Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փրկուած՝ ո՛չ միայն գործերով, այլ՝ շնորհքով

Փրկուած՝ ո՛չ միայն գործերով, այլ՝ շնորհքով

Փրկուած՝ ո՛չ միայն գործերով, այլ՝ շնորհքով

«Դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք՝ հաւատքի միջոցով . . . ո՛չ թէ գործերէն է, որպէսզի ո՛չ մէկը պարծենայ»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 2։8, 9, ԱՎ

1. Անհատական իրագործումներուն առնչութեամբ Քրիստոնեաները ընդհանուր մարդոցմէ ի՞նչպէս կը տարբերին, եւ ինչո՞ւ։

ՄԱՐԴՈՑ մեծամասնութիւնը իրենց անհատական իրագործումներով շատ կը հպարտանան եւ անոնց մասին յաճախ կը յոխորտան։ Քրիստոնեաները իրենց իրագործումները չափազանց շեշտելէ կը խուսափին, նոյնիսկ եթէ անոնք կապ ունին ճշմարիտ պաշտամունքին հետ։ Եհովայի ժողովուրդին իրագործած բաներով ուրախանալով հանդերձ, անոնք իրենց անհատական մասնակցութիւնը շուքի մէջ կը ձգեն։ Անոնք կը գիտակցին թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ, շիտակ շարժառիթները աւելի կարեւոր են, քան անհատական իրագործումները։ Ամէն անհատ յաւիտենական կեանքի պարգեւը պիտի ստանայ ո՛չ թէ անհատական իրագործումներուն շնորհիւ, այլ՝ հաւատքին միջոցով ու Աստուծոյ շնորհքով։—Ղուկաս 17։10. Յովհաննու 3։16

2, 3. Պօղոս ի՞նչ բանով պարծեցաւ, եւ ինչո՞ւ։

2 Պօղոս առաքեալ այս իրողութեան քաջատեղեակ էր։ «Մարմնի խայթոց»է մը ձերբազատուելու համար երեք անգամ աղօթելէ ետք, Եհովա անոր պատասխանեց. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Եհովայի որոշումը խոնարհաբար ընդունելով, Պօղոս ըսաւ. «Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի»։ Պօղոսի խոնարհ կեցուածքը ընդօրինակուելու արժանի է։—Բ. Կորնթացիս 12։7-9

3 Թէեւ Պօղոս քրիստոնէական գործեր կատարելու մէջ աչքառու էր, սակայն ընդունեց որ իր իրագործումները իր առանձնայատուկ կարողութիւններուն շնորհիւ չէին։ Համեստութեամբ ան նշեց. «Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը»։ (Եփեսացիս 3։8, ԱՎ) Այս խօսքը չի յայտներ սնապարծ կեցուածք կամ ինքնարդար ամբարտաւանութիւն։ «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Յակոբու 4։6. Ա. Պետրոս 5։5) Պօղոսի օրինակին կը հետեւի՞նք, խոնարհաբար մենք մեզ մեր եղբայրներուն ամենափոքրէն աւելի փոքր նկատելով։

«Ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք»

4. Երբեմն ինչո՞ւ ուրիշը մեզմէ գերազանց համարելը դժուար կը գտնենք։

4 Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները խրատեց. «Ո՛չ մէկ բան ըրէք հակառակութեամբ կամ սնափառութեամբ. հապա՝ խոնարհութեամբ ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք»։ (Փիլիպպեցիս 2։3, ԱՎ) Ասիկա կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ, մանաւանդ եթէ պատասխանատու դիրքի վրայ ենք։ Թերեւս ասիկա ընելը դժուար գտնենք, քանի որ որոշ տարողութեամբ ազդուած ենք աշխարհի մէջ տիրական եղող մրցակցութեան հոգիէն։ Հաւանաբար, երբ մանուկ էինք սորվեցանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ դասընկերներուն հետ մրցակցիլ։ Թերեւս միշտ մեզ կը յորդորէին որ դպրոցին լաւագոյն մարզիկը կամ աշակերտը ըլլանք։ Անշուշտ պատշաճ ձեռնարկի մը մէջ մեր լաւագոյնը ընելը գովելի է։ Սակայն Քրիստոնեաները ասիկա կ’ընեն, ո՛չ թէ իրենց վրայ անտեղի ուշադրութիւն հրաւիրելու, այլ՝ այդ գործունէութենէն լիովին օգտուելու եւ ուրիշներուն ալ օգտակար ըլլալու համար։ Բայց միշտ ամէն բանի մէջ լաւագոյնը ըլլալու փափաքը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Ի՞նչպէս։

