‘Բարութեան աւետիս բերենք’
‘Բարութեան աւետիս բերենք’
«Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ . . . բարութեան աւետիս կը բերէ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 52։7
1, 2. (ա) Ամէն օր ի՞նչ ահռելի բաներ տեղի կ’ունենան։ (բ) Յարատեւաբար գէշ լուրեր լսելուն շատեր ի՞նչպէս կը հակազդեն։
ՀԱՄԱՅՆ աշխարհի մէջ մարդիկ կը զգան թէ գէշ լուրերով ողողուած են։ Անոնք ձայնասփիւռէն կը լսեն սարսափազդու տեղեկագրութիւններ մահաբեր հիւանդութիւններու մասին, որոնք երկրագունդին կը սպառնան։ Անոնք հեռատեսիլին վրայ կը դիտեն սովաբեկ երախաներու սրտամաշ տեսարաններ, որոնք օգնութիւն կը խնդրեն։ Անոնք օրաթերթերու մէջ կը կարդան պայթումներու մասին, որոնք շէնքեր կը քանդեն ու բազմաթիւ անմեղ մարդիկ կը սպաննեն։
2 Այո, ամէն օր ահռելի բաներ տեղի կ’ունենան։ Այս աշխարհի տեսարանը վստահաբար կը փոխուի,– դէպի գէշ։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ լրաթերթ մը նշեց թէ երբեմն կը թուի թէ ամբողջ աշխարհ «կրակի ճարակ ըլլալու վրայ է»։ Զարմանալի չէ որ հետզհետէ աւելցող թիւով անհատներ կ’ընկճուին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ հեռատեսիլի լուրերուն վերաբերեալ փորձագիտանքի մը մասնակցող անհատ մը, անկասկած միլիոնաւորներու զգացումները յայտնեց, երբ ըսաւ. ‘Լուրերը դիտելէ ետք, բոլորովին կ’ընկճուիմ։ Միմիայն գէշ լուրեր են։ Ասիկա շատ ջախջախիչ է’։
Լուր մը որ ամէն ոք պէտք է լսէ
3. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ բարի լուր կը յայտարարէ։ (բ) Թագաւորութեան բարի լուրը ինչո՞ւ կ’արժեւորես։
3 Այս մռայլ աշխարհի մէջ կարելի՞ է լաւ լուրեր ակնկալել։ Այո՛։ Մխիթարական է գիտնալ թէ Աստուածաշունչը բարի լուր կը յայտարարէ։ Ասիկա այն լուրն է՝ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի դնէ հիւանդութեան, սովի, ոճիրի, պատերազմի եւ ամէն տեսակ կեղեքումի։ (Սաղմոս 46։9. 72։12) Ամէն ոք այսպիսի լուր մը լսելու կարիք չունի՞։ Եհովայի Վկաները այսպէս կը խորհին։ Հետեւաբար անոնք ամէնուրեք ճանչցուած են թէ յարատեւաբար ջանք կը թափեն որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը բաժնեն ամէն ազգէ անհատներու հետ։—Մատթէոս 24։14
4. Մեր ծառայութեան ո՞ր երեսակները նկատի պիտի առնենք այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ։
4 Սակայն ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի շարունակենք այս բարի լուրի քարոզչութեան մէջ գոհացուցիչ ու իմաստալից բաժին բերել, նոյնիսկ քիչ ընդառաջող թաղամասերու մէջ։ (Ղուկաս 8։15) Մեր քարոզչութեան երեք կարեւոր երեսակներու մասին համառօտ վերաքաղ ընելը անկասկած պիտի օգնէ։ Կրնանք քննել (1) մեր շարժառիթները, կամ թէ ինչո՛ւ կը քարոզենք. (2) մեր պատգամը, կամ թէ ի՛նչ կը քարոզենք. եւ (3) մեր մեթոտները, կամ թէ ի՛նչպէս կը քարոզենք։ Պահելով մեր շարժառիթները մաքուր, մեր պատգամը յստակ եւ մեր մեթոտները ազդու, ամէն տեսակ մարդոց պատեհութիւն կու տանք որ լաւագոյն բարի լուրը լսեն,– Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը։ *
