Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա իրեն յուսացողները կը պաշտպանէ

Եհովա իրեն յուսացողները կը պաշտպանէ

Եհովա իրեն յուսացողները կը պաշտպանէ

«Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս»։—ՍԱՂՄՈՍ 40։11

1. Դաւիթ թագաւոր Եհովայէ ի՞նչ խնդրեց, եւ այդ խնդրանքը ներկայիս ի՞նչպէս շնորհուած է։

ՎԱՂԵՄԻ Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը ‘յուսալով սպասեց Տէրոջ’ եւ մղուեցաւ ըսելու թէ Եհովա ‘իր կողմը հակեցաւ եւ իր աղաղակը լսեց’։ (Սաղմոս 40։1, ԱՎ) Ան շատ անգամ փորձառաբար տեսաւ թէ Եհովա զինք սիրողները ի՛նչպէս կը պաշտպանէ։ Ուստի Դաւիթ կրնար խնդրել որ Եհովա ամէն ժամանակ զինք պաշտպանէ։ (Սաղմոս 40։11) «Լաւագոյն յարութեան» խոստումը ունեցող հաւատարիմ անհատներէն մէկը ըլլալով, Դաւիթ Եհովայի յիշողութեան մէջ ապահով է, քանի որ այդ վարձատրութիւնը պիտի ստանայ։ (Եբրայեցիս 11։32-35) Այսպէս անոր ապագան լաւագոյն կերպով ապահովուած է։ Իր անունը Եհովայի «յիշատակի գիրք»ին մէջ արձանագրուած է։—Մաղաքեայ 3։16

2. Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս կ’օգնեն մեզի հասկնալու թէ Եհովայի պաշտպանութիւնը վայելելը ի՛նչ կը նշանակէ։

2 Թէեւ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ յիշուած հաւատարիմները Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեցութենէն առաջ ապրեցան, բայց անոր սա ուսուցումին համաձայն վարուեցան. «Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա»։ (Յովհաննու 12։25) Ուստի բացայայտ է թէ Եհովայի պաշտպանութիւնը վայելելը չի նշանակեր տառապանքէ կամ հալածանքէ զերծ ըլլալ։ Անիկա կը նշանակէ թէ անհատը հոգեւորապէս պաշտպանուած է, այնպէս որ կարող ըլլայ Աստուծոյ առջեւ լաւ կեցուածք պահպանել։

3. Ի՞նչ ապացոյց ունինք թէ Եհովա պաշտպանեց Քրիստոս Յիսուսը, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

3 Յիսուս բիրտ հալածանքի ու նախատինքի թիրախը դարձաւ, եւ իր թշնամիները ի վերջոյ յաջողեցան զինք ամենէն ամօթալի ու ցաւալի մահուան ենթարկել։ Այսուհանդերձ ասիկա Մեսիան պաշտպանելու Աստուծոյ խոստումին չի հակասեր։ (Եսայեայ 42։1-6) Իր նախատական մահուընէ երեք օր ետք Յիսուսի յարութիւն առնելը կ’ապացուցանէ թէ Եհովա անոր օգնութեան աղաղակները լսեց, ինչպէս Դաւիթի օգնութեան աղաղակը լսեց։ Այո, Եհովա Յիսուսի զօրութիւն տուաւ որ իր ուղղամտութիւնը պահէ։ (Մատթէոս 26։39) Այսպէս պաշտպանուելով, Յիսուս երկինքի մէջ անմահութիւն ստացաւ, իսկ փրկանքին հաւատք ընծայող միլիոնաւորներ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունեցան։

4. Օծեալ Քրիստոնեաներուն եւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն ի՞նչ երաշխիք տրուած է։

4 Կրնանք վստահ ըլլալ թէ ներկայիս Եհովա կը կամի ու կրնայ իր ծառաները պաշտպանել, ինչպէս ըրաւ Դաւիթի ու Յիսուսի օրերուն։ (Յակոբու 1։17) Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն մնացորդը, որուն թիւը յարաբերաբար քիչ է, կրնայ Եհովայի սա խոստումին վստահիլ. ‘Անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութիւն մը երկինքը պահուած է ձեզի, որ Աստուծոյ զօրութիւնովը պահպանուած էք հաւատքով այն փրկութեանը համար՝ որ պատրաստուած է վերջին ժամանակը յայտնուելու’։ (Ա. Պետրոս 1։4, 5) Երկրային յոյս ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ նոյնպէս կրնան վստահիլ Աստուծոյ եւ սաղմոսերգուին միջոցով տուած իր խոստումին. «Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր բարեպաշտները. արդարեւ Տէրը հաւատարիմները կը պաշտպանէ»։—Յովհաննու 10։16. Սաղմոս 31։23, ԱՎ

