Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Երկրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Երկրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

ԵՀՈՎԱՅԻ գերիշխանութիւնը ընդունիլը, մեզմէ կատարեալ հնազանդութիւն կը պահանջէ՞։ Ուղղամիտ մարդը միշտ Աստուծոյ աչքին շիտակ եղածը կ’ընէ՞։ Ճշմարիտ Աստուածը ինչպիսի՞ մէկը «իր սրտին համեմատ» կը նկատէ։ (Ա. Թագաւորաց 13։14) Աստուածաշունչի Բ. Թագաւորաց գիրքը այս հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ կու տայ։

Բ. Թագաւորաց գիրքը գրուած է Գադ ու Նաթան մարգարէներուն ձեռքով, որոնք վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորին սերտ բարեկամներն էին։ * Գիրքը ամբողջացաւ շուրջ Հ.Դ.Ա. 1040–ին, Դաւիթի իշխանութեան վերջաւորութեան, եւ գլխաւորաբար կը խօսի Դաւիթի ու Եհովայի հետ իր յարաբերութեան մասին։ Այս ոգեւորիչ արձանագրութիւնը կը պատմէ թէ ի՛նչպէս պայքարներով պառակտուած ազգ մը, բարգաւաճ ու միացեալ թագաւորութիւն կը դառնայ՝ անվեհեր թագաւորի մը իշխանութեան ներքեւ։ Անիկա կը բովանդակէ ուժգնօրէն արտայայտուած մարդկային յուզումներ։

ԴԱՒԻԹ ‘ԵՐԹԱԼՈՎ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ’

(Բ. Թագաւորաց 1։1–10։19)

Դաւիթի հակազդեցութիւնը Սաւուղի ու Յովնաթանի մահուան լուրին, կը յայտնէ իր զգացումները անոնց ու Եհովայի հանդէպ։ Քեբրոնի մէջ, Դաւիթ Յուդայի տոհմին վրայ թագաւոր կը նշանակուի։ Սաւուղի որդին Յեբուսթէ Իսրայէլի մնացեալ տոհմերուն վրայ թագաւոր կ’ըլլայ։ Դաւիթ ‘երթալով կը մեծնայ’, եւ շուրջ եօթը տարի ու վեց ամիս ետք, բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր կ’ըլլայ։—Բ. Թագաւորաց 5։10

Դաւիթ Յեբուսացիներուն ձեռքէն Երուսաղէմը կ’առնէ եւ զայն իր թագաւորութեան մայրաքաղաքը կը դարձնէ։ Ուխտին տապանակը Երուսաղէմ փոխադրելու իր առաջին փորձը աղէտի կը հանդիպի։ Սակայն երկրորդ փորձը կը յաջողի, եւ Դաւիթ ուրախութեամբ կը պարէ։ Եհովա Դաւիթի հետ թագաւորութեան մը վերաբերեալ ուխտ կ’ընէ։ Դաւիթ իր թշնամիները կը նուաճէ, մինչ Աստուած կը շարունակէ իրեն հետ ըլլալ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։18—Յովաբն ու իր երկու եղբայրները ինչո՞ւ իրենց մօր՝ Շարուհեայի անունով բնորոշուած են։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, ծննդաբանութիւնները սովորաբար հօր անունը կը յիշէին։ Շարուհեայի ամուսինը թերեւս կանուխ մահացած էր, կամ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ յիշուելու անյարմար նկատուած էր։ Հաւանաբար Շարուհեայի անունը գործածուեցաւ, քանի որ Դաւիթի քոյրը կամ խորթ քոյրն էր։ (Ա. Մնացորդաց 2։15, 16) Երեք եղբայրներուն հօր միայն մէկ ակնարկութիւն եղած է, Բեթլեհէմի մէջ իր գերեզմանին առնչութեամբ։—Բ. Թագաւորաց 2։32