Բարի լուրը ինչո՛ւ կը քարոզենք
5. (ա) Ամէն բանէ առաջ, ի՞նչ բան մեզ կը մղէ որ ծառայութեան մասնակցինք։ (բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ քարոզելու պատուէրին հնազանդելով Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք։
5 Նկատի առնենք առաջին երեսակը,– մեր շարժառիթները։ Բարի լուրը ինչո՞ւ կը քարոզենք։ Այն նոյն պատճառով որ Յիսուս ունէր։ Ան ըսաւ. «Ես Հայրը կը սիրեմ»։ (Յովհաննու 14։31. Սաղմոս 40։8) Ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզ կը խթանէ։ (Մատթէոս 22։37, 38) Աստուածաշունչը Աստուծոյ սէրը կ’առնչէ ծառայութեան հետ, քանի որ կ’ըսէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։ (Ա. Յովհաննու 5։3. Յովհաննու 14։21) Աստուծոյ պատուիրանքները կը պարփակե՞ն՝ «գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» պատուէրը։ (Մատթէոս 28։19) Այո՛։ Ճիշդ է որ անիկա Յիսուսի խօսքն է, բայց անոր աղբիւրը Եհովան է։ Ի՞նչպէս։ Յիսուս բացատրեց. «Ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»։ (Յովհաննու 8։28. Մատթէոս 17։5) Ուստի քարոզելու պատուէրին հնազանդելով, Եհովայի ցոյց կու տանք թէ զինք կը սիրենք։
6. Աստուծոյ հանդէպ սէրը ի՞նչ կերպերով մեզ կը մղէ քարոզելու։
6 Ասկէ զատ, Եհովայի հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ քարոզելու, քանի որ կ’ուզենք իր դէմ Սատանայի յառաջացուցած սուտերը խափանել։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Սատանան Աստուծոյ իշխանութեան արդարութիւնը հարցականի տակ դրած է։ (Ծննդոց 3։1-5) Եհովայի Վկաներ ըլլալով, կը տենչանք Սատանայի զրպարտութիւնները քօղազերծելու եւ Աստուծոյ անունը մարդկութեան առջեւ սրբացնելու։ (Եսայեայ 43։10-12) Ասկէ զատ, քարոզչութեան կը մասնակցինք քանի որ Եհովայի յատկութիւններն ու ճամբաները ճանչցած ենք։ Մենք իրեն մօտիկ կը զգանք եւ զօրաւոր փափաք ունինք որ մեր Աստուծոյն մասին ուրիշներուն խօսինք։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի բարութիւնն ու իր արդար ճամբաները մեզ ա՛յնքան կ’ուրախացնեն, որ չենք կրնար իր մասին չխօսիլ։ (Սաղմոս 145։7-12) Կը մղուինք զինք փառաբանելու եւ իր «առաքինութիւններ»ուն մասին խօսելու անոնց որ կ’ուզեն մտիկ ընել։—Ա. Պետրոս 2։9. Եսայեայ 43։21
7. Աստուծոյ հանդէպ սէր ունենալէ զատ, ի՞նչ կարեւոր պատճառով քարոզչութեան կը մասնակցինք։
7 Ծառայութեան մէջ յարատեւելու այլ կարեւոր պատճառ մը կայ. անկեղծօրէն կ’ուզենք մխիթարել գէշ լուրերու անողոք տեղատարափով ջախջախուածները եւ զանազան պատճառներով տառապողները։ Այս մարզին մէջ կը ջանանք Յիսուսը ընդօրինակել։ Օրինակ, նկատէ թէ Մարկոս 6–րդ գլուխը ի՛նչ կը նկարագրէ։
8. Մարկոս 6–րդ գլուխը մարդոց հանդէպ Յիսուսի զգացումներուն մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։
