Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դեռատինե՛ր, Եհովան փառաբանեցէք

Դեռատինե՛ր, Եհովան փառաբանեցէք

Դեռատինե՛ր, Եհովան փառաբանեցէք

«Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն, ո՛վ . . . երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ»։—Սաղմոս 148։7, 12

1, 2. (ա) Դեռատիներէն շատեր ինչպիսի՞ արգելքներու քաջատեղեակ են։ (բ) Դեռատիները ինչո՞ւ պէտք չէ ընդվզին իրենց ծնողներուն դրած արգելքներուն դէմ։

ԴԵՌԱՏԻՆԵՐԸ յաճախ շատ լաւ գիտեն թէ տակաւին ի՛նչ բաներ ընելու արտօնութիւն չունին։ Անոնցմէ շատեր իսկոյն քեզի կրնան ըսել թէ ո՛ր տարեկանին արտօնութիւն պիտի ստանան՝ առանձին ճամբայ կտրելու, մինչեւ որոշ ժամ արթուն մնալու, կամ ինքնաշարժ քշելու։ Երբեմն դեռատի մը կրնայ խորհիլ թէ իր բազմաթիւ խնդրանքներուն նոյն պատասխանը կը տրուի. «Սպասէ մինչեւ որ աւելի մեծնաս»։

2 Դեռատինե՛ր, դուք գիտէք որ ձեր ծնողները իմաստութեամբ այսպիսի արգելքներ կը դնեն, թերեւս ձեր պաշտպանութեան համար։ Վստահաբար նաեւ գիտէք թէ Եհովա կ’ուրախանայ, երբ ձեր ծնողներուն կը հնազանդիք։ (Կողոսացիս 3։20) Սակայն երբեք կը զգա՞ք թէ ձեր կեանքը տակաւին չէ սկսած։ Արդեօք բոլոր կարեւոր բաները արգիլուած են մինչեւ որ մեծնա՞ք։ Բնա՛ւ երբեք։ Ներկայիս գործ մը կը կատարուի որ շա՜տ աւելի կարեւոր է, քան՝ ձեր սպասած որեւէ առանձնաշնորհում։ Արդեօք ձեզի արտօնուա՞ծ է այս գործին մասնակցիլ։ Իրականութեան մէջ, Ամենաբարձր Աստուածը ձեզ կը հրաւիրէ որ անոր մասնակցիք։

3. Եհովա դեռատիները կը հրաւիրէ որ ի՞նչ առանձնաշնորհում ունենան, եւ այժմ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Ո՞ր գործին մասին կը խօսինք։ Նկատեցէք այս յօդուածին գլխաւոր համարին խօսքը. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն, ո՛վ . . . երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, ծերեր ու տղաքներ»։ (Սաղմոս 148։7, 12) Ահաւասիկ ձեր մեծ առանձնաշնորհումը. դուք կրնաք Եհովան փառաբանել։ Դեռատի մը ըլլալով, ոգեւորուա՞ծ ես այդ գործին մէջ բաժին բերելու։ Շատե՛ր ոգեւորուած են։ Իսկ պատճառը գնահատելու համար, նկատի առնենք երեք հարցումներ։ Առաջին, ինչո՞ւ Եհովան պէտք է փառաբանես։ Երկրորդ, ի՞նչպէս կրնաս ազդուօրէն զինք փառաբանել։ Երրորդ, ե՞րբ է ընտիր ժամանակը որ սկսիս Եհովան փառաբանել։

Ինչո՞ւ Եհովան փառաբանել

4, 5. (ա) Ըստ 148–րդ սաղմոսին, մենք ի՞նչ հոյակապ պարագայի մը մէջ ենք։ (բ) Անխօս ստեղծագործութիւնները ի՞նչպէս կրնան Եհովան փառաբանել։