3։29—«Ցուպի կռթնող» կամ ‘ճախարակ բռնող մարդ’ արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Սովորաբար կինե՛րը թել կը մանէին։ Ուստի այս արտայայտութիւնը կրնայ ակնարկել այն տղամարդոց, որ պատերազմելու եւ նման գործունէութիւններու անյարմար էին, եւ ստիպուած էին զբաղելու գործով մը, որ սովորաբար կինը կ’ընէր։

5։1, 2—Յեբուսթէի սպանութենէն որքա՞ն ժամանակ ետք՝ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ։ Տրամաբանական կը թուի եզրակացնել թէ Յեբուսթէի երկու տարուան իշխանութիւնը սկսաւ Սաւուղի մահէն քիչ ետք, երբ Դաւիթ ալ սկսաւ Քեբրոնի մէջ իշխել։ Դաւիթ Քեբրոնի մէջ Յուդայի վրայ եօթը տարի ու վեց ամիս իշխեց։ Բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլալէ անմիջապէս ետք, ան Երուսաղէմը իր մայրաքաղաքը դարձուց։ Ուստի Յեբուսթէի մահէն շուրջ հի՛նգ տարի ետք, Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ։—Բ. Թագաւորաց 2։3, 4, 8-11. 5։4, 5

8։2—Իսրայէլ Մովաբի դէմ պատերազմելէ ետք, քանի՞ Մովաբացի մահուան դատապարտուեցաւ։ Հաւանաբար թիւը որոշուեցաւ չափելով, քան՝ համրելով։ Կը թուի թէ Դաւիթի հրամանով Մովաբացիները քով–քովի գետինը պառկեցան, ապա լարով չափուեցան։ Ըստ երեւոյթին, երկու լարով չափուողները՝ կամ Մովաբացիներուն երկու երրորդը՝ սպաննուեցան, իսկ մէկ լարով չափուողները՝ կամ անոնց մէկ երրորդը՝ խնայուեցան։

Դասեր՝ մեզի համար.

2։1. 5։19, 23. Դաւիթ Քեբրոնի մէջ բնակելէ առաջ եւ իր թշնամիներուն դէմ պատերազմի երթալէ առաջ, Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրեց։ Մենք ալ Եհովայի ուղղութիւնը պէտք է հայցենք, մեր հոգեւորականութեան ազդող որոշումներ կայացնելէ առաջ։

3։26-30. Վրէժխնդրութիւնը գէշ հետեւանքներ կ’ունենայ։—Հռովմայեցիս 12։17-19

3։31-34. 4։9-12. Դաւիթի վրէժխնդիր ու չարակամ չըլլալը օրինակելի է։

5։12. Երբեք պէտք չէ մոռնանք թէ Եհովա մեզ իր ուղիներուն մէջ դաստիարակած է եւ կարելի դարձուցած է որ իրեն հետ լաւ յարաբերութիւն վայելենք։

6։1-7. Թէեւ Դաւիթ բարի նպատակ ունէր, բայց տապանակը սայլով փոխադրելու իր փորձը Աստուծոյ հրամանին հակառակ էր, եւ այս պատճառով ձախողեցաւ։ (Ելից 25։13, 14. Թուոց 4։15, 19. 7։7-9) Տապանակը բռնելու Ոզայի արարքն ալ ցոյց կու տայ թէ լաւ դիտաւորութիւնները Աստուծոյ պահանջները չեն փոխեր։

6։8, 9. Փորձիչ պարագային ներքեւ, Դաւիթ նախ բարկացաւ, ապա՝ վախցաւ,– թերեւս Եհովան մեղադրելով ողբերգութեան համար։ Եհովայի հրամանները անտեսելէն յառաջ եկած խնդիրներուն համար զինք մեղադրելէ պէտք է զգուշանանք։

7։18, 22, 23, 26. Դաւիթի խոնարհ ըլլալը, Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանելը եւ Աստուծոյ անունը գովաբանելը, ընդօրինակուելիք յատկութիւններ են։

8։2. Շուրջ 400 տարի առաջ ըսուած մարգարէութիւն մը կատարուեցաւ։ (Թուոց 24։17) Եհովայի խօսքը միշտ ճշգրիտ է։