8 Առաքեալները քարոզչական արշաւէ մը կը վերադառնան եւ Յիսուսի կը պատմեն իրենց ըրած ու ուսուցանած բոլոր բաները։ Յիսուս նկատելով որ անոնք յոգնած են, կ’ըսէ որ իրեն հետ տեղ մը երթան ու ‘քիչ մը հանգչին’։ Ուստի նաւ կ’ելլեն եւ հանդարտ տեղ մը կ’երթան։ Բազմաթիւ մարդիկ անոնց կը հետեւին, ծովեզերքը վազելով, եւ որոշուած տեղը կը հասնին։ Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։ (Մարկոս 6։31-34) Կարեկցութիւնը կը մղէ Յիսուս որ յոգնած ըլլալով հանդերձ շարունակէ բարի լուրին մասին խօսիլ։ Բացայայտ է որ Յիսուս այս մարդոց հանդէպ խոր գութ ու գորով ունի։
9. Մարկոս 6–րդ գլուխի դրուագէն ի՞նչ կը սորվինք քարոզելու շիտակ շարժառիթին մասին։
9 Այս դէպքէն ի՞նչ կը սորվինք։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք պարտաւորութիւն ունինք բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու։ Կ’ընդունինք բարի լուրը յայտարարելու մեր պատասխանատուութիւնը, քանի որ Աստուծոյ կամքն է որ «ամէն տեսակ մարդիկ փրկուին»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4, ՆԱ) Սակայն մեր ծառայութիւնը կը կատարենք ո՛չ միայն պարտաւորութեան զգացումէ մղուած, այլեւ՝ կարեկցութենէ։ Եթէ Յիսուսի պէս մարդոց հանդէպ գութ ունենանք, մեր սիրտը մեզ պիտի մղէ մեր ամէն կարելին ընելու, որ շարունակենք բարի լուրը անոնց հետ բաժնել։ (Մատթէոս ) Ծառայութեան մասնակցելու այս ընտիր շարժառիթները ունենալով, պիտի չուզենք բարի լուրը քարոզելու մէջ դանդաղիլ։ 22։39
Մեր պատգամը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը
10, 11. (ա) Եսայի մեր քարոզած պատգամը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս բարութեան աւետիս բերաւ, եւ Աստուծոյ արդի ծառաները ի՞նչպէս Յիսուսի օրինակին հետեւած են։
10 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ծառայութեան երկրորդ երեսակին մասին, որ է՝ մեր պատգամը։ Ի՞նչ կը քարոզենք։ Եսայի մարգարէն մեր ծանուցանած պատգամին մասին այս գեղեցիկ նկարագրութիւնը տուաւ. «Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ, բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ ու Սիօնին կ’ըսէ՝ ‘Քու Աստուածդ կը թագաւորէ’»։—Եսայեայ 52։7
11 Այդ համարին գլխաւոր մասը՝ «Քու Աստուածդ կը թագաւորէ», մեզի կը յիշեցնէ մեր ծանուցանելիք պատգամը,– Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը։ (Մարկոս 13։10) Նկատէ նաեւ թէ այդ համարը մեր պատգամին դրական բնոյթը կը յայտնէ։ Եսայի կը գործածէ «փրկութիւն», «աւետիս», «խաղաղութիւն» եւ «բարութիւն» արտայայտութիւնները։ Անոր մահէն դարեր ետք, Հ.Դ. առաջին դարուն, Յիսուս Քրիստոս այս մարգարէութիւնը ուշագրաւ կերպով կատարեց, նախանձախնդրաբար յայտարարելով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ (Ղուկաս 4։44) Արդի ժամանակներուն, մանաւանդ 1919–էն ի վեր, Եհովայի Վկաները Յիսուսի օրինակին հետեւած են, նախանձախնդրաբար յայտարարելով Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը եւ անոր բերելիք օրհնութիւնները։
12. Թագաւորութեան բարի լուրը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի ընդառաջողներուն վրայ։
12 Թագաւորութեան բարի լուրը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի ընդառաջողներուն վրայ։ Ինչպէս Յիսուսի օրերուն, նոյնպէս այսօր բարի լուրը յոյս եւ մխիթարութիւն կու տայ։ (Հռովմայեցիս 12։12. 15։4) Անիկա պարկեշտամիտ անհատներուն յոյս կու տայ, քանի որ վաւերական պատճառներ կ’ունենան հաւատալու թէ ապագային աւելի լաւ ժամանակներ պիտի գան։ (Մատթէոս 6։9, 10. Բ. Պետրոս 3։13) Այս յոյսը աստուածավախ անհատներուն մեծապէս կ’օգնէ որ դրական տեսակէտ պահպանեն։ Սաղմոսերգուն կ’ըսէ թէ անոնք ‘գէշ լուրէն պիտի չվախնան’։—Սաղմոս 112։1, 7
‘Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկող’ պատգամ մը
13. Եսայի մարգարէն ի՞նչպէս կը նկարագրէ այն անմիջական օրհնութիւնները, որ բարի լուրը ընդունողները կը ստանան։
13 Ասկէ զատ, մեր քարոզած բարի լուրը անմիջական ամոքում եւ օրհնութիւններ կը բերէ մտիկ ընողներուն։ Ի՞նչպէս։ Եսայի մարգարէն կարգ մը օրհնութիւններ նշեց, երբ նախագուշակեց. «Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, վասն զի Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն՝ ազատութիւն եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։ Տէրոջը՝ ընդունելի տարին ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու, բոլոր սգաւորները մխիթարելու»։—Եսայեայ 61։1, 2. Ղուկաս 4։16-21
14. (ա) ‘Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկել’ արտայայտութիւնը Թագաւորութեան պատգամին մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք սրտաբեկ անհատներու հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութիւնը արտացոլացնել։
Եզեկիէլ 34։15, 16) Սաղմոսերգուն Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Սրտով կոտրածները կը բժշկէ ու անոնց խոցերը կը փաթթէ»։—Սաղմոս 147։3
14 Այս մարգարէութեան համաձայն, Յիսուս բարի լուրը քարոզելով՝ ‘կոտրած սիրտ ունեցողները պիտի բժշկէր’։ Եսայի ի՜նչ տպաւորիչ պատկեր մը գործածեց։ Աստուածաշունչի բառարանի մը համաձայն, «բժշկել» թարգմանուած Եբրայերէն բառը «յաճախ կը գործածուի վիրակապով փաթթելու առնչութեամբ, եւ հետեւաբար կապ ունի վիրաւորը դեղելու ու դարմանելու հետ»։ Հոգածու հիւանդապահը կոտրուածքը վիրակապով կը փաթթէ, զայն ամրացնելու համար։ Նոյն կերպով, երբ հոգածու հրատարակիչներ Թագաւորութեան պատգամը կը քարոզեն, նեցուկ կը կանգնին բոլոր ընդառաջողներուն, որոնք կերպով մը կը տառապին։ Եւ կարիքաւորներուն աջակցելով, անոնք Եհովայի հետաքրքրութիւնը կ’արտացոլացնեն։ (Թագաւորութեան պատգամը տարբերութիւն մը կ’ընէ
15, 16. Իրական կեանքէ առնուած ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ Թագաւորութեան պատգամը կարիքաւորներուն օգնութիւն եւ զօրութիւն կու տայ։
15 Իրական կեանքէ առնուած բազմաթիւ օրինակներ ցոյց կու տան թէ արդարեւ Թագաւորութեան պատգամը սրտաբեկ անհատներու կ’օգնէ եւ կը զօրացնէ։ Նկատի առ Օրիաննա, պառաւ մը Հարաւային Ամերիկայի մէջ, որ ապրելու փափաք չունէր։ Եհովայի Վկայ մը սկսաւ անոր այցելել եւ կարդալ Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքը։ * Սկիզբը, յուսալքուած կինը ընթերցանութեան կը հետեւէր, մինչ աչքերը գոց՝ անկողնին վրայ երկնցած էր, եւ ատեն–ատեն կը հառաչէր։ Սակայն շատ չանցած, ան սկսաւ ջանք թափել որ ընթերցանութեան ընթացքին իր անկողնին մէջ նստի։ Ժամանակ մը ետք, ան սկսաւ նստասենեակը աթոռին վրայ նստիլ, սպասելով իր ուսուցչուհիին գալուն։ Անկէ ետք, ան սկսաւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Այս ժողովներուն ընթացքին իր սորված բաներէն քաջալերուած, ան սկսաւ իրեն այցելող անհատներուն աստուածաշնչական գրականութիւններ ներկայացնել։ Ապա, 93 տարեկանին, Օրիաննա մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի Վկայ մը։ Թագաւորութեան պատգամը ապրելու իր փափաքը նորոգած էր։—Առակաց 15։30. 16։24
16 Թագաւորութեան պատգամը մեծապէս կ’օգնէ նոյնիսկ անոնց, որ գիտեն թէ մահաբեր հիւանդութենէ կը տառապին։ Նկատի առ Արեւմտեան Եւրոպայէն Մարիայի օրինակը։ Ան մահացու հիւանդութիւն ունէր եւ բոլորովին անյոյս էր։ Երբ Եհովայի Վկաները իրեն այցելեցին, ան խորապէս ընկճուած էր։ Սակայն Աստուծոյ նպատակներուն մասին սորվելով, իր կեանքը դարձեալ իմաստ ստացաւ։ Ան մկրտուեցաւ եւ քարոզչութեան մէջ շատ գործունեայ եղաւ։ Իր կեանքին վերջին երկու տարիներուն, իր աչքերը յոյս եւ ուրախութիւն կը ճառագայթէին։ Մարիա մահացաւ, յարութեան հաստատ յոյս ունենալով։—Հռովմայեցիս 8։38, 39
17. (ա) Թագաւորութեան պատգամը ի՞նչպէս կ’ազդէ անոնց կեանքին, որ զայն կ’ընդունին։ (բ) Փորձառաբար ի՞նչպէս նկատած ես թէ Եհովա «բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ»։
17 Այս տեղեկագրութիւնները կը վկայեն թէ Թագաւորութեան պատգամը կրնայ մեծապէս ազդել Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն տենչացող անհատներուն կեանքին։ Իրենց սիրելիին մահուան համար սուգի մէջ գտնուողները, նոր ոյժ կը ստանան երբ յարութեան յոյսին մասին կը սորվին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։12) Աղքատութեան մէջ ապրող եւ իրենց ընտանիքը կերակրելու համար պայքարող անհատներ, արժանապատուութեան նոր զգացում եւ քաջութիւն կ’ունենան, երբ կ’իմանան թէ Եհովա երբեք պիտի չլքէ զիրենք, եթէ իրեն հաւատարիմ մնան։ (Սաղմոս 37։28) Եհովայի օգնութեամբ, ընկճուածութենէ տառապողներէն շատեր աստիճանաբար կը մշակեն դիմանալու հարկ եղած զօրութիւնը,– եւ կարգ մը պարագաներուն յաղթահարած են այս հիւանդութիւնը։ (Սաղմոս 40։1, 2) Արդարեւ իր Խօսքին միջոցով հայթայթուած զօրութեամբ, այժմ Եհովա «բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ»։ (Սաղմոս 145։14) Տեսնելով թէ Թագաւորութեան բարի լուրը ի՛նչպէս կը մխիթարէ սրտաբեկ անհատները մեր թաղամասին ու քրիստոնէական ժողովքին մէջ, կրկին անգամ կը մտաբերենք թէ ներկայիս լաւագոյն լուրը ունինք։—Սաղմոս 51։17
«Կ’աղօթեմ Աստուծոյ» որ զանոնք փրկէ
18. Երբ Հրեաները բարի լուրը մերժեցին, Պօղոս ի՞նչպէս ազդուեցաւ եւ ինչո՛ւ։
18 Թէեւ մեր պատգամը լաւագոյն լուրը կը բովանդակէ, շատեր կը մերժեն զայն։ Ասիկա կրնայ մեզի այնպէս ազդել, ինչպէս Պօղոս առաքեալին ազդեց։ Ան յաճախ Հրեաներուն քարոզեց, բայց մեծամասնութիւնը փրկութեան պատգամը մերժեց։ Պօղոս անոնց մերժումէն խորապէս ազդուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Մեծ տրտմութիւն է ինծի ու իմ սրտիս ցաւը անպակաս է»։ (Հռովմայեցիս 9։2) Ան իր քարոզած Հրեաներուն կարեկցեցաւ, իսկ անոնց մերժումը զինք տխրեցուց։
19. (ա) Ինչո՞ւ հասկնալի է որ երբեմն վհատինք։ (բ) Ի՞նչ բան Պօղոսի օգնեց որ իր քարոզչութիւնը շարունակէ։
19 Մենք ալ կարեկցութենէ մղուած բարի լուրը կը քարոզենք։ Ուստի հասկնալի է մեր վհատութիւնը, երբ շատեր Թագաւորութեան պատգամը մերժեն։ Այս հակազդեցութիւնը ցոյց կու տայ թէ իսկապէս հետաքրքրուած ենք մեր քարոզած անհատներուն հոգեւոր բարօրութեամբ։ Սակայն Պօղոս առաքեալի օրինակը մտաբերելը կ’օգնէ մեզի։ Ի՞նչ բան անոր օգնեց քարոզչութիւնը շարունակելու։ Թէեւ բարի լուրը մերժելով Հրեաները վիշտ ու ցաւ պատճառեցին իրեն, սակայն Պօղոս բոլոր Հրեաներուն նկատմամբ իր յոյսը չկտրեց, խորհելով թէ անոնց օգնելը անկարելի է։ Ան յոյս ունէր որ տակաւին ոմանք Քրիստոսը պիտի ընդունէին։ Ուստի Հրեաներու հանդէպ իր զգացումները արտայայտելով, Պօղոս գրեց. «Սրտանց կը փափաքիմ ու կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իսրայէլը փրկէ»։—Հռովմայեցիս 10։1
20, 21. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք մեր ծառայութեան մէջ Պօղոսի օրինակին հետեւիլ։ (բ) Մեր ծառայութեան ո՞ր երեսակը յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնուի։
20 Նկատէ Պօղոսի ընդգծած երկու բաները։ Ան սրտանց կը փափաքէր որ ոմանք փրկուէին, եւ ասոր համար Աստուծոյ կ’աղօթէր։ Այսօր Պօղոսի օրինակին կը հետեւինք, սրտանց փափաքելով գտնել ոեւէ անհատ որ կրնայ բարի լուրին ականջ տալ, եւ շարունակ Եհովայի աղօթելով որ գտնենք զանոնք ու օգնենք որ իրենց փրկութեան առաջնորդող ընթացքին հետեւին։—Առակաց 11։30. Եզեկիէլ 33։11. Յովհաննու 6։44
21 Սակայն Թագաւորութեան պատգամը կարելի եղածին չափ շատ անհատներու հասցնելու համար, ուշադիր պէտք է ըլլանք ո՛չ միայն թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ կը քարոզենք, այլեւ՝ թէ ի՛նչպէս կը քարոզենք։ Այս նիւթը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ առաջին երկու երեսակները։ Իսկ յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ երրորդ երեսակը։
^ պարբ. 15 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Ի՞նչ սորվեցար
• Ի՞նչ պատճառներով ծառայութեան կը մասնակցինք։
• Մեր քարոզած գլխաւոր պատգամը ի՞նչ է։
• Թագաւորութեան պատգամը ընդունողները ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։
• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք քարոզել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 24]
Թագաւորութեան պատգամը սրտաբեկ անհատներու ոյժ կու տայ
[Նկարներ՝ էջ 26]
Աղօթքը մեզի կ’օգնէ որ մեր ծառայութեան մէջ տոկանք