Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ չկայ համաշխարհային միութիւն

Ինչո՞ւ չկայ համաշխարհային միութիւն

Ինչո՞ւ չկայ համաշխարհային միութիւն

«Բ. Աշխարհամարտէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով միջազգային համայնքը միացած է։ . . . Հետեւաբար աշխարհը կրնայ այս պատեհութիւնը օգտագործել, երկար ատենէ սպասուած համաշխարհային նոր համակարգի մը խոստումը կատարելու համար»։

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներուն մէկ նախագահը Ի. դարու վերջին տասնամեակին այդ հարցումը ուղղեց։ Այն ժամանակ միջազգային դէպքերը կը թելադրէին թէ համաշխարհային միութիւնը հորիզոնին վրայ կ’երեւէր։ Ամբողջատիրական կառավարութիւնները մէկը միւսին ետեւէն քայքայուեցան։ Պերլինի Պատը փուլ եկաւ, Եւրոպայի համար նոր դարաշրջան մը նշելով։ Խորհրդային Միութիւնը, որ Արեւմուտքի մէջ շատերու կողմէ նկատուած էր աշխարհածաւալ պայքարներ հրահրող, անհետացաւ աշխարհի թատերաբեմէն։ Պաղ Պատերազմը վերջ գտաւ, եւ լաւատեսական խօսքեր ըսուեցան զինաթափութեան եւ կորիզային զինազերծման մասին։ Ճիշդ է որ Պարսից ծոցին մէջ պատերազմ ծագեցաւ, բայց անիկա ժամանակաւոր խնդիր սեպուեցաւ, աշխարհի մեծամասնութիւնը մղելով որ աւելի վճռակամօրէն խաղաղ դարաշրջան մը հետապնդէ։

Ո՛չ միայն քաղաքական ճակատին վրայ դրական նշաններ կարելի էր տեսնել, այլեւ՝ կեանքի այլ մարզերուն մէջ։ Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ կենսամակարդակը կը բարելաւուէր։ Բժշկական մարզին մէջ հոյակապ յառաջդիմութիւններ արձանագրուեցան։ Բազմաթիւ երկիրներու տնտեսական աճումը արագ էր, այն տպաւորութիւնը տալով թէ համաշխարհային բարգաւաճութիւն տեղի պիտի ունենար։ Այնպէս կը թուէր թէ աշխարհը շիտակ ուղղութեամբ կ’ընթանար։

Այս դէպքերէն միայն քանի մը տարի ետք, այժմ հարց կու տանք. ‘Ի՞նչ պատահեցաւ։ Ո՞ւր է խոստացեալ համաշխարհային միութիւնը’։ Այսօր կը թուի թէ աշխարհ հակառակ ուղղութեամբ կ’ընթանայ։ Մամուլին առօրեայ նիւթերն են՝ անձնասպանական գործողութիւններ, ահաբեկչական յարձակումներ, զանգուածային կործանումի զէնքերուն ուռճացումը եւ այլ խռովեցուցիչ զարգացումներ։ Այսպիսի դէպքեր աշխարհը հետզհետէ միութենէն կը հեռացնեն։ Երեւելի տնտեսագէտ մը վերջերս ըսաւ. «Մենք մտած ենք վերելք արձանագրող բռնարարքներու յոռի շրջանի մը մէջ»։

Համաշխարհային միութի՞ւն թէ բաժանում

Երբ Միացեալ Ազգերը կազմուեցաւ, անոր բացայայտ նպատակներէն մէկն էր՝ «բարեկամական յարաբերութիւններ զարգացնել ազգերու միջեւ, հիմնուած՝ համահաւասար իրաւունքներու եւ ինքնորոշման սկզբունքին վրայ»։ Շուրջ 60 տարի ետք, այդ վեհ նպատակը իրագործուա՞ծ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Փոխանակ «բարեկամական յարաբերութիւններ» զարգացնելու, ազգերը «ինքնորոշում» արտայայտութեամբ ա՛լ աւելի հետաքրքրուած են։ Իրենց ինքնութիւնն ու գերիշխանութիւնը հաստատելու համար պայքարող ժողովուրդները եւ էթնիք խումբերը, հետզհետէ աշխարհը բաժան–բաժան ըրած են։ Երբ Միացեալ Ազգերը կազմուեցաւ, 51 երկիր անդամ էին։ Ներկայիս անոր անդամները 191 երկիր են։

Ինչպէս տեսանք, Ի. դարու վերջաւորութեան, միացեալ աշխարհի մը յոյսը համատարած էր։ Անկէ ի վեր այդ յոյսը վերածուած է յուսախաբութեան, մարդկութիւնը ականատես ըլլալով համաշխարհային ընկերութեան աստիճանական բաժանումին։ Եուկոսլաւիայի վայրագ քայքայումը, Չեչենիայի ու Ռուսիայի միջեւ եղած ընդհարումները, Իրաքի պատերազմը եւ Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող կոտորածը,– այս բոլորը աւելի մեծ անմիաբանութեան մը ապացոյցն են։

Կասկած չկայ որ խաղաղութեան ի նպաստ անկեղծ ջանքեր թափուած են։ Այսուհանդերձ համաշխարհային միութիւնը անհասանելի կը թուի։ Շատեր հարց կու տան. ‘Համաշխարհային միութիւնը ինչո՞ւ ա՛յսքան անմատչելի է։ Աշխարհը դէպի ո՞ւր կ’ընթանայ’։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 3]

AP Photo/Lionel Cironneau

Arlo K. Abrahamson/AFP/ Getty Images