9։1, 6, 7. Դաւիթ իր խոստումը պահեց։ Մենք ալ պէտք է ջանանք մեր խօսքը յարգել։

ԵՀՈՎԱ ԻՐ ՕԾԵԱԼԻՆ ԴԷՄ ՉԱՐԻՔ ԿԸ ՀԱՆԷ

(Բ. Թագաւորաց 11։1–20։26)

Եհովա Դաւիթի կ’ըսէ. «Քու տունէդ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ ու քու աչքերուդ առջեւ քու կիներդ պիտի առնեմ եւ զանոնք քու դրացիիդ պիտի տամ ու անիկա այս արեգակին առջեւ քու կիներուդ հետ պիտի պառկի»։ (Բ. Թագաւորաց 12։11) Այս խօսքին պատճառը ի՞նչ է։ Բերսաբէի հետ Դաւիթի գործած մեղքը։ Թէեւ Դաւիթ կը զղջայ ու ներում կը ստանայ, բայց իր մեղքին հետեւանքները կը կրէ։

Նախ՝ Բերսաբէի ծնած մանուկը կը մահանայ։ Ապա Դաւիթի կոյս աղջիկը Թամար, իր խորթ եղբօր՝ Ամնոնի կողմէ կը բռնաբարուի։ Թամարի եղբայրը՝ Աբիսողոմ վրէժ կ’առնէ, Ամնոնը սպաննելով։ Աբիսողոմ իր հօր՝ Դաւիթի դէմ կը դաւադրէ եւ Քեբրոնի մէջ ինքզինք թագաւոր կը հռչակէ։ Դաւիթ կը ստիպուի Երուսաղէմէն փախչիլ։ Աբիսողոմ կը պառկի իր հօր տասը հարճերուն հետ, որոնք տունը պահպանելու համար մնացած են։ Աբիսողոմի մահէն ետք, Դաւիթ իր իշխանութեան կը վերադառնայ։ Բենիամինեան Սաբէէի ապստամբութիւնը վերջ կը գտնէ անոր մահով։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

14։7—«Ինծի մնացած կայծը» ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ Դանդաղօրէն վարող փայտածուխին կայծը գործածուած է ակնարկելու համար ապրող սերունդին։

19։29—Դաւիթ ինչո՞ւ այս կերպով հակազդեց Մեմփիբոսթէի տուած բացատրութեան։ Մեմփիբոսթէի ըսածը լսելէ ետք, Դաւիթ անդրադարձած ըլլալու էր թէ Սիբայի խօսքերուն անմիջապէս հաւատալով սխալած էր։ (Բ. Թագաւորաց 16։1-4. 19։24-28) Շատ հաւանաբար ասիկա Դաւիթը զայրացուց, եւ հարցին շուրջ չուզեց աւելին լսել։

Դասեր՝ մեզի համար.

11։2-15. Դաւիթի թերութիւններուն անաչառ արձանագրութիւնը կը վկայէ թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։

11։16-27. Երբ լուրջ մեղք գործենք, պէտք չէ փորձենք զայն ծածկել, ինչպէս Դաւիթ ըրաւ։ Ընդհակառակը, մեր մեղքը Եհովայի պէտք է խոստովանինք եւ ժողովքի երէցներէն օգնութիւն խնդրենք։—Առակաց 28։13. Յակոբու 5։13-16

12։ 1-14. Նաթան ժողովքին մէջ նշանակուած երէցներուն ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։ Անոնք մեղաւորներուն պէտք է օգնեն իրենց ընթացքը սրբագրելու։ Երէցները այս պատասխանատուութիւնը հմտօրէն պէտք է կատարեն։

12։15-23. Իրեն պատահած բաներուն հանդէպ շիտակ տեսակէտ ունենալը օգնեց Դաւիթի որ ձախորդութեան պատշաճօրէն հակազդէ։

15։12. 16։15, 21, 23. Երբ թուեցաւ թէ Աբիսողոմ գահ բարձրանալու վրայ է, հպարտութիւնն ու փառասիրութիւնը պատճառ եղան որ շատ ուշիմ խրատատուն՝ Աքիտոփէլ դաւաճան դառնայ։ Առանց խոնարհութեան եւ հաւատարմութեան, ուշիմութիւն ունենալը կրնայ թակարդ ըլլալ։