4 Եհովան փառաբանելու ուշագրաւ մէկ պատճառը այն է թէ ան Ստեղծիչն է։ 148–րդ սաղմոսը մեզի կ’օգնէ որ այս ճշմարտութեան վրայ կեդրոնանանք։ Պահ մը երեւակայէ. եթէ մօտենայիր մեծ խումբի մը որ միաձայն կ’երգէր գեղեցիկ ու յուզիչ երգ մը, ի՞նչպէս պիտի ազդուէիր։ Իսկ նկատելով թէ երգին բառերը ճշմարտութիւն են եւ կ’արտայայտեն կարեւոր, ուրախ եւ շինիչ գաղափարներ, ի՞նչ պիտի ընէիր։ Պիտի փափաքէի՞ր երգին բառերը սորվիլ ու երգչախումբին միանալ։ Մեզմէ շատեր այդպէս պիտի ընէին։ Լաւ, 148–րդ սաղմոսը ցոյց կու տայ թէ դուն նոյնանման բայց շատ աւելի հոյակապ պարագայի մը մէջ ես։ Սաղմոսը հսկայ բազմութիւն մը կը նկարագրէ, որ միաձայն Եհովան կը փառաբանէ։ Բայց սաղմոսին մէջ թերեւս անսովոր բան մը նկատես։ Ի՞նչ է այդ։

5 148–րդ սաղմոսին մէջ նկարագրուած փառաբանողներէն շատեր ո՛չ կրնան խօսիլ, ո՛չ ալ կրնան մտածել։ Օրինակ, կը կարդանք որ արեգակը, լուսինը, աստղերը, ձիւնը, հովը, լեռներն ու բլուրները Եհովան կը փառաբանեն։ Այս անկենդան ստեղծագործութիւնները ի՞նչպէս կրնան փառաբանել։ (Համար՝ 3, 8, 9) Այն նոյն կերպով որ ծառերը, ծովային արարածները եւ անասունները կ’ընեն։ (Համար՝ 7, 9, 10) Բնաւ պատահա՞ծ է որ գեղեցիկ արեւնամուտ մը դիտած ես, կամ աստղազարդ երկինքին մէջ լիալուսինը տեսած ես, կամ անասուններու խաղը նշմարելով զուարճացած ես, կամ գեղաշուք տեսարանի մը վրայ սքանչացած ես։ Ուրեմն ստեղծագործութեան փառաբանութեան երգը «լսած» ես։ Եհովայի բոլոր ստեղծագործութիւնները մեզի կը յիշեցնեն թէ ինք ամենակալ Ստեղծիչն է, թէ ամբողջ տիեզերքին մէջ միայն ինք այսքան զօրաւոր, իմաստուն եւ սիրառատ է։—Հռովմայեցիս 1։20. Յայտնութիւն 4։10

6, 7. (ա) 148–րդ սաղմոսը ցոյց կու տայ թէ ո՞ր մտացի արարածները Եհովան կը փառաբանեն։ (բ) Ինչո՞ւ կը մղուինք Եհովան փառաբանելու. բացատրէ։

6 148–րդ սաղմոսը նաեւ ցոյց կու տայ թէ մտացի ստեղծագործութիւնը Եհովան կը փառաբանէ։ 2–րդ համարը կը յայտնէ թէ Եհովայի երկնային «զօրքեր»ը՝ հրեշտակները, Աստուած կը փառաբանեն։ 11–րդ համարին մէջ, զօրաւոր ու հեղինակաւոր մարդոց, ինչպէս՝ թագաւորներու եւ դատաւորներու, հրաւէր կը տրուի որ այս փառաբանութեան մասնակցին։ Եթէ հզօր հրեշտակները ուրախութեամբ Եհովան կը փառաբանեն, ո՞ր մարդ արարածը կրնայ իրաւացիօրէն ըսել թէ իրեն չի վայելեր այս փառաբանութեան մասնակցիլ։ Իսկ 12 եւ 13–րդ համարներուն մէջ, դեռատիներուն հրաւէր կը տրուի որ իրենք ալ Եհովան փառաբանեն։ Ասիկա ընելու մղումը ունի՞ս։

