակարգին կողմէ արժեւորուած իմաստութեամբ դաստիարակուած էր։ Բայց ան գիտէր որ Եգիպտացի չէր եւ թէ իր ծնողքը Եբրայեցի էին։ Երբ 40 տարեկան եղաւ, ան իր եղբայրներուն՝ Իսրայէլի որդիներուն այցելեց, իսկ երբ տեսաւ որ Եգիպտացի մը կը հարստահարէր Եբրայեցի մը, անտարբեր չգտնուեցաւ, այլ՝ Եգիպտացին սպաննեց։ Ան ընտրեց Եհովայի ժողովուրդին կողքին դիրք բռնել եւ խորհեցաւ որ Աստուած զինք կը գործածէր իր եղբայրները ազատագրելու համար։ (Գործք 7։21-25. Եբրայեցիս 11։24, 25) Այս միջադէպը հանրածանօթ դառնալով, պալատականները Մովսէսը օրինազանց նկատեցին, ուստի ստիպուեցաւ փախչիլ իր կեանքը ազատելու համար։ (Ելից 2։11-15) Եթէ Աստուած Մովսէսը պիտի գործածէր, ան Եհովայի ճամբաներուն աւելի քաջածանօթ պէտք էր ըլլար։ Ան ուսուցանուելու ընդունակ պիտի ըլլա՞ր։—Սաղմոս 25։9

2 Յաջորդ 40 տարիներու ընթացքին, Մովսէս իբր աքսորեալ ու հովիւ ապրեցաւ։ Փոխանակ դառնանալու քանի որ իր Եբրայեցի եղբայրները զինք չգնահատեցին, Մովսէս Աստուծոյ թոյլատրած վիճակին ենթարկուեցաւ։ Թէեւ երկար տարիներ անցան առանց ճանաչում ստանալու, սակայն Մովսէս թոյլ տուաւ որ Եհովա զինք կաղապարէ։ Ո՛չ թէ իր անձնական կարծիքը տալով, այլ՝ Աստուծոյ սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ, հետագային ան գրեց. «Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի»։ (Թուոց 12։3) Եհովա ուշագրաւ կերպերով Մովսէսը գործածեց։ Եթէ մենք ալ հեզութիւն փնտռենք, Եհովա մեզ պիտի օրհնէ։—Սոփոնեայ 2։3

Յանձնարարութիւն կը ստանայ

3, 4. (ա) Եհովա Մովսէսի ի՞նչ յանձնարարութիւն տուաւ։ (բ) Մովսէսի ի՞նչ օգնութիւն տրուեցաւ։

3 Օր մը, Եհովան ներկայացնող հրեշտակ մը Մովսէսի խօսեցաւ Քորեբ լերան մօտ, Սինա թերակղզիին մէջ։ Մովսէսի ըսուեցաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը . . . տանելու եկայ»։ (Ելից 3։2, 7, 8) Այս ուղղութեամբ Աստուած Մովսէսի տալիք գործ մը ունէր, բայց Եհովայի ուզած կերպով պէտք էր կատարուէր։

4 Եհովայի հրեշտակը շարունակեց. «Ուստի եկո՛ւր, քեզ Փարաւոնին ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես»։ Մովսէս վարանեցաւ, ինքզինք որակեալ չնկատելով։ Սակայն Եհովա զինք հաւաստիացուց. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ»։ (Ելից 3։10-12) Եհովա Մովսէսի զօրութիւն տուաւ որ հրաշալի նշաններ ընէ, որոնք իբրեւ յանձնարարագիր պիտի փաստէին թէ ինք իրապէս Աստուծմէ ղրկուած է։ Մովսէսի եղբայրը՝ Ահարոն իր խօսնակը պիտի ըլլար։ Իսկ Եհովա անոնց պիտի սորվեցնէր իրենց ըսելիք ու ընելիք բաները։ (Ելից 4։1-17) Մովսէս այս նշանակումը հաւատարմօրէն պիտի կատարէ՞ր։

