Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն

Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն

Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն

«Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք . . . մինչեւ երկրին ծայրերը»։—ԳՈՐԾՔ 1։8

1. Որպէս Աստուածաշունչը ուսուցանողներ, ի՞նչ բանի ուշադրութիւն կ’ընծայենք եւ ինչո՛ւ։

ԱՏԱԿ ուսուցիչները ուշադիր կ’ըլլան ո՛չ միայն թէ իրենց աշակերտներուն ի՛նչ կ’ըսեն, այլեւ թէ ի՛նչպէս կ’ըսեն։ Որպէս Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ուսուցանողներ, մենք նոյնը կ’ընենք, թէ՛ մեր քարոզած պատգամին եւ թէ մեր գործածած մեթոտներուն ուշադրութիւն ընծայելով։ Մեր պատգամը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը՝ չի փոխուիր, բայց մեր մեթոտները կը բարեփոխենք, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասնինք։

2. Մեր քարոզչութեան մեթոտները բարեփոխելով, որո՞նք կ’ընդօրինակենք։

2 Մեր քարոզչութեան մեթոտները բարեփոխելով, Աստուծոյ վաղեմի ծառաները կ’ընդօրինակենք։ Օրինակ, նկատի առ Պօղոս առաքեալ, որ ըսաւ. «Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, . . . օրէնքի տակ չեղողներուն հետ օրէնքի տակ չեղողի պէս եղայ, . . . տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէս զի տկարները շահիմ. ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։19-23) Պօղոսի յարմարունակ մօտեցումը ազդու էր։ Մենք ալ լաւ արդիւնք ձեռք պիտի ձգենք եթէ փափկանկատօրէն մեր ներկայացումները յարմարցնենք մեր խօսած անհատներուն։

Մինչեւ «երկրի բոլոր ծայրեր»ը

3. (ա) Մեր քարոզչութեան մէջ ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւենք։ (բ) Եսայեայ 45։22–ի խօսքը ներկայիս ի՞նչպէս կը կատարուի։

3 Բարի լուրը քարոզողներուն դիմագրաւած գլխաւոր մէկ մարտահրաւէրն է թաղամասին ծաւալը,– «բովանդակ աշխարհ»ը։ (Մատթէոս 24։14) Անցեալ դարուն, Եհովայի ծառաներէն շատեր ծանր աշխատեցան որ բարի լուրը նոր երկիրներու մէջ տարածեն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ապշեցուցիչ համաշխարհային տարածում։ Ի. դարու սկիզբը, միայն քանի մը երկիրներու մէջ կը քարոզուէր, բայց ներկայիս Եհովայի Վկաները գործունեայ են 235 երկիրներու մէջ։ Իրապէս Թագաւորութեան բարի լուրը կը յայտարարուի նոյնիսկ մինչեւ «երկրի բոլոր ծայրեր»ը։—Եսայեայ 45։22

4, 5. (ա) Բարի լուրը տարածելու մէջ որո՞նք կարեւոր դեր խաղցած են։ (բ) Կարգ մը մասնաճիւղեր իրենց թաղամասին մէջ ծառայող օտարներուն մասին ի՞նչ ըսած են։

4 Շատ բաներ այս յառաջդիմութեան նպաստած են։ Շատ կարեւոր դեր խաղցած են Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին մէջ մարզուած միսիոնարները, վերջերս հաստատուած Ծառաներու Մարզումի Դպրոցի աւելի քան 20,000 շրջանաւարտները եւ բազմաթիւ Վկաներ, որոնք իրենց հաշւոյն փոխադրուած են երկիրներ, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Այսպիսի անձնուրաց Քրիստոնեաներ,– տղամարդիկ ու կիներ, երիտասարդ ու տարեց, ամուրի եւ ամուսնացած,– Թագաւորութեան պատգամը աշխարհի չորս կողմը քարոզելու մէջ մեծ բաժին կը բերեն։ (Սաղմոս 110։3. Հռովմայեցիս 10։18) Անոնք շատ կը գնահատուին։ Ահաւասիկ ինչ որ կարգ մը մասնաճիւղեր գրեցին անոնց մասին, որոնք օտար երկիրներէ եկան ծառայելու համար աւելի մեծ կարիք ունեցող թաղամասին մէջ։

