Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Վիրաւորանքի դիմաց մեր անձը զսպենք’

‘Վիրաւորանքի դիմաց մեր անձը զսպենք’

‘Վիրաւորանքի դիմաց մեր անձը զսպենք’

«Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, . . . ոխ չպահող [«վիրաւորանքի դիմաց իր անձը զսպող», ՆԱ]»։—Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2։24

1. Քարոզչութեան ընթացքին, երբեմն ինչո՞ւ կը հանդիպինք մարդոց՝ որոնք կոպտօրէն կը խօսին։

Ի՞ՆՉՊԷՍ կը հակազդես երբ դէմ–դիմաց գաս անհատներու հետ, որոնք չեն ախորժիր քեզմէ կամ ներկայացուցած բանէդ։ Վերջին օրերը նկարագրելով, Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց որ մարդիկ «հայհոյիչ, . . . բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ» պիտի ըլլան։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 12) Հաւանական է որ ծառայութեանդ մէջ կամ այլ գործունէութեանց մէջ այսպիսի անհատներու հանդիպիս։

2. Ո՞ր համարները մեզի կ’օգնեն որ կծու խօսքեր ըսողներուն հետ խոհեմութեամբ վարուինք։

2 Պայման չէ որ կծու խօսքեր ըսող բոլոր անհատները շիտակի հանդէպ ամբողջովին հետաքրքրութիւն չունենան։ Ծայրայեղ նեղութիւնը կամ յուսախաբութիւնը պատճառ կրնայ ըլլալ որ անհատներ իրենց շուրջը գտնուող ոեւէ մէկը խօսքով վիրաւորեն։ (Ժողովողի 7։7) Շատեր այսպէս կը վարուին, քանի որ կ’ապրին ու կ’աշխատին միջավայրի մը մէջ, ուր նախատական խօսքերը սովորական են։ Ասիկա պատճառ չէ որ այսպիսի խօսակցութիւն Քրիստոնեաներուն համար ընդունելի ըլլայ, բայց մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ ուրիշներ ինչո՛ւ այդպէս կը խօսին։ Նախատական խօսքերուն ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։ Առակաց 19։11–ը կ’ըսէ. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ»։ Իսկ Հռովմայեցիս 12։17, 18–ը մեզ կը խրատէ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. . . . որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։

3. Խաղաղասիրութիւնը ի՞նչպէս պարփակուած է մեր քարոզչութեան մէջ։

3 Եթէ իրապէս խաղաղասէր ենք, մեր ցուցաբերած հոգին ասիկա բացայայտ պիտի դարձնէ։ Անիկա պիտի դրսեւորուի մեր ըսած ու ըրած բաներով, ինչպէս նաեւ մեր դէմքի արտայայտութեամբ եւ ձայնի թոնով։ (Առակաց 17։27) Երբ իր առաքեալները քարոզելու ղրկեց, Յիսուս զիրենք խրատեց. «Երբ տունը մտնէք, տանտիրոջ բարեւեցէք ըսելով. ‘Ողջոյն ձեզի’։ Եթէ տնեցիները արժանաւոր են՝ ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոնց վրայ թող հանգչի, իսկ եթէ արժանաւոր չեն՝ այն ատեն ձեր ողջոյնը թող վերադառնայ ձեզի»։ (Մատթէոս 10։12, 13, Անթիլիաս) Մեր քարոզած պատգամը բարի լուր է։ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ «խաղաղութեան աւետարան», «շնորհքներու աւետարան» եւ ‘արքայութեան աւետարանը’։ (Եփեսացիս 6։15. Գործք 20։24. Մատթէոս 24։14) Մեր նպատակը ուրիշի մը հաւատալիքները քննադատել չէ, ո՛չ ալ անոր տեսակէտներուն շուրջ վիճաբանիլ է, այլ՝ Աստուծոյ Խօսքէն բարի լուրը բաժնել է։

4. Այցելութեանդ նպատակը չըսած, եթէ տանտէրը ուղղակի ըսէ. «Հետաքրքրուած չեմ», ի՞նչ կրնաս ըսել։