5. Իսրայէլի կեցուածքը ինչո՞ւ Մովսէսի համար մարտահրաւէր էր։

5 Սկիզբը, Իսրայէլի ծերերը Մովսէսի ու Ահարոնի հաւատացին։ (Ելից 4։29-31) Սակայն շատ չանցած, «Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները» Մովսէսն ու իր եղբայրը մեղադրեցին, ըսելով թէ «գարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ»։ (Ելից 5։19-21. 6։9) Երբ Իսրայելացիները Եգիպտոսէն դուրս կ’ելլէին, զիրենք հալածող եգիպտական կառքերը տեսնելով վախցան։ Իրենց դիմաց Կարմիր ծովը ըլլալով, իսկ ետեւ՝ մարտակառքերը, անոնք խորհեցան թէ ծուղակը ինկան, ուստի Մովսէսը մեղադրեցին։ Դուն ի՞նչպէս պիտի հակազդէիր։ Իսրայելացիները նաւեր չունենալով հանդերձ, Մովսէս Եհովայի հրահանգին հնազանդելով ժողովուրդը յորդորեց որ չուեն։ Ապա Աստուած Կարմիր ծովը ճեղքեց ու յատակը չորցուց, այնպէս որ Իսրայէլ կրցաւ միւս կողմ անցնիլ։—Ելից 14։1-22

Ազատագրութենէն աւելի մեծ հարց մը

6. Երբ Մովսէսի յանձնարարութիւն կու տար, Եհովա ի՞նչ բան շեշտեց։

6 Երբ Մովսէսի յանձնարարութիւն կու տար, Եհովա աստուածային անունին կարեւորութիւնը շեշտեց։ Այդ անունը եւ զայն կրողը յարգելը կենսական էր։ Երբ Մովսէս Աստուծոյ անունին մասին հարցուց, Եհովա ըսաւ. «Ես եմ ա՛ն՝ որ է»։ Ասկէ զատ, Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պէտք էր ըսէր. «Ձեր հայրերուն Աստուածը՝ Եհովան, Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը ու Յակոբի Աստուածը, զիս ձեզի ղրկեց»։ Եհովա աւելցուց. «Ա՛յս է իմ անունս յաւիտեան, եւ ա՛յս է իմ յիշատակս սերունդէ սերունդ»։ (Ելից 3։13-15, ԱՎ) Աստուած տակաւին Եհովա անունով ճանչցուած է իր ծառաներուն, համայն աշխարհի մէջ։—Եսայեայ 12։4, 5. 43։10-12

7. Ի հեճուկս Փարաւոնի յոխորտանքին, Աստուած Մովսէսը յորդորեց որ ի՞նչ ընէ։

7 Մովսէս ու Ահարոն Եհովայի անունով իրենց պատգամը Փարաւոնի հաղորդեցին։ Սակայն Փարաւոն յոխորտօրէն ըսաւ. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքը մտիկ ընելով՝ Իսրայէլը արձակեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար, եւ Իսրայէլն ալ չեմ արձակեր»։ (Ելից 5։1, 2, ԱՎ) Փարաւոն կարծրասիրտ եւ խաբեբայ ըլլալով հանդերձ, Եհովա Մովսէսը յորդորեց որ կրկին անգամ անոր պատգամներ հաղորդէ։ (Ելից 7։14-16, 20-23. 8։1, 2, 20) Մովսէս կը տեսնէր թէ ասիկա Փարաւոնը կը զայրացնէր։ Դարձեալ դէմ–դիմաց գալը օգուտ պիտի բերէ՞ր։ Իսրայէլ ազատագրութեան կը տենչար, իսկ Փարաւոն անթեքօրէն կը մերժէր։ Դուն ի՞նչ պիտի ընէիր։

8. Փարաւոնին հետ Եհովայի վարուած կերպը ի՞նչ օգուտ բերաւ, եւ այդ իրադարձութիւնները ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեզի։

