Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սիրելիներուդ հետ կը խօսակցի՞ս

Սիրելիներուդ հետ կը խօսակցի՞ս

Սիրելիներուդ հետ կը խօսակցի՞ս

ԼԵՀԱԿԱՆ շաբաթաթերթ մը (Polityka) կը տեղեկագրէ. «Մեր սիրելիներուն հետ հաղորդակցելու կարողութիւնը շշմեցուցիչ կերպով կը տկարանայ»։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ամոլները օրական միայն վեց վայրկեան իրարու հետ իմաստալից խօսակցութիւն կ’ունենան։ Կարգ մը մասնագէտներ կը խորհին թէ բաժանումներուն ու ամուսնալուծումներուն կէսը այս թերացումին հետեւանքն է։

Ի՞նչ կարելի է ըսել ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ եղած խօսակցութեան մասին։ Շատ մը պարագաներուն, «անիկա հարցաքննութեան ձեւ կ’առնէ. ‘Դպրոցը ի՞նչ ըրիր։ Դասընկերներդ ի՞նչպէս են’», կը նշէ վերոյիշեալ տեղեկագրութիւնը, եւ հարց կու տայ. «Մեր զաւակները ի՞նչպէս պիտի սորվին զգացական կապեր մշակել»։

Որովհետեւ լաւ հաղորդակցութեան հմտութիւնները ինքնաբերաբար չեն գար, ի՞նչպէս կրնանք խօսակցելու կարողութիւնը բարելաւել։ Քրիստոնեայ Յակոբոս աշակերտ մեզի կարեւոր խրատ մը տուաւ. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ (Յակոբու 1։19) Այո, շինիչ խօսակցութիւն ունենալու համար, ամենայն ուշադրութեամբ պէտք է մտիկ ընենք եւ չմիջամտենք կամ անմիջապէս եզրակացութիւններու չյանգինք։ Քննադատելէ խուսափիր, քանի որ անիկա կրնայ դիւրաւ խօսակցութեան վերջ դնել։ Ասկէ զատ, Յիսուս փափկանկատօրէն հարցումներ գործածեց, ո՛չ թէ հարցաքննելու համար, հապա իր ունկնդրին սիրտին մէջ եղածը դուրս հանելու եւ իրենց միջեւ եղած կապը զօրացնելու համար։—Առակաց 20։5. Մատթէոս 16։13-17. 17։23-26

Աստուածաշունչի ընտիր սկզբունքները գործադրելով, նախաքայլը առ սիրելիներուդ հետ խօսակցելու եւ հաղորդակցելու։ Ասիկա կրնայ յառաջ բերել ջերմ յարաբերութիւն մը, որ պիտի արժեւորես երկա՜ր տարիներ, նոյնիսկ ամբողջ կեանքիդ տեւողութեան։