7 Նկատի առ հետեւեալ օրինակը։ Եթէ ունենայիր մտերիմ բարեկամ մը որ բացառիկ հմտութիւն ունի մարզանքի, գեղարուեստի կամ երաժշտութեան մէջ, անոր մասին ընտանիքիդ ու բարեկամներուդ կը խօսէի՞ր։ Անկասկած։ Լաւ, Եհովայի ըրած բաներուն մասին գիտնալը կրնայ մեր վրայ նոյն ազդեցութիւնը ունենալ։ Օրինակ, Սաղմոս 19։1, 2–ը կ’ըսէ թէ աստղազարդ երկինքը ‘խօսք կը յայտնէ’։ Իսկ մենք Եհովայի իրագործած ապշեցուցիչ բաներուն մասին խորհելով, չենք կրնար մեր Աստուծոյն մասին չխօսիլ ուրիշներուն։

8, 9. Եհովա ո՞ր պատճառներով կ’ուզէ որ զինք փառաբանենք։

8 Եհովան փառաբանելու ուրիշ յատկանշական պատճառ մը այն է, թէ ան կ’ուզէ որ զինք փառաբանենք։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք ան մարդոց փառաբանութեան կարի՞ք ունի։ Ո՛չ։ Երբեմն մարդի՛կ գովաբանուելու պէտք կը զգան, բայց Եհովա մեզմէ շա՜տ գերիվեր է։ (Եսայեայ 55։8) Ան իր անձնաւորութեան կամ յատկութիւններուն մասին որեւէ անորոշութիւն չունի։ (Եսայեայ 45։5) Այսուհանդերձ ան կ’ուզէ որ զինք փառաբանենք, իսկ մեր փառաբանութիւնը հաճելի է իրեն։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ երկու պատճառ։ Առաջին, ան գիտէ որ զինք փառաբանելու պէտք ունինք։ Ան մեզ ստեղծած է հոգեւոր կարիքով, պաշտելու կարիքով։ (Մատթէոս 5։3) Եհովա կ’ուրախանայ երբ տեսնէ որ այդ կարիքին գոհացում կու տանք, ճիշդ ինչպէս ծնողքդ կ’ուրախանան, երբ ուտես այն ճաշը որ գիտեն թէ քեզի օգտակար է։—Յովհաննու 4։34

9 Երկրորդ, Եհովա գիտէ որ հարկ կայ թէ ուրիշներ լսեն մեր փառաբանութիւնը։ Պօղոս առաքեալ երիտասարդ Տիմոթէոսի ըսաւ. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Այո, երբ ուրիշներուն կը սորվեցնես Եհովա Աստուծոյ մասին, զինք փառաբանելով, կարելի է որ անոնք ալ սկսին Եհովան ճանչնալ։ Այս գիտութիւնը կրնայ զիրենք յաւիտենական փրկութեան առաջնորդել։—Յովհաննու 17։3

10. Ինչո՞ւ ստիպուած կը զգանք որ մեր Աստուածը փառաբանենք։

10 Եհովան փառաբանելու յաւելեալ պատճառ մըն ալ կայ։ Դարձեալ խօսելով տաղանդաւոր բարեկամիդ մասին, եթէ նկատէիր որ ուրիշներ անոր մասին սուտեր կը խօսին ու իր բարի անունը կ’աւրեն, ա՛լ աւելի պիտի չվճռէի՞ր զինք գովաբանել։ Լաւ, այս աշխարհի մէջ Եհովա մեծապէս զրպարտուած է։ (Յովհաննու 8։44. Յայտնութիւն 12։9) Ուստի զինք սիրողները ստիպուած կը զգան որ իր մասին ճշմարտութիւնը խօսին, սխալ տեղեկութիւնները սրբագրելով։ Դուն ալ կ’ուզե՞ս Եհովայի հանդէպ սէրդ ու գնահատութիւնդ յայտնել եւ ցոյց տալ թէ ի՛նք է ընտրած Իշխանդ, եւ ոչ թէ իր գլխաւոր թշնամին՝ Սատանան։ Այս բոլորը կրնաս ընել Եհովան փառաբանելով, բայց ի՞նչպէս։