5. Եթէ մրցակցութեան հոգին չսանձուի, ի՞նչ բանի կրնայ առաջնորդել։

5 Եթէ մրցակցական կամ անձնագով հոգին չսանձուի, կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը անպատկառ ու յոխորտ դառնայ։ Ան կրնայ ուրիշներու կարողութիւններուն ու առանձնաշնորհումներուն նախանձիլ։ Առակաց 28։22–ը կ’ըսէ. «Չար աչք ունեցող մարդը հարուստ ըլլալու կ’արտորայ, ու չի գիտեր թէ իր վրայ աղքատութիւն պիտի գայ»։ Թերեւս ան յաւակնոտութեամբ ձգտի որոշ դիրքերու հասնիլ, առանց իրաւասութիւն ունենալու։ Իր արարքները արդարացնելու համար, ան կրնայ տրտնջալ եւ ուրիշները քննադատել,– հակումներ՝ որոնցմէ Քրիստոնեան պէտք է խուսափի։ (Յակոբու 3։14-16) Յամենայն դէպս, ան եսամոլ ըլլալու վտանգին տակ է։

6. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կ’ազդարարէ մրցակցութեան հոգիին դէմ։

6 Հետեւաբար Աստուածաշունչը Քրիստոնեաները կը յորդորէ. «Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով»։ (Գաղատացիս 5։26) Յովհաննէս առաքեալ խօսեցաւ Քրիստոնեայի մը մասին, որ ըստ երեւոյթին այս կեցուածքին զոհ գացած էր։ Ան ըսաւ. «Եկեղեցիին գրեցի. բայց Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չընդունիր։ Ասոր համար եթէ գամ, անոր ըրած գործերը պիտի յիշեմ, որ մեզի դէմ շաղակրատելով չարախօսութիւն կ’ընէ»։ Ի՜նչ ցաւալի է որ Քրիստոնեայ մը այս վիճակին մէջ իյնայ։—Գ. Յովհաննու 9, 10

7. Մրցակցութիւն պահանջող գործին մէջ, Քրիստոնեան պիտի ուզէ ի՞նչ բանէ խուսափիլ։

7 Անշուշտ անիրատես է խորհիլ թէ Քրիստոնեան կրնայ բոլոր մրցակցական հետապնդումներէն ամբողջովին խուսափիլ։ Օրինակ, Քրիստոնեայի մը աշխարհիկ գործը կրնայ պահանջել որ տնտեսականօրէն մրցակցի նոյն ապրանքը արտադրող կամ նոյն ծառայութիւնը մատուցանող անհատներու կամ հաստատութիւններու հետ։ Սակայն նոյնիսկ այս պարագաներուն, Քրիստոնեան պիտի ուզէ իր գործին հոգ տանիլ՝ յարգանք, սէր ու նկատառութիւն ցուցաբերելով։ Ան ապօրինի կամ անքրիստոնէավայել սովորութիւնները պիտի մերժէ եւ պիտի չուզէ ճանչցուիլ մրցակցական ու շահասէր կեցուածքով։ Ան պիտի չխորհի թէ որեւէ մարզի մէջ լաւագոյնը ըլլալը, կեանքի մէջ ամենակարեւոր բանն է։ Եթէ աշխարհիկ գործին մէջ այս է պարագան, որքա՜ն աւելի պաշտամունքի ծիրէն ներս։

«Փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու»

8, 9. (ա) Քրիստոնեայ երէցները ինչո՞ւ իրարու հետ չեն մրցակցիր։ (բ) Ա. Պետրոս 4։10–ն ինչո՞ւ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն կը կիրարկուի։