5 «Մեկուսացած վայրերու մէջ այս սիրելի Վկաները քարոզելու մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն, նոր ժողովքներ կազմելու կ’օգնեն, եւ տեղացի եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեւոր աճման կը նպաստեն»։ (Էքուատոր) «Եթէ հոս ծառայող հարիւրաւոր օտարները երկրէն հեռանան, ժողովքներուն կայունութիւնը կրնայ ազդուիլ։ Զանոնք մեր մէջ ունենալը օրհնութիւն մըն է»։ (Տոմինիքեան Հանրապետութիւն) «Մեր ժողովքներէն շատերուն մէջ քոյրերը մեծամասնութիւն կը կազմեն, երբեմն 70 տոկոսով։ (Սաղմոս 68։11) Անոնցմէ շատեր ճշմարտութեան մէջ նորեկ են, բայց օտար երկիրներէ եկած ամուրի ռահվիրայ քոյրերը թանկարժէք օգնութիւն մը կը հայթայթեն, զանոնք մարզելով։ Այս օտար քոյրերը մեզի համար իսկական պարգեւ մըն են»։ (Արեւելեան Եւրոպայի մէկ երկիրը) Ուրիշ երկրի մը մէջ ծառայելու մասին բնաւ մտածա՞ծ ես։ *Գործք 16։9, 10

«Բոլոր լեզուներէն տասը մարդ»

6. Զաքարեայ 8։23–ը ի՞նչպէս կը մատնանշէ քարոզչութեան մէջ մեր դիմագրաւած լեզուական մարտահրաւէրը։

6 Երկրագունդին վրայ խօսուող լեզուներուն այլազանութիւնը նաեւ մեծ դժուարութիւն մըն է։ Աստուծոյ Խօսքը նախագուշակեց. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։ (Զաքարեայ 8։23) Այս մարգարէութեան արդի կատարման մէջ, տասը մարդիկը կը ներկայացնեն Յայտնութիւն 7։9–ի մէջ մարգարէացուած մեծ բազմութիւնը։ Սակայն նկատէ թէ ըստ Զաքարիայի մարգարէութեան, «տասը մարդ»ը ո՛չ միայն բոլոր ազգերէն պիտի գային, այլեւ՝ «ազգերուն բոլոր լեզուներէն»։ Մարգարէութեան այս կարեւոր մանրամասնութեան կատարումը տեսա՞ծ ենք։ Այո՛։

7. Ո՞ր վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան թէ «բոլոր լեզուներէն» անհատներու կը հասնի բարի լուրը։

7 Նկատի առ կարգ մը վիճակագրութիւններ։ Յիսուն տարի առաջ մեր գրականութիւնները լոյս կը տեսնէին 90 լեզուներով, իսկ ներկայիս՝ աւելի քան 400 լեզուներով։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ամէն ջանք թափած է գրականութիւններ հայթայթելու նոյնիսկ անոնց, որոնց լեզուն քիչեր կը խօսին։ (Մատթէոս 24։45) Օրինակ, աստուածաշնչական գրականութիւններ այժմ մատչելի են Կրինլանտերէն լեզուով (խօսողները՝ 47,000), Փալաու լեզուով (խօսողները՝ 15,000), եւ Եափ լեզուով (խօսողները՝ 7,000–է նուազ)։

Նոր պատեհութիւններու առաջնորդող ‘մեծ դուռ’ մը

8, 9. Ո՞ր զարգացումը մեր առջեւ ‘մեծ դուռ’ մը բացած է, իսկ հազարաւոր Վկաներ ի՞նչպէս ընդառաջած են։