Կարգ մը դեռատիներ ի՛նչպէս Եհովան փառաբանեցին

11. Աստուածաշնչական ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ դեռատիները կրնան ազդուօրէն Եհովան փառաբանել։

11 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ դեռատիները յաճախ ազդուօրէն Եհովան կը փառաբանեն։ Օրինակ, Սուրիացիներու կողմէ գերի տարուած Իսրայելացի աղջնակ մը, խիզախօրէն իր տիրուհիին վկայեց Եղիսէ մարգարէին մասին։ Աղջնակին խօսքերուն շնորհիւ հրաշք մը տեղի ունեցաւ, եւ զօրաւոր վկայութիւն մը տրուեցաւ։ (Դ. Թագաւորաց 5։1-17) Յիսուս ալ խիզախօրէն վկայեց, երբ երախայ էր։ Անոր մանկութեան ընթացքին պատահած դէպքերէն միայն մէկ դէպք Եհովա ընտրեց որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուի։ Ան 12 տարեկանին Երուսաղէմի տաճարին մէջ խիզախօրէն հարցումներ ուղղեց կրօնական ուսուցիչներուն եւ զանոնք ապշեցուց Եհովայի ճամբաներուն մասին իր ունեցած հասկացողութեամբ։—Ղուկաս 2։46-49

12, 13. (ա) Իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս տաճարին մէջ ի՞նչ ըրաւ, եւ ասիկա հոն գտնուողներուն ի՞նչպէս ազդեց։ (բ) Յիսուս երախաներուն փառաբանութիւնը ի՞նչպէս գնահատեց։

12 Չափահաս ըլլալէ ետք, Յիսուս նաեւ քաջալերեց երախաները որ Եհովան փառաբանեն։ Օրինակ, իր մահէն քանի մը օր առաջ, Յիսուս Երուսաղէմի տաճարին մէջ ժամանակ անցուց։ Ան հոն «հրաշքներ» գործեց, կ’ըսէ Աստուածաշունչը, եւ այդ սրբազան վայրը աւազակներու քարայր ընողները վռնտեց։ Ան նաեւ բուժեց կոյրեր եւ կաղեր։ Հոն գտնուողները, մանաւանդ կրօնական առաջնորդները, պէտք էր մղուէին Եհովան ու իր Որդին՝ Մեսիան փառաբանելու։ Սակայն դժբախտաբար շատեր փառաբանութեան խօսքեր չըսին։ Անոնք գիտէին որ Յիսուս Աստուծմէ ղրկուած էր, բայց կրօնական առաջնորդներէն կը վախնային։ Միւս կողմէ, խումբ մը խիզախօրէն խօսեցաւ։ Որո՞նք էին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ քահանայապետներն ու դպիրները տեսան [Յիսուսի] գործած սքանչելիքները, եւ մանուկները՝ որոնք տաճարին մէջ կ’աղաղակէին. ‘Ովսաննա՜ Դաւիթի Որդիին’, ընդվզեցան եւ ըսին [Յիսուսի]. ‘Կը լսե՞ս ի՛նչ կ’ըսեն ատոնք’»։—Մատթէոս 21։15, 16, ԱՎ. Յովհաննու 12։42