8 Պաշտամունքին մէջ Քրիստոնեաներուն ունենալիք կեցուածքը նշուած է սա ներշնչեալ խօսքին մէջ. «Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ եւ իր գոհունակութիւնը միայն ինքն իրեն պահէ, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու»։ (Գաղատացիս 6։4, Անթիլիաս) Գիտակցելով թէ իրարու հետ չեն մրցիր, ժողովքի երէցները կը համագործակցին ու որպէս մարմին միասնաբար կ’աշխատին։ Անոնք ժողովքի ընդհանուր բարօրութեան ի նպաստ իւրաքանչիւրին բերած բաժինով կ’ուրախանան։ Այսպէս անոնք քանդիչ մրցակցութենէ կը խուսափին եւ միութեան ընտիր օրինակ կը հանդիսանան ժողովքի անդամներուն։

9 Տարիքի, փորձառութեան կամ բնական կարողութիւններու պատճառով, կարգ մը երէցներ կրնան միւսներէն աւելի ատակ կամ խորատես ըլլալ։ Հետեւաբար երէցները Եհովայի կազմակերպութեան մէջ զանազան պատասխանատուութիւններ ունին։ Փոխանակ բաղդատութիւններ ընելու, անոնք ի մտի կ’ունենան սա խրատը. «Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս»։ (Ա. Պետրոս 4։10) Իրականութեան մէջ, այս համարը Եհովայի բոլոր ծառաներուն կը կիրարկուի, քանի որ որոշ տարողութեամբ բոլորը ճշգրիտ գիտութեան պարգեւը ստացած են եւ քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցելու առանձնաշնորհումը կը վայելեն։

10. Միայն ո՞ր կերպով մեր սրբազան ծառայութիւնը Եհովայի ընդունելի կ’ըլլայ։

10 Սրբազան ծառայութիւնը Եհովայի հաճելի է, միայն երբ անիկա սէրէ ու նուիրումէ մղուած կը մատուցանենք, եւ ո՛չ թէ մենք մեզ ուրիշներէն աւելի բարձրացնելու համար։ Ուստի կենսական է որ ճշմարիտ պաշտամունքին ի նպաստ մեր կատարած գործունէութեան հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։ Ո՛չ ոք կրնայ ուրիշի մը շարժառիթները ճշգրտօրէն դատել, բայց Եհովա կրնայ ‘սիրտերը քննել’։ (Առակաց 24։12. Ա. Թագաւորաց 16։7) Արդ, լաւ կ’ըլլայ որ ատեն–ատեն մենք մեզի հարց տանք. ‘Ի՞նչ շարժառիթով հաւատքի գործեր կ’ընեմ’։—Սաղմոս 24։3, 4. Մատթէոս 5։8

Մեր գործին հանդէպ պատշաճ տեսակէտ

11. Մեր ծառայութեան վերաբերեալ ո՞ր հարցումները նկատի առնելը տրամաբանական է։

11 Եթէ Եհովայի հաճութիւնը ձեռք ձգելու համար շարժառիթը շատ կարեւոր է, ուրեմն ո՞ր տարողութեամբ մեր հաւատքի գործերով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։ Այնքան ատեն որ մեր ծառայութիւնը շիտակ շարժառիթով կը մատուցանենք, իրապէս անհրաժե՞շտ է որ մեր ըրածին մասին արձանագրութիւն պահենք։ Ասոնք տրամաբանական հարցումներ են, քանի որ չենք ուզեր որ թիւերը աւելի կարեւորութիւն ստանան, քան՝ հաւատքի գործերը, կամ՝ մեր քրիստոնէական գործունէութեան մասին լաւ տեղեկագրութիւն ունենալը մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը դառնայ։

12, 13. (ա) Մեր դաշտի ծառայութեան մասին արձանագրութիւն պահելուն կարգ մը պատճառները ի՞նչ են։ (բ) Մեր քարոզչութեան ընդհանուր տեղեկագրութիւնը տեսնելով ինչո՞ւ կ’ուրախանանք։