8 Սակայն այս օրերուն պէտք չունինք օտար երկիրներ ճամբորդելու, որպէսզի բարի լուրը բոլոր լեզուներէն անհատներու հասցնենք։ Վերջին տարիներուն միլիոնաւոր պանդուխտներ եւ ապաստանեալներ խուժած են տնտեսականօրէն բարգաւաճ երկիրներ ու յառաջ բերած են բազմաթիւ գաղթական համայնքներ, որոնք զանազան լեզուներ կը խօսին։ Օրինակ, Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) շուրջ 100 լեզուներ կը խօսուին, Թորոնթոյի մէջ (Գանատա)՝ 125, իսկ Լոնտոնի մէջ (Անգլիա)՝ աւելի քան 300։ Շատ մը ժողովքներու թաղամասին մէջ օտարականներու ներկայութիւնը ‘մեծ դուռ’ մը կը բանայ, բոլոր ազգերէ մարդոց հետ բարի լուրը բաժնելու նոր պատեհութիւններ ընծայելով։—Ա. Կորնթացիս 16։9

9 Հազարաւոր Վկաներ այդ մարտահրաւէրին կ’ընդառաջեն, օտար լեզու մը սորվելով։ Անոնցմէ շատեր դժուարութեամբ նոր լեզու մը կը սորվին, բայց առատապէս կը վարձատրուին, ուրախութեամբ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը ուսուցանելով գաղթականներու եւ ապաստանեալներու։ Մօտիկ անցեալին Արեւմտեան Եւրոպայի մէկ երկրին մէջ տեղի ունեցած նահանգային համաժողովներուն մէջ, մկրտուողներուն գրեթէ 40 տոկոսը ուրիշ երկրէ մը եկած էր։

10. Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկը ի՞նչպէս գործածած ես։ (Տես «Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկին յատկանշական երեսակները» շրջանակը, էջ 30–ի վրայ։)

10 Ճիշդ է որ շատերս ի վիճակի չենք օտար լեզու մը սորվելու։ Այսուհանդերձ կրնանք գաղթականներուն օգնելու մէջ բաժին բերել, գործածելով Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն * նոր հրատարակուած գրքոյկը, որ բազմաթիւ լեզուներով աստուածաշնչական գրաւիչ պատգամ մը կը բովանդակէ։ (Յովհաննու 4։37) Այս գրքոյկը ծառայութեան մէջ կը գործածե՞ս։

Երբ մարդիկ անընդունակ են

11. Յաւելեալ ի՞նչ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւենք կարգ մը թաղամասերու մէջ։

11 Մինչ երկրագունդին վրայ Սատանայի ազդեցութիւնը կ’աւելնայ, շատ յաճախ կը դիմագրաւենք այլ մարտահրաւէր մը,– անընդունակ թաղամասեր։ Անշուշտ այս կացութիւնը մեզ չի զարմացներ, քանի որ Յիսուս նախագուշակեց թէ այսպիսի վիճակ մը գոյութիւն պիտի ունենար։ Մեր օրուան մասին խօսելով, ան ըսաւ. «Շատերուն սէրը պիտի պաղի»։ (Մատթէոս 24։12) Արդարեւ շատեր Աստուծոյ հանդէպ հաւատք եւ Աստուածաշունչի հանդէպ յարգանք չունին։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4) Հետեւաբար աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, յարաբերաբար քիչ անհատներ Քրիստոսի նոր աշակերտ կ’ըլլան։ Սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ անընդունակ թաղամասերու մէջ հաւատարմօրէն քարոզող մեր սիրելի եղբայրներուն ու քոյրերուն ջանքերը ի զուր են։ (Եբրայեցիս 6։10) Ինչո՞ւ։ Նկատի առ հետեւեալը։

12. Մեր քարոզչութիւնը ի՞նչ երկու նպատակներ ունի։

12 Մատթէոս Աւետարանը մեր քարոզչութեան երկու գլխաւոր նպատակներ ցցուն կ’ընէ։ Մէկը՝ ‘բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտել’։ (Մատթէոս 28։19) Իսկ միւսը՝ Թագաւորութեան պատգամին միջոցով «վկայութիւն» տալ։ (Մատթէոս 24։14) Երկու նպատակներն ալ կարեւոր են, բայց երկրորդը մասնաւորաբար նշանակալից է։ Ինչո՞ւ։