Հոգեւորապէս պաշտպանուած

5, 6. (ա) Արդի ժամանակներուն Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչպէս պաշտպանուած է։ (բ) Եհովայի հետ օծեալները ի՞նչ յարաբերութիւն ունին, իսկ երկրային յոյս ունեցողներուն մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։

5 Արդի ժամանակներուն, Եհովա իր ժողովուրդը հոգեւորապէս պաշտպանելու համար հայթայթումներ ըրած է։ Թէեւ զանոնք հալածանքէ կամ կեանքի սովորական դժուարութիւններէն ու ողբերգութիւններէն չի պահպաներ, սակայն հաւատարմօրէն անոնց տուած է հարկ եղած օգնութիւնն ու քաջալերութիւնը, իրեն հետ անոնց ունեցած սերտ յարաբերութիւնը պաշտպանելու համար։ Այս յարաբերութեան հիմը կը կազմէ Աստուծոյ փրկանքի կարգադրութեան հանդէպ անոնց հաւատքը։ Հաւատարիմ Քրիստոնեաներէն ոմանք Աստուծոյ հոգիով օծուած են, երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ իշխանակիցներ ըլլալու համար։ Անոնք արդար յայտարարուած են որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ, եւ հետեւեալ խօսքերը անոնց կը կիրարկուին. «[Ան] մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց, որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն»։—Կողոսացիս 1։13, 14

6 Միլիոնաւոր հաւատարիմ Քրիստոնեաներու երաշխիք տրուած է թէ իրենք ալ կրնան Աստուծոյ փրկանքի կարգադրութենէն օգտուիլ։ Կը կարդանք. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու»։ (Մարկոս 10։45) Այս Քրիստոնեաները կ’ակնկալեն որոշուած ժամանակին ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ վայելել։ (Հռովմայեցիս 8։21) Մինչ այդ, անոնք Աստուծոյ հետ ունեցած իրենց անձնական յարաբերութիւնը մեծապէս կ’արժեւորեն եւ սրտանց կը ջանան զայն ամրացնել։

7. Եհովա ներկայիս իր ժողովուրդին հոգեւոր բարօրութիւնը ո՞ր միջոցով կը պաշտպանէ։

7 Իր ժողովուրդին հոգեւոր բարօրութիւնը պաշտպանելու Եհովայի կերպերէն մէկն է՝ յառաջդիմական մարզումի յայտագիր հայթայթել։ Այսպէս անոնք ճշմարտութեան մասին ա՛լ աւելի ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք կը ձգեն։ Եհովա նաեւ շարունակական առաջնորդութիւն կը շնորհէ՝ իր Խօսքին, իր կազմակերպութեան եւ իր սուրբ հոգիին միջոցով։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ուղղութեան ներքեւ, համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդը միջազգային ընտանիքի պէս է։ Ծառայ դասակարգը Եհովայի ծառաներուն հոգեւոր կարիքներուն եւ նոյնիսկ ֆիզիքական կարիքներուն հոգ կը տանի,– ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ազգային ծագումը կամ ընկերային մակարդակը։—Մատթէոս 24։45

8. Եհովա իր հաւատարիմներուն հանդէպ ի՞նչ վստահութիւն ունի, եւ անոնց ի՞նչ երաշխիք կու տայ։

8 Ինչպէս Եհովա Յիսուսը չպաշտպանեց թշնամիներուն կատաղի յարձակումներէն, նոյնպէս այսօր Ան Քրիստոնեաները այդ կերպով չի պաշտպաներ։ Բայց ասիկա Աստուծոյ տհաճութիւնը ցոյց չի տար, այլ՝ կը շեշտէ թէ ան վստահ է որ անոնք տիեզերական հարցին մէջ իր կողմը դիրք պիտի բռնեն։ (Յոբայ 1։8-12. Առակաց 27։11) Եհովա երբեք իր հաւատարիմները պիտի չլքէ, քանի որ «Տէրը իրաւունքը կը սիրէ, եւ իր բարեպաշտները չի լքեր. անոնք յաւիտեան կը պահպանուին»։—Սաղմոս 37։28, ԱՎ