19։24, 30. Մեմփիբոսթէ իրապէս կը գնահատէր Դաւիթի ցուցաբերած հաւատարիմ սէրը։ Ան յօժարակամ ենթարկուեցաւ Սիբայի վերաբերեալ թագաւորին կայացուցած որոշումին։ Եհովան ու իր կազմակերպութիւնը գնահատելը մեզ պէտք է մղէ ենթարկուող ըլլալու։

20։21, 22. Մէկ անհատի իմաստութիւնը կրնայ շատերը փրկել աղէտէ մը։—Ժողովողի 9։14, 15

ԹՈՂ ‘ԵՀՈՎԱՅԻ ՁԵՌՔԸ’ ԻՅՆԱՆՔ

(Բ. Թագաւորաց 21։1–24։25)

Երեք տարի սով կ’ըլլայ, քանի որ Սաւուղ Գաբաւոնացիները սպաննելով արիւնապարտութիւն պատճառած է։ (Յեսուայ 9։15) Իրենց վրէժը լուծելու համար, Գաբաւոնացիները կը պահանջեն սպաննել Սաւուղի որդիներէն եօթը հոգի։ Դաւիթ զանոնք Գաբաւոնացիներուն ձեռքը կը յանձնէ, ապա անձրեւ տեղալը երաշտին վերջ կը դնէ։ Չորս Փղշտացի հսկաներ «Դաւիթին ձեռքով ու անոր ծառաներուն ձեռքով» կ’իյնան։—Բ. Թագաւորաց 21։22

Դաւիթ լուրջ մեղք կը գործէ, հրամայելով որ ապօրինի մարդահամար կատարուի։ Ան կը զղջայ եւ կ’ընտրէ «Տէրոջը ձեռքը իյնալ»։ (Բ. Թագաւորաց 24։14) Ասոր հետեւանքով, 70,000 հոգի ժանտախտով կը մեռնի։ Դաւիթ Եհովայի պատուէրին կը հետեւի, եւ պատուհասը վերջ կը գտնէ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

21։8—Ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ թէ Սաւուղի աղջիկը՝ Մեղքող հինգ որդիներ ունէր, երբ Բ. Թագաւորաց 6։23–ը կ’ըսէ թէ ան մինչեւ իր մահուան օրը զաւակ չծնաւ։ Ամենաշատ ընդունուած բացատրութիւնը այն է թէ ասոնք Մեղքողի քրոջ՝ Մերովբի որդիներն էին, որ Եդրիէլի հետ ամուսնացած էր։ Հաւանաբար Մերովբ կանուխ մեռաւ, եւ անզաւակ Մեղքող անոր որդիները մեծցուց։

21։9, 10—Ռեսփա՝ Գաբաւոնացիներուն կողմէ սպաննուած իր երկու որդիներուն եւ Սաւուղի հինգ թոռներուն դիակներուն վրայ որքա՞ն ժամանակ հսկեց։ Այս եօթը տղամարդիկը կախուեցան «հունձքի առաջին օրերը»,– Մարտին կամ Ապրիլին։ Անոնց դիակները լերան վրայ ձգուեցան։ Ռեսփա գիշեր–ցերեկ եօթը դիակներուն վրայ հսկեց, մինչեւ որ Եհովա երաշտը վերցնելով ցոյց տուաւ թէ իր բարկութիւնը վերջ գտած էր։ Շատ անհաւանական է որ յորդառատ անձրեւ գար, հունձքի եղանակը Հոկտեմբերին ամբողջանալէն առաջ։ Ուստի Ռեսփա շուրջ հինգ կամ վեց ամիս դիակներուն վրայ հսկեց։ Անկէ ետք, Դաւիթ հրամայեց որ անոնց ոսկորները թաղուին։