13, 14. (ա) Քրիստոսի ներկայութեան նշանին ուշագրաւ մէկ երեսակը ի՞նչ է։ (բ) Ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք, մանաւանդ երբ անընդունակ թաղամասերու մէջ կը քարոզենք։

13 Աւետարանիչ Մատթէոս գրեց թէ առաքեալները Յիսուսի հարցուցին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Յիսուս պատասխանեց թէ աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը այդ նշանին ուշագրաւ մէկ երեսակը պիտի ըլլար։ Ան աշակերտելու մասի՞ն կը խօսէր։ Ո՛չ։ Ան ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։ (Մատթէոս 24։14) Այսպէս Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ինքնին նշանին կարեւոր մէկ երեսակը պիտի ըլլար։

14 Ուստի, երբ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք, կը մտաբերենք թէ նոյնիսկ եթէ չյաջողինք աշակերտել, միշտ կը յաջողինք «վկայութիւն» մը տալ։ Մարդոց ընդառաջումը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, անոնք գիտեն թէ ինչ կ’ընենք, եւ այսպէս Յիսուսի մարգարէութիւնը կատարելու մէջ բաժին կը բերենք։ (Եսայեայ 52։7. Յայտնութիւն 14։6, 7) Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Ճորտի անունով երիտասարդ Վկայ մը նշեց. «Զիս շատ կ’ուրախացնէ այն գիտակցութիւնը թէ Եհովա զիս կը գործածէ որ Մատթէոս 24։14–ի կատարման մէջ բաժին բերեմ»։ (Բ. Կորնթացիս 2։15-17) Անտարակոյս դուն ալ նոյն կերպով կը զգաս։

Երբ մեր պատգամին կը հակառակին

15. (ա) Յիսուս իր հետեւորդները ի՞նչ բանէ զգուշացուց։ (բ) Ի՞նչ բան մեզ կարող կը դարձնէ որ քարոզենք՝ ի հեճուկս հակառակութեան։

15 Աննպաստ պարագաները դժուարութիւն կը ներկայացնեն Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան։ Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Մատթէոս 24։9) Նախկին Քրիստոնեաներուն նման, Յիսուսի այժմու հետեւորդները ատուած ու հալածուած են։ (Գործք 5։17, 18, 40. Բ. Տիմոթէոս 3։12. Յայտնութիւն 12։12, 17) Կարգ մը երկիրներու մէջ, կառավարութիւնը արգիլած է անոնց գործունէութիւնը։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ հնազանդ գտնուելով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը շարունակեն Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել։ (Ամովսայ 3։8. Գործք 5։29. Ա. Պետրոս 2։21) Ի՞նչ բան զիրենք եւ համայն աշխարհի մէջ միւս Վկաները կարող կը դարձնէ որ ասիկա ընեն։ Եհովա իր սուրբ հոգիով զանոնք կը զօրացնէ։—Զաքարեայ 4։6. Եփեսացիս 3։16. Բ. Տիմոթէոս 4։17

16. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ քարոզչութեան ու Աստուծոյ հոգիին միջեւ եղած կապը։

16 Յիսուս Աստուծոյ հոգիին ու քարոզչութեան միջեւ եղած սերտ կապը ընդգծեց, երբ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք . . . մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8. Յայտնութիւն 22։17) Այս համարին մէջ իրադարձութիւններու շարքաւորումը նշանակալից է։ Նախ, աշակերտները սուրբ հոգին պիտի ստանային, ապա աշխարհածաւալ վկայութեան գործին պիտի ձեռնարկէին։ Միայն Աստուծոյ հոգիին աջակցութեամբ անոնք զօրութիւն պիտի ունենային համբերատարութեամբ «բոլոր ազգերուն վկայութիւն» տալու։ (Մատթէոս 24։13, 14. Եսայեայ 61։1, 2) Հետեւաբար, տեղին ըլլալով Յիսուս սուրբ հոգիին ակնարկեց որպէս «օգնական»։ (Յովհաննու 15։26, ՆԱ) Ան ըսաւ թէ Աստուծոյ հոգին իր աշակերտներուն պիտի սորվեցնէր ու առաջնորդէր։—Յովհաննու 14։16, 26. 16։13