Պաշտպանուած՝ ողորմութեամբ ու ճշմարտութեամբ

9, 10. (ա) Եհովայի ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա իր ողորմութեամբ իր հաւատարիմները կը պաշտպանէ։

9 Դաւիթ 40–րդ սաղմոսին մէջ աղօթքով խնդրեց որ Եհովայի ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը զինք պաշտպանեն։ Եհովայի ճշմարտութիւնը եւ արդարութեան հանդէպ իր սէրը կը պահանջեն որ իր չափանիշները յստակօրէն սահմանէ։ Այս չափանիշներուն համաձայն ապրողները մեծապէս կը պաշտպանուին այն նեղութիւններէն, վախերէն ու խնդիրներէն, որոնցմէ կը տառապին զանոնք անտեսողները։ Օրինակ, կրնանք մենք մեզ ու մեր սիրելիները պաշտպանել սիրտը բեկող բազմաթիւ խնդիրներէ, եթէ խուսափինք թմրամոլութենէ, խմիչքի չափազանց գործածութենէ, խառնագնաց վարքէ ու վայրագ ապրելակերպէ։ Նոյնիսկ անոնք որ Եհովայի ճշմարտութեան ճամբայէն կը մոլորին,– ինչպէս Դաւիթ մի քանի անգամ թափառեցաւ,– երաշխիք ունին թէ Աստուած զղջացող յանցագործներուն համար տակաւին «ապաստանարան» է։ Այսպիսիները կրնան ուրախութեամբ աղաղակել. «Նեղութենէն զիս պիտի պահես»։ (Սաղմոս 32։7) Աստուծոյ ողորմութեան ի՜նչ հոյակապ դրսեւորում։

10 Աստուածային ողորմութեան ուրիշ մէկ օրինակը այն է, թէ Աստուած իր ծառաները կը զգուշացնէ որ ամբարիշտ աշխարհէն անջատ մնան, որ շուտով պիտի կործանէ։ Կը կարդանք. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է»։ Այս ազդարարութեան ականջ տալով եւ անոր հետ ներդաշնակ գործելով, կրնանք մեր կեանքը բառացիօրէն պաշտպանել առյաւէտ, քանի որ համարը նաեւ կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։15-17

Պաշտպանուած՝ հանճարով, խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ

11, 12. Բացատրէ թէ հանճարը, խոհեմութիւնը եւ իմաստութիւնը ի՛նչպէս կը պաշտպանեն մեզ։

11 Ներշնչման ներքեւ, Դաւիթի որդին՝ Սողոմոն Աստուծոյ հաճութիւնը փնտռողներուն ըսաւ. «Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ»։ Ան նաեւ յորդորեց. «Իմաստութիւն ստացիր, . . . զանիկա մի՛ թողուր ու անիկա քեզ պիտի պահէ։ Զանիկա սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ»։—Առակաց 2։11. 4։5, 6

12 Խոհեմութիւն կը գործադրենք, Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորված բաներուն վրայ խոկալով։ Այսպէս կը մշակենք աւելի մեծ հանճար, որպէսզի պատշաճ առաջնահերթութիւններ դնենք։ Ասիկա կենսական է, քանի որ փորձառաբար գիտենք թէ խնդիրներ կը ծագին, երբ դիտումնաւոր կամ անդիտումնաւոր կերպով անխոհեմ առաջնահերթութիւններ դրուին։ Սատանայի աշխարհը որպէս նպատակակէտեր մեր առջեւ կը դնէ նիւթական հարստութիւնը, երեւելիութիւնը եւ հեղինակութիւնը, բայց Եհովա կը շեշտէ հոգեւոր արժանիքները, որոնք աւելի կարեւոր են։ Հոգեւոր արժանիքներուն առաջնահերթութիւն չտալը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ընտանիքներ քայքայուին, բարեկամութիւններ վերջ գտնեն, հոգեւոր նպատակակէտեր անհետանան, եւ վերջապէս անհատը շօշափէ Յիսուսի խօսքին նշած տխուր իրողութիւնը. «Ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ»։ (Մարկոս 8։36) Իմաստութիւնը կը պահանջէ որ Յիսուսի սա խրատին անսանք. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։—Մատթէոս 6։33