24։1—Ինչո՞ւ Դաւիթի կատարած մարդահամարը լուրջ մեղք նկատուեցաւ։ Մարդահամար կատարելը ինքնին արգիլուած չէր Օրէնքին մէջ։ (Թուոց 1։1-3. 26։1-4) Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Դաւիթ ի՛նչ նպատակով ժողովուրդը համրեց։ Սակայն Ա. Մնացորդաց 21։1–ը կը նշէ թէ Սատանան դրդեց զինք որ ասիկա ընէ։ Յամենայն դէպս, սպարապետ Յովաբ գիտցաւ թէ ժողովուրդը համրելու Դաւիթի որոշումը սխալ էր, եւ ջանաց զինք տարհամոզել։

Դասեր՝ մեզի համար.

22։2-51. Դաւիթի երգը շատ գեղեցիկ կերպով Եհովան կը նկարագրէ որպէս ճշմարիտ Աստուածը, որ մեր անվերապահ վստահութեան արժանի է։

23։15-17. Դաւիթ կեանքի ու արեան վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքին հանդէպ ա՛յնքան խոր յարգանք ունէր, որ այս առիթով ետ կեցաւ ընելէ ի՛նչ որ այդ օրէնքը բեկանելու նման էր։ Այս կեցուածքը պէտք է մշակենք Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններուն հանդէպ։

24։10. Դաւիթի խղճմտանքը զինք մղեց որ զղջայ։ Մեր խղճմտանքը այդ կերպով ընդառաջելու համար զգայո՞ւն է։

24։14. Դաւիթ շատ լաւ գիտէր թէ Եհովա մարդոցմէ աւելի ողորմած է։ Այս համոզումը ունի՞նք։

24։17. Դաւիթ ցաւ զգաց որ իր մեղքը ամբողջ ազգին տառապանք պատճառեց։ Զղջացող յանցագործը պէտք է խղճահարուի, իր արարքներուն պատճառով ժողովքին վրայ եկած նախատինքին համար։

Կրնա՛նք ‘Աստուծոյ սիրտին համաձայն’ ըլլալ

Իսրայէլի երկրորդ թագաւորը Եհովայի «սրտին համեմատ մարդ մը»ն էր։ (Ա. Թագաւորաց 13։14) Դաւիթ Եհովայի արդար չափանիշները երբեք հարցականի տակ չդրաւ, եւ չփորձեց Աստուծմէ անկախ ըլլալ։ Ան ամէն անգամ որ սխալ գործեց, իր մեղքը խոստովանեցաւ, խրատը ընդունեց եւ իր ճամբաները սրբագրեց։ Ան ուղղամիտ մարդ մըն էր։ Խոհեմութիւն չէ՞ իրեն նմանիլ, մանաւանդ երբ յանցանք գործենք։

Դաւիթի կենսագրութիւնը վառ կերպով ցոյց կու տայ թէ Եհովայի գերիշխանութիւնը ճանչնալը կը նշանակէ Իր չափանիշները ընդունիլ, թէ ի՛նչ բան բարի է եւ ի՛նչ բան չար է, եւ ջանալ անոնց կառչիլ որպէս ուղղամտութիւն պահողներ։ Ասիկա մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ է։ Բ. Թագաւորաց գիրքէն մեր սորված դասերուն համար որքա՜ն երախտապարտ ենք։ Արդարեւ անոր բովանդակած ներշնչեալ պատգամը կենդանի ու զօրեղ է։—Եբրայեցիս 4։12

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Բ. Թագաւորաց գիրքը նաեւ կը կոչուի «Սամուէլի Բ. Գիրքը»։ Անիկա Սամուէլի անունը կը կրէ, քանի որ ինք ու Սամուէլի Ա. Գիրքը սկիզբը մէկ գալար էին Եբրայերէն կանոնական գիրքերուն մէջ։

[Նկար՝ էջ 28]

Իր գահը ամրօրէն հաստատողը յիշելով, Դաւիթ խոնարհ մնաց

[Նկարներ՝ էջ 30]

«Քու տունէդ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ»

Բերսաբէ

Թամար

Ամնոն