17. Երբ բուռն հակառակութիւն դիմագրաւենք, սուրբ հոգին ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի։

17 Այսօր Աստուծոյ հոգին ի՞նչ կերպերով մեզի կ’օգնէ, երբ մարդիկ խստօրէն կը հակառակին բարի լուրի քարոզչութեան։ Աստուծոյ հոգին մեզ կը զօրացնէ, իսկ մեզ հալածողներուն կ’ընդդիմանայ։ Ասիկա լուսաբանելու համար, Սաւուղ թագաւորի հետ կապ ունեցող դէպք մը նկատի առնենք։

Աստուծոյ հոգին կ’ընդդիմանայ

18. (ա) Սաւուղի վերաբերմունքը ի՞նչ փոփոխութիւն կրեց։ (բ) Սաւուղ Դաւիթը հալածելու համար ի՞նչ մեթոտներ գործածեց։

18 Սաւուղ լաւ սկիզբ ունեցաւ որպէս Իսրայէլի առաջին թագաւորը, բայց հետագային Եհովայի անհնազանդ գտնուեցաւ։ (Ա. Թագաւորաց 10։1, 24. 11։14, 15. 15։17-23) Հետեւաբար, Աստուծոյ հոգին այլեւս անոր թիկունք չկանգնեցաւ։ Ան սկսաւ զայրոյթ յայտնել Դաւիթի դէմ, որ օծուած էր յաջորդ թագաւորը ըլլալու եւ այժմ Աստուծոյ հոգիին զօրակցութիւնը կը վայելէր։ (Ա. Թագաւորաց 16։1, 13, 14) Դաւիթ կը թուէր անպաշտպան ըլլալ, քանի որ իր ձեռքը միայն քնար ունէր, իսկ Սաւուղ՝ նիզակ։ Ուստի օր մը, երբ Դաւիթ քնար կը նուագէր, «Սաւուղ նիզակը նետեց՝ ըսելով. ‘Դաւիթը պատին վրայ պիտի գամեմ’։ Բայց Դաւիթ անոր առջեւէն երկու անգամ մէկդի քաշուեցաւ»։ (Ա. Թագաւորաց 18։10, 11) Անկէ ետք, Սաւուղ կակուղցաւ ու իր որդիին՝ Յովնաթանի խօսքը մտիկ ընելով, որ Դաւիթի ընկերն էր, երդում ըրաւ. «Տէրը կենդանի է, որ [Դաւիթ] պիտի չմեռցուի»։ Բայց ան դարձեալ «ուզեց որ Դաւիթը նիզակով զարնէ ու պատին գամէ», իսկ Դաւիթ անոր «երեսէն մէկդի քաշուեցաւ։ Սաւուղ նիզակը պատին զարկաւ»։ Դաւիթ փախաւ, բայց Սաւուղ զինք հալածեց։ Այդ շատ վտանգաւոր ժամանակին, Աստուծոյ հոգին սկսաւ Սաւուղի ընդդիմանալ։ Ի՞նչ կերպով։—Ա. Թագաւորաց 19։6, 10

19. Աստուծոյ հոգին ի՞նչպէս Դաւիթը պաշտպանեց։

19 Դաւիթ Սամուէլ մարգարէին քով փախաւ, բայց Սաւուղ իր մարդիկը ղրկեց որ Դաւիթը ձերբակալեն։ Սակայն, երբ անոնք Դաւիթի պահուըտելու տեղը հասան, «Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին ղրկած մարդոց վրայ եկաւ ու անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին»։ Աստուծոյ հոգիին զօրաւոր ազդեցութեան ներքեւ, անոնք իրենց առաքելութեան նպատակը բոլորովին մոռցան։ Սաւուղ երկու անգամ եւս մարդիկ ղրկեց որ Դաւիթը բերեն, եւ անոնց ալ նոյնը պատահեցաւ։ Ի վերջոյ, Սաւուղ թագաւոր անձամբ Դաւիթի քով գնաց, բայց ի՛նք ալ չկրցաւ Աստուծոյ հոգիին դիմադրել։ Իրականութեան մէջ, սուրբ հոգին «այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը» զինք անշարժացուց,– Դաւիթին բաւարար ժամանակ տալով որ փախչի։—Ա. Թագաւորաց 19։20-24