12 Նկատէ թէ ի՛նչ կ’ըսէ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքը. «Յիսուս Քրիստոսի նախկին հետեւորդները քարոզչութեան յառաջդիմութեան մասին տրուած տեղեկագրութիւններով հետաքրքրուած էին։ (Մարկոս 6։30) Գործք Առաքելոց գիրքը մեզի կ’ըսէ թէ Պէնտէկոստէին շուրջ 120 հոգի ներկայ էին, երբ սուրբ հոգին աշակերտներուն վրայ թափուեցաւ։ Շատ չանցած աշակերտներուն թիւը եղաւ 3,000, ապա 5,000։ . . . (Գործք 1։15. 2։5-11, 41, 47. 4։4. 6։7) Այս յաւելումներուն լուրը որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր աշակերտները»։ Նոյն պատճառով, Եհովայի Վկաները կը ջանան ճշգրիտ արձանագրութիւններ պահել, թէ համայն աշխարհի մէջ ի՛նչ կ’իրագործուի առ ի կատարում Յիսուսի սա խօսքին. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Այս տեղեկագրութիւնները աշխարհի դաշտին մէջ իրագործուած բաներուն մասին իրատես պատկեր կը հայթայթեն։ Անոնք ցոյց կու տան թէ ո՛ւր օգնութեան կարիք կայ, եւ քարոզչութիւնը յառաջ տանելու համար ինչպիսի՛ գրականութիւն պահանջուած է եւ ի՛նչ քանակով։

13 Արդ, մեր քարոզչութեան գործունէութիւնը տեղեկագրելը մեզ կարող կը դարձնէ որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը աւելի ազդուօրէն կատարենք։ Ասկէ զատ, աշխարհի զանազան մասերուն մէջ մեր եղբայրներուն կատարած գործին մասին լսելով չե՞նք քաջալերուիր։ Համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցող աճման ու ընդարձակման մասին լուրեր ստանալը, մեր սիրտերը ուրախութեամբ կը լեցնէ, մեզ կը մղէ աւելի գործունեայ ըլլալու, եւ մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Եհովայի օրհնութիւնը ունինք։ Իսկ որքա՜ն գոհունակ կ’ըլլանք, գիտնալով թէ այդ համաշխարհային տեղեկագրութեան մէջ մեր անհատական տեղեկագրութիւնը պարփակուած է։ Թէեւ մեր տեղեկագրութիւնը ընդհանուր տեղեկագրութեան հետ բաղդատած աննշան է, բայց Եհովայի կողմէ աննկատ չի մնար։ (Մարկոս 12։42, 43) Մի՛ մոռնար որ առանց քու տեղեկագրութեանդ, համաշխարհային տեղեկագրութիւնը լման պիտի չըլլար։

14. Քարոզելէ ու սորվեցնելէ զատ, Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքը ի՞նչ կը պարփակէ։

14 Անշուշտ Վկային տեղեկագիրը չի նշեր ամէն ինչ որ կ’ընէ իր պատասխանատուութիւնը կատարելու համար որպէս Եհովայի նուիրուած ծառայ։ Օրինակ, տեղեկագիրը չի պարփակեր Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլն ու մասնակցիլը, ժողովքային պարտականութիւնները, հաւատակիցներուն օգնելը, Թագաւորութեան համաշխարհային գործին ի նպաստ նուիրատուութիւն ընելը, եւայլն։ Հետեւաբար, թէեւ մեր դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը ունի իր դերը, մեզի օգնելով որ քարոզչութեան մէջ մեր նախանձախնդրութիւնը պահենք եւ անփոյթ չըլլանք, սակայն անոր հանդէպ պատշաճ տեսակէտ պէտք է պահպանենք։ Պէտք չէ նկատենք զայն հոգեւոր արտօնագիր կամ անցագիր, որ կ’որոշէ թէ յաւիտենական կեանքի որակեալ ենք։

«Բարի գործերու նախանձախնդիր»

15. Թէեւ գործերը առանձին չեն կրնար մեզ փրկել, ինչո՞ւ անհրաժեշտ են։

15 Յստակ է որ թէեւ գործերը առանձին չեն կրնար մեզ փրկել, բայց անհրաժեշտ են։ Ատոր համար Քրիստոնեաները կոչուած են՝ «իրեն սեփական ժողովուրդ . . . բարի գործերու նախանձախնդիր», եւ իրենց յորդոր տրուած է որ ‘իրարու հոգ տանին՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով’։ (Տիտոս 2։14. Եբրայեցիս 10։24) Իսկ Յակոբոս աշակերտ շեշտակի կ’ըսէ. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։—Յակոբու 2։26