13 Այդ քահանաները կը յուսային որ Յիսուս զինք գովաբանող տղաքը լռեցնէր։ Բայց ան ասիկա չըրաւ, այլ քահանաներուն պատասխան տալով ըսաւ. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացած գրուածը. ‘Երախաներուն ու ծծկերներուն բերանով գովաբանութիւն կատարեցիր’»։ Բացորոշ է թէ Յիսուս եւ իր Հայրը, երախաներուն փառաբանութեամբ ուրախացան։ Այդ երախաները ըրին ի՛նչ որ հոն գտնուող բոլոր չափահասները պէտք էր ընէին։ Անոնց մատղաշ միտքին մէջ ամէն բան յստակ էր։ Անոնք տեսան որ այս մարդը հրաշալի բաներ կ’ընէ, քաջութեամբ ու հաւատքով կը խօսի, եւ Աստուծոյ ու Իր ժողովուրդին հանդէպ խոր սէր կը ցուցաբերէ։ Ան էր ինչ որ կը դաւանէր ըլլալ,– խոստացեալ «Դաւիթի Որդի»ն, Մեսիան։ Իրենց հաւատքին համար օրհնուելով, երախաները մարգարէութիւն մը կատարելու առանձնաշնորհումը ունեցան։—Սաղմոս 8։2

14. Դեռատիներուն ունեցած պարգեւները ի՞նչպէս կը նպաստեն Աստուած փառաբանելու։

14 Այս օրինակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Նախ՝ թէ դեռատիները կրնան ազդուօրէն Եհովան փառաբանել։ Անոնք յաճախ ճշմարտութիւնը յստակօրէն ու պարզօրէն տեսնելու պարգեւը ունին, եւ իրենց հաւատքը անկեղծութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կ’արտայայտեն։ Անոնք Առակաց 20։29–ի մէջ նշուած պարգեւն ալ ունին. «Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է»։ Այո, դեռատիները օժտուած են զօրութեամբ ու կորովով, որ կարելի է օգտագործել Եհովան փառաբանելու համար։ Յատկապէս ի՞նչպէս կրնաս այս պարգեւները գործածել։

Ի՞նչպէս կրնաս Եհովան փառաբանել

15. Եհովան ազդուօրէն փառաբանելու համար, ի՞նչ շարժառիթի կարիք կայ։

15 Ատակ ըլլալը սիրտէն ծագում կ’առնէ։ Չես կրնար ազդուօրէն Եհովան փառաբանել, եթէ ասիկա կ’ընես ուրիշներու սիրոյն։ Մտաբերէ մեծագոյն պատուիրանը. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։37) Անձնապէս Եհովան ճանչցա՞ծ ես, իր Խօսքը ուսումնասիրելով։ Այս ուսումնասիրութիւնը ճամբան կը հարթէ որ Եհովան սիրես։ Իսկ այս սէրը արտայայտելու բնական կերպն է՝ զինք փառաբանել։ Երբ շարժառիթդ յստակ ու զօրաւոր է, կրնաս խանդավառօրէն Եհովան փառաբանել։

16, 17. Վարքը Եհովան փառաբանելու մէջ ի՞նչ դեր կը խաղայ. բացատրէ։

16 Սակայն ըսելիքիդ մասին մտածելէ առաջ, նկատի առ թէ ի՛նչպէս պիտի վարուիս։ Եթէ Եղիսէի օրուան Իսրայելացի աղջնակը բնաւորութեամբ կոշտ, անպատկառ կամ անպարկեշտ ըլլար, կը խորհի՞ս թէ անոր Սուրիացի գերիչները Եհովայի մարգարէին մասին իր խօսած խօսքերը մտիկ պիտի ընէին։ Հաւանաբար ոչ։ Նոյնպէս, աւելի հաւանական է որ մարդիկ քեզի մտիկ ընեն, եթէ տեսնեն որ յարգալից, պարկեշտ ու քաղաքավար ես։ (Հռովմայեցիս 2։21) Օրինակ մը նկատի առնենք։