20. Երբ կը կարդանք թէ ինչպէս Սաւուղ Դաւիթը հալածեց, ի՞նչ դաս կը քաղենք։

20 Սաւուղի ու Դաւիթի վերաբերեալ այս դրուագը քաջալերական դաս մը կը բովանդակէ. Աստուծոյ ծառաները հալածողները չեն կրնար յաջողիլ, երբ Աստուծոյ հոգին անոնց ընդդիմանայ։ (Սաղմոս 46։11. 125։2) Եհովայի նպատակն էր որ Դաւիթ Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ։ Ո՛չ ոք կրնար զայն խափանել։ Մեր օրերուն առնչութեամբ, Եհովա վճռած է որ «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի»։ Ո՛չ ոք կրնայ անոր կատարման արգելք հանդիսանալ։—Գործք 5։40, 42

21. (ա) Այժմու հակառակորդներէն ոմանք ի՞նչպէս կը վարուին։ (բ) Ի՞նչ բանէ վստահ ենք։

21 Կարգ մը կրօնական ու քաղաքական առաջնորդներ սուտեր եւ նոյնիսկ բռնութիւն կը գործածեն, փորձելով մեզի արգելք հանդիսանալ։ Սակայն ինչպէս Եհովա Դաւիթը հոգեւորապէս պաշտպանեց, նոյնպէս ներկայիս իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ։ (Մաղաքեայ 3։6) Ուստի Դաւիթի նման, վստահութեամբ կ’ըսենք. «Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել»։ (Սաղմոս 56։11. 121։1-8. Հռովմայեցիս 8։31) Եհովայի օգնութեամբ, թող շարունակենք բոլոր մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլել, մինչ Թագաւորութեան բարի լուրը բոլոր ազգերուն քարոզելու մեր աստուածատուր յանձնարարութիւնը կը կատարենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Տես՝ «Գոհունակութեան խոր զգացում» խորագրով շրջանակը, էջ 28–ի վրայ։

^ պարբ. 10 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կրնա՞ս մտաբերել

• Քարոզելու մեր մեթոտները ինչո՞ւ կը բարեփոխենք։

• Ի՞նչ նոր պատեհութիւններու առաջնորդող ‘մեծ դուռ’ մը բացուած է։

• Մեր քարոզչութիւնը ի՞նչ կ’իրագործէ, նոյնիսկ անընդունակ թաղամասին մէջ։

• Ինչո՞ւ ո՛չ մէկ հակառակորդ կրնայ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը կասեցնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 28]

Գոհունակութեան խոր զգացում

«Անոնք միասնաբար Եհովայի ծառայելով ուրախ են»։ Ասիկա կը նկարագրէ ընտանիք մը, որ Սպանիայէն Պոլիվիա փոխադրուեցաւ։ Ընտանիքին մէկ զաւակը հոն գացած էր, մեկուսացած խումբի մը օգնելու։ Անոր բացայայտ ուրախութիւնը ա՛յնքան տպաւորեց ծնողքը, որ շատ չանցած ամբողջ ընտանիքը,– ի ներառեալ 14-25 տարեկան չորս տղաք,– սկսաւ հոն ծառայել։ Այժմ երեք տղաք ռահվիրաներ են, իսկ առաջին ճամբորդող տղան մօտերս Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախեց։