8 Մովսէս ուրիշ պատգամ ալ հաղորդեց, ըսելով. «Տէրը [«Եհովա», Արարատ]՝ Եբրայեցիներուն Աստուածը՝ սա՛ կը յայտարարէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէսզի զիս պաշտէ’»։ Աստուած նաեւ ըսաւ. «Արդարեւ հիմա ձեռքս պիտի երկարեմ՝ որպէսզի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ, ու երկրի վրայէն պիտի անհետանաս։ Քեզ նշանակեցի, որպէսզի իմ կարողութիւնս քեզմով ցոյց տամ, եւ ամբողջ երկրի վրայ իմ անունս հռչակուի»։ (Ելից 9։13-16, ԱՎ) Կարծրասիրտ Փարաւոնին դէմ գործադրուելիք դատաստանով, Եհովա ուզեց իր զօրութիւնը ցոյց տալ այնպիսի կերպով, որ զինք նախատող բոլոր անհատներուն ազդարարութիւն ըլլայ։ Անոնցմէ մէկն է Բանսարկուն, որ Յիսուս Քրիստոս հետագային կոչեց «այս աշխարհին իշխանը»։ (Յովհաննու 14։30. Հռովմայեցիս 9։17-24) Ինչպէս նախագուշակուեցաւ, Եհովայի անունը համայն աշխարհի մէջ հռչակուեցաւ։ Իր երկայնամտութեան շնորհիւ, Իսրայելացիները եւ զինք պաշտող խառն բազմութիւնը փրկուեցան։ (Ելից 9։20, 21. 12։37, 38) Անկէ ի վեր, Եհովայի անունը ծանուցանելէն միլիոնաւորներ օգտուած են, ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրելով։

Դժուար ժողովուրդի մը հետ վարուիլ

9. Մովսէսի ժողովուրդը ի՞նչպէս Եհովան չյարգեց։

9 Եբրայեցիները Աստուծոյ անունը գիտէին։ Մովսէս այդ անունը գործածեց երբ անոնց հետ կը խօսէր, բայց անոնք Եհովայի հանդէպ միշտ պատշաճ յարգանք չցուցաբերեցին։ Եգիպտոսէն հրաշալիօրէն ազատագրուելէն քիչ ետք, ի՞նչ պատահեցաւ երբ Իսրայելացիները շուտով խմելիք ջուր չգտան։ Անոնք Մովսէսի դէմ տրտնջացին։ Ետքը, անոնք ուտելիքի մասին գանգատեցան։ Մովսէս զիրենք զգուշացուց որ իրենց տրտունջը ո՛չ միայն իրեն ու Ահարոնի դէմ էր, այլեւ՝ Եհովայի դէմ։ (Ելից 15։22-24. 16։2-12) Սինա լերան մօտ, գերբնական նշաններու ընկերակցութեամբ, Եհովա Օրէնքը Իսրայելացիներուն տուաւ։ Սակայն ժողովուրդը անհնազանդ գտնուելով, պաշտամունքի համար ոսկի հորթը շինեցին ու դաւանեցան թէ ‘Տէրոջ տօնը’ կը տօնակատարէին։—Ելից 32։1-9

10. Ելից 33։13–ի մէջ արձանագրուած Մովսէսի խնդրանքը ինչո՞ւ յատկապէս կը հետաքրքրէ Քրիստոնեայ տեսուչները։

10 Մովսէս ի՞նչպէս պիտի վարուէր ժողովուրդի մը հետ, որ Եհովա խստապարանոց կոչեց։ Մովսէս Եհովայի աղաչեց. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ»։ (Ելից 33։13) Եհովայի այժմու Վկաներուն հոգ տանող Քրիստոնեայ տեսուչները, շա՜տ աւելի խոնարհ հօտ մը կը հովուեն։ Այսուհանդերձ անոնք նոյնպէս կ’աղօթեն. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի»։ (Սաղմոս 25։4) Եհովայի ճամբաները գիտնալը կ’օգնէ տեսուչներուն որ կացութիւններ ձեռք առնեն ա՛յն կերպով, որ Աստուծոյ Խօսքին եւ իր անձնաւորութեան հետ ներդաշնակ է։