Անձնակեդրոն ըլլալու վտանգը

13, 14. Ի՞նչ կը նշանակէ անձնակեդրոն ըլլալ, եւ անիկա ինչո՞ւ անխոհեմութիւն է։

13 Մարդիկ բնոյթով իրենք իրենցմով հետաքրքրուած են։ Սակայն, երբ անձնական ցանկութիւններն ու շահագրգռութիւնները կեանքի մէջ կարեւորագոյն տեղը գրաւեն, խնդիրներ կը ծագին։ Ուստի իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը պաշտպանելու համար, Եհովա կը պատուիրէ որ անձնակեդրոն ըլլալէ խուսափինք։ Այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ «միմիայն իր ցանկութիւններով, կարիքներով կամ շահագրգռութիւններով հետաքրքրուած ըլլալ»։ Ներկայիս շատեր այս նկարագրութեան չե՞ն յարմարիր։ Յատկանշական է որ Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ թէ Սատանայի ամբարիշտ դրութեան «վերջին օրեր»ուն, «մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր», կամ՝ անձնակեդրոն։—Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2

14 Քրիստոնեաները իմաստութիւն կը սեպեն՝ ուրիշներով հետաքրքրուելու եւ զանոնք իրենց անձին պէս սիրելու Աստուածաշունչի պատուէրին հնազանդիլը։ (Ղուկաս 10։27. Փիլիպպեցիս 2։4) Ընդհանուր առմամբ մարդիկ կրնան զայն անգործնական նկատել, բայց անիկա կենսական է, եթէ կ’ուզենք վայելել յաջող ամուսնութիւններ, ընտանեկան երջանիկ յարաբերութիւններ ու գոհացուցիչ բարեկամութիւններ։ Արդ, Եհովայի ճշմարիտ ծառան երբեք թոյլ պէտք չէ տայ որ իր անձին հանդէպ բնական հետաքրքրութիւնը իր կեանքին տիրապետէ եւ աւելի կարեւոր հետապնդումները դուրս ձգէ, մանաւանդ՝ իր պաշտած Աստուծոյն շահերը։

15, 16. (ա) Անձնակեդրոն ըլլալը ի՞նչ բանի կրնայ առաջնորդել, եւ որո՞նց օրինակը ասիկա կ’ապացուցանէ։ (բ) Իրականութեան մէջ, անհատ մը ի՞նչ կ’ընէ երբ ուրիշները դատելու մէջ արագ է։

15 Անձնակեդրոն ըլլալը կրնայ ինքնարդար ըլլալու առաջնորդել, որ իր կարգին կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը նեղմիտ ու յաւակնոտ դառնայ։ Աստուածաշունչը տեղին ըլլալով կ’ըսէ. «Ո՛վ մարդ, ո՛վ որ ըլլաս՝ դուն որ կը դատես՝ արդարանալու չքմեղանք չունիս. քանզի ի՛նչ բանով որ ուրիշը կը դատես, անով քու անձդ կը դատապարտես. վասն զի դո՛ւն ալ որ կը դատես՝ նոյն բաները կ’ընես»։ (Հռովմայեցիս 2։1. 14։4, 10) Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները իրենց արդար ըլլալուն նկատմամբ ա՛յնքան համոզուած էին, որ խորհեցան թէ Յիսուսն ու իր հետեւորդները մեղադրելու որակեալ են։ Ասիկա ընելով, անոնք իրենք զիրենք դատաւոր նշանակեցին։ Իրենց թերութիւնները անտեսելով, անոնք իրենց վրայ դատապարտութիւն բերին։

16 Յուդա, Յիսուսի հետեւորդը որ զինք դաւաճանեց, ուրիշները դատող անձ մը եղաւ։ Բեթանիայի մէջ, երբ Ղազարոսի քոյրը Մարիամ անուշահոտ իւղով Յիսուսը օծեց, Յուդա ուժգնօրէն առարկեց։ Իր զայրոյթը յայտնելով, ան պատճառաբանեց. «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր»։ Բայց տեղեկագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Ասիկա ըսաւ, ո՛չ թէ աղքատները հոգալուն համար, հապա որ գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ ձգուէր՝ ինք կը կրէր»։ (Յովհաննու 12։1-6) Թող երբեք Յուդայի կամ կրօնական առաջնորդներուն չնմանինք, որոնք ուրիշները դատելու մէջ արագ էին, իրենք զիրենք դատապարտութեան մատնելով։