16. Ի՞նչ բան գործերէն աւելի կարեւոր է, բայց ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։

16 Թէպէտ լաւ գործերը կարեւոր են, բայց անոնց ետին եղող շարժառիթները ա՛լ աւելի կարեւոր են։ Հետեւաբար խոհեմութիւն է որ ժամանակ առ ժամանակ մեր շարժառիթները քննենք։ Որովհետեւ ո՛չ մէկ մարդ կրնայ ուրիշներու շարժառիթները ճշգրտօրէն գիտնալ, ուրիշները դատելէ պէտք է զգուշանանք։ Մեզի կ’ըսուի. «Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ»։ (Հռովմայեցիս 14։4) Բոլորին Տէրը՝ Եհովա եւ իր նշանակած Դատաւորը՝ Քրիստոս Յիսուս, մեզ պիտի դատեն ո՛չ միայն մեր գործերուն հիման վրայ, այլեւ՝ մեր շարժառիթներուն, պատեհութիւններուն, սիրոյն եւ նուիրումին հիման վրայ։ Միայն Եհովա ու Քրիստոս Յիսուս կրնան ճշգրտօրէն դատել թէ Պօղոս առաքեալի ըսածը ըրա՞ծ ենք կամ ոչ. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։—Բ. Տիմոթէոս 2։15. Բ. Պետրոս 1։10. 3։14

17. Մինչ կը ջանանք մեր լաւագոյնը ընել, ինչո՞ւ Յակոբու 3։17–ն ի մտի պէտք է ունենանք։

17 Եհովա մեզմէ ակնկալած բաներուն մէջ բանաւոր է։ Յակոբու 3։17–ն (ՆԱ) կը նշէ. ‘վերին իմաստութիւնը բանաւոր է’։ Իմաստութիւն եւ իսկական իրագործում չէ՞ որ այս ուղղութեամբ Եհովան ընդօրինակենք։ Ուրեմն չփորձենք մենք մեզի կամ մեր եղբայրներուն համար անտրամաբանական ու անհասանելի ակնկալութիւններ դնել։

18. Երբ մեր գործերուն ու Եհովայի շնորհքին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունինք, ի՞նչ կրնանք ակնկալել։

18 Այնքան ատեն որ մեր հաւատքի գործերուն ու Եհովայի շնորհքին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ կը պահենք, պիտի շարունակենք ուրախ ըլլալ, ինչ որ կը զատորոշէ Եհովայի ճշմարիտ ծառաները։ (Եսայեայ 65։13, 14) Մեր ըրածը որքա՛ն ալ ըլլայ, կրնանք ուրախանալ այն օրհնութիւններով որ Եհովա կը տեղացնէ իր ժողովուրդին վրայ։ Շարունակենք ‘աղօթել ու աղաչել եւ գոհութիւն տալ’, Աստուծմէ խնդրելով որ մեզի օգնէ մեր լաւագոյնը ընելու։ Անտարակոյս, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։4-7) Արդարեւ կրնանք մխիթարուիլ եւ քաջալերուիլ, գիտնալով թէ կրնանք փրկուիլ ո՛չ միայն գործերով, այլեւ՝ Եհովայի շնորհքով։

Կրնա՞ս բացատրել թէ քրիստոնեաները ինչո՛ւ

• իրենց անհատական իրագործումներուն մասին չեն յոխորտար։

• մրցակցական հոգի ցուցաբերելէ կը խուսափին։

• իրենց դաշտի ծառայութիւնը կը տեղեկագրեն։

• իրենց հաւատակիցները դատելէ կը խուսափին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Երէցները ժողովքի բարօրութեան ի նպաստ իւրաքանչիւրին բերած բաժինով կ’ուրախանան

[Նկարներ՝ էջ 27]

Առանց քու տեղեկագրութեանդ, համաշխարհային տեղեկագրութիւնը լման պիտի չըլլար