Եհովա իր ժողովուրդէն ի՛նչ կ’ակնկալէ

11. Եհովա Մովսէսի ի՞նչ ուղեգծեր տուաւ, եւ ինչո՞ւ անոնցմով հետաքրքրուած ենք։

11 Սինա լերան վրայ Եհովա բերանացի յայտնեց թէ իր ժողովուրդէն ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Հետագային Մովսէս երկու տախտակներ ստացաւ, որոնց վրայ Տասը Պատուիրանները գրուած էին։ Լեռնէն իջնելէ ետք, ան տեսաւ որ Իսրայելացիները ձուլածոյ հորթը կը պաշտէին, ուստի բարկութեամբ տախտակները իր ձեռքէն նետեց ու կոտրտեց զանոնք։ Եհովա դարձեալ գրեց նոյն Տասը Պատուիրանները քարէ տախտակներու վրայ, որ Մովսէս կոփած էր։ (Ելից 32։19. 34։1) Մովսէս անոնց համաձայն պէտք էր գործէր։ Աստուած նաեւ իր անձնաւորութիւնը յստակօրէն յայտնեց Մովսէսի, որպէսզի գիտնայ ի՛նչպէս վարուիլ իբրեւ Եհովայի ներկայացուցիչը։ Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ չեն, բայց ի՛նչ որ Եհովա Մովսէսի ըսաւ, կը բովանդակէ հիմնական սկզբունքներ, որոնք չեն փոխուած եւ կը շարունակեն կիրարկուիլ Եհովայի բոլոր երկրպագուներուն։ (Հռովմայեցիս 6։14. 13։8-10) Անոնցմէ քանի մը հատը նկատի առնենք։

12. Եհովայի բացարձակ պաշտամունք պահանջելը ի՞նչպէս Իսրայէլի պէտք էր ազդէր։

12 Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանէ։ Իսրայէլ ազգը ներկայ էր երբ Եհովա յայտարարեց թէ բացարձակ պաշտամունք կը պահանջէ։ (Ելից 20։2-5) Իսրայելացիները բաւարար ապացոյցներ տեսած էին թէ Եհովա ճշմարիտ Աստուածն է։ (Բ. Օրինաց 4։33-35) Եհովա բացայայտ դարձուց թէ իր ժողովուրդին մէջ կռապաշտութեան կամ ոգեհարցութեան պիտի չհանդուրժէր։ Իրեն հանդէպ իրենց նուիրումը ձեւականութիւն պէտք չէր ըլլար։ Բոլորն ալ Եհովան պէտք էր սիրէին իրենց ամբողջ սիրտով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ զօրութեամբ։ (Բ. Օրինաց 6։5, 6) Ասիկա կը պարփակէր իրենց խօսելակերպը, իրենց վարքը,– արդարեւ իրենց կեանքին բոլոր երեսակները։ (Ղեւտացւոց 20։27. 24։15, 16. 26։1) Յիսուս Քրիստոս ալ բացայայտ դարձուց թէ Եհովա բացարձակ պաշտամունք կը պահանջէ։—Մարկոս 12։28-30. Ղուկաս 4։8

13. Իսրայէլ ինչո՞ւ Աստուծոյ բծախնդիր հնազանդութիւն կը պարտէր, եւ ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ իրեն հնազանդելու։ (Ժողովողի 12։13)

13 Եհովայի պատուիրաններուն բծախնդրաբար հնազանդէ։ Իսրայէլ ազգին յիշեցում տրուեցաւ թէ Եհովայի հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ մտնելով, անոնք ուխտեցին որ իրեն բծախնդրաբար պիտի հնազանդին։ Անոնք անհատական բաւարար ազատութիւն ունէին, բայց Եհովայի պատուիրաններուն նշած հարցերուն առնչութեամբ բծախնդիր հնազանդութիւն պէտք էր ցուցաբերէին։ Ասիկա ընելով Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը պիտի ապացուցանէին եւ իրենց անձին ու իրենց զաւակներուն օգուտներ պիտի բերէին, քանի որ Եհովայի բոլոր պահանջները իրենց բարիքին համար էին։—Ելից 19։5-8. Բ. Օրինաց 5։27-33. 11։22, 23

14. Աստուած ի՞նչպէս Իսրայէլի շեշտեց հոգեւոր հետապնդումներուն առաջնահերթութիւն տալու կարեւորութիւնը։

14 Հոգեւոր բաներու առաջնահերթութիւն տուր։ Իսրայէլ ազգը թոյլ պէտք չէր տար որ ֆիզիքական կարիքներուն հոգ տանիլը հոգեւոր գործունէութիւնները խճողէր։ Իսրայելացիներուն կեանքը միմիայն աշխարհիկ հետապնդումներու նուիրուած պէտք չէր ըլլար։ Եհովա ամէն շաբաթ ժամանակ մը որոշեց ու զայն սրբազան նկատեց, որ բացարձակապէս պիտի գործածուէր ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին վերաբերեալ գործունէութիւններուն համար։ (Ելից 35։1-3. Թուոց 15։32-36) Ամէն տարի, յաւելեալ ժամանակ պէտք էր յատկացուէր սրբազան համաժողովներու համար։ (Ղեւտացւոց 23։4-44) Ասոնք Եհովայի հզօր արարքները պատմելու, իր ճամբաները յիշելու եւ իր բարութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելու համար պատեհութիւններ պիտի հայթայթէին։ Ժողովուրդը այսպէս Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրումը արտայայտելով, իրենց աստուածավախութիւնն ու սէրը պիտի աճէին եւ իր ճամբաներուն մէջ պիտի շարունակէին քալել։ (Բ. Օրինաց 10։12, 13) Այս հրահանգներուն մէջ պարփակուած սկզբունքները, Եհովայի այժմու ծառաներուն կ’օգտեն։—Եբրայեցիս 10։24, 25