Գանատայէն 30 տարեկան Անժէլիքա, որ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ կը ծառայէ, կ’ըսէ. «Մարտահրաւէրները շատ են, բայց ծառայութեան մէջ մարդոց օգնելը ինծի գոհունակութիւն կու տայ։ Տեղացի Վկաներուն երախտագիտական բազմաթիւ արտայայտութիւններն ալ խորապէս կ’ազդեն ինծի։ Անոնք յաճախ ինծի շնորհակալութիւն կը յայտնեն, քանի որ եկած եմ իրենց օգնելու»։

Միացեալ Նահանգներէն քսանական տարիքի մէջ եղող երկու մարմնաւոր քոյրեր, որոնք Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ կը ծառայեն, կ’ըսեն. «Բազմաթիւ տարբեր սովորութիւններու պէտք էր վարժուէինք։ Այսուհանդերձ մեր նշանակումին մէջ յարատեւեցինք, եւ այժմ եօթը Աստուածաշունչի աշակերտներ ժողովներուն կը յաճախեն»։ Այս երկու քոյրերուն ջանքերուն շնորհիւ, Թագաւորութեան հրատարակիչներու խումբ մը կազմակերպուեցաւ գիւղաքաղաքի մը մէջ, ուր ժողովք չկայ։

Քսանական տարիքի մէջ եղող Լորա անունով քոյր մը, աւելի քան չորս տարի է որ օտար երկրի մը մէջ կը ծառայէ։ Ան կ’ըսէ. «Դիտումնաւոր կերպով կեանքս պարզ կը պահեմ։ Ասիկա հրատարակիչներուն կ’օգնէ տեսնելու թէ համեստ կեանք վարելը ընտրութեան եւ զգաստութեան հարց է, եւ ո՛չ թէ աղքատութեան պատճառով է։ Ուրիշներուն եւ մանաւանդ դեռատիներուն օգնելու կարող ըլլալը, ուրախութեան աղբիւր է ինծի, որ մութի մէջ կը ձգէ օտար դաշտի մէջ ծառայելու դժուարութիւնները։ Երբե՛ք չեմ ուզեր այս ծառայութիւնս ուրիշ բանով մը փոխանակել, եւ հոս պիտի մնամ այնքան ատեն որ Եհովա թոյլ կու տայ»։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 30]

Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկին յատկանշական երեսակները

Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկը մէկ էջնոց պատգամ մը կը բովանդակէ, որ 92 լեզուներով ներկայացուած է։ Պատգամը առաջին դէմքով գրուած է, այնպէս որ տանտիրոջ պիտի թուի թէ դուն իրեն հետ կը խօսիս։

Ներսի կողքին վրայ աշխարհի քարտէսը դրուած է։ Այս քարտէսը գործածէ, տանտիրոջ հետ հասարակաց գետին պատրաստելու համար։ Թերեւս կրնաս ցոյց տալ թէ ո՛ր երկրին մէջ կ’ապրիս, եւ նշել թէ կ’ուզես գիտնալ թէ ան ո՛ր երկրէն եկած է։ Այս կերպով թոյլ կու տաս որ ան արտայայտուի եւ բարեկամական մթնոլորտ կը ստեղծես։

Գրքոյկին նախաբանը կը նշէ քանի մը քայլեր որ պէտք է առնենք, օտարախօսներուն ազդուօրէն օգնելու համար։ Հաճիս ուշադրութեամբ կարդա՛ այս քայլերը եւ զանոնք խղճմտօրէն կիրարկէ։

Բովանդակութեան ցանկը կը նշէ թէ՛ լեզուները եւ թէ անոնց նշանները։ Այս յատկանշական երեսակին միջոցով կրնաս բնորոշել որեւէ թերթիկի կամ այլ գրականութեան կրած լեզուի նշանը։

[Նկար]

Այս գրքոյկը ծառայութեան մէջ կը գործածե՞ս

[Նկարներ՝ էջ 29]

Այժմ մեր աստուածաշնչական գրականութիւնները աւելի քան 400 լեզուներով մատչելի են

ԿԱՆԱ

ԼԷՓԼԷՆՏ (ՇՈՒԷՏ)

ՖԻԼԻՓՓԻՆՆԵՐ