17. Լուսաբանէ ինքնահաւան կամ չափազանց ինքնավստահ ըլլալուն վտանգը։

17 Դժբախտաբար, նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք Յուդայի պէս գող չըլլալով հանդերձ, հպարտութեան զոհ գացին, ինքնահաւան դառնալով։ Անոնց մասին Յակոբոս գրեց. «Ձեր ամբարտաւանութիւնովը կը պարծենաք»։ Ապա աւելցուց. «Բոլոր պարծանքները չարութիւն են»։ (Յակոբու 4։16) Մեր իրագործած բաներով կամ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր վայելած առանձնաշնորհումներով պարծենալը ինքնակործան ընթացք է։ (Առակաց 14։16) Կը մտաբերենք ինչ որ պատահեցաւ Պետրոս առաքեալին, երբ չափազանց ինքնավստահութեամբ պարծեցաւ. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ։ . . . Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ»։ Իրականութեան մէջ, մեր անձով պարծենալու ո՛չ մէկ պատճառ ունինք։ Մեր ունեցած բոլոր բաները Եհովայի ողորմութեան շնորհիւ են։ Ասիկա չմոռնալը մեզ ետ պիտի պահէ ինքնահաւան ըլլալէ։—Մատթէոս 26։33-35, 69-75

18. Եհովա հպարտութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ։

18 Մեզի ըսուած է. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ»։ Ինչո՞ւ։ Եհովա կը պատասխանէ. «Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը . . . կ’ատեմ»։ (Առակաց 8։13. 16։18) Զարմանալի չէ որ Եհովա «Ասորեստանի թագաւորին հպարտացած սրտին պտուղը եւ անոր ամբարտաւան աչքերուն փառքը» նկատելով զայրացաւ, եւ զինք պատժեց։ (Եսայեայ 10։12) Մօտ ատենէն նաեւ հաշիւ պիտի պահանջուի Սատանայի ամբողջ աշխարհէն եւ անոր տեսանելի ու անտեսանելի՝ հպարտ առաջնորդներէն։ Թող երբեք Եհովայի հակառակորդներուն ինքնահաւան կեցուածքը չընդօրինակենք։

19. Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ բանով կը պարծենան, բայց խոնարհ մնալով։

19 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Եհովայի ծառաները ըլլալով պարծենալու ամէն պատճառ ունին։ (Երեմեայ 9։24) Միեւնոյն ատեն, անոնք խոնարհ մնալու ամէն պատճառ ունին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ «ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։23) Ուստի որպէս Եհովայի ծառայ մեր դիրքը պահպանելու համար, Պօղոս առաքեալի կեցուածքը պէտք է ունենանք, որ ըսաւ թէ «Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու», ապա աւելցուց. «Որոնց գլուխը ես եմ»։—Ա. Տիմոթէոս 1։15

20. Եհովա իր ժողովուրդը ներկայիս ի՞նչպէս կը պաշտպանէ, իսկ ապագային ի՞նչպէս պիտի պաշտպանէ։

20 Եհովայի ծառաները ուրախութեամբ իրենց անձնական շահերը երկրորդական սեպելով ու աստուածային շահերուն առաջնահերթութիւն տալով, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի շարունակէ զիրենք հոգեւորապէս պաշտպանել։ Կրնանք նաեւ վստահ ըլլալ թէ երբ մեծ նեղութիւնը հարուածէ, Եհովա իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ ո՛չ միայն հոգեւորապէս, այլեւ՝ ֆիզիքապէս։ Աստուծոյ նոր աշխարհը մտնելով, անոնք պիտի կարենան աղաղակել. «Ահա մեր Աստուածը ասիկա է. անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց. Տէրը ասիկա է, անոր յուսացինք. անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։—Եսայեայ 25։9

Կը յիշե՞ս

• Դաւիթ թագաւոր եւ Յիսուս Քրիստոս ի՞նչպէս պաշտպանուեցան։

• Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչպէս պաշտպանուած է։

• Ինչո՞ւ անձնակեդրոն ըլլալէ պէտք է խուսափինք։

• Խոնարհ մնալով հանդերձ, ի՞նչ բանով կրնանք պարծենալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 21]

Ներկայիս ի՞նչ կերպերով Աստուծոյ ժողովուրդը հոգեւորապէս պաշտպանուած է

[Նկարներ՝ էջ 22]

Թէեւ Եհովայի ծառայելով կը պարծենանք, բայց միշտ խոնարհ պէտք է մնանք