Եհովայի յատկութիւնները գնահատել

15. (ա) Եհովայի յատկութիւնները գնահատելը ինչո՞ւ Մովսէսի պիտի օգտէր։ (բ) Ո՞ր հարցումները կրնան մեզի օգնել որ Եհովայի իւրաքանչիւր յատկութեան մասին խոր կերպով մտածենք։

15 Եհովայի յատկութիւնները գնահատելը, Մովսէսի նաեւ պիտի օգնէր ժողովուրդին հետ իր գործառնութեանց մէջ։ Ելից 34։5-7–ն կ’ըսէ թէ Աստուած Մովսէսի առջեւէն անցաւ ու յայտարարեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով»։ Պահ մը այս խօսքերուն մասին խորհրդածէ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Իւրաքանչիւր յատկութիւն ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Եհովա զայն ի՞նչպէս ցուցաբերեց։ Քրիստոնեայ տեսուչները ի՞նչպէս կրնան այս յատկութիւնը ցուցաբերել։ Անիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր իւրաքանչիւրին ըրածին’։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

16. Աստուծոյ ողորմութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը ի՞նչպէս կրնանք խորացնել, եւ ասիկա ընելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

16 Եհովա «ողորմած ու բարերար» Աստուած մըն է։ Եթէ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ աշխատասիրութիւնը ունիս, լաւ կ’ըլլայ որ «Ողորմութիւն» խորագրով նիւթը կարդաս։ Կամ՝ այս նիւթին շուրջ պրպտում ըրէ, գործածելով Դիտարանի գրականութիւններու նիւթերու ցանկ–ը կամ Դիտարանի գրադարան (CD-ROM)։ * Համաբարբառի մը միջոցով, ողորմութեան ակնարկող համարներ գտիր։ Պիտի տեսնես թէ Եհովայի ողորմութիւնը կը պարփակէ ո՛չ միայն երբեմն պատիժը թեթեւցնել, այլեւ՝ կարեկցութիւն։ Անիկա Աստուած կը մղէ որ իր ժողովուրդը հանգստացնելու համար քայլեր առնէ։ Օրինակ, Ան Իսրայելացիներուն համար ֆիզիքական եւ հոգեւոր հայթայթումներ ըրաւ, մինչ կը ճամբորդէին դէպի Խոստացեալ Երկիր։ (Բ. Օրինաց 1։30-33. 8։4) Երբ յանցանքներ գործուեցան, Եհովա ողորմածօրէն ներեց։ Ան իր վաղեմի ժողովուրդին հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերեց։ Իր այժմու ծառաները իրարու հանդէպ որքա՜ն կարեկցութիւն պէտք է ցոյց տան։—Մատթէոս 9։13. 18։21-35

17. Եհովայի բարերարութիւնը հասկնալով ի՞նչպէս կրնանք ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնել։

17 Եհովայի ողորմութեան կ’ընկերակցի բարերարութիւնը։ Եթէ բառարան մը ունիս, կարդա՛ «բարերար» բառին նշանակութիւնը։ Ասիկա համեմատէ այն համարներուն հետ, որոնք Եհովայի մասին կը խօսին որպէս բարերար։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Եհովայի բարերարութիւնը կը պարփակէ սիրալիր հետաքրքրութիւն՝ իր ժողովուրդին մէջ անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ։ (Ելից 22։26, 27) Որեւէ երկրի մէջ, օտարներ եւ ուրիշներ կրնան նեղ կացութեան մատնուիլ։ Երբ իր ժողովուրդին կը սորվեցնէր անաչառ ըլլալ եւ այսպիսիներուն հետ քաղցրութեամբ վարուիլ, Եհովա անոնց յիշեցուց որ Եգիպտոսի մէջ օտարներ էին։ (Բ. Օրինաց 24։17-22) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին մասին։ Մեր ցուցաբերած բարերարութիւնը կը նպաստէ մեր միութեան եւ ուրիշները Եհովայի պաշտամունքին կը հրապուրէ։—Գործք 10։34, 35. Յայտնութիւն 7։9, 10