17 Փորթուկալի մէջ, 11 տարեկան աղջնակի մը վրայ ճնշում բանեցուեցաւ որ դպրոցին մէջ մասնակցի տօնակատարութիւններու, որոնք Աստուածաշունչով մարզուած իր խղճմտանքին հակառակ էին։ Ան յարգալից կերպով իր ուսուցչուհիին բացատրեց թէ ինչո՛ւ կը մերժէ մասնակցիլ, բայց ուսուցչուհին զինք ծաղրեց։ Ժամանակ մը ետք, ուսուցչուհին կրկին անգամ փորձեց զինք ամչցնել, իր կրօնքը ծաղրելով։ Սակայն աղջնակը յարգալից կեցուածք պահպանեց։ Տարիներ ետք, այդ դեռատի քոյրը կանոնաւոր ռահվիրայ կամ լիաժամ քարոզիչ եղաւ։ Համաժողովի մը մէջ, երբ ան մկրտուողները կը դիտէր, անոնցմէ մէկը ճանչցաւ,– իր ուսուցչուհին։ Արտասուալից աչքերով զիրար ողջագուրելէ ետք, ուսուցչուհին ըսաւ թէ իր աշակերտուհիին յարգալից վարքը երբեք չէր մոռցած։ Երբ Վկայ մը իր դուռը զարկաւ, անոր պատմեց իր աշակերտուհիին վարքին մասին եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, ապա աստուածաշնչական ճշմարտութեան հետեւեցաւ։ Արդարեւ վարքդ կրնայ Եհովան փառաբանելու շատ զօրաւոր կերպ մը ըլլալ։

18. Դեռատի մը ի՞նչ կրնայ ընել եթէ կը վարանի Աստուածաշունչին եւ Եհովա Աստուծոյ մասին խօսակցութիւններ սկսելու։

18 Երբեմն դպրոցին մէջ հաւատքիդ մասին խօսակցութիւններ սկսելու դժուարութիւնը կ’ունենա՞ս։ Միայն դուն չես որ այդպէս կը զգաս։ Սակայն կրնաս պատեհութիւն ընծայել որ ուրիշները հաւատքիդ մասին հարցումներ ուղղեն։ Օրինակ, եթէ օրինաւոր եւ արտօնելի է, կրնաս դպրոց բերել Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններ եւ զանոնք դադարի ժամանակ կարդալ։ Թերեւս դասընկերներդ հարցնեն թէ ի՛նչ կը կարդաս։ Անոնց պատասխանելով եւ ըսելով թէ ի՛նչ բան հետաքրքրական գտած ես յօդուածին կամ գիրքին մէջ, կը սկսիս լաւ խօսակցութիւն մը ունենալ։ Մի՛ մոռնար հարցումներ ուղղելու, որպէսզի գիտնաս թէ դասընկերներդ ի՛նչ բանի կը հաւատան։ Յարգանքով մտիկ ըրէ ու Աստուածաշունչէն սորված բաներդ անոր հետ բաժնէ։ Ինչպէս էջ 21–ի փորձառութիւնները ցոյց կու տան, բազմաթիւ դեռատիներ դպրոցին մէջ Աստուած կը փառաբանեն։ Ասիկա իրենց մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ եւ շատերու կ’օգնէ որ Եհովան ճանչնան։

19. Դեռատիները ի՞նչպէս կրնան դռնէ դուռ քարոզելու մէջ աւելի ատակ դառնալ։

19 Դռնէ դուռ քարոզելը Եհովան փառաբանելու ամենէն ազդու կերպն է։ Եթէ տակաւին անոր չես մասնակցիր, ինչո՞ւ զայն նպատակակէտ չդնես։ Իսկ եթէ անոր կը մասնակցիս, կրնա՞ս այլ նպատակակէտեր դնել։ Օրինակ, փոխանակ իւրաքանչիւր դրան առջեւ նոյն բանը ըսելու, բարելաւուելու կերպեր փնտռէ, ծնողքէդ եւ փորձառու անհատներէ օգտակար թելադրութիւններ խնդրելով։ Սորվիր Աստուածաշունչը յաճախ գործածել, ազդու վերայցելութիւններ ընել եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15) Այս կերպերով որքա՛ն աւելի Եհովան փառաբանես, ա՛յնքան աւելի ատակ պիտի դառնաս, եւ ա՛յնքան աւելի ծառայութենէդ հաճոյք պիտի առնես։