4 Թերեւս տանտէր մը առանց մտիկ ընելու՝ ուղղակի ըսէ. «Հետաքրքրուած չեմ»։ Շատ մը պարագաներու, կարելի է ըսել. «Կ’ուզէի Աստուածաշունչէն կարդալ միայն այս համառօտ համարը»։ Թերեւս ան չառարկէ։ Ուրիշ պարագաներու, յարմար կրնայ ըլլալ որ ըսես. «Կը փափաքէի քեզի խօսիլ այն ժամանակին մասին, երբ այլեւս անիրաւութիւն պիտի չըլլայ եւ բոլոր մարդիկ պիտի սորվին զիրար սիրել»։ Եթէ տանտէրը բացատրութիւն մը չխնդրէ, կրնաս աւելցնել. «Ըստ երեւոյթին, հիմա ժամանակը յարմար չէ»։ Եթէ տանտէրը խաղաղութեամբ չընդառաջէ, պէ՞տք է եզրակացնենք թէ «արժանաւոր չէ»։ Մարդոց ընդառաջումը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Աստուածաշունչը կը խրատէ որ ‘Տէրոջը ծառան պէտք է հեզահոգի ըլլայ ամենուն, վիրաւորանքի դիմաց իր անձը զսպող’։—Բ. Տիմոթէոս 2։24

Ամբարտաւան բայց մոլորած

5, 6. Սօղոս Յիսուսի հետեւորդներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ, եւ ինչո՞ւ։

5 Առաջին դարուն, Սօղոս անունով մարդ մը հանրածանօթ էր իր անյարգալից խօսակցութեան ու վայրագ վերաբերմունքին համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան ‘Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ կը փչէր’։ (Գործք 9։1, 2) Հետագային ան խոստովանեցաւ թէ ‘հայհոյիչ, հալածող եւ թշնամանող էր’։ (Ա. Տիմոթէոս 1։13) Թէեւ իր ազգականներէն ոմանք թերեւս Քրիստոնեայ դարձած էին, բայց Քրիստոսի հետեւորդներուն հանդէպ իր վերաբերմունքին մասին խօսելով՝ ըսաւ. «Անոնց դէմ սաստիկ կատղած՝ մինչեւ օտար քաղաքները կը հալածէի»։ (Գործք 23։16. 26։11. Հռովմայեցիս 16։7, 11) Ապացոյց չկայ թէ աշակերտները փորձեցին Սօղոսի հետ հանրապէս վիճիլ, մինչ վերոյիշեալ կերպով կը վարուէր։

6 Սօղոս ինչո՞ւ այդպէս վարուեցաւ։ Տարիներ ետք, ան գրեց. «Անհաւատութեան մէջ եւ չգիտնալով ըրի»։ (Ա. Տիմոթէոս 1։13) Ան Փարիսեցի մըն էր, «հայրենի օրէնքին ճշդութեանը մէջ» կրթուած։ (Գործք 22։3) Թէեւ Սօղոսի ուսուցիչը՝ Գամաղիէլ որոշ չափով լայնամիտ էր, սակայն Կայիափա քահանայապետը, որուն Սօղոս կ’ընկերակցէր, մոլեռանդ էր։ Կայիափա մեծ դեր խաղցաւ Յիսուս Քրիստոսի սպանութեան առաջնորդող դաւադրութեան մէջ։ (Մատթէոս 26։3, 4, 63-66. Գործք 5։34-39) Անկէ ետք, Կայիափա կարգադրեց որ Յիսուսի առաքեալները ծեծուին, եւ խստօրէն անոնց հրամայեց որ այլեւս Յիսուսի անունով չքարոզեն։ Կայիափայի գլխաւորութեամբ Սենետրիոնը գումարեց այն նիստը, որուն ընթացքին Ստեփանոս տարուեցաւ քարկոծուելու։ (Գործք 5։27, 28, 40. 7։1-59) Սօղոս Ստեփանոսի քարկոծման ներկայ էր, եւ Կայիափա իրեն հեղինակութիւն տուաւ որ շարունակէ Յիսուսի հետեւորդները նուաճել, զանոնք Դամասկոսի մէջ ձերբակալելով։ (Գործք 8։1. 9։1, 2) Կայիափայէն ազդուած, Սօղոս խորհեցաւ թէ իր այս վերաբերմունքը կ’ապացուցանէր Աստուծոյ հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը, բայց ան իսկական հաւատք չունէր։ (Գործք 22։3-5) Ուստի Սօղոս չանդրադարձաւ որ Յիսուս ճշմարիտ Մեսիան էր։ Ան զգաստացաւ երբ յարուցեալ Յիսուս հրաշալիօրէն իրեն հետ խօսեցաւ Դամասկոս տանող ճամբային վրայ։—Գործք 9։3-7