18. Ի՞նչ կը սորվինք այն սահմանափակումներէն որ Եհովա Իսրայէլի սորվեցուց, ուրիշ ազգէ եղողներուն ճամբաներուն նկատմամբ։

18 Սակայն ուրիշ ազգէ եղողներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերելը, Եհովայի ու իր բարոյական չափանիշներուն հանդէպ Իսրայէլի սէրը մէկդի պէտք չէր դնէր։ Այսպէս Իսրայելացիները սորվեցան շրջակայ ազգերուն ճամբաները չընդօրինակել եւ անոնց կրօնական սովորութիւններն ու անբարոյ կենցաղը չորդեգրել։ (Ելից 34։11-16. Բ. Օրինաց 7։1-4) Ասիկա ներկայիս մեզի ալ կը կիրարկուի։ Սուրբ պէտք է ըլլանք, ինչպէս մեր Աստուածը՝ Եհովան սուրբ է։—Ա. Պետրոս 1։15, 16

19. Յանցագործութեան հանդէպ Եհովայի տեսակէտը հասկնալը ի՞նչպէս կրնայ իր ժողովուրդը պաշտպանել։

19 Որպէսզի Մովսէս Իր ճամբաները հասկնար, Եհովա բացայայտ դարձուց թէ մեղքին չհանդուրժելով հանդերձ, ինք համբերատար է։ Ան ժամանակ կը թոյլատրէ որ մարդիկ իր պահանջները սորվին ու անոնց համակերպին։ Երբ զղջում կայ, Եհովա մեղքը կը ներէ, բայց լուրջ յանցանքներ գործողները անպատիժ չի թողուր։ Ան Մովսէսը ազդարարեց որ Իսրայելացիներու ըրած բաներէն հետագայ սերունդները կրնային դրական կամ ժխտական կերպով ազդուիլ։ Եհովայի ճամբաները գնահատելը կ’օգնէ Աստուծոյ ծառաներուն որ զինք չմեղադրեն այն կացութիւններուն համար, որ իրենք իրենց վրայ կը բերեն, կամ չեզրակացնեն թէ ինք դանդաղ է։

20. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ պատշաճօրէն վարուինք հաւատակիցներուն եւ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներուն հետ։ (Սաղմոս 86։11)

20 Եթէ կ’ուզես Եհովայի ու իր ճամբաներուն մասին քու գիտութիւնդ խորացնել, շարունակէ պրպտում ընել եւ խոկալ երբ Աստուածաշունչը կը կարդաս։ Եհովայի անձնաւորութեան գրաւիչ երեսակները ուշադրութեամբ քննէ։ Ջերմեռանդ աղօթքով նկատի առ թէ ի՛նչպէս կրնաս Աստուած ընդօրինակել եւ կեանքդ իր նպատակին հետ լիովին ներդաշնակել։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ որոգայթներէ խուսափիս, հաւատակիցներու հետ պատշաճօրէն վարուիս, եւ ուրիշներուն օգնես մեր փառաւոր Աստուածը ճանչնալու եւ սիրելու։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 16 Բոլորը հրատարակուած են Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչ սորվեցար

• Հեզութիւնը Մովսէսի համար ինչո՞ւ կարեւոր էր, եւ ինչո՞ւ մեզի համար ալ կենսական է։

• Եհովայի խօսքը կրկին անգամ Փարաւոնին հաղորդելը ի՞նչ օգուտ բերաւ։

• Մովսէս ի՞նչ կարգ մը ուշագրաւ սկզբունքներ սորվեցաւ, որոնք մեզի ալ կը կիրարկուին։

• Եհովայի յատկութիւնները ի՞նչպէս կրնանք աւելի խոր կերպով հասկնալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 9]

Մովսէս Եհովայի խօսքը հաւատարմօրէն Փարաւոնին հաղորդեց

[Նկար՝ էջ 11]

Եհովա իր պահանջները Մովսէսի յայտնեց

[Նկար՝ էջ 12]

Եհովայի յատկութիւններուն մասին խորհրդածէ