Ե՞րբ պէտք է սկսիս Եհովան փառաբանել

20. Ինչո՞ւ պատճառ չկայ որ դեռատիները խորհին թէ Եհովան փառաբանելու համար տակաւին փոքր են։

20 Այս հարցումին պատասխանը շատ պարզ է։ Նկատէ Աստուածաշունչի ուղղակի պատասխանը. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։ (Ժողովողի 12։1) Այո, հիմա է ժամանակը որ սկսիս Եհովան փառաբանել։ Շա՜տ դիւրին է ըսել. «Եհովան փառաբանելու համար տակաւին փոքր եմ։ Ես անփորձ եմ։ Պէտք է սպասեմ մինչեւ որ աւելի մեծ ըլլամ»։ Պատանի Երեմիա նման զգացումներ ունենալով, Եհովայի ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, վասն զի ես մանուկ եմ»։ Եհովա զինք հաւաստիացուց թէ վախնալու հարկ չկար։ (Երեմեայ 1։6, 7) Նոյնպէս, Եհովան փառաբանելու ատեն վախնալու պատճառ չունինք։ Եհովա կրնայ ամբողջովին ջնջել որեւէ վնաս որ թերեւս մեզի հասնի։—Սաղմոս 118։6

21, 22. Եհովան փառաբանող դեռատիները ինչո՞ւ ցօղի նմանցուած են, եւ այս բաղդատութիւնը ինչո՞ւ քաջալերական է։

21 Արդ, դեռատինե՛ր, ձեզ կը յորդորենք. Եհովան փառաբանելու մի՛ վարանիք։ Հիմա լաւագոյն ժամանակն է որ մասնակցիք երկրի վրայ տեղի ունեցող ամենէն կարեւոր գործին։ Այսպէս մաս կը կազմէք Եհովան փառաբանողներու տիեզերական ընտանիքին։ Իսկ Եհովա կ’ուրախանայ որ դուք այս ընտանիքին մէջ էք։ Նկատեցէք Եհովայի ուղղուած սա ներշնչեալ խօսքերը. «Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն աւելի պիտի ըլլան քեզի»։—Սաղմոս 110։3

22 Արշալոյսին փայլփլող ցօղը գեղեցիկ տեսարան մըն է, այդպէս չէ՞։ Ան թարմացուցիչ, պայծառ եւ անհաշուելի է։ Եհովա ձեզ ա՛յսպէս կը նկատէ, դեռատինե՛ր, որ ներկայ դժուար ժամանակներուն զինք հաւատարմօրէն կը փառաբանէք։ Բացայայտ է թէ Եհովան փառաբանելու ձեր ըրած ընտրութիւնը իր սիրտը կ’ուրախացնէ։ (Առակաց 27։11) Ուստի ամէն գնով Եհովան փառաբանեցէք։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Եհովան փառաբանելու կարեւոր պատճառներէն ոմանք ի՞նչ են։

• Աստուածաշնչական ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ դեռատիները կրնան ազդուօրէն Եհովան փառաբանել։

• Ներկայիս դեռատիները ի՞նչպէս կրնան Եհովան փառաբանել։

• Դեռատիները ե՞րբ պէտք է սկսին Եհովան փառաբանել, եւ ինչո՞ւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Եթէ բարեկամդ բացառիկ հմտութիւն մը ունենար, ասոր մասին ուրիշներուն պիտի չպատմէի՞ր

[Նկար՝ էջ 19]

Դասընկերներդ կրնան հաւատալիքներովդ հետաքրքրուած ըլլալ

[Նկար՝ էջ 20]

Եթէ կ’ուզես ծառայութիւնդ բարելաւել, փորձառու Վկայէ մը օգտակար թելադրութիւններ խնդրէ