7. Դամասկոս տանող ճամբային վրայ Յիսուսի հանդիպելէ ետք, Սօղոսի ի՞նչ պատահեցաւ։

7 Ասկէ կարճ ժամանակ ետք, Անանիա աշակերտը Սօղոսի ղրկուեցաւ որ անոր վկայէ։ Պիտի ուզէի՞ր այդ այցելուն դուն ըլլալ։ Անանիա երկչոտ էր, բայց քաղցրօրէն Սօղոսի հետ խօսեցաւ։ Սօղոսի վերաբերմունքը փոխուած էր, Դամասկոս տանող ճամբային վրայ Յիսուսի հետ իր ունեցած հրաշալի հանդիպումին պատճառով։ (Գործք 9։10-22) Հետագային ան ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ, նախանձախնդիր Քրիստոնեայ միսիոնար մը։

Հեզ բայց խիզախ

8. Յիսուս ի՞նչպէս չարագործներուն հանդէպ իր Հօր տեսակէտը արտացոլացուց։

8 Յիսուս Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանող մըն էր, որ մարդոց հետ հեզութեամբ վարուելով հանդերձ, խիզախ էր։ (Մատթէոս 11։29) Ան իր երկնաւոր Հօր կեցուածքը արտացոլացուց, որ ամբարիշտները կը յորդորէ որ իրենց չար ճամբաներէն հրաժարին։ (Եսայեայ 55։6, 7) Յիսուս մեղաւորներուն մէջ կը նկատէր բարելաւուելու փափաքը եւ զիրենք կը քաջալերէր։ (Ղուկաս 7։37-50. 19։2-10) Փոխանակ դրսերեւոյթին հիման վրայ անհատները դատելու, ան իր Հօր քաղցրութիւնը, համբերութիւնն ու երկայնամտութիւնը ընդօրինակեց, յուսալով զանոնք զղջումի առաջնորդել։ (Հռովմայեցիս 2։4) Եհովայի կամքն է որ ամէն տեսակ մարդիկ զղջան ու փրկուին։—Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4

9. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Եսայեայ 42։1-4–ը Յիսուսի կիրարկուեցաւ։

9 Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ Եհովայի տեսակէտը տալով, աւետարանիչ Մատթէոս հետեւեալ մարգարէական խօսքերը կը մէջբերէ. «Ահա իմ ծառաս, զոր ընտրեցի եւ իմ սիրելիս, որուն հաւնեցաւ իմ անձս. իմ Հոգիս անոր վրայ պիտի դնեմ ու հեթանոսներուն իրաւունք պիտի տայ։ Ո՛չ պիտի վիճի եւ ո՛չ պիտի աղաղակէ եւ ո՛չ մէկը պիտի լսէ անոր ձայնը հրապարակներուն մէջ։ Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, մինչեւ արդարութիւնը յաղթանակի հասցնէ։ Եւ հեթանոսները անոր անուանը պիտի յուսան»։ (Մատթէոս 12։17-21. Եսայեայ 42։1-4) Այս մարգարէական խօսքերուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, Յիսուս տաք վիճաբանութիւններու միջամուխ չեղաւ։ Նոյնիսկ ճնշումի տակ, ան գրաւիչ կերպով ճշմարտութիւնը խօսեցաւ պարկեշտամիտ անհատներուն։—Յովհաննու 7։32, 40, 45, 46

10, 11. (ա) Փարիսեցիները Յիսուսի ամենէն յանդուգն հակառակորդները ըլլալով հանդերձ, ան ինչո՞ւ անոնցմէ ոմանց վկայեց։ (բ) Յիսուս երբեմն ինչպիսի՞ պատասխաններ տուաւ հակառակորդներուն, բայց ի՞նչ բան չըրաւ։

10 Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս բազմաթիւ Փարիսեցիներու խօսեցաւ։ Թէեւ անոնցմէ ոմանք ջանացին զինք խօսքով ծուղակը ձգել, սակայն Յիսուս չեզրակացուց թէ բոլորը վատ շարժառիթներ ունէին։ Սիմոն անունով խծբծող Փարիսեցի մը, ըստ երեւոյթին ուզեց Յիսուսը մօտէն տեսնել, ուստի զայն ճաշի հրաւիրեց։ Յիսուս անոր հրաւէրը ընդունեց եւ ներկաներուն վկայեց։ (Ղուկաս 7։36-50) Ուրիշ առիթով, Նիկոդէմոս անունով կարկառուն Փարիսեցի մը, գիշերով Յիսուսի քով եկաւ։ Յիսուս զինք չնախատեց, քանի որ ուզեց մութը կոխելէն ետք գալ։ Փոխարէն, ան Նիկոդէմոսի վկայեց Աստուծոյ ցուցաբերած սիրոյն մասին, իր Որդին ղրկելով որ փրկութեան ճամբան բանայ անոնց՝ որ պիտի հաւատան։ Յիսուս նաեւ քաղցրօրէն նշեց Աստուծոյ կարգադրութեան հնազանդելու կարեւորութիւնը։ (Յովհաննու 3։1-21) Հետագային Նիկոդէմոս Յիսուսը պաշտպանեց, երբ ուրիշ Փարիսեցիներ անոր վերաբերեալ նպաստաւոր տեղեկագրութեան մը արժէքը նսեմացուցին։—Յովհաննու 7։46-51

11 Յիսուս զինք ծուղակը ձգել ջանացողներուն կեղծաւորութիւնը կը նկատէր։ Ան հակառակորդներուն թոյլ չտուաւ որ զինք ապարդիւն բանավէճերու միջամուխ ընեն։ Սակայն երբ յարմար էր, ան համառօտ ու զօրաւոր պատասխաններ տուաւ, նշելով սկզբունք մը, գործածելով օրինակ մը կամ մէջբերելով համար մը։ (Մատթէոս 12։38-42. 15։1-9. 16։1-4) Կարգ մը առիթներով Յիսուս չպատասխանեց, քանի որ բացայայտ էր թէ իր ըսածը որեւէ օգուտ պիտի չբերէր։—Մարկոս 15։2-5. Ղուկաս 22։67-70

12. Նոյնիսկ երբ իրեն դէմ կ’աղաղակէին, Յիսուս ի՞նչպէս կրցաւ մարդոց օգնել։

12 Երբեմն, պիղծ ոգիներու ազդեցութեան տակ եղող մարդիկ Յիսուսի դէմ կ’աղաղակէին, բայց ինք ինքնազսպում կը գործադրէր ու նոյնիսկ իր աստուածատուր զօրութիւնը կը գործածէր զանոնք բուժելու։ (Մարկոս 1։23-28. 5։2-8, 15) Եթէ մեր ծառայութեան ընթացքին ոմանք զայրանան ու սկսին պոռալ, ինքնազսպում պէտք է գործադրենք եւ ջանանք պարագան քաղցրութեամբ ու փափկանկատութեամբ ձեռք առնել։—Կողոսացիս 4։6

Ընտանիքէն ներս

13. Երբեմն ոմանք ինչո՞ւ ընտանիքին մէկ անդամին կը հակառակին, երբ սկսի Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։

13 Յիսուսի հետեւորդներուն կողմէ ինքնազսպում գործադրելու կարիքը յաճախ աւելի բացայայտ կը դառնայ ընտանիքէն ներս։ Անհատ մը որ սրտանց կ’ընդունի Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը, կը տենչայ որ իր ընտանիքն ալ նոյն կերպով ընդառաջէ։ Բայց ինչպէս Յիսուս ըսաւ, ընտանիքի անդամները կրնան հակառակութիւն ցուցաբերել։ (Մատթէոս 10։32-37. Յովհաննու 15։20, 21) Ասիկա զանազան պատճառներ ունի։ Օրինակ, Աստուածաշունչի ուսուցումները մեզի կ’օգնեն որ պարկեշտ, պատասխանատու ու յարգալից ըլլանք, բայց միւս կողմէ, Սուրբ Գրութիւններէն կը սորվինք թէ պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, մեր Ստեղծիչին հանդէպ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ունինք։ (Ժողովողի 12։1, 13. Գործք 5։29) Ընտանիքին մէկ անդամը կրնայ ընդվզիլ, եթէ խորհի թէ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութեան պատճառով՝ ընտանիքէն ներս իր ազդեցութիւնը որոշ չափով կը տկարանայ։ Այս պարագան ձեռք առնելու ատեն, որքա՜ն կարեւոր է որ ինքնազսպում գործադրենք՝ Յիսուսի օրինակին հետեւելով։—Ա. Պետրոս 2։21-23. 3։1, 2

14-16. Իրենց ընտանիքի անդամներուն հակառակողներէն ոմանք ինչո՞ւ փոխուեցան։

14 Ներկայիս Եհովան պաշտողներէն շատեր, անցեալին ունեցած են կողակից մը կամ ընտանիքի անդամ մը, որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու սկսելէ ետք իրենց ըրած փոփոխութիւններուն կը հակառակէր։ Թերեւս ան Եհովայի Վկաներուն մասին բացասական խօսքեր լսած էր, կամ կը վախնար որ ասիկա ընտանիքին վրայ գէշ ազդեցութիւն ունենայ։ Ի՞նչ պատճառով անոր կեցուածքը փոխուեցաւ։ Շատ մը պարագաներուն, լաւ օրինակը մեծ դեր խաղցած է։ Ընտանեկան հակառակութիւնը երբեմն մեղմացած է, քանի որ հաւատացեալը հաստատօրէն Աստուածաշունչի խրատը կիրարկած է,– կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներու յաճախելով եւ ծառայութեան մասնակցելով, ինչպէս նաեւ ընտանեկան պատասխանատուութիւններուն հոգ տանելով ու վիրաւորանքի դիմաց ինքնազսպում գործադրելով։—Ա. Պետրոս 2։12

15 Կանխադատութեան կամ հպարտութեան պատճառով, թերեւս հակառակորդը նաեւ մերժած էր լսել աստուածաշնչական որեւէ բացատրութիւն։ Այսպէս վարուեցաւ մարդ մը Միացեալ Նահանգներուն մէջ, որ ըսաւ թէ շատ հայրենասէր էր։ Անգամ մը, երբ իր կինը համաժողովի գացած էր, ան իր բոլոր հագուստները հաւաքեց ու տունէն հեռացաւ։ Ուրիշ անգամ մը, ան ատրճանակ առաւ ու տունէն դուրս ելաւ, սպառնալով ինքզինք սպաննել։ Ան իր անտրամաբանական վարքին համար իր կնոջ կրօնքը կը մեղադրէր։ Բայց կինը շարունակեց Աստուածաշունչի խրատները կիրարկել։ Կինը Եհովայի Վկայ ըլլալէն քսան տարի ետք, ամուսինն ալ Վկայ մը եղաւ։ Ալպանիայի մէջ կին մը շատ զայրացաւ, քանի որ իր աղջիկը Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց եւ մկրտուեցաւ։ Մայրը 12 առիթներով իր աղջկան Աստուածաշունչը փճացուց։ Օր մը, ան սեղանին վրայ իր աղջկան նոր Աստուածաշունչը տեսնելով՝ զայն բացաւ։ Ան նկատեց Մատթէոս 10։36–ը, եւ անդրադարձաւ որ ըսուածը իրեն կը կիրարկուէր։ Աղջկան բարօրութեամբ հետաքրքրուած ըլլալով, ան իրեն հետ գնաց մինչեւ նաւահանգիստ, երբ ուրիշ Վկաներու հետ համաժողովի համար Իտալիա պիտի ճամբորդէր։ Մայրը տեսնելով մեկնողներուն սէրը, ողջագուրումներն ու ժպիտները եւ լսելով անոնց ուրախ խնդուքը, իր զգացումները սկսան փոխուիլ։ Անկէ քիչ ետք, ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Ներկայիս ան կը ջանայ օգնել անոնց՝ որ սկիզբը կը հակառակին։

16 Առիթով մը, Թագաւորութեան Սրահին դիմաց ամուսին մը դանակ քաշած, իր կնոջ ուղղեց կծու ամբաստանութիւններ։ Կինը ազնուօրէն պատասխանեց. «Թագաւորութեան Սրահ մտիր եւ աչքովդ տես»։ Ան մտաւ, եւ ժամանակի ընթացքին Քրիստոնեայ երէց եղաւ։

17. Եթէ Քրիստոնեայ ընտանիքէն ներս երբեմն լարուած վիճակ տիրէ, աստուածաշնչական ո՞ր խրատները կրնան օգտակար ըլլալ։

17 Նոյնիսկ եթէ ընտանիքիդ բոլոր անդամները Քրիստոնեաներ են, թերեւս երբեմն ընտանիքէն ներս լարուած վիճակ մը սկսի տիրել եւ կոշտ խօսքեր ըսուին, մարդկային անկատարութեան պատճառով։ Նկատողութեան արժանի է թէ վաղեմի Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն սա խրատը տրուեցաւ. «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ»։ (Եփեսացիս 4։31) Բացայայտ է որ Եփեսոսի մէջ տիրող միջավայրը, անոնց անկատարութիւնները եւ ոմանց նախկին կենցաղը, իրենց վրայ ազդեցութիւն բանեցուցին։ Ի՞նչ բան անոնց պիտի օգնէր փոխուելու։ Անոնք իրենց ‘միտքին հոգիով պէտք էր նորոգուէին’։ (Եփեսացիս 4։23, ԱՎ) Աստուծոյ հոգիին պտուղը իրենց կեանքին մէջ աւելի բացայայտ պիտի ըլլար, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով, զայն կիրարկելու մասին խոկալով, Քրիստոնեայ հաւատակիցներու ընկերակցելով եւ սրտանց աղօթելով։ Անոնք պիտի սորվէին ‘իրարու հետ քաղցր ըլլալ, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց իրենց’։ (Եփեսացիս 4։32) Ուրիշներ ի՛նչ որ ալ ընեն, մենք ինքնազսպում պէտք է գործադրենք, ըլլալով քաղցր, կարեկից եւ ներող։ Արդարեւ ‘չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն պէտք չէ հատուցանենք’։ (Հռովմայեցիս 12։17, 18) Աստուած ընդօրինակելով հարազատ սէր ցուցաբերելը միշտ շիտակ է։—Ա. Յովհաննու 4։8

Խրատ՝ բոլոր Քրիստոնեաներուն

18. Վաղեմի Եփեսոսի մէջ գտնուող երէցի մը համար, Բ. Տիմոթէոս 2։24–ի խրատը ինչո՞ւ յարմար էր, եւ անիկա ի՞նչպէս բոլոր Քրիստոնեաներուն կրնայ օգտել։

18 ‘Վիրաւորանքի դիմաց մեր անձը զսպելու’ խրատը կը կիրարկուի բոլոր Քրիստոնեաներուն։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24, ՆԱ) Բայց անիկա նա՛խ ուղղուած էր Տիմոթէոսի, երբ ան Եփեսոսի մէջ կը ծառայէր որպէս երէց։ Ժողովքին մէջ ոմանք յանդգնօրէն իրենց տեսակէտները կը յայտնէին եւ սխալ վարդապետութիւններ կը սորվեցնէին։ Մովսիսական Օրէնքին նպատակը լիովին չըմբռնելով, անոնք թերագնահատեցին հաւատքի, սիրոյ եւ բարի խղճմտանքին կարեւորութիւնը։ Հպարտութիւնը կռիւներու դուռ բացաւ, մինչ բառերու շուրջ վիճաբանեցան, չհասկնալով Քրիստոսի ուսուցումներուն միտք բանին ու աստուածպաշտութեան կարեւորութիւնը։ Այս պարագան ձեռք առնելու համար, Տիմոթէոս աստուածաշնչական ճշմարտութեան պէտք էր կառչէր, եւ իր եղբայրներուն հետ ազնուօրէն վարուէր։ Այժմու երէցներուն նման, ան գիտէր թէ հօտը իրեն չէր պատկաներ եւ թէ ուրիշներուն հետ այնպիսի կերպով պէտք էր վարուէր, որ քրիստոնէական սիրոյ եւ միութեան նպաստէր։—Եփեսացիս 4։1-3. Ա. Տիմոթէոս 1։3-11. 5։1, 2. 6։3-5

19. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ բոլորս ‘խոնարհութիւն փնտռենք’։

19 Աստուած իր ժողովուրդը կը յորդորէ որ ‘խոնարհութիւն փնտռեն’։ (Սոփոնեայ 2։3) «Խոնարհութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը մտավիճակ մը ցոյց կու տայ, որ կարող կը դարձնէ անհատը վնասուածքի տոկալու, առանց ընդվզելու կամ փոխվրէժի մասին խորհելու։ Սրտանց Եհովայէ խնդրենք որ մեզի օգնէ, որպէսզի կարենանք ինքնազսպում գործադրել եւ զինք պատշաճօրէն ներկայացնել, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։

Ի՞նչ սորվեցար

• Երբ քեզի նախատական խօսքեր ըսուին, ո՞ր համարները կրնան քեզի օգնել։

• Սօղոս ինչո՞ւ ամբարտաւան կերպով վարուեցաւ։

• Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի ամէն տեսակ մարդոց հետ պատշաճօրէն վարուելու։

• Տան մէջ մեր խօսակցութիւնը զսպելով, ի՞նչ օգուտներ ձեռք կը ձգենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Քրիստոնեան հաւատարմօրէն իր ընտանեկան պատասխանատուութիւններուն հոգ տանելով, կրնայ ընտանեկան հակառակութիւնը մեղմացնել

[Նկար՝ էջ 16]

Քրիստոնեաները սէրն ու միութիւնը կը